Ապրելով անցեալը՝ կը մոռնաս ապագան, իսկ կարելի՞ է միայն յաղթել անցեալի մէջ

Հայ իրականութեան բնորոշ ամէնէն յայտնի արտայայտութիւններէն մէկը (եւ ոչ միայն հայ, բայց հայերու մօտ աւելի շեշտուած) անցեալի գովերգութիւնն է ու անցեալի գունազարդումը: Հաւանաբար շատերուն ծանօթ է «առաջ աւելի լաւ էր» արտայայտութիւնը, որ զուգահեռ կ’ընթանայ անցեալի որոշ ժամանակաշրջան մը իտէալականացնելու մղումին: «Առաջ աւելի լաւ էր» արտայայտութիւնը, որ կը գովերգէ անցեալը եւ կը քննադատէ ներկան, ինքնախաբէութեան հրաշալի օրինակ մըն է, որ կը վկայէ, թէ հասարակական զարգացումը ոչ թէ դէպի առաջ կը շարժի, այլ՝ ետ:

«Առաջ աւելի լաւ էր» մտայնութիւնը իրականութեան մէջ աւելի կ’աշխուժանայ ճգնաժամային պահերուն: Երբ կը ստեղծուի իրավիճակ մը, որ նկատելիօրէն աւելի վատ է քան նախորդ ժամանակաշրջանը (ամբողջովին կամ մասամբ) եւ հասարակութիւնը տուեալ պահուն բաւարար ուժ եւ կարելիութիւններ չունի լուծելու տուեալ խնդիրը, պայքարելու փոխարէն ան հոգեբանական փախուստ կը կատարէ դէպի անցեալի որեւէ «լաւ» ժամանակաշրջան մը, երբ իր այս պահու խնդիրը կա՛մ չկար, կա՛մ նուազ ներկայութիւն էր, կամ` նկատելի չէր: Եւ նոյնիքն այդ փախուստը դէպի անցեալ` լեցուն է բազմաթիւ վտանգներով: Անցեալի իտէալականցման մտայնութիւնը թմրանիւթի ազդեցութիւն կ’ունենայ հասարակութեան վրայ. առաջին հերթին քանի մը կարեւոր պատճառներոով`

«Լաւ» անցեալը՝ գովերգումի փուլին կ’առասպելականացուի ու սուտին չափը քիչ քիչ կուլ կու տայ ճշմարտութիւնը եւ հասարակութեանը կը զրկուի իրականութեան զգացումէն: Առնելով անցեալին մէջ գովերգուող որեւէ շրջան` հասարակութիւնը կը սկսի զայն ծաղկեցնել, յաւելումներ կատարել ու անցեալին տեղի ունեցած որեւէ փոքր զինուորական ընդհարում քիչ քիչ «կը դառնայ» բախտորոշ վիթխարի ճակատամարտ մը: Կամ օրինակ անցեալի ընկերային իրավիճակը կը ներկայացուի որպէս տնտեսական դրախտ մը (շատ տարածուած է գովերգել խորհրդային ժամանակաշրջանը որպէս բացառիկ ու անհաւատալի լաւ, տնտեսապէս ապահով ժամանակներ):

Անընդմէջ ապրելով «լաւ» ժամանակներու յուշերով` հասարակութիւնը հոգեբանական հանգստութեան բաւարարութիւն կը ստանայ: Անցեալը փոխել կարելի չէ այլեւս ու անհրաժեշտ ալ չէ, եւ անցեալի այդ «լաւ ժամանակներուն» ոչինչ կը սպառնայ: Նոյնիսկ աշխարհն ալ քանդուի, լաւ անցեալը կը մնայ լաւ: Եւ այդ հոգեբանական ապահովութիւնը հայերուն մէջ ծայրայեղօրէն արտայայտուած է:

Յաջորդ կարեւոր հարցը պատասխանատուութեան բացակայութիւնն է: «Լաւ անցեալը» ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ: Մարդ ստիպուած չէ որեւէ բան կատարելու անցեալը պահպանելու համար: Ան ուղղակի գոյութիւն ունի եւ կը մնայ վայելել զայն:

«Լաւ անցեալ» ըսուածը հասարակութեան խնդիրներէն բարոյահոգեբանօրէն փախչելու այն միակ ապաստանն է, ուր ան ինքզինք զօրաւոր եւ պաշտպանուած կը զգայ: Ապրելով անցեալի փառքը՝ հասարակութիւնը կը հասնի լիակատար երանութեան: Ան այլեւս ոչինչ կ’ուզէ, այլ կը շարունակէ հաւաքածոյի տիրոջ մը պէս «հաւաքել, դասաւորել, փայփայել» իր գանձերը: Ներկան չ’անհանգստացներ զինք, ոչ ալ ապագան կը մտահոգէ: Աւելին` ան ներկան չի հասկնար, որովհետեւ իր մտածողութիւնը նոնիսկ կը սկսի յարմարիլ անցեալին՝ անցեալի իր խմբագրած տարբերակին: Իսկ այդ տարբերակը յաճախ էականօրէն ուրիշ բան է: Խմբագրելով ու վերաշարադրելով իր անցեալը` հասարակութիւնը կը զրկուի քննական մտածողութենէն: Ան համեմատելու կարելիութիւն չունի եւ չի կրնար գնահատական տալ: Չ’ուզեր ալ, որովհետեւ համեմատութիւններն ու գնահատականները յղի են այն վտանգով, որ անցեալի այդ «ոսկեդարը» կրնայ նաեւ ունենալ թերութիւններ, պակասութիւններ, ինչ որ անհանդուրժելի է: Եթէ խօսքը կը վերաբերի անցեալի զօրավարներէն մէկու, ապա ան հասցուած է կատարելութեան, առնուազն՝ իտէալականացման:

Հասարակական այս մտախտը (psychosis) ոչ միայն կ’արժէզրկէ անցեալը, այլեւ կը կեղծէ զայն: Ուշադիր դիտելու պարագային, կը նկատենք, որ անցեալի «լաւ եւ փառաւոր» ժամանակները կ’անցնին շարունակական աղէտների միջով: Այդ լաւ ժամանակները յանկարծակի կը սկսին եւ կ’աւարտին անսպասելիօրէն: Գրեթէ աստուածային ճշմարտացիութեամբ ներկայացնող «լաւ անցեալի» վեհութիւնն ու հզօրութիւնը համեմատելի են միայն անոր յանկարծահաս կործանումին:

Ֆրետրիխ Նիցչէն իր «չաստուածներու մթնշաղ» աշխատութեան մէջ կը նշէ, որ անընդմէջ ետեւ նայող պատմաբանը կը սկսի նաեւ հաւատալ «ետեւին», իմա՝ անցեալին: Այսօր հայաստանեան հասարակութիւնը «ետեւին» կը հաւատայ, կ’ապաւինի անցեալին: Կը շարունակէ մոլեգնօրէն Տիգրան Մեծի քարտէսը տարածել` առանց արժեւորելու, թէ Տիգրան Մեծը ինչ գինով կրցած էր հասնիլ անոր, նպաստող ու խանգարող ի՞նչ հանգամանքներ կային, վիջազգային ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէր եւ ուժերու ի՞նչ հաւասարակշռութիւն կար: Բայց չեն ուզեր քննարկել: Բաւական է նաեւ ըսել, որ «լաւ էր» ու վերջ: Այդ միջոցին նաեւ կ’աղաւաղուի պատմական այդ ժամանակաշրջանին դերը, կ’իյնայ անոր արժէքը: Որովհետեւ յաղթանակները, անցեալի «լաւ ժամանակները» ոչ թէ կախարդանքի կամ հրաշքի արդիւնք էին, այլ՝ ծանր աշխատանքով ու մեծ զոհաբերութիւններով ձեռք բերուած, այսինքն՝ պատասխանատուութիւն, ճիշդ այն, որմէ խոյս կու տայ հասարակութիւնը:

Կայ անցեալի վերաժեւորում եւ կայ անցեալի հանդէպ խելացնոր մարմաջ: Ու եթէ անցեալին արժեւորումը կ’ենթադրէ ներկային ըմբռնումը եւ ապագայի ծրագրաւորումը, ապա միայն ետ նայիլը ուղիղ ճամբայ է դէպի ունայնութիւն:

Եւ ի վերջոյ, ապրելով անցեալը՝ կը մոռնաս ապագան, իսկ Հայաստանը չի կրնար եւ յաղթող պիտի չըլլայ միայն անցեալի, միայն յուշերու մէջ: Պատմութիւնը աւարտած հանգրուան չէ, ան կը շարունակուի յատկապէս հիմա եւ ապագան կու գայ ամէն օր ու ամէն ժամ: Արդեօ՞ք մենք կը յաջողինք դուրս գալու անցեալի պաշտամունքէն եւ քալել յառաջ: Պատմութիւնը ցոյց կը տայ: Կ’անցնին ժամանակները եւ հայ ժողովուրդը կա՛մ կարձանագրէ իր նոր յաջողութիւնները, նուաճումները, նաեւ ձախողութիւնները, բայց կ’ըլլայ ու կապրի, կամ ալ համաշխարհային պատմութեան դասագիրքերուն մէջ կ’աւելանայ մէկ այլ անհետացած, իրականութենէն պատմութիւն դարձած պետութիւն մը: Եւ այլեւս կարեւոր չէ, թէ որքանով կը փառաբանուի կամ իտէալի կը հասցուի: Փակուած էջը կը մնայ փակուած:

«Ան որ կը հակակշռէ անցեալը, կը հակակշռէ ապագան. ան որ կը հակակշռէ ներկան, կը հակակշռէ անցեալը», կը գրէ Էրիք Արթըր Պլէր (Ճորճ Օրուէլ) «1984»  գործին մէջ:

Ամէն ինչ մեր ձեռքերուն մէջ է` եւ՛ անցեալը, եւ՛ ապագան: Բայց արդեօ՞ք մենք՝ հայերս կը հակակշռենք զանոնք:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Նաճարեան Մովսէս Անդրանիկի
Նաճարեան Մովսէս Անդրանիկի
8 months ago

Առանց անցեալի ներկայ չկայ, ապագայ ալ չ’ըլլար։ խնդիրը ճիշդ վերլուծելու եւ գնահատելու մէջ է։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x