Ո՞վ է աւանդական հայը

Հարցը բաւական վիճայարոյց է, յատկապէս, որ հայ հասարակութեան ներկայացուցիչները այս կամ այն երեւոյթին մասին խօսած ատեն մշտապէս կ՛ուզեն քննել , թէ ինչքանով անիկա բնորոշ է հայ ինքնութեան: Որեւէ հարց ու երեւոյթ կ՛ենթարկուի «ինքնութեան չափորոշիչներ»ուն եւ ըստ այդմ` վերաբերմունք մը կը ձեւաւորուի անոր նկատմամբ: Սկզբունքը լաւ է, բայց ամէն ինչ կը սկսի դժուարանալ սկսեալ ճիշդ այն պահէն, երբ կը հնչէ «աւանդական հայ» ըսուածը, որովհետեւ այդ կերպարը մէկ կողմէ լրիւ հասկնալի ու պարզ կը թուի, իսկ միւս կողմէ` լրիւ անհասկնալի ու խառնաշփոթ:

Եւ այսպէս, խօսելով աւանդական հայուն ու անոր յարիր կամ ոչ յարիր երեւոյթներուն մասին, պէտք է ոչ միայն ուսումնասիրել քննարկուող երեւոյթը` հագուստը, ուտելիքը, երաժշտութիւնը եւ այլն, այլ հասկնալ, թէ ո՞վ է աւանդական հայը:

Ի՞նչ նկատի ունինք աւանդական հայ ըսելով: Ո՞ր տարածաշրջանը եւ ժամանակաշրջանը կը համապատասխանէ աւանդական հայու կերպարին: Սա շատ կարեւոր է հասկնալը, քանի որ վտանգ կայ աւանդական հայ ըսելով ձեւաւորել ինչ-որ կաղապարուած ու կեղծ կերպար: Քանի դեռ աւանդական հայը կը մնայ անհասկնալի, հնարաւոր չէ որեւէ բան համեմատել ու հասկնալ, թէ արդեօ՞ք այդ կը համապատասխանէ անոր:

Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ կը պատկերացնենք աւանդական հայ ըսելով: Հագո՞ւստ, երաժշտութի՞ւն…այսինքն ընկերային-կենցաղային որոշակի միջավա՞յր մը, թէ ուրիշ բան մը: Որ կողմէն ալ մօտենաս հարցին, ինչ-որ անհասկնալի կերպար մը կը ստանաս: Որովհետեւ հնարաւոր չէ վերցնել որեւէ  ժամանակաշրջան ու տեղանք եւ ըսել, որ ահա այս է իսկական աւանդական հայուն կերպարը: Նման բան մը ընելով աւելի շատ հարցեր կը յառաջանան, որովհետեւ եթէ վերցնենք ինչ-որ առանձին ժամանակ ու տարածք, ապա ո՞վ է անորմէ առաջ ու յետոյ ապրած/ապրող հայը: Եւ ո՞ր ժամանակաշրջանը առաւել չափով կը համապատասխանէ աւանդական հայուն:

Պատասխանը քիչ մը հակասական է: Կարելի է ըսել թէ՛ միշտ, թէ՛ երբեք: Էթնոսը քարացած վիճակի մը մէջ չի գտնուիր: Անիկա անընդմէջ փոխյարաբերութիւններու մէջ է այլ էթնոսներու եւ անոնց մշակոյթին հետ: Տեղի կ՛ունենան մշակութային փոխառութիւններ, բան մը կու տան, այլ բան մը կը վերցնեն:  Ողջ պատմութիւնը մինչեւ այսօր եւ վաղը եւս` ապրող, փոփոխուող եւ կայացող էթնոսի ժամանակաշրջանն է: Չկայ որեւէ յստակ բաժանարար գիծ, որով առանձնացուի աւանդական հայը` ոչ աւանդականէն: Նոյնիսկ մէկ անհատ մարդ իր կեանքին ընթացքին, որ ընդամէնը տասնամեակներ կը տեւէ, կ՛ենթարկուի  բազմաթիւ փոփոխութիւններու, ուր մնաց ազգը` քանի մը հազար տարուան մէջ:

Այսօր, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, երբ կը խօսուի աւանդական հայուն մասին, հիմնականին մէջ կը վերցուի 19-րդ դարու երկրորդ կէսի արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան, այն ալ շատ աղաւաղուած կերպար: Ու նոյնիսկ նման պարագային դժուար կ՛ըլլայ առանձնացնելը, թէ ո՞վ էր աւանդականը հայը` Թիֆլիսի բնակիչ վաճառակա՞նը, որուն հագուկապը կէս ռուսական էր, կէս վրացական, Պաքուի արդիւնաբերո՞ղը, որ կը փորձէր հագուիլ կէս ռուսական, կէս եւրոպական ոճով, բանուո՞րը, թէ Արարատեան դաշտի գիւղացին:

Շատ յաճախ այս «աւանդական»ին կը գումարուին Արեւմտեան Հայաստանի հայոց բնակչութեան ընկերային- կենցաղային պահուածքի ու բնաւորութեան գիծերու առանձին երանգներ` զէյթունցիի հրացանաւոր ըլլալը, սասունցիին յամառութիւնը եւ այլն: Հնարաւոր չի դառնար առանձնացնել որեւէ ոսկէ միջին կերպար, որ կրնայ դառնայ այն աւանդականը, որուն չափորոշիչներով ընդունինք կամ մերժենք այս կամ այն երեւոյթը: Որովհետեւ հայը ապրած է եւ՛ գետնափոր տնակի մէջ, եւ՛ երկարկանի քարէ տան, կրած է ֆէս կամ փափախ, տեղ մը կնոջ երեսը փակ էր, մէկ այլ տեղ` ոչ, վայրի մը մէջ տոնին տապակած սագ կը մատուցէին, այլ վայրի մը մէջ` թոնիրի մէջ խորոված ուլ, վայրի մը մէջ, բարեւելու ատեն կը  գրկուէին, միւս վայրին մէջ` կը խոնարհէին եւ այսպէս շարունակ: Ու եթէ շարունակենք հարցին նայիլ նոյն քարացածութեամբ ապա երբեք պիտի չհասկնանք, թէ ի վերջոյ որն է աւանդական հայու այն կերպարը, որով պիտի առաջնորդուինք:

Հարցին պէտք է մօտենալ ոչ թէ տեղայնական տնտեսական ու ընկերային-կենցաղային տեսանկիւնէն, այլ մշակոյթի, յատկապէս ոչ թէ ժամանցային, այլ մշակոյթի այն սկզբունքէն, որ բնորոշ է ու դեռ կայ: Իսկ հայոց մշակոյթը շատ հարուստ, բազմազան եւ կայուն է ազգային դիմագիծ ձեւաւորելու համար: Եթէ փորձենք ընդգծել հայուն աւանդականը, ապա կրնանք վերցնել մշակոյթի հիմնարար գիծերը` ճարտարապետութիւնը, լեզուն, ինչ որ չափով կրօնը, երաժշտութիւնը (այն, որ հայկական միջավայրի ու էութեան ծնունդ է) եւ այսպէս շարունակ: Այսինքն աւանդական է այն, ինչը տակաւին դարեր առաջ կար ու հիմա ալ կը շարունակուի  մնալ: Աւանդական կրնայ ըլլալ ազգային բնաւորութեան որեւէ գիծ, ոչ թէ որեւէ առանձին ժամանակաշրջանի հագուստը: Որովհետեւ ամէն ինչ կը ստեղծուի որեւէ դրդապատճառով: Եթէ հաստ գօտի, ապա երիկամները պաշտպանելու համար, որն ալ հետագային կը դառնայ հագուստի անբաժան մէկ մասը:

Աւանդական է օրինակ մարդասիրութիւնը,  միամտութիւնը, պարզամտութիւնը, հիւրասիրութիւնը, տաքարիւնութիւնը, մեծահոգութիւնը, առատաձեռնութիւնը, ազնուութիւնը, հաւատարմութիւնը, քաջութիւնը: Ի հարկէ, այս բոլորը միայն հայերուն բնորոշ չէ, բայց ասոնք այն գիծերն են, որոնք դարեր շարունակ եղած են մերը, ու ոչ միայն մենք խօսած ենք այս մասին, այլեւ օտարները մեզ բնութագրած են որպէս այսպիսին: Հէնց ասոնք են այն աւանդականը, որուն հետ պէտք է համեմատուինք: Ու որեւէ երեւոյթ, որուն հետ մենք կը բախուինք այսօր, հէնց այս չափորոշիչներով կ՛առանձնանան: Երբ մենք կը հանդիպինք բացայայտ դաժանութեան քարոզի, ապա կրնանք ըսել, որ ան մերը չէ, որովհետեւ պատմութեան մէջ դաժան եւ արիւնախում հայու կերպար չէ ընդգծուած: Մերը չէ նաեւ գերմանական ճշդապահութիւնը, ֆրանսական գոգեդութիւնը, անգլիական սառնարիւնութիւնը եւ այլն:   Այս եւ նման այլ գիծերը ազգերը կ՛առանձնացնեն իրարմէ, եւ հէնց այդ գիծերուն մէջ կը տեղաւորուին ընկերային-տնտեսական պահուածքի եւ ժամանցային մշակոյթի չափորոշիչ մօտեցումները:

 

 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան
Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան
10 months ago

Շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր հարց, որը այսօր է բնորոշել եթէ ոչ անկարելի։ Շնորհակալութիւն։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x