Հանդուրժողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հրամայականը

Պետրոս Մանուկեան

Մենք չենք ապրիր իտէալական աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ կը հետեւին բարոյական ու պատմական ուղեցոյցներու, ըլլա՛յ առօրեայ, ըլլա՛յ քաղաքական կեանքի մէջ, ընդհա՛կառակն: Նման սպասում, մասնաւորաբար մեր քաղաքական առաջնորդներէն, մանկամիտ երազատեսութիւն է:
Մենք իտէալ կամ կատարեալ չենք, թէեւ օտար երկրիրներու, մասնաւորաբար արեւմուտքի մէջ, որոշ հայեր կրնան դրսեւորել իրազեկութեան եւ կրթուածութեան աւելի բարձր մակարդակ մը: Զիս կրնաք անուանել ռոմանթիք կամ իտէալիսթ, բայց ես, շատ հաւանաբար, իմ կարգիս կը վարուէի այնպէս, ինչպէս ինծի հետ կը վարուին աւելի բարձր պաշտօններ զբաղեցնող հայերը:
Յաճախ կոչ կ’ուղղեմ կազմակերպելու լուրջ, թափանցիկ հանրային համագումարներ, ուր հայերը կը հաւաքուին ու կը համաձայնին որոշ ուղեցոյցերու շուրջ, որոնց պէտք է հետեւին մեր մշակութային, մարզական ու քաղաքական առաջնորդները. բարոյական պարտաւորութիւն մը բոլորին: Ես փորձած եմ լոյս սփռել այս հարցին վրայ ինծի հասանելի լրատուական միջոցներով, սակայն ոչինչ, ոչ մէկ արձագանգ, բացարձակ անտեսում: Կամ ես շատ թափանցիկ ու յստակ չեմ, կամ ալ ազգին ականջը խլած է:
Այս պարագային ինծի կը մնայ փորձ մը կատարել ու տարբերիլ եւ ներկայացնել օրինակ մը, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեմ իրողութիւնը:
Այս յօդուածով պիտի փորձեմ ներկայացնել օրինակ մը: Վերջերս Zoom-ով տրուած քաղաքական հարցազրոյցի մը ընթացքին, ես նախապէս գիտէի, որ իմ հիւրիս դիրքորոշումը արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ կը տարբերի իմ դիրքորոշումէս: Հարցազրոյցին առաջին կէսը ընթացաւ բնական ու հաճելի՝ տեսակէտներու համապատասխանութեամբ: Երբ կարեւոր հարցում մը ուղղեցի արտաքին քաղաքականութեան մասին, գիտէի, թէ զրուցակիցս պիտի պաշտպանէր պատկերացումներուս ճիշդ հակառակը: Բնականօրէն՝ չմիջամտեցի: Կը հաւատայի, որ հարցազրոյցին որակը կ’արժեւորուի ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ փոխադարձ յարգանքի ու հանդուրժողականութեան պահպանումով՝ մասնաւորաբա՛ր գաղափարներս հակասող մտածումներու նկատմամբ:
Համոզուած եմ, որ հարցազրոյցին հետեւողը ոչ մէկ լարուածութիւն կամ դժգոհութիւն նշմարեց իմ եւ հիւրիս միջեւ: Այս հարցազրոյցը օրինակ կ’առնեմ, որովհետեւ ո՛չ արտայայտութիւններով, ո՛չ ալ մարմնային շարժումներով բացայայտ դարձաւ տարակարծութեան առկայութիւնը: Հետեւաբար, մենք պէտք է սորվինք չշահագործել մեր համոզումները եւ չգրգռել մեր անձնական եսը ու հանդուրժել մեր գաղափարները հակասող տեսակէտները: Պէտք չէ ակնկալել, որ մեր գաղափարները տիրական ըլլան ազգային եւ քաղաքական կեանքին մէջ:
Կը կրկնեմ այն միտք, զոր նախապէս ալ շեշտած եմ. երկխօսութիւնն ու բանավէճը պէտք չէ յիշեցնեն կռփամարտի բեմը, ուր երկու հայեր միտքեր կը փոխանակեն բռունցքի հարուածներու նման: Փոխարէնը պէտք է կեդրոնանալ ազգին համար լաւագոյն լուծումներ որոնող տեսակէտներու քննարկման վրայ, նոյնիսկ հակոտնեայ, ուր յաղթականներ եւ պարտեալներ չկան. կայ միայն մէկ յաղթական՝ բոլորիս ծնողքը՝ ազգը եւ պետականութիւնը:
Միայն երբ դառնանք աւելի հասուն եւ հաստատենք յստակ, գրաւոր, հռչակուած ու լաւ մտածուած քաղաքական ու բարոյական ուղեգիծեր, այն մենք կը սկսենք փոխելու մեր ճակատագիրը եւ ձգտելու մեր ազգային նպատակներուն իրականացման: Չի բաւեր մեր սերունդներուն սորվեցնել, որ «Կիլիկիան մերն է» ու սեղաններու շուրջ յեղափոխական երգեր երգելով ազգային ապագայ կերտել. մենք պէտք է աւելի կեդրոնանանք քաղաքական հեռանկարային ուղեցոյցներու մշակման եւ անոնց կրթութեան վրայ:

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x