Խումբ, խմբային եւ միջխմբային հորիզոններ՝ պատմական պարապ մը հայ ժողովուրդին մէջ

Խմբային ձեւաչափերն ու կայացած խումբերը կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն որեւէ հասարակութեան համար: Կայացած խումբը, որ կը ձեւաւորուի որոշակի գաղափարներու հիման վրայ, կը գործէ քիչ թէ շատ յստակ պատճառներով եւ կը տանի հասկնալի տրամաբանութեամբ արտայայտուող չափելի եւ գնահատելի գործունէութիւն մը՝ անգնահատելի մեծ դեր ունի հասարակութեան կայացման եւ ամրացման համար: Կարեւոր է նաեւ այն, որ խումբը՝ ձեւաւորելով իր նպատակն ու գաղափարը, կը նպաստէ հասարակութեան ընդհանուր զարգացման, կը դառնայ ամրացնող երեւոյթ, այլ ոչ թէ ապակայունացնող ազդակ:

Կայուն եւ ոչ կայուն հասարակութիւններու առաջին տարբերութիւնը կ՛երեւի յատկապէս խմբային ձեւաչափերու պարագային: Կայուն հասարակութեան մէջ, խումբը (կուսակցութիւն, հասարակական կազմակերպութիւն, հիմնադրամ եւ այլն) կը գործէ հասարակութեան արժեհամակարգին տրամաբանութեամբ, չ’ընդդիմանար ընդհանուրին  եւ կը ստանձնէ տուեալ հասարակութեան նպատակներն ու խնդիրները լուծելու պարտականութիւնը՝ ունենալով զանոնք հետապնդելու քիչ թէ շատ յստակ ծրագիր մը:

Կայուն հասարակութեան մէջ, տուեալ խումբ մը ընդհանուր առմամբ համերաշխ է այլ խումբի մը կամ խումբերու հետ եւ անոնց աշխատանքները չեն հակասեր զիրար. անոնց միջեւ կրնայ մրցակցութիւն գոյութիւն ունենալ, բայց ոչ թշնամանք: Եւ այդ համերաշխ խումբերը, զորս կը ներկայացնեն փոքր հասարակութիւններ, կրնան մեծ հարցերը դասակարգել, բաժնել ու առանձնացնել:

Ոչ կայուն հասարակութեան մէջ, խումբերը ամբողջականօրէն ձեւաւորուած չեն, չունին յստակ գաղափար ու նպատակ, թշնամանքով լեցուած են իրարու հանդէպ, կը մերժեն զիրար ոչ միայն գործով, այլեւ գաղափարներով, իսկ ամենէն կարեւորը՝ անկայուն հասարակութեան խումբի խօսքն ու գործը կ’ըլլան տարբեր: Նման խումբերու գոյութիւնը պատճառ կը դառնայ հասարակութեան պառակտումին եւ թշնամանք կը սերմանէ շրջապատին մէջ: Այդ բոլորին առաւելագոյն հետեւանքը քաղաքացիական պատերազմն է, իսկ միջին մակարդակը՝ պետութեան լճացած ու այլասերող ընթացքը:

Խօսելով Հայաստանի հասարակութեան մասին՝ առանց որեւէ չափազանցութեան կրնանք արձանագրել, որ կը խօսինք միանգամայն թոյլ եւ անկազմակերպ հասարակութեան մը մասին: Հայաստանի մէջ գրեթէ բոլոր խումբերը կը մերժեն զիրար եւ թշնամանք ունին իրարու հանդէպ: Ըլլայ հասարակական կազմակերպութիւն, թէ քաղաքական կուսակցութիւն, Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի խումբերու համակեցութիւն եւ խմբային համընդհանուր տրամաբանութիւն յանուն ընդհանուր մէկ շահի, որովհետեւ գիտակցուած ու սահմանուած չեն ո՛չ տուեալ խումբին, ո՛չ ալ հասարակութեան համընդհանուր շահերը:

Այդ բոլորին պատճառները միայն վերջին երեսուն տարուան մէջ չեն յառաջացած: Կարելի է ըսել, որ վերջին երեսուն տարին ոչ թէ պատճառ, այլ հետեւանք է դարեր տեւած իրավիճակի մը, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը հնարաւորութիւն չունեցաւ սահմանելու եւ կայացնելու փոքր խումբերու աշխատանքային ձեւաչափն ու տրամաբանութիւնը:

Ի հակադրութիւն հայ հասարակութեան, եւրոպական հասարակութիւնները աւելի կայուն են, անոնց մօտ խումբերը ձեւաւորուած են, կը համապատասխանեն վերը նշուած չափանիշներուն եւ մեծ հաշուով չեն հակասեր իրարու: Անոնք կրնան մրցակցիլ, բայց հիմնականին մէջ՝ տարբերակներու շուրջ, իսկ Հայաստանի մէջ թշնամանք կը տիրէ գաղափարներու առումով:

Պատճառները հասկնալու համար լուսարձակի տակ առնենք աննշան թուացող, բայց մեծ նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը:

Վերցնենք 1000 թուականի Եւրոպան: Ին՞չ կը կատարուէր: Կ՛ընթանար պետութիւններու եւ ազգերու ձեւաւորումը եւ բացի ատկէ տեղի կ՛ունենար չափազանց կարեւոր բան մը՝ կը կամզաւորուէր խումբը:

Խաչակիրներու արշաւանքները ուշագրաւ էին ոչ միայն իրենց կրօնական, ռազմական արդիւնքներով ու ընթացքով, այլ խմբային գործողութիւններու տրամաբանութեամբ: Խաչակիրներու արշաւանք ըսելով յաճախ անմիջապէս աչքի առաջ կու գայ ոչ թէ Կատֆրի Պուլոնացին կամ Ռիչըրտ Առիւծասիրտը, կամ Աքրայի պաշարումը, Երուսաղէմի գրաւումը, այլ՝ ռազմավանական միաբանութիւնները (տաճարականներ, հիւանդախնամներ, տեւտոնականներ, լազարեաններ եւ այլ): Այդ միաբանութիւները առաջին համաեւրոպական խումբերն էին, որոնք իրենց գործունէութեան հիմքը ընդունած էին համամարդկային արժէքները: Ռազմավանական այս միաբանութիւնները կը յայտարարէին, որ իրենց առաքելութիւնը ուխտաւորները պաշտպանելն է, հիւանդներուն օգնելը, վիրաւորները բուժելը, թոյլերը պաշտպանելը: Ի դէպ, այդ բոլորը կ՛ըլլար անվճար՝ յանուն գաղափարի: Բանականաբար ամէն ինչ չէ, որ կ՛ընթանար մաքուր գաղափարական ձեւով, բայց անժխտելի է, որ ռազմավանական միաբանութիւնները դարձան այն հիմքը, որուն վրայ եւրոպական ժողովուրդները սկսան կառուցել ու իրականացնել խմբային մօտեցման, խմբային աշխատանքի սկզբունքը: Ռազմավանական միաբանութիւնները ըստ էութեան Եւրոպայի մէջ դարձան հասարակական կազմակերպութիւններու ու կամաւորական աշխատանքի նախատիպերը: Եւրոպական հասարակութիւնը սկսաւ զարգացնել ու կայացնել խումբեր, որոնք պատրաստ են օգնելու կարիքաւորներուն եւ պաշտպանելու զանոնք: Կը ձեւաւորուէին նաեւ կազմակերպուելու եւ գործելու ձեւաչափերը՝ կանոնները:

Ռազմավանական խումբերուն յաջորդեցին միջնադարեան կիլտերը (medieval guilds), որոնք կ՛ընդգրկէին նոյն մասնագիտութեան տէր մարդիկ. կը պաշտպանէին իրենց իրաւունքները եւ կ’օժանդակէին իրարու, իսկ կիլտերէն յետոյ սկսան յառաջանալ արդէն տնտեսական եւ պետական մեծ հարցեր արծարծող խումբերը՝ քաղաքական կուսակցութիւնները:

Այդ խումբերը, որոնց ձեւաւորումը, զարգացումը, գործունէութիւնը տեւեց դարեր, եւրոպական հասարակութեան մէջ մտցուցին հարցեր արծարծելու եւ զանոնք լուծելու ձեւաչափեր ու սկզբունքներ: Եւրոպական հասարակութիւնը հասկցաւ, ընդունեց խմբային համագործակցութիւնը ոչ միայն անհատներու, այլեւ խումբերու միջեւ: Խումբերն ալ կայացան ու ամրացան ժամանակի ընթացքին: Եւրոպական ժողովուրդները, ի տարբերութիւն հայերուն, բաւականաչափ տարածութիւն ու ժամանակ ունեցան կայանալու եւ ամրանալու համար: Տակաւին, Եւրոպայի մէջ յառաջացող խումբերը ոչ թէ ոչնչացուցին զիրար, այլ շարունակեցին միջխմբային աշխատանքի մօտեցումը:

Հայաստանի մէջ երբեք նման բան տեղի չունեցաւ: Թէեւ այդ պատճառները մեծ մասամբ առարկայական են, բայց անժխտելի է այն, որ դարերով օտարի (անընդհատ փոխուող) անկայուն եւ պարտադրուած կանոններով ապրիլը հայերուն մէջ մտցուց սկզբունքային անկայունութիւն: Տարածութիւն ու ժամանակ չեղաւ որեւէ տեսակի խմբային գործունէութիւն սկզբունքօրէն զարգացնելու համար: Յառաջացած կիլտերը չափէն աւելի փոքր էին ու տեղայնացուած, իսկ յետոյ յառաջացած կուսակցութիւնները չունէին այն դարաւոր հիմքը, որ ունէր Եւրոպան, որ հնարաւորութիւն տուաւ զարգացնելու իր կայունացման գլխաւոր մեխը՝ խումբը եւ խմբային մօտեցումը:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x