Նոր կառոյցներու հրամայականը դասական սփիւռքին մէջ

Յարափոփոխ հայկական սփիւռքի առանցքային մարտահրաւէրներէն մէկն է տարբեր սերունդներու, մասնաւորաբար՝ նորահաս ու տարեց սերունդներու կապը, յարաբերութիւնը, եւ երիտասարդ սերունդին համար կենսունակ տարածքներու՝ միջավայրի, կառոյցներու ստեղծումը: Գաղտնիք չէ, որ հայկական սփիւռքի համայնքային հաստատութիւնները հիմնականօրէն կը կառավարեն հայկական աւանդական կազմակերպութիւնները, որոնք, թէեւ երկար տարիներ դրական ու կարեւոր ներդրում ունեցած են, սակայն այսօր կը նկատուին բաւական հինցած, պահպանողական, փոփոխութիւն մերժող ու փակ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ երիտասարդ սերունդի ներգրաւուածութեան նահանջին. անոնք հեռու կը մնան այսպէս կոչուած «ազգային կառոյցներէն»:

Այսօր մեծ բաց մը գոյութիւն ունի երիտասարդ սերունդին եւ «ղեկավար շրջանակներուն» միջեւ՝ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ սփիւռքը «անգլուխ» է եւ կորսնցուցած է ինքզինք ղեկավարելու միջոցները ու կը փնտռէ նորը:

Յամեցող եւ հրատապ հարցը, որ այսօր կը ճնշէ մեր հաւաքական կեանքին եւ անոր կենսունակութեան վրայ հետեւեալն է. ինչպէ՞ս կրնայ սփիւռքը ինքը յարմարիլ եւ ստեղծել այնպիտի միջավայր ու կառոյց, որոնք ոչ միայն կը կը ներգրաւեն երիտասարդները, այլեւ զանոնք կը մղեն աշխատանքի եւ ստեղծագործ ղեկավարութեան:

Սփիւռքի մէջ սերունդներու միջեւ բացուած խրամատը վերցնելու համար, այլ առաջադրանքներու կողքին, ղեկավարական համապարփակ կամ ներառական (ներս առնելու, ընդունելու իմաստով) դրութեան մը ստեղծումը դարձած է հրամայական: Մեր հասկացողութեամբ համապարփակ կամ ներառական ղեկավարութեան դրութիւնը այն վիճակն է, ուր կ’ընդունուին եւ կը ծափահարուին բազմազանութիւնն ու բազմակարծութիւնը՝ երաշխաւորելով, որ, այս պարագային երիտասարդ սերունդին ինքնիշխան մտածողութիւնը, ներուժն ու հեռանկարային ներդրումները կը ճանչցուին եւ կը գնահատուին: Այս մէկը կը պայմանաւորէ ստեղծումը այնպիսի միջավայրի մը, ուր բոլորը անխտիր կը զգան լսուած ու գնահատուած, միջավայր մը՝ ուր կը տիրէ համագործակցային, անկեղծ եւ արդարաշունչ մթնոլորտ մը, որ կը խթանէ իր անդամներուն հաւաքական ներուժը եւ կը սատարէ ընդհանուրին յաջողութեան:

Հոս անխուսափելի կը դառնայ հետեւեալ հարցումը. նման միջավայրի ու մթնոլորտի ստեղծման համար պէտք է յառաջացնել նո՞ր կառոյցներ՝ երիտասարդ ու նաեւ անկախ անհատներու նախաձեռնութեամբ, կա՞մ համագործակցութեամը բոլորին՝ առիթ տալ առկայ կառոյցներուն վերանորոգելու իրենք զիրենք եւ սերնդափոխութեան հետ ստեղծելու փոխանցման հանգրուան մը: Մենք կողմնակից ենք համագործակցութեան՝ միաժամանակ դուռը բաց ձգելով անհատական նախաձեռնութիւններուն:

Համագործակցութեան եւ վերանորոգման հեռանկարով, կ’առաջարկենք որդեգրումը գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ փորձառութիւն փոխանցող ռազմավարութեան մը, որուն հիմնական տարրերն են ղեկավարներու պատրաստութեան նախաձեռնութիւնները, դերերու փոխանակումները եւ որոշումներու կայացման գործընթացները՝ ապահովելով, որ ղեկավարութիւնը դառնայ հայ հաւաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր տաղանդներու եւ հեռանկարներու արտացոլման միջավայրը:

Սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդին արդիականացած եւ բազմաբնոյթ նկարագրին հետ քայլ պահելու համար անհրաժեշտ է հեռանալ աւանդական, անճկուն կազմակերպական կառոյցներէ: Ճկունութեան որդեգրումը առիթ կը ստեղծէ աւելի յարմարող եւ ներառական միջավայրի մը յառաջացումին, ուր հաւաքականութեան բոլոր անդամները, անկախ տարիքէն եւ փորձառութեան չափէն, կրնան իրենց գործուն ներդրումը ունենալ հաւաքական կեանքին մէջ: Որոշումներու կայացման ճկուն եղանակը, իրարու հետ խօսելու դիւրին եւ թափանցիկ ձեւերը, հանրային նախաձեռնութիւններու ազատ ու հրապարակային քննարկումները, անկեղծ համագործակցութեան մթնոլորտը, դերերու եւ պարտականութիւններու բաշխումի ճկունութիւնը, այս բլորորը կը նպաստեն երիտասարդները ներգրաւող աւելի առողջ միջավայրի մը ստեղծումին:

Հայկական սփիւռքի երիտասարդ սերունդին բազմատեսակ հետաքրքրութիւնները նկատի ունենալով, հրամայական կը դառնայ վերաձեւաւորումը համայնքային աշխատելաձեւին` կազմակերպելով ձեռնարկներ, որոնք յատուկ ծրագրուած են գոհացում տալու երիտասարդներու (բնականօրէն խօսքը չի վերաբերիր արդէն իսկ կուսակցականացուած, հաստատուած ու նախապաշարուած տարրերուն) նախասիրութիւններուն, օրինակ՝ մշակութային փառատօներ, արհեստագիտական սեմինարներ, արուեստի հաւաքական ցուցահանդէսներ, մարզական մրցաշարքեր, երաժշտահանդէսներ, լեռնագնացութիւն եւ նմանօրինակ արկածախնդրութիւններ ու կրթական, մանկավարժական նախաձեռնութիւններ: Այսպիսի բազմազանութիւն մը ստեղծելով, սփիւռքահայ գաղութներու մէջ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել ներառական (all-inclusive) միջավայր մը, որ ժամանակակից հետաքրքրութիւններու առնթեր կը դառնայ միջոց մը մշակութային ինքնութեան եւ ազգային հեռանկարներու խթանումին:

Սփիւռքը կենսունակ եւ հայօրէն ապագայատես պահելու համար, կարեւոր է համայնքային նորարարական մշակոյթի ստեղծումը: Այս մէկը կ’ենթադրէ ըլլալ ներգործոն եւ երեւան հանել ու տարածել երիտասարդ սերունդի ճարտարութիւններն ու նախաձեռնութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ business-ը, արհեստագիտութիւնը եւ արուեստը: Նորարարական կեդրոններու ստեղծումը, ծրագիրերու օժանդակութեան տրամադրումը (պէտք է գնահատել արդէն իսկ կատարողները), յաջողութեան պատմութիւններու հրապարակումն ու տարածումը, յաջողած ձեռնարկութիւններու հետ համագործակցութեան հեշտացումը, նորարարական մրցումներու եւ մրցանակներու կազմակերպումը, կրթական նորարարական նախաձեռնութիւններու իրականացումը եւ համասփիւռքեան ցանցային միջոցառումներու կազմակերպումը յիշեալ ռազմավարութեան կարեւոր տարրերը կրնան հանդիսանալ: Կարելի է դեռ շարքը երկարել, բայց հիմնականը կը մնայ լսել երիտասարդները ու առիթներ ստեղծել անոնց համար:

Կը պատմուի, որ Վերջերս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած հայ երիտասարդներու մէկ հաւաքին (ողջունելի նախաձեռնութիւն մը), որուն մասնակցած են տարբեր դպրոցներէ եւ շրջանակներէ, ներկաներուն արծարծած մտահոգութիւններէն մէկը եղած է կեդրոնի մը բացակայութիւնը համայնքին մէջ, ուր երիտասարդներ կրնան հանդիպիլ զիրենք հետաքրքրող օրակարգով մը՝ առանց արտաքին միջամտութիւններու: Կը հաւատանք, որ նման կեդրոնի մը ստեղծումը կրնայ կորիզը հանդիսանալ համայնքային վերանորոգ կառոյցներու զարգացման: Երիտասարդական նորաստեղծ կառոյցներու ստեղծումը, թէ՛ ֆիզիքական վայրի, թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ ցանցային առումով, դարձած է հրամայական:

Սակայն՝ պարտադիր հարցում մը. ո՞վ պիտի իրականցէ համայնքային կառոյցներու փոխակերպման, վերանորոգման ռազմավարութիւնները: Կը հաւատանք, որ հայկական առկայ կազմակերպութիւններուն եւ երիտասարդական նորաստեղծ կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը կրնայ փոփոխութիւններու հզօր մղիչ ուժ մը (քաթալիսթ) հանդիսանալ: Մէկ կողմէ աւանդական կազմակերպութիւններու փորձառու ղեկավարութեան եւ միւս կողմէ նպատակասլաց ու նորարար երիտասարդներու առաջ քշած ապագայատեսիլ հեռանկարներուն միջեւ ընդհանուր տեսլականի եւ փոխըմբռնումի խթանումով կարելի է ներդաշնակ համագործակցութիւն ձեռք բերել՝ աշուշտ միշտ ի մտի ունենալով եւ հաւատալով, որ հատուածական շահերը մէկ կողմ դրուած են ի տես սփիւռքեան համայնքներու կազմալուծման վտանգներուն: Տակաւին, առանցքային դեր կրնան խաղալ այն անհատները, որոնք անկեղծութեամբ կը մօտենան համայնքներու վերանորոգման անհրաժեշտութեան եւ յանձնառու դիրքորոշում ունին սերունդներու մարտահրաւէրները քննարկելու հարցին մէջ:

Փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը գործնական ճիգ կը պահանջէ երկու կողմերէն՝ միասնական ճակատով աշխատելու կենսունակ, ներառական եւ սփիւռքեան ապագայատեսիլ համայնքներ ստեղծելու համար: Հաւաքական ճիգերու հաւատացող այս նախաձեռնողները կրնան երաշխաւորել, որ հայկական սփիւռքը ոչ միայն կը յաղթահարէ ժամանակի փորձութիւնը, այլեւ կը բարգաւաճի միջավայրի մը մէջ, որ կ’առաջնորդուի հարցերու առողջ քննարկումով, ուսումնասիրուած ու գիտակցուած որոշումներու կայացումով եւ կենսունակ ապագայի նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութեամբ:

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x