«Հեքիաթներ»ը՝ պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ

Մանկապատանեկան գրականութեան անդաստանը, մանկական թատրոնը եւ ընդհանրապէս կրթադաստիարակչական եւ մանկավարժական, մատղաշ սերունդին բարեկրթութիւնը ուսուցանող արուեստը հիմնուած է նախ՝ պատմելու, նորութիւններ փոխանցելու, ընդունակութիւններ եւ շնորհքներ պեղելու, տաղանդներու բացայայտումներ կատարելու, երեւակայութիւնը ընդլայնելու, մտածելու հմտութիւնները զարգացնելու հանգրուաններու վրայ, որոնք հիմնուած են ծրագիրներու օգնութեամբ։ Ի վերջոյ հիմնական եւ վերադաս թիրախն է ոգեշնչել, ստեղծագործական հոգին յայտնաբերել, զարգացնել եւ վերելքի մղել ծաղկահասակ տարիքի սերունդին մօտ թաքնուած հոգեմտաւոր արժէքները։ Ահա առանցքային առաջին կիզակէտին՝ պատմումի հիմնաքարին վրայ հաստատուած է դժուարին բայց նպատակաուղղուած ուսուցանելու մարդակենցաղ առաքելութիւնը։

Այս հասողութեամբ է, որ լոյս տեսաւ Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակութեամբ պատկերազարդ «Հեքիաթներ»-ու գեղատիպ երկրորդ հատորը հրատարակուած՝ Երեւանի մէջ 2023 թուին։ Հեղինակը չէ շեղած պատմումի ժանրին օժանդակութեամբ ուսուցանելու արուեստին վրայ կեդրոնանալու իր դիտաւորութենէն, նոյն ուղղութիւնը պահելով իր նախորդ «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ»-ու առաջին հատորին մէջ, հրատարակուած՝ Երեւան 2021 թուականին, հատորները լոյս տեսած են Շաքէ եւ Մարք Կրոկըն ամոլին մեկենասութեամբ ։

Բայց երբ պատմում ըսենք, պէտք է հասկնալ նաեւ հեքիաթներու դիտաւորութիւնը,  բարոյախօսութեան նպատակը եւ մանաւանդ ընտրութեան խրատիչ ու թելաթրիչ թիրախը, որոնք հիմնական ուղղութիւններն են, պատմումի դժուարին եւ երբեմն շատ խրթին գործին մէջ։ Այլ խօսքով ինչպիսի հեքիաթներ, թեմաներ, բովանդակութիւններ ընտրել, որոնք պիտի կարողանան այդ մանկավարժական նպատակը, կարդացողին աճման տարիքի ուղղորդումը, տարիքային յանձնարարութիւնները, դաստիարակչական շաւիղը աւելի հեզասահ եւ հրապուրիչ դարձնել։ Առաւել եւս անոնք կը միտին, մեր դեռատի սերունդին, պատանիներուն՝ հոգեբարոյական, կենցաղային, իմացական ներաշխարհը արտացոլելու, ընդարձակելու, զարգացնելու, հարստացնելու եւ գլխաւորաբար ազնուացնելու համար։

Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու երկրորդ հատորին մէջ, հեքիաթներու ընտրութեան խնամքը եղած է հնարամիտ, բազմաբովանդակ, այլազանութիւն ներմուծելու, ընթերցող աշակերտին կամ պատանիին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու, խթանելու նպատակով, ժամանակակից մանկապատանեկան պահանջները բաւարարելու մտադրութենէն, փոխանցելիք միտքը ճկուն եւ արդիական մoտեցումով ներկայացնելու դիտաւորութենէն։ Այս հատորի արգասիքը ամփոփուած է 9 հեքիաթներու՝ հայ եւ օտար նշանակալից համահանդէսի մը պուրակով եւ պատումներու վտակներով, որոնք միանալով առաջին հատորի 18 հեքիաթներուն հետ, միասնաբար իբրեւ հաւատարիմ ուղեւորներ կը յատկանշուին իրենց՝ պատմողական հաճելիութեամբ, նիւթի մատուցումի կենսունակութեամբ, լեզուական շքեղութեամբ, դիւրըմբռնելիութեամբ, աշխուժութեամբ եւ զուարճութեամբ, իւրաքանչիւրը ունի իր մասնայատուկ բոյրն ու թոյրը, իմաստային նրբերանգները։

Երկրորդ հատորին մէջ յիշուած  վերնագիրներուն ընդմէջէն կարելի է կռահել անոնց բովանդակութիւնը, ինչպէս՝ «Ոսկի Բադը», «Խելացի Նապաստակը», «Ագահ կաթնավաճառը», «Կարմիր ծաղիկը», «Երեք Թիթեռնիկները» «Եղեգնուհին», «Երեք տիկնիկի գաղտնիքը» եւ այլն։ Բնութեան, կենդանական, բուսական, մարդկային եւ երբեմն երազային, առասպելական, տնտեսական եւ այլաբանական խորքով նիւթաբարոյական շեշտադրումներով, պատումներու դրսեւորումներով։

Հատորի հեքիաթներու ընտրութիւնը իրենց մոգական հետաքրքութեամբ եւ գրաւչութեամբ տարածուն եւ ճոխամիտ հորիզոններ կրնան բանալ մեր պատանի ընթերցողներուն դիմաց, որոնք վստահաբար պիտի հարստացնեն նաեւ մեր մանկական գրականութեան պաշարը, ընկալուած հեքիաթներու ժառանգութիւնը:

Շ․ Մանկասարեանի հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ ալ նշմարելի է, դիտումնաւոր հեռատես առաջադրութիւն մը, անոնք չեն կեդրոնացած միայն հայկական իմաստալից հեքիաթներու ընտրութեան վրայ, այլ խօսքով միայն սեփականով չբաւարարուելու միտումով։ Հեղինակը օտար ազգերու հեքիաթներու ընդմէջէն, փորձած է մատուցել անոնց պատմումի մօտեցումները, մտահորիզոնը, իմաստասիրութիւնը, դատողութիւնը, թելադիր միտքը, մշակութային ժառանգութեան այլազանութիւնը։ Իրականութիւն մը, որ հեղինակը համամշակութային շրջագիծով մը, բազմաշերտ հիւսուածքով մը պարուրած է իր պատումները, մանաւանդ կայծակնային փոփոխութիւններով շրջապատուած համասփիւռքեան մեր կեանքի ինչեւիցէ պայմաններուն մէջ ։

Հեքիաթներու երկու հատորներուն մէջ կարելի չէ մոռնալ նաեւ տարուած թարգմանական տաղտկալի վաստակին բարեյաջող արգասիքը, հեղինակը ձեռնհասութեամբ կատարած է թարգմանական խնամատար աշխատանք մը առնչուած՝ ոճի, պատկերացումներու, աշխարհայեացքի, օգտագործած բառամթերքի եւ այլն։

Ակնարկի իսկ չի կարօտիր՝ գեղազարդ, յղկուն ու քնքուշ արեւմտահայերէնի հրապուրիչ պատմումի լեզուն, ամէն մէկ հեքիաթի աւարտին յաւելեալ բացատրողականներով, համեստ բառարանի մը օգնութեամբ օժանդակելու ընթերցողը։ Հեղինակը իր հեքիաթներու լեզուով, ներկայացուցած պատումներով կը հաստատէ մեր ինքնութեան, գոյատեւման անփոխարինելի խարիսխին՝ բիւրեղ մայրենին օգտագործելու եւ անոր կառչած մնալու, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու գրաւականը։ Գնահատանքի վայել աշխատանք մը, մանաւանդ գլուխը առած սրարշաւ դէպի համաշխարհայնացում սուրալով եւ բազմալեզու սլացքով վազող մեր այժմու հայ աշխարհին մէջ, նման հայերէն հեքիաթներու հրատարակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան հրամայականի գործնականացումին մէկ վկայութիւնն է։

Նշանակալի է նաեւ հեքիաթները արեւմտահայերէնով ներկայացնելու Շ․ Մանկասարեանի աշխատանքը։ Հոս կարելի է ընդգծել երկու հիմնական օգտաշատ նպատակներ՝ նախ դիւրամատչելիութիւնը, նկատի առնելով, որ  որոշ հեքիաթներ գրուած ըլլալով արեւելահայերէնի բարբառային ասոյթներով եւ ասացուածքներով, աւելի դիւրըմբռնելի պիտի դառնան արեւմտահայ պատանիներուն եւ հետաքրքրուող զանգուածներուն համար, իսկ երկրորդը այն է, որ հեղինակը իմանալով արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուական ընկալումներու փափկութիւնները, ճարտարապէս տիրապետելով նաեւ լեզուի երկու ճիւղաւորումներու լեզուամտածողական նրբութիւնները, իր լաւագոյնը մատուցած է անխախտ պահելով հեքիաթներու խորքը, պատմողական իմաստին ընկալումը, յատկութիւնը եւ որակը։ Բարեհաճոյ եւ օգտաշատ կամրջում մը իրագործելով նոյն լեզուի երկու ճիւղերուն միջեւ։

Ի վերջոյ հայ մայրն է, որ պահ մը պիտի մանկանայ եւ իր համեղ ու արդար մայրական կաթի դիեցումին հետ, այս հեքիաթներու գիրքերը կարդալով, իր զաւակներուն պատմելով, բարոյական սնունդ մը պիտի փոխանցէ, որ պիտի հրաշափոխուի հոգեպարար սնունդի։ Իսկ հայ ուսուցիչն ու ուսուցչուհին, նման հեքիաթներու օժանդակութեամբ եւ պատմելու, բացատրելու, խրախուսելու իրենց տաղանդով պիտի զրնգացնեն մեր մատղաշ սերունդներուն ականջները, պիտի  ազնուացնեն անոնց ներաշխարհը եւ վեհացնեն անոնց հոգեմտաւոր վսեմութիւնը։

Իսկ հայ դպրոցն ու հայկական մշակութային միութիւնները, կեդրոնները, յանձն պիտի առնեն «Հեքիաթներ»-ու եւ նման մանկապատանեկան գեղազմայլ եւ խորիմաստ գիրքերը ներկայացնելու, կարդալու, պատմելու, բացատրելու եւ մանաւանդ պատմումի աշխատանոցներ, մրցոյթներ կազմակերպելու, մեր շուրջ բոլորած մատղաշ սերունդին զարգացման ի խնդիր։ Սատար հանդիսանալով հայ մանկական գրականութեան գոհարները ծանօթացնելու  նոր սերունդին, սրտի մօտեցնելու հոն ամբարուած դաստիարակչական եւ բարոյախօսական խորքը, բացայայտելու անոնց գրական եւ գեղարուեստական արժէքները: Հաւատալով, որ նման ձեռնարկներու ծրագրումը անհրաժեշտութիւն մըն է, ի սէր հայ պատանիներուն եւ մատղաշ սերունդին առաւել հայացումի թիրախին։

Մեր սրտի մաղթանքն է, որ Շաքէ Մանկասարեանի «Հեքիաթներ»-ու այս շարքը շարունակուի, չընդհատուի անոր երթը, նոր եռանդով ու սլացքով տոգորուած տեւականացուի, կենսաւորուի նոր հատորներով, վսեմացնելով մեր հայ նորահասակ սերունդը, որ մեր ազգին ապագայի հիմնական նպատակակէտն է ։

Սրտահաճոյ ընթերցումի մաղթանքերով

Արա Սայեղ ծնած է Հալէպ, Սուրիա։ Ներկայիս Փրոֆեսէօր եւ գիտաշխատող է Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի Ճարտարագիտութեան համալսարանի (Politechnika Wroclawska) ի
կենսոլորտի բաժանմունքին մէջ: Երկար տարիներու իր դասախօսական, գիտական եւ վարչական ներդրումը ունեցած է Հալէպի պետական համալսարանի ուժանիւթի բաժնի վերելքին։ Իբրեւ հալէպահայ իր տարիներու ծառայութիւնը եւ գործունեայ մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ազգային, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ իր զանազան յօդուածներով հանդէս եկած է Սփիւռքի ընկերային, պատմական եւ մշակութային, հայ եկեղեցւոյ ու այլ նիւթերու մասին, իր ստորագրած յօդուածներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ լեհահայ համայնքի ժամանակակից եւ լեհահայոց` պատմական Սփիւռքի դարաւոր ժառանգութիւնը։ Հրատարակած է գիտական գիրքեր, անոնց կողքին հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով գիտական յօդուածներու՝
արաբերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով: Գիտական խորհուրդի անդամ է Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի մէջ 2019 թուականէն գործող «Լեհաստանի`Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ին մէջ։ Արժանացած է Լեհաստանի Նախագահի կողմէ շնորհուած «Ծառայութեան Արծաթեայ Խաչ» շքանշանին 2017 թուին առ ի գնահատանք՝ իր լեհահայ համայնքի մէջ գործօն մասնակցութեան։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

9 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Sihan Basmajian Tutunjian
Sihan Basmajian Tutunjian
5 months ago

Փրոֆ. Արա Սայեղի հեքեաթներու գրախօսականը՝ Արեւմտահայերէնի վերածուած երկու շնորհաւորելի հատորներուն մեկնաբանութիւնը, ինչպէս արժեւորող է այլ մշակներու իր իմաստուն մտքի արդար արտայայտութեամբ, կ’արտացոլէ մանկավարժական եւ
դաստիարակչական վեհ աշխատանք։ Հոյակապ էր։ Վարձքը ծով գնահատելի ։ 🌷Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեան:

Sihan Basmajian Tutunjian
Sihan Basmajian Tutunjian
5 months ago

Գաղափարի իրագործումը թանկագին սիրելի Շաքէ, լոյս ընծայած երկու հատորներու պարունակութեամբ, սքանչելի երեւոյթ մը մանուկին միտքը եւ հոգին հիմնաւորող’
ծաղիկ հասակին ։ Վարձքդ մեծապէս գնահատելի եւ շնորհաւորելի թանկագինս ։ Տիրոջ արդար Օրհնութեան արժանի Մեծութիւն ։ Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեան:

Sihan Basmajian Tutunjian
Sihan Basmajian Tutunjian
5 months ago

Շատ շնորհակալ եւ երախտապարտ եմ ‘ Link- ի տեղադրումիդ ։ ❤️🌷😘😘Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեան:

Եզնիկ Բալիկ Բալայեան
Եզնիկ Բալիկ Բալայեան
5 months ago

Արտերկրի մեր ժողովուրդին մատղաշ սերունդները հոգեմտաւոր արժէքներով օժտելու եւ ընկերաբարոյական սկզբունքներու տէր մարդ դարձնելու սքանչելի եւ օգտաշատ գիտելիքներ են վերոգրեալ բացայտումները ,որոնք գրի առնուած են կրթամշակութային ասպարէզի մէջ բարձունքի հասած եւ փորձառագէտ դարձած ՝Փրօֆ. Արա Սայէղի կողմէ,Շաքէ Մանկասարեանի արեւմտահայերէնի վերածուած «ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ»ու երկրորդ հատորի տպագրութեան առիթով։
Կը սիրենք յուսալ ,որ մանկական գրականութիւնը հարստացնող այս նորատիպ հատորը եւս,իր նախորդին «նման բազում ընթերցողներ ու գնահատողներ կ՝ունենայ։ Եզնիկ Բալայեան

Ara Sayegh
Ara Sayegh
5 months ago

Գրախօսական ըլլալէ շատ աւելին է փրոֆ. Արա Սայեղի իշխանական այս գրութիւնը: Իշխանական է, որով դաստիարակչական ու բարոյախօսական ընդերքին մէջ, հոն կայ յորդորը՝ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, փոքրիկի ներաշխարհը ազնուացնող հեքիաթներու պատմումի ուսուցանող ծրագիրը: Եւ աւելին հոն կայ կոչ մը ուղղուած հայ ընտանիքին իր մատղաշ սերունդի հայակերտումի անհատնում ջանքերուն: Անհրաժեշտութիւն է, որ ամէն ոք կարդայ ու պեղէ «Հեքիաթներ-ը՝ Պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ գրախօսականը, ուր կրթական ու դաստիարկչական պատգամ մը կը յղէ իւրաքանչիւրիս: Տուր ինձ զիմաստութիւն, Զբարիս խորհիլ եւ խօսիլ եւ կարդալ ու մնալ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸՆԴՄԻՇՏ իշխանական գրիչիդ սիրելի փրոֆ. Արա Սայեղ Ara Sayegh:

Շաքէ Մանկասարեան
Շաքէ Մանկասարեան
5 months ago

Գրախօսական ըլլալէ շատ աւելին է փրոֆ. Արա Սայեղի իշխանական այս գրութիւնը: Իշխանական է, որով դաստիարակչական ու բարոյախօսական ընդերքին մէջ, հոն կայ յորդորը՝ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, փոքրիկի ներաշխարհը ազնուացնող հեքիաթներու պատմումի ուսուցանող ծրագիրը: Եւ աւելին հոն կայ կոչ մը ուղղուած հայ ընտանիքին իր մատղաշ սերունդի հայակերտումի անհատնում ջանքերուն: Անհրաժեշտութիւն է, որ ամէն ոք կարդայ ու պեղէ «Հեքիաթներ-ը՝ Պատմումի ուսուցանող դիտաւորութեամբ գրախօսականը, ուր կրթական ու դաստիարկչական պատգամ մը կը յղէ իւրաքանչիւրիս: Տուր ինձ զիմաստութիւն, Զբարիս խորհիլ եւ խօսիլ եւ կարդալ ու մնալ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸՆԴՄԻՇՏ իշխանական գրիչիդ սիրելի փրոֆ. Արա Սայեղ Ara Sayegh: Շաքէ Մանկասարեան

Ազատուհի Սիմոնեան
Ազատուհի Սիմոնեան
5 months ago

Փրոֆ.Արա Սայեղի գրախօսականը Շաքէ Մանկասարեանի Հեքիաթներու երկրորդ հատորին նուիրուած կը գերազանցէ ընդունուած նորմերը ներկայացնելու գիրք մը իր բոլոր յատկանիշերով։ Նախ ան վեր կ՛առնէ մանկական գրականութեան առաքելութիւնը եւ ապա կը ներկայացնէ հեքիաթներու արժէքը պատանիի մտքի ու երեւակայութեան կազմաւորման յատկապէս պատանիի բարոյական արժեհամակարգի կազմաւորման մէջ երբ աշխարհակայնացումը իր հոլովոյթին մէջ կ՛առնէ այսօրուան նոր սերունդները։ Ըստ հեղինակին Մանկասարեանի պատմելու ոճի հաճելիութեամբ, դիւրըմբռնելիութեամբ եւ աշխուժութեամբ կարելի կ՛ըլլայ գրաւել պատանիի ուշադրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը։ Փրոֆ. Սայեղ կ՛արժեւորէ օտար ազգերէն առնուած հեքիաթները որոնք կը ծառայեն պատանիի մտքի հորիզոնին ընդլայնմանն ու խորացմանը։ Ան կը գնահատէ Մանկասարեանի թարգմանչական արուեստը թէ օտար լեզուներէն եղած թարգմանութեամբ թէ արեւելահայերէնէ վերածուած արեւմտահայերէնի։ Մանկասարեան տիրապետած ըլլալով արեւմտահայերէնի լեզուական գաղտնիքներուն ան գեղեցիկ ու մատչելի արեւմտահայերէնի կը վերածէ հեքիաթները։ Փրոֆ. Սայեղ կը հրաւիրէ մայրերը արժեւորելու սոյն հեքիաթները զանոնք կարդալով եւ պատմելով իրենց զաւակներուն ։ Կը հրաւիրէ ուսուցչուհիները եւ մանկավարժական խմբակներն ու մշակութային միութիւնները կազմակերպելու աղխատանոցներ ներկայացնելու սոյն հեքիաթները պատանիներուն։ Մրցանքներ կազմակերպելու զանոնք ասմունքով ներկայացնելու պատանիներու խումբերուն։ Հետաքրքրութիւն ստեղծելու մանկապատանեկան գրականութեան հեքիաթներու բաժնին։ Շնորհակալ աշխատանք հեղինակին ու գրախօսողին կողմէ։ Ազատուհի Սիմոնեան

Արա Սայեղ
Արա Սայեղ
5 months ago

Արա Սայեղ
Շատ շնորհակալ եմ տիկ Ազատուհի, Իրապաշտ, խորաթափանց եւ մանաւանդ գրախօսականի հիւսուածքին խորութիւնը զգալու եւ արտայայտելու համար։ Արդար եւ գրառումի որակի անվիճելի վսեմութեան համար երախտապարտ եմ՝ Արա

Ռուբէն Յովակիմեան
Ռուբէն Յովակիմեան
5 months ago

Արա սիրելի
Անկեղծ եւ անաչար է տուածդ գնահատականը բիւրեղ հայերէնով- ես եւս շնորհակալ եմ Շաքէի հետ միասին : ԿԱՐԴԱՑԻ ՍԻՐՈՎ Ռուբէն Յովակիմեան

9
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x