Հայկական առարկայական եւ հասանելի երազանքը՝ ՀՀ պետականութիւնը

Ոեւէ անհատ եւ հասարակութիւն ունի իր նպատակներն ու ցանկութիւնները: Ունի նաեւ իր շատ յանդուգն ծրագիրները, որոնց իրականացման մասին մտածելը միայն հաճոյք կը պատճառէ: Այլ խօսքով, ունի երազանք մը կամ երազներ: Եւ այդ երազանքին հետապնդումը երբեմն կը վերածուի ծրագրուած ռազմավարութեան, երբեմն ալ ծիածանին հասնելու ձախող փորձի մը:

Երազանքները տարբեր են: Տարբեր են նաեւ զանոնք փայփայող մարդիկն ու հասարակութիւնները:

Այսօր աշխարհի մէջ կան տարածուած բառակապակցութիւններ, ինչպէս՝ «ամերիկեան երազանք»ը (The American Dream): Ամերիկեան երազանքը ծանօթ է շատերուն. ֆիլմեր կան այդ մասին եւ անոր քարզչութիւնը կը կատարուի մեծ թափով: Ամերիկեան երազանքը տարբեր է իւրաքանչիւրին եւ ըլլալով բաւական անորոշ` կը հետապնդէ ամերիկեան պետութեան ձեռքբերումները քարոզելու եւ Ամերիկա բնակողներու իտէալականացած կեանքը նկարագրելու, փրոփականտելու նպատակ մը: Այդ երազանքը, որ ամերիկացիին համար մէկ բան է, իսկ հոն գացողին համար ուրիշ` հիմնականօրէն կը պահէ իր իմաստը: Ամերիկեան երազանքի յատկանշական օրինակ մըն է իտալացիի մը մասին շրջող առակ-պատմութիւնը:

Իտալացի մը Ամերիկա կ’երթայ: Ան նախ կը սկսի բանուոր կամ մատուցող աշխատիլ, եւ այդ միջոցին՝ նաեւ անգլերէն սորվիլ ու ընտելանալ ամերիկեան ապրելակերպին: Ժամանակի ընթացքին, ան կը ստանայ աշխատելու եւ ապրելու բոլոր իրաւունքները եւ քիչ մըն ալ գումար հաւաքելով, փոքրիկ խանութ մը կը վարձէ եւ կը սկսի հոն իտալական պիցցա վաճառել: Կ’անցնին տարիներ, իտալացին յաջողութեամբ կը շարունակէ աշխատիլ եւ փոքր խանութը կը վերածուի ճաշի մեծ վաճառատան մը: Ան կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն, կ’ամուսնանայ, զաւակները կ’ուղարկէ ամերիկեան քոլէճ, ան կը վճարէ իր տուրքերը, կը հարստացնէ Ամերիկան եւ եւ կը հարստանայ ինքը:

Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ 15 տարի ետք, իտալացին կ’որոշէ իր արձակուրդը անցնել իր հայրենիքին մէջ: Ան կու գայ Իտալիա, նուէրներ կը բերէ իր բարեկամներուն, կը պատմէ, որ տէր է իտալական ճաշի մեծ ցանցի եւ արտադրութեան, թէ իր զաւակներէն մէկը ընդունուած է Հարվըրտ, իսկ միւսը` սկաուտ է, եւ թէ ինքը հարուստ է եւ միտքը հանգիստ:

Այս ամերիկեան երազանքն է: Ամերիկեան երազանք` իտալական ձեւով: Ամերիկան յաջողած է ինքզինք ներկայացնել որպէս երազանքներու երկիր: Բազմաթիւ հայեր, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն կը մեկնին Միացեալ Նահանգներ` հարստանալու, աւելի լաւ ապրելու համար: Կ’երթան հայու ամերիկեան երազանքին ետեւէն: Իսկ ո՞րն է հայկական երազանքը: Ինչի՞ մասին կ’երազեն մեր հայրենակիցները Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ կ’երազէ Հայաստանի քաղաքացին ընդհանրապէս:

Հայկական երազանքը այս պահուն բաւական խայտաբղէտ ու անորոշ բան մըն է: Ընդհանուր առմամբ, հիմա երազանք է համահայկական մեծ եւ զօրաւոր, պաշտպանուած պետութիւնը…ըսենք Տիգրան Մեծի կայսերական սահմաններով եւ Կիլիկիան ալ մէջը: Հայկական երազանք է Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հողերու վերադարձը: Արդէն երազանքի նման բան մը դարձած է Արցախի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Կար ժամանակ որ երազանք էր պետութիւն ունենալը, աւելի առաջ` թուրքերէն ազատիլը:

Հայկական երազանքը գործնական ըլլալէ հեռու բան մըն է, ուր մեծ տեղ ունի օտարին բաժինը: Մեր երազանքներու Հայաստանը կը հովանաւորեն եւ կը յարգեն աշխարհի հզօր ու մեծ պետութիւնները: Մեր երազանքին մէջ, հայկական Սփիւռքը միացեալ է, իսկ Հայաստանը՝ ֆուտբոլի աշխարհի ախոյեան, ինչպէս նաեւ՝ երազանք է ամիսը 500 տոլար աշխատավարձը, փոքր ինքնաշարժ մը ունենալը, կամ երկու ամիսը անգամ մը նոր կօշիկ գնելը: Ահա՛ այսքա՛ն տարբեր եւ այսքա՛ն անորոշ է Հայկական երազանքը:

Ի տարբերութիւն աշխարհի, հայկական երազանքը չ’ենթադրեր գործնական որեւէ քայլի որդեգրումը: Եթէ թրքական թուրանի մասին երազանքը կ’ենթադրէ գրաւել Կ. Պոլիսէն մինչեւ միջին Ասիա ու այլ տարածքներ, եւ կը փորձեն իրականացնել այդ բոլորը, եթէ ատրպէյճանցիները կ’ուզեն վերագրաւել Արցախը, «վերականգնել Մեծ Ատրպէյճանը» եւ յաջողութիւններ կ’արձանագրեն, եթէ Ռուսիան կ’ուզէ վերգտնել Խորհրդային Միութեան ժամանակի իր հզօրութիւնը եւ հիմա բաւական ծանր քաղաքականութիւն կը վարէ միջին Ասիոյ, Անդրկովկասի մէջ, պատերազմ` Ուքրանիոյ մէջ, եւ այս բոլորը երկրային, այսպէս ասած մտածուած ցանկութիւններ են, ապա հայկական երազանքը շատ մշուշապատ է եւ յարափոփոխ: Հայկական երազանքի պարագային ոչ մէկ գործնական քայլ չ’առնուիր եւ երազանքը մնայուն տեղատուութեան մէջ է:

Անհրաժեշտ է, որ մենք հաւատանք մեր երազանքին: Այդ մէկը կարելի կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ մեր երազանքները դառնան աւելի հասկնալի, աւելի պարզ եւ աւելի ձեւակերպուած: Ինչպէս կը նշէր Րաֆֆի իր յօդուածներէն մէկուն մէջ՝ յոյսի երկու տեսակ կայ, մէկը, որ մարդը կը դարձնէ նախանձախնդիր իր ուզածին հասնելու համար եւ միւսը, որ կը մղէ անգործութեան եւ յաւերժ սպասումի, թէ օր մը փրկութիւնը կու գայ տեղէ մը: Րաֆֆի օրինակ է կը բերէ անօթի հաւը, որ երազին մէջ ցորեն կը տեսնէ եւ կը սկսի կտցահարել իր ոտքերը: Նման երազանքով կ’ապրին ոչ միայն անհատներ, այլեւ ամբողջ ժողովուրդներ եւ այդ բոլորը ի վերջոյ հասարակական մտախտի (psychosis) կը յանգի: Այդ յիմարին երազանքն է: Այդ անբնական երազանք է, ինչպէս մէկը օր մը ոսկի կը պահէ հողին մէջ եւ օր մը մենք կը գտնենք այդ ոսկին: Րաֆֆի կ’առաջարկէ ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ ծոյլ եւ ճնշուած ժողովուրդներու հեքիաթներուն մէջ ուրիշին պահած ոսկին գտնելու բազմաթիւ օրինակներ կան:

Անհրաժեշտ է, որ հայկական երազանքը ըլլայ աւելի առարկայական, աւելի հասանելի: Անհրաժեշտ է, որ հայկական երազանքը ոչ թէ մնայ անհասանելի բան մը, այլ նաեւ հայերը հաւատան որ այդ մէկը կարելի է իրականացնել օր մը: Անհրաժեշտ է, որ հայկական երազանքը ըլլայ ոչ թէ օտարին կողմէ կամ աստուածային միջնորդութեամբ ստացուող բան մը, այլ այդ երազանքը իրագործողները նոյնինքն մենք ըլլանք: Այդ պատճառով, անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ փոխել մեր վերաբերումը պետութեան ու պետական հաստատութիւններու հանդէպ: Երբ սկսինք մեր երազանքին մեկնակէտը նկատել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այդ պահէն սկսեալ հայկական երազանքը կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան նպատակ` աւելի մտածուած, աւելի տրամաբանուած ու հաւասարակշռուած, աւելի գործնական:

Դժբախտաբար մեր մօտ ցարդ նախանշաններն անգամ չկան այդ ուղղութեամբ: Նոյնիսկ Արցախեան երկորդ պատերազմէն յետոյ ալ մենք տակաւին կը շարունակենք երգել «ելնենք Սասուն, մտնենք Վան», միաժամանակ չհասկնալով, թէ այդ մէկը որքանով իրական է կամ կարելի: Իսկ գլխաւոր հարցը այն է, որ մենք նոյնիսկ պատկերացում չունինք, թէ ի՞նչ պէտք ընել, որ Արցախը մնայ հայկական, Վանն ու Մուշը կրկին հայկական դառնան:

Այսօր Հայաստան տնտեսական շատ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ նոյնիսկ միջին աշխատավարձով ապրող մարդիկ չեն կրնար ամսական ուտելիքի, ելեկտրականութեան, կազի, վառելանիւթի, վարկերու, հագուստի եւ կօշիկի ծախսերը հոգալ: Եւ այդ պայմաններուն մէջ, երբ այդ նոյն հայը կը սկսի երազել կայսրութեան մասին, արդէն հարց կը յառաջանայ, թէ որքանո՞վ ընդհանրապէս Հայաստանի քաղաքացին մտածուած կը նայի ինքն իրեն եւ իր շրջապատին:

Մէկ կողմէ միջին հայը կ’երազէ կայսրութեան մասին, իսկ միւս կողմէ ան չի կրնար իր սեփական տարրական հարցերը լուծել: Որքանո՞վ իրապաշտ է այս զուգորդութիւնը:

Այսօր հայկական հասարակութեան մէջ իրապաշտ եւ մտածուած վարքագիծը բաւական թոյլ է: Այսօր, տարուած ըլլալով Սեւրով, հայերը կը մոռնան, որ գոյութիւն ունի հայկական պետականութիւն մը եւ այդ պետութիւնը ազգային երազանքը պիտի վերածէ քաղաքական նպատակի: Մենք տակաւին չենք հասած պետական մակարդակի. կը շարունակենք երազել ազգային-հայրենական սկզբունքով, մինչդեռ անհրաժեշտ է այդ բոլորին պետական լրջութիւն տալ:

Այս հարցին մէջ անշուշտ մեծ դեր ունի ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը: Որքա՛ն հարուստ եւ կուշտ է հասարակութիւնը, այնքա՛ն աւելի վստահ ու համարձակ կը դառնայ ան: Որքա՛ն աւելի զօրաւոր է, այնքա՛ն աւելի ինքնավստահ ու գործնական կը դառնայ եւ այնքա՛ն աւելի գործնական կը դառնան անոր երազներն ու ցանկութիւնները: Եթէ հայ հասարակութիւնը չկարենայ իր կամքը ձուլել հայ պետականութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը չդարձնէ իր ելակէտային հիմքը, իր ամէն ինչը, հայկական երազանքը կը շարունակէ մնալ բարի, վառ, գունաւոր, ազնիւ, բայց ոչ կիրարկելի ու անկարելի բան մը:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x