Մահուան երկրպագութիւնը Հայաստանի մէջ

Արայիկ Մկրտումեան

Երբ իրականութիւնը չի բաւարարեր մարդը, ան կը փորձէ մխիթարուիլ հոգեւոր արժէքներով: Հոգեւոր պատկերացումները յաճախ ի վիճակի են որեւէ վիճակ իմաստաւորելու եւ նոյնիսկ սուր ցաւը ներկայացնելու որպէս մեծագոյն արժէք:

Աստուած ցաւի եւ տառապանքի միջոցով կը փորձէ մարդու կամքն ու հաւատքը այնպէս, ինչպէս ոսկին կրակով կը փորձեն: «Տառապանքը կ’ազնուացնէ», կ’ըսենք մենք: Փաստօրէն, հայոց պատմութեան բոլոր էջերը լեցուն են ծանր տառապանքներով: Հոգեբաններուն համաձայն, մարդկութիւնը ենթագիտակցաբար կը սրբացնէ իր ցաւը, կ’իմաստաւորէ զայն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապրիլ այդ ցաւին հետ, որովհետեւ ան թէ՛ շատ է, թէ՛ անխուսափելի: Ցաւը համատարած է անհատին եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Եւ եթէ ցաւը չիմաստաւորուի, չսրբացուի, հասարակութիւնները փուլ կու գան, որովհետեւ որեւէ նեղութիւն անիմաստ եւ անտեղի կը թուի, իսկ անոր դիմանալը` անհեթեթ: Եւ քանի որ անիմաստ կը թուի ցաւին դիմանալը, կամ որեւէ բան զոհելը, ապա չկայ նաեւ արժէք, գոյութիւն չունի ոչ մէկ կարեւոր բան, որուն համար կ’արժէ տառապիլ: Եւ նոյնիքն այդ ենթագիտակցական պաշտպանութիւնն ալ մարդը կը մղէ ցաւը ընդունելու եթէ ոչ ուրախութեամբ, ապա առնուազն դիմանալու բաւարարող մտածողութեամբ եւ դատողութիւններով:

Հրեայ պատմաբան Եուվալ Նոյ Հարարի իր «Sapiens. The brief story of humankind» գիրքին մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՞ս առաջին համաշխարհային պատերազմին Իտալիա կ’ուզէր Աւստրիայէն գրաւել Թրիեսթ եւ Թրենթօ քաղաքները: Այդ քաղաքները գրաւելու համար իտալացիք առաջին յարձակումին ընթացքին կորսնցուցին շուրջ տասնըհինգ հազար հոգի, երկրորդ անգամ` 40 հազարէն աւելի, երրորդ անգամ 60 հազարէն աւելի: Իտալացիք 11 անգամ յարձակեցան այդ քաղաքներուն վրայ ու ձախողեցան` կորսցնելով շուրջ 700 հազար հոգի եւ միլիոնէ աւել վիրաւոր: Եւ ի՞նչ պատասխան պիտի տային իտալացի կառավարիչները իրենց ժողովուրդին: Ինչու՞ համար սպանուած են 700 հազար եւ վիրաւորուած միլիոնէ աւել մարդ: Յանուն սուրբ առաքելութեա՞ն, թէ յանուն իտալացի քաղաքական գործիչներու մեծխօսիկութեան ու կարճատեսութեան: Յանուն արկածախնդրութեա՞ն: Յանուն ոչինչի՞: Հարց կը յառաջանայ, թէ առաջին յարձակումներէն յետոյ ինչո՞ւ չդադրեցան այդ անպտուղ արշաւանքները: Որովհետեւ եթէ դադրեցնէին, կը նշանակէր, որ իրապէս անիմաստ էր զոհել առաջին հարիւր հազարը եւ իտալացի կառավարիչները սկսան խաղամոլի պէս աւելցնել գրաւը՝ յուսալով, որ շահը աւելի մեծ կ’ըլլայ, քան մինչ այդ կորսուածը: Իսկ այդ պարագային, մարդը այլեւս զգօն չէ եւ կը կատարէ ամենէն յիմար սխալները: Ի վերջոյ, իտալացիները շատ սուղ վճարեցին զիրենք կառավարող փոքր խումբի մը ձգտումներուն համար:

Այլ օրինակ մը: Ընկերային ցանցերէն մէկուն մէջ, առակ մը շրջան կ’ընէր, ըստ որուն՝ անցորդ մը կը տեսնէ ծանր բեռան տակ կքած մարդ մը, որ տանջուելով հազիւհազ կը յառաջանար: Անցորդը կը հետաքրքրուի, թէ ինչո՞ւ այդ մարդը այդպէս կը տանջուի, որուն՝ մարդը հպարտօրէն կը պատասխանէ, թէ ինք կը տանջուի, որ իր երեխաները երջանիկ ըլլան: Իր մեծհայրն ալ այդպէս տանջուած էր, որ իր զաւակը երջանիկ ըլլայ, իր հայրը նոյնպէս՝ նման տանջանքով ապրած է, որ ինքը երջանիկ ըլլայ եւ հիմա տանջուելու կարգը իրն է: Անցորդը զարմացած կ’ըսէ, որ ուրեմն այդ մարդուն ամբողջ տոհմին մէջ ոչ մէկը երջանիկ եղած է, որովհետեւ ամէն սերունդ տանջուած է յաջորդին երջանկութեան համար, բայց այդ երջանկութիւնը ամէն պարագայի ալ չէ իրականացած:

Սրբացուող ցաւը որոշ մակարդակի վրայ կրնայ դաժան իրականութիւնը մեղմացնել, իմաստաւորել, նոյնիսկ յուսադրել, բայց միայն որոշ չափով եւ միայն որոշ ժամանակ: Տառապանքն ու ցաւը երջանկութեան աղբիւր չեն: Անոնք ոչ միայն կրնան կամք կոփել, այլեւ` կոտրել զայն: Երկարատեւ տառապանքը կրնայ մարդը դարձնել չար ու դաժան, յուսահատ ու ընկճուած: Եւ ամէնէն վատը այն է, որ երկարատեւ տառապանքը կրնայ այնպիսի էական փոփոխութիւններու պատճառ դառնալ, որ հասարակութեան կամ մարդուն համար ան կը դառնայ բնաւորութեան հիմնական գիծ մը, փիլիսոփայութիւն եւ մտածելակերպ:

Եթէ մեզի համար դիւրին է խօսիլ իտալական ձախողած արշաւանքներուն մասին եւ յստակօրէն ընդգծել անոնց բոլոր սխալները, ապա գրեթէ անկարելի կը դառնայ ընդունիլ Արցախի առնչուած մեր իրականութիւնը: Եւ եթէ խղճահարութեամբ կ’սենք, որ իտալացիները 1 միլիոն 700 հազար կեանք հաշմանդամ դարձուցին ու սպանեցին անպտուղ արկածախնդրութեան մը համար ու բան մըն ալ չստացան ու ստիպուած կը սրբացնեն այդ խելագարութիւնը, եւ որովհետեւ իրականութիւնը չափէն աւելի դաժան կրնայ ըլլալ, անկարելի ծանր է ընդունիլ նման սարսափելի ձախողութիւն մը, ապա կրնա՞նք նոյնը ըսել մեր պարագային: Յանուն ինչի՞ զոհուեցան հազարաւոր հայեր արցախեան առաջին ու երկրորդ պատերազմներուն եւ միջանկեալ կէս-խաղաղութիւն ու կէս-պատերազմ տարիներուն: Յանուն հայրենիքի: Ահա առաջին տրամաբանական պատախանը: Այո՛, այդ առաջին եւ միակ պատասխանն է, որ անվիճելի է: Եւ եթէ մինչ 2020 Նոյեմբեր 9-ը իւրաքանչիւր զոհ կ’ամրացնէր Արցախի հիմերը, ապա Նոյեմբերի 9-էն յետոյ մարդիկ զարհուրած էին եւ իրաւացի վրդովումով հարց կու տային, թէ ապա ինչո՞ւ զոհուեցան մեր զաւակները, եղբայրներն ու հայրերը: Ու վիճակն ալ աւելի ծանրացաւ երբ Սեպտեմբերին, ընդամէնը մէկ շաբաթուան ընթացքին Արցախը լրիւ հայաթափուեցաւ ու կրկին բաձրացաւ անպատասխան հարցը` ինչո՞ւ մենք այսքան տառապանք կրեցինք: Յանուն Արցախի (հայրենիքի): Շա՛տ լաւ: Իսկ ո՞ւր է Արցախը: Իսկ Արցախը չկայ եւ կարելի չէ որեւէ ծնողքի քաղաքական-դիւանագիտական պատասխան տալ, որովհետեւ Արցախի կորուստը ոչ միայն հայրենիքի կորուստի ցաւ է, այլեւ՝ վիրաւորանք մը մեր կրած տառապանքին դիմաց:

Եւ ճիշդ հոս ալ հասարակութիւնը կը սկսի ենթագիտակցաբար փնտռել որեւէ արդարացում, որով գոնէ բարոյական ինչ-ինչ մխիթարութիւն կրնայ ստանալ, քանի որ անտանելի ու անընդունելի կ’ըլլայ մտածել, որ ամբողջ ժողովուրդ մը տասնամեակներով պայքարեցաւ յանուն ոչինչի, որովհետեւ այդ պայքարին վերջնական արդիւնքը եղաւ Արցախի հայաթափումը: Կեղծաւոր են այն բոլորը, որոնք հարցը կը փորձեն բացատրել Իմանուէլ Քանթի մտածողութեամբ, որ կարեւորը ոչ թէ նպատակն է, այլ շարժառիթը, որ եթէ նոյնիսկ մենք կորսնցուցած ենք Արցախը, միեւնոյնն է, մեր զոհերը անիմաստ չեն եղած, որովհետեւ շարժառիթը եղած է արդար ու ազնիւ: Այս պարագային, մեր ոչ միայն շարժառիթը, այլեւ նպատակը է եղած է Արցախի ազատութիւնը, եւ եթէ այսօր Արցախը չկայ, կը նշանակէ, որ տեղ մը կամ ժամանակ մը չափէն աւելի ծանր սխալներ տեղի ունեցած են նման հետեւանք մը ստանալու համար: Իսկ սխալին ընդունումը մեզի համար ինքնաոչնչացման հաւասար երեւոյթ է:

Բայց հայ հասարակութիւնը եթէ հիմա ալ փորձէ շարժիլ «տառապանքը կը սրբացնէ» մտածողութեամբ, ապա ան երբեք պիտի չկարենայ որեւէ արդիւնք արձանագրել, որովհետեւ տառապանքին հանդէպ նման ձգտում ախտաբանական բնորոշում ունի` մազոշիզմ կամ տառապանքի սէրը: Եւ մենք չենք ալ նկատեր, որ տառապանքը հասկնալու եւ վերլուծելու փոխարէն զայն սրբացնելու մղումը մեզ կը վերածէ նման այն մոլեռանդին, որուն ցաւը հաճոյք կը պատճառէ եւ ան ցաւէն զատ ուրիշ զգացում չունի: Այնպէս կը պատահի, որ նոյն ցաւը երկար ժամանակ չի կրնար նոյն սրութիւնը ունենալ եւ միայն ցաւը զգալու ունակ հասարակութիւնը անգիտակցաբար կրնայ աւելցնել ցաւին քանակը, որովհետեւ միայն ցաւն է, որ իրեն կը յուշէ, որ ինքը դեռ ողջ է: Բայց այս արդէն ոչ թէ կեանք է, այլ մահուան երկրպագութեան այլասերած տարբերակ մը: Մենք ոչ թէ կը փորձենք այնպիսի հայրենիք ու պետութիւն մը ունենալ, ուր առաջնահերթ են գիտակցուած կեանքն ու սկզբունքային բարգաւաճումը, այլ առաջնահերթութիւն կու տանք ցաւին ու մահուան՝ յանուն բարձրագոյն արժէքներու` աւելի յամառ քան ճափոնական քամիքազին եւ աւելի մոլեռանդ, քան միջնադարեան մոլեռանդը, որ հաճոյքով իր հայրենակիցը կ’այրէր՝ յանուն Աստուծոյ:

Ի վերջոյ, հայրենիքն ու պետութիւնը հասարակութեան արժեհամակարգին բարձրագոյն տեղերը կը գրաւեն, որոնք կը պաշտպանեն ու կը հովանաւորեն անոր սեփական գործունէութիւնը: Եւ եթէ այդ հայրենիքն ու պետութիւնը միայն ցաւի ու տառապանքի աղբիւր կը հանդիսանան, ապա ժողովուրդը կա՛մ կրնայ օր մը հրաժարիլ այդ արժէքներէն՝ բնազդով դէպի կեանք ձգտելով, կա՛մ ներքին որակական փոփոխութիւններով հայրենիքն ու պետութիւնը խաչ դարձնելով՝ նորհաս սերունդը կը գամէ անոր վրայ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
պարգև դաւիթեան
պարգև դաւիթեան
7 months ago

խորապէս իրապաշտ մեկնաբանութիւն է և դաստիարակիչ

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x