Տոգորուած վերամուտի կարօտով

Լենա Պողոսեան

Ամէն աշնան, տերեւաթափին հետ, եւ ամէն Սեպտեմբերի սկիզբը տարբեր զգացումներ կ’արթննան մէջս՝ քիչ մը մտահոգութեամբ խառնուած, քիչ մը ուրախութեամբ ու խանդավառ աշխատանքով պարուրուած, բայց ամենէն աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ տոգորուած: Բայց այ՛դ աշունը տարբեր աշուն էր:

Ատամնաբոյժի սպասման սենեակը նստած, կարգս կը սպասէի, երբ մօրը ընկերակցութեամբ ներս մտաւ հայ աղջնակ մը: Հազիւ նստած, փոքրիկ աղջիկը՝ ժպիտը դէմքին, իր ձեռքը ունեցած պարկին մէջէն դուրս հանեց դպրոցական դասագիրքեր այնպէս մը, որ կարծես իր ամենէն սիրած խաղալիքը ստացած էր՝ չգիտնալով, թէ արդէն քանի մը շաբաթ ետք, այդ դասագիրքը պիտի ձանձրացնէր զինք, բայց ինչո՞ւ՝ այդ ալ չենք գիտեր, կամ գիտենք ու չենք ուզեր պրպտել, պատճառը փնտռել ու բարեփոխել: Աղջնակին աչքը ինկաւ հայերէնի դասագիրքին վրայ, եւ այդ պահուն էր, որ կարծես սրտիս տրոփումը պահ մը կանգ առաւ: Յիշեցի հայերէնի դասագիրքս ոչ միայն իբրեւ ուսուցիչ, այլ նաեւ իբրեւ աշակերտ, եւ շատ արագ սկսան պատկերներ տողանցել աչքիս առջեւէն ու ձայներ, երգեր ու անմեղ աղօթքներ մեղեդիի նման սկսան հնչել ականջիս մէջ:

Այո՛, կար ժամանակ, երբ հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ էի, թէեւ մասնագիտացած անգլերէնի մէջ, բայց հայերէն դասաւանդելը կը նկատէի կոչում եւ իմ տուրքս՝ հայ ինքնութեան պահպանումի առաքելութեան, որուն համար պատրաստ էի ամբողջ էութեամբս գործի լծուիլ: Պատահմամբ նետուած էի ուսուցչութեան ասպարէզ, որուն միջոցով ստիպուած էի ընտանիքիս օրապահիկը ապահովել, բայց այսօր ուսուցիչ ըլլալը միայն աշխատանք ու ասպարէզ չէ ինծի համար, այլ կոչում մը, յատկապէս ՀԱՅ ուսուցիչ ըլլալը, այո՛ գլխագրուած ՀԱՅը: Ուսուցչութենէ դուրս ես ինքզինքս կը զգամ յանկարծ ջուրէն դուրս դրուած ձուկին նման, որ իր կարելին կ’ընէ վերադառնալու իր բնական ապաստանարանը, ուր միայն կրնայ գոյատեւել:

Սեպտեմբեր ամիսը միշտ ալ սրտիս մօտ եղած է աշակերտական օրերէս ի վեր, երբ կանուխէն կ’ուղղուէի դպրոց հարցնելու գիրքերու ցանկին մասին. չըլլայ թէ ուշանամ եւ դասագիրքերս չկարենամ ապահովել, որովհետեւ պէտք էր փոխ առնէի ընկերոջմէ մը, պէտք չէր առիթը փախցնէի: Այս էր համեստ ընտանիքներու աշակերտներուն գրեթէ բոլորին վիճակը այդ ժամանակ, երբ ուսումը առաջնահերթ էր սնունդին չափ, իսկ դասագիրքերը կարծես ըլլային մեր հացը եւ մասունքի նման կը պահպանուէին: Ցնծութիւնը մեծ կ’ըլլար երբ բախտով դասագիրքերէն քանի մը հատը նոր ըլլային՝ անշուշտ հազուադէպօրէն: Նոյնն էր գրչատուփին եւ պայուսակին պարագան: Նախասիրած գործերէս մէկը այդ ամսուան ընթացքին կ’ըլլար գիրքերը կողքել: Շատ լրջութեամբ յանձն կ’առնէի նաեւ բոլոր շուրջիններուս գիրքերը կողքելու պարտականութիւնը: Շուտով արդէն վերամուտ էր, կարծես ամպերու վրայ կը թռչէի ուրախութենէս: Արդեօ՞ք այսօր հայ աշակերտը նոյն հոգեվիճակով կը վերադառնայ դպրոց: Թէեւ այսօր պայմանները փոխուած են, բայց այդ օրերն ալ դիւրին չէին մանաւանդ հօր մը համար որ կը հոգար երեք զաւակի՝ հայկական, հարազատ ու տաքուկ վարժարան մը ուղարկելով զանոնք:

Տարիներ ետք, այս նոյն լրջութեամբ դարձայ ուսուցիչ եւ աշակերտական այդ նոյն խանդով պատրաստ էի, պատրաստ էր նաեւ պայուսակս, դասացուցակս, ծրագիրս եւ չմոռնամ՝ գրչատուփս, որ միշտ հոն էր լեցուն զանազան գրենական իրերով եւ կը ծառայէր ուսուցչարանէն ներս իբրեւ շտապ օգնութեան տուփ մը: Եւ այսպէս տարիները յաջորդաբար սահեցան, անցան 18 տարիներ՝ մէկը միւսէն տարբեր, մէկը միւսէն աւելի ամրացած ու հարստացած ուսումնական նոր գիտելիքներով, եւ տոգորուած հայ ոգիով, ուր զարմանալիօրէն իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ կը գտնէի լաւ յատկութիւն մը. աշակերտներուս փայլուն աչուկներուն մէջ կը տեսնէի ապագայ հայը, անցեալէն եկող ու դէպի ապագայ տանող հայ ինքնութեան հաւատարիմ ժառանգորդները: Հպարտութեամբ կը դիտէի աշակերտներս, որոնք հայ դպրոցին մէջ կը հիւսէին իրենց ապագայի երազները, իսկ հայ ուսուցիչը կը դառնար անոնց յենարանը: Յաճախ դիմացս կը պատկերացնէի իմ դպրոցական տարիներս ու իմ դասընկերներս: Չէ՞ որ մենք ալ երազներ ունէինք եւ մենք ալ հայ մօր ու հօր հպարտութիւն պիտի բերէինք, անոնց աչքին լոյսն էինք եւ սրտին հատորը, ինչպէս այս երեխաները՝ իրենց ծնողներուն: Այսպէս, աշակերտներս դարձած էին առօրեայ մտահոգութիւններուս մէկ մասը՝ իմ երկու ձագուկներուս կողքին, եւ առ Աստուած աղօթքներուս մէջ կը յիշէի նաեւ զանոնք:

Սակայն այս ալ շատ երկար չտեւեց: Կարծես հայ ժողովուրդի ճակատագիրին մաս կը կազմէ դուռ մը փակել, տեղափոխուիլ եւ նոր ափերու վրայ նոր դուռեր փնտռել: Երկրին դժուար պայմանները հարուածեցին նաեւ հայ դպրոցները: Մատիտի արագ հարուածով մը, հայ դպրոցներ սկսան փակուիլ: Հարուածը հասաւ նաեւ ինծի՝ նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դնելով զիս. ձուկը ջուրէն դուրս պիտի մնար: Վայրկեան մը բոլոր դպրոցներու դուռերը փակուեցան դիմացս, կարծէք ուսուցչական ասպարէզս վերջ պիտի գտնէր: Ամբողջ 18 տարիներ անխոնջ դասաւանդումէ ետք, ալ ուրիշ բան չէի գիտեր ընել: Հակառակ պնդումներուն, կը թուի թէ լիբանանահայ գաղութը յագեցած է հայերէնի ուսուցիչներով, մինչ հայ դպրոցներուն թիւը կը նուազի: «Ուրիշ բան մը ըրէ», «լաւ է որ հայերէնէն զատ ուրիշ լեզու գիտես, անգլերէն կրնաս դասաւանդել, փնտռէ, թերեւս կը յաջողիս», խրատականներ եւ պինդ փակուած դռներ:

Անբացատրելի խառն զգացումներով պատուած էի: Մէկ կողմէ մայր մը, որ իր զաւակներուն հոգատարութեամբ մտահոգ է, միւս կողմէ կարօտը կը ճմլէր սիրտս. ոչ դասարան, ոչ աշակերտներ, ոչ ալ անոնց հետաքրքիր նայուածքներն ու հարցումները՝ մէկտեղուած անմեղ ժպիտով, բարի լոյսով եւ ինչու չէ երբեմն՝ բարձր կանչերով ու ճիչերով: Այդ վերջին զանգին ձայնը երկար հնչեց ականջիս մէջ. այնպէս կը թուի, թէ մինչեւ այսօր ալ կը հնչէ ամէն անգամ, որ հայ վարժարան մը կը փակէ իր դուռը, ամէն անգամ որ հայ մանուկ մը ստիպուած կը հեռանայ իր դպրոցէն, իր ապահով միջավայրէն: Այդ զանգը դեռ մինչեւ այսօր կը լսեմ՝ երբեմն շատ հեռուէն, այսօր ալ մեր հողերէն՝ մեր Արցախէն:

Ակռայի ցաւն ալ մոռցայ, ատամնաբոյժն ալ, որովհետեւ հոն անբացատրելի վիշտ մը կար: Այսօր պատկերը տարբեր է,  անհրաժեշտ է ՀԱՅ ուսուցիչը պահել ամէն բանէ առաջ եւ ամէն գնով, չէ՞ որ ա՛ն պիտի պահէ հայ վարժարանին հայեցի դիմագիծը, իսկ հայ դպրոցը ինք պիտի պահէ «հայ» գաղութը: Արդեօք ինչո՞ւ մեր լեզուն կը վտանգուի, ինչո՞ւ մեր հայ մանուկները կը յաճախեն օտար դպրոցներ եւ անպատասխան ինչուներու շարք մը… «Հայ լեզուէն զատ ուրիշ բան դասաւանդել եթէ գիտես, յոյս ունիս, փնտռէ՛», այո՛ կը գտնես եւ կեանքը կը շարունակուի, բայց ոչ առաջուան պէս:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x