Արուեստական բանականութիւնը (AI) որքանո՞վ պիտի փոխէ մարդն ու մարդկային արժէքները

AI-ը` Արուեստական Բանականութիւնը (ԱԲ) արդէն իսկ իր հաստատ տեղը գրաւած է ժամանակակից աշխարհին մէջ: Անոր ներկայութիւնն ու կիրարկութիւնը զգալի են բազմաթիւ մարզերու մէջ՝ բժշկութենէն մինչեւ արուեստ եւ գիտութիւն: Աւելին, ան արդէն քանի մը տարիէ ի վեր, դարձած է հասանելի պարզ մարդոց, որոնք արուեստական բանականութեան (ԱԲ) միջոցներ ու սարքեր կրնան գործածել կրթութեան, տարբեր տեսակի աշխատանքներու, թարգմանութիւններու, նոյնիսկ ժամանցի ու հաղորդակցութեան համար: ԱԲ արդէն շատոնց միայն չոր գիտական հաշուարկներով չի զբաղիր. ան նոյնիսկ կրնայ ընկերդ դառնալ, որուն հետ կը խօսիս ու տարբեր հարցեր կը քննարկես:

Եւ ճիշդ հոս է, որ կը ծագին բաւական հետաքրքրական հարցեր, որոնք տակաւին պատասխաններ չունին, որովհետեւ ԱԲ-ին ամբողջական ներուժը յայտնի չէ, եւ մենք չենք գիտեր, թէ ի՞նչ աստիճանի նուաճումներու կրնայ հասնիլ, ինչպէս նաեւ չենք գիտեր, թէ արդեօ՞ք մենք ի վիճակի ենք հակակշռի տակ պահելու ԱԲ-ն (AI): Խօսքը անշուշտ չի վերաբերիր գնդացիրներով զինուած ռոպոթներուն, որոնք կը գրաւեն մոլորակը եւ պատերազմ կը սկսի մարդոց դէմ, ինչպէս որ նման նախախատեսութիւններ կը կատարուին ֆիլմերու մէջ, ինչպէս՝ Terminator-ը, կամ Matrix-ը: Խօսքը աւելի մարդկային բնոյթի եւ մարդկային ընկալումներու մասին է, թէ մարդը ինչպէ՞ս պիսի ընկալէ ու որդեգրէ խելացի եւ տեղեկացուած Արուեստական Բանականութիւնը (ԱԲ):

Գաղտնիք չէ, որ մինչեւ այսօր մարդուն համար մեծագոյն հանելուկը նոյնիքն մարդն է, մարդուն հոգեկան աշխարհը: Հակառակ իր գիտաարհեստագիտական զարգացումին, նուաճումներուն, մարդը մինչեւ այսօր չի գիտեր իր պատմութիւնը ամբողջութեամբ, թէեւ կրցած է ճեղքել աթոմին միջուկը, այցելել Լուսին, կը ծրագրէ նուակել Հրատ մոլորակը եւ հասնիլ լոյսի միլիոնաւոր տարիներ հեռու տարածքներ, այնուամենայնիւ բազմաթիւ սովորական հարցեր կը մնան անլուծելի: Մարդը ոչ միայն չէ յաջողած վերացնել իր գոյութեան ընթացքին իրեն ուղեկցող հիւանդութիւնները, պատերազմները, սովը, մահը, այլեւ չէ յաջողած լուծումներ գտնել մարդկային շփումներուն, անհատական յարաբերութիւններու անյատակ խորքին մէջ տեղի ունեցող ու ընդհանրացող ճգնաժամերուն:

Թէեւ փիլիսոփայութիւնը, հոգեբանութիւնը տուած են բազմաթիւ հանճարեղ մասնագէտներ, որոնք այս կամ այն չափով փորձած են բացատրել մարդուն էութիւնը, սակայն տակաւին առկայ են մարդկային բազմաթիւ հարցեր, որոնք ո՛չ միայն լուծուած չեն, այլեւ՝ աւելի սրած եւ բազմաձեւ դարձած: Ոչ ոք եւ ոչինչ այնքան տառապանք չէ պատճառած մարդուն, որքան մարդը ինքը: Եւ այս պարագային շատ հետաքրքրական է, թէ մարդը ինչպէ՞ս պիտի յարաբերի խելացի եւ իրազեկ, արագաշարժ ալկորիթմներու (algorithms) հետ, որոնց հասանելի են ամէն տեսակի բաց տեղեկատուութիւնները: Ինչպէ՞ս մարդը պիտի պայքարի այն ոճիրներուն դէմ, որոնք կրնան կատարուիլ Արուեստական Բանականութեան օգնութեամբ: Եւ ի վերջոյ մարդը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ Արուեստական Բանականութիւնը: Ան պիտի շարունակէ՞ մնալ օգնականի ու մեքանիզմի մակարդակին, թէ այնքա՛ն պիտի բարձրանայ ու այսպէս ըսած «ինքնութիւն ձեռք պիտի բերէ» եւ դառնայ առանձին ցեղ կամ գոյութեան տեսակ (species):

Ամէն օր AI-ը (ԱԲ) աւելի ու աւելի շատ փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ մարդու կեանքին մէջ՝ լաւ ու վատ: Ի հարկէ ամէն ինչ կու գայ մարդէն: Ինչպէս կը նշէ ժողովրդական առածը․ «երկաթը յանցաւոր չէ, որ իրմէ թէ՛ աշխատանքային գործիք կը պատրաստեն, թէ՛ զէնք»: Հարցը մարդն է եւ անոր վերաբերումը իր շրջապատին ու իր անձին նկատմամբ:

Խօսելով ԱԲ-ի մասին, կ’արժէ ուշադրութիւն դարձնել բարոյական բազմաթիւ հարցերու, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի պարզուին մեր առջեւ, յատկապէս անհատական մակարդակի վրայ: Գաղտնիք չէ, որ այսօր բազմաթիւ chat-bot-եր կան (համակարգչային ծրագիրներ, որոնք նախատեսուած են խօսակցութիւն յառաջնելու գործածողներուն հետ, յատկապէս համացանցի միջոցով – խմբ.), որոնք հնարաւորութիւն կու տան մարդուն անանուն շփուելու ուրիշներու հետ: Կան նաեւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ, որոնք թոյլ կու տան, որ մարդը շփուի ալկորիթմին հետ այնպէս՝ ինչպէս մարդ մը: Ինչպէս լեզուական, կրթական, այնպէս ալ ժամանցային եւ նոյնիսկ էրոթիք-սեռային chat-bot-եր կան, ուր մարդ կրնայ ընտրել իր զրուցակցին չափանիշները` բառին բուն իմաստով: Կրնայ ընտրել սեռը, կազմուածքը, մորթին գոյնը, խելացութեան աստիճանը, նախընտրութիւնները․․․գրեթէ ամէն ինչ եւ անոր հետ խօսիլ այն թեմայով, որ ինք կը նախընտրէ:

Միշտ ալ հաճելի է շփուիլ հասկցող եւ կարեկցող մէկու մը հետ, յատկապէս մեր առանձնութեան այս դարաշրջանին: Դատելով տուեալներէն, նմանօրինակ ալկորիթմներու հետ «կը շփուին» տասնեակ հազարաւոր մարդիկ եւ անոնց թիւը ամէն օր կ’աճի: Այն պահէն սկսեալ, երբ մարդը նախընտրեց մարդու փոխարէն շփուիլ AI-ի հետ, ան ինքզինք ալկորիթմի հաւասար մակարդակի դասեց: Տակաւին ոչ մեծ տարողութեամբ, բայց արդէն հարց գոյութիւն ունի, թէ «արդեօք AI-ի հետ մտերիմ բնոյթի շփումը կրնա՞յ դաւաճանութիւն նկատուիլ զոյգերու միջեւ»: Որքան ալ հարցը տարօրինակ եւ անբնական կը թուի, ան գոյութիւն ունի: Նոյնիսկ կան պարագաներ, երբ զոյգեր բաժնուած են, որովհետեւ անոնցմէ մէկը միւսը «բռնած» է AI-ի հետ մտերիմ շփման մէջ: Այս մէկը քանի մը բան կրնայ նշանակել:

Առաջինը այն է, որ մենք գործ ունինք  բարոյական հարցերու ու չափանիշներու հետ: Մարդու եւ կենդանիի միջեւ սեռային կապը առողջ երեւոյթ մը չէ: Իսկ արդեօ՞ք առողջ է մարդու եւ ալկորիթմի միջեւ նմանօրինակ շփում մը: Եթէ մարդու եւ AI-ի կապը կրնայ դաւաճանութիւն նկատուիլ, կը նշանակէ թէ AI-ը պարզապէս գործիք մը չէ, որովհետեւ զայն մարդկային մակարդակի վրայ ընկալելով մենք անոր ինքնութիւն կու տանք: Ան ունէր բանականութիւն, իսկ հիմա մենք անոր ինքնութիւն կու տանք: Այդ պարագային, մարդը ինչպէ՞ս պիտի շարունակէ ինքզինք ընկալել: Արդեօ՞ք անհատական շփումը, ընկերային կապերը այս պարագային չեն ենթարուիր ձեւափոխութիւններու եւ մինչեւ ո՞ւր կրնան հասնիլ անոնք: Իսկ եթէ մարդու եւ AI-ի մտերիմ շփումը դաւաճանութիւն չէ, ապա ի՞նչ կոչել զայն: Ինչպէ՞ս սահմանել բնականոնացած բարոյականութիւնը այդ պարագային: Յատկապէս պահպանողական ընկերութիւններու մէջ քանի՞ հոգի կը հանդուրժէ, որ իր զոյգը կամ ամուսինը ալկորիթիմի հետ խօսի այնպէս, ինչպէս իրեն հետ կը խօսի: Տակաւին, չափանիշներէն կախեալ, ալկորիթմը կրնայ «վիրաւորուիլ ու նեղուիլ» եթէ մարդ-զրուցակիցը իրեն հայհոյէ կամ անպարկեշտ առաջարկներ կատարէ:

Փաստը կը մնայ փաստ. մենք կանգնած ենք նոր ու մութ դռան մը առջեւ: Հոն կրնան թաքուած ըլլալ մեր «ֆրէօտեան դեւերը»` աւելի խելացի, նրբանկատ, գայթակղիչ: Եւ գրեթէ վստահ կարելի է ըլլալ, որ ներկայիս մարդը հազիւ թէ կարենայ դիմանալ այդ գայթակղութեան եւ ի վիճակի ըլլայ առողջ դատելու իր ու իր աշխարհին ու անոր արժէքներուն մասին:

AI-ը երթալով աւելի կը զարգանայ: Շատ չանցած, AI-ին հետ ոչ միայն տեսազրոյց ու նամակագրութիւն կարելի է ունենալ, այլեւ հոլոկրաֆիք ու ֆիզիքական ներկայութիւն: Եւ այդ պարագային մենք ստիպուած ենք իրականութեան նայելու եւ անգամ մը եւս փորձել պատասխանել «ով եմ ես» հարցումին:

AI-ի հետ արդէն նկատելի են բարոյական, ընկերային հարցեր, ինչպէս օրինակ աշխատանքի մէջ մարդը ռոպոթով կամ ալկորիթմով փոխարինելու պարագաները: Բացի այն իրողութենէն, որ ալկորիթմը կրնայ աշխատիլ մարդու փոխարէն, ան նաեւ կը նկարէ, կ’երգէ, կը ստեղծագործէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներով: Ի՞նչ պատասխաններ տալ այս պարագային: Արդեօք մարդու ընկալումը մարդու հանդէպ պիտի մնա՞յ հաստատուն մակարդակի, թէ՞ մենք շուտով ականատես պիտի ըլլանք մարդածին մարդու գերակայութեան դարաշրջանի աւարտին ու նոր տեսակի` Արուեստական Ինքնութեան յայտնուելուն, որ իրեն հետ նոր, ու թերեւս, ամբողջովին այլ կարծիք առաջ բերէ կրօնքի, հայրենիքի, ընտանիքի ու մարդու մասին: Եւ ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեզի առաջարկուին, կամ որ աւելի վատ է, պարտադրուին մարդկային հիմնաքարային սկզբունքներու փոփոխութիւններ: Անոնք պիտի առաջնորդեն անխուսափելի այլասերմա՞ն, թէ՞ ամբողջովին նոր մակարդակի բարեշրջումի, ուր մարդը շատ աւելի քիչ տուեալներով պիտի յիշեցնէ իր պարզագոյն նախնիները: 

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x