Նոր Տարուան մաղթանք՝ նորութեան եւ փոփոխութեան

Credit: Getty Images/iStockphoto

Ամանորի շունչը նկատելի է արդէն Երեւանի մէջ: Քաղաքը զարդարուած է: Գլխաւոր տօնածառի լոյսերը արդէն կը շողան եւ շուտով կը սկսի Սուրբ ծննդեան տօնավաճառը: Վաճառատուներու մէջ իրարանցումը երթալով կ’աւելնայ եւ նուազ քան երկու շաբաթ ու մենք կը նշենք 2023-ի աւարտը ու կը դիմաւորենք 2024-ը` հրավառութեամբ, ճոխ սեղաններով (ոչ ամէն մարդ), խմիչքներով եւ մաղթանքներով, որ եկող տարին ըլլայ բարի, խաղաղ ու առատ, աշխարհին` խաղաղութիւն, ապրուստին` աժանութիւն, մարդուն` առողջութիւն: Մէկ խօսքով՝ այնպէս, ինչպէս ամէն տարի: Այս մաղթանքը արդէն իսկ հեգնանքի տպաւորութիւն կը թողու, յատկապէս խաղաղութիւնը, որ այդպէս ալ երազանք կը մնայ բազմաթիւ դժբախտ ժողովուրդներու, ներառեալ՝ հայերուս համար:

Մենք 2023-ը կը փակենք աւելի մռայլ ու ահաւոր, քան կարելի էր պատկերացնել: Արցախը այլեւս չկայ: Կան հարիւրաւոր զոհեր,  ամբողջ ժողովուրդ մը դարձած է բնաւեր եւ պատերազմի ծանր շունչը կը յամենայ ու ոչ մէկ ձեւով կ’ուզէ հեռանալ հայոց սահմաններէն: Եւ այս մթնոլորտին մէջ շատ զարմանալի ու տարօրինակ կը թուի, թէ այս տարի մենք ի՞նչ պիտի մաղթենք իրարու: Մանաւանդ, երբ կը յիշենք, որ 2024 Յունուարի մէկին` նոր տարուան առաջին օրը, Գարեգին Նժդեհի ծննդեան օրը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս լուծարուած կը նկատուի: Ոմանք կրնան ըսել, որ Արցախը հիմնականօրէն լուծարուելու սկասաւ 2020 Նոյեմբերի 9-ի պայմանագրով ու այդ հոգեվարքը աւարտեցաւ 2023-ի Սեպտեմբերի 19-ի բռնագաղթով, իսկ Յունուարի 1-ի լուծարումը պարզապէս պաշտօնական կը դարձնէ Արցախի մահը: Ինչ ալ ըսենք, ինչպէս ալ փորձենք շրջանցել իրականութիւնը ու թեթեւ բառերով փորձենք աղաւաղել սուրսայր փաստերը, միեւնոյնն է, 2023-ը կ’աւարտենք մեծ կորուստներով ու կը դիմաւորենք աննախատեսելի 2024-ը, որ յղի է անսպասելի անորոշութեամբ:

Եւ այս պայմաններուն մէջ լուրջ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ պիտի մաղթենք իրարու: Եւ ինչ ալ մաղթենք` պիտի հաւատա՞նք այդ բառերուն: Արդէն երրորդ տարին է, որ արճիճի ծանրութիւն ունի մեզի համար ու շատ տարօրինակ է, եթէ մենք Դեկտեմբեր 31-ին կարենանք թեթեւամտօրէն իրարու շնորհաւոր նոր տարի ըսել եւ միամիտ հաւատքով առողջութիւն եւ խաղաղութիւն փափագինք: Եւ նոյնիսկ հաւատանք, որ այդ բոլորը իրականութիւն կրնան դառնալ:

Ապշեցուցիչ նմանութիւն կայ այս օրերուն եւ 1868-ին Րաֆֆիի գրած յօդուածի մէջ: Րաֆֆի, գտնուելով Պարսկաստանի Սալմաստ գաւառի Փայաջիկ գիւղը (ամանորի ժամանակ), Դեկտեմբերի 31-ի գիշերը հրացաններու կրակոցներ կը լսէ: Այն հարցումին, թէ գիւղացիները ինչո՞ւ կը կրակեն, իրեն կը պատասխանեն, որ հրացաններու կրակով անոնք հին տարին կը քշեն եւ նորը կը դիմաւորեն այն ակնկալութեամբ, որ ան յաջողութիւն կը բերէ իրենց: Րաֆֆի իր յօդուածին մէջ հետեւեալը կը գրէ. «….քանի՜֊քանի՜ հազարաւոր այսպիսի դեկտեմբերներ իւրեանց հրացաններով արտաքսել են հայոց ռամիկները, քանի՜֊քանի՜ նոր տարիք սիրով ու ուրախութեամբ ընդունել են նոքա: Բայց նոցանից եւ ոչ մինը չէ բերել նոցայ համար մի նոր բախտ: Արդարեւ, հոլովական տարիքը ոչինչ չեն ներգործում հայերի տխուր եւ տրտում վիճակի վերա: Պատճառն, որ թէպէտ բնութեան նախասահմանեալ օրէնքներին համաձայն տարիքը փոփոխւում են֊ գնում է հինը, գալիս է նորը, բայց հայերը, անդարդ կենալով իւրեանց գերեզմանական անշարժութեան մէջ, երբեք չեն մտածում փոխել իւրեանց մեռելային դրութիւնը: Հայերը իւրեանց կեանքը չեն չեն համաձայնեցնում տարիների ընթացքի հետ, եւ ժամանակի պիտոյքների հետ: Հայերի համար թե՛ անցեալը, թե՛ ներկան, եւ թե՛ ապառնին ունեն միեւնոյն  կորստաբեր նշանակութիւնը: Միով բանիւ, հայերի համար չկայ «նոր տարի»: (Րաֆֆի, 1 Յունուար 1868, Փայաջիկ)

Այս բոլորը սարսափելի են այնքանով, որ հայերուն մէջ հիմնականօրէն ոչինչ կը փոխուի: Թէեւ կ’ապրինք սարսափը, բայց մենք չենք յաջողիր հասկնալու անոր էութիւնն ու իսկական պատճառները: Մենք կը շարունակենք անբացատրելի յոյս ունենալ, որ ինչ-որ ինքնին բան մը պիտի փոխուի: Եւ այս Դեկտեմբերին եւս մենք անուղղելի սնոտիապաշտութեամբ կը ճամբենք 2023-ը եւ կը դիմաւորենք 2024-ը: Ի վերջոյ, մենք իրարու շռայլ մաղթանքներ տուած էինք 2019-ի Դեկտեմբերին ու ի հարկէ չէինք գիտեր, որ 2020-ը դժոխք պիտի դառնար: Մինչդեռ մենք կրնայինք տեսական մակարդակով հասկնալ, որ այդ մաղթանքները պիտի չիրականանան, որովհետեւ ոչ մէկ ջանք ի գործ դրած ենք զանոնք իրականացնելու համար: Իսկ ձմեռային երեկոյ մը խմուած օղին բաւարար չէ խաղաղութեան ու առողջութեան համար: Եւ շատ վատ է, եթէ մենք անգամ մը եւս այդ մէկը չենք հասկնար:

Եւ ի՞նչ պիտի բերել մեզի այս նոր տարին: Նոր հոգեր ու նոր խնդիրնե՞ր: Իսկ թերեւս 2024-ը ճամբենք նոր կորուստներով ու 2025-ը դիմաւորենք նոյն հեթանոսական ջերմեռանդութեամբ:

Հոս արդէն փիլիսոփայական հարցեր կը յառաջանան ընկալման ու մեկնաբանումի առումով: Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի ընկերաբանական դպրոցին մէջ (The Frankfurt School of Critical Theory)  ընկերութեան ձեւաւորման ու գործողութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններուն մէկ մասը միաժամանակ կիրարկելի են մեզի համար` որպէս պարզունակ համայնքային ցեղապետութիւն: Որովհետեւ այլ ձեւով կարելի չէ բացատել, թէ ի՞նչ կը պատահի մեր մէջ: Կը մնայ միայն ընդունիլ, որ մենք այն դասագրքային ժողովուրդը չենք, որ մեզի պատմած են, եւ ամէն ինչ պէտք է սկսինք զերոյէն: Սկսինք ամենափոքր հարցերէն: Սկսինք անհատական եւ ընկերային վարմունքի չափորոշիչներ մշակելով: Սկսինք այնպէս, ինչպէս հիւսիսային Քանատայի Ինութները կամ նման այլ հասարակութիւն մը: Սկսինք պարզէն: Մեր մօտ բարդ հարցերը այլեւս շատոնց անլուծելի են: Հայրենիքի փրկութեան ուղղուած գործողութիւնները զարմանալիօրէն կը յանգին հայրենիքի կորուստին: Այս մէկը բնական չէ, աւելին` սխալ է: Եւ այդ սխալը բացատրութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ՝ պատասխանատուութիւն: Այդ սխալին գինը հազարաւորներ իրենց կեանքով կը վճարեն, իսկ տասնեակ հազարաւորներ՝ կը դառնան հայրենազուրկ:

Նար-Դոս իր պատմուածքներէն մէկուն մէջ, վերլուծելով հասարակութեան ախտահարածութիւնը եւ անկէ դուրս գալու ելքը, կ’եզրակացնէ, որ միակ տարբերակը այն է, որ ծանր ջրհեղեղ մը պատահի ու սրբէ տանի  ամբողջ սերունդը իր բարքերով, սովորութիւններով, նախապաշարումներով, իր աղօթքներով ու անէծքներով եւ այն տեսարաններով, որոնց ականատես կը դառնանք:

Հարցը միայն Արցախը չէ: Հարցը մեր ապրելու եւ ապագային նայելու սկզբունքն է: Հարցն այն է, թէ ինչի կը հաւատնք մենք: Հարցը այն է, թէ ինչ կ’ուզենք իրականութեան մէջ:

Ի վերջոյ, Նոր տարին նորութեան ու թարմութեան իմաստը ունի: Ան նորութեան եւ փոփոխութեան խորհրդանիշ է, այլապէս իսկապէս թուականի փոփոխութիւնները անիմաստ կը դառնան եւ ստիպուած կ’ըլլանք համամիտ գտնեիլու Րաֆֆիի, որ Միով բանիւ, հայերի համար չկայ «նոր տարի»:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x