ԳՈՐԳ ՄԸ ՏԱՆՍ ՄԷՋ

Հեղինակ՝ Լեռնա Գարագիւթիւք (Պոլիս)

Վանի մէջ կը շրջինք: Ուղեցոյցը լաւ առաջնորդ մըն է. խումբը կ’ուղղուի դէպի գորգավաճառ մը: Կը տատամսիմ, որովհետեւ, նախապէս՝ ուրիշ պտոյտի մը առիթով գտնուած եմ գորգավաճառի մը խանութը: Վաճառականը փոշիի մէջ թաթխած է այցելուները ամառ օրով: Ուստի քիչ մը մտածելով կը մտնեմ պարտէզին դռնէն, սակայն անմիջապէս կը հասկնամ, որ այս անգամ ո՛չ թէ սենեակի մը մէջ, այլ մարգագետնին վրայ պիտի փռուին ու վաճառուին գորգեր:

Խոտերուն վրայ՝ երկու կարգով աթոռներ շարուած են: Խանութպանը անմիջապէս կը հրամայէ աշկերտին, որ թէյ բերէ: Արեւուն տակ՝ որպէս ծածկոյթ՝ վրանի մը ներքեւ կը նստինք ու թէյերը կու գան: Երբ յաճախորդի մը թէյը վերջանայ, անդիէն անմիջապէս մէկը կը հրամայէ աշկերտին. «Տղա՛ս, թէյ թափէ»: «Թափել»ու գործողութիւնը տարբեր նշանակութիւն ունի Անատօլուի այս կողմերը. կը հասկնամ որ այս բառը կը նշանակէ «լեցնել»: Գործաւորները մէկիկ-մէկիկ կը բանան ծալլուած գորգերը: Ինծի կը թուի, թէ գունաւոր ցուցահանդէսի մը ներկայ կը գտնուիմ ու կը դիտեմ գոյնզգոյն, գունաւոր բուրդերով, թելերով հիւսուած պաստառներ: Պահ մը մեծ հայրիկս կը պատկերանայ մտքիս մէջ, թէեւ զինք չեմ ճանչցած: Երեւակայութիւնը սահման չունի. մանկութեանս՝ լսածներս այն պահուն զիս կը փոխադրեն դէպի Կեսարիոյ Պիւնիան նահանգը, ուր մեծ ծնողներս զբաղեր են գորգագործութեամբ իրենց ընդարձակ ագարակին մէջ:

Աղջիկներ նստած են թէզկահներուն առջեւ: Անոնք նկարներուն նայելով գորգեր կը հիւսեն: Անդին ուրիշ կիներ բուրդերը կը ներկեն եւ այլ մասի մը մէջ ալ կիներ բուրդերը դերձանի կը վերածեն իլիկներու վրայ: Այսպէս կը պատմէր հայրիկս իր մանկութիւնը անցած ագարակին մասին եւ կ’ըսէր, որ մարդիկ այլ գիւղերէն ալ կու գային հոն, որպէսզի բուրդ կամ դերձան գնէին՝ գորգ կամ կարպետ հիւսելու համար: Ու կը պատմէր հայրիկս… կը պատմէ՜ր…: «Օդը շատ տաք է, գործաւորներ հատ-հատ հանգոյցը կը կապեն եւ զարդանախշուած գորգը կը հիւսուի: Լազուարթ մակերեսի վրայ կարմիր, դեղին, կանաչ բուրդերով հիւսուած գորգը կամաց-կամաց մէջտեղ կ’ելլէ»: Հետագային ան զարդարեց մեր տան հիւրասենեակը: Պաղ թան կը բերէր մեծ մայրիկս աշխատաւորներուն, որպէսզի քիչ մը զովանային ամառ օրով:

Կը սթափիմ: «Իրանի մետաքսեայ գորգ, Եդեսիոյ գորգ, Այնթապի գորգ»… մէկիկ-մէկիկ կը փռուին խոտերուն վրայ: Վաճառականը հատ մըն ալ կը բանայ ու կը յայտնէ, որ հայ վարպետ մը հիւսած է գորգը: Հա՞յ վարպետ…: Ականջներս կը սրեմ: Վանայ հողերուն վրայ հա՞յ մնացեր է: Գորգին առջեւը, յետոյ ետեւը կը ցուցադրուին. ընդելուզուած են հիւսքերը: Ինծի այնպէս կը թուի, որ գորգահիւսը չէ լքած իր հողը եւ նման՝ մաս մը տեղացիի, վրանի մը տակ ապրելով ապրուստը կը հայթայթէ: Հանգոյցը մխրճուած է հողին մէջ, թերեւս անուն փոխած…:

Գոյները եւ զարդերը շատ բնորոշ են: Կը ցոլացնեն հայկական ճաշակը. կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն. զարդարանքը, հիւսքերը, իւրաքանչիւր կուտ հայ վարպետին ճակտի քրտինքն են: Անմիջապէս որոշումս կու տամ եւ կը ձայնեմ վաճառականին. կը յայտնեմ, որ պիտի գնեմ գորգը: Ճիշդ այն միջոցին աչք աչքի կու գամ խումբին մէջէն թուրքի մը հետ: Կը մօտենայ եւ ականջիս կը փսփսայ. «Ես պիտի գնէի»: Պիշ-պիշ կը նայիմ աչքերուն, այնպիսի արտայայտութեամբ մը, որ հայ վարպետի մը գործը չեմ կրնար թուրքի մը յանձնել այն պահ: «Նայէ»,- կ’ըսեմ,- «հոն իրանական, մետաքսեայ գորգեր կան՝ լաւ որակի, հատ մը այնպայման ճաշակիդ կը յարմարի»:

Երբ ծրարել կու տամ հայկական նախշերով զարդարուած գորգը, պապենական առարկայ մը օտարին ձեռքէն ազատած ըլլալու երջանկութիւնը եւ գոհունակութիւնը կ’ապրիմ:

Հիմա ոտքերուս տակ փռուած գորգին կը նայիմ ու կը մտածեմ՝ արդեօք ճիւղաւորուած զարդարնքները զիս կը կապեն արմատներո՞ւս, թէ կորսուած անցեալին յուշե՞րը կ’ապրին ներկայիս մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Անի Ա.
Անի Ա.
1 year ago

Շնորհակալութի՛ւն այս գեղեցի՛կ գրութեան համար, որ հիւսուած է գորգի նման…

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x