Սփիւռք. իրավիճակ, հնարաւորութիւններ, կազմակերպում (առաջին մաս)

Վարդան Ա. Գաբրիէլեան

«Տարբերակ21» վերջերս որոշ կեդրոնացումով կ’անդրադառնայ սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութեան: Հետագայ յօդուածը, Վարդան Գաբրիէլեանի գրիչով, նախապէս 2021-ին լոյս տեսած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Զայն կը վերահրատարակենք իր շահեկանութեան համար: Ստորեւ՝ առաջին մասը. երկրորդ՝ վաղը:

Այս առիթով կը յանձնարարենք կարդալ նաեւ հետեւեալ յօդուածները: Բոլոր նիւթերը կը հրամցուին առ ի հրապարակային քննարկում:

«Արցախահայութեան օժանդակութիւնը կրկին օրակարգի վրայ կը դնէ «Սփիւռքի կառոյցներու» խնդիրը»

«Նոր կառոյցներու հրամայականը դասական սփիւռքին մէջ»

Իրավիճակ

Հայկական սփիւռքը ունի ներքին զարգացումներ, որոնք սկիզբ ու թափ առած են մեծ գաղթէն ետք տարբեր երկիրներ հասած ու այդտեղ կազմաւորուած համայնքներու տեղական առանձնայատկութիւններու համաձայն:

Կազմուած են արեւելեան համայնքներ, ուր լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները աւելի ամուր ու կայուն հիմերու վրայ դրուած են, եւ ուր տեղական միջավայրին հետ շփումն ու անոր մէջ ձուլումը աւելի դժուար եղած են, քան` արեւմտեան, լատին-ամերիկեան կամ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ, ուր եւս ծաւալած են նախապէս աւելի հարուստ, բայց հետզհետէ մաշուող ու հիւծուող մշակութային, կրթական գործունէութիւններ, բայց ուր հայօրէն մտածողներու ու ապրողներու թիւը, համեմատած «ծագումով հայերու» հետ, տասնամեակ առ տասնամեակ նօսրացած է:

Այստեղ պէտք է նշել հայու տեսակի նաեւ երանգներու երեւոյթը, որ կը տարբերի` ըստ բնակութեան երկրի ու ըստ ընտանեկան կամ ընկերային միջավայրի. կայ ներգործօն, կազմակերպական կեանքին մէջ ներգրաւուած, քիչ ներգրաւուած կամ չներգրաւուած, յաճախակի կամ հազուադէպ մասնակցութիւն ունեցող, միայն ընտանեկան միջավայրին մէջ հայեցիութիւնը ապրող, հայերէն խօսող, բայց հայերէնով չմտածող ու չստեղծագործող հայը… եւ այսպէս` շարունակ: Ու ասոր պէտք է աւելցնել սփիւռքին ու հիմնականին մէջ արեւմտեան երկիրներու սփիւռքներուն նոր դիմագիծ բերող Հայաստանէն արտագաղթած հայրենակիցներու վերջին տասնամեակներու փաղանգները, որոնք տեղ-տեղ առանձնացած կ՛ապրին` չխառնուելով դասական սփիւռքին հետ, տեղ-տեղ ստեղծած են մշակութային-կրթական առայժմ համեստ կառոյցներ (նայած երկիր), բայց որոնք միաժամանակ ցոյց կու տան իրենց լուրջ մասնակցութիւնը Ապրիլ 24-եան կամ Արցախի ի նպաստ կազմակերպուած գործունէութեանց, օգնութեանց ու ցոյցերուն:

Պէտք է ողջունել ու ըստ արժանւոյն գնահատել ձուլման ճանապարհին կամ առնուազն անտարբեր թուացող հայերու վերջին տասնամեակներուն շօշափելի վերածնունդն ու ազգային պատկանելիութեան զգացումի անբարդոյթ դրսեւորումը` ազդուած յատուկ ժամանակաշրջաններու դէպքերէն, ինչպէս` 88-ի երկրաշարժը, 90-ականներու արցախեան ազատամարտը, 2016-ի քառօրեայ պատերազմը, 2018-ի իշխանափոխութեան բերած նոր Հայաստանի յոյսերը եւ, վերջապէս, արցախեան վերջին պատերազմը` իր զոհերով, հողային կորուստներով ու ընկճուածութեամբ միասին:

Պէտք է սփիւռքի հասկացողութեան մէջ ներգրաւել նաեւ, յատկապէս` դասական սփիւռքի մտքին մէջ, խորհրդային նախկին տարածաշրջանի, արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպաներու, նաեւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներու, նոյնիսկ ափրիկեան որոշ երկիրներու համայնքները, ըլլան անոնք մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ, նորաստեղծ թէ հին:

Ու կարելի է միանգամայն յայտարարել, որ մենք ունինք հարուստ ներուժով, լայն, բայց ըստ արժանւոյն չարժեւորուած հնարաւորութիւններով աշխարհածաւալ սփիւռք մը:

Սփիւռքը նաեւ կազմակերպուած կեանք է` կառոյցներ, դպրոցներ, մշակոյթի կեդրոններ, եկեղեցի, կուսակցութիւններ ու բարեսիրական, երիտասարդական, արհեստագիտական խմբաւորումներ: Սփիւռքը, չմոռնանք, պատմութիւն է, դէմքեր եւ դէպքեր: Սփիւռքը յատկապէս Հայաստանի համար բաբախող սիրտ է: Սփիւռքը, ի վերջոյ, ապագայ է, նոյնիսկ երբ շատերը զայն պատկերացուցած են որպէս մաշուող ու ձուլուող ժամանակաւոր իրականութիւն:

Այս հպանցիկ եւ ընթերցողներէն շատերուն ծանօթ ներկայացումը օգտակար սեպեցի նախքան սփիւռքի հետ կապուած մեր պատկերացումներուն եւ անկէ մեկնած` ակնկալութիւններուն ու անոնց բնոյթին ու որոշ նպատակներուն մասին մտածելն ու զանոնք իրագործելու ճանապարհի մասնակի նմուշներ ներկայացնելը:

Հնարաւորութիւններ

Հիմնականին մէջ արհաւիրքի ու մեծագոյն կորուստներու հետեւանք սփիւռքը վերածուած է քանակական ու որակական առաւելութեան մը, նախ` ազգի մէկ հատուածը պահպանելու ու անոր կենսաբանական ու յատկապէս մտաւոր ու մշակութային զարգացումը ապահովելու առումով, որուն պէտք է գումարել խորհրդային Հայաստանի մէջ սնած ու Հայաստանի Հանրապետութենէն եկած հայրենի ժողովուրդի բերած լեզուի (անկախ տարբերութենէն), մշակոյթի, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններու ու սովորութիւններու ժառանգութիւնն ու ստեղծագործութիւնները: Միասին անոնք կը կազմեն մեր յառաջիկայ տասնամեակներու սփիւռքեան ու համահայկական ուժի եւ ինքնադրսեւորման ողնասիւնը: Այդ առաւելութիւնը, որ յատուկ չէ թէեւ միայն հայ ժողովուրդին, այն պատուանդանն է, որուն վրայ պէտք է կառուցել «հզօր Հայաստան, հզօր հայութիւն» իրականութիւնը` ոչ միայն հայաստանակեդրոն դրուածքով, այլ նաեւ` սփիւռքը ամրացնելու, վերակազմակերպելու, առողջ եւ որակեալ մարմինի մը վերածելու համար:

Եթէ փորձենք արագ հայեացքով մը գնահատել մեր սփիւռքի հնարաւորութիւնները, կը տեսնենք, թէ ունինք արհեստներէն մինչեւ գիտական, ռազմականէն մինչեւ մարզական, կրթականէն (ու ոչ միայն հայ կրթութիւն) մինչեւ մշակութային (ու ոչ միայն հայ մշակոյթ), գործարարականէն մինչեւ արհեստագիտական ահռելի քանակութեամբ ու մեծ փորձառութեամբ մարդիկ` տարբեր տարիքի ու տարբեր աշխարհագրական վայրերէ, որոնք, սակայն, առաջին հերթին զիրար ճանչնալու ու միասին համագործակցելու հորիզոնական հարթակներ կամ միջավայր չեն ունեցած: Միւս կողմէ, սոյն մարդիկ ունին իրենց զբաղուածութեան եւ մասնակցութեան չափը, ունին իրենց տեղական մտայնութիւնները, ունին իրենց մտավախութիւններն ու երբեմն նախապէս ունեցած ձախողած փորձը: Ուստի, անհրաժեշտ է անհատներու նկատմամբ, ըստ տեղի, մասնագիտութեան, նոյնիսկ` տեսակի, յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերել, քանի նպատակը սիրով, համոզումով այդ մարդիկը ներգրաւելն է հաւաքական պատկանելիութեան ու ընդհանուր գործին մէջ: Նոյնիսկ եթէ այդ ներգրաւումը պէտք է, տեղ մը, շահաւէտ ըլլայ անոնց համար, ըլլայ այդ զգացական մակարդակի` օգտակար դառնալու զգացում, հպարտութեան, զօրակցութեան ապրում (solidarité), կամ` գործնական ու նիւթական մակարդակի վրայ, ինչպէս` նոր կապեր հաստատել, նոր դռներ բանալ ու սեփական գործը յառաջ մղել:

Ակնկալութիւններ

Ի՞նչ խնդիրներ պէտք է լուծէ սփիւռքը թէ՛ իրեն համար, թէ՛ Հայաստանի համար, եւ որո՞նք են անոր սահմանափակումներն ու դժուարութիւնները: Նշեմ կարգ մը մարտահրաւէրներ` ընդունելով, որ իւրաքանչիւրս կրնայ ունենալ տարբեր առաջնահերթութիւններ: Բայց նախապէս նշենք, որ հզօր ու յարատեւ պետութեան գոյութիւնը կ՛անցնի, ի վերջոյ, հայրենադարձութեան միջով. սա հարցերու հարցն է: Մինչ այդ ու միաժամանակ մենք ունինք, օրինակ, Հայաստանի եւ հայու հեղինակութեան բարձրացման օրակարգ, հայապահպանման տարածման եւ ամրացման, աւելին` հայ ինքնութեան նորովի զարգացման օրակարգ, դպրոցական համակարգի զարգացման օրակարգ` թէ՛ ցանցի եւ թէ՛ ծրագրերու առումով, սփիւռքի անհատական եւ հաւաքական կարողութիւններու պեղման, հաւաքագրման եւ ի գործ դնելու օրակարգ, ծնելիութեան քաջալերում, այո՛, նոյնիսկ սփիւռքի մէջ, միջսփիւռքեան համագործակցութիւններու ստեղծում, մասնակցութիւն` Հայաստանի պետական թէ՛ կեդրոնական եւ թէ՛ տարածքային ծրագրերուն` գիւղական միջավայրի զարգացումէն մինչեւ մշակութային ստեղծագործութեան միջազգային հանրութեան ներկայացում, տնտեսական-ներդրումային ծրագրերէն մինչեւ արտահանման խթանում ու նոր շուկաներու բացում, արտաքին քաղաքականութեան աջակցումէն մինչեւ առողջապահական համակարգի հզօրացում ու մարդասիրական ծրագրեր, գիտութեան ու կրթութեան որակական ոստումէն մինչեւ այդ ոլորտներու համար համապատասխան միջազգային համագործակցութիւններու ստեղծում:

Այլ առիթներով կարելի է մանրամասն քննարկման յանձնել իւրաքանչիւր առաջարկ, ինչպէս, օրինակ, կրթական ոլորտէն ներս դասագիրքերու կամ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստման խնդիրը, արտաքին քաղաքականութեան մէջ` քարոզչական բանակի ստեղծման ու լոպիինկի արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրը կամ տնտեսութեան մէջ` զբօսաշրջային ենթակառոյցներու զարգացման, փաթեթներու ձեւաւորման ու զբօսաշրջիկներու թիւի աճի խնդիրը, եւ այսպէս շարունակ:

Այլ խօսքով, մարտահրաւէրները բազմաթիւ են ու բազմաբնոյթ: Գործ կայ, սիրելիներ:

Սփիւռքի մեծագոյն խնդիրներէն մէկը իր քարացած, կաղապարուած եւ ինքնամաշումի տանող նախորդ դարաշրջանի մեքանիզմներով աշխատիլն է… 21-րդ դարուն:

Սփիւռքը կը ղեկավարուի իր տարբեր կառոյցներուն մէջ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ հնամաշ մեթոտներով, որ կը բախի այդ կառոյցներուն ու անոնց գործելաոճին հետ արհեստավարժ ու աշխարհին բաց, որակեալ մարդկոց ու յատկապէս երիտասարդութեան անհամապատասխանելիութեան լուրջ խնդրին: Վերջիններս երբեմն կը գտնուին նոյն այդ կառոյցներէն ներս ու ճարահատեալ` իրենց նպաստը կը փորձեն բերել հնամաշ մեթոտներուն ենթարկուելով, յարմարուելով` պարտականութեան զգացումէն թելադրուած: Աւանդական կառոյցները աւանդական մնացած են բառին լիիրաւ իմաստով: Եւ նոյն այդ կառոյցներն ու իրենց անկասկածելիօրէն նուիրեալ, բայց ներկայ մարտահրաւէրներուն չհամապատասխանող ղեկավարողներն ու գործունեայ անդամներն են, որոնք յաճախ հրաւիրուած են առաջարկելու նոր մօտեցումներ վաղուան սփիւռքին մասին: Լաւագոյն պարագային, անոնք սահմանափակ գեղագիտական բարեկարգումներ կը կատարեն, երբեմն այդ ղեկավարներէն երկու քայլ անդին գացած, աշխարհի մէջ երկու բան աւելի տեսած այլ ղեկավարողի մը առաջարկ-ծրագիրը որպէս գլուխ գործոց սեպած` զայն յառաջ կը մղեն ժամանակի մը համար մրճահարելով, որ ահա ա՛յս է ելքը, մինչեւ որ այդ օրակարգը ինք եւս կորսնցնէ օրուան հրապոյրը ու անցնին նոր օրակարգերու:

Իսկ ի՞նչ կարող է տալ ամուր սփիւռքը մեզի եւ ինչպէ՞ս վերակազմակերպել զայն (հասկնալ` reengineering):

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x