Ազգային միասնականութիւն. կարելի՞ է արդեօք

Ձեւաւորումը՝ Վարդան Թաշճեանի www.travelsofabookpacker.com-ի նկարին հիմքին վրայ

Վերջին երկու հարիւր տարիներուն, ազգային միասնականութեան ի խնդիր ուղղուած կոչերը ամէնէն տարածուած երեւոյթներէն են հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Միասնականութեան հանդէպ տրամադրութիւնները կը սրին եւ կը մեղմանան ըստ պահու անհրաժեշտութեան եւ քաղաքական նպատակայարմարութեան: Յամենայնդէպս, միասնականութեան ուղղուած կոչերը աշխոյժ են ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ մեծ չափով կը շօշափուին նաեւ սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ:

Միասնականութեան մասին խօսուած ատեն հարկ է ընդգծել նախ եւ առաջ այն, որ հիմնական կոչերը բաւական միամիտ եւ անտեղեակ են: Ազգային միասնականութիւն ըսելով բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ եւ խումբեր հիմնականին մէջ կը հասկնան քաղաքական ընդհանուր համաձայնութեան բուրգի մը գագաթնային մասը: Այսինքն, ազգային միասնականութիւնը ի յառաջագունէ կը զետեղուի աւելի շատ քաղաքական շեշտադրումներ ունեցող տրամաբանութեան մը մէջ եւ բնակականաբար չ՛իրականանար, որովհետեւ քաղաքական գործընթացները՝ մանաւանդ հայ հասարակութեան բնորոշ գործընթացները, ունին չկայացած, ձեւաւորման փուլի մէջ գտնուող, այսինքն առաւելապէս կէս-թշնամական, կէս-մրցակցային տրամաբանութիւն: Ընդ որում ազգային միասնականութիւն ըսուածը այս պարագային կ՛ենթադրէ ոչ թէ համազգային ամրապնդում որեւէ հաւաքական նպատակի շուրջ, այլ միասնականութեան կոչ ընող անհատն ու խումբը կը ստիպեն, որ միւսները միանան իրենց եւ ոչ թէ բոլորով ընդհանուր գաղափարի մը շուրջ հաւաքուին: Դեռ հարց է, թէ որքանով կայացած է ընդհանուր գաղափարը, կամ որքանով ան իրօք համազգային մտահոգութեան առարկայ է:

Տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր քաղաքական հնարաւորութիւններու ժամանակ, նոյն հասարակութիւնը տարբեր կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ կ՛ունենայ, իսկ ինչ որ կարմիր թելի մը պէս կ՛անցնի տուեալ ժողովուրդին պատմութեան ողջ տեւողութեան եւ բնորոշ է անոր տարբեր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ, կարելի է նկատել այն երեւոյթը, որուն շուրջ կը համախմբուի տուեալ ժողովուրդը: Շատ յաճախ այդ երեւոյթը կ՛անուանեն ազգային գաղափարախօսութիւն: Ազգային գաղափարախօսութիւնը կամ այն, որ կը միաւորէ հասարակութիւնը, կը գտնուի անոր ինքնագիտակցութեան հիմքերուն մէջ: Եթէ կայ այդ երեւոյթը, այդ գիտակցումը, ապա կարելի կը դառնայ նաեւ միասնականութիւնը, այլապէս՝ ոչ:

Որեւէ ժողովուրդի համար ինքնութեան ընկալումը եւս բաւական խրթին հարց է: Մինչեւ հիմա մարդաբաններ ժողովուրդի մը եւ հասարակութեան մը ինքնութեան ընկալման տարբեր չափորոշիչներ տուած են եւ տարբեր գործօններ մատնանշած, բայց առ այսօր չկայ կիրարկելի միջոցներու համապարփակ եղանակ մը, թէ ինչպէ՞ս միաւորել որեւէ ազգ, կամ որոնք կը հանդիսանան տուեալ ազգի մը ինքնութեան գիտակցումի որոշիչ գործիքները: Ի հարկէ կարելի է առանձնացնել լեզուն, կրօնը եւ այլն, սակայն անոնք եւս միշտ չէ, որ կը հանդիսանան ինքնութեան կառուցման խարիսխներ, որովհետեւ կայ նաեւ շատ աւելի կարեւոր երեւոյթ մը` միջավայրը: Միջավայրը, այսինքն այդ միջավայրի քաղաքատնտեսական պայմանները, բազմաթիւ պարագաներու շատ աւելի զօրեղ կ՛ըլլան, քան պատմական անցեալը, պատմական յիշողութիւնը, գոյութենական մօտեցումները ընդհանուր անցեալին: Ու մանաւանդ այդ միջավայրային տարբերութիւնները շատ յաճախ որոշիչ ազդեցութիւն կ՛ունենան հասարակութեան վրայ, երբեմն այնքան ուժեղ, որ կրնան նոր ինքնութիւն ձեւաւորել կամ պարտադրել ինքնութեան ընկալման նոր մօտեցումներ:

Նորվեկիացի մշակութային մարդաբան Ֆրետերիք Պարթ էթնիկութեան (ethnicity) մասին տեսութեան մը մէջ բաւական մատչելի կը բացատրէ, թէ ինչպէս նոյն ժողովուրդին երկու հատուածները, որոնք զիրար եղբայր կը համարեն, ապրելով տարբեր տնտեսական-քաղաքական պայմաններու մէջ ոչ միայն կը դադրին եղբայր ըլլալէ, այլեւ կը սկսին մէկը միւսին հակառակորդ նկատել: Պարթ օրինակ կը բերէ աֆղանական փուշդուններուն պարագան, երբ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս հարաւային փուշդունները որոշ ժամանակ անց այլեւս եղբայր չեն հիւսիսային փուշդուններուն: Որոշ իրավիճակի մէջ, անոնք ի հարկէ ունին համընդհանուր նմանութիւններ, բայց այդ նմանութիւնները կրնա՞ն բաւականաչափ հաստատուն ըլլալ: Հայ ժողովուրդի պարագային այդ հարցը աւելի սուր է:

Հայկական միջավայրին մէջ, միասնականութիւն ըսուածը սովորաբար դուրս կը մնայ ինքնութեան ընկալման մշակութային դաշտը շօշափելէն եւ մէկ անգամէն կը մտնէ քաղաքական դաշտ, այն ալ կառավարման բարձր օղակներ: Բնականաբար հոս որեւէ միասնականութեան մասին խօսիլը աւելորդ է:

Ֆրանքֆուրթեան ընկերաբանական դպրոցի ականաւոր ներկայացուցիչ Մ. Հորգհայմեր տակաւին 1930-ին բաւական ուշագրաւ դիտարկում կը կ՛ընէ`նշելով. «խօսքը…աւելի շատ հրատապ փիլիսոփայական հարցադրումներու հիման վրայ այնպիսի հետազօտութիւններու կազմակերպման մասին է, որոնց միջոցով փիլիսոփաները, ընկերաբանները, ազգային տնտեսութեան մասնագէտները, պատմաբանները, հոգեբանները կը միաւորուին տեւականօրէն գործող աշխատանքային ընկերակցութեան մը մէջ»: Հարց կը յառաջանայ, թէ հայ ժողովուրդը կրնա՞յ նմանատիպ աշխատանք տանիլ, եթէ ոչ միաւորուելու, գոնէ այդ միաւորման հիմքերը փորելու, անոր գիտական, սկզբունքային էութիւնները գտնելու համար, քանի որ ազգային ինքնութիւնը պարզապէս քաղաքական գործընթաց մը չէ, այլ ողջ մարդասիրական հետազօտական հաստատութենական աշխատանք:

Մենք կրնա՞նք որպէս հասարակութիւն այնպէս ընել, որ ռուսական, ամերիկեան, եւրոպական, արաբական, պարսկական, հնդկական եւ այլ քաղաքակատնտեսական, կենցաղ-մշակութային առօրեայով ապրող հայկական զանգուածները ի վիճակի ըլլան գտնելու հայկականութեան այն նշաձողը, որուն շուրջ միաւորուին որպէս մէկ ազգ: Որովհետեւ այդ բոլոր համայնքները, անոնց գումարած Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութիւնը, որ նաեւ ներհամայնքային տրոհումներու ենթարկուած է, այնքան տարբեր են իրարմէ իրենց լեզուամտածողութեամբ, ընկերային-կենցաղային կեանքով, փիլիսոփայութեամբ, որ դժուար կ՛ըլլայ գտնել թէկուզ մէկ երեւոյթ, որուն հանդէպ այդ բոլոր հայերը նոյն վերաբերմունքը ունենան: Այսօր լեզուն եւ եկեղեցին այլեւս չեն կատարեր այն համահայկական դերը, որ կատարած են ժամանակին: Լեզուին հետ կապուած խնդիրները այնքան ցայտուն են, որ առանձին ուսումնասիրութեան կարիքը ունին: Բացի այն իրողութենէն, որ իրարմէ բաւական տարբեր են արեւմտեան եւ արեւելեան հայերէնները, անոնք նաեւ կ՛ենթարկուին այլ լեզուներու նորաձեւական ազդեցութիւններուն: Լեզուամտածողութեան կարեւորութեան մասին հրաշալի կը խօսի նաեւ Է. Ֆրոմը «Ունենալ, թէ ըլալ» գործին մէջ:

Նոյն խնդիրը ունի նաեւ եկեղեցին, որ մենք ազգայնացուցած ենք եւ փորձած զայն դիտարկել ոչ թէ աւելի շատ կրօնական, այլ ազգային կառոյց: Բայց այդ պարագային, ինչպէ՞ս վարուիլ ոչ քրիստոնեայ հայերու խնդրին հետ, երբ նոյնիսկ քրիստոնեայ հայերը ունին կաթոլիկ, առաքելական, աւետարանական-բողոքական ուղղութիւններ եւ ապա աւելի մանր ճիւղերու հակընդդէմ ուղղութիւններ:

Ներկայիս հայերը միաւորող միակ երեւոյթը պատմական ընդհանուր անցեալն է, որ սակայն այլեւս ի վիճակի չէ ապագային միտուած ազգային հարթակ ստեղծելու:

Եւրոպական ժողովուրդներու ինքնութեան յարափոփոխ բաղկացուցիչներու վերլուծութեան նուիրուած Շ. Այզէնշդատդի թեզին մէջ առանձնացուած հետեւեալ հիմնական բաղադրամասերը` էթնիկականը, քաղաքացիականը եւ ընդհանրականը տարրալուծման ընթացք կ՛ապրին, ազգայնականօրէն տրամադրուած քաղաքական ուժերը պետութեան դէմ կը տրամադրուին, քաղաքացիական կարգի վերահսկողութիւնը դուրս կու գայ ազգային պետութեան սահմաններէն եւ կը դառնայ միջազգային կառոյցներու խնդիր, իսկ համընդհանրական բովանդակութիւնը, առնուազն 1989-էն  ասդին երթալով կը ցրուի, կապուած`ազգային-պետական ընտրախաւերու կողմէ իրենց պատմական առաքելութիւններու բանաձեւման հետ:

Այսօր երբ կը խօսինք ազգային միասնականութեան մասին, նախ եւ առաջ պէտք է այդ միտքը դիտարկենք ոչ թէ քաղաքական կառավարման, այլ ընկերային-մշակութային հոգեբանութեան, ազգային անցեալի փիլիսոփայութեան միտքի կիրառումով, որ հնարաւորութիւն կու տայ գտնելու այն նշաձողերը, որոնց հիման վրայ նախ տեղի կ’ունենայ մշակութային, հոգեբանա-փիլիսոփայական միասնականութիւնը, եւ ապա`աւելի գործնական մակարդակի դրսեւորումները: Այդ ժամանակ թերեւս հնարաւոր ըլլայ նաեւ հասկնալ, թէ արդեօ՞ք կարելի է ազգային միասնականութիւնը a priori.

Արեւմտահայերէնի վերածեց Վարդան Թաշճեան

 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x