Սփիւռք. իրավիճակ, հնարաւորութիւններ, կազմակերպում (երկրորդ մաս եւ վերջ)

Վարդան Ա. Գաբրիէլեան

«Տարբերակ21» վերջերս որոշ կեդրոնացումով կ’անդրադառնայ սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութեան: Հետագայ յօդուածը, Վարդան Գաբրիէլեանի գրիչով, նախապէս 2021-ին լոյս տեսած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Զայն կը վերահրատարակենք իր շահեկանութեան համար: Ստորեւ՝ երկրորդ մասը:

Այս առիթով կը յանձնարարենք կարդալ նաեւ հետեւեալ յօդուածները: Բոլոր նիւթերը կը հրամցուին առ ի հրապարակային քննարկում:

«Արցախահայութեան օժանդակութիւնը կրկին օրակարգի վրայ կը դնէ «Սփիւռքի կառոյցներու» խնդիրը»

«Նոր կառոյցներու հրամայականը դասական սփիւռքին մէջ»

«Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ»

 Ազգային տեսլական

Բայց, նախ, ճշդելու համար, թէ որո՛նք են մեր ակնկալութիւնները սփիւռքէն, կայ լրջագոյն խնդիր, թէ` ո՞րն է մեր ազգային (պետական ու համազգային), տեսլականը` doctrine-ը: Ունի՞նք: Թէ՞ հռչակուած «2050-ին պէտք է 5 միլիոն ըլլանք Հայաստանի մէջ, թէ` պիտի ունենանք միլիառներ արժող սթարթափներ, կամ թէ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականը պէտք է ախոյեան հանդիսանայ»-ն կ՛ամփոփէ մեր այդ տեսլականը:

Աւելի լուրջ ու աւելի գործնական բանաձեւում է պէտք, որ անպայման կ՛ենթադրէ գործողութիւններու յստակ ծրագիր, որ կը ճշդէ մեր ինչպիսին ըլլալը, ինչ տեղ գրաւելը համաշխարհային ռազմական, գիտական, արհեստագիտական, կրթական, տնտեսա-ֆինանսական, մշակութային ու քաղաքական քարտէսին վրայ:

Իսկ գործնակա՞ն

Ամէն պարագայի սփիւռքը Հայաստանի համար արդէն կատարած է տարբեր բնոյթի գործողութիւններ` պետութեան հետ համակարգուած թէ ոչ, ու սա եղած է եւ այսօր ալ կը ներկայացնէ գնահատելի ներդրում: Ըլլայ այդ դուրսը` Հայաստանի պետական-քաղաքական շահերը պաշտպանող ոչ պետական կառոյցներու, ինչպէս` Հայ դատի գրասենեակներու, կամ ներսը` մարդասիրական օգնութեան, զբօսաշրջային այցելութիւններու կամ գործարար ներդրումներու, ինչպէս նաեւ շօշափելի, բայց անբաւարար թիւով հայրենադարձութեան եւ այլ ճամբով:

Բայց սփիւռքը, այլապէս կազմակերպուած սփիւռքը, աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կրնայ ի գործ դնել Հայաստանի ազդեցութեան ու շահի պաշտպանութեան մէջ, ՀՀ օրուան արտաքին քաղաքականութեան խնդիրները ճիշդ հասցէատէրերուն հասցնելու, նաեւ` այլընտրանքային ճանապարհներով: Երախտապարտ պէտք է ըլլալ ցայսօր տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ տարուած Հայ դատի աշխատանքներուն համար եւ զանոնք հիմք նկատել վաղուան խորացուած եւ ընդլայնուած ծրագրերուն համար: Միաժամանակ պէտք է խոստովանիլ եւ առարկայականօրէն ընդունիլ, որ հայ ժողովուրդի գոյութենական ու զարգացման խնդիրներուն դիմաց կարիք կայ պատրաստելու յաւելեալ ուժեր` վերապատրաստելով զանոնք ու համապատասխան գործիքակազմ ստեղծելով.  այս բոլորը` հայանպաստ ձգտումնալից քաղաքականութիւններ նախապատրաստելու ու ապահովելու նպատակով:

Սփիւռքը մեր տկար, սակաւաթիւ ու թոյլ արտաքին կառոյցներուն, դեսպանութիւններուն կողքին, մասնագիտական տաղանդներ կրնայ հայթայթել` օգնելու արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր թէ յատուկ ծրագիրներու իրագործման գործին մէջ, ծրագրաւորումէն մինչեւ կիրարկում: Տեղական լեզուամտածողութիւն, կապեր, տնտեսական առաջարկներ, դէպի Հայաստան աշխատանքային այցեր, Հայաստանի հետ տուեալ երկրի մշակութային, կրթական, գիտական, մարզական, առողջապահական, գիւղատնտեսական եւ այլ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ համագործակցութիւն. ահա` այն քանի մը օրինակները միայն, որոնք միութենական ու հասարակական ջանքերու կողքին ու անոնց հետ համադրելով, համակարգուած ճիգով նոր մակարդակներու պէտք է տանին միջպետական հայանպաստ կապերը: Սա կ՛ենթադրէ, անշուշտ, դեսպանութիւններու աշխատակազմերու վերապատրաստում, արդիւնաւէտ եւ որակեալ կառավարում, որ մեր նոր պետականութեան օրերուն ընհանրապէս պակսած է (առանց ընդհանրացումներ կատարելու բոլոր ժամանակներու բոլոր դիւանագէտներուն հասցէին), որմէ յետոյ միայն հնարաւոր կը դառնայ ի գործ դնել վերոնշեալ մօտեցումները:

Վերցնենք մէկ օրինակ` տնտեսականը: Աշխարհի պատմութիւնը կը վկայէ, որ, ի վերջոյ, ծաւալապաշտութիւնը եւ ընդհանրապէս արտաքին  քաղաքականութիւնը, բացի զուտ քաղաքական եւ ռազմական մղումներէն, ազդեցութեան տարածումէն, նպատակ կը հետապնդեն ձեռք բերել տնտեսական շահեր:

Աշխարհի մեծ ու փոքր պետութիւններ ունին տնտեսական եւ առեւտրական զարգացման գրասենեակներ` տասնեակ երկիրներու մէջ: Վերջին տարիներուն, որոշ երկիրներու պարագային, տնտեսական զարգացման այդ կեդրոնները հետզհետէ սկսան աւելի թիրախային գործունէութիւններ ծաւալել, շատ յաճախ` տուեալ երկրի դեսպանութեան հետ միասին, նոյնիսկ` դեսպանութիւններէն ներս: Այսպէս է, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քանի մը տարի առաջ վերանուանուեցաւ նաեւ միջազգային զարգացման նախարարութիւն, որուն հիմնական գործառոյթներէն մին տնտեսական զարգացման ապահովումն է: Ահա այստեղ, խելացի համագործակցութեամբ, Հայաստանի վերաշխուժացած Առեւտրական պալատն ու անոր վերաթարմացած միջազգային ներկայացուցչութիւնները (կամ համապատասխան այլ կառոյց), մասնակցութեամբ սփիւռքի գործարար եւ արհեստավարժ մարդոց ու ՀՀ դեսպանութիւններու, այլ խօսքով` ՀՀ արտաքին գործոց եւ տնտեսութեան նախարարութեանց համակարգումով, կրնան յառաջ մղել Հայաստանի տնտեսական զարգացման ծրագրերը` նախատեսուած արդիւնքներ ձեռք ձգելու յստակ մտադրութեամբ:

Այլ խօսքով, պէտք է նորովի մտածել ներգործօն եւ համադրեալ գործակցութեան ընդհանուր եւ ոլորտային ռազմավարական ծրագիրը: Ինչպէս  տնտեսականին համար, նոյն մօտեցումը կարելի է կիրարկել, ոլորտային իւրայատկութիւնները նկատի առնելով անշուշտ, մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան և բազմաթիւ այլ ոլորտներու համար:

Սփիւռքի վերակազմակերպման ծրագիրն ու Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը պէտք է դիտել որպէս սփիւռքի ներդրում, մասնակցութիւն ի նպաստ Հայաստանի, բայց նաեւ սփիւռքի աշխուժացում` ի նպաստ սփիւռքեան կառոյցներու, ծրագրերու եւ սփիւռքահայ մարդու, եւ վերջապէս, որպէս Հայաստանի ներդրում` սփիւռքի տարբեր թիրախային ծրագրերու մէջ:

Այս բոլորը կ՛ենթադրեն, ընդհանուր ծրագրաւորման կողքին, Հայաստանի ամէն մէկ, առանց բացառութեան ամէ՛ն մէկ նախարարութեան խիստ ներգրաւուածութիւնը այս գործին եւ, բնականաբար, հզօր ու նոր հիմերու վրայ դրուած սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւն, ֆինանսական համապատասխան, արտակարգ ու արտասովոր ներդրում այն տրամաբանութեամբ, որ իւրաքանչիւր ներդրումային լումայ պէտք է իր բարոյական կամ տնտեսական բազմապատիկ արդիւնքը ունենայ: Ուստի, մեր մտածողութեան մէջ պէտք է ամրագրել այս տարողութեամբ ֆինանսական ներդրումի անհրաժեշտութեան գաղափարը, որուն համար կարելի է եւ պէտք է ստեղծել ու գտնել թէ՛ դասական եւ թէ՛ նոր լուծումներ, սփիւռքեան (ոչ միայն հայկական) աղբիւրներէ, մինչեւ` Հայաստանի պետական պիւտճէ ու հայաստանեան ընկերութիւններ, զորս կարելի է խրախուսել անոնց տալով իրենց մասնակցութեան չափով առաւելութիւններ: Սա, ճիշդ է, այլ քննարկման նիւթ է, սակայն այստեղ հետաքրքրականն այն է, որ բոլոր հարցերը փոխկապակցուած  են այնքան որ միայն ընդհանուր համակարգումը կրնայ մեզ դուրս բերել մասնակի ու կարկտան լուծումներէն:

Վերակազմակերպել սփիւռքը

Վերադառնալով սփիւռքին` նշեմ, որ անոր վերակազմակերպումը պէտք է ենթադրէ իւրաքանչիւր մասնակից հայու արժեւորումը` մատչելի դարձնելով անոր միտքը, լսելի` անոր ձայնը եւ տեսանելի` անոր գործը: Այս պատճառով անհրաժեշտ է ստեղծել թէ՛ տուեալ երկրի մէջ եւ թէ՛ ընդհանուր սփիւռքի տարողութեամբ շփման հորիզոնական հարթակներ` օգտուելով ներկայ հաղորդակցութեանց միջոցներէն, բայց նաեւ` ուղիղ շփման նոր, հրապուրիչ, հետաքրքրաշարժ, հարստացուցիչ միջավայրեր, ուր սփիւռքի լուռ մեծամասնութիւնը նոյնքան տեղ կ՛ունենայ, որքան` աւելի վերը իմ նշած արդէն ինքզինք կրկնող ու յաճախ հիւծուած տարրեր, ուր առաջինները իրենց թարմութեամբ, իւրայատկութեամբ ու փորձառութիւններով, վստահ եմ, դրականօրէն պիտի զարմացնեն բոլորս:

Այս թարմացած սփիւռքը, ուրեմն, չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ ու մնալ, եթէ անոր աշխատանքն ու ներգործութիւնը կառուցուած, մտածուած եւ համակարգուած չըլլան: Մեր մեծագոյն թշնամին, այս փուլին, ձախողութիւնն է, զոր պէտք է բացառել` իմանալով, որ բազմաթիւ ուժեր պիտի փորձեն խանգարել մեր երթը:

Իսկ ինչպէ՞ս համակարգել ու կառուցել այս ամէնը: Առաջարկներէն մէկը, որ խումբ մը հայրենակիցներու քննարկումներու արդիւնքն է վերջին տարիներուն, այն է, որ համայնք առ համայնք հետաքրքրուած հայերը արձանագրուին եւ մասնակցին համայնքային ընտրութիւններու.  ընտրութիւններ, որոնք պիտի ձեւաւորեն սփիւռքեան խորհրդարանը, ուր կ՛ուղարկուին համայնքներու ընտրեալ պատգամաւորները, եւ հոն կը ձեւաւորուի ապագայ սփիւռքի խորհուրդը: Եւ եթէ սոյն խորհրդարանն ու խորհուրդը սկզբնական շրջանին չունենան ուղղակի ազդեցութիւն հայ անհատի, կազմակերպութեան մը կամ համայնքի մակարդակով, սակայն տարի առ տարի ու որոշ ինքնասրբագրումներէ եւ ուղղումներէ ետք սոյն խորհրդարանն ու խորհուրդը, ցուցաբերելով ժողովրդավարական հասունութիւն, ինքնադրսեւորման ազատութիւն, քննարկումներու բարձր մակարդակ, տեսլական եւ կազմակերպական կայունութիւն, անոնք կը ստանան իրենց արժանի ու օրինական տեղը ոչ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ` ի դէմս Հայաստանի Հանրապետութեան, որպէս վստահելի խօսակիցներ:

Այս խորհրդարանն ու անկէ բխող խորհուրդը իրենց մէջ կ՛ունենան մասնակցիլ ցանկացող բոլոր հին ու նոր կազմակերպուած ուժերը, անհատներ` տարբեր ոլորտներէ եւ տարբեր միջավայրերէ, եւ ուր դասական սփիւռքահայն ու Հայաստանէն արտագաղթած նոր սփիւռքահայը կը մերձենան իրարու, կը ճանչնան զիրար եւ հետզհետէ կը ստեղծեն մէկ ազգ հասկացողութեան հիմնական նախադրեալը, որ միասին ըլլալն ու միասին գործելն է:

Սփիւռքեան նոր իրավիճակին մէջ մտքի զարգացումը, գաղափարներու բախումը, բանավէճն ու մտքի փնտռտուքը կը դառնան գործունէութեան մաս` իրենց հերթին ստեղծելով որակեալ առաջնորդութեանց պատրաստութեան գրաւականները:

Սոյն խորհրդարանն ու խորհուրդը պիտի առաջնորդուին նախապէս ընդունուած բացառաբար ազգային, միասնական եւ կառուցողական յստակ սահմանադրութեամբ:

Վերակազմակերպուած սփիւռքի բացակայութեան պարագային, սփիւռքի որեւէ համայնք իր խնդիրներով ու նախաձեռնութիւններով պիտի մնայ մինակ, անհաղորդ ուրիշներուն հետ ու նկատմամբ: Համայնքի մը դպրոցն ու անոր փակման վտանգը, մշակութային ստեղծագործութիւն մը եւ անոր պատրաստութիւնն ու տարածումը, երիտասարդ հայերու մասնագիտական փորձ կամ աշխատանք հայթայթելը, հայրենիքի մէջ ծրագիր մը իրագործելը պէտք չէ մնան անհատի մը, միութեան մը կամ, լաւագոյն պարագային, համայնքի մը հարցը, այլ, ըստ անհրաժեշտութեան ու հնարաւորութեան, պիտի դառնան նաեւ ուրիշներունը կամ բոլորինը: Այսպէս, հեռաւոր ու անկազմակերպ, յաճախ նորակազմ համայնքներ չեն կորսուիր ընդհանուր անտարբերութեան կամ երբեմն կարեկցանքի յոյզերու տակ, այլ ուժ կ՛առնեն, երբ միւս համայնքները կամ պետութիւնը, ինչո՞ւ չէ երկուքը միասին զօրակցութեան ձեռք կ՛երկարեն անոր:  Այս պարագային, աւելի դիւրութեամբ կարելի կը դառնայ պատերազմական կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող համայնքներուն հասնիլ, կամ` տաղանդաւոր մարդոց առջեւ նոր դռներ բանալ` հանրաճանաչ դարձնելով զանոնք (ու ոչ միայն հայկական միջավայրի մէջ) եւ դեռ` փակման վտանգին առջեւ գտնուող դպրոց մը փրկել:

Այսպիսով, մենք մեզ ընդառաջ կը դնենք միասին մտածելու, միասին ծրագրելու, միասին պատասխանատուութիւն բաժնեկցելու ու միասին աշխատելու կառուցողական իրավիճակին դիմաց: Այսպէս կը ստեղծենք համահայկական մտածողութիւն եւ գործունէութիւն: Համահայկականութիւնը չի մնար միայն մեծ ու լայնածաւալ կազմակերպութիւններու առաւելութիւնը, որու կարելիութիւնը վերջիններս կը պահեն, սակայն այդ առաւելութիւնը կը տարածուի ընդհանուրին վրայ: Աւելի՛ն. համահայկական տարողութեամբ կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոնք աշխարհագրականօրէն են համահայկական, բայց ոչ անպայման գաղափարախօսական ընկալումով կամ ծրագրերով, կամ աշխատանքի բնոյթով, կամ տակաւին մարդուժով ու մարդկային ներուժի ընդգրկումով, այլ խօսքով, իրենք եւս ամէն տեղ են, համայնքներուն նման, բայց ոչ միասին` իրենց փոքր ու մեծ ծրագրերով, ուր ընդհանրապէս իրարմէ որոշ չափով տեղեկացուած են, բայց` ոչ ներառեալ ու ներգործօն, առիթ կ՛ունենան իրենք եւս ներգրաւուելու ու ներգրաւելու ուրիշները արտակազմակերպական ու արտահամայնքային նախաձեռնութիւններու մէջ:

Նման համակարգի մեծագոյն բարիքը պիտի ըլլայ այն, որ ամէն տեղ, ի շարս տեղական հարցերու, պիտի ամրանայ պետական մտածողութիւնն ու պետականասեւեռ գործունէութիւնը, որ առանցքն է վաղուան նորաշէն Հայաստանի:

Կրկնութեան գնով ըսեմ, որ այս առումով, անհրաժեշտ է Հայաստանի պետական ղեկավարութեան, պետական կառոյցներու եւ քաղաքական ուժերու մօտ համահայկական, համազգային գաղափարախօսութիւն, նաեւ` Հայաստան-սփիւռք յստակ, մշակուած, հետապնդուող եւ բարձր նշաձողով ընդհանուր տեսլական եւ ոլորտային ծրագրերու կեանքի կոչելը:

Պետական ու համազգային մտածողութիւնն ու գործելաոճը դժուարաբեկ, ուժեղ կռուանը պիտի դառնան մեր «փոքր երկիր, մեծ ազգ» իրականութենէն «հզօր երկիր, միասնական ու մեծ ազգ» իրականութեան անցումին:

Հայկական իսկական ներուժը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ գերազանցապէս աւելին է, քան` այն տեսանելին, որ կը թուի շատերուս:

Բազմաթիւ ձեւակերպումներ կարելի է տալ ու մանրամասնել, թէ՛ ինչպիսի մեքանիզմներով սփիւռքը ներառուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններուն ու հասարակական կեանքին մէջ, որ չըլլայ ձեւական, այլ` նպատակային:

Այս միտքերը հազարաւոր հայրենակիցներու ցանկութիւններուն ամենասեղմ մէկ ամփոփումը կրնան համարուիլ, թէկուզ` որոշ անհամաձայնութիւններով կամ անհրաժեշտ լրացումներով ու խորացումներով: Ժամանակն է իրավիճակի լուրջ գնահատականներ տալու եւ ռազմավարական գործնական ծրագիր մշակելու` դուրս գալով ցայժմ տիրող տեսական ցանկութիւններէն ու պահպանողական, քարացած կիսալուծումներէն:

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x