Արուեստական Իմաստութիւնը (AI)՝ չարի՞ք, կա՞մ բարիք ու ապագայ

Քարէն Բարսեղեան

Վերջերս ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար երիտասարդները հետաքրքրող հիմնական նիւթ դարձած է Artifical Intelligence-ի (Արուեստական Իմաստութեան) հարցը, որ կեանքի բնական ընթացքը արմատական փոփոխութեան կ’ենթարկէ ու կրնայ սպառնալ մեծ թիւով աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատազրկման։

Բնականաբար որեւէ նոր գիւտի ընդառաջ կը տիրէ վերապահութիւն, նախազգուշութիւն եւ թերահաւատութիւն, սակայն հետզհետէ տեսնելով անոր անմիջական ներթափանցումը առօրեայ կեանքին մէջ, կ’ընտելանանք ու կ’ընդունինք՝ զայն նկատելով մեր կեանքի անբաժանելի մէկ մասը։ Այսօր Արուեստական իմաստութիւնը այդ կամուրջին սեմին է ու շատ հաւանաբար պիտի ըլլայ այս դարը նկարագրող վերնագիրը։ Այսպիսի այժմէական ու լուրջ հարց մը արժանի է վերլուծման եւ քննարկման։ Մօտէն սերտած ու հետեւած ըլլալով Հելսինքի Համալսարանին կողմէ արուեստական իմաստութեան ծանօթացման շուրջ կազմակերպուած դասընթացքի մը, կ’ուզեմ լուսարձակի տակ առնել զայն ու աւելի մօտէն ծանօթացնել այս «խորհրդաւոր հիւրը», ապագայի փրկարար թէ ջարդարար տարրը՝ անդրադառնալով անոր ծագումին եւ արդէն իսկ ծանօթ ձեւերուն եւ ընթացքին։ Արդեօք իսկապէս ան կը գերազանցէ՞ մարդկային իմաստութիւնն ու կարողութիւնը, թէ՝ պարզապէս չափազանցուած են մտահոգութիւնները ու կը խափանեն անոր առաւելութիւնները։

Արուեստական իմաստութիւնը առաջին անգամ նշուած է անգլիացի Ալէն Թիւրինկ (1912-1954) մաթեմաթիկոսին կողմէ, որ համակարգչային գիտութեան (computer science)-ի հայրը կը նկատուի։ Արուեստական իմաստութեան մէջ անոր ամենայայտնի ներդրումը եղած է «նմանողութեան խաղը» (imitation game) կամ (Turing test)-ը, ուր հարցաքննողը նոյն հարցումը կ’ուղղէ երկու անծանօթ խաղցողներու, որոնցմէ մէկը մարդ է, իսկ միւսը՝ համակարգիչ. երբ ան չկարողանայ զանազանել զանոնք, համակարգիչը յաղթական կու գայ այս քննութեան մէջ։

Մինչ արուեստական իմաստութիւնը ինչպէս իր կոչումը կը վկայէ «արուեստական» է, ոչ մէկ ձեւով չի փոխարիներ մարդ արարածին ապրումներն ու երեւակայութիւնը։ Իսկ թէ ինչպէ՞ս կ’աշխատի, կարելի է ամենապարզ ձեւով բացատրել այս խրթին մեքանիզմը, համակարգչային գիտութեան (computer science)-ի ստորաբաժանումը, որ կ’օգտագործէ տուեալներու գիտութիւնը (data science) եւ կրնայ խորապէս  ուսումնասիրել այս կուտակուած թուային տուեալները (digital data) եւ անոր հիման վրայ կատարելագործել ու հասնիլ վերջնական արդիւնքի։ Երկու յատկութիւններ կը բնորոշեն արուեստական իմաստութիւնը. Առաջին՝ ինքնավարութիւն (autonomy), այսինքն բարդ միջավայրի մէջ աշխատելու կարողութիւն, առանց օգտագործողի մշտական կառավարման ու հետեւողութեան. երկրորդ՝ յարմարութիւն (adaptivity), այսինքն տուեալներէ մեկնելով կատարելագործելու կարողութիւն։

Հարկ է գաղափար մը տալ տուեալի (data)-ի մասին, մեքենայական ուսուցման եւ արուեստական իմաստութեան ամենակարեւոր բաղադրիչը, որ կը վերաբերի այն տեղեկութեան որ վերածուած է ելեկտրոնային ձեւի ու կը դիւրացնէ գիտելիքի մշակումն ու փոխանցումը:  Իսկ այս մէկը կ’արտադրուի գոտաւորման (coding)-ի միջոցաւ, որ կը պահանջէ յատուկ ծրագիր մը (programming language), որ կարողութիւնը ունի մարդկային հրահանգները վերածելու մեքենաներու կողմէ հասկնալի յատուկ հրահանգներու եւ տեղեկութիւններու։

Աւելի յստակ պատկեր մը տալու համար ահա շօշափելի օրինակներ, թէ ինչպէս արուեստական իմաստութիւնը արդէն իսկ թափանցած է մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ընկերային ցանցերու մէջ դէմքեր ճանաչելու արուեստի հմտութիւնը՝ ինքնապիտակում (face recognition and automatic tagging), նկարներու բովանդակութիւնը փոխելու եւ զանոնք  ներկայացնելու տարբեր ձեւերով, ինչպէս նաեւ (avatar)-ը, որ շինծու կերպարներ են եւ կը կրկնեն մարդկային շարժուձեւերը։

Ասոնց կողքին բազմաթիւ են արհեստագիտութեան (technology) անակնկալ ու անհաւատալի գիւտերը, որոնց ծանօթ ենք գիտական առասպելական (science fiction) ժապաւէններէն եւ մօտ ապագային պիտի բացայայտուին. ինչպիսին են՝ ինքնավար մեքենաներ ու նաւեր (self-driving cars and autonomous ships) եւ բաշխող ռոպոթներ (delivery robots)։

Ուրեմն թէեւ շատ են արուեստական գիտութեան օգուտները եւ մեծ ոստումներ ու խոստումներ կան ապագայի կեանքը բարեփոխելու առումով, ինչպէս վերոյիշեալ օրինակները, կը տեսնենք թէ մենք արդէն անգիտակցաբար կը գործածենք արուեստական գիտութիւնը՝ օգտագործելով համացանցը, համակարգիչը եւ հեռախօսը, որոնք կ’ընդգրկեն արուեստական գիտութեան զանազան ձեւերը։ Սակայն, վերջերս տարբեր երկիրներու մէջ զանազան ասպարէզներու բազմաթիւ պաշտօնեաներ այն մտավախութեան մէջ են, թէ արուեստական իմաստութիւնը մօտ ապագային առաջնահերթութիւն ստանալով պիտի փոխարինէ զիրենք, մանաւանդ որ մեքենաները կրնան 24 ժամ աշխատիլ առանց յոգնելու։ Հետեւաբար զայն նկատած են որպէս մեծագոյն մրցակից ու սպառնալիք, եւ անընդհատ ցոյցեր կը կազմակերպեն պահանջելով աշխատանքային պաշտպանութեան անմիջական ծրագիրներ։ Վերջերս Հոլիուտի դերասանական խումբեր այս հարցով մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին Գալիֆորնիոյ մէջ։

Տեղին է նշել թէ այսօր բոլոր յայտնուած մեթոտները կ’իյնան (Narrow Artificial Intelligence)-ի տակ. այսինքն՝ իւրաքանչիւր գործիք կամ ելեկտրոնային մեքենայ կրնայ կատարել միայն մէկ պարտականութիւն։ Օրինակ՝ սպասարկող ռոպոթ մը անկարող է միեւնոյն ժամանակ ինքնաշարժ քշել։ Հետեւաբար (General Artificial Intelligence)-ը կը մնայ հեռու իրագործումէ, ուր մէկ մեքենայ կրնայ բազմաթիւ պարտականութիւններ կատարել ու գերազանցել մարդկային իմաստութիւնն ու կարողութիւնը։

Ներկայիս ընդհանրացած են ChatGPT, Jasper Chat, Bard AI եւ նման այլ հարթակներու (platforms) անուններ, որոնք արուեստական իմաստութեան արդիական, մօտաւորապէս նոյնանման ու ընդհանրացած համակարգի վրայ հիմնուած են եւ մաս կը կազմեն մեր վերը նշած Narrow Artificial Intelligence ընտանիքին։ Օրինակ՝ Chat GPT-ն համակարգչային ծրագրաւորման լեզուի յատուկ գործընթաց մըն է, որ կ’առաջնորդուի AI արհեստագիտութեամբ ու թոյլ կու տայ երկխօսութիւն ստեղծելու մարդոց եւ մեքենաներու միջեւ։ Այս համակարգը կրնայ մարդուն ծառայել եւ օժանդակել տարբեր ոլորտներու եւ զանազան պարտականութիւններու մէջ. ինչպէս՝ նամակագրութիւն, թարգմանութիւն, բժշկական թելադրանքներ, ուսողութեան խրթին հարցումներ լուծելու կարողողութիւն եւ առետրական հետազօտութիւն կատարելու ունակութիւն եւ այլն։

Այսպիսի լուրջ երկսայրի խնդրի մը ընդառաջ է մարդկութիւնը, որուն հետեւանքը միայն ժամանակը ցոյց կու տայ թէ առաւելութիւնները պիտի գերակշռեն կամ անպատեհութիւնները։ Ակնյայտ է թէ մեզի ծանօթ բաւական գործեր հիմնովին փոփոխութեան պիտի ենթարկուին եւ աշխատանքային շուկան պիտի պահանջէ այս ոլորտին մէջ հմտացած պաշտօնեաներ։ Ուստի, անհրաժեշտ է որ կրթական մարմինները շարժին այս ուղղութեամբ եւ դասացուցակներու մէջ աւելցնեն գոտաւորման (coding)-ի յատուկ դասընթացքներ, նոր սերունդը պատրաստելու այս ուղղութեամբ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x