Featured - Page 13

Կեղծ ու սուտ լուրերու այս աշխարհին մէջ

Արիստոտէլի վերագրուած է այն խօսքը, թէ «գիտակից մտքի յատկանիշներէն է գաղափարի մը քննարկումը առանց անմիջապէս ընդունելու զայն» (It is the mark of an educated mind to be able to entertain a thought without accepting it)։ Այս խօսքերը ներկայ աշխարհին մէջ աւելի քան բարացուցական են, ուր ընկերային ցանցերը եւ ամբոխավար ղեկավարները, ներառեալ նախագահներ ու վարչապետեր, կը դիմեն զգացական ու խաբող քարոզչութեան՝ հանրային կարծիք ձեւաւորելու։ Այս պայմաններուն մէջ, գիտակից մարդիկ պէտք է վարժութիւն ձեռք ձգեն քննական ակնոցով ընկալելու բոլոր տեղեկութիւններն եւ լուրերը՝ առանց զանոնք անմիջապէս ընդունելու կամ մերժելու։

Պարտաւորուած կը զգանք յաճախակիօրէն յիշեցնելու այս իրականութիւնը:

Ընկերային ցանցերը դիւրացուցած են տեղեկութեան տարածումը, սակայն միաժամանակ անոնք մեծ դեր ունին կեղծ ու շինծու լուրերու եւ ընդհանրապէս ապատեղեկատուութեան տարածման մէջ։ Շատեր, առանց ստուգելու տեղեկութեան աղբիւրը եւ անոր արժանահաւատութիւնը, կը հաւատան՝ մանաւանդ եթէ ան համապատասխանէ իրենց նախապաշարումներուն։ Արիստոտէլոսի խօսքը կը յիշեցնէ մեզի, որ գիտակից մարդը պէտք է վերլուծէ տեղեկութիւնը, համեմատէ զանազան աղբիւրներու եւ ապա կազմէ իր սեփական կարծիքը։

Ժամանակակից աշխարհին մէջ բազմաթիւ ամբոխվար (populist) առաջնորդներ կ՛օգտագործեն պարզեցուած եւ յուզական հռետորաբանութիւն մը՝ ժողովուրդը մոլորեցնելու նպատակով։ Անոնք հասարակական խնդիրները կը ներկայացնեն պարզունակ ձեւով, յանցաւոր կը դարձնեն որոշ խումբեր եւ կ՛առաջարկեն «դիւրին լուծումներ», որոնք յաճախ անիրագործելի են։ Ցաւալի է, որ անոնց հետեւորդները, առանց հարցադրելու կամ քննարկելու, կը հաւատան այս յայտարարութիւններուն՝ անտեսելով բուն իրականութիւնը։

Կրթական մեր համակարգը պէտք է խրախուսէ քննական մտածողութիւնը։ Դպրոցները եւ համալսարանները պէտք է ուսանողներուն սորվեցնեն հարցադրելու, փաստարկները վերլուծելու եւ տրամաբանական սխալներ որոնելու ու ճանչնալու ձեւերը։ Հաւաքականութիւններ իսկապէս կրնայ ազատ եւ ժողովրդավարական դառնալ, երբ զանոնք բաղկացնող անդամները կրնան ինքնուրոյն մտածել եւ կասկածի տակ առնել ներկայացուած կարծիքները։

 Աւելի քան երկհազարամեակ մը առաջ Արիստոտէլի այս խօսքերը կը ծառայեն որպէս զգուշացում եւ հրաւէր՝ պահպանելու մտքի ազատութիւնը։ Այսօր, ուր ապատեղեկատուութիւնը կը տարածուի ակնթարթօրէն, պէտք է սորվինք վերլուծել եւ կասկածի տակ առնել ամէն ինչ ու չընդունիլ զանոնք առանց հարցադրելու։ Միայն այս կերպով կարելի է պաշտպանել ճշմարտութիւնը, խթանել ժողովրդավարութիւնը եւ…նոյնիսկ պահպանել խաղաղութիւնը:

Պուրճ Համուտի մեր տունը…եւ հարսնցու «որսացող» միջնորդները

Այդ օրը, Պուրճ Համուտի մեր տունը պէտք էր լաւ մաքրուէր: Թէեւ մեր տան մէջ մաքրութիւնը անպակաս էր, սակայն երբեմն կը պատահէր որ խիստ պահանջուէր այդ: Մենք երեք քոյր, բաւական ճարպիկ եւ արդէն ծանօթ գալիքին, մօրս չորս կողմը դառնալով հարց կու տայինք. «ի՞նչ պէտքը կայ դարձեալ մաքրելու, երէկ արդէն մաքրած ենք ամբողջ տունը»: Մօրս պատասխանը միշտ նոյնն էր. «ինչո՞ւ ամէն օր կը ճաշէք, անօթի՛ մնացէք, կ’ըլլա՞յ»: Ես պարմանուհի, շատ կը փորձէի գտնել կապը ամէն օր ճաշ ուտելուն եւ տան մաքրութեան միջեւ: Քոյրերով իրարու դէմքերը դիտելէ ետք, կը սկսէինք թեթեւ մը ծիծաղիլ եւ մեզմէ մէկը ցած ձայնով ու կէս խնդալով կ’արտասանէր, «ա՜հ, այսօր հի՜ւր պիտի գայ մեզի, հի՜ւր…»:

Մայրս կը յաջողէր իր ժպիտը զսպել ու կը շարունակէր ցուցմունքներ տալ: Անմիջապէս մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնը կը ստանձնէր. ես շատ կը փորձէի խուսափիլ, ճարպիկութիւն մը ընել, սակայն ի զուր, ամէն անգամ ալ ծանր գործերը ինծի կը վստահէին: Ես անշուշտ կ’առարկէի, բայց մայրս կը կրկնէր՝ աւելցնելով, թէ տան բարձր տեղերը ելլելն ու մաքրելը իմ պարտականութիւնս է, զայն վերագրելով ճկուն ու բարձրահասակ ըլլալուս: Նոյնը դպրոցն ալ կը պատահէր, ուր ինծի շարքին ամէնէն ետեւը կը դնէին. նաեւ դասարանին վերջին նստարանը պէտք էր նստէի, որ դասընկերներս հանգիստ տեսնէին գրատախտակը: Տան մէջ ալ, դժուար գործերը ինծի կը վստահուէր: Ի՞նչ կրնայի ընել, քոյրերէս բարձրահասակ էի եւ այն օրերուն բարձրահասակ ըլլալս դժբախտութիւն սեպած էի:

Մաքրութենէն ետք յայտարարութիւնը կ’ըլլար, թէ այդ օր Խաթուն թանթիկը մեզի պիտի այցելէ: Մեզի համար նորութիւն չէր հիւր ընդունիլը եւ արդէն յստակ էր այցելութեան առիթը, բայց կ’ուզէինք գիտնալ, թէ ո՞ր կինն էր այդ օրուան միջնորդը՝ մեր տուն փեսայ բերողը: Մենք երեքով կը փորձէինք կատակել եւ կ’որոշէինք որ ամէն մէկ բան հիւրասիրելու ժամանակ, մեզմէ մէկը դուրս գայ, փոխանակ միայն մեծ քոյրս կատարելու հիւրասիրութեան պաշտօնը, այսպիսով շփոթ կը յառաջացնէինք մեր հիւրին աչքերուն: Հարսնցու աղջիկներու խա՞ղ էր արդեօք կա՞մ պարմանուհիներու, որոնք տակաւին կ’ապրէին իրենց տարիքէն առաջ վազող հասունութիւնը: Կարծես մօրս ականջը շատ սուր էր, ան խիստ կը թելադրէր մեզի, որ մեծ քոյրս միայն հիւրասիրութիւնը կատարէ ու հիւրասենեակը նստի, իսկ ես եւ փոքր քոյրս մնանք մեր սենեակը: Փոքր քոյրս, արդէն, այսպէս ըսենք այդ օրերու հասկացողութեամբ՝ հարս ըլլալու տարիքը չէր հասած: Ես կը մնայի միայկ վտանգը, ես ալ քիչ մը չարաճճի, միշտ կը փորձէի այսպիսի հանդիպումները խանգարել:

Այդ օր, մեզի եկողը Խաթուն թանթիկն էր, ուրիշ օր Սիլվարդը կամ տիկին Մարին: Բոլոր մեր հիւրերը նոյն հարցումը կ’ուղղէին մօրս, որ մեր ականջներուն մէջ սուր կը հնչէր, «ուրիշ աղջիկներ ալ չունի՞ք», որովհետեւ շատ լաւ գիտէին մեր երեք քոյր ըլլալը, սակայն ըստ հին սովորութեան, տան առջինեկներուն առջինեկն էր որ պէտք է նախ կարգուէր, ապա մնացածը: Մենք, այս խօսքերը լսելէ ետք, չէինք կրնար զսպել մեր ծիծաղի ձայները, մայրս ալ զայն ծածկելու փորձեր ընելով՝ կ’աւելցնէր, «այո՛, բայց ինչպէս կը լսէք, միւս երկուքը շատ փոքր են». այդ պահուն ես ինծի հարց կու տայի, թէ արդեօք դուրսինը շա՜տ մեծ է:

Հոս կանգ չէր առներ խօսակցութիւնը, այլ ինքնավստահ եւ միաժամանակ խրատելով, մեր հիւրը կ’աւելցնէր, «պզտիկ զատիկը մեծ զատիկէն առաջ կու գայ, տիկի՛ն, միւս աղջիկներուն բախտը մի՛ կապէր ի շահ առջինեկին:» Զատիկը ի՞նչ կապ ունի բախտին ու ամուսնութեան հետ, ես չէի հասկնար եւ ճիշդ այս բառերը լսելուս պատճառով՝ կը փորձէի այդ հիւրերը քշելու ձեւ մը գտնել: Մայրս շատ կը փորձէր մեզի բացատրել, որ նման հիւրեր, մասնաւորաբար մեծ տարիքով կիներ, որոնք միջնորդութիւն կ’ընէին, անոնք կ’օգնէին ընտանիքի մը երիտասարդ տղուն՝ հա՛յ, լա՛ւ ընտանիքի աղջիկ մը որպէս հարս գտնելու, իսկ այս արարքը կը նկատուէր ԲԱՐԻ գործ եւ ամօթ է միջնորդը չընդունիլ:

Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ ուրիշ օր մը, տիկին Մարին յաջողեցաւ մայրս համոզել եւ այդ գիշեր մեզի այցելութեան բերել փեսացուն, երբ ան պնդելով ըսաւ. «բան մը չէք վնասեր, ես մէյ մը ձեզի այցելութեան բերեմ փեսացուն եւ իր ընտանիքը, տեսէ՛ք ապա կարծիք յայտնեցէ՛ք»: Մայրս յօժարած էր: Քիչ ետք, մայրիկս հայրս ալ համոզեց եւ, ինչպէս միշտ, ինծի վստահուեցաւ սուրհանդակի պաշտօնը կատարել, որովհետեւ ըստ մօրս՝ ճկուն էի ու արագավազ: Պէտք էր երթայի մեզմէ քանի մը թաղ անդին բնակող «մեծ մաման»` մօրս տարեց ազգականներէն մէկը հրաւիրելու՝ անոր յայտնելով մօրս փափաքը, որ կ’ըսէր. «այս գիշեր անպայման մեզի պիտի գաս, մամաս քեզի կը սպասէ»: Կը հասնի գիշերը եւ մեր հիւրերը կը ժամանեն:

Անշուշտ փոքրերը սենեակն են, իսկ միայն մեծերը դուրսը նստած կ’ընդունին հիւրերը: Մեզի խիստ թելադրուած էր ներսէն դուրս չելլել: Այդ ալ ե՞ս. քիչ մը հետաքրքիր ու անհանդարտ, ինչպէ՞ս չտեսնէի հիւր փեսացուն: Մէյ մը սենեակին դռան բանալիին ծակէն կը փորձէի նայիլ, մէյ մըն ալ դուռի ճեղքէն, բայց այս մէկը չէր յաջողեր եւ տան մէջ դռան ձայնն ու մեր շշուկը դորսը կը լսուէր: Երբ մայրս դռան ուղղութեամբ խոժոռ դէմքով մը նայէր. պէտք էր ալ լուռ մնայինք ներսը, թէ ոչ գլուխնիս փորձանք կու գար այդ գիշեր ու հետեւանքը՝ պատժուիլ:

Հետաքրքրական էր, որ երբ ներսէն դուրս դիտէի՝ կը տեսնէի տղաքը մէկ կողմ նստած, իսկ կիները միւս կողմը, կը փորձէին աւելի լաւ ծանօթանալ իրարու՝ մէկը գովելով իր աղջիկը՝ հարսնցուն, իսկ միւսը իր տղան՝ փեսացուն: Վրայ կը հասնէր նոյն հարցումներու տարափը, «պարոնը ի՞նչ գործով կը զբաղի, անձնական տուն ունի՞, ինքնաշարժ ունի՞, կը ծխէ՞, կը խմէ՞ եւ այլն»: Իսկ փեսային կողմէ ներկայաչուցիչը՝ «ձեր աղջիկը մեր տան ծաղիկը պիտի ըլլայ, մեր տան ծաղկամանը, մեր տան…»

Մինչեւ այսօր, «մեծ մամային»՝ տարեց մեր ազգականին տուած մէկ հարցումը կը մնայ մտքիս մէջ, «հա՞յ ես»: Ես ինծի կը հարցնէի, հայերէն կը խօսին բոլորը, ինչո՞ւ այդ հարցումը. եթէ հայ չէ, ինչո՞ւ հայերէն պիտի խօսի: Տարիներ ետք միայն հասկցայ այդ հարցումին նշանակութիւնը, թէ ան յարանուանութիւնն ու հայ ըլլալու գաղափար իրարու կը կապէր…: Ուրեմն, ճիշդ կամ սխալ, հին օրերուն որքա՜ն կարեւոր եղած է մեր սովորութիւններուն մէջ նոյն ըմբռնումները ունեցող ու նոյնանման սովորութիւններու տէր երկու ընտանիքներու միացումը, որ սահուն եւ համերաշխ ըլլայ անոնց ազգականական ապագայ կապը, նոյնպէս ալ նորակազմ զոյգին ընտանիքը: Իսկ մենք ներսէն դուրս նայելու փորձեր կ’ընէինք, պարզապէս տեսնելու թէ փեսան գլուխը մազ ունի՞, նիհարակա՞զմ է, թէ՞ ոչ:

Քանի մը օր ետք պատասխան պիտի տայինք, թէ միջնորդը կրկին այցելութեան գա՞ր մեզի, թէ՞ ոչ: Այդ միջոցին արդէն դուռ-դրացի իմացած կ’ըլլային, «մեր դրացիին աղջկան նայելու եկեր է այսինչ ընտանիքը», որովհետեւ սովորութիւն էր տեղեկութիւններ հաւաքել հարսնցուին մասին եւ միակ ճիշդ խողովակը մօտիկ դրացիներն էին, որոնք միասին մէկ, մեծ ընտանիքի պէս կ’ապրէին եւ լաւ կը ճանչնային զիրար: Բնականաբար, եթէ դրացիդ հարսնցու աղջիկ չունի, լաւ կը խօսէր քու մասիդ, իսկ եթէ ունի, հակառակը՝ թերութիւններուդ վրայ կը դնէր շեշտը: Դուն եւ քու բախտդ: Բարեբախտաբար մեր հայ դրացիներն ու թաղեցիները այս պարագաներուն ճշմարտութեամբ կը վկայէին իրարու մասին, գոնէ մէկ քանին ես անձամբ լսած եմ, երբ մօրս կը դիմէին հարցնելու ու պրպտելու, ան կ’ըսէր, «մեղք ունի, պէտք է ճիշդը ըսենք»:

Այսօր, այս սովորութիւններու մասին բնաւ չենք լսեր մեր հայ ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս մեր միջավայրին մէջ: Մենք հիմա «յառաջդիմած» դարու զաւակներ ենք, ուր չափահաս աղջիկն ու տղան բոլորովին ազատ են իրենց կեանքի ընկերը գտնելու եւ ընտրելու. անոնք կարիքը չունին ոչ միջնորդի, ոչ ալ բարեխօսի: Զոյգերը սիրայօժար ու ազատ կամքով կ’ընտրեն իրենց կեանքի ընկերը, իսկ ծնողքին պարտականութիւնը կ’ըլլայ միայն խրատել ու աղօթել, երբ անոնք գտնուին անխուսափելի իրականութեան դիմաց:

Արդեօք ո՞րն է ճիշդը. հիմա՛ որ մեր երիտասարդները ազատ են, սակայն դժբախտաբար հետզհետէ կը բարձրանայ ամուսնալուծումներու թիւը, իսկ ուրիշներ կարօտով կը յիշեն այդ հին ու անմեղ օրերը, երբ միջնորդներ ու ծնողներ հեռատեսութեամբ ու բծախնդրութեամբ կ’ուզէին միացնել իրենց զաւակները՝ համակերպումի, սկզբունքներու, սովորութիւններու, լեզուի եւ հայ ըլլալու շուրջ:  

Կը մնայ նշել, որ միջնորդները չկրցան «որսալ» մեր ընտանիքնին երեք աղջիկները….

Լենա Պօղոսեան

Դերասան Յարութ Թորոսեանի Լիբանանի թատերական կեանքի երեսուն տարիներու արգասիքը

Յարութ Թորոսեան մեր բեմերուն վրայ միշտ փնտռուած դերասան է՝ արժանացած ջերմ ծափերու: Ան իր ներդրումը ունի Լիբանանի վաստակաւոր թատերագիր-բեմադրիչներու ղեկավարած թատերախումբերուն մէջ: 1995-էն սկսեալ, ան մաս կազմած է հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչներու Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած թատերական ներկայացումներուն եւ թատերական ելոյթներով գտնուած է Կիպրոս, Յորդանան, Երեւան, Կիւմրի, Արտաշատ: 1998-ին, լիբանանահայ թատերական կեանքը եղած է յատկանշականօրէն աշխոյժ, որուն ապացոյցն է Յարութ Թորոսեանի խաղարկութիւնը չորս երախտաշատ բեմադրիչներու գործերուն մէջ:

Յարութ Թորոսեան իբրեւ հաղորդավար եւ խօսնակ կը յայտնուի LIBANO Հայ Ազգի Ձայն ռատիոկայանէն՝ ներկայացնելով «Աստղերը կ’երգեն» յայտագիրը: Իսկ, 2009-2018, որպէս հաղորդավար-խօսնակ ռատիո «Սեւան»էն: Այդ ինը տարիներուն, ան կը ներկայացնէ «Լաւագոյն Տասնեակ» յայտագիրը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր:

2010-ին, Հայաստան թատերական գործիչներու միութեան կողմէ Յարութ կը ստանայ ոսկի մետալ սփիւռքահայ թատերական արուեստին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար:

Յօդուածիս մէջ այս առիթով կը վաւերագրեմ նաեւ վաստակաշատ բեմադրիչներու մասին պեղած ծանօթագրութիւններս, որպէս երախտագիտութիւն  հայ թատերական կեանքի դեսպաններուն:

Դերասան Յարութ Թորոսեանի կենսագրական գիծերուն մասին խօսելէ առաջ, գրի կ’առնեմ 30 տարիներու՝ 1995-էն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը անոր 35 թատերական ներկայացումներու մասին համառօտ տեղեկութիւններ:

Այսպէս.-

1995, «Բամբասանք չէ բանն ասանկ է», Բեմադրիչ Վահէ Գամպուրեան, Յարութին դերը՝ Rako եւ Յարութիկ:

1998, «Չորեքշաբթի գիշեր», բեմադրիչ՝ Գրիգոր Տէկիրմէնճեան, դերը՝ Հայկազ:

1999, «Կիները բնաւ սուտ չեն խօսիր», բեմադրիչ՝ Գրիգոր Տէկիրմէնճեան, դերը՝ Jimmy Scot: Հիւրախաղերով հանդէս եկած են Յորդանան, 20 եւ 21 նոյեմբեր 1999-ին, Կիպրոս, 4 դեկտեմբեր 1999-ին:

Յարութ Թորոսեան մաս կազմած է նաեւ Համազգայինի  «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երկար տարիներու  ղեկավար, վաստակաշատ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի  ներկայացումներուն.

            1997, «Պրիզպանի գաղթականը», դերը՝ Չիչիօ:

            1998, «Cherie Noir», դերը՝ նոտար, գրագիր: Այս ներկայացումը հիւրախաղով ելոյթ    կ’ունենայ Կիպրոս:

1998, Լեւոն Շանթի «Կայսրը» թատերախաղին մէջ, Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է Ներքինի դերով:

1998,   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի[1]  «Աղուէսն ու Աղասին», տիկնիկային թատերախաղի մէջ հանդէս եկած է «Աքլոր»-ի դերով, բեմադրութեամբ հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ (հանգուցեալ) Արտաշէս Յովհաննիսեանի[2]:

2001-2013 տարիներուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի 12 թատերախաղերու մէջ դերասան Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է տարբեր դերակատարութիւններով, բեմադրութեամբ՝ հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ (այժմ հանգուցեալ)[3] Երուանդ Ղազանճեանի: Այսպէս.-

2001, «Մենակութեան վերջին կանգառը», Միչի դերով:  

2002, «Երեխաները կը մնան երեխաներ», Ricardo-ի դերով: Այս ներկայացումը հիւրախաղով կ’ունենայ Հալէպ եւ Կիպրոս:

2003, «Պաղտասար Աղբար», Կիպարի դերով: Այս ներկայացումը հիւրախաղով կ’ունենայ Կիպրոս, Երեւան եւ Կիւմրի:

2004, «Խաղաղ մենաստան», Jefferry դերով:

2005, «Ատամնաբոյժ արեւելեան», Նիկոյի դերով: Երգախառն կատակերգութիւն, հայրենի վաստակաւոր դերասաններու՝ Մարիամ Ղազարեան եւ Պորիս Պեպանեան կողքին:

2006, «Ստախօս կ’ուզուի», գլխաւոր ստախօսի դերով՝ Տոդորոս:

2007, «Գնա մեռիր եկուր սիրեմ», Robert-ի դերով:

2008, «Սալեմի վհուկները», գլխաւոր  John Prokter-ի դերով:

2009 «Տէր մի թողուր մեզ անտէր», Սէն-ի դերով:

2010 «Շողոքորթը», գլխաւոր շողոքորթի դերով: Այս ներկայացումը հիւրախաղով կ’ունենայ Երեւան եւ Արտաշատ:

2012, «Ազգային գործիչը», Գրիգորի դերով:

2013, «Եզովբոս», Եզովբոսի դերով: 3, 8, 9, 10 մարտ 2013-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Եզովբոս»-ի արեւմտահայերէնի վերածումը աշխատանքն էր լիբանանահայ բեմադրիչ ու դերասան Յարութ Գնդունիի[4]:

Համազգայինի  պարարուեստի միաւորին «Քնար» պարախումբի  գեղարուեստական բազմամեայ վաստակաշատ հայրենի ղեկավար եւ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան (այժմ հանգուցեալ) լիբանանահայ պարարուեստի կեանքի աշխուժացման մէջ ունեցած է 18-ամեայ նուիրական գործունէութիւն: 24-28 Յունիս 2009-ին, «Քազինօ Տը Լիպան»ի սրահին մէջ տեղի կ’ունենան «Քնար» պարախումբի «Չառլի Չափլին, Տը շո մասթ կօ օն…» պարային հինգ ելոյթները: Տարբեր ազգերու պարերուն կողքին, հանդիսատեսները կը ծանօթանան Չափլինի տիպարին ու անոր մարդասիրական դիմագիծին[5]: Դերասան Յարութ Թորոսեան  մաս կազմած է «Charlie Chaplin»-ի դերով:

Թատերագիր, արձակագիր, բեմադրիչ եւ դերասան Վաչէ Ատրունի[6] անունը ծանօթ է Պէյրութի եւ Հալէպի, Երեւանի եւ ամբողջ սփիւռքահայ թատերասէր ու գրասէր հանրութեան եւ մասնագէտներուն[7]: Դերասան  Յարութ Թորոսեան մաս կազմած է Վաչէ Ատրունիի հետեւեալ ներկայացումներուն.-

            2011, «Մեր թաղը», դերը՝ Գրիգոր եւ Սերոբէ եհովաճի:

            2013, «Մարաշ թիւ 46 փողոց», դերը՝ Միխայէլօ:

            2014, «Ծերունին եւ լեռը», դերը՝ Թորոս:

2015, Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ «Գարնան երեք օրերը» թատերախաղը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Թատերախաղին հեղինակն ու բեմադրիչն էր Վաչէ Ատրունի: Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է Շանթ Յովակիմեանի դերով: Թատերախաղը ներկայացուած է 2015-ին, 7-էն 10 մայիսին յաջորդաբար Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ[8]:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի  բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի ներկայացումներուն մէջ Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է.-

            2014, «Պիտի ըլլայ, պիտի չըլլայ», դերը՝ Սերժ Խուտիկեան:

            2015, «Բեմ 2000» թատերախումբը[9], համագործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, հանրութեան կը ներկայացնէ «100 տարի ետք կամուրջին տակ» տխուր կատակերգութիւնը, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Վարդան Մկրտիչեանն է:  Ներկայացման մէջ  Յարութ Թորոսեան ստանձնած էր (հայերէնի ուսուցիչի (Հայկ) դերը: Նիւթը 3 անտուներու մասին է, որոնք կ՛ապրին կամուրջին տակ. Հայկը (Յարութ Թորոսեան) նախապէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, ցնորած է եւ կը խօսի բանաստեղծութիւններով: Ան անդադար իսկական հայը, նաեւ տուֆ քարը գտնելու փնտռտուքի մէջ է[10]:

            2016, «Առանց տափատի անձնասպանը», դերը՝ Անձնասպանը:

            2017 «Սառնարան, դրամ, փախլավա» կատակերգութիւն, դերը՝ Խաժակ:

            2018, «Քաղաքավարութեան վնասները», մեծանուն  հայ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կատակերգութիւնը[11]:  Յարութ Թորոսեան՝ Գասպար Աղայի դերով:

Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանի հետ

«Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի հիմնադիր եւ աւելի ուշ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայրենի բեմադրիչ-դերասան Վիգէն Ստեփանեանի (այժմ հանգուցեալ)[12] բեմադրութեամբ [13] «Խաղալիքներու արկածները» Ամանորեայ հեքիաթ թատերախաղին մէջ հանդէս եկած է Ճոգօ դերով, Յակոբ Տէր Մելգոնեան թատերասրահ, 18-էն 28 դեկտեմբեր 1997, Պէյրութ:

Բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի հետ

2018, «Կամուրջէն դիտուած»: Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին եւ յաջորդական երկու օրերու վրայ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ «Թէաթրոն» թատերախումբին, կը բեմադրուի Արթըր Միլըրի «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Ալֆիերի` պատմողի եւ փաստաբանի դերով Յարութ Թորոսեան մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսը իրազեկ կը դարձնէ յաջորդ տեսարանի ընկալման եւ դերակատարներու հոգեվիճակին [14]:     Յայտնենք, որ «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղի թարգմանութիւնը կատարած եւ նախապէս բեմադրած է բազմավաստակ բեմադրիչ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեան:

2019, Լիլի Թոմասեանի հեղինակած «Կոմիտաս»  Երգախառն թատերգութիւնը անգլերէնէ կը թարգմանէ եւ կը բեմադրէ Սուրէն Խտըշեան՝ մեկենասութեամբ «ԳՈՀԱՐ» համոյթին։ Ձեռնարկին երաժշտական բաժինը կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։   Ի յարգանս Կոմիտաս վարդապետի մեծ դերին եւ ի գնահատանք խումբ մը երիտասարդներու այս նախաձեռնութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին անձնապէս ներկայ կը գտնուի ձեռնարկին։ Յարութ ներկայացումին մէջ հանդէս կու գայ Դերձակեանի դերով[15]:

Վերջին 2-3 տարիներուն, իր թատերական եւ հաղորդավարութեան կեանքին մէջ ստացած փորձառութիւնները համատեղելով, Յարութ կը ներկայացնէ stand-up comedy-ներ տարբեր ելոյթներու կամ պարահանդէսներու ընթացքին: Ան հանդէս եկած է Տուպայի մէջ, Le Meridien Dubai Hotel & Conference Centre Wasl Ballroom սրահին մէջ, նոր տարուայ խրախճանքին, 31 դեկտեմբեր 2023-ին, կազմակերպութեամբ Էմիրութիւններու հայոց թեմի վարչութեան:

2024-ին, բեմադրած է  իր դուստրին՝ Կայէլ Թորոսեան-Ճէրէճեանի մանկական թատրոնները՝  «Կրեթան Եւ Ոսկեայ Հաւկիթը»՝ 30 մարտ 2024-ին, «Կրեթան եւ կաղանդի նամակներ» ՝ 21 դեկտեմբեր 2024-ին, ներկայացուած են Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:

Կենսագրական գիծեր

Յարութ Թորոսեան ծնած է 1971-ին, Պէյրութ, Լիբանան, Պուրսացի հօրմէ եւ Այնթապցի մօրմէ: 1984-1990 տարիներուն, Յարութ կը յաճախէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը[16] եւ կ’աւարտէ յաջողութեամբ: Իր ուսման  տարիներուն, Մելքոնեան կրթական հաստատութեան տնօրէնուհիներ եղած են Տիկին Սօսի Պետիկեան (1976–1985), տիկին Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմեքճեան (1985–1988):

Յարութ երանութեամբ կը յիշէ գծագրութեան եւ երգի ուսուցիչ, արուեստագէտ, խմբավար-ղեկավար Սեպուհ Աբգարեանը (ծն. 12 յունիս 1930-մահ. 5 օգոստոս 2014, Կիպրոս),  որ իր ներդրումը ունեցած է արուեստի տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ինչպէս թատրոնի եւ արուեստի պատմութեան յատուկ դասապահերով:

Հայերէնի ուսուցիչ ունենալով Մինաս Գոճոյեանը, երախտագիտութեամբ կը յիշէ անոր քաջալերանքները, որուն շնորհիւ Յարութ մեծ մղումով ու անխոնջ կամքով ալ աւելի կը ջանայ տիրապետել մայրենիին՝ իր բառապաշարի հարստացման եւ  խօսքի զարգացման ուղղութեամբ: Ուսման տարիներուն «հայոց պատմութիւն» դասաւանդողները եղած են Մինաս Գոճոյեան եւ տիկին Սօսի Պոյաճեան-Պետիկեան [17](Նախապէս ուսուցչուհի ապա տնօրէնուհի Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան վարժարանի: Ան կը վարէր Դարուհի-Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը: 1985-ին, Մելգոնեանի հոգաբարձութիւնը (Հայկաշէն Ուզունեան, Գալուստ Էքմեքճեան, Հրաչ Մանուկեան ու պետական երեսփոխան՝ Արամ Գալայճեան) զինք կը հրաւիրեն Կիպրոս եւ կ’առաջարկեն ստանձնել Մելգոնեանի տնօրէնութիւնը), իսկ անգլերէն դասաւանդողները Պարպրա  Բիթըրզ եւ Եօլլա Քէչեճեան (Կիպրահայ):

Աջէն 3-րդ կարգ, առաջինը՝ Յարութ Թորոսեան:  Նկարը վերցուած է Facebook
Yeghia Kayayan:
1988-ին Կիպրոսի Մելգոնեան դպրոցի բեմի վրայ (ձախէն աջ) Յարութ Թորոսեան եւ Վազրիկ Մալխասեան կը ներկայացնեն Երուանդ Օտեանի «Սէր եւ Ծիծաղ» երգիծական  թատերգութիւնը:

Յարութ Թորոսեան 13 տարեկան էր, երբ  առաջին անգամ ընտանիքէն կը բաժնուի ու կը մեկնի  Կիպրոս: Ան կը յիշէ Մելգոնեան յաճախելու առաջին գիշերը, երբ մի՛այն ու մի՛այն տուն (Պէյրութ) վերադառնալու արցունքներով անցուցած է անքուն գիշերը: Ուսումնական վեց տարիներէն ետք, Յարութ դարձեալ արցունքով ու լալով անցուցած է հրաժեշտ տալու գիշերը, եւ այս անգամ ծանր էր բաժանումը Մելգոնեան հաստատութիւնէն, ընկեր-ընկերուհիներէն…:

Մելգոնեան դպրոցի ուսանողներու որդեգրած աւանդութիւններէն Յարութ կը պատմէ boyfriend-girlfriend հասկացողութիւնը. ուսանող պատանին իր ընտրած կամ սիրած դասընկերուհիին կ’ուղարկէր Մելգոնեանի սիրուած ճաշերէն մէկը՝ լահմաճուն եւ այն ալ չորեքշաբթի օրերը միայն, որովհետեւ տղոց եւ աղջկանց հանրակացարաններու ճաշացուցակը կը տարբերէր չորեքշաբթի օրերը:

Մելգոնեան դպրոցը ոչ միայն կրթական հաստատութիւն էր իմաստասիրութիւն, մեթոտաբանութիւն, հոգեբանութիւն եւ ընդհանուր պատմութիւն ուսուցանելու, այլեւ տաղանդներ յայտնաբերուելու կրթարան, ուր երգն ու պարը, արուեստն ու նկարչութիւնը, մարզանք, կարի ու ճաշ եփելու  դասընթացքներով կը կերտուէր հայ ուսանողը:

Կարդալ էջեր Մելգոնեանցիներու յուշերէն

«Կրթական մշակ Շաքէ Պասմաճեան-Բատոյեանի հետ» յօդուածը, Տարբերակ21:

https://tinyurl.com/5cycme55

«Հարցազրոյց կրթական մշակ Տիկին Սիհան Պասմաճեան-Թիւթիւնճեանի հետ»
Տարբերակ21:

https://tinyurl.com/4pnweu42

………………………………………………………………………………………………………………………………….

[1] 1959-ին կը հիմնուի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը եւ մինչեւ 2008 թուական կ՛ունենայ 12 բեմադրիչներ:

[2] Արտաշէս Կոնստանտինի Յովհաննիսեան (նոյեմբերի 15, 1939, Երեւան, ՀԽՍՀ – մարտի 15, 2014, Երեւան, ՀՀ), խորհրդային հայ թատերական ղեկավար, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր։

[3] Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշ. Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, 2001-2013 թուականներուն Պէյրութի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչ Երուանդ Ղազանճեան (ծն.՝1937-մահ.՝2019) ։

[4] Թատերական Արձագանգ. «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ «Եզովբոս» Թատրերկը,  https://archive.aztagdaily.com/archives/110726  12 մարտ 2013:

[5] «Քնար» պարախումբի «Չառլի Չափլին, Տը Շո մասթ կօ օն…» պարային ելոյթները (Լիբանան)  https://tinyurl.com/yfw842p4  hamazkayin.com

[6] Հեղինակ՝ Վաչէ Ատրունի, խորագիր՝ Ծերունին եւ Լեռը․ թատրերգութիւններ, խմբագիր՝ Ժիրայր Դանիէլեան: Հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի, թիւ 100, Անթիլիաս, 2020, 315 էջ:   Վաչէ Ատրունիի «Մեր թաղի մարդիկ» մանրապատումներ:  Խմբ.՝ Ա. Իւրնէշլեան: Հրատարակութիւն «Ռիչարտ եւ Թինա Քարոլան» գրական հիմնադրամի մրցանակին, Անթիլիաս, 2017, 465 էջ:

[7] Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի շրջանաւարտ Վաչէ Ատրունին 40  տարիէ ի վեր կնոջ՝ ծնունդով երեւանցի բեմադրիչ եւ դերասանուհի Լանա Քոչարեան-Ատրունիի հետ միասին նուիրուած է միջին արեւելքի հայալեզու թատրոնի պահպանման ու զարգացման գործին: https://zartonkdaily.net/2017/06/26   ,    https://tinyurl.com/3s6m2zjk 26 յունիս 2017:

[8] Պէյրութի ԹՄՄ Երուանդ Օտեան թատերախումբի «Գարնան երեք օրերը» թատերախաղը    https://zartonkdaily.net/2015/05/14/  https://tinyurl.com/4hzwf4yx 15 մայիս 2015:

[9] 2000-ին, Վարդան Մկրտիչեան կը հիմնէ «Բեմ 2000»-ը եւ իւրաքանչիւր ներկայացման ժամանակ ան կը հաւաքէ դերասաններ, չունի թատերախումբ: https://www.aztagdaily.com/archives/267622 : Վարդան Մկրտիչեան ծնած է  19 յունիս 1960-ին, Պէյրութ։ Ուսումը կը ստանայ Ե. Տեմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ, նաեւ երկու տարի ուսանած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը։ Երեւանի  գեղարուեստա-թատերական հիմնարկէն վկայեալ բեմադրիչ-դերասան Վարդան Մկրտիչեան 1983-էն, կը սկսի աշխատիլ թատրոնի մէջ։ Հինգ տարի շարունակ դերեր կը վերցնէ Վաչէ Ատրունիի «Հայկական շրջիկ թատերախումբին» մէջ։

[10]  «Բեմ 2000» թատերախումբը «100 Տարի Ետք` Կամուրջին Տակ» տխուր կատակերգութիւնը  https://www.aztagdaily.com/archives/266898 կը ներկայացնէ 9 նոյեմբեր 2015 -ին:

[11]   ՀԲԸՄ – ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները»,     https://tinyurl.com/4ej7xu8p    zartonkdaily.net ,  3 մարտ  2018:    

[12]  Վիգէն Ստեփանեան, հայ դերասան, բեմադրիչ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ  – ծն.՝ 8 Հոկտեբեր 1952- մահ.՝ 19 յունուար 2021:  1994-2003 թուականներուն աշխատած է Լիբանանի մէջ՝  Համազգայինին հետ։

[13] Վիգէն Ստեփանեան եղած է Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի հիմնադիր եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ: Դասաւանդած է Լիբանանի ազգային վարժարաններուն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Մեծ է անոր վաստակը լիբանանահայ դերասանական-բեմադրական մարզին մէջ, https://www.aztagdaily.com/archives/496346 20 Յունուար 2021:

[14] «Թէաթրոն» Թատերախումբ. «Կամուրջէն Դիտուած» թատերախաղը բեմ կը բարձրանայ https://www.aztagdaily.com/archives/417065 20 Նոյեմբեր 2018:

[15] Արամ Ա. Կաթողիկոս կ’ընդունի Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի թատերական ներկայացման յանձնախումբը: https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/35666 19 նոյեմբեր 2019:

[16] Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնu հիմնուած է 1920-ին Մելգոնեան եղբայրներուն կ’ողմէ` դառնալու հայկական սռփիւռքի հայեցի դաստիարակութէան լաւագոյն օրրաներէն մէկը՝ 40 տարբեր երկիրներէ ժամանած աշակերտներով:

[17] Սօսի Պոյաճեան-Պետիկեան պաշտօնավարած է 1976–1985:

«Թրամփ Ա.»՝ Միացեալ Նահանգներու թագաւո՞րը

Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք Մաքս Հասթինկզի «Թրամփի Աշխարհը՝ Թագաւորական Արքունիքի Ողբերգութիւնն ու Անխոհեմութիւնը» յօդուածը, ուր հեղինակը զուգահեռներ կը գծէ Տոնըլտ Թրամփի ղեկավարութեան ոճին եւ բացարձակ միապետներու սանձարաձակ իշխանութեան միջեւ։ Հիմնուելով պատմական օրինակներու վրայ՝ Հենրի ութերորդէն սկսեալ մինչեւ Կայսեր Վիլհելմ Երկրորդ, ան կ’ընդգծէ, որ Թրամփի նախագահութիւնը կը նմանի արքունիքի, ուր հաւատարմութիւն կը պահանջուի, ընդդիմութիւնը կը պատժուի, եւ իշխանութիւնը կը կիրարկուի աննախատեսելի ձեւով։

Հասթինկզ կը մերժէ այս երեւոյթը՝ ներկայացնելով ժողովրդավարական կառոյցներու տոկունութիւնը անցեալին, նոյնիսկ ճգնաժամերու ընթացքին, ինչպէս համաշխարհային բ. պատերազմի տարիներուն, մասնաւորաբար՝ Ֆրանքլին Ռուզվելթի եւ Ուինսթըն Չըրչիլի ղեկավարութեան օրինակը։ Ան կը զգուշացնէ, որ երբ ժողովրդավարական հակակշիռներն ու հաշուետուութեան համակարգը անկում կրեն, նոյնիսկ հանրապետութիւնները կրնան միապետութիւններու վերածուիլ։

Հեղինակին Մասին

Սըր Մաքս Հասթինկզ՝ բրիտանացի նշանաւոր լրագրող, պատմաբան եւ հեղինակ է, որ մասնագիտացած է զինուորական պատմութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Եղած է The Daily Telegraph-ի եւ The Evening Standard-ի խմբագիր, իսկ իր գործերը ընդգրկած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը, Վիեթնամի պատերազմը եւ պաղ պատերազմի աշխարհաքաղաքականութիւնը։ Անոր նշանաւոր գործերէն են Inferno: The World at War, 1939–1945, Vietnam: An Epic Tragedy, 1945–1975 եւ Abyss: The Cuban Missile Crisis 1962: Որպէս Bloomberg-ի «Տեսակէտ» բաժնի յօդուածագիր, Հասթինկզ պատմական խորաթափանցութեամբ կը վերլուծէ ժամանակակից քաղաքական իրադարձութիւնները՝ ընդգծելով անցեալի դասերը՝ ուղղուած այսօրուան աշխարհին։

Վ.Թ.

Թրամփի Աշխարհը՝ Թագաւորական Արքունիքի Ողբերգութիւնն ու Անխոհեմութիւնը

Մաքս Հասթինկզ

Տոնըլտ Թրամփ երբեք չէ ուզած նախագահ դառնալ դասական իմաստով՝ ենթարկուելով Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեամբ ճշդուած յոգնեցուցիչ սահմանափակումներուն։ Իրականութեան մէջ, ան փորձեց այդ մէկը եւ չի հաւնեցաւ։ Այսօր ան կը փորձէ թագաւոր խաղալ։ Ան ցոյց կու տայ սնափառութիւն, տրամադրութեան անկայունութիւն, սնոտիութիւն, ոխակալութիւն ենթադրեալ թշնամիներու հանդէպ եւ յատկապէս իր հեղինակութիւնը դրսեւորելու վճռականութիւն մը, յատկանիշ մը՝ որ ամբողջ հազարամեակ մը շարունակ բնորոշած է բացարձակ միապետները։ Ամերիկայի թագաւորը եւ անոր բանբերը՝ իշխան Ճէյ.Տի. Վանս, Միւնիխի մէջ անցեալ շաբաթ, զգուշացուցին Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները, որ ասկէ ետք անոնք իր գահին պէտք է մօտենան որպէս վասալներ ու խնդրարկուներ, կամ՝ երբեք։

Ան որ դիտած է BBC-ի Wolf Hall ֆիլմաշարը, որուն պատմութիւնը տեղի կ’ունենայ 16-րդ դարուն, Հենրի ութերորդի թագաւորութեան օրերուն, կրնայ զգալ արքունիքի մթնոլորտը՝ շքեղութեան, դաւադրութեան, քմահաճութեան եւ մանաւանդ վախի համատեղումով։ Որեւէ անձ, որ կ’ուզէր գործ ունենալ թագաւորներու եւ թագուհիներու հետ, կը գիտակցէր, որ իր կեանքը կը վտանգէր։ Երբ իշխանաւորին կամքը միակ վճռորոշ գործօնն էր, անոնց ճակատագիրը կախեալ էր անոր բարեհաճութենէն։ Եթէ զայն կորսնցնէին, կը կործանէին կամ կը գլխատուէին։ «Գլուխները կտրել…»՝ կը կանչէ Կարմիր Թագուհին «Ալիսը հրաշքներու երկրին մէջ» (Alice in Wonderland) պատմութեան մէջ։ Հենրի ութերորդը եւ իր ընտանիքին անդամները նոյնը կ՛ըսէին, բայց՝ իրական։ Միեւնոյն ատեն, փտածութիւնը խորապէս հաստատուած երեւոյթ դարձաւ. իշխանութիւն պահելու կամ առնուազն հարստութիւն ձեռք բերելու միակ միջոցը թագաւորական արքունիքին մէջ ազդեցութիւն ունենալը եղաւ:

Միապետերու պալատներուն մէջ սուտը կեանքի ձեւ էր։ Այն անհատներէն շատերը, որոնք ենթադրեալ դաւաճանութեան համար դատապարտուած էին, իրականութեան մէջ անմեղ էին եւ ոչ մէկ ամբաստանելի յանցանք գործած էին։ Անոնց գլխատուելու արժանի միակ մեղքը թագաւորին անհաւատարիմ նկատուիլն էր։

Մանկական երգը՝ կայսեր նոր հագուստներուն մասին, դարեր շարունակ իր արձագանգը գտած է, որովհետեւ իրականութեան վրայ հիմնուած է։ Բացարձակ իշխանաւորները չեն արտօներ, որ որեւէ մէկը ըսէ, թէ իրենք ձախողած են՝ ըլլայ ընտրութեան, բանավէճի թէ պատերազմի մէջ, կամ թէ անոնք մերկ կը շրջէին փողոցներուն մէջ իրենց պանծալի նոր հանդերձանքին փոխարէն, որովհետեւ նման խոստովանութիւն, որ պիտի բացայայտէր իրենց անկատարութիւնը, կրնար վտանգել անոնց ամբողջ ինքնընկալումը։

Չարլզ Բ. թագաւորի օրով, Բրիտանական նաւատորմին բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն՝ Սամուէլ Փիփսի՝ 1660-ական թուականներուն գրուած մեծ օրագրին մէջ կան անձնական ուրախութեան շատ պահեր, սակայն անոր գլխաւոր թեման մտահոգութիւնն է, եւ, իրօք՝ վախը։

Վրդոված, օրագրագիրը 1663-ին կը գրէր պալատին անբարոյական վարքին մասին. «Ոչ մէկ հոգածութիւն կը դրսեւորուի… ոչ՝ առեւտուրը պահպանելու, ոչ ալ՝ խմբակցութիւններուն դէմ դնելու, որոնք, Աստուած գիտէ, պատրաստ են պայթելու, քանի որ թագաւորը եւ իր շուրջը գտնուողները՝ բոլորը միայն իրենց հաճոյքներուն կամ շահերուն մասին կը մտածեն»։

Անորոշութիւնը սարսափելի է, եւ երբ ժողովուրդ մը թագաւորի մը քմահաճոյքին ենթակայ է, անորոշութիւնը կը դառնայ անոր բնական վիճակը։ Այս իրավիճակը արդէն իսկ բաւական վատ է, երբ իշխանաւորը խելամիտ կը թուի։ Սակայն աւելի կը ծանրանայ, երբ ան, Պաւարիոյ Լիւտուիկոս թագաւորին նման, 19-րդ դարուն, Ռուսիոյ զանազան ձարերուն պէս, կամ Բրիտանիոյ գահը 1760-1820 տարիներուն գրաւած Ճորճ երրորդի նման, խելամտութեան եւ խելագարութեան միջեւ կը տատանին:

Անմտութեան ծաւալի ամենէն ցած մակարդակին, Աւստրօ-Հունգարիոյ գահակալը, երիտասարդ կայսր Ֆրանց-Ժոզէֆ հեծելազօրքին կը հրամայէ իր պալատին առջեւ փորձեր կատարել, երբ հանդիսավայրը ծածկուած էր սառոյցով։ Ձիաւորներ կը մահանան։

Պատերազմները կը ներկայացնեն միապետական ինքնասիրութեան ծանրագոյն քմահաճոյքներէն մէկը։ Շէյքսփիր Հենրի Ե-ը հերոսական կերպարի վերածեց՝ անոր 1415-ին Աժինքուրի մէջ ֆրանսացիներու դէմ տարած յաղթանակին համար։ Իրականութեան մէջ, Հենրի՝ միջնադարեան շատ մը իշխանաւորներու պէս, տառապանք ու մահ տարածած էր՝ իր արշաւանքներուն միջոցով մեծութիւն ձեռք ձգելու մոլուցքով, ինչպէս՝ այսօրուան Ռուսիոյ Վլատիմիր Փութինը, որուն հանդէպ Թրամփ մեծ համարում ունի։

Բարոյական դասը, անշուշտ, այն է, որ մահացու է ազատութեան համար՝ որեւէ ղեկավարի անսահմանափակ իշխանութիւն տալը։ Բացի անկէ, թէ իրենք չեն յաւակնիր թագաւորներու նման աստուածատուր իրաւունքներ ունենալ՝ ինչպէս էր պարագան Անգլիոյ Չարլզ Ա. թագաւորին, այսպիսի մարդիկ յաճախ կը դրսեւորեն շփածած մանուկներու դիւրաբորբոքութիւնն ու տհասութիւնը։ Գերմանիոյ վերջին թագաւորական յիմարը՝ Կայսեր Վիլհելմ Բ., 1914-ի Յուլիսին, երբ իր մեծ ներդրումը ունեցած էր Ա. համաշխարհային պատերազմի հրահրումին մէջ, իր շուրջիններուն շամփայն մատուցելու հրաման տուաւ՝ պատերազմին բռնկումը տօնելու համար։

Ընդհակառակն, ես որպէս Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատմաբան, չեմ դադրիր զարմանալէ, որ երկու մեծ ժողովրդավարութիւնները՝ Մեծն Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները, պահպանեցին հաշուետուութեան  համակարգը, մինչ անոնք լիակատար պատերազմ կը մղէին իրենց ընդհանուր թշնամիներուն դէմ: Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթը Ամերիկայի մեծագոյն նախագահներէն մէկն էր, բայց ան անընդհատ հաշուի կ՚առնէր Քոնկրէսը եւ հոն գտնուող միջազգային մեկուսացման քաղաքականութեան կողմնակից իր հանրապետական ընդդիմախօսները:

Ուինսթըն Չըրչիլ Ամերիկան աւելի լաւ կը հասկնար, քան իր հայրենակիցներուն մեծ մասը, բայց նոյնիսկ ան երբե՛ք ամբողջովին չըմբռնեց, թէ որքանով Ռուզվելթ հարկադրուած էր հետեւելու Ամերիկայի օրէնսդիր մարմնի սահմանափակումներուն, յատկապէս երբ խօսքը նիւթական հարցերուն եւ դաշնակիցներուն տրամադրուող օժանդակութեան կը վերաբերէր։

Պատերազմի տարիներու Լոնտոնին մէջ, թէեւ Չըրչիլը աւելի մեծ անձնական իշխանութիւն կը վայելէր, քան որեւէ այլ ընտրուած բրիտանացի ղեկավար, ան երբե՛ք չկորսնցուց ժողովրդավարութեան մէջ վարչապետի վայել պատշաճ խոնարհութիւնը։ Կ’ըսուի, թէ Նախագահ Թրամփ Չըրչիլի կիսանդրին վերադարձուցած է Սպիտակ Տան իր գրասենեակը, բայց կը կասկածիմ, թէ ան ծանօթ է մեծագոյն անգլիացիին հետեւեալ պատմութեան.

1942-ին, օր մը, վարչապետը լարուած տրամադրութեան մէջ էր, երբ կը պատրաստուէր ելոյթ ունենալու խորհրդարանին մէջ։ Ան գիտէր, որ ճակատամարտերու պարտութիւններուն ու իսկական աղէտներու մասին խօսելէ ետք, իր քննադատները պիտի ջախջախէին զինք։ Անձնապէս իրեն մտերիմ իր աշխատակազմին ղեկավարը՝ Հէյսթինկզ «Փակ» Իզմէյը մեղմ ձայնով կ’առաջարկէ. «Ինչո՞ւ անոնց չես ըսեր, որ գրողը տանի բոլորդ»։ Չըրչիլը զայրոյթով կը դառնայ անոր եւ կը պատասխանէ. «Դուն պէտք չէ նման բաներ ըսես։ Ես այս խորհրդարանին ծառան եմ»։

Հրաշքի համազօր էր, որ Չըրչիլ կրցաւ իր ժողովուրդը առաջնորդել իր գոյութեան մեծագոյն ճգնաժամին ընդմէջէն՝ գոնէ մասամբ հաւատալով այն յանդիմանութեան, զոր Իզմէյին ըսաւ։ Խորհրդարանը երբեմն զինք կը հասցնէր զայրոյթի ու յուսահատութեան, բայց ան երբե՛ք հարցականի տակ չառաւ անոր սահմանադրական գերիշխանութիւնը։

Վախը, եւ ան հաստատապէս վախ է, որ կը համակէ աշխարհի մեծ մասը Թրամփի նախագահութեան այս առաջին շաբաթներուն, կը բխի այն համոզումէն, որ ամերիկեան ժողովրդավարութեան մեծ շարժակները դադրած են գործելէ։ Հլու-հնազանդ Քոնկրէսի մը մեծամասնութիւնը եւ կողմնակալ Գերագոյն դատարան մը կը մերժեն սանձել Թրամփի բացարձակ իշխանութիւնը, եւ ան անարգել կ’ոտնակոխէ օրէնքը։ Ան կը ձգտի դառնալու «Արեւու Թագաւոր»՝ ժամանակակիցներուն տուած անուանումը Ֆրանսայի Լուի ԺԴ-ին (1638-1715), բոլորը վերածելով իր ճառագայթներու գերիներուն, որոնք կրնան կորստեան մատնուիլ, երբ անոնց ջերմութենէն կը զրկուին։

Վանսի վիրաւորական ճառը Միւնիխի մէջ ուղղուած չէր իր դիմաց գտնուող եւրոպացիներուն, որքան իր տիրոջ երկրի հպատակներուն՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչպէս օտարները կը խոնարհին։ Ահա էական տարբերութիւն մը Ամերիկայի նոր միապետին եւ իր արքայական նախորդներու վարքագիծին միջեւ. թագաւորները կը պահպանէին բարեկամութիւնները, նոյնիսկ երբ սարսափելի արարքներ կը գործէին։ Թրամփի տունը բարեկրթութիւն չի ճանչնար։

Որոշ մեկնաբաններ կը ջանան յայտնաբերելու մեծ ծրագրի մը առկայութիւնը, զոր կը հետապնդէ նոր իշխանութիւնը։ Սակայն, աւելի հաւանական է, որ ընդհանրապէս ծրագիր գոյութիւն չունի։ Կայ միայն արքայական գոռոզութիւնը, տրամաբանութեան փոխարինումը քմահաճոյքով, քաղաքականութեան փոխարինումը սին խօսքերով եւ բարոյական որեւէ չափանիշի մերժումը կառավարութեան մէջ։

Մեզմէ շատերը, հին սերունդը, 21-րդ դարու աշխարհին մէջ բազմաթիւ աղէտներ նախատեսած էինք, բայց երբեք՝ այն, որ ամերիկացիները, որոնց առաջնորդութիւնը շնորհակալութեամբ ընդունած էինք 1945-էն ի վեր, կրնային հաշտուիլ հանրապետութեան փոխարէն միապետութիւն մը հաստատելու գաղափարին հետ՝ այն հանրապետութիւնը, որուն հանդէպ, Հիմնադիր Հայրերու ժամանակէն ի վեր, անոնք արդար հպարտութիւն զգացած են։

Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն

Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Վերջին տարիներուն, սփիւռքի կառոյցներու եւ ղեկավարութեան հարցը դարձած է աճող եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը։ Ապագան մշուշոտ է, իսկ ներկայ վիճակը՝ յուսախաբեցնող։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով՝ «Կը գտնուինք անդունդի եզրին: Համապատասխան դիրքորոշումներ պէտք է որդեգրենք՝ հեռու ամէն տեսակ անիրատես մօտեցումէ ու մակերեսային դատողութենէ:»(1)

Ժամանակն է կարկինը աւելի լայն բանալու եւ արմատական հարցերու մասին խօսելու։

Բացառութիւնները յարգելով, այսօր սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները կը նմանին լքուած շէնքերու, ուր անցեալի փառքը տակաւին յայտնապէս տեսանելի է, տէրերը, դեռ տեղ մը գոյութիւն ունին, բայց շատ քիչ բնակիչներ մնացած են: Ղեկավարները տեղ մը տակաւին ներկայ են, բայց անդամները, յատկապէս երիտասարդները, կա՛մ բացակայ են, կա՛մ ալ ներգրաւուած չեն: Ներկան ապրելու եւ ապագայ կերտելու ուժը զգալիօրէն թուլցած է: Ցեղասպանութենէն ետք, այս կազմակերպութիւնները կառուցուած էին ժամանակի պահանջներուն համապատասխան, երբ սփիւռքը նոր կը ձեւաւորուէր, երբ գաղթական հայութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն ունէր համախմբուելու, կեանք վերակերտելու եւ ինքնութիւն պահպանելու, կազմակերպուելու։ Սակայն ժամանակները փոխուած են, իսկ կառոյցները՝ ոչ։

Երբեմնի աշխուժ ու կենսունակ այս կառոյցները խորքային վերանորոգում եւ նոր շունչ կը պահանջեն, սակայն կը թուի, թէ անոնց ղեկավարները ո՛չ յստակ նպատակներ ունին, ո՛չ ալ բաւարար միջոցներ։ Փոխարէնը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, անոնք իրենց կազմակերպութիւնները վերածած են թանգարաններու, ուր իրենց ու անցորդներուն համար կը պահպանեն անցեալի վաստակի փայլքը՝ առանց ապագայի տեսիլքի, յոյսի կամ լուրջ ծրագիրներու։

Ղեկավարութեան խնդիրը միայն տեսական հարց չէ։ Վերջին տարիներուն, Սփիւռքի մէջ կատարուած հարցախոյզերը եւս պատկերացուցած են այս հարցը։ Սփիւռքահայ համայնքներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները զգալի մտահոգութիւններ կը բացայայտեն ղեկավարութեան մասին։ Տեսլական ունեցող եւ ուժեղ ղեկավարութեան պակասը կը նկատուի համայնքային կեանքի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը (2)։ Համայնքային ղեկավարներու եւ համայնքի անդամներու միջեւ կապը խզուած է, իսկ անդունդը՝ օրըստօրէ կը խորանայ։

Իրականութիւնը այն է, որ Սփիւռքը 21-րդ դարուն կտրուկ կերպարանափոխուած է, սակայն մեր կառոյցները չեն յարմարած այս փոփոխութիւններուն։ Այսօր սփիւռքը չունի իր պահանջներուն համաձայն ղեկավարներ, որոնք կրնան իսկապէս առաջնորդել եւ վերակազմակերպել զայն։ Եթէ նման ղեկավարներ գոյութիւն ունենային, այսօր այս խնդիրներուն մասին անընդհատ պիտի չխօսէինք։ Ղեկավարութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն գոյութիւն ունեցող իրավիճակը կառավարելով, այլ պէտք է գծէ ու կերտէ ապագան, ցանէ ու սերմանէ հունտերը եւ մշակէ հիմքերը, այլապէս ան պարզապէս կը վերածուի վարչական պաշտօնի՝ առանց որեւէ խորքային ազդեցութեան։

Ղեկավարութեան ամէնէն էական պարտականութիւններէն մէկը կառոյցին մշտական թարմացումին եւ կենսունակութեան ապահովումն է։ Այս հարցերը ղեկավարները նախ իրենք իրենց պէտք է ուղղեն եւ անկեղծութեամբ հայելիին նային: Ո՞րն է իմ կառոյցիս կամ կազմակերպութեանս առաքելութիւնը ԱՅՍՕՐ։ Ի՞նչ նպատակներ պէտք է իրականացնեմ, ի՞նչ ձեւերով, եւ ի՞նչ միջոցներով։ Ի՞նչ դերակատարութիւն ունի երիտասարդութիւնը եւ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կը տրուին անոր։ Քանի՞ կին անդամներ ունին մեր որոշումներ կայացնող բարձրագոյն ղեկավար մարմինները։ Քանի՞ 25-35 տարեկան երիտասարդ մաս կը կազմէ ղեկավարութեան։

Այս եւ այլ հիմնական հարցերը լոկ ձեւական ուսումնասիրութեան համար չեն, այլ գոյութենական խնդիրներ են, որոնք եթէ չգտնեն իրենց լուծումը՝ կառոյցները դատապարտուած են աստիճանական փլուզումի։

Առանց անկեղծ ներհայեցողութեան, ինքնասրբագրումի եւ ներքին «յեղափոխութեան»  անհնար է «հետեւորդներու» կամ «շարքայիններու» ուղղութիւն եւ յոյս տալ, ու աւելի էականը՝ նախընտրելի ապագայի մը ճանապարահագարտէզը ուրուագծել :

Սփիւռքի միասնականութեան կոչեր կամ կենացներ

Ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկն այն է, որ երբ խօսքը «համասփիւռքային», «միասնական» կամ «միացեալ» նախաձեռնութիւններու մասին է, անոնք յաճախ կը մնան անհասցէ եւ դատարկ կարգախօսներ։ Ո՞րոնք են այդ յայտարարութիւններուն հասցէատէրերը.- ո՞ր կրօնական հաստատութիւնը, ո՞ր կուսակցութիւնը, ո՞ր կազմակերպութիւնը կամ կառոյցը: Շատ մը ղեկավարներ, որոնք նման կոչեր կ՛ուղղեն, իրականութեան մէջ կը ձգտին համայքային կազմակերպութիւնները համախմբելու իրենց ծրագիրներուն շուրջ՝ առանց իրական երկխօսութեան, փոխադարձ հասկացութեան կամ յարգանքի։ Այսինքն, անոնք չեն ձգտիր հարցերուն շուրջ բաց քննարկումներու եւ համախոհ լուծումներու, այլ պարզապէս կը փորձեն միւսները բերելու իրենց կողմը՝ առանց երկուստեք գաղափարական կամ մարտավարական զիջումներու կամ յարմարեցումներու։ Շատ անգամ, նման յայտարարութիւններ տկարութեան նշան են, այսինքն՝ ո՛չ մտածուած եւ մշակուած ծրագիր կայ ո՛չ ալ անհրաժեշտ միջոցները: Իսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնք արդէն իրենց տնային աշխատանքը կատարած են եւ միջոցներ ձեռք բերած, աշխատանքը կը տանին առանց սպասելու այլ կառոյցներու «միասնութեան» կամ «համագործակցութեան:»

Վերջերս, յօդուածի մը մէջ (3), սրտցաւ եւ մտահոգ կուսակցական մը կը մատնանշէր իր կառոյցին հիմնական հարցը՝

[Շարքայիններու] ըմբոստութիւնը առիթ մը պէտք է հանդիսանար եւ հանդիսանայ… որ վերանային եւ քննարկեն կուսակցութեան ընդհանուր կառուցուածքը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը։ Այստեղ կառուցուածք ըսելով պէտք է հասկնալ անոր պատմութիւնը, կազմակերպական կառոյցը, աշխարհընկալումը, քաղաքական դերակատարութիւնը, ծրագիրը, այլ խօսքով ամէն ինչ որ կ՚առընչուի կազմակերպութեան հետ, որպէս գաղափարներ եւ կազմակերպութիւն»:

Յօդուածագիրը ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կը մատնանշէ, թէ ինչպէս իր կուսակցութիւնը—եւ ես պիտի աւելցնէի սփիւռքեան «դասական» այլ կառոյցները— իրենց պատմութիւնը եւ դերակատարութիւնը «առասպելականացուցած» են եւ իբրեւ այդպիսին «անքննելի» են: «Այս սրբացումը, որ շեշտուած է մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի» կազմակերպութիւններու անդամներուն մէջ, «ժամանակի ընթացքին այլամերժութեան հոգեվիճակ ստեղծած է» կառոյցներուն մէջ:

Այստեղ մեր քննարկումին համար կարեւոր չէ ո՞ր կուսակցութեան մասին է խօսքը, ըսուածը բոլոր սփիւռքեան «դասական» կառոյցներուն կը վերաբերի:  Սփիւռքի ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ լոկ անցեալի ձեռքբերումներով, այլ ապագայի համարձակ եւ խորաթափանց տեսլականով։ Այժմ ժամանակն է ոչ թէ միայն խօսելու «համասփիւռքեան միասնականութեան» մասին, այլ իրական, գործնական քայլերու դիմելու՝ նոր տեսլականով, նոր մեթոտներով եւ նոր առաջնորդներով։

Սփիւռքի կազմակերպութիւնները վերակենդանացնելու համար անհրաժեշտ է ինքնաքննադատութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ աշխատելակերպի ու ոճի վերանայում: Սփիւռքեան կառոյցները պէտք է յստակեցնեն իրենց առաքելութիւնն ու նպատակները՝ ստեղծելով բաց երկխօսութեան հարթակներ ղեկավարներու եւ անդամներու միջեւ։ Երիտասարդներու ներգրաւումը պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն՝ զիրենք ընդգրկելով որոշում կայացնող մարմիններուն մէջ եւ օգտագործելով թուային արհեստագիտութիւններ՝ զանոնք հասանելի դարձնելու նպատակով։ Կանանց ներգրաւումը եւ ղեկավարութեան մէջ անոնց ընդգրկումը, ցանցային եւ ճկուն կառավարման մեթոտներու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ՝ համայնքային կազմակերպութիւններու համար համագործակցային նոր ձեւաչափերու փորձարկումն ու գործադրութիւնը կրնան նպաստել աւելի ժամանակակից եւ կենսունակ կառոյցներու ստեղծումին։ Գաղափարախօսութիւնը գործնական ու կիրարելի պէտք է ըլլայ եւ ոչ միայն «դաւանանք»: Անցեալի սխալներու գիտակցութիւնը եւ քննական մօտեցում որդեգրելը, դասեր քաղելը եւ նոր մօտեցումներ ներմուծելը կրնան հնարաւորութիւն տալ կառոյցներուն ձերբազատելու անքննելի առասպելներէ եւ ականջալուր ըլլալու 21-րդ դարու պահանջներուն։ Վերջապէս, նոր ղեկավարներու պատրաստութիւնը,  սփիւռքի այլ կառոյցներու յաջողած օրինակներու որդեգրումն ու յարմարեցումը կրնան ապագայասլաց, կենսունակ ու արդիւնաւէտ ղեկավարութիւն ձեւաւորել:

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան (www.hratch.info) ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հայկական հաստատութենական նորարարութեան ծրագրային հեղինակ եւ գործադիր է:

_________

  1. Երեւանի մէջ ընթերցուած Արամ Վեհափառի ուղերձը, «Երկիր» 26 Փետրուար 2025. https://yerkir.am/hy/article/2025/02/26/287852:
  2. Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ (2019, 2021, 2022), տես՝ www.armeniandiasporasurvey.com
  3. «Նոր Յառաջ», 6 Փետրուար 2025, էջ 6:

Պոլսահայ կինը իբրեւ կատարողական կուռք

Պոլսահայ կնոջմէ ակնկալուածը անուանակոչութեան տօներուն ճաշասեղան պատրաստել, ազգականներ հիւրընկալել, լաւ ուտելիք եփել, մեծ ընտանիքը համախմբել, տունը մաքուր ու կոկիկ պահել եւ միշտ խնամուած ու վայելուչ ըլլալն է։ Այլ խօսքով, պոլսահայ կինը պէտք է կատարելութենէ վեր անձ մը ըլլայ։

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Նախորդ յօդուածիս մէջ խօսեցայ պոլսահայու պատմական մենաշնորհներուն մասին։ Այս անգամ պիտի անդրադառնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Պոլսոյ մէջ հայ կին ըլլալը։ 

Հայրս միշտ կը գանգատէր մօրս հիւրասէր չըլլալուն եւ, հակառակ իր հայրական տան, մեր տան հիւրերով, ազգականներով չվխտալուն եւ ճաշասեղանին շուրջ ահագին մարդ չնստելուն մասին։ Ան այս կը վերագրէր մօրս աշխատող կին ըլլալուն եւ բնաւ չէր զլանար իր այս դժգոհանքը ամէն առիթի արտայայտելէ։ Հիմա որ կը մտածեմ ասոր մասին, կը նկատեմ, որ մայրս, ի տարբերութիւն իմ ճանչցած բազմաթիւ հայ կիներու, չէր սիրեր մեծ սեղան սարքել  ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ բարեկամներուն հրաւիրել  յատուկ առիթներու, ինչպէս՝ անուանակոչութեան կամ այլ տօնական օրերու։ Դրացիներուն սուրճ խմելու չէր այցելեր (բացի այն մէկ-երկու անգամէն՝ նախքան հոգին աւանդելը) ու թղթախաղ չէր խաղար։ Ընկերներուն հետ այցելութիւնը կը սահմանափակէր տարին մէկ կամ երկու անգամի։ Այլ խօսքով, հօրս պոլսահայ ընտանիքի մը ակնկալութիւնները բնաւ չէր ամբողջացներ, իսկ այդ մէկը զինք չէր անհանգստացներ։

Սուրբծննդեան ու զատկուան տօներուն, ճաշացանկէն կը ստանձնէր իր գիտցածները եւ մնացածը իր տալերուն կը վստահէր։ Մայրս իր մօր նման էր։ Իր մայրը Կարինէն էր (էրզրում) եւ այն ժամանակահատուածին, որուն ականատես եղայ, մօրենական ազգականներս գոյութենական պայքար մը կը մղէին։ Հակառակ պոլսահայերուն, անոնք ապրած էին մէկէ աւելի աղէտներ՝ դիմագրաւելով հիւանդութիւններ, չքաւորութիւն, առանձնութիւն եւ անճարութիւն։ Մայրս ի վիճակի չէր այլոց հիւրասիրութեամբ զբաղելու։ Ան հազիւ թէ կարողացած է իր ընտանեկան մօտիկ պարագաներուն հոգատարութեամբ զբաղիլ՝ անոնց համար ընելով ինչ որ կու գար իր ձեռքէն։ Մանկութեանս ընկերներէս մին ըսած է, որ զինք տպաւորած էր մօրս համակարգուած աշխատելաոճը՝ կիրակի օրերուն ամբողջ շաբթուան ուտելիքը պատրաստելը։ Ընկերոջս մայրը օրական դրութեամբ ճաշ կը պատրաստէր, իսկ ընկերս կը զմայլէր մօրս ամէն բան նախապէս ծրագրած ըլլալուն կարողութեան վրայ։ Շատ լաւ կը յիշեմ, որ մանկութեանս անախորժ էր այս շաբաթական ճաշ պատրաստելու սովորութիւնը։ Բայց ընկերս իրաւունք ունէր, որպէս աշխատող կին՝ մայրս այլընտրանք չունէր։ Ատկէ բացի, մեզ կերակրելէ ետք, մայրս իր ժամանակը կ՚անցընէր ընթերցելով, հայկական բոլոր հրատարակութիւններուն հետեւելով եւ երբեմն թարգմանելով։ Այնուամենայնիւ, ասոնք իրմէ ակնկալուած կատարողութիւններ չէին։ 

Պոլսահայ կնոջմէ ակնկալուածը անուանակոչութեան տօներուն ճաշասեղան պատրաստել, ազգականներ հիւրընկալել, լաւ ուտելիք եփել, մեծ ընտանիքը համախմբել, տունը մաքուր ու կոկիկ պահել եւ միշտ խնամուած ու վայելուչ ըլլալն է։ Այլ խօսքով, պոլսահայ կինը պէտք է կատարելութենէ վեր անձ մը ըլլայ։ Հիմա որ կը մտածեմ ասոնց մասին, կը տեսնեմ, որ այս ակնկալութիւններէն քանի մը հատը ազդած է ինծի,–հօրքուրներս զիս յուսահատաբար սորվեցուցած են ճաշ եփել, մանաւա՛նդ այն ճաշերը, որոնք մայրս չէր գիտեր պատրաստել՝ նպատակ ունենալով զիս վերածելու պոլսահայ կնոջ մը, որ թէ՛ տանտիրուհի էր, թէ՛ աշխատող կին, բան մը, որ մայրս չէր կրցած կատարելագործել։ Վստահաբար դուք չէք մտածեր այս ակնկալութիւններուն վատ բան մը ըլլալուն մասին, բայց յստակ է, որ կատարելագործութեան չափանիշը միշտ բարձրացումի մէջ եղած է, այլ խօսքով, ցուցանիշը անընդհատ կը բարձրանայ։  

Եթէ մետաղադրամին մէկ երեսը տան մէջ կատարողութիւնն է, միւս երեսը համայնքին մէջ աշխատունակ, կանանց խումբերու մէջ աշխատող եւ պարտականութիւններ վերցնող ըլլալն է։ Նման տարածքներու մէջ գոյութիւն ունենալու անգիր նախապայմանը վերոնշեալ ակնկալութիւնները ամբողջացնելն է։ Այլ խօսքով, տան առնչուած բոլոր նախապայմանները պէտք է ամբողջանայ, իսկ տունէն դուրսի բոլոր ակնկալութիւնները պէտք է իրականայ։ Եթէ տան մը կատարողութեան պայմանները չես ամբողջացներ, մի մտածեր անգամ վերոնշեալ խումբերուն մաս կազմել։ Ուստի, կարելի է ըսել, որ «պոլսահայ կին»-ը իւրայատուկ կատարողական կուռքի ստեղծման ծրագիր մըն է։ ՊԷտք չունի մտածելու ինքնիր կամ իր ապրած պայմաններուն մասին, պէտք չունի թերթ, գիրք, հայերէն, թրքերէն կամ այլ լեզուով կարդալու, իրմէ չ՚ակնկալուիր որեւէ մտաւորական աշխատանք։ Այնուամենայնիւ, անոնք կ՚ամբողջացնեն անվերապահ ենթադրութիւններու նախապայմանները, որոնք կը հաստատեն, թէ զանազան մտաւոր եւ հասարակական գործունէութիւններ կ՚անցնին ստամոքսէն, իսկ այս զանազան գործունէութիւններուն մէջ ուժեղ, հմուտ եւ գործունեայ է կինը…

Ի՞նչ վատ բան կայ այս բոլորին մէջ։ Ոչինչ՝ բացի այն, որ այս բոլորը անհասանելի բաներ են։ Կիներուն դիմաց անընդհատ կը դրուին կատարելագործութեան անհասանելի չափանիշներ եւ  այս պատճառով անոնք մշտապէս կ՚ենթարկուին անուղղակի բռնութեան. բայց քանի որ անոնք այս բոլորը ներընդունած են՝ չեն իսկ անդրադառնար եւ կը շարունակեն աշխատիլ մեքենայաբար, ժամացոյցի պէս, առանց նկատելու,– ո՛չ մէկ վատ բան, իսկապէս։ Անոնք բաւականաչափ անհանգիստ կը զգան երբ առանձինն մնան եւ աւելի շատ ուրիշներու համար կ՚ապրին քան իրենք իրենց. նոյնիսկ ամէնէն պարզ հարցումը չեն կրնար պատասխանել, թէ՝ «ի՞նչ կը սիրես ընել, ի՞նչ կ՚ուզես ընել». ի՞նչ վատ բան կրնայ ըլլալ ասոր մէջ։ Ո՛չ մէկ, Մանաւանդ այն կիներու համար, որոնք կու գան 1915-ի աղէտէն վերապրած ընտանիքներէ եւ որոնք իրենց ամբողջ ընտանիքներուն հոգեխոցը կը կրեն իրենց մէջ՝ փորձելով գոյատեւել Պոլսոյ մէջ՝ մինչ անընդհատ կը նսեմացուին, եւ որոնք բոլոր մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն առանց իսկ գիտակից ըլլաու ատոր,– ի՞նչ վատ բան կրնայ ըլլայ որ…։ 

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

 Թարգմանեց Արազ Գոճայեան

Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 3 փետրուար 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ https://bit.ly/41Inos6)

Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Բարռեսիա Գոլէքթիվ կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը:

Կը գրենք, կը գոռանք, կը համոզենք, կը հայհոյենք Հայաստանի մէջ. աղմուկ կը հանենք՝ ահաբեկող ու անբովանդակ

Ինչպիսի՞ գաղափարախօսութիւն անհրաժեշտ է հայուն: Տարատեսակ քաղաքական, հասարակական խումբեր ու անհատներ զբաղած են անընդհատ այդ բոլորը քննարկելով ու մեծ հաշուով՝ ապարդիւն: Հարցը ոչ միայն այն է, որ այդ քննարկումները այնքա՛ն մակերեսային են, որ անհնար է լուրջ արդիւնք ստանալ, այլեւ այն, որ շատերու կարծիքով ազգ ու գաղափարախօսութիւն ըսուածը փազլ է ու փափաքած ատեն կարելի է հաւաքել զայն ու վերջ՝ ազգային ինքնութեան ու գաղափարախօսութեան խնդիրները լուծուած են: Զգացումներով ապրող հասարակութիւններու համար խիստ տհաճ է վայրկենական «յայտնագործութիւնները» մէկ կողմ դնել ու որեւէ բան ուսումնասիրել ամբողջական խորութեամբ: Այդ հասկանալի է, ինչո՞ւ տասնեակ տարիներ վատնել որեւէ ուսումնասիրութեան վրայ, եթէ կարելի է պատմութեան ու զարգացման ողջ տրամաբանութիւնը դնել մէկ կողմ, քանի մը գեղեցիկ հեքիաթներ յօրինել, բացարձակապէս ամէն ինչ բացատրել միտումնաւոր անորակութեամբ ու վերջ՝ բոլորը գոհ են:

Բայց եթէ մէկ կողմ թողունք այն բոլորը, որոնց համար քաղաքագիտութիւնն ու պատմութիւնը ընդամէնը զուարճանք է, իսկ ազգային ինքնութեան ու գաղափարախօսութեան մասին միտքերը՝ սուրճի ժամուն «պարապ ժամանակի խաղալիք», ապա հարցը կը բարդանայ այնքանով, որ այս պահուն գաղափարական պարապի մէջ գտնուող հասարակութիւնը, չի կրնար իր միտքերը այնքան պարզ ձեւակերպել, որ եթէ ոչ վաղը, ապա առնուազն որոշ ժամանակ յետոյ հասկնայ, թէ իր ուզածն ի վերջոյ ի՞նչ է: Յաղթանա՞կ, հարստութի՞ւն եւ այլն, այդ բոլորը արդիւնքներ են, հետեւանք  բանի մը: Անոնք կրնան ու ցանկալի է ու նպատակային հետեւանքներ ըլլան, բայց ոչ բուն էութիւնը: Յաղթանակ ու հարստութիւն, հզօրութիւն յանուն բանի մը, ու մենք նոյնիքն այդ ինչ որ «բանի մը» չունինք:

Հայերը այն զարմանալի ազգերէն են, որ աշխարհի մէջ տեսած են ամէն ինչ, բացարձակապէս ամէն ինչ: Հայերը ապրած են ըներատնտեսական ամէն դրութեան մէջ, ունեցան են ամէն տեսակի կառավարումներ, Հայաստանի մէջ եղած են քաղաքական գրեթէ բոլոր գաղափարախօսութիւնները: Եւ ի՞նչ ընել: Ի՞նչ առաջարկել ժողովուրդի մը, որ տեսած է ամէն ինչ, որ եղած է աշխարհի հզօրագոյն կայսրութիւններէն մէկը ու նաեւ դարերով պետութիւն չէ ունեցած: Այժմ ի՞նչ կը ցանկայ այդ հասարակութիւնը:

Քաղաքական-կուսակցական գաղափարախօսութիւնները արդէն երկար տարիներ է ի վեր, լուռ են այդ առումով : Հայաստանի մէջ կուսակցութիւնները իրենք զիրենք կը ներշնչեն «ազգափրկիչ» գործունէութեամբ, բայց քաղաքականութիւնը ամէն պարագայի առաջ չ’երթար: Տարբեր անհատներու եւ խումբերու կողմէ առաջարկուող «փրկութեան» ճամբաները ոչ միայն չեն աշխատիր (անթիւ պատճառներով), այլեւ մէկ տխուր վիճակագրութիւն մը կը պարզեն. մեզ դարձնելով ժողովուրդ մը, որ անվերջ փրկութեան կարիք ունի:

Բայց եկէք պատկերացնենք, որ մենք վերջապէս հրաշքով մը քիչ թէ շատ միակամ դարձած ենք ու բոլորով պատրաստ ենք իրագործելու բան մը: Ի՞նչ: Ի՞նչ պիտի ընենք եւ ինչո՞ւ: Ունի՞նք այս հարցերուն պատասխանները: Մենք մեզի որոշակի առաքելութիւն մը կը վերագրե՞նք, թէ՞ իրականութեան մէջ կ’ուզենք ունենալ ընկերային-տնտեսական քիչ թէ շատ բարւոք պայմաններ ու վերջ:

Մարդոց մէկ մասը սկզբունքօրէն կը մերժէ այդ անհոգ, կամ ինչպէս իրենք կ’ըսեն «աննպատակ գոյութիւնը»: Անոնց առաջարկած «ազգային գաղափարախօսութիւնները», որ մեծ չափով հակաթրքական պայքարի մեթոդի իր տեսակի ձեւ մըն է, չափէն աւելի միակողմանի մշակուած են՝ իրականութիւն դառնալու համար: «Մտաւորական» կոչուած խաւին բացակայութիւնը աւելի կը սրէ այս գաղափարական ոչնչականութիւնը ու մենք այսօր երբ կ’ուզենք հասկնայ, թէ մեր ուզածը ի՞նչ է, ապա կը կանգնինք դատարկութեան առաջ: Եթէ մենք Արցախն իրապէս ցանկանայինք, ապա ան մերն ալ կը մնար, եթէ մենք Նախիջեւանի մասին չմոռնայինք, ան թերեւս դառնար մերը, եթէ Արեւմտեան Հայաստանը իրօք կը ցանկայինք ինչ որ բան կ’ըէինք այդ ուղղութեամբ: Բայց մեր «տարածքային» նպատակները չեն գործեր, անոնց տակը մենք ամուր հող չենք դներ, զայն չենք կայացներ:

Միւս կողմէ ալ զարմացնող, երբեմն ալ զայրացնող են քաղաքական այն իրողութիւնները, որոնք կը խօսին գաղափարախօսական դրոյթներով, բայց չեն կրնար նոյնիսկ ամենէն տարրական քաղաքական ու ընկերային անհրաժեշտութիւնները բաւարարել:

Սինկափուրի  վարչապետ Լի Քուան Եու-ի կը վերագրուի այսպիսի դէպք մը. իբրեւ թէ ան հայերու մասին ըսած է, որ «հայերը ունին անհրաժեշտ բոլոր խնդիրները, զարգանալու համար»: Արդեօ՞ք ան նման բան ընդհանրապէս ըսած է, թէ ոչ, յայտնի չէ, բայց այդ եղանակով հասրակութիւնը ոգեգւորելը ոչ մէկ օգուտ այդպէս ալ չտուաւ:

Հասարակութիւնը չխրախուսուեցաւ ո՛չ ասիական «վագրերու» օրինակով, ո՛չ հերոսական անցեալով կամ աղէտներով: Հայ հասարակութիւնը Արցախեան պատերազմը աւարտելէ դտք ընկղմեցաւ անզգայացման մէջ, մոռցաւ որեւէ բան ցանկանալու մասին, ընդամէնը պահեց քանի մը երազանք, քանի մը երգ ու արդէն դասական թշնամիներու ու ընկերներու կերպարներ: Կարծես հաշիշի ազդեցութեան տակ՝ ողջ հասարակութիւնը անզգայացաւ ու յանկարծ ուժգին ապտակը անոր ստիպեց տեղէն վեր թռչել 2020-ին, յետոյ արդէն աւելի ուժեղ ու ցաւագին հարուած ստացաւ, երբ 2023-ին զինք անդամահատեցին՝ Արցախը կոպտօրէն պոկելով իրմէ:

Այժմ հասարակութիւնը կ’եռայ: Կ’եռայ, բայց մէջը բան չկայ, ոչ մէկ գործողութիւն, ոչ մէկ նպատակ: Կուսակցութիւններու թիւը երթալով կ’աւելանայ, յայտարարութիւններու քանակը՝ եւս: Արդիւնքը՝ զէրոյ: Ֆեյսպուքով ազգային գաղափարախօսական ինչ որ գրառումներ կը տարածուին, սպառնալիքներ, ներքին մանր մունր էնթրիկներ ու վերջ:

Ի վերջոյ, մենք ի՞նչ կ’ուզենք: Մենք ինչ որ որոշիչ բա՞ն կ’ուզենք, որ չենք կրնար ընել, թէ՞ այդ ալ չենք գիտեր: Արցա՞խը կ’ուզենք: Ենթադրենք, թէ կ’ուզենք, այդ պարագային, ի՞նչ կ’ուզէինք Արցախը ունեցած ժամանակ: Եւ այսպէս շարունակ: Այսպէս երազանքներու հետ հաշուարկը կարելի է տանիլ մինչեւ իմացողական յեղափոխութիւն (20-րդ դարու կէսերուն ծայր առած Cognitive Revolution-ը, որ հետագային ծնունդ տուաւ իմացողական հոգեբանութեան եւ արհեստական բանականութեան) ու այդպէս ալ ոչինչ հասկնալ:

Բայց չէ որ մենք չենք կրնար այսպէս շարունակել ապրիլ: Մենք չենք կրնար սպասել նոր «ապտակներու», յատկապէս, որ անոնք այսքան ցաւոտ են ու միաժամանակ չենք կրնար սիրողական քննարկումներ կատարել անընդհատ, երբ աշխարհը մեծագոյն մարտահրաւէրներ կը ձեւաւորէ, որմէ մեր բաժինն անպայման պիտի ստանանք, թերեւս ալ յաւելումով:

Գուցէ տարօրինակ է, բայց մեզի հիմա փոքր լռութիւն մը անհրաժեշտ է: Անհրաժեշտ է, որ պահ մը բոլորը լռեն՝ դերասան, թէ քաղաքական գործիչ, մտաւորական, թէ գաղափարադիր: Անհրաժեշտ է, որ մեր հաւաքական ականջները գոնէ մէկ օր լռութիւն վայելեն: Եթէ քաոսային աղմուկը դադրի, թերեւս այդ լռութիւնը մեզ ստիպէ խօսելէ առաջ մտածել:

Բայց քանի դեռ անվերջ կը գրենք, կը ջնջենք, կը գոռանք, կը համոզենք, կը հայհոյենք, քսան ծրագիր մէջտեղ կը բերենք թէ ինչպէ՞ս փրկել Հայաստանը, աղմուկ կը հանենք, սարսափելի բաձր ու ահաբեկող անբովանդակ աղմուկ, ապա այդ աղմուկը ոչ միայն կը լեցնէ մեր օրը, մենք խաղալիք կ’ունենանք, այլեւ այդ աղմուկը կը վախցնէ իրակալան ու որակեալ միտքերն ու զանոնք կրողները: անոնցմէ շատերը վախցած անկիւն մը քաշուած են՝ յուսահատած, որ զիրենք ոչ ոք չի լսեր ու չի փորձեր հասկնալ:

Մեզի հարկաւոր է բան մը հասկնալ: Մեր ցաւերը բացառիկ չեն: Աշխարհի տարածքին շատերը նման ցաւեր ունեցած են: Շատեր յաղթահարած են, ուրիշներ՝ ոչ: Շատեր դեռ կ’ապրին, շատեր՝ մոռցուած են: Բայց անոնք որ կ’ապրին, առնուազն գտած են ապրելու իրենց պատճառը, նպատակը: Մենք չենք կարող «լռուիլ» ապրիլ-մեռնելու արանքին: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք:

Քաջ ձայն մը Լիբանանէն՝ լրագրող Փաթիլ Մկրտիչեան

Մեր այսօրուան հիւրն է անիրաւութիւններն ու ոչ-շինիչ քննադատութիւնները քաջաբար մերժող՝ լրագրող Փաթիլ Մկրտիչեանը: Փաթիլը ծանօթ անուն մըն է լիբանահայայութեան եւ գրեթէ բոլոր հայ գաղութներուն մէջ, ուր Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի կայանը հասանելի է: Ան յայտագիրներ ներկայացուցած է նաեւ Վանա Ձայնէն: Եղած է գործուն անդամ Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի մէջ: Փաթիլը նաեւ ծանօթ անուն է հասարակական կեանքին մէջ իր հանրանուէր ծառայութիւններով եւ ընկերային ցանցերու ճամբով անկարին օգտակար հանդիսանալու խանդավառ ճիգով:

Քաղաքական ամբարտաւանութիւնը կը քայքայէ հաւաքական արժէքները

Քաղաքական ամբարտաւանութիւնը կամ գոռոզութիւնը, որ կը բնորոշուի գերինքնավստահութեամբ, քննադատութիւններ եւ այլ տեսակէտներ մերժող վարքագիծով (ինքնասիրահարած՝ կապալառու եւ ստաբան օլիկարք Թրամփի եւ իր ընկերներուն նման), վատ որոշումներով, անխոցելիութեան համոզումով, լուրջ վտանգ մը կը ներկայացնէ թէ՛ պետութիւններու եւ թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւններու: Թէեւ ինքնավստահութիւնն ու որոշումներ կայացնելու ունակութիւնը էական է ղեկավարելու համար, սակայն չափազանց ինքնավստահութիւնը կրնայ յանգիլ ձախող ու կողմնակալ կառավարման, համակիրներու եւ դաշնակիցներու օտարումին, կուսակցութիւններու քայքայման եւ նոյնիսկ պետական ու միջազգային անկայունութեան:

Կուսակցական մակարդակի վրայ, ղեկավարներու ամբարտաւանութիւնը կը տկարացնէ ներքին համերաշխութիւնը։ Այն ղեկավարները, որոնք կը մերժեն շարքային կուսակցականներու մտահոգութիւնները, կը կարծեն թէ միա՛յն իրենք լաւագոյնը գիտեն, կա՛մ կը ճնշեն տարակարծիք ձայները, ընդհանրապէս` այլակարծութիւնը, ներքին լարուածութիւն կը ստեղծեն։ Ժամանակի ընթացքին, այս վերաբերումը կը խաթարէ վստահութեան մթնոլորտը, մանաւանդ կը հեռացնէ համակիրները եւ կը խորացնէ բաժանումները, որոնք կրնան յանգիլ կուսակցութեան տկարացման եւ ի վերջոյ քայքայման։

Իսկ պետական մակարդակի վրայ, ղեկավարներու ամբարտաւանութիւնը նոյն վտանգները կը տարածէ ամբողջ երկրին վրայ։ Հանրային մտահոգութիւնները կ’անտեսուին, մասնագէտներու խորհուրդներու կը մերժուին եւ կը ստեղծուի յարափոփոխ իրավիճակներու յարմարիլ չկարենալու իրավիճակ մը, որ կը տկարացնէ կառավարելու ամբողջ գործընթացը։ Երբ որոշումները կ՛որդեգրուին եսակեդրոնութեամբ եւ առանց համապարփակ քննարկումի, կը ձեւաւորուին սխալ քաղաքականութիւններ, որոնք կրնան տագնապներ սրել՝ ըլլան անոնք տնտեսական կամ աշխարհաքաղաքական լարուածութիւններ։ Հին եւ ժամանակակից պատմութեան մէջ, բաւական օրինակներ կան նման իշխանաւորներու.

Օրինակ՝ Ֆրանսայի Լուի ԺԶ. թագաւորը չլսեց բարեփոխումներ յառաջացնելու հրատապ կոչերը եւ անտեսեց տնտեսական տագնապները, որուն հետեւանքով տեղի ունեցաւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը եւ ի վերջոյ իր անկումը։ Նոյնպէս, Ռուսիոյ Նիքոլա Բ. ձարը յամառօրէն մերժեց քաղաքական բարեփոխումները, եւ առաջին համաշխարհային պատերազմի Ռուսիոյ մասնակցութեան ձախաւեր կառավարումը արագացուց Ռուսական կայսրութեան փլուզումը եւ ճամբայ բացաւ բոլշեւիկեան յեղափոխութեան։ Աւելի ժամանակակից պատմութեան մէջ, Սատտամ Հիւսէյնի գերինքնավստահութիւնը եւ զգուշացումներուն անտեսումը Իրաքը առաջնորդեցին աղէտալի պատերազմներու, ներառեալ 1991-ի Ծոցի պատերազմը եւ 2003-ի ամերիկեան ներխուժումը, որուն հետեւանքով ան տապալեցաւ եւ երկիրը երկարատեւ անկայունութեան մատնուեցաւ։ Ատոլֆ Հիթլէր, մանաւանդ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջին տարիներուն, մերժեց ընդունիլ զինուորական իրականութիւնը, որ յանգեցաւ կործանարար պարտութիւններու եւ Նացի Գերմանիոյ ամբողջական ոչնչացման։ Իսկ վերջերս, Տոնըլտ Թրամփի յայտարարած առեւտրական պատերազմը, կրնայ վնաս պատճառել ամերիկեան արդիւնաբերութեան եւ տկարացնել Միացեալ Նահանգներու միջազգային դիրքը, ինչպէս պատահեցաւ անոր իշխանավարութեան առջին չորս տարիներուն՝ ցոյց տալով, որ քաղաքական ամբարտաւանութիւնը կրնայ երկարատեւ տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ ունենալ։

Անզուսպ գոռոզութիւնը ոչ միայն սպառնալիք կը ներկայացնէ արդիւնաւէտ կառավարման, այլեւ կ’արագացնէ հաւաքական արժէքներու անկումը։ Ղեկավարները, որոնք իշխանութիւն կը կեդրոնացնեն խաթարելով ժողովրդավարական սկզբունքները, սահմանափակելով մամլոյ ազատութիւնները ու շրջանցելով հաստատութենական վերահսկողութիւնը (ինչպէս հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան համակարգը), անոնք պարարտ հող կը ստեղծեն մենատիրական իշխանութեան հաստատման եւ փտածութեան տարածման: Ժողովրդավարական արժէքներու այս քայքայումը կը տկարացնէ քաղաքական ներգրաւուածութիւնը, պատճառ կը դառնայ հանրային յուսախաբութեան եւ կրնայ հասարակութիւնը մղել անտարբերութեան կամ ծայրայեղականութեան։

Կայուն եւ ընդհանրական կառավարում մը երաշխաւորելու եւ հասարակական որեւէ անկում կանխարգիլելու նպատակով, ղեկավարները պէտք է որդեգրեն խոնարհութեան, հաշուետուութեան եւ բաց երկխօսութեան վրայ հիմնուած մտածելակերպ մը եւ անկէ բխող գործելաձեւ մը։ Քաղաքական գոռոզութիւնը, թէ՛ կուսակցական եւ թէ՛ պետական մակարդակի վրայ, կը տկարացնէ քաղաքական հաստատութիւնները (կուսակցութիւն, գործադիր իշխանութիւն կամ որեւէ հասարակական պաշտօն)՝ կեդրոնացնելով իշխանութիւնը, խարխլելով վստահութիւնը եւ օտարելով համակիրները։ Երբ ղեկավարներ իրենց եսն ու անձնական իշխանութիւնը կը գերադասեն համայնական շահերու, հանրային վստահութիւնը կը քայքայուի, եւ հասարակութիւնը ի վերջոյ կը դառնայ յուսախաբ կամ անտարբեր, եթէ անշուշտ ըմբոստութեան ոգին խամրած է անոր մէջ՝ յատկապէս յուսահատութեան պատճառով: Սակայն, երբ քաղաքական ղեկավարները կը խրախուսեն տեսակէտներու բազմազանութիւնը կուսակցութիւններու մէջ եւ կը նպաստեն երկխօսութեան զարգացման՝ ազգային մակարդակի վրայ, անոնք կրնան ձեւաւորել քաղաքականութիւններ, որոնք կը մարմնաւորեն հասարակութեան ընդհանրական շահերը։

Հաստատութենական երաշխիքները, ինչպէս՝ հակակշիռները, օրէնսդրական վերահսկողութիւնը (հաշուետուութիւն, հաշուառութիւն, թափանցիկութիւն) եւ անկախ մամուլը (մեր նախորդ յօդուածով տեսանք, թէ ամերիկացի գոռոզ օլիկարքներ կը փորձեն իրենց շահերուն ծառայացնել մամուլը https://wp.me/pd909i-mhU), կենսական դեր կը խաղան իշխանութեան չարաշահումը կանխելու մէջ։ Քաղաքական պաշտօններու ժամանակաշրջանի սահմանափակումը նաեւ կրնայ կանխել իշխանութեան կեդրոնացումը եւ քաղաքական գոռոզութեան զարգացումը: Նոր դէմքերու հետ կը ծնին նոր տեսակէտներ ու նոր գործելաձեւեր՝ նոյնիսկ եթէ պիտի պահուին գաղափարախօսական մեծ վերնագրերը: Իսկ քաղաքացիական դաստիարակութեան մէջ քննական մտածողութեան ներառումը կը խթանէ իրենց իրաւունքներուն եւ ժողովրդավարական մասնակցութեան կարեւորութեան գիտակից զանգուածներու յառաջացումը: Այդ պարագային, շատ դիւրաւ կարելի կ’ըլլայ զանազանել ամբարտաւանը՝ ինքնվստահէն, ստաբանը՝ արդարամիտէն: Ատկէ բացի, տեղեկացուած, գիտակից եւ ներգրաւուած ընտրող զանգուածներու առկայութիւնը հիմնական դեր կը խաղայ ղեկավարները հաշուետու պահելու եւ անոնց գոռոզութիւնը կանխելու մէջ։

Echoes of a Classroom, հեղինակ՝ Լենա Պօղոսեան

Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ կրթութեան մասին՝ համադրելով ուսուցման, դասարանային փորձառութիւններու եւ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու անդրադարձները։ Այս podcast-ով, Լենային հետ կը խօսինք գիրքին ծննդոցին եւ հիմնական նիւթերուն մասին: Կ’անդրադառնանք նաեւ գիրքին ստեղծման մարտահրաւէրներուն եւ հրատարակչական հոլովոյթին: Վերջապէս, կը խօսինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ տարածել այս գիրքը:

Ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորենք բեկումնային ԱԲ-ը (AI) սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ

Փրոֆ․ Արա Սայեղ

Ամէն յանձնառու սփիւռքահայ այս խորագիրը կրնայ հարցաքննել այսպէս` «ի՞նչը, ո՞ւր, ե՞րբ եւ յատկապէս՝ ո՞վքեր պիտի իմաստաւորեն AI (Artificial Intelligence) «արհեստական բանականութիւն»-ը (այսուհետեւ՝ ԱԲ յապաւումով) սփիւռքահայ կառոյցներու արժեհամակարգէն ներս եւ մեր հաւաքական իրականութեան մէջ։

          Այս հարցական վերնագիրը ուղղուած է` քաղաքական, ուսումնակրթական, դաստիարակչական, մշակութային եւ այլ պաշտօնական, գործառու դիրքեր զբաղեցնողներուն, ինչպէս նաեւ ուղղուած է հոգեւորականներուն աւելի ճիշդ՝ եկեղեցական արդարամիտ ղեկավարութիւններուն։

        Պարզ է, որ այս հարցադրումը կը միտի դիտարկելու ներկայ թուայնացած գերարհեստագիտութեան թաւալումը եւ ժամանակակից հայ իրականութիւններու առնչութիւնները, հանգամանքները եւ նոյնիսկ ակնկալուած վերակենսաւորումները, անշուշտ՝ թափանցիկ, դատարկ լոզունգներու պարունակէն դուրս ու հռետորաբանական ինքնախաբէութենէ եւ կրաւորականութենէ հեռու:

        Վերնագիր մը, որ այնքան համահունչ աղերս ունի 2003 թուականէն սկսեալ Արամ Ա․ վեհափառի հռչակագիրներու հեռատես սովորոյթին, անշեղ աւանդին` իւրաքանչիւր տարի նուիրելու հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը, թելադրիչ խորհուրդի մը, ինչպէս 2025-ին հռչակուած՝ «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման» խորհուրդը, որ հայու մարդաբանութեան բաղադրիչներէն է, եւ աննիւթական ժառանգութեան արժէքները պահպանելու կոչնակ է։

Նախորդ հռչակագիրները, 2025 տարուայ հռչակագիրն ալ գործադրելի կրնան ըլլալ, եթէ ագուցուած ըլլան գործնական ծրագրի մը ռազմավարութեամբ ու իրագործելի նախագիծով մը, որ համահունչ է մեր ներկայ հրամայականներուն հետ [1] ,[ 2]։

        Տասնամեակ մը առաջ ԱԲ-ն մասին խօսիլը խորթ ու երեւակայական կը համարուէր, ցնորական (fantastic) եւ կամ գիտաերեւակայածին (science fiction) հնարք մը, երբեմն փիլիսոփայական, գերբնական պատկերացումով, տարօրինակ ու անիրագործելի զրոյց մը։ Այո՛, ԱԲ-ը պատրանքի հնչեղութիւն ունէր, երբ ամերիկացի գիտնական Ճոն Մաքքարթի (John McCarthy) իր գիտական խմբակին հետ ԱԲ-ն հասկացողութիւնը ներկայացուց 1956 թուականի գիտաժողովի մը։ Սակայն, այսօր երեւակայական ցնորքը դարձած է իրագործելի իրականութիւն։ Փորձենք հակիճ համապատկերով մը ԱԲ-ը պարզաբանել ներկայի մեր իրականութեան մէջ։

ԱԲ-ն Արհեստագիտութիւնը՝ Ժամանակի զարկերակը

Միջազգային ժամանակակից՝ գիտական, հասարակական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ընտրանի հարթակներ իրենց էջերը լա՜յն բացած են ԱԲ-ն վերնագիրներ հիւրընկալելու։ ԱԲ-ն նուիրուած զանազան մակարդակի եւ ոլորտներու՝ խորհրդաժողովներ, սեմինարներ, դասընթացքներ զիրար կը խճողեն, որոնք նպատակ ունին յաւելեալ մասնագիտական գիտելիքներով ընդարձակելու, գործնականացնելու, նորամուտ ԱԲ-ն արհեստագիտութիւնը։ Թարմացած նորութիւններով բացատրելու անոր կիրառումը, պատշաճեցումը տարբեր ենթակառոյցներու հետ։ Մանաւանդ այն ժամանակ երբ ելեկտրոնային սպասարկումները, ենթադրեալ կամ անգոյական (virtual) [2] առցանց ծառայութիւնները, հեռավար գործառնութիւնները եւ անոնց կողքին թուային արհեստագիտութիւնը եւ ԱԲ-ը կը դառնան աւելի համատարած ու օգտագործելի:

Մեր կեանքի ամէնօրեայ իրականութեան զուգահեռ մենք գիտակցաբար կամ անտեղեակ ձեւով առնչուած ենք ու մեծ խանդավառութեամբ կ’օգտագործենք ԱԲ-ն տարբեր կիրարկումներն ու աննախադէպ հնարաւորութիւնները զանազան ոլորտներու մէջ ըլլան՝ գիտութիւն, առողջապահութիւն, ապահովագրութիւն, կենցաղ, սպասարկման այլ ոլորտներ մէկ խօսքով ամէնուր՝ հոն ուր հիմնական պահանջք կայ մեծաքանակ տուեալներու հաւաքագրումի, վերլուծութեան եւ ուսումնասիրութեան եւ որոշումներ կայացնելու ծրագիրներ:

        Անհերքելի է, որ ԱԲ-ը խորապէս թափանցած է ու կը շարունակէ իր ազդու ներգործութիւնը ունենալ անհատական թէ հանրային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։ ԱԲ-ը ամէնուր է մեր կեանքի մէջ, ըլլան անոնք՝ ծառայողական բնագաւառներ, սպառողական պահանջքներու, դրամատնային, առեւտրական ձեռնարկութիւններու, աշխատանքի շուկայի, մամուլի, փոխադրութեան միջոցներու, արդիւնաբերութեան, իրաւագիտութեան, մատակարարման շղթաներու վերակացութեան (Logistic), գիտութեան, բժշկութեան, ռազմարհեստագիտութեան, բազմաբնոյթ գովազդներու եւ մասնաւորապէս գերիշխող ներգործութիւնը ուսումնակրթական համակարգերու հետ առնչուած եւ այլն։

        Վերջին տասնամեակին որոշ պետութիւններու մրցակցութիւնը ցուցանիշ մըն է այս վկայութեան, որ կը յատկանշուի գլխաւորապէս ԱԲ-ն ծրագիրներու տրամադրուած արտասովոր ներդրումներով, յատկապէս «Քորոնա» ժահրէն վերջ, մասնաւորաբար 2022 թուի երկրորդ վեցամսեակէն ետք։ Ներդրումները կը գերազանցեն քանի մը տասնեակ նոյնիսկ հարիւրաւոր միլիառ տոլարներու վիթխարի գումարները։ Օրինակներ յիշելու համար, ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ իր նախագահական աթոռը ստանձնելէ մէկ օր ետք 21 յունուարին յայտնեց, որ յառաջատար երեք ընկերութիւններ` ճափոնական հսկայ «SoftBank» եւ ամերիկեան «OpenAI» եւ «Oracle» պիտի կազմեն «Stargate» կոչուած հսկայ միացեալ ծրագիր մը` ԱԲ-ն արհեստագիտութեան ենթակառոյցներու զարգացման նուիրուած 500 միլիառ տոլար ներդրումի նախագիծով:

Հասկնալի է 10 եւ 11 Փետրուարին Փարիզի մէջ «AI ​​Action Summit» տեղի ունեցող ԱԲ-ն միջազգային երրորդ գագաթնաժողովի հեռանկարը։ Վեհաժողով մը, ուր ներկայ գտնուած են շուրջ 80 երկիրներու ղեկավարներ, մօտ հազար մասնակիցներ՝ ԱԲ-ն եւ թուային արհեստագիտութեանց համաշխարհային հսկաներու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ այլն: Այս գագաթնաժողովը, հիմնականօրէն Եւրոպայի համար մրցակցելու նոր ուղի մը գտնելու փորձ է, արժանի չափանիշ մը ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի գերակշռող մրցակցութեան հետ։

Սոյն վեհաժողովի ծիրէն ներս կարելի է յիշել ԵՄ-ն պատմութեան մէջ գերյաւակնոտ 200 միլիառ Եւրոյի «InvestAI» հիմնադրամի հսկայական միացեալ ներդրումը, որ պիտի տրամադրուի Եւրոպական գերզարգացած չորս հիմնարար ԱԲ-ն ենթակառոյցներու կազմութեան, որպէսզի ԱԲ-ն յաջորդ սերունդի արհեստագիտութեան նախօրինակներ (Model) մշակուին, ինչպէս յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ՝ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը։ 

«InvestAI» հիմնադրամին համար ԵՄ-ը պիտի տրամադրէ 50 միլիառ Եւրոյի գումար մը, իսկ մնացեալ 150 միլիառ Եւրոն պիտի տրամադրուի ԱԲ-մբ մասնագիտացած Եւրոպական ընկերութիւններու տիտաններուն կողմէ, ԱԲ-ն արհեստագիտութեան զարգացման համար։ Նոյն գագաթնաժողովի զուգահեռ, կարելի է յիշել Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութեամբ ԱԲ-ն ոլորտի մէջ 109 միլիառ Եւրոյի ներդրումի  համաձայնութիւնը։ Այս գումարը յատկապէս նուիրուած է՝ Ֆրանսայի տուեալներու առաջատար զանազան կեդրոնները հզօրացնելու ծրագիրին։ Տուեալներու կեդրոնները սատարելու ուղղութեամբ կարելի է յիշել, որ Ֆրանսական ուժանիւթի արտադրութիւնը, ընդհանրապէս կը բանի կենսոլորտի պահպանման նպաստող, նուազագոյն արտարկումի (emissions) հիւլէական ուժանիւթի ելեկտրակայաններու շնորհիւ։

Դժուար է կռահել ԱԲ-ն յատկացուած ներդրումներու յայտարարուած վերնագիրներուն տակ իրականացուելիք նպատակներու, հեռահար դիտաւորութիւնները։ Իսկական առաջադրութիւնները կը մնան խորհրդաւոր եւ երբեմն անհասանելի ու թաքուն։

Դէպի 5-րդ գերարդիւնաբերական դարաշրջան

Մարդկային քաղաքակրթութիւնը ակնթարթային արագութեամբ բնորոշուող դարաշրջումի մը շեմին է, ԱԲ-ն բեկումնային արհեստագիտութեան աննախորդ պատմական զարգացումներու երթով, որ կ’ուղղուի դէպի թուայնացած մտածելակերպով, հոգիով ու գործելու ոճաբանութեամբ «թուայնացած» հասարակութիւն մը յառաջացնելու, կենսագործելու ։

        Իրականութիւն մը, որ երբեք վախնալու կամ տնտնալու իրաւունքը չունինք, եթէ վերհասու գիտակցութեամբ օգտագործենք թուային, բանականութեան եւ դատողութեան  հիմքերով հնարուած արհեստագիտութիւններու գործնական, արագ եւ դիւրամատոյց գերհնարքները։ Օգտաշատ այդ հնարաւորութիւնները վայելելու նպատակով,  մարդ կարող է հարց տալ՝ ինչո՞ւ այդքան կանուխ ծնած ենք։

        Պէտք է ԱԲ-ը շրջադիտել իբրեւ գիտական արտասովոր ​​նուաճումներու պիտանի գործիք, թուային ոլորտի մէջ աճող բազմօգուտ մատուցումներով, յանուն ընդհանուր բարօրութեան, որոնք միշտ պէտք է ստուգումի եւ քննարկումի ենթարկուած ըլլան։ ԱԲ-ը մարդ էակին գործունէութիւնները կատարելագործելու հեռահար նպատակին զուգահեռ, օժանդակելու ծրագիր մըն է, ստեղծարար լուծումներ տնօրինելու, տրամադրելու, պատրաստելու միջոց մը, հնարաւորութիւններ ընձեռելու իմաստուն խորհրդատու հարթակ մը, մոռացութեան ժանգերուն չենթարկուող, անսահման մեծ յիշողութիւն ունեցող, երկարաժամկէտ բազում օժանդակութիւններ ապահովող  ընդունարան մը, սպասարկող գործիքակազմ մը, որ պիտի օգնէ ու ծառայէ մարդկային բանական ներուժի ձգտումներուն, եւ ոչ անոր մրցակցութեան։

        Արդի թուային բազմապիսի արհեստագիտութիւններու նախատեսող ծրագիրները թեւակոխած են արտադրական ոլորտի 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան  (4th Industrial Revolution) հանգրուանը, որ կեդրոնացած է տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցական արհեստագիտութեան ենթակառոյցի վրայ:          Սաղմնային գիտա–մշակման եւ փորձարկումներու փուլէն անցնելով լայն ու անվերապահ յաւակնոտութեամբ, ներկայիս կ’ուղղուի դէպի 5-րդ գերարդիւնաբերական արհեստագիտութեան դարշրջան։

        Պէտք է հաստատել, որ ԱԲ-ը բազմահնար գիտական բարեմասնութիւններու արգասիքները կարող են իրենց նպատակին ծառայել միայն այն պարագային եթէ ունենան ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (Ethics)։  Առաջնորդուած ըլլան կանոնակարգով, պաշտպանուած եւ հիմնաւորուած չափանիշներու դիտաւորութեամբ, ռազմավարութեամբ ու երաշխիքներով, այլապէս կրնան յառաջանալ մտահոգիչ խոցելիութիւններ, անսպասելի սուր մարտահրաւէրներ, կեղծումներ, չարափոխութիւններ, մտայղացքներու հեղինակային իրաւունքի ճանաչման ու ապահովագրական վտանգներ եւ այլն։

Մեքենայական ուսուցումը, ԱԲ-ն ալկորիթմերով

ԱԲ-ը, կը բանի հսկայական տուեալներու (big data) գիտավերլուծութեամբ, բանականութեան (intellect) ինքնավար գերիմաստուն հրամաններու շարքով, հրամանաշարով, ալկորիթմերով (Algorithm) [3] ռոպոթաշէն համակարգերով, ամպային հաշուարկներու (cloud computing), բանացանցի կամ իրերու ներցանցի (Internet of Things -IoT), սայպըր-ֆիզիքական (cyber-physical systems) սարքերու բարդ գերհոլովոյթներով։

Ընթացակարգ մը, որ առ այժմ հիմնուած է ընդհանրապէս զգացականէն հեռու,  բանականութեամբ բանող հրահանգներու հունաւոր, հաւաքածոյի մը տրամաբանական յաջորդականութեան շնորհիւ, որ կը միտի գերարագութեամբ լուծելու, պատասխանելու կամ արդիւնաւէտ արդիւնքներով թելադրանք մը, հարց մը, ծրագիր մը  կատարելու եւ կամ ծրագիրներ մշակելու նպատակին, բայց միշտ ալ մարդկային բանականութեան վերահսկողութեան եւ վերատեսութեան ենթակայ պէտք է ըլլայ։

        Պէտք է նկատել, ԱԲ-ն ներգործող արագ թափի հետեւանքները, պարտաւորեցնող անհրաժեշտութիւն է նորարար (Innovation) մօտեցումներով եւ ԱԲ-մբ գործող կառոյցներու ուսումնասիրուած ճշգրտութեամբ վերահսկելու, հարկաւոր պաշտպանուած ըլլալու կարեւորութիւնը, որոնք գիտա-արհեստավարժ հմտութիւններու կառավարման ենթակառոյցներու օժանդակութեամբ կը բանին։

        Առհասարակ ինչպէս բոլոր համակարգերը, կրթական համակարգն ալ իր բոլոր յարակից նախնական թէ բարձրագոյն ուսումնական համակարգերու ենթակառոյցներով պատրաստ պէտք է ըլլան ԱԲ-ը ընկալելու, համընթաց վերափոխութեան եւ ճանապարհային քարտէզ ունենալու, թուային բոլոր նորամուծութիւնները, նորարարութիւնները պարփակելու։ Գերհիմնական հարց է զանազան յարձակումներու դէմ թուայնացած համակարգերու անվտանգութիւնը, նոյնպէս պէտք է պատսպարուին ու երաշխաւորուին տուեալներու գաղտնագրումի (Encryption) անվտանգութիւնը, սայպըրանվտանգութիւնը (cyber attack) եւ այլն։

ԱԲ-ն եզրաբանութիւններու հայերէն իմաստային հասկացողութիւնը

Բանականութեամբ բանող եւ ընդհանրապէս նորարար եւ կայծակնային արագութեամբ արհեստագիտութեանց զարգացումին դիմաց պէտք է ընդունինք, որ արեւմտահայերէնը՝ ժամանակի արհեստագիտութիւններու հետ քայլ պահելու ճկունութենէն կը տառապի, ոչ միայն թուայնացած գիտութիւններու լեզուական նոր բառապաշարի սահմանումներու նշանակութիւնները գտնելու, այլ նաեւ լեզուի իմաստային ընկալումը, միտումները բացայայտելու թուլութիւն մը ունի, նոր ու ճշգրիտ բառամթերք ստեղծելու, տրամադրելու անբաւարարութիւն ունին հայերէն բառարանները, հոմանիշներ հայթայթելու տագնապ մը կը զգացուի, եւ տեղ մը ակամայ կը պարտաւորուինք այդ բառերու գլխաւորաբար անգլերէն սահմանումները օգտագործելու, արտայայտելու հիմնական միտքը, հաւաստի բուն նշանակութիւնը, իմաստը։ Այսօր այնքան կենսական պահանջք է թուային եւ ԱԲ-ն գիտութիւններու հետ առնչուած հայերէն մասնագիտական բառացուցակի (Glossary), բառգրքոյկի մը:

        ԱԲ-ն օգտագործուած եզրաբանութենէն (Terminology), օրինակ մը տալու համար՝ փորձենք սահմանել Deep learning, Artificial Neural Networks (ANN) կամ այնքան պարզ Machine learning (ML)-ը, որ «մեքենայական ուսուցում» բառակապակցութեամբ կարելի է սահմանել, (այս պարագային մեքենան՝ ֆիզիքական սարքն է, իսկ այդ մեքենան բանեցնող ծրագիրը ԱԲ-նն է)։ Իրականութեան մէջ անգլերէնով ML-ը այնքան պարզ կը թուի, բայց գիտական բարդ ու խառնածին սահմանում մըն է, որուն գործընթացը հիմնուած է, ու կը ներառէ երեք բաղադրիչներ։ ML-ը ԱԲ-ն ենթաոլորտն է, կեդրոնացած է հսկայական տուեալներով հաւաքածոներու եւ ալկորիթմերու օգտագործման վրայ, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեքենաներուն, սարքերուն այս պարագային ռոպոթներուն՝ հարցումներ կամ խնդիրներ ուսումնասիրելու ապա առաջադրանքներ կատարելու, արդիւնքներ կանխատեսելու, ունակ ու աւելի արդիւնաւէտ տարբերակներով տնօրինելու, ձեւանմուշներ կամ նախօրինակներ (Model) ստեղծելու նպատակով։ Մեքենայական ուսուցումը ԱԲ-ն ընդարձակ բաժին է, որ կ՛ուսումնասիրէ ալկորիթմերու կառուցման եղանակները, մեթոտները։ (ML)-ը կարելի է համարել որպէս ԱԲ-ն խնդիրներու լուծման գործնական ալկորիթմ։ 

        Տեղին է նշել, որ ԱԲ-ը գոյութիւն կրնայ ունենալ առանց  ֆիզիքական սարքի՝ ռոպոթի, կամ միայն թուային ԱԲ-ն համակարգով։ Ռոպոթի եւ ԱԲ-ն հասկացութիւնը հոմանիշներ չեն, ԱԲ-ը ծրագիրն է, որուն դրսեւորումը բանականութիւնն է, իսկ ռոպոթը ֆիզիքական տարրն է, որ կիրականացնէ ԱԲ-մբ կայացած կամ սահմանուած ծրագիրները, որոշումները, հրամանները։

        Ականաւոր լեզուաբան, հայագէտ Գէորգ Ջահուկեան տեղ մը յիշած է՝ տարեկան  մօտաւորապէս 10.000 նոր բառեր կը ծնին։ Իսկ հանրածանօթ բազմավաստակ լեզուագէտ տոքթոր Արմենակ Եղիայեան այս ուղղութեամբ կը հաւաստէ.

  • «ժամանակին հետ քայլ պահող բառամթերք գտնելը մեր դժուարագոյն հարցերէն մէկն է, որ արեւելահայերը  շատ յաճախ կը լուծեն…օտար բառը  առնելով նոյնութեամբ: Իսկ նոր բառեր կը ծնին ու կը ծնին. Միւս կողմէ՝  այդ բառերը հնարող  օտարները  հանճարներ չեն, անոնք ալ կը մեկնին իրենց լեզուին մէջ գտնուող պարզ բառերէն եւ կ’անուանեն նոր հասկացութիւնը, ինչպէս՝ Machine Learning-ն է, որ կազմուած է անգլերէն ամենասովորական բառերով:  Արդ, սկսելու համար՝  հայերէնն ալ կրնայ հետեւիլ այդ փոխատու լեզուի օրինակին՝ իր սեփական պարզ բառերով անուանելով  նոր հասկացութիւնը, հայերէն բառին կից  փակագիծի մէջ  մէկ-երկու անգամ դնելով օտար բառը օտար տառերով, մինչեւ որ ընթերցողները հետզհետէ հաւասարութիւն դնեն օտար բառին ու հայերէնին միջեւ. Չմոռնանք, բառերը ունին կամ կ’ունենան այն նշանակութիւնը, որ մենք՝ խօսողներս, կը դնենք անոնց մէջ: Եւ… սպասել. Մինչեւ, որ օր մըն ալ տաղանդաւոր հայ մը աւելի յարմար բառ մը առաջարկէ մեր գործածածին փոխարէն»:

Կարելի է հարց տալ, կու գա՞յ այն օրը երբ ԱԲ-ը կարողանայ մեր բոլոր նախատեսուած լեզուական թուլութիւններուն, սահմանափակումներուն, մանաւանդ լեզուի իմաստային ընկալումին ու հոմանիշներուն, բառապաշարի կառոյցին, շարահիւսութեան եւ յարակից լեզուական այլ հարցեր լուծելու համար ունենայ իր նշանակալից դերն ու ներդրումը, ծրագրուած ալկորիթմերու շնորհիւ։

Երազային չէ երբ ԱԲ-ն ծրագրուած ալկորիթմերը, կը կարողանան գտնել այն կարելիութիւնները պահպանելու ու փրկելու անհետացման վտանգի տակ գտնուող հազարաւոր լեզուներ, մշակութային ժառանգութիւններու բաղադրիչներ։ Մանաւանդ, որ լեզուաբաններ ու մարդկային մշակոյթի պատմաբաններ, մարդաբաններ (Anthropology) կ՛ընկալեն ու կը գնահատեն լեզուներու եւ մշակոյթներու նկատմամբ ԱԲ-ն գիտական խորունկ  հասողութիւնն ու ներուժը։

Մարդ-ռոպոթ բռնցքամա՞րտ թէ՞ համագործակցութիւն

Դարերու պատմութիւն ունի մարդ-մեքենայ-արհեստագիտութիւն եռեակ կապակցութիւնը, մեքենայի արարչակերտը՝ մարդ էակը ձգտած է մարմնացնել մտախոհուն մեքենաներ ստեղծելու իր բաղձանքը։ Մեքենաներ որոնք նմանակելու են մարդկային բանականութեան գործնամիտ բարեմասնութեան։ Երազանք մը, որ այսօր ԱԲ-մբ բանող ռոպոթներով իրականացած է, ու կը շարունակէ իր հաստատակամ ուղեւորութիւնը։ ԱԲ-ն բազմակողմանի ծաւալուն հոլովոյթը կը կարողանայ նոր մասնագիտութիւններ ստեղծել, փորձագիտական խումբեր, նորահնար ստեղծագործական ոլորտներ, կազմեր, կառոյցներ հնարաւորել, որոնք գոյութիւն ունենալու կարելիութիւնը չունէին մօտիկ անցեալին առանց թուային եւ ԱԲ-մբ նորարար, բազմազան մրցունակութեամբ յատկանշուող հնարաւորութիւններուն։

Կարելի է նախատեսել, որ շատ մօտիկ ապագային պիտի պահանջուին բարձր գիտա-արհեստավարժ որակաւորումով պատրաստուած հմուտ անձեր, կազմեր։ Թուային հասարակութեան աճը, պիտի կարողանայ ստեղծել նոր որակի աշխատատեղեր։

Անխուսափելի է թուային վճարումներու եւ ինքնասպասարկման բազմաոլորտ արհեստագիտութեան աճը, արագ գահավէժով մը պատմութեան անդունդին մէջ կրնան անհետանալ որոշ աշխատատեղեր, արհեստներ, վտանգուած են աշխատանքային եւ ծառայողական ասպարէզներ, ինչպէս օրինակ՝ գանձապահութիւն, հաշուապահութիւն, վարչական գործավարութիւն, գործադիր քարտուղարութիւն, որոշ գեղարուեստական ոլորտներ ինչպէս՝ գծանկարչութեան գեղարուեստներ, եւ այլն։

Թուային արհեստագիտութեան, ԱԲ-ն ծաւալուն օգտագործման զուգահեռ, վերարտադրող (generative) ԱԲ-ն բազմաշնորհ հնարաւորութիւններու միջոցաւ վտանգուած են նաեւ ուրիշ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագիտութիւններու որոշ ճիւղեր, գիտա-արհեստական ակադեմական աշխտակիցներ, ճարտարարուեստի բնագաւառի՝ ճարտարարուեստական կրթութիւն ստացած մասնագէտներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ, ռատիոլոկներ, դասախօսներ եւ այլն:

ԱԲ-ը Սպառնալի՞ք, թէ՞ հնարաւորութիւն

Կարելի է՞ պատկերացնել, որ մարդու կողմէ ստեղծուած ԱԲ-ը, ծրագրուած հմտութիւններու կարողութիւններով, ներկայիս ընկալուած ըլլայ թէ՛ հնարաւորութիւններու եւ թէ՛ սպառնալիքներու դրսեւորում մը։ ԱԲ-ն արագընթաց ուռճացումը, աննախադէպ նուաճումները, գիտական ու ակադեմական մտաւորականութեան մէջ յառաջացուցած են տարակարծիք երեք դատումներ, որոնք կարելի է ներկայացնել՝

  • Ա) Լաւատեսներ, որոնք կը հաւատան, որ թուային արհեստագիտութեան հոլովոյթը մարդկային քաղաքակրթութեան բնաշրջութեան (evolution) հերթական փուլն է, այդ փուլը կարելի է միայն դրական արդիւնքներով գնահատել, օրինակ՝ ԱԲ-ն շնորհիւ մարդիկ կը կարողանան օգտուիլ շատ յարմար եւ ընկալելի ցանկացած գիտելիքներու հսկայ շտեմարաններէն, այսինքն կարիքը չկայ պրպտումներու պեղումներու ճիգեր թափելու, տաղտկալի աշխատանքի ու մտատանջութեան անհամեմատելի կրճատում, մեծաքանակ տուեալներու կայծակնային ու անսխալ ներմուծում, մշակում, վերլուծում, բժշկութեան եւ առողջապահութեան անվրէպ ախտորոշում, դեղամիջոցներու բծախնդիր կիրարկում եւ այլ լիարժեք ու արդիւնաւէտ համակարգերու օգտագուծում։ Այս խմբակի համար ԱԲ-ը մարդկութեան համար կը յուսադրէ յաջորդ հրաշագործ դարաշրջան մը։
  • Բ) Զգուշացողներ, որոնց համար թէեւ առկայ են որոշակի վտանգներ (risk), սակայն անոնք ներկայ արհեստագիտութեան պայմաններուն մէջ՝ գերիշխող չեն, տիրապետելի եւ վերահսկելի են, ուստի՝ անհանգստանալու կարիքը չկայ,
  • Գ) Յոռետեսներ կ՛ահազանգեն, անոնց համար ԱԲ-ն շրջափոխումները մարդկային քաղաքակրթութեան ուղղուած մարտակոչեր են, յաջորդ տասնամեակին անսպասելի ու անգուշակելի անորոշութեամբ՝ ընկերային, տնտեսական եւ այլ վտանգներ ու սպառնալիքներ կը նախատեսուին, մարդկային արժեհամակարգի հետ ունեցող հակազդեցութիւններ եւ փորձանքներ կարելի է կռահել, որոնք բացասական դրսեւորումներով կը շարունակեն չկանխատեսուած մնալ: Մարդու վերահսկողութենէն դուրս գալու պարագային, մարդկութիւնը կարող է թուային «ստրկութեան», թուային «գաղութացումի» եւ թուային «ամբողջատիրութեան» վտանգներ դիմագրաւել։ ԱԲ-ը օգտագործելով մարդոց մօտ կը ձեւաւորուին ընկերային, կենցաղային, յարաբերական կողմնորոշումներ, համոզումներ, վարքագիծեր, որոնք աստիճանաբար տիրապետող ողբերգութիւններ կը դառնան հասարակութեան մէջ, կործանելով մարդկային հազարամեակներու քաղաքակրթութիւնը։ Այս խմբակին համար հիմնական մտավախութիւնը՝ միջուկային զէնք ունենալը, կամ միջուկային զենք արտադրող կեդրոններ ունեցող պետութիւնները չեն, ինչպէս կը կարծուէր անցեալին, սաստող վտանգին՝ յառաջադէմ ԱԲ-ն կեդրոններու իսկական սպառնալիքին դէմ պաշտպանութիւնն է։

ԱԲ-ը իր բազմաշերտ թուայնացած բովանդակային պարունակով մեզ կը պարտաւորեցնէ, կը վերափոխէ մեր մարդկային կենսակերպն ու աշխարհընկալումը, աշխատակարգը եւ գործելաոճը, դուրս գալով` աւանդական արհեստագիտութեան նախատիպերու  վաղաժամութենէն, լիարժէք ձեւով օգտագործելու ընձեռած անսահման հնաւորութիւնները, կենսաւորելու մեր ապրելակերպի ու աշխատելակերպի հրամայականը:

Պէտք է իմանալ նաեւ, որ միայն մասնագիտական պատրաստուածութիւնը, գիտելիքներն ու փորձառութիւնը բաւարար չեն այսօր, մենք անմիջական կարիքը ունինք ԱԲ-մբ, թուայնացած արհեստագիտութիւններով (Technology), գիտակից ունակութիւններով կենսագործելու մեր առօրեան, անոնք կը հանդիսանան մեր կեանքի համակողմանի ոլորտներու աշխատանքային գործիքները, մրցակցութիւնը արագացնող շարժակները (catalyst)։ Բնական կը դառնայ նաեւ, որ այդ գործիքները օր մը կրնան ընկալուիլ իբրեւ մեր թելադրիչ խորհրդատուները, ուղեկից գործընկերները, պահ մը չափազանցուած մտաթռիչքով մը կարելի՞ է մտածել, որ ԱԲ-մբ բանող ռոպոթները օր մը կրնա՞ն ընկալուիլ իբրեւ հնարամիտ քաղաքցիներ։

ԱԲ-ը դասարանային պատերու ընկալումէն անդին։

Այսօր նոր սերունդը կ՛ապրի հաղորդակցութեան արդի արհեստագիտութեան  օգտագործումով, հասակ կ՛առնէ թուային եւ ԱԲ-մբ ներծծուած մշակոյթի մը միջավայրի մէջ։ Կասկածէ վեր է որ այդ արհեստագիտութիւնները իրենց ներգործութիւնը չունենան մանկավարժական, դասաւանդութեան եւ ուսումնակրթական մեթոտներու վրայ, գիտելիք մատուցելու ընթացքին, կրթութիւն աւանդելու եղանակներուն վրայ։ Առաջին հերթին ԱԲ-ն օգտագործումը պէտք է հիմնաւորուած եւ ուղղուած ըլլայ քննաճանաչողական, բանաքննական մտածողութեան խթանումով։

Այս պարագային դպրոցներու, համալսարաններու եւ ուսումնակրթական հաստատութիւններու, նոյնիսկ հոգեւոր կրթութեան կոչուած կառոյցներու ուսանողներուն հիմնական է աջակցիլ՝ առիթներ ընծայել հաշուի առնելով թուային արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ առարկայական օգտագործումի հաւաստի ու ճշգրիտ հնարաւորութիւնները, ընկերային եւ բարոյագիտական հայեցակէտերու (aspect) հիմնաւորումը։

Հոս հայ ուսումնակրթական կառոյցներու հետ առնչուող հիմնական հարցադրումներ կը յառաջանան, անոնցմէ օրինակներ կարելի է յիշել։

  • Հաղորդակցութեան, թուային եւ ԱԲ-ն արդի արհեստագիտութեանց հնարքներու կողքին յայտնուող տագնապներու, ընկերային մարտահրաւէրներու եւ ախտաճանաչումներու մասին արդեօք մենք հետամուտ ե՞նք, բծախնդրութեամբ կը հետեւի՞նք ԱԲ-ն զարգացումներուն, ի՞նչ կը մտադրենք այս ուղղութեամբ։
  • Ունի՞նք հայեցակարգային մօտեցումներ, ձեւակերպուած հեռանկարներ, նախապատրաստած ե՞նք ԱԲ-ն եւ զանազան բնագաւառներու մէջ թուային արհեստագիտութիւններու հետ համապատասխան ռազմավարութիւն մը, գործելաոճ մը առաջարկելու, ընդունելու։
  • Արդեօ՞ք իրենց բազմազանութեամբ սփիւռքահայ ուսումնակարթական կառոյցները, թուային ապագան դիմաւորելու ենթակառոյցներ նախապատրաստած ե՞ն, եւ ինչպիսի՞ ռազմավարութեամբ, ի՞նչ ծրագիրներով, ինչպիսի՞ գործիքակազմերով։
  • Զուգահեռաբար նախորդ հարցումներուն, ծրագրած ե՞նք կամ պատրաստած ե՞նք ԱԲ-ն անհրաժեշտ գիտելիքներու, վերապատրաստման ծրագիրներ։
  • Յատկապէս նախատեսած ե՞նք, աւելի ճիշդը սկսա՞ծ ենք այդ ուղղութեամբ հմտութիւններով օժտուած հասու եւ արհեստավարժ բաւարար մարդուժ պատրաստել։
  • Ձեռնարկած ե՞նք, կազմակերպած ե՞նք թուային արհեստագիտութիւններու մշտատեւ դաստիարակչական դասընթացքներ։
  • Ծրագրած ե՞նք ԱԲ-ն նուիրուած հիմնախնդիրներու ճանաչողական եւ կողմնորոշումի, տարբեր բնոյթի մարտահրաւէրներու մասնագիտացած կլոր սեղաններ նախաձեռնել։
  • Կանխագծած ե՞նք բաց ու թափանցիկ քննարկումներ իրականացնել, մանաւանդ՝ վերապատրաստութեան շարունակական սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, լսարաններ, լուսաբանական հանդիպումներ նախագծել։
  • Յարմար պիւտճէ մը նախատեսած ե՞նք մեր ենթակառոյցներու վերապատրասատման եւ յիշուած ԱԲ-ն նուիրուած ծրագիրները իրականացնելու։

Արտասովոր հարցադրումներ չեն յիշուածները, ամէն յանձնառու հայ կրթական կառոյցի պատասխանատու եւ կրթական բնագաւառի վերահսկող մարմիններու գերխնդիրն է, առաջնահերթութիւնն է պատրաստել ապագայի՝ «ԲԱՆԱԿԱՆ, կատարելատիպ հայ մարդ»ը, որպէսզի յաջորդ սերունդները չվերածուին խորթ ու անտարբեր թուային թափթփուքներու, չսուզուին «արհեստականացած» յորձանուտին մէջ։

Գիտական եւ ուսումնակրթական ասպարէզի մէջ չորս տասնամեակներու համեստ փորձառութենէս մղուած կարող եմ հաստատել, որ ուսումնակրթական ասպարէզի մէջ արհեստագիտութիւններու ձեւափոխուող աշխարհին մէջ, խիստ էական ու պահանջելի է բոլոր տարիքներու եւ յատկապէս երիտասարդ կրթական մշակներու մշտատեւ վերապատրաստութիւնը։ Անհնար է՝ ինքնաբաւ ռազմավարութեամբ կամ ինքնակեդրոն ու աւանդական կրթական գործելակերպով գործելը ու մրցակցիլը, եւ մանաւանդ կայուն զարգացում ապահովելը։

Ի՞նչ դիրքորոշում ունի հայ եկեղեցին ԱԲ-ն հանդէպ

Արդեօք փորձա՞ծ Էք հարց տալ կամ կարդացա՞ծ էք ի՞նչ կրնայ պատասխանել ԱԲ-ը  օրինակի համար հետեւեալ հարցումներուն՝ «Ի՞նչ արժէք ունի հայ եկեղեցին հայութեան համար», «Ազգի մը համար աւանդութիւնները կարեւո՞ր են», «Ի՞նչ դեր ունի հայ եկեղեցին ԱԲ-ն եւ անոր բարոյագիտական զարգացումը ուղղորդելու հարցին մէջ», «Հայ եկեղեցին ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործէ ԱԲ-ը աւելի հասանելի դարձնելու հաւատքի իր ուսուցումը երիտասարդներու լայն խաւերու մէջ» կամ «Մարդկային կեանքին մէջ խօ՞սքը կարեւոր է, թէ՛ գործը» եւ այլն:

Հայ եկեղեցւոյ եւ ԱԲ-ն հետ առնչուած զանազան հարցականներ, որոնք զգալի տարածք կը գրաւեն մեր մատղաշ սերունդի մտքերուն մէջ, կրնան մեր բոլորին ուղղուիլ հանրային զրոյցներու, երիտասարդական քննարկումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կրնան իբրեւ հարցումներ յղուիլ հոգեւոր ծառայութեան կոչուած որեւէ մէկ հայ հոգեւորականին։

Կը հաւատանք, որ հայ եկեղեցին չէ խուսափած առաջադէմ արհեստագիտութիւններու բնաշրջումներէն, մարտահրաւէրներէն, զանոնք ճանչցած է, որպէս մարդկային հնարամատութեան մշտափոփոխ ուժընթացի (Dynamics) արգասիքը, որոնք անխուսափելիօրեն կ՛ազդեն «եկեղեցի-հայ հաւատցեալներ» յարաբերութեանց վրայ:

Սակայն ԱԲ-ն լայնատարած ներթափանցումով, եկեղեցւոյ որոշ ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու պատահական պատասխանները կրնան տագնապեցնող դառնալ, ԱԲ-ն եւ թուային արհեստագիտութիւններու հանդէպ հոգեւորականներու անպատրաստուածութենէն, չընտելացած դրսեւորումներէն, թուային արհեստագիտութիւններու նկատմամբ անվարժ, երբեմն անտարբեր, բազմակարծիք ու անտաշ, կարք մը պարագաներուն ալ անհամոզիչ «ԱԲ-ը մեր հարցը չէ» պատասխանէն, կամ պատահական արտայայտութիւններէն։

ԱԲ-ն նկատմամբ այս մտահոգութիւնները հոգեւորականի անձնական հետաքրքութեան կամ նորարարական արհեստագիտութիւններու իր անհատական օգտագործումին հետ չեն առնչուած, այլ ուղղուած են թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութեանց դիմաց դարաւոր մեր հաւատքի ուղեւորութեան, հայ քրիստոնէական համամարդկային ժառանգութեան պահակներուն, հոգեբարոյական արժեքներու պաշտպանութեան կոչուած եկեղեցական առաջնորդութեան, արդարմիտ ու հոգատար պատասխանատւութիւնը ստանցնած ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ՝ թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութեամբ պատշաճելու եւ հմուտ նախապատրստուածութեամբ վերաբերուելու նպատակով։

Հոս կարելի է որոշ հարցեր հնչեցնել՝

  • Հայ եկեղեցին յատուկ մտադրութիւն դարձուցա՞ծ է թուային արհեստագիտութիւններու եւ ԱԲ-ն հանդէպ։
  • Ի՞նչ կը մտածէ ԱԲ-ն հնարաւորութիւններու եւ սպառնալիքներու մասին, ունի՞ իր առաջադրութիւնը, կողմնարոշումը, գործնական մօտեցումը, նախատեսուած հեռանկարը, նախածրագիրը։
  • Հայ եկեղեցին պատրա՞ստ է օգտագործելու ԱԲ-ն հնարաւորութիւնները եւ կամ դիմագրաւելու  կանխատեսուած մարտահրաւէրները։ Այլ խօսքով՝ ո՞ւր է հայ եկեղեցին ԱԲ-ն արհեստագիտութեան՝ ընկերային ու բարոյական հարցերու նկատմամբ։
  • Կազմակերպուած պատրաստուածութիւն ունի՞ յարատեւ ընդարձակուող ԱԲ-ն կողմէ հայ եկեղեցւոյ՝ կրօնա-հոգեւոր, սուրբ գրային ընկալումներու եւ ԱԲ-ն մատուցած եկեղեցական, ծիսական ըմբռնումներու, հարցերու մասին։
  • Ահա թէ ի՞նչու հրամայական է ԱԲ-ն, թուային արհեստագիտութիւններու վրայ մասնագիտական մօտեցումով լայնատարած լոյս սփռելը։
  • Ակնկալելի է, որ հայ եկեղեցւոյ ծառայողները շրջաթափանց ու արհեստավարժ գիտակցութեամբ, գիտավարժ դատողութեամբ նախատրամադրուած ըլլան պաշտպանելու ԱԲ-ն կողմէ երբեմն խեղաթիւրուած միտումներուն, որոնք առողջ ու արդար հանգամանքներով չեն արտայայտեր հայ եկեղեցւոյ մասին ակնկալուած դիրքորոշումները, երբեմն դիտաւորեալ նպատակով պատրաստուած են, ծրագրուած են խեղաթիւրելու, կամ ԱԲ-մբ տեղ գտած են հայ եկեղեցւոյ բարոյագիտական իսկական ու արդար պարունակը չարափոխելու եւ նսեմացնելու դիտումնաւորութեամբ։ Ուստի թուային արհեստագիտութիւններու, ԱԲ-ն առարկան պէտք է ներմուծուած ըլլայ իբրեւ դասանիւթ մեր դպրեվանքերու կրթական ծրագրին մէջ։ Արդի արհեստագիտութիւնները գիտականօրէն ու արհեստավարժ հմտութեամբ, իբրեւ ժամանակակից միջոց օգտագործելու հաւատքի ուսուցումի նպատակին։
  • Ուշագրաւ է հայ պատանիներու, երիտասարդներու ստուար մեծամասնութեան մօտ, ամէն օր քիչ մը աւելի կը խամրի ոչ միայն հայ գրականութեան, հայ մշակոյթի եւ հաւատքի կայծը։ Ականատեսներ ենք հայ եկեղեցւոյ հանդէպ նոր սերունդի անտարբերութեան, եսակեդրոն կեցուածքին, քիչ մը աւելի կը նոսրանայ հաւատքի, մշակոյթի եւ գոյութենական ժառանգութեան անոնց հետաքրքրութիւնը, հայ երիտասարդն ալ ինչպէս ուրիշներ քիչ մը աւելի կախեալ ու ենթարկուած է ԱԲ-ն, ակնառու է նաեւ թուային արհեստագիտութեան գերիշխող ազդեցութիւնը, ԱԲ-ն հանդէպ անոնց տիրապետող ենթակայութիւնը։
  • Նոր սերունդը թուային արհեստագիտութիւններէն եւ ԱԲ-ն միջոցաւ կը փորձէ քաղել իր հետաքրքրութիւններու արագ եւ երբեմն անստոյգ պատասխանները։ Աւանդական կամ նորածին հայ սփիւռքներու պարագաներուն, ուր տագնապալի հարց է ինքնավար՝ հայ դպրոց, եկեղեցի ու հայ կեդրոն գտնելը, հոն ուր սպառնալիքի տակ է ՀԱՅՈՒ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ճակատագիրը, ուշաթափած է գլխաւորապէս հայ ինքնութեան լրջագոյն բաղադրիչը՝ հայերէն լեզուն եւ հայու հոգին։
  • Այնքան ծանրաբեռնուած ընկերային թէ տնտեսական առօրեայի պայմաններով, սփիւռքի վաղեմի թէ նորակազմ հայ համայնքներու մէջ, նոր սերունդի համար տուեալ երկրի մէջ հայը իր գոյատեւութիւնը պահելու եւ պարկեշտ քաղաքացի ապրելու եւ նոյն ժամանակ իր հայ ինքնութեան հաւատարիմ կառչելու այս իրավիճակը, կրկնակի եւ պարտաւորեցուցիչ է, աւելցուած բեռ է հայանալը, տառապանք մըն է հայապահպանութիւնը, քրիստոնեայ հայու ինքնութեան յանձնառութիւնը։ Նման պարագաներուն, հոգեւոր առաքելութեան կոչուած հոգեւորականին դերը շատ մեծ է, ոչ միայն իբրեւ կրօնա-հոգեւոր տէր ու ծառայ հայ համայնքին, այլ իր արդի արհետսագիտութեան հանդէպ արհեստավարժ հմտութեամբ թուային արհեստագիտութեան ենթակայութեամբ ապրող երիտասարդութեան մօտ կանգուն պահելու հայու հաւատքը, ազգային ու ինքնութեան գիտակցութիւնը բազմադարեայ աւանդոյթները ԱԲ-մբ պարուրուած մեր դարուն մէջ։

Նախորդ կէտին ագուցուած հիմնական հարց մը եւս՝

  • Հոգեւոր կրթութեան զուգահեռ սփիւռքագիտութեան առարկան կը դասաւանդուի՞ կրթական յատուկ ծրագրով մեր դպրեվանքերու մէջ։ Սփիւռքագիտութիւնը ոչ իբրեւ տեսական՝ հայու աշխարհագրական ներկայութիւնը կամ վիճակագրական անհրապոյր տուեալներու նախնական գիտելիքներով եւ այլն։

Մատնանշումը կը միտի՝

  • Գործնամէտ սփիւռքագիտութեան, սփիւռքահայ տագնապներու, լեզուի եւ աւանդոյթներու մարտահրաւէրներուն, գործնական ելքեր, առաջարկներ որոնելու հայու մարդաբանութեան հեռանկարին [4]։ Սփիւռքագիտութիւնը այն գործնական մօտեցումով, թէ ինչպիսի՞ ձեւանմուշներով պէտք է դիմագրաւել, ինչպիսի՞ կազմակերպուածութեան պարունակով, կառոյցով, կազմուածքով եւ պատրաստուածութեան բովանդակութեամբ, ինչպիսի՞ մօտեցումով, գործելակերպով ու մեթոտներով մանաւանդ գիտելիքներով առնչուելու համար հայ համայնքի պատանիներուն, երիտասարդ սերունդներուն եւ անհատներուն հետ։
  • Պէտք է խոստուանիլ որ վերջին եօթը, ութ տասնամեակներուն սփիւռքագիտութեան վերլուծումներուն համար առատ մելան հոսեցուցին մեր հրաշալի պատմագէտները, իմաստուն վերլուծաբանները, մտաւորականները բայց այդ բոլորը ՏԵՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ծիրէն անդին չէր անցներ։ Սփիւռքագիտութիւնը մնաց հրապարակախօսութեամբ եւ տեսաբանութիւններով լեցուն զրոյցներու, տեսակէտներու եւ համագումարներու սաղմին մէջ իբրեւ ԽՈՐԽՈՐԱՏ մը, այդ ուղղութեամբ նախաձեռնուած ընդհանրապէս առաջին համագումարներու խանդավառութենէն ետք տեսական եզրահանգումներ կը մնային խօսուածները, որոնց կը յաջորդէին սպասումի եւ հիասթափութեան շեշտակի հարցումներ՝ «Յաջորդը ե՞րբ է», «ի՞նչ են գործնական ելքերը, աշխատանքային ուղեցոյցը» եւ այլն [5]։
  • Մենք սփիւռքագիտութիւնը ՉԳԻՏԱԿԱՆԱՑՈՒՑԻՆՔ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՉՎԵՐԱԾԵՑԻՆՔ, գիտականացած լուծումներու ալկորիթմերով չծրագրեցինք, չգործնականացուցինք, նիւթական յատկացումներ չկատարեցինք, պիւտճէներ չի տրամադրեցինք։ Արդեօ՞ք կեդրոնացանք միայն կարճ ժամկէտ ունեցող նախագիծերու, վիթխարի եւ երբեմն հսկայածաւալ շինարարական ծրագիրներու պարունակին մէջ։
  • Այսօր կարելի է հարց տալ ու ցանկալ, որ ԱԲ-ը արդիւնաւէտ ալկորիթմերու տարբերակներով կը կարողանա՞յ ելքեր, հնարաւորութիւններ, առաջարկներ ու լուծումներ առաջարկել սփիւռքագիտութեան։ Ալկորիթմեր որոնք հիմնաւորուած պիտի ըլլան մեր մտաւորականներու արտադրած հիասքանչ միտքերու շտեմարաններուն, բանական սխրալի վերլուծութիւններու բերքին, իմացականութեամբ լեցուն խոհեմ առաջադրութիւններու մտքի մթերանոցներուն, լրջախոհ հրապարակախօսութիւններուն եւ ամբողջական վաստակին հիման վրայ։

Եզրահանգումի փոխարէն՝ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընել

Կարելի չէ քանի մը նեղ սիւնակներուն մէջ պարզաբանել, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ ԱԲ-ն անկիւնադարձային իմաստաւորումը մեր հայ իրականութեան մէջ ըլլայ՝ հայ եկեղեցի, դպրոց, մամուլ, կրթական, մշակութային եւ այլ համակարգեր։ Մեր շեշտը կեդրոնացուցինք վերը ներկայացուած՝ կրթական եւ հոգեւոր հիմնական բաղադրիչներուն  վրայ, զանոնք արժէքաւորելով իբրեւ սփիւռքահայու գոյութենական հիմնական՝ մտքի ու կրթութեան թրծոցը եւ հոգիի ու հաւատքի խարիսխը։

Բնական է, որ կարելի է կարկինը աւելի շատ լայն բանալ քննարկելու համար ԱԲ-ը մեր ամբողջական իրավիճակին մէջ, բայց այս սիւնակները նեղ պիտի դառնային։ Ուստի նշանակալից պիտի ըլլար եթէ այստեղ ներկայացուածը յաջողի բոլոր հետաքրքրուողներուն համար աւելի ընդարձակուած քննարկումներ կատարելու, իրապաշտ ելքերու առաջադրող սիւնակներով ու հարստացնող կայծերով առաքինի կիզակէտ դառնայ իր խթանիչ մտադրութեամբ։

  • ԱԲ-մբ կը խորանայ մեր առօրեայ կեանքի ալկորիթմացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այսօր մենք կ՛ապրինք տեղեկատւութեան մրցավազքի գերիշխող ու անկաշկանդ ներկայով, որուն ակամայ կ՛ենթարկուինք բոլորս։ Անխուսափելի է թուային արհեստագիտութեան, ԱԲ-ն արհեստագիտութիւններու դերն ու դերակատարութիւնը սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու արժեհամակարգէն ներս, նկատի առնելով հայ երիտասարդ սերունդի մօտ ԱԲ-ն հանդէպ աշխարհընկալումը, հարցականներով հարուստ մտահորիզոնները, որոնք տարբեր ուղեգիծերով կ՛ընթանան քան մեր նախատեսած ուղիները, մտածած ու երբեմն ծրագրած նախատեսումները, ուստի յարափոփոխ եւ միաժամանակ յարաբերական են մեր մատղաշ սերունդէն ակնկալուած պատասխանատուութիւններն ու ակնկալելիքները։
  • Ժամանակի սուրացող թաւալումի հեւքին մէջ, կարելիութիւնը եւ նոյնիսկ իրաւունքը չունինք մաշեցնող, թուլակամ եւ մանաւանդ բեւեռացնող ու երբեմն դէպի նահանջ առաջնորդող անցեալով ապրելու, ընկրկող անտարբերութեամբ ճահճանալու ու մեկուսացած ինքնաբաւութեամբ մնալու թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութեանց հանդէպ։ Մանաւանդ, որ ներկայ ԱԲ-ն արհեստագիտութեան կարողութիւնները սրարշաւ յառաջխաղացքի մը գոյավիճակին մէջ են՝ կ՛ուղղուին դէպի գերկատալերագործում։
  • ԱԲ-ն ալկորիթմերու շնորհիւ հակադրուող երեւակայութիւնն ու բանականութիւնը, տեղ մը կը համադրուին։ Ծրագրուած ԱԲ-մբ երեւակայութեան ստեղծագործող ու սլացք տուող կարողութիւնը իրագործելի ու այժմէական հնարքի կը վերածուի։ Նոյն դիտարկումով արժէ այդ ոլորտին մէջ փնտռել մեր տագնապներու ելքերը, նոր ու լուսատու անցքերն ու լուծումները, հնարամիտ լուսանքներ պեղելու կարելիութիւնը։ Իմաստուն մարտավարութիւն է պատշաճիլ ԱԲ-ն արհեստագիտութեան, գիտակցութեամբ զայն իւրացնելով ծառայեցնելու՝ օգտաշատ, կշռադատուած եւ հեռատես ազգաշէն ծրագիրներ իրականացնելու։
  • Այսօր սփիւռքը զառիթափի վրայ է, սփիւռքահայ ենթակառոյցներու արժեհամակարգի ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ վերանորոգումը, վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը աւելի քան հրատապ հրամայականներ են։ Խորթութեան համազօր վերաբերմունք է ժամանակակից նոր որակ չստեղծելը, տեսլական չունենալը կամ չարտօնելը։ Անհրաժեշտ կարիքը ունինք այս բոլորին ուղղութիւն տուող բարոյական՝ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վերակենսագործման։ Կենսական է ԱԲ-ն յարուցած վերափոխումները դիմակայել եւ յաղթահարել ԳԻՏԱԿԱՆԱՑԱԾ եւ շրջախոհ պատրաստուածութեամբ:
  • Նախորդ ենթավերնագիրներու մէջ ներկայացուած հիմնական մտածումներուն ու առաջադրանքներուն սլաքներով ու մեր կշռադատուած պատասխաններով պիտի կարողանանք օգնել՝ ոչ միայն ի՞նչ ընելու, այլ ինչպէ՞ս ընելու հարցականներուն:

ԱԲ-ը սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ իմաստաւորելու համար, փորձենք մտածել՝ ի՞նչ գործնական որոշումներ պէտք է առնուին անմիջապէս, ի՞նչ միջոցներով պիտի լուծուին ելքերու ընտրանքները եւ տարբաղադրումը, եւ մանաւանդ հայ ազգի ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ գերհրամայականը երաշխաւորելու համար՝ ի՞նչ արժէքներու առաջնահերթութեամբ պիտի ծրագրուին ու գործադրուին թուային եւ ԱԲ-ն արհեստագիտութիւններով շրջապատուած մեր ներկայ դարուն մէջ։

[1] https://www.aztagdaily.com/archives/560632  

[2] https://www.aztagdaily.com/archives/560853  

[3] https://bit.ly/4auaDTN        

[4] https://www.aztagdaily.com/archives/607781  

[5] «Հասկ» Ամսագիր ՀԳ տարի «Օգոստոս 2004», էջ 541-602․

Տեղադրուած գեղարուեստական նկարները պատրաստուած են՝ հեղինակին առաջադրանքներով (բացի խորագրի նկարէն) եւ ԱԲ-ն օժանդակութեամբ ։

Թրամփեան օլիկարքները եւ ամերիկեան ժողովրդավարութեան ապագան

11 Փետրուար 2024-ին, ծերակուտական Պըրնի Սանտըրզ խօսք առնելով Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին մէջ, կ’անդրադառնայ հարստութեան եւ իշխանութեան կուտակման աճող վտանգին: Իր խօսքին մէջ, Սանտըրզ կը զգուշացնէ մեծ ընկերութիւններու (corporate) տիրապետութեան, քաղաքական կաշառակերութեան եւ տնտեսական անհաւասարութեան գոյութենական սպառնալիքէն՝ կոչ ուղղելով ամերիկացիներուն ընդդիմանալու ժողովրդավարութեան քայքայման, եւ պայքարելու ի նպաստ այնպիսի իշխանութեան եւ վարչակազմի մը, որ կը ներկայացնէ բոլորը, ոչ միայն հարուստ վերնախաւը:

Քաղելով հիմնական մէջբերումներ, կ’անդրադառնանք Սանտըրզի խօսքին: Ամբողջութիւնը կարդալ այս կապով https://www.sanders.senate.gov/press-releases/prepared-remarks-sanders-on-the-senate-floor-what-the-oligarchs-really-want/

«Մենք կ’ապրինք խիստ վտանգաւոր ժամանակներու մէջ», – կ’ըսէ Սանտըրզ: «Մենք պիտի մնա՞նք Լինքոլնի Ամերիկայի տեսիլքին կողքին, թէ՞ պիտի արտօնենք, որ այս երկիրը վերածուի միլիառատէրերու համար ստեղծուած եւ անոնց կողմէ ղեկավարուող պետութեան»: Փաստօրէն, այս հարցումը կը մարմնաւորէ մեր դարաշրջանի առանցքային պայքարներէն մէկը՝ ժողովրդավարական իշխանութեան եւ անոր դէմ աճող օլիկարքներու տիրապետութեան միջեւ, ուր հարուստները առաջնահերթութիւն կու տան իրենց հարստութեան ու ազդեցութեան՝ մեծամասնութեան բարօրութեան փոխարէն:

Սանտըրզ լուսարձակի տակ կ’առնէ հարստութեան եւ իշխանութեան անհաւասար բաշխումի երեւոյթը՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս ծայրայեղ անհաւասարութիւնը կը քայքայէ ժողովրդավարութիւնը: «Ամերիկայի երեք ամենէն հարուստ անձերը աւելի մեծ հարստութիւն ունին, քան մեր ընկերութեան 170 միլիոն անապահով խաւը… Աւելի ու աւելի մեծ իշխանութիւն կը կեդրոնանայ աւելի քիչ մարդոց ձեռքերուն մէջ»: Այս իրողութիւնը ներկայացնելով՝ ան կը մատնանշէ, թէ ինչպէս հարստութիւնը կուտակուած է սահմանափակ թիւով խումբի մը ձեռքը, եւ այդ երեւոյթը կը սպառնայ խախտել ամերիկեան ժողովրդավարութեան հիմքերը:

Ըստ Սանտըրզի, corporate տիրապետութեան ամենէն ակնյայտ օրինակներէն մէկը Իլոն Մասքի առած քայլերն են դաշնակցային հաստատութիւններու դէմ: «Այս պահուն, Իլոն Մասք… կը փորձէ քանդել դաշնակցային կառավարութեան պատկանող գլխաւոր հաստատութիւնները… Այն, ինչ որ կ’ընէ Մասք, բացայայտօրէն անօրինական է եւ հակասահմանադրական – եւ պէտք է կանգնեցուի»: Այս խօսքերը կ’արտայայտեն Սանտըրզի մտահոգութիւնը, թէ միլիառատէրերը գործնապէս կը ջանան տկարացնել հանրային շահերը պաշտպանող հաստատութիւնները:

Սանտըրզ նաեւ կը զգուշացնէ ժողովրդավարութեան հիմնասիւներու՝ մանաւանդ խորհրդարանին (Congress), դատական իշխանութեան եւ մամուլին դէմ կատարուող յարձակումներէն: «Թրամփ ու իր ընկերները չեն բաւարարուիր մեր սահմանադրական համակարգին երկու հիմնասիւները՝ Քոնկրէսն ու դատարանները խարխլելով: Անոնք կը փորձեն նաեւ ոչնչացնել մամուլը՝ այնպիսի ձեւով, ինչպիսին երբե՛ք չենք տեսած»: Անոր խօսքերը կ’ընդգծեն, որ ժողովրդավարական հաստատութիւններու քայքայումը պատահական չէ, այլ կանխորոշուած ռազմավարութիւն մը՝ յանուն հարուստ վերնախաւին:

Սակայն, ի վերջոյ ճիշդ ինչի՞ կը միտին այս միլիառատէրերը: Սանտըրզ կը պատասխանէ. «Ի՞նչ կ’ուզեն Մասք, Թրամփ եւ անոնց նման միլիառատէրերը. աւելի մե՛ծ իշխանութիւն, աւելի մե՛ծ վերահսկողութիւն եւ աւելի շա՛տ հարստութիւն»: Սանտըրզի համաձայն, անոնց ձգտումները նիւթական շահէն անդին կ’անցնին. անոնք կ’ուզեն որոշել քաղաքականութիւնը, ձեւաւորել հանրային կարծիքը եւ վերացնել բոլոր խոչընդոտները, որոնք կը սահմանափակեն իրենց լիազօրութիւնները:

Պատմական զուգահեռներ գծելով, Սանտըրզ օլիկարքները կը բաղդատէ ամերիկեան յեղափոխութեան նախօրեակին Ամերիկայի մէջ իշխող դասակարգին հետ. «Յեղափոխութենէն առաջ Ամերիկայի իշխող դասակարգը կը կառավարէր «թագաւորներու աստուածատուր իրաւունք»ով… Այսօր այլեւս չունինք թագաւորներու աստուածատուր իրաւունքը, այլ ՀԻՄԱ ունինք նոր գաղափարախօսութիւն մը, զոր կը տարածեն օլիկարքները…»: Ան դիտել կու տայ, որ թէեւ թագաւորական իշխանութեան բառամթերքը փոխուած է, սակայն ուժի հիմնական կառուցուածքը գրեթէ մնացած է անփոփոխ՝ փոքրաթիւ վերնախաւ մը կ’որոշէ մեծամասնութեան ճակատագիրը:

Հարստութեան անհաւասար բաշխման ազդեցութիւնը աղէտալի հետեւանքներ ունի ամերիկացիներու առօրեայ կեանքին մէջ: Սանտըրզ օրինակ կը բերէ Իլոն Մասքի անձնական հարստութիւնը՝ ցոյց տալու այս աճող անդունդը. «Այսօր, Մասքի հարստութիւնը 402 միլիառ տոլար է… Մինչդեռ, ամերիկացիներու 60%-ը կը գոյատեւէ ամսականէ ամսական, 85 միլիոնը չունի բժշկական ապահովագրութիւն կամ թերի ապահովագրուած է…»: Այս կտրուկ տարբերութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս սահմանափակ թիւով անհատներու անսահման հարստութիւնը կը հակադրուի այն միլիոնաւոր քաղաքացիներուն, որոնք կը պայքարին հոգալու իրենց հիմնական կարիքները:

Միւս էական հարցը, որուն կ’անդրադառնայ Սանտըրզ, միլիառատէրերու ազդեցութիւնն է հասարակական ընկալումներու վրայ՝ լրատուամիջոցներու տիրապետութեան միջոցաւ: «Մասք կը տիրապետէ X-ին (Twitter), Զուքերպըրկ՝ Մեթային (Meta), Պեզոս՝ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին… Անոնք եւ իրենց նման օլիկարքները պիտի շարունակեն ահռելի գումարներ ծախսել՝ քաղաքական գործիչներ գնելու համար…»: Ան կը զգուշացնէ, որ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական դրամահաւաքներու անոնց հակակշիռը հնարաւորութիւն կու տայ հարուստներուն՝ ինքնանպատակ ձեւաւորելու հանրային կարծիքը, պաշտպանելու իրենց շահերը եւ խեղդելու ընդդիմութիւնը:

Իր խօսքին եզրափակիչ բաժինով, Սանտըրզ կոչ կ’ուղղէ ամերիկացիներուն՝ միասնական ճիգերով վերականգնելու ժողովրդավարութիւնը. «Այս երկրին իշխող դասակարգին մեծագոյն վախը այն է, որ ամերիկացիները միասին ոտքի կ’ելլեն եւ կը պահանջեն կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ բոլորին շահերը, ոչ միայն հարուստ փոքրամասնութեան մը»: Անոր ելոյթը պայքարի կոչ մըն է՝ ընդդէմ corporate տիրապետութեան եւ յանուն ժողովրդավարութեան, որ պէտք է ծառայէ զանգուածներուն եւ ոչ թէ փոքրաթիւ հատուածի մը:

Սանտըրզի ճառը մտահոգութիւն կ’արտայատէ, բայց նաեւ յոյս կը ներշնչէ: Ան ամերիկացիներուն կը յիշեցնէ, որ պատմութեան ընթացքին միասնական պայքարը արդարութեան եւ հաւասարութեան ձեռքբերման լաւագոյն միջոցը եղած է: Ժողովրդավարութեան համար պայքարը շարունակական գործընթաց մըն է, սակայն կարելի է նուաճել զայն, եթէ քաղաքացիները չարտօնեն, որ հարուստ վերնախաւի ուժը խեղդէ իրենց ձայնը: Ձեռք ձեռքի տալով, քաղաքական շարժումներ ստեղծելով կամ անոնց միանալով եւ իշխանութիւն վրայ գտնուողները հաշուետու դարձնելով՝ ամերիկացի ժողովուրդը կրնայ երաշխաւորել, որ իր կառավարութիւնը ծառայէ բոլորին եւ ոչ միայն արտօնեալ խաւին:

Զմիւռնեցի սաղիմահայ լուսանկարիչ եւ լուսանկարչութեան ուսուցիչ Կարապետ Գրիգորեան (1847 – 1918)

Լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեան Երուսաղէմ կու գայ Զմիւռնիա (Իզմիր) քաղաքէն: 1859-ին, 12 տարեկանին կը տեղափոխուի Երուսաղէմ՝ ուսանելու Հին քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, ուր վարդապետ Եսայի Կարապետեան կ’աշխատէր հայոց պատրիարքարանին մէջ իբրեւ լուսանկարիչ եւ հիմնած էր սեփական լուսանկարչական արուեստանոց մը: Սակայն, Եսայի Դ. Կարապետեան Թալասցի հայոց պատրիարք  ընտրուելէն յետոյ, լուսանկարչական գործը կը շարունակեն իր երիտասարդ սաները, որոնցմէ էր Կարապետ Գրիգորեան։

Հայոց պատրիարք Եսայի Դ. Կարապետեան Թալասցի առանցքային դեր ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան տարածքին լուսանկարչութեան ընդարձակման մէջ, 19-րդ դարուն։ Ան Երուսաղէմ եկած է շուրջ 1844 թուականին եւ սկսած է  լուսանկարչութեամբ զբաղիլ 1857ին։  1855-85-ին Եսայի վրդ. (հետագային` պատրիարք) Կարապետեան վանքին մէջ կը բանայ լուսանկարչական արհեստանոց մը: Եսայի Դ Թալասցիի աթոռակալած է 21 տարիներ (1864–1885): 

Գրիգորեաններու պատմութիւնը

Կարապետ Գրիգորեան պատրիարք Եսայի Կարապետեանի նշանաւոր աշակերտներէն մէկն էր։ Կարապետ կը հանդիպի «Տալիթա Կումի» որբանոցի քոյրերէն Քարիմա Թաննուսի՝ լիբանանցի լութերական կարգի նորեկ աշակերտուհիներէն մէկուն: Անոնք կը սիրահարին եւ կ’որոշեն ամուսնանալ եւ կը դառնայ Բողոքական եկեղեցւոյ հետեւորդ, որուն պատճառով տեղի հայ համայնքը չ’ընդունիր զինք եւ կը հեռացնէ եկեղեցիէն:

Կարապետ Գրիգորեան 1870-ականներուն կը բանայ իր  լուսանկարչկան սթիւտիոն Երուսաղէմի մէջ, Եաֆֆայի ճամբուն վրայ: Անոր աշխատանքը հիմնականօրէն դիմանկարի լուսանկարչութիւն էր, որ կը ներառէր երկրին տեղացի բնակիչները, զբօսաշրջիկներն ու ուխտաւորները:

1890 թուականին, Խալիլ Ռաատ կը բանայ իր սթիւտիոն, Գրիգորեանի սթիւտիոյին կից,  եւ կը սկսի կատաղի մրցակցութիւն մը առեւտրական երկու սթիւտիոներու միջեւ, որ կ’աւարտի Գրիգորեանի զաւակին՝ Յովհաննէսի ամուսնութեամբ Ռաատի զարմուհիին հետ:

Կարապետ Գրիգորեան եղած է ուսուցիչ հանրաճանաչ բազմաթիւ լուսանկարիչներու, որոնցմէ էր Խալիլ Ռաատը։

Ուսուցիչ լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեանի եւ աշակերտ Խալիլ Ռաատի մրցակցութեան պատմութիւնը եղած է յատկանշական: Խալիլ Ռաատ կը համարուէր Պաղեստինի ամենավաղ արաբ լուսանկարիչը, բայց սորված էր Գրիգորեանէն:

Կարապետ Գրիգորեանի աշակերտներէն եղած է նաեւ Եաակով Պեն-Տով, որ ծանօթ է որպէս «իսրայէլեան շարժանկարի ռահվիրան»։

Լուսանկարիչ Կարապետ Գրիգորեան իր լուսանկարով կը վաւերագրէ հոկտեմբեր 1898-ին Վիլհեմ Բ. կայսեր սուրբ Երկիր կատարած այցելութիւնը, որուն համար Գրիգորեան Եաֆֆայէն Տաուուտ Սապունճիի հետ հանդէս կու գայ որպէս պաշտօնական լուսանկարիչ եւ կը դառնայ «փրուսիական արքայական տան լուսանկարիչ» (տես նկարը, որ պահպանուած է ամերիկեան քոնկրեսի գրադարանին մէջ):

Լուսանկարիչ Խալիլ Ռաատի եւ Կարապետ Գրիգորեանի մրցակցութիւնը կը շարունակուի մօտաւորապէս մինչեւ 1913,  երբ Կարապետ Գրիգորեանի որդին՝ Յովհաննէս կը վերադառնայ Գերմանիայէն, ուր լուսանկարչութիւն ուսանած էր։

Յովհաննէս Գրիգորեան բազմատաղանդ արուետագէտ էր։ Ան դաշնամուր կը նուագէր եւ կը սիրէր օփերան, ու այդպէս ալ իր դուստրը կոչած էր Այտա՝ իտալացի նշանաւոր երգահան Վերտիի «Այտա» օփերային հետեւութեամբ, զոր Վերտի Եգիպտոսի կառավարութեան պատուէրով յատուկ գրած էր Սուէզի ջրանցքի բացման առթիւ:

Այտա՝ Յովհաննէս Գրիգորեանի եւ Նաժլա Ռաատի դուստրը։ Աղբիւր՝ Այտա եւ Սամիրա Քաուարներու հաւաքածոյ:

Կարապետ Գրիգորեան կը մահանայ 11 դեկտեմբեր 1920-ին եւ թաղուած է Երուսաղէմի Սիոն սարին վրայ՝ բողոքական եկեղեցւոյ գերեզմանատունը։ Անոր մահէն ետք,  լուսանկարչական գործը կը շարունակէ որդին՝ Յովհաննէսը, մինչեւ 1948 թուականը։

Յովհաննէս Գրիգորեան կը ստանձնէ իր հօր լուսանկարչական սթիւտիոն եւ կ’ամուսնանայ լուսանկարիչ Խալիլ Ռաատի զարմուհիին՝ Նաժլա Նաժմի հետ, որ շատ փոքր տարիքին Երուսաղէմ եկած էր մօրը՝ Սառայի հետ, Միացեալ Նահանգներ գաղթած հօր հետ կապը կորսնցնելէ ետք:

Իր պատանեկան տարիքին, Նաժլա կը փոխէ իր ազգանունը՝ Նաժմէն դառնալով Ռաատի, քանի որ հօրեղբայրը՝ Խալիլ Ռաատ իր կեանքի հայրական կերպարը եղած էր. Նաժլա չէր հանդիպած իր հարազատ հօրը, որ գաղթած էր Ամերիկա, երբ մայրը տակաւին յղի էր:

Բնաւ զարմանալի չէր, որ Նաժլայի ամուսնութիւնը Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ յատկանշական պիտի դառնար երկու ընտանիքներու միջեւ կատաղի մրցակցութեան աւարտով եւ նոր էջ մը պիտի բացուէր անոնց պատմութեան մէջ. Նաժլա պիտի դառնար «խաղաղութեան հարս»:

Ըստ դոկտ. Հաշըմ Ապումայի կատարած անձնական հարցազրոյցներուն, Նաժլա առանցքային դեր ունեցած է սթիւտիոյին մէջ՝ սկսած զբօսաշրջիկներու համար զգեստներ պատրաստելով մինչեւ գունաւոր լուսանկարներ։

Ինչպէս պաղեստինցիներու մեծ մասը, այնպէս ալ Յովհաննէս եւ Նաժլա Գրիգորեանները 1948-ին կորսնցուցին իրենց ունեցուածքին մեծ մասը, ներառեալ տարազները, լուսանկարչական հաւաքածոները եւ սարքաւորումները: Նոյնիսկ սթիւտիոն կը քանդուի։ Բարեբախտաբար, որոշ լուսանկարներ պահպանուած են: Ընտանեկան դիմանկարներու մեծ հաւաքածոն պահպանած է Այտան, որ Սամիրա Քաուարի մայրն է:  Կարապետ Գրիգորեանի քանի մը լուսանկարները պահպանուած են ամերիկեան քոնկրեսի գրադարանին մէջ (Library of Congress): Ժոզէֆ Մալիքեան եւս ունի փոքր հաւաքածոյ մը Գրիգորեանի լուսանկարներէն:

1948-ի պաղեստինեան պատերազմի Նաքպայէն نكبة  կարճ ժամանակ անց, Յովհաննէս Գրիգորեան կը մահանայ քաղցկեղէն 1951-ին:

Գրիգորեանները թողած են նաեւ անձնական հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ՝ երկրի տեղացի բնակիչներու դիմանկարները, որոնք կը վկայագրեն եւ կը ջրեն գաղութատիրական եւ վերաբնակիչ-գաղութային ներկայացուցչութիւններու հերքումները։ Այդ լուսանկարները նաեւ հայացք մը կը սփռեն Երուսաղէմի փոփոխւող հասարակական եւ տնտեսական տարածքին վրայ:

Օգտագործուած աղբիւրներ

https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/SionE/2019/2019(4-7)_ocr.pdf

  British Mandate Jerusalemites Photo Library

Yessayi Garabedian, the Armenian Patriarch in Jerusalem, Félix Bonfils, 1880s-1890s, Albumen print, Creative Commons – Wikipedia, LL/39320

Hashem Abushama is a Rhodes Scholar and a doctoral candidate at the University of Oxford’s School of Geography and the Environment. His research looks at the politics of recognition within Palestinian cultural production, particularly the alternative music scene, in the post-Oslo period. He is the recipient of the Open Society Foundation’s Civil Society Scholar Award 2019. He holds an MSc in Refugee and Forced Migration Studies from the University of Oxford, and a BA in Peace and Global Studies from Earlham College in Indiana.

https://www.palestine-studies.org/sites/default/files/jq-articles/31_hage_1_0.pdf The Armenian Pioneers of Middle Eastern Photography . Badr El-Hage is a London.
 

https://www.loc.gov/pictures/item/2007675291/

Lusadaran Armenian Photography Foundation, Yerevan  https://www.lusarvest.org/practitioners/krikorian-garabed/

Միջին Արեւելքն ու քրիստոնեայ եւ հայ համայնքներու ապագան

Որոշ դադարէ մը ետք, Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթը կը վերադառնայ իր սիրելի ունկնդիրներուն: Մեր այսօրուան հիւրն է Պէյրութի Ամերիկեան, LAU եւ Հայկազեան համալսարաններու քաղաքական գիտութեանց դասախօսներէն՝ Վերա Եագուպեանը: Վերային հետ կը քննարկենք Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները եւ անոնց լոյսին տակ փոքրամասնութեանց եւ մասնաւորաբար քրիստոնեայ ու հայ համայնքներու ապագան:

Յեղափոխական փոփոխութեան մը սկիզբը. 5 կին նախարարներ Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ

Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նոր կառավարութիւն մը կազմուած է աննախընթաց թիւով կին նախարարներով։ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորած կառավարութեան 24 նախարարներէն 5-ը կիներ են՝ ուշագրաւ երեւոյթ երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական որոշումները երկար տարիներ տղամարդոց գերիշխանութեան տակ եղած են։

Անկիւնադարձային այս իրադարձութիւնը, թէեւ սկիզբ մը, միայն կառավարութեան մէջ փոփոխութիւն չի նշանակեր. ան կը խորհրդանշէ աւելի լայն փոփոխութիւն մը լիբանանեան հասարակութեան մէջ, ուր կանայք տարիներ շարունակ պայքարած են աւելի մեծ ներկայացուցչութեան եւ ազդեցութեան համար։ Աքթիվիզմէն մինչեւ գործարար աշխարհ, ակադեմականէն մինչեւ հանրային ծառայութիւն, լիբանանցի կանայք միշտ եղած են փոփոխութեան առաջին գիծերուն վրայ, յաճախ յաղթահարելով արմատացած խոչընդոտները՝ իրենց արժանի տեղը զբաղեցնելու երկրի ապագայի կերտման գործընթացին մէջ։

Նոր կառավարութեան մէջ հինգ կին նախարարներու ընդգրկումը կը վկայէ, որ լիբանանեան քաղաքական տեսադաշտը սկսած է փոխուիլ։ Այս նախարարները՝ իւրաքանչիւրը մասնագէտ մը իր բնագաւառին մէջ, պատրաստ են նոր մօտեցումներ բերելու կառավարման, ընկերային բարեփոխումներու եւ տնտեսական վերականգնման գետնի վրայ։ Անոնց ներկայութիւնը կը զօրացնէ այն գաղափարը, որ ղեկավարութիւնը սեռով չ’որոշուիր, այլ՝ կարողութիւններով եւ տեսլականով։

Բացի քաղաքականութենէն, լիբանանցի կիները, ներառեալ՝ լիբանանահայ կիները միշտ ալ հիմնարար դեր խաղցած են հասարակութեան ձեւաւորման եւ զարգացման մէջ։ Անոնք ուսուցիչներ են, համալսարանի դասախօսներ, գործարար ղեկավարներ, ընկերային ծառայողներ, մարդկային իրաւանց պաշտպաններ եւ մշակութային գործիչներ։ Նոյնիսկ քաղաքական տագնապի եւ տնտեսական ճգնաժամի պահերուն, կանայք ընդհանրապէս եղած են ընտանիքներու եւ համայնքներու ողնաշարը՝ իրենց տոկունութեամբ եւ նորարարութեամբ առաջ մղելով հասարակական յառաջընթացը։

Կառավարութեան մէջ աւելի մեծ ներկայացուցչութեամբ, յոյս կայ, որ սեռային հաւասարութեան ուղղուած քաղաքականութիւնները աւելի մեծ թափ կ՚առնեն։ Հաւասար աշխատավարձի, ընտանեկան բռնութեան դէմ պաշտպանութեան եւ քաղաքական մասնակցութեան նման խնդիրները հիմնական բարեփոխումներու կարիք ունին։ Նոր կառավարութիւնը ունի այս յեղափոխական փոփոխութիւնը գործնական քայլերու վերածելու առիթը՝ երաշխաւորելով, որ կանանց ձայնը ոչ միայն լսուի, այլ նաեւ անոնք կը ձեւաւորեն այն քաղաքականութիւնները, որոնք կ՚ազդեն բոլոր լիբանանցիներուն։

Լիբանան կանգնած է նոր ժամանակաշրջանի մը դռներուն առջեւ՝ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներէն ետք վերակառուցման օրակարգով։ Կառավարութեան մէջ աւելի շատ կիներու ընդգրկումը միայն ներկայացուցչութեան հարց չէ, այլ՝ ղեկավարութեան եւ կառավարման նոր կերպար մը սահմանելու առիթ։ Այս պատմական փոփոխութեամբ, Լիբանան յստակ պատգամ կը յղէ. ապագան ներառական է, եւ կանայք մղիչ կարեւոր ուժ պիտի հանդիսանան այդ ապագան կերտելու մէջ։

Ի՞նչ է պատահած Հայաստանին, ինչո՞ւ այս միջակութիւնը

Ամէն հասարակութեան համար ցուցիչ է ոչ միայն իր պետութեան հզօրութիւնը, հարստութիւնը եւ այլն, այլեւ նոյնիքն իր՝ հասարակութեան տուած «արտադրանքը»: Այս առումով, տուեալ հասարակութեան ունեցած յաջողութիւնները եւ ձեռքբերումները, որով ան կրնայ հպարտանալ այլ հասարակութիւններու մօտ, ինչպէս անհատին, այնպէս ալ խումբի յաջողութեան պարագային:

Հայաստանի մէջ, չհաշուած չնչին բացառութիւն կազմող մարզիկները, որոնք մեծ եռանդի ու կամքի շնորհիւ դարձած են Եւրոպայի, աշխարհի, օղիմպիական ախոյեաններ, կայանալն ու յաջողութեան հասնիլը խիստ բարդ է: Որպէս անգիր կանոն, համաշխարհային հայ հռչակաւորները իրենց անունն ու փառքը ձեռք կը բերեն կա՛մ օտար երկրի մէջ ծնած ըլլալ-հոն ապրելով ու գործելով, կա՛մ Հայաստանէն տեղափոխուելով ու օտար միջավայրի մէջ կայանալով:

Բանական լուրջ հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ մարդիկ չեն յաջողիր կայանալ, յաջողութեան հասնիլ այն աստիճանի, որ նոյն մեր հասարակութիւնը ծնունդ տայ Ազնաւուրի, System of a Down-ի, Էնտի Սարգիսի, Քըրք Քըրքրոյեանի, Ուիլեըմ Սարոյեանի եւ ուրիշներու: Մի՞թէ տաղանդաւոր հայերը կը ծնին միա՛յն օտար երկրի մէջ: Ի հարկէ ո՛չ, այդ շատ անհեթեթ ու յիմար պնդում պիտի ըլլար: Այդ պարագային, ո՞րն է խնդիրը: Հայաստանի մէջ մարդիկ այնքան նախա՞նձ են, որ կայանալ ուղղակի չի ստացուիր, թէ՞ պարզապէս հնարաւորութիւն չկայ, միջավայրը առիթ չի տար:

Մենք սովորաբար շատ աշխուժօրէն կը քննադատենք ուրիշները, մարդ չենք հաւնիր, բայց շատ անխիղճ ու անտարբեր ենք սեփական խորքային խնդիրներուն ուշադրութիւն դարձնելու առումով: Մեր ներքին ինքնաքննադատութիւնը անդէմ է ու անհասցէ, կը կատարուի անորոշ խումբի մը նկատմամբ, երբ կ’ըսենք, որ «Հայաստանի մէջ կայանալը անհնար է, չեն ձգեր, կը խանգարեն» եւ այլն: Ովքե՞ր եւ ինչպէ՞ս կը խանգարեն ու չեն ձգեր: Ու արդեօ՞ք այդ մէկը կը նշանակէ, որ արտասահմանի մէջ՝ բոլորը բարի են ու կամեցող: Ի հարկէ ո՛չ, այդ եւս անհեթեթութեան տարբերակ մըն է:

Եթէ System of a Down խումբը հիմնադրուէր Հայաստանի մէջ, արդեօ՞ք կը դառնար այն, ինչ որ դարձաւ, Ազնաւուրը երգեր Հայաստանի մէջ, Հենրիկ Մխիթարեանը չխաղար արտասահման: Կարելի է տասնեակ նման օրինակներ բերել, որովհետեւ երբ համաշխարհային հայերը համեմատենք, անոնց գերակշիռ մասը, այսպէս ասած «հայաստանեան հասարակութեան արտադրանք չէ»: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ Իլոն Մասք կամ Ճեֆ Պեզոս չի յայտնուիր: Ինչո՞ւ մենք չունինք Թարանթինո, Սթենլի Քուպրիք, Մարթին Սքորսեզէ, Մայքլ Ճեքսըն, Չարլի Չափլին: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չկայ BWM, Toyota, Microsoft: Չեն նկարահանուիր Taxi driver-ի կամ A Space Odyssey:2001-ի նման ֆիլմեր: Եւ ինչո՞ւ մենք չունինք ո՛չ զինուրական արտադրութիւն, ո՛չ համաշխարհային որեւէ սպասարկման որակի ցուցիչ, այստեղ Rolex չ’արտադրուիր, հոս չեն գործեր գիտնականներ Եուրկըն Հապերմասը, Ռէյ Քուրցուեյլը եւ ուրիշներ: Ինչո՞ւ մենք չունինք Չըրչիլ, տը Կոլ եւ ուրիշներ: Ուրեմն ինչո՞վ կը զբաղի ողջ հասարակութիւնը, եթէ ոչ մէկ առումով ունի գերազանց բան մը: Ուրեմն ան միջա՞կ հասարակութիւն է: Ի հարկէ ոչ: Այդ ոչ միայն ցեղապաշտական կը հնչէ, այլեւ նոյնիսկ անհեթեթ, որովհետեւ նոյն ազգին մէկ այլ ներկայացուցիչը կրնայ երթալ ուրիշ տեղ եւ դառնալ համաշխարհային աստղ, իսկ տեղը մնալով ոչ մէկ բան:

Հերի՛ք եղաւ, կրնան ըսել ոմանք: Մենք հոս՝ Հայաստանի մէջ ունեցած ենք Յովհաննէս Չեքիճեան, Արամ Խաչատրեան, Տիգրան Պետրոսեան, Վիքթոր Համբարձումեան եւ ուրիշներ: Ունեցած ենք բազմաթիւ անհատներ, որոնք եթէ ոչ ողջ աշխարհի, ապա այդ աշխահի մէկ մեծ հատուածին՝ Խորհրդային միութեան մէջ եղած են ճանչցուած ու սիրելի: Այո՛, ունեցած ենք, ընդ որում ոչ թէ հազար տարի առաջ, այլ ընդամէնը քանի մը տասնամեակ առաջ: Իսկ ինչո՞ւ հիմա չունինք: 1991-էն ի վեր, մեր ժողովուրդը քամուա՞ծ է տաղանդէ, բթացա՞ծ է, ծուլացա՞ծ:

Այդ պարագային ո՞րն է խնդիրը: Ծանր ճակատագիր եւ դժուար պայմաննե՞ր: Ի՞նչ է պատահած ուրեմն Հայաստանին, որ յայտնուած միջակութիւններու հասարակութեան դերով: Մեզ ուրիշնե՞րը կը խանգարում, թէ՞ մենք զմեզ:

Այս հարցը մէկ համապիտան պատասխան չունի: Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը ծնին բազմաթիւ տաղանդաւոր (անոնց մէջ թերեւս եւ կան հանճարեղ մարդիկ) ու կը մնան անտես ու աննկատ: Ոչ միայն աշխարհի, այլեւ նոյնիսկ իրենք իրենց համար: Հարցը միայն հռչակի սանդղակը չէ, այլ նոյնիսկ այն, որ առանձնապէս աչքի չինկող մարդիկ յայտնուելով արեւմտեան որեւէ երկրի մէջ, որոշ ժամանակ ետք կը հասնին որոշակի ապահովութեան եւ յաջողութեան ու այդ, համեմատած Հայաստանի իրենց դրութեան հետ, երեւակայական կը թուի: Մարդիկ սովորաբար այդ բոլորին կը պատասխանեն (հիմնականօրէն աւագ սերունդը, նորերը այդ մէկը արդէն չեն գիտեր) ժողովրդական սրամիտ արտայայտութիւններով, ինչպէս օրինակ «տան տէրտէրին օրհնեա՛, Տէ՛ր, չեն ըսեր», կամ «խաչը իմս է, զօրութիւնը ես գիտեմ» եւ այլն: Իսկ յետո՞յ: Մենք պիտի շարունակենք այսպէս մնալ ու սպասել, թէ դուրսը ի՞նչ կը յայտնագործեն կամ կ’արտադրեն, որ մենք ալ վերցնենք, օգտագործենք կամ կրկնօրինակենք (եթէ ի վիճակի ըլլանք) ու գո՞հ մնանք:

Ներկայիս ազատականութեան սիրահարները կը սիրեն ծաղրել մարքսականները՝ զանոնք համարելով դասակարգողներ, բայց մարքսականներու, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել նէոմարքսականներու կամ նէո-ֆրոյտա-մարքսիզմի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս օրինակ Հըրպըրթ Մարքուզ, Թէոտոր Ատրոնո, Էրիխ Ֆրոմ, Մաքս Հորքհայմըր եւ այլք՝ Մարքսի քննադատական տարրերը զուգորդելով Ֆրոյտի հոգեւերլուծութեան եւ Հեկելի տրամախօսութեան (dialectic-ին) հետ՝ կարողացան շարք մը բաւական պարզ ճշմարտութիւններու յանգիլ՝ ընկերային միջավայրի, անոր ձեւաւորման եւ ազդեցութեան մասին, ինչպէս անհատի, այնպէս ալ ամբողջ հասարակութեան վրայ: Ի հարկէ թուային այժմու դարաշրջանին, երբ ուրիշ են պայմաններն ու բազմաթիւ խնդիրներ արտաքուստ այլ կերպ կ’ընկալուին, դիւրին է ծաղրել «հինցած» Ֆրանքֆորթեան ընկերագիտական դպրոցը, զայն կոչել սոփեստութիւն, բայց միաժամանակ ոչ մէկ քայլ մօտեցնել վերը թուարկուած խնդիրներու լուծումը: Կարելի է նաեւ մէկ կողմ դնել այս բոլորը ու պարզապէս ըսել, որ ապիկար կառավարման հետեւանքով երկրին մէջ զարգացած են այնպիսի ծանր ընկերատնտեսական հետեւանքներ, որոնք ստեղծած են դժգոհութեան, յուսահատութեան փուլ մը, յետոյ այնտեղ զարգացած է ամենակուլ ճահիճ մը, որ թոյլ չի տար կենցաղային հարցերէն գլուխը վեր բարձրացնելու, ուր մնաց, թէ գիտութիւն եւ արուեստ ծաղկացնել: Այդ բոլորը կրնայ բաւական մօտ ըլլալ ճշմարտութեան, ընդ որում շատ մօտ: Բայց հոս արդէն մէկ այլ հարց կը ծագի․ ո՞րն է հասարակութեան արժանիքը, անոր կշիռը, եթէ օր մը անոր իշխանութեան ղեկին կրնան յայտնուիլ ապիկարներ ու միանգամայն կործանել զայն: Այդ պարագային, ո՞ւր է անոր դիմադրողականութիւնը, պայքարի գիտակցութիւնը: Իսկ գուցէ ամէն ինչ աւելի առա՞ջ նեխած էր, պարզապէս դեռ հոտը չէր գար:

Օրինակ կրթութեան հարցը: Խորհրդային միութեան մէջ, Հայաստան յայտնի էր որպէս կայսրութեան ամենէն կրթուած երկիրներէն մէկը՝ բարձրորակ մասնագէտներով ու վկայեալ քաղաքացիներով, հայկական հաստատութիւնները միշտ մեծ յարգանք կը վայելէին, ըսենք 1988-ի դրութեամբ: Ընդամէնը քանի մը տարի ետք, 1998-ին Հայաստանի մէջ լաւ ուսում ստանալը արդէն կը ծաղրուէր, հրէշաւոր արագութեամբ կը տարածուէին քրէական պատկերացումները, հասարակական կեանքը կը կարգաւորուէր կիսաաւազակային-կիսափիլիսոփայական պատկերացումներով եւ այնպիսի անդունդ մը ստեղծուած էր, ուր յարգանք կը յառաջացնէր միայն կոպիտ ուժը, որ կը փորձէր նախատպային գայլի կերպարով ապրիլ, կարծես նախադիցարանային սարսափելի դեւ-աստուծոյ մը վերապրուկը: Ուրեմն ո՞ւր կորաւ այդ սորվելու տենչը, որ կար անկէ 15-20 տարի առաջ: Ինչպէ՞ս կրնար ամբողջ հասարակութիւն մը այդքան արագ այլասերիլ ու մոռնալ ինքզինք: Իսկ թերեւս այդ բոլորը չպատահեցան ու ընդամէնը նմանողականութիւն էր: Թերեւս մենք շատ աւելի երկար տասնամեակներ զբաղած էինք կրկնօրինակելով այն ինչը որ չկար, ինչպէս որ կը ներկայացնէ Ժան Պոտրիար իր «Simulacra and Simulation» գիրքին մէջ:

Իսկ թերեւս կ’արժէ, որ մենք պահ մը դուրս գանք նորաձեւ սարսափէն ու մեր շուրջը նայինք «լայն բացուած աչքերով», անկախ անկէ, թէ անիկա ներկայիս կը կոչուի սոփեստութիւն, թէ մէկ այլ բան: Գուցէ մենք փորձենք հասկնալ այն, ինչ հասկցած ու կատարած են բազմաթիւ հասարակութիւններ՝ միջակ չմնալու համար: Թերեւս կ’արժէ վերջապէս սթափիլ, մէկ կողմ դնել յարմարաւէտութեան թոյնը, որ մեզի այսօր կու տայ համաշխարհայնացող նորյետարդիականութիւնը (neo postmodernism) ու նայիլ ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետեւ ու հոն զարմանքով կը տեսնենք, որ այն հասարակութիւնները, որ ունեցան ֆաշիզմ ու նացիզմ, որոնք իրենց իսկ մարմինը փորձադաշտ դարձուցին, իրենք իրենց հետ առին վատագոյնը, ծանրագոյն գին վճարեցին այդ բոլորին ու այսօր, որքան ալ որ ձախողին ու յաջողին, այդ պիտի ըլլայ իրենց անձնական ձեռքբերումն ու ձախողութիւնը, այդ պիտի ըլլայ իրենցը: Այնպէս, ինչպէս որ նորաձեւութիւնը հոնկէ կու գայ, այնպէս ինչպէս, որ հոն կ’որոշուի, թէ այստեղ այս տարի ինչ գոյնի տափատը նորոյթ կը դառնայ, կամ դեռահաս աղջիկները ի՞նչ դիրքով խելագարութեան կը հասնին հեռախօսի տեսախցիկին առջեւ ուշադրութիւն մուրալու ատեն: Սակայն աւելի դիւրին է ծաղրել նախորդ տարիներու ամբողջ փորձը, մերժել իրականութեան ցաւը եւ անցնիլ յաջորդ նորաձեւութեան, կրկնօրինակել այն, ինչ որ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի ու մնալ միջակութիւն, յաւէրժ միջակութիւն, որ միայն կը սպառէ, որովհետեւ արտադրանք տալ չ’ուզեր, չի կրնար: Արդեօ՞ք կ’արժէ զարմանալ, որ Մարթին Հայտեկերը ծնաւ ու ապրեցաւ Գերմանիոյ, եւ ոչ թէ Հայաստանի մէջ, թէ՞ ընդունիլ, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ, ըլլա՛ս Հայտեկեր, ըլլա՛ս Թումանեան, դուն նորաձեւութենէն դուրս ես, քանի որ ոչ միայն քու ճաշակդ, այլեւ քու մտածողութեանդ հիմքերը ուրիշները կ’որոշեն, իսկ անոնց համար Հայտեկերն ու Թումանեանը «վատ վաճառուող ապրանք են, ոչ զուարճալի»

Այս է միջակութեան ճակատագիրը:

Հայերէն Մենաշնորհումի կազմախօսութիւն մը. Պոլսահայութիւնը

Հայերու Պոլիս ժամանումը, բիւզանդական թէ՛ օսմանեան ժամանակահատուածներուն, տեղի ունեցաւ կեդրոնի մէջ ուժի տէր անձանց եւ կառավարիչներու կամքով։ Ջալալիներու ապստամբութենէն դէպի արեւմուտք փախչող հայեր Պոլսոյ մօտակայքը տեղակայուեցան, բայց քաղաքը դիւրաւ չբացաւ իր դռները անոնց դիմաց։ 19-րդ դարուն, գաւառէն հայ այրեր կարողացան մայրաքաղաք երթալ աշխատելու համար որպէս աժան օրավաստակ բանուորներ, բեռնակիրներ, հացագործներ։ 20-րդ դարուն, իրերայաջորդ աղէտներէ ետք, «Տէր Սաատէթ»ը իր դռները կարճ ընդմիջումներով բացաւ ջարդերէ ու տեղահանութիւններէ փրկուած կանանց ու որբերու դիմաց։

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Կայսրութեան մը մայրաքաղաքին մէջ ծնիլը աղերսուած է բռնութեան եւ հարկադրանքի ծաւալի հետ, որ յաճախ զգուշութեամբ աչքէ հեռու կը պահուի։ Ոչ ոք կայսրութեան մայրաքաղաք կը հասնի պատահաբար. ան կա՛մ մեծապէս մենաշնորհուած կ՚ըլլայ՝ սերունդներ շարունակ ապրելով գերադասութեամբ, որ անխուսափելիօրէն կը ներառէ այլոց նկատմամբ ուժի կիրառումը, կա՛մ մայրաքաղաք եկած կամ բերուած կ՚ըլլայ՝ մեկնելով անհրաժեշտութենէ մը։

Կայսերական մայրաքաղաքի մէջ հաստատուած ըլլալու վարկը կը քօղարկէ ինչպէ՛ս հոն հաստատուելուն իրողութիւնը, իսկոյն վկայելով անհատին մենաշնորհութեան մասին։ Ասոր հիմնապատճառը այս մայրաքաղաքներուն այլ տարածաշրջաններէ աւելի առանձնաշնորհում վայելելն է՝ ծառայելով իբրեւ դրամատիրական տնտեսութեան եւ իշխանութեան կեդրոն։ Հետեւաբար, ուժի վրայ եղողներուն հետ նոյն օդը շնչելը պատիւի աղբիւր կը դառնայ՝ քաղաքի առհասարակ բնակչութեան բաշխուած՝ հարուստ թէ՛ աղքատ։ Կարելի է հեղինակութիւն պարգեւող գործ մը չաշխատիլ, նոյնիսկ ըլլալ անգործ, անզօր եւ անպատասխանատու, բայց ըլլալ՝ Պոլեցի։

Հայերու Պոլիս ժամանումը, բիւզանդական թէ՛ օսմանեան ժամանակահատուածներուն, տեղի ունեցաւ կեդրոնի մէջ ուժի տէր անձանց եւ կառավարիչներու կամքով։ Ջալալիներու ապստամբութենէն դէպի արեւմուտք փախչող հայեր Պոլսոյ մօտակայքը տեղակայուեցան, բայց քաղաքը դիւրաւ չբացաւ իր դռները անոնց դիմաց։ 19-րդ դարուն, գաւառէն հայ այրեր կարողացան մայրաքաղաք երթալ աշխատելու համար որպէս աժան օրավաստակ բանուորներ, բեռնակիրներ, հացագործներ։ 20-րդ դարուն, իրերայաջորդ աղէտներէ ետք, «Տէր Սաատէթ»ը իր դռները կարճ ընդմիջումներով բացաւ ջարդերէ ու տեղահանութիւններէ փրկուած կանանց ու որբերու դիմաց։

Պոլիս տեղափոխուիլը ունէր իր գինը, յատկապէս գաւառի հայութեան համար։ 1966-ին, Վարդոյի հայերու զանգուածային գաղթը մեծ տեղ գրաւեց թրքական մամուլի խորագիրներուն մէջ։ Գաղթը տեղի ունեցաւ ի հետեւանք Վարդո հարուածած երկրաշարժին, այսպիսով՝ անոնց Պոլիս գալուստը օրինաւորացնելով իշխանութեան աչքին։ 1915 թուականէն ետք, հայերու գոյութիւնը իրենց պատմական հողերուն վրայ բաղձալի չէր, բայց եւ այնպէս տակաւին բացայայտօրէն արտօնուած չէր անոնց այլ վայրեր մեկնիլը։ Յարձակումներու ենթարկուած, իրենց ինչքերը գրեթէ ոչինչ գումարով ծախելու ստիպուած, իրենց դստերաց առեւանգումներու վտանգի սարսափով մնացած եւ, բռնի իսլամացումի եւ այլ գաւառներ տեղափոխումի պարագային, իրենց ինքնութեան բացայայտման վախով լեցուած, անոնք գաղտնաբար Պոլիս կը փախչէին, խաւարը կտրելով։ Պոլիս փոխադրուիլը համազօր էր ունեզրկման, հողազրկման, ցրուածութեան, աղքատութեան, չքաւորութեան եւ սփիւռք դառնալուն։  

Յակոբ Մնձուրի, 20-րդ դարու ամէնէն բեղուն հայ գրողներէն մին, Պոլիս եկաւ նշկահատութեան համար, սակայն հոն մնաց զօրակոչէն ետք՝ գաւառ մնացած իր ողջ ընտանիքը կորսնցնելով։ Պոլիս ըլլալը փրկեց իր կեանքը, բայց զինք բաժնեց իր գոյութեան իմաստ տուող ամէն ոքէ։ Աւելի ուշ, մինչեւ կեանքին վերջը Պոլիս ապրիլը Մնձուրի կը նկարագրէ որպէս պատանդի կեանք։ Նուազ յայտնի, բայց շատ կարեւոր ժամանակահատուածի վկայութիւն տուող իր «Երկրորդ ամուսնութիւն» նորավէպին մէջ (1931 թ.), Մնձուրի կը խօսի պոլսահայոց անտարբերութեան, անարդարութեան, ամբարտաւանութեան, եթէ նոյնիսկ աշխարհը բռնկի՝ անոնց իրենց բազմոցներուն երեսները նորոգելով զբաղած ըլլալնուն եւ գաւառի հայոց հանդէպ իրենց ունեցած արհամարհանքին մասին. այս կը ցուցաբերէ, թէ գաւառացի գրող մը ինչպէ՛ս կը տեսնէր պոլսահայութիւնը։

Պատմագիրքեր գրեթէ բնաւ չեն ներկայացներ Պոլիսը իբրեւ 1915-ի վերապրողներու մայրաքաղաք։ Այսուհանդերձ, 1940-ականներուն, Պոլիսը քաղաք մըն էր, ուր անհամար գաղթականներ եւ գաղթակայաններ կը գտնուէին։ Անկէ ետք, Պոլիսը դարձաւ քաղաք մը, ուր գաղթական ընտանիքներ հարկադրաբար վերածուեցան պոլսեցիի՝ ոմանք, ըստ կարողութեանց, մեկնելով Եւրոպա կամ Միացեալ Նահանգներ. Պոլիսը դարձած էր ընդմիշտ գաղթական ընդունող եւ ճամբող վայր մը։

Պոլիս, իր փառքին վայել կերպով, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եղած է կայսերական մայրաքաղաք մը, ուր հայեր ունեցած են հաստատութիւններ, ոչ թէ արմատներ։ Այս արմատ չունենալը փոխարինուած էր հաստատութիւններու իշխանութեամբ, եւ հաստատութիւններ ու երեւելիներ, ինչպէս՝ ամիրաներ, հայ ճարտարապետներ, գրողներ եւ արուեստագէտներ, շարունակեցին պահել գերադաս եւ մենաշնորհուած հայկական ինքնութեան գագաթնակէտը։ 1923-էն ետք Լոզանի դաշնագիրը վերաշեշտեց Պոլսոյ մենաշնորհում ունենալու գործնականացումը՝ դառնալով հիմնական վերագրում այն տպաւորութեան, թէ հայկական հաստատութիւններ կը շարունակէին գոյատեւել այնպէս մը, որ Պոլսէն դուրս որեւէ այլ հայկական համայնք, եկեղեցի, վանք կամ վարչութիւն գոյութիւն չունէր։

Գաւառներու անհետացումը 20-րդ դարուն նաեւ կը նշանակէ այդ շրջաններէն լսուող քննադատական ձայներու անհետացում՝ պոլսահայոց հասարակական եւ հաստատութենացած կեանքի հանդէպ քննական մօտեցումը ձգելով փոքր, առաւելաբար այրերէ բաղկացած խումբի մը։ Գաւառացի հայերը, որոնք յաջողեցան գոյատեւել Պոլսոյ մէջ, դարձան նոր մենաշնորհուած դասակարգը՝ անարմատ, բայց հաստատութիւններ ունեցող հասարակութեան առաջատար դէմքերը։ Անոնք էին նոր պոլսահայերը։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան

 Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

 (Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 2 փետրուար 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)

 Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Որպէս ժողովուրդ կորսնցուցած ենք տեսնելու, գնահատելու, համեմատելու մեր կարողութիւնը

Հայաստան այսօր կը ծերանայ: Կը ծերանայ տնտեսութիւնը, կրթութիւնը, գիտութիւնը, մշակոյթը, ենթակառյցները, ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, գաղափարախօսութիւնը: Կը ծերանայ եւ կը յոգնի ինքը ժողովուրդը: Ծերացող մարմինը այլեւս ի վիճակի չէ առողջ արտադրանք տալու: Հայաստանի մէջ դարեր շարունակ զարգացող խնդիրները, կատարուող փոփոխութիւններն ու խորացող խնդիրները ի վերջոյ ծերացուցած են հայկական պետութիւնը: Ծերացած է հոգեբանօրէն ու սկզբունքային իմաստով:

Հայաստանի մէջ հիմա մեծ տարողութեամբ «արտադրանք» չկայ: Կան միայն որոշ ոլորտներ, առաւելապէս IT-ի մարզը, կրթական որոշ առանձին միաւորներ, որոնք ոչ թէ կը զարգանան սեփական ինքնուրոյն ընթացքով, այլ կը կրկնօրինակեն աշխարհի տարածքին առկայ փորձը եւ զայն կոպտօրէն կը տեղադրեն հոս՝ ստիպելով հասարակութիւնը յարմարելու անոր: Հայաստան այսօր ոչ թէ կը զարգանայ, այլ միայն արձագանգէ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Իսկ անոնք տարբեր բաներ են: Այդ հնարաւորութիւն չի տար սեփականին վրայ կեդրոնանալու, այլ կը ստիպէ վազելու որեւէ անծանօթ երեւոյթի ետեւէն: Մեր հասարակութիւնը կարծես հիւանդ մը ըլլայ, որ չի գիտեր, թէ ճիշդ ինչէ կը տառապի եւ կը խմէ որեւէ դեղ, որուն մասին կը լսէ, թէ ան օգնած է ուրիշներուն: Բայց ան չի հասկնար, որ ամէն դեղ իր յստակ հիւանդութիւնը ունի: Մենք կը փորձենք ընդհանրական, համապիտանի լուծումներ գտնել բոլոր խնդիրներուն, բայց չենք ուզեր մինչեւ վերջ քննարկել այդ խնդիրները եւ ամէն անգամ կամ կիսատ կը թողունք կամ պարզապէս կը մոռնանք անոր գոյութիւնը: Մոռնալ խնդիրը, չի նշանակեր վերացնել զայն:

Այսօր, Հայաստանի մէջ համատարած անտարբերութիւն կը տիրէ: Այդ իրավիճակը իր ողջ տգեղութեամբ կ’արտայայտուի 1991 թուականէն սկսեալ, բայց 2020-ի պատերազմը այն նշաձողն էր, որմէ յետոյ մենք առաջին անգամ երկար տարիներէ ի վեր հասկցանք, որ մեր 30 տարուայ իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը, պատկերացումները խեղուած եղած են: 2020-ի պատերազմը ցոյց տուաւ նաեւ, որ 1045 թուականէն յետոյ աւելի զարգացած ու խորացած խնդիրները ոչ միայն լուծելու փորձեր չեն կատարուած, այլեւ ուսումնասիրման իսկ չեն ենթարկուած: 1991-ի անկախութիւնը դրամագլուխի չվերածուեցաւ, այլ վատնուեցաւ շատ արագ ու անօգուտ կերպով: Ու հիմա, երբ պատերազմէն յետոյ գումարուած կորուստներուն վրայ աւելացած են նաեւ ուրիշ հարցեր, բաւական տագնապալից ու անհասկնալի, մենք որպէս հասարակութիւն չենք յաջողիր սթափիլ ո՛չ այն ստացուած հարուածէն, ո՛չ ալ այն դարաւոր թմբիրէն: Եթէ վերջին տարբերակը, ապա սա կը նշանակէ, որ մենք ոչ միայն ծերացած ենք, այլեւ կորսնցուցած տեսնելու, գնահատելու, համեմատելու կարողութիւնը: Մենք այլեւս սթափ չենք: Մենք չենք կարողանար համարժէք արձագանգել մեր շուրջը տեղի ունեցող ու նոյնիքն մեզի վերաբերող իրողութիւններուն:

Մենք հրաժարած ենք ընդունելէ որ ամէն ինչ իր պատճառն ու հետեւանքը ունի: Մենք կը նախընտրենք հպարտանալ 451-ի Աւարայրով ու կ’ըսենք․ «չյաղթեցինք, բայց այդ բարոյական յաղթանակ է»: Մենք նոյնիսկ չենք ալ յիշեր, թէ այդ «բարոյական յաղթանակ» բառերը ով առաջին անգամ մեր գլուխը մտցուցած է: Մենք չենք ուզեր հասկնալ, որ 451-ի «բարոյական յաղթանակը» 428-ի ինքնուրացումն էր: Որ 451-ը չէր պատահեր, եթէ չըլլար 428-ը, երբ հայը ինքն իր կամքով հրաժարեցաւ իր պետութենէն: Անկէ յետոյ մօտ կէս հազարամեակ տառապելէ ետք ստեղծուած հայկական անկախութիւնը գոյատեւեց մէկ ու կէս դար ու կործանեցաւ առաջին հերթին հայկական ջանքերով: 1045-ը ծնունդ տուաւ բազմաթիւ 428-ներու ու ամէն անգամ աւելի խորացուց մեր ամէն ինչը: Մենք նոյնիսկ չենք հասկնար, թէ ե՞րբ ենք ծերացած: Միայն կը հասկնանք, որ յոգնած ենք: Յոգնած ենք որպէս ժողովուրդ․ յոգնած ենք որպէս միտք: Ու կը սկսինք գաղթելու, գաղթելու ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ՝ միտքէ միտք, գաղափարէ գաղափար, վազելով այս ու այն կողմ:

Արտագաղթը հայ ժողովուրդի մեծագոյն թշնամիներէն է եղած: Դարեր շարունակ հայ ժողովրդը քամող ու թուլացնող արտագաղթը եղած է ճնշումի ու կարիքի պատճառով: Այսօր արտագաղթ տեղի կ’ունենայ ոչ միայն ընկերային խոնարհ երաշխիքներու կամ ռազմական անվտանգութեան սպառնալիքէն մեկնելով, այլ կամաւոր սկզբունքով: Շատերը կը նախընտրեն թողնել երթալ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ չկայ այն ամէնը, որ կայ արտասահմանի մէջ կամ գոնէ իրենք այդպէս կը պատկերացնեն: Այդ միտումին մէջ ուշագրաւ է մէկ այլ երեւոյթ՝ երեխաներ ունենալ արտասահմանի մէջ: Բազմաթիւ յայտնի երգիչ-երգչուհիներ, պաշտօնեաներ երեխայ կ’ունենան արեւմտեան որեւէ երկրի մէջ: Անոնց երեխան կը ստանայ այդ երկրին քաղաքացիութիւնը եւ իրաւունքները, իսկ ծնողները ինքստինքեան իրաւունք կը ստանան նաեւ ապրելու այդ երկրին մէջ: Մենք չենք կրնար մեղադրել կամ արդարացնել, մենք միայն կ’արձանագրենք տեղի ունեցողը: Իսկ փաստը այն է, որ Հայաստանը լքելու պատճառները երթալով կը բազմանան եւ կը ճիւղաւորուին: Այս եւս ինքնաոչնչացման տարբերակ մըն է:

Այն խելայեղ վիճակը եւ պահուածքը որ հիմա ունինք մենք, պաշտօնական բժշկութիւնը զայն կը բնորոշէ մէկ բառով՝ զառամախտ (Marasmus):

Զառամախտը հոգեկան գործունէութեան քայքայման վիճակ մըն է, ուղեկցուած ֆիզիքական ծայրայեղ հիւծուածութեամբ: Հիւանդները մեծ մասամբ գամուած կը մնան անկողնին, անօգնական, անոնց դէմքը կ’արտայայտէ ցրուածութիւն, տառապանք, անառիթ կը ծիծաղին կամ կու լան: Հառաչանքի ու ճիչի ձեւով կը պատասխանեն միայն մարմնական գրգռիչներուն (անյարմար դիրք, ցաւ): Իրենց ուղղուած խօսքը յաճախ գրեթէ չեն հասկնար: Ահա այսպիսին է պաշտօնական բժշկական եզրակացութիւնը: Իսկ մեր ազգային ու հասարակական պահուածքը ցաւօք մեզ կը յիշեցնէ զառամախտը:

Իսկ անոնք, որոնք կատաղի կը պայքարին այդ ապազգային երեւոյթին դէմ, մեծ մասամբ սուր զգացականութեամբ կը մօտենան եւ ոչ մէկ յստակ տնտեսաքաղաքական ծրագիր ունին, թէ ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս:

Ազատագրական առասպելը ոչ միայն չէ պակսած, այլեւ աւելի ամուր եւ ուժեղ դիրքեր ունի հիմա: Եթէ դարերու ընթացքին այդ առասպելը երբեմն ուժեղացած է երբեմն թուլցած, ապա հիմա ան անբեկանելի ճշմարտութիւն կը նկատուի: Բնակչութեան ստուար մասը ենթագիտակցօրէն այդ ազատագրական առասպելով կը պայքարի ներկայ իրականութեան դէմ, երբ ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ խումբերը ամէն կերպով կ’ապացուցեն, որ մեր անվտանգութիւնն ու կեանքը կարելի է պահպանել միայն այս կամ այն պետութեան հովանիին տակ:

Ազատագրական առասպելը դեռ հիմա ալ կը շարունակէ ախտահարել ու քայքայել մեր ազգային ինքնագիտակցութիւնը:

Մենք չափէն աւելի երկարակեաց ժողովուրդ ենք եւ արդէն տեսած ենք, թէ ինչպէս կայսրութիւններ կը կործանին, պետութիւններ կը քանդուին, ժողովուրդներ կը մահանան: Ու անոնցմէ կը մնայ միայն յիշողութիւն, որ իր կարգին դանդաղօրէն կը մարի: Եթէ մենք կը հասկնանք այս բոլորը, ապա պէտք է շտապենք, քանի որ ծերացման յաջորդ փուլը մահն է:

Մենք կ’ուզե՞նք ապրիլ: Որպէս ժողովո՞ւրդ, թէ՞ որպէս էթնիք խումբ:

Գունաւոր հետք մը ձգել ապագային վրայ

Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին, «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ին մէջ մասնակցեցայ մանուկներու «Գոյներով շնչել» վերնագրով աշխատանոցին արուեստագէտ Նեսլիհան Գոյունճու Պալիի ղեկավարութեամբ։ Այս աշխատանոցը, որուն մասնակցութիւնս բերի գաղափարներ շահելու՝ որպէս երեխաներու հետ աշխատելու պատրաստուող մանկավարժ, առաջին անգամ կազմակերպուած էր Ապրիլ 20-ին, նոյն վայրին մէջ, «Յիշողութեան եւ այլընտրանքային ապագայի մը կերտման համար՝ միացէ՛ք մեզի 23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրին մէջ» խորագրով ձեռնարկներու շարքին ծիրին մէջ։  

Վայրի ծանօթացումէ ետք, աշխատանոցը ընթացք առաւ անուանի արուեստագէտ՝ Սարգիսի գործերուն քննարկումով։ Ապա, մասնակիցները առիթ ունեցան իրենց մատնահետքերը դրոշմելու հոն կանգնած Սարգիսի երկրորդ մնայուն արուեստի գործին վրայ՝ «Ծիրանի գօտիի գոյներով անձրեւի կանչը երեխաներուն» խորագրով։ 

Նման ձեռնարկներ մանուկներուն տարբեր հնարաւորութիւններ կը պարգեւեն, ինչպէս՝ արուեստի հետ հանդիպելու, անցեալին հետ կապ հաստատելու, ընկերային արթնութիւն զարգացնելու, զգացումներու արտայայտման հմտութիւններ մշակելու եւ ընկերային կարողութիւնները ամրապնդելու։ Աւելին, անոնք կը նպաստեն անձին ստեղծագործական, կարեկցական եւ գիտակցական ոգիի կերտման։ Մինչ 19 յունուարը կը մօտենայ, «Գոյներով շնչել» ծրագիրի մասնակցած երեխաները Սեպաթ շէնքին մէջ իրենց անցուցած աշխատանոցով պիտի յիշեն Սարգիսին ստեղծագործութիւնները, որոնք հանդիսատեսին խոր իմաստ կը փոխանցեն, նոյնիսկ տարիներ անց։ 

«23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ը իր դռները բացած էր 2019 թուականին, Ակօսի նախկին խմբագրատան տեղ, Սեպաթ շէնքին մէջ։ Յիշողութիւնն ու կառոյցին խորհրդանշական յատկանիշը ի միտի ունենալով դասաւորուած ներսը այցելուներուն իւրայատուկ յուզական եւ փորձառական ճանապարհորդութեամբ մը կը պարուրէ՝ իր նիւթերուն իրապաշտական հիւսուածքով։ Իւրաքանչիւր այցելութեանս զիս ամէնէն շատ յուզողը Հրանդ Տինքի գրասենեակն ու անոր ետեւի պատշգամն է, որ կը պարունակէ «Աղ եւ լոյս» գործը։

Այդ վայրին մէջ Սարգիսին առաջին մշտապէս ցուցադրուող ստեղծագործութիւնը՝ «Աղ եւ լոյս»-ը, մատրան մը մթնոլորտը ստեղծելու պատկերացումով գործուած է։ Մէկ կողմէն կարմիր, իսկ միւս կողմէն կապոյտ ապակիներով ծածկուած լայն պատուհաններով շրջապատուած պատշգամին մէջ կը գտնուի աղով լեցուած մոմաման մը եւ անոր վերեւ զետեղուած «T» ձեւով լուսաւորում մը, որ մերթ կ՚աղօտի եւ մերթ կը փայլի։ Սարգիս այս գործը մէջտեղ բերած է լոյսէն եւ «ցաւերէն ադամանդ ստեղծելու» փիլիսոփայութենէն ներշնչուելով։ Գործը նաեւ կը ներկայացնէ Քամփ Արմէնն ու անոր երեխաները։ Աշխատասենեակին կից գտնուող «Ատլանտիսի քաղաքակրթութեան սենեակ» անունով տարածքին մէջ կը գտնէք Քամփ Արմէնի պատմութիւնը։

Աշխատանոցին ընթացքին, փոքրիկները ծիածանի եօթը գոյները օգտագործելով իրենց մատներուն հետքերը ձգեցին կլոր եզերքով հայելիի մը վրայ, որ զետեղուած էր բազմանպատակ սրահին մը՝ շէնքին պատուհաններուն հետ ներդաշնակելով։ Այս վարժութիւնը հաճելի էր թէ՛ մանուկներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն։ Ծիածանը յատկապէս ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ խորհրդանիշ յուսադրիչ ապագայի եւ խաղաղութեան։ 

Երեխաները, հաւաքելով արուեստի գործի մը շուրջ, լոկ դիտողէ արուեստի գործին հետ յարաբերութեան մէջ եղող — նոյնիսկ ստեղծագործող, — անհատներ դարձնելը, աշխատանոցներուն իրենց տրամադրած փորձառութիւններէն մէկն էր։ Այս «շփումը» եւ «ստեղծագործութիւնը» կրնայ մատներով ներկելու պարզ վարժութիւն մը թուիլ։ Բայց եւ այնպէս, մատնահետքերը անկրկնելի են, — հայելիին վրայ դրոշմուած տարբեր գոյներով իւրաքանչիւր հետք իր մէջ կը կրէ երեխաներուն յոյսի պատգամը ուղղուած ապագային՝ ծիածանը որպէս փոխաբերութիւն օգտագործելով։ Ինչպէս «Աղ եւ լոյս»-ը կը ներկայացնէ Քամփ Արմէնի փոքրերը, այնպէս ալ այսօրուան երեխաները եւս տարբեր գոյներով իրենց հետքերը ձգեցին ապագային վրայ։ 

Այս աշխատանոցը ներշնչուած էր արուեստագէտին «Ռեսբիրո» (շունչ) գործէն, որ 2015 թուականին ցուցադրուած էր Վենետիկի Պիենալէի մէջ Պիենալէէն ետք, «Ռեսբիրո»-ն «ԱՌԹԸՐ»-ին եւ «Տիրիմարթ»-ին մէջ ալ ցուցադրուեցաւ։ Սարգիս իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կ՚օգտագործէ լոյս, գոյն եւ ձայն տարրերը՝ կեդրոնանալու համար ժամանակի, տարածքի եւ յիշողութեան գաղափարներուն վրայ՝ ։ «Ռեսբիրո»-ի նեոն լոյսերն ու մատնահետքերը մեզի կը տանին ժամանակի սկիզբը, լոյսի բեկման առաջին պահը, քաջալերելով փոխակերպութիւնը, ստեղծագործութիւնը, շնչառութիւնն ու զգացողութիւնը։ 
Աշխատանոցին սկիզբը իւրաքանչիւր երեխայ գոյն մը ընտրեց եւ հայելիին վրայ դրոշմեց. շատեր աւելի ուշ փոխեցին գոյնի իրենց ընտրութիւնը։ Թէեւ նախապէս անոնք չէին հանդիպած իրարու, երեխաները միասին քաղցրաբար աշխատեցան, իրար օգնելով եւ իրարու սահմանները յարգելով։ Այս աշխատանոցը՝ տարբեր խաւերու պատկանող 11-13 տարեկան եօթը երեխաներուն հետ կայացած, ինծի դիտել տուաւ, որ մարդիկ իրարու հետ կրնան աշխատիլ եւ ստեղծագործել համերաշխութեամբ։ 

Աշխատանոցներու եւ ձեռնարկներու կողքին, «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ին մէջ տեղի կ՚ունենան Հրանդ Տինքի ահաբեկման տարելիցը յիշատակող եւ Տինքի ժամանակին պատմական համածիրը վերանայող «Ճշմարտութեան համար խօսակցութիւններ» վերնագրով լսարաններու շարք մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ յունուար 18։ Այս մասին կրնաք տեղեկանալ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»-ին ընկերային ցանցերու վրայէն։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան

Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 23 Յունուար 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ https://bit.ly/3EgOey7)

Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Բարռեսիա Գոլէքթիվ կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը:

Միջազգային նպաստաւոր դիմագիծ ստեղծելու Ազէպէյճանի ռազմավարութիւններն ու մարտահրաւէրները

Դոկտ Հրաչ Չիլինկիրեանի գրչին պատկանող սոյն յօդուածը անգլերէնով լոյս տեսած է EVN Report կայքէջին մէջ: Զայն կու տանք թարգմանաբար:

Հրաչ Չիլինկիրեան

Ազրպէյճանի պետութիւնը համակարգուած ջանքեր ի գործ կը դնէ բարելաւելու իր միջազգային դիմագիծը 2020-ին տեղի ունեցած Արցախի երկրորդ պատերազմէն, եւ մասնաւորաբար՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ հետագային կազմակերպուած հայերու էթնիք զտումէն ետք: Պաքու հարիւրաւոր միլիոններ կը ծախսէ եւ հսկայական միջոցներ կը սպառէ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդիական, կենսուանակ եւ ազդեցիկ պետութիւն մը, ինչպէս կ’արտացոլայ նախագահ Ալիեւի «Ազրպէյճան 2030. Ազգային առաջնահերթութիւններ ի խնդիր ընկերային-տնտեսական զարգացման»:

Ինչպէս Եորտի Սուքլա կը գրէ իր վերջերս հրատարակած յօդուածին մէջ.

«Կանաչ տնտեսութիւնը, վերանորոգուող ուժանիւթը, տարածաշրջանին մէջ մնացած հակահետեւակային ականներու մաքրագործումի միջազգային համագործակցութիւնը եւ գերարդիական գիւղերու կառուցումը կը հանդիսանան այն տարրերը, որոնց միջոցով կառավարութիւնը կը միտի Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային դիմագիծը ներկայացնելու: Ենթակառոյցներու շինութիւնը եւ հակահետեւակային ականներու մաքրագործումը հիմքը կը հանդիսանան հակամարտութեան հետեւանքով [ազրպէյճանցի] տեղահանուածներու «մեծ վերադարձի» իրականացման…Ազրպէյճան որոշուած էր իբրեւ 2024 թուականի Նոյեմբերին COP29-ի կազմակերպիչ երկիրը: Անիկա կը հետեւի Նորվեկիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կամ Սէուտական Արաբիոյ նման երկիրներու, որոնք իրենց դերը որպէս հանածոյ վառելանիւթի հիմնական արտադրողներ կը հաւասարակշռեն վերանորոգուող ուժանիւթի արտադրութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նախաձեռնութիւններու մէջ առաջնորդելու ջանքերով»:

Միջազգային դիմագիծ կերտելու Պաքուի ջանքերը, որոնք մեծապէս հիմնուած են Հայաստանի եւ հայերու հետեւողական սատանայականացման վրայ, կ’ընդգրկեն մշակութային դիւանագիտութիւնը, տնտեսական վաճառանիշի ստեղծումը (branding), մարզական նախաձեռնութիւններ եւ ռազմավարական բնոյթի հասարակական յարաբերութիւններ: Այս նախաձեռնութիւնները կը միտին ձեւաւորելու ընկալումներ եւ հաստատելու Ազրպէյճանի դերը թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ համաշխարհային գետնի վրայ: Թէեւ Ազրպէյճանի բազմաբեւեռ եւ բազմակողմանի քաղաքականութիւնը զգալի արդիւնքներ տուած է, սակայն անոնց արդիւնաւէտութիւնը հիմնական խոչընդոտներ եւ յամեցող մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն:

Մշակութային դիւանագիտութիւն

Ազրպէյճան իր մշակութային ժառանգութիւնը կ’օգտագործէ որպէս հիմնաքար իր փափուկ ուժին՝ ինքզինք ներկայացնելով որպէս քաղաքակրթութիւններու կամուրջ մը՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին վրայ: Այս ջանքերուն մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն մշակութային փառատօները եւ ձեռնարկները, որոնք կը նշեն «ազրպէյճանական աւանդոյթներ»: Ուշագրաւ օրինակներ են Պաքուի Ճազի եւ Մուղամի երաժշտութեան փառատօները, որոնք կը շեշտեն երկրին երաժշտական ժառանգութիւնը: Բաց աստի, գորգագործութեան նման աւանդական արհեստները եւ մուղամի երաժշտութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ ճանչցուած են համաշխարհային աննիւթեղէն մշակութային ժառանգութեան մէկ մասը:

Ազրպէյճանի մշակութային դիւանագիտութեան կեդրոնական թեման հիմնուած է «բազմամշակութայնութեան» շեշտադրումին վրայ։ Ան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ կրօնական եւ մշակութային հանդուրժողականութեան երկիր մը՝ ընդգծելով իսլամութեան, քրիստոնէութեան եւ մովսիսականութեան ենթադրեալ ներդաշնակ համակեցութիւնը։ Այս մօտեցումը կը միտի ներգրաւելու համաշխարհային շահագրգիռ կողմերը, որոնք ներդաշնակութեան օրինակներ կը փնտռեն բաժնուած այս աշխարհին մէջ։

Ազրպէյճանի մասին տեղեկագրի մը մէջ, «Forum 18»-ը՝ մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութեան նորվեկիական-դանիական-շուէտական հասարակական կազմակերպութիւնը, կ’ընդգծէ կրօնի շարունակուող շահագործումը պետական գործերուն մէջ.

«[Ազրպէյճանի] իշխանութիւնները, իրենց կողմէ ազդուած կամ կաշառուած օտար կողմնակիցներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջոցով, «հանդուրժողութեան», «երկխօսութեան», «բազմամշակութայնութեան» եւ նմանատիպ հասկացողութիւններու պնդումներով կը փորձեն հերքել վարչակարգին կողմէ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումներու իրողութիւնը։ Օրինակ՝ կրօնական առաջնորդներու պատուիրակութիւնները կը գործածուին քարոզչական նպատակներով, երբ վարչակարգը միջազգային առեւտրական համաձայնագիրներու կը ձգտի»։

«Ղարաբաղի յաղթանակէն» ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը աշխուժացուց իր ջանքերը՝ երկիրը ներկայացնելու իբրեւ բազմամշակութայնութեան եւ կրօնական հանդուրժողութեան կեդրոն մը։ 25 Նոյեմբեր 2020-ին, ժողովրդին ուղղուած իր ճառին մէջ, նախագահ Ալիեւ հպարտութեամբ յայտարարեց. «Ազրպէյճանի բազմամշակութայնութեան եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը կը գովաբանեն ամբողջ աշխարհը եւ աշխարհի ղեկավարները»։ Սակայն, այս երկարատեւ եւ լայնածաւալ արշաւը զգալի վնաս կը հասցնէ նոյնիքն ազգային եւ կրօնական այն համայնքներուն, զորս կը յաւակնի աջակցիլ եւ պաշտպանել: Ազրպէյճանի Կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական յանձնաժողովը այժմ կը վերահսկէ իսլամական կրթական բոլոր հաստատութիւնները, կը գրաքննէ բոլոր դաւանանքներու կրօնական գիրքերը եւ կ՛որոշէ թույլատրել թէ ոչ պաշտամունքի վայրերու կառուցումը կամ վերանորոգութիւնը»։

Մարզական դիւանագիտութիւն

Ազրպէյճան զգալի ներդրումներ կատարած է սփորի մարզին մէջ՝ իր համաշխարհային ներկայութիւնը խթանելու համար։ Որպէս կեդրոնական ռազմավարութիւն, երկիրը որդեգրած է սփորի միջազգային մեծածաւալ իրադարձութիւներու հիւրընկալութիւնը։ 2015 թուականին՝ Եւրոպական խաղերը, 2016 էն ի վեր կազմակերպելով Պաքուի Formula 1-ի Ազրպէյճանի «կրան-փրի»ն եւ ըմբշամարտի ու ձիարշաւի աշխարհի ախոյեաննութիւններ կազմակերպդլով, Ազրպէյճան ապացուցած է, որ կրնայ բարձր մակարդակի մրցումներ կազմակերպել:

Բացի ատկէ, Ազրպէյճանցի մարզիկները մասնակցած են ըմբշամարտի, բռնցքամարտի եւ ձիարշաւի՝ մարզաձեւեր, որոնք վերածուած են ազգային հպարտութեան խորհրդանիշերու։ Մարզական արդիական հաստատութիւններու կառուցումը, ներառեալ՝ Պաքուի Օղիմպիական մարզադաշտը, որ ծանօթ է որպէս «ճարտարապետութեան խորհրդանիշ» մը, կը փաստէ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ արդի եւ մրցունակ երկիր մը։

Տնտեսական վաճառանիշի ստեղծումը (branding)

Ազրպէյճանի տնտեսական ինքնութեան ստեղծումը (branding) կեդրոնացած է իբրեւ ուժանիւթի գլխաւոր արտադրող երկիր մը իր դերին եւ տնտեսական այլազանութիւն յառաջացնելու ջանքերուն վրայ։ Երկիրը առնցքային դեր ունի Եւրոպայի ուժանիւթի ապահովութեան մէջ՝ ենթակառոյցներու մեծ ու կարեւոր ծրագիրներու, ինչպէս՝ Հարաւային կազատար միջանցքը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան (BTC) խողովակը, որոնք բնական կազ եւ նաւթ կը մատակարարեն համաշխարհային շուկաներու։

Ուժանիւթի մարզէն զատ, Ազրպէյճան կը ձգտի ինքզինք հաստատելու իբրեւ առեւտուրի, փոխադրութեան, պահեստավորում եւ զբօսաշրջութեան կեդրոն մը։ Իր «ռազմավարական դիրքը» պատմական Մետաքսի ճամբուն վրայ կը ներկայացուի որպէս առեւտուրի դարպաս մը Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ։ «Ազրպէյճան. անգամ մըն ալ տե՛ս» քարոզարշաւներուն միջոցով երկիրը լուսարձակի տակ կ’առնէ իր բնական գեղեցկութիւնը, պատմական վայրերը եւ ժամանակակից ճարտարապետութիւնը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով իբրեւ զբօսաշրջային ներուժին վրայ։

Դիւանագիտական յանձնառութիւն

Ազրպէյճանի դիւանագիտական ջանքերը ուղղուած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ երկրին ազդեցութեան ամրապնդման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման։ Որպէս անդամ Ոչ-յանձնառու երկիրներու շարժումին, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (OIC) եւ Ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման GUAM կազմակերպութեան (որուն նախագահութիւնը Պաքու ստանձնած է 2024-ին), Ազրպէյճան կը միտի հիմնական դեր խաղալու տարածաշրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութիւններուն մէջ՝ հետեւողականօրէն օգտագործելով հակահայ հռետորաբանութիւն եւ լոպիինկ կատարելով Հայաստանի դէմ։ 2023 Դեկտեմբերին, Ազրպէյճան ծաւալեց իր միջազգային ներկայութիւնը՝ միանալով Զարգացող ութնեակ (D-8) կազմակերպութեան որպէս իններորդ անդամը, Գահիրէի մէջ կայացած ժողովին ընթացքին։

Պաքու ինքզինք կը ներկայացնէ որպես «կայունացնող ուժ» մը Հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն յետոյ: Մինչ հակամարտութեան արդիւնքը ամրապնդեց ազգային հպարտութեան զգացումը Ազրպէյճանի մէջ, միջազգային հանրային կարծիքը կը մնայ կիսուած երկրին շրջանային դերակատարութեան նկատմամբ:

Ազգային վաճառանիշի ձեւաւորում խորհրդանշական կառոյցներով

Ազրպէյճան իր մայրաքաղաքը վերածած է «յառաջադիմութեան եւ արդիականութեան խորհրդանիշի»։ Պաքուի քաղաքային վերակառուցման մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն խորհրդանշական կառոյցներ, ինչպէս՝ Հայտար Ալիեւի անուան կեդրոնը, զոր նախագծած է համաշխարհային համբաւ վայելող իրաքաբրիտանացի ճարտարապետ Զահա Հատիտ, եւ «Բոցի աշտարակները», որոնք կը խորհրդանշեն Ազրպէյճանի ձգտումները։

Ճարտարապետական այս գերկառոյցները ռազմավարականօրէն կ’օգտագործուին համաշխարհային զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ իր իսլամական յատկանիշերը ընդգծելով հանդերձ, Ազրպէյճան «Հուրի երկիր» կարգախօսով կը կարեւորէ իր պատմական կապը զրադաշտականութեան հետ եւ իր բնութեան հրաշալիքները, ներառեալ՝ ցեխի հրաբուխները եւ Եանար Տաղի այրող լեռը։ Պետութեան պատկանող կայքէջ մը երկիրը կը նկարագրէ որպէս «հրաշագործ երկիր Ազրպէյճանը՝ իր բնական անսահման հարստութեամբ, դարաւոր մշակոյթով, պատմութեամբ եւ հին ժողովուրդով, որուն ապրելակերպը բացառիկ եւ ներդաշնակ համադրութիւն մըն է տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու աւանդոյթներուն եւ ծէսերուն»:

Հանրային կապեր եւ մամլոյ արշաւ

Վերջապէս, Ազրպէյճան գործնապէս կը համագործակցի միջազգային լրատուամիջոցներու եւ ազրպէյճանական ու թրքական սփիւռքի համայնքներուն հետ՝ նպաստաւոր լուրեր տարածելու նպատակով։ Միջազգային լրատուամիջոցներու ճամբով, ան կը ներկայացնէ երկիրին մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական նուաճումները՝ միաժամանակ զօրաշարժի ենթարկելով սփիւռքեան համայնքները՝ արտաքին աշխարհին մէջ ազգային շահերը պաշտպանելու միտումով։ Ինչպէս Պաքուի Պետական Համալսարանի շրջանաւարտներէն՝ Սերկէյ Ռումեանցեւ կը գրէ. «Ազրպէյճանի իշխող Ալիեւեան վարչակարգին համար, սփիւռքը հոմանիշ է արտերկրի քաղաքական լոպպիին»։

Վերջին տարիներուն, միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձած են մարդկային իրաւանց խախտումներուն, մամուլի սահմանափակումներուն, լրագրողներու ձերբակալութիւններուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կաշառակերութեան։ Օրինակ, The Guardianխիստ յօդուած մը հրապարակեց 20 Դեկտեմբեր 2024-ին՝ անդրադառնալով Բրիտանական Լորտերու Պալատի անդամներուն։ Յօդուածը կը նշէ.

«Լորտերու կողմէ Ազրպէյճանի ուղղուած հանրային աջակցութեան դրսեւորումները այս տարի աւելի մեծ թափ ստացան՝ երկրին մէջ Cop29 գագաթաժողովին նախորդող ամիսներուն։ Քանի մը լորտեր վերջերս ընդունած են վճարովի ճամբորդութիւններ կատարել՝ ընտրութիւններուն ժամանակ դիտորդի դեր ստանձնելու վիճայարոյց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի մէջ՝ այն տարածքը, որուն կառավարութիւնը նախորդ տարի տապալեցաւ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակման ընթացքին»։ Լորտերէն մէկուն որդին՝ «իր հօրը համար Լորտերու Պալատին մէջ հետազօտողի դեր ստանձնելով, երեք ամիսով վճարովի աշխատանք ստանձնած է Socar-ի առեւտրական բաժնին մէջ, որպէս յարատեւականութեան փորձնակ, Ժընեւի մէջ՝ Յունուար-Մարտ 2023-ի միջեւ»:

Մարտահրաւէրներ՝ Ազրպէյճանի միջազգային դիմագիծին

Ի հեճուկս ծաւալուն եւ ծախսալից ջանքերուն, Ազրպէյճան դէմ յանդիման կը գտնուի յատկանշական մարտահրաւէրներու իր դիմագիծի ձեւաւորման արշաւին մէջ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ երկրին մենատիրական դրութեան նկատմամբ:

Միջազգային կազմակերպութիւններ մտահոգութիւն կը յայտնեն Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական այլախոհութեան, մամլոյ ազատութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան ճնշումներուն շուրջ։ Այս խնդիրները կը վնասեն երկրին հեղինակութեան, յատկապէս Արեւմուտքի ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 11 Դեկտեմբերին (2024) հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ. «Մենք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը հրաւիրենք ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք անարդարօրէն ձերբակալուած են՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու, դադրեցնելու քաղաքացիական հասարակութեան դէմ ճնշումները, յարգելու մարդկային բոլոր իրաւունքներն ու հիմնական ազատութիւնները եւ կատարելու բոլոր պարտաւորութիւնները, զորս ստանձնեց երբ անդամակցեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)»:

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին մէջ զինուորական յաղթանակը ամրապնդեց Ազրպէյճանի գերիշխանութեան պահանջները։ Սակայն տարածքային ոտնձգութիւնները եւ Հայաստանի հետ շարունակուող լարուածութիւնները՝ ռազմական հաւանական թշնամանքի զուգահեռ, կը շարունակեն բացասաբար ազդել անոր միջազգային հեղինակութեան վրայ:

Ալիեւի վարչակարգին խիստ վերահսկողութիւնը քաղաքականութեան վրայ եւ սահմանափակ ժողովրդավարական գործելաոճը քննադատութեան առարկան դարձած են միջազգային դիտորդներու՝ խզում մը ստեղծելով դիմագիծ բարելաւելու անոր նախաձեռնութիւններուն եւ երկրին նկատմամբ համաշխարհային ընկալումներուն միջեւ:

Վերջապէս, Ազրպէյճանի դիմագիծ եւ ինքնութիւն ստեղծելու ջանքերուն մէջ առկայ հայատեաց տարրերը կ’ընդգրկեն Ազրպէյճանի «ազգային» քրիստոնէական եկեղեցի մը ստեղծելու՝ այսպէս կոչուած «Աղուանական Առաքելական Եկեղեցի»ի ձեւաւորումը՝ Արցախի եւ շրջանին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնը մերժելու եւ ապօրինականացնելու նպատակով։ Իսլամական մեծամասնութիւն ունեցող պետութեան մը կողմէ, պետական մակարդակով քրիստոնէական եկեղեցի ստեղծելը աննախադէպ երեւոյթ է 21-րդ դարուն մէջ։ Սակայն, ինչպէս նախագահ Ալիեւ ինք կը նշէ, «քարոզչական դիտանկիւնէ» Ազրպէյճան անհրաժեշտ չի նկատեր պաշտպանելու կամ արդարացնելու իր նպատակները։

Ազրպէյճանի կողմէ հայերու դէմ կատարուած սատանայականացման արշաւը կը ներառէ փաստերու մերժում, պատմական եւ նիւթեղէն ապացոյցներու ջնջում եւ պատմութեան վերաշարադրում։ Այս մօտեցումը, որ մաս կը կազմէ աւելի լայն «քաղաքական յարձակման» ռազմավարութեան, նպատակ ունի ամրապնդելու ազրպէյճանական ազգային ինքնութիւնը եւ աջակցելու պետութեան ազգակերտման ջանքերուն։ Ինչպէս այլ տեղ նշած եմ, այս ռազմավարութիւնը կը գործադրուի երկու հիմնական ուղղութիւններով. նախ՝ յառաջ մղելով այն վարկածը, թէ Ազրպէյճանի հանրապետութիւնը եւ անոր ժողովուրդը դարաւոր արմատներ ունին Կովկասի մէջ՝ պետական հովանաւորութեամբ «գիտական հետազօտութիւններու» եւ «մշակոյթի», «բազմամշակութայնութեան» ու «կրօնական հանդուրժողականութեան» նուիրուած հիմնարկներու ստեղծման միջոցով, երկրորդ՝ հայերը «թշնամի» ներկայացնելով՝ զանոնք պիտակելով որպէս «ֆաշիսթ», «ատելավառ» եւ «զզուելի» մարդիկ, որոնք դարեր շարունակ իբրեւ թէ գողցած են Ազրպէյճանի «ազգային ժառանգութիւնը»։

(Թարգմանեց՝ Վարուժ Թէնպէլեան)

Բնագիրը կարելի է կարդալ սոյն յղումով https://evnreport.com/opinion/azerbaijans-international-image-making/

Տօնդ շնորհաւոր՝ հայկական բանակ

Ամէն տարի, 28 Յունուարին, կը տօնախմբենք մեր ազգային բանակի հիմնադրութեան օրը: Չենք կրնար անտարբեր մնալ: Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան տարեդարձը:

Յստակ է, թէ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:

Ուստի կը կարծեմ, որ հայկական բանակի օրուան յիշատակումը առաջին իսկ հերթին մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող, եւ անոր սահմանները ապահով պահողները երախտագիտութեամբ յիշելու օրն ու առիթն ալ է:

Որովհետեւ, մեր երկրի բանակը մեր պատիւն ալ է:

Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը անոր անդամներն են, ուստի կրնանք ըսել, եթէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:

Միւս կողմէ սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան, այլ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրին բանակին, անոր քանակին եւ որակին, ու հզօրացման աշխատանքներուն: Անոր շարքերուն միշտ կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն:

Եւ որովհետեւ բանակի մը մեծագոյն արժէքը՝ զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են, ոտանաւորներ նուիրած: Իր կարգին երկրին մամուլն ալ յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները: Իսկ նոյն այդ երկրին ղեկավարները, առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները, յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով եւ յուշակոթողներով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու անուններով յիշատակած:

Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող կամ գոյատեւող հայեր, մեր կեանքի հեւքին հետ, միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն:

Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկան է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:

Ուստի անսակարկ պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Աջակցիլ եւ անոր ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին կենալ: Գործնականապէս զօրավիգ կանգիլ: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:

Մեր ժողովուրդը, պատիւ իրեն, միշտ ալ բարձր գնահատած է հայ բանակին ու հայ զինուրին հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր հարցերով, սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով:

Որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:

Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են որ այսօր խաղաղ երկինք կ’ապահովեն մեր հայրենիքին:

ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:

Տարեդարձդ շնորհաւոր՝ հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայիններ:

Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն ալ է:

Փառք ու պատիւ մեր մարտունակ բանակին, յաղթանակ կերտող զինուորին եւ իր արիւնը հայրենիքի հողի պաշտպանութեան թափող նահատակ եւ մարտիրոսացած հայուն եւ մեր բանակի մեծ ու փոքր բոլոր զինուորականներուն:

Ոչ միայն հայերը, այլեւ ամողջ աշխարհը այսօր կը տառապի տհասութենէ ու անմտութենէ

Թմրութեան տեսակ մը կայ, երբ մարդ որեւէ բան ընելու ցանկութիւն ու կամք չունենար այլեւս: Նման թմրութեան պարագային, թէկուզ սպանես զինք, մարդը տեղէն չուզէր շարժիլ: Ան այնպիսի անասնական կշտացած-յագեցած վիճակի մը մէջ է, որ կեանքէն որեւէ բան փափաքելու հակում չունի այլեւս: Չունի նպատակ, կամք եւ տենչ, ան ոչինչ կ’ընէ, պարզապէս պառկած է: Նման այն պիւթոնին, որ ամբողջ հորթ մը կուլ տալէ ետք, ամիսներով կրնայ թմրած պառկիլ եւ դանդաղօրէն մարսել, ու նոյնիսկ եթէ յարձակին վրան՝ կրնայ ընդհանրապէս չարձագանգել քանի այնքան թմրած ու անզգայացած է:

Անգլիացի գրող եւ փիլիսոփայ Օլտես Հաքսլի կը նշէ, որ լայն զանգուածներուն մատուցուող զուարճանքը փոխած է իր բնոյթը: Նախկին դարերուն, ժամանցը մտաւորական բնոյթ ունէր: Ժամանց վայելելու համար, մարդը մտաւորական ճիգ պիտի թափէր․ համերգները, ներկայացումները, երգերը, ժողովրդական տօները եւ այլն, ոչ թէ պարզապէս ծիծաղ շարժելու համար էին, այլ գիտակցուած իրադարձութիւններ:

Օրինակ, 17-րդ դարուն արքայական ընտանիքներու անդամները ու անոնց մերձաւորները իսկական բաւարարութիւն կը ստանային լսելով ուսեալ քարոզիչներու (օրինակ՝ անգլիացի կղերական, բանաստեղծ Ճոն Տոնը) ելոյթները եւ աստուածաբանական ու բնազանցական թեմաներով բանավէճերը: Պատկերացուցէք, թէ ինչ կրնայ ըսել իշխան մը ներկայիս, եթէ համալսարանական գիտնականները իրեն առաջարկեն նման ձեւով զուարճանալ: Էլիզապեթեան դարաշրջանին, որեւէ միջին կրթութիւն ունեցող լէյտի կամ ճենթըլմեն կրնար անհրաժեշտութեան պարագային մասնակցիլ գեղօններու (madrigal) կամ հոգեւոր երգերու (motet) կատարումին: Նոյնիսկ հասարակ մարդիկ կ’ընտրէին այնպիսի ժամանցներ, որոնք որոշակի ճկունութիւն, ինքնատպութիւն եւ անձնական նախաձեռնութիւն կը պահանջէին: Անոնք կը լսէին, օրինակ, «Օթելլօ»-ն, «Լիր թագաւոր»-ն ու «Համլեթ»-ը՝ ակնյայտ հետաքրքրութեամբ եւ ըմբռնումով: Անոնք կ’երգէին եւ երաժշտական գործիքներ կը նուագէին: Գիւղացիները տարիներ շարունակ կը կատարէին սովորական ծիսակատարութիւններ. գարնան եւ ամռան կը պարէին, ձմեռը՝ կը բեմադրէին, աշնան՝ կը նշէին բերքի տօնը: Անոնց հաճոյքները խելացի էին եւ կենսունակ, եւ մարդիկ անձամբ ամէն ջանք կը թափէին իրենք զիրենք զուարճացնելու: Մենք այս բոլորը փոխած ենք: Հին հաճոյքներուն փոխարէն, որոնք միտք եւ անձնական նախաձեռնութիւն կը պահանջէին, մենք ստեղծած ենք հսկայական կազմակերպութիւններ, որոնք մեզի կը մատակարարեն պատրաստի ժամանցներ՝ այնպիսի ժամանցներ, որոնք հաճոյք փնտռողներէն ոչ մէկ անձնական մասնակցութիւն կը պահանջեն, ոչ ալ մտաւորական նկատելի ճիգ:

Հաքսլի շա՞տ պիտի զարմանար, եթէ տեսնէր ինչ կը կատարուի հիմա: Կ’ենթադրեմ՝ ոչ: Միակ տարբերութիւնը միայն տարողութիւնն ու ձեւն է, մնացեալը նոյնն է: Համացանցն ու տեղեկութիւն փոխանցելու կայծակնային արագութիւնը ամէն օր մեզի կը ծանօթացնեն տարատեսակ միմոսներու ու ծաղրածուներու, որոնց առաջարկածը գռեհիկ, տափակ ծիծաղէն ու տռփականութենէն (eroticism) այն կողմ չեն անցնիր: Մարդիկ այժմ ժամերով կրնան խելախօսերու առջեւ նստիլ ու անվերջ կարճ տեսերիզներ դիտել՝ անբովանդակ, անգրագէտ, գռեհիկ ու ոչինչ փոխանցող: Հաքսլի կը զգուշացնէր, որ մտածողութեան մակարդակի նման կտրուկ անկումը կրնայ քաղաքակրթական ոչնչացման սկիզբ դնել: Արդեօ՞ք նաեւ այդ չէ պատճառը, որ մեր օրերու աշխարհն այսքան անբովանդակ ու դատարկ է, ըստ այդմ՝ լկտի ու դաժան:

Խնդիրը նոյնն է ամէնուր, միայն թէ կարգ մը տեղեր այդ մէկը նուազ տեսանելի է, այլուր՝ աւելի նկատելի: Այսօր ոչ միայն հայերը, այլեւ ամողջ աշխարհը կը տառապի տհասութենէ ու անմտութենէ: Մարդոց համար բարդ դարձած է կէս էջ մը կարդալն ու յիշելը: Ինչպէ՞ս կը զարմանանք, որ հայ դպրոցականներուն խօսակցութիւնը խեղուած հայերէնն է՝ կէս անգլերէն, կէս-ռուսերէն ծռմռած կորճաբանութեամբ (jargon), երբ կը տեսնենք, թէ անոնց օրը ինչով լեցուած է: Ու ի՞նչ նպատակ, ցանկութիւն եւ կամք պիտի ունենայ այն սերունդը, որուն անվերջանալի զուարճանք կու տան, որ անբովանդակ է ու ոչինչ կը փոխանցէ: Մտաւորական կամ քննական ոչ մէկ բան կայ անոր մէջ: Այդ զուարճանքներով մարդը կը բթացնէ ինքզինք, կը վերածուի միմոսի, կ’ուղղուի դէպի անտարբերութիւն, կը դառնայ աննպատակ ու թերհաս: Մարդուն ուղեղը կը սկսի ոսկրանալ, յիշողութիւնը՝ կարճնալ, ուշադրութիւնը՝ թուլնալ:

Անվերջ reels դիտող մեր երիտասարդներուն ու երեխաներուն աչքերուն առջեւ տարօրինակ մշուշ մը պատած է՝ վախցնող անորոշութիւն մը: Սարսափելի է պատկերացնել անոնց մտքերուն մէջ գոյացած խառնաշփոթը: Տհաճ են անոնց պատկերացուցած նախնական երեւոյթներն ու կերպարները:

Կարելի է անշուշտ դեռ շատ օրինակներ բերել ու վերստին նշել, որ այդ անբովանդակ ժամանցը ոչ միայն կը նուազեցնէ բանական մարդու իմացականութիւնը եւ զայն կը դարձնէ անտարբեր կենդանի մը՝ զրկելով զինք հայրենիք, բարոյականութիւն, կրօն եւ այլ արժէքներէ: Տակաւին, կարել է նշել, թէ բարոյական ի՛նչ խնդիրներ կը յառաջանան, բայց անպատասխան կը մնայ կարեւոր հարց մը՝ իսկ ի՞նչ ընել:

Ի՞նչ ընել, որ ապագայ սերունդը չվերածուի թուային աղբանոցին մէջ կորսուած անտարբեր երեւոյթի մը, որուն խորթ են հայրենիքն ու մարդկայնութիւնը եւ այլն եւ այլն եւ այլն: Արդեօ՞ք կարելի է կործանարար այս հեղեղը ձեւով մը կանգնեցնել կամ այլ կողմ թեքել:

Ծեծելով ու վախցնելով կարելի չէ. որքան շա՛տ արգիլես, այնքա՛ն աւելի ցանկալի կը դառնայ արգիլուած երեւոյթը: Համոզելն ու խնդրելը եւս զեռօ արժէք ունին: Ուրեմն ի՞նչ ընել: Որովհետեւ, հակառակ պարագային, մենք ոչ թէ պիտի ունենանք ապազգային կամ օտարամոլ, այլ պարզապէս անտարբեր իրականութիւն մը: Այնքա՛ն անտարբեր, որուն միայն պլոկըրութիւնը (blogging) հետաքրքրական է եւ հոն կատարուող անհեթեթութիւնը: Որքա՛ն գռեհիկ՝ այնքա՛ն նախընտրելի:

Քանի որ հիմա ամէն ինչ արուեստ է ու միաժամանակ ոչ մէկ բանը, մենք մեր անձին մասին ունինք թշնամական (aggressive) հպարտութեամբ լեցուած ծոյլ ու անամօթ անորոշութիւն մը: Այլեւս անկարելի է որեւէ բան քննադատելը, քանի որ որեւէ բան կարելի է ընել: Նոյնիսկ պատին վրայ պանան փակցնելը կը կոչուի արուեստ, անկանոն ջղաձիգ շարժումները՝ բեմականացում, շան վարքագիծին կապկումը՝ սեփական ընտրութիւն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ «նուաճումը»: Իրար սպանե՞լը, հրաժարիլ այն բոլոր արգելքներէն, որոնք կը տարանջատեն մարդն ու անասո՞ւնը: Այսինքն ստեղծագործական անկում եւ սլացք դէպի դէպի կապկամա՞րդ:

Թերեւս այս բոլորը տհաճ կը հնչեն, բայց մենք գործ ունինք յիմարացման մասսայական զառանցանքի հետ՝ անորակ ու անիմաստ: Իւրաքանչիւր ծնողք եւ Իւրաքանչիւր հասուն մարդ պէտք է հասկնայ, որ ճիշդ այն պահուն, երբ խելախօսով կը կաշառէ իր դեռատի աղջիկն ու տղան, զանոնք կը մղէ մեծնալու անվերահսկելի քաոսի մը մէջ: Հետեւանքները ողբերգական պիտի ըլլան բոլոր առումներով՝ անձնականէն մինչեւ պետական:

Ամէն հասուն մարդ, որ ինքզինք պատասխանատու կը նկատէ, առաջնահերթ պիտի դարձնէ իր զաւակին նախ «բանական մարդ» պահել, յետոյ՝ մարդ դարձնել, որմէ ետք ալ կարելի է մտածել անոր նախընտրութիւններուն մասին: Մարդուն նպատակը չի կրնար շուն դառնալը ըլլալ, մարմնավաճառի կեցուածքը իւրացնել, ստելով ու կիսագրագէտ մտքերով գրող ու հրապարակախօս դառնալ: Տարօրինակ է, բայց մենք ոչ թէ ապազգայինի դէմ կը կանգնինք, այլ մարդ մնալ-չմնալու, որովհետեւ համաշխարհային փորձառութեան ու իմաստութեան նոյնիսկ չնչին տոկոսը չի կիրառուիր, ամէն բան ձգուած է ինքնահոսին:

Հայաստանի մէջ խնդիրը աւելի նկատելի է, որովհետեւ որպէս սպառող հասարակութիւն՝ մենք աւելի ենթակայ ենք որեւէ աղտեղութեան ենթարկուելու: Եւ կ’ենթարկուինք՝ անմռունչ ու բթացած: Վաղը նոյնիսկ պատերազմի զոհերը կարելի է ծաղրել՝ որպէս «պահպանողական յետամնացներ»: Որովհետեւ այս նոր աշխարհին մէջ տեղ չունին հայրենիքն ու կրօնը, բարոյականութիւնն ու խիղճը: Այս նոր աշխարհ մըն է, ուր կը տիրապետեն լրբութիւնը, անգրագիտութիւնն ու գռեհիկ անգրագիտութիւնը: Սա յետյետարդիականութիւնն (metapostmodernism) է՝ ամօթի դարաշրջանի աւարտը: Նոյնիսկ արդէն կարելի չէ վստահ ըլլալ, թէ արդեօ՞ք սրբագրելու հնարաւորութիւն կայ, թէ մենք մարդու ու հայու վերջին մոհիկաններն ենք, անթրոփոսինի վերջին սերունդները (anthropocene, ժամանակաշրջանը, երբ մարդիկ էական ազդեցութիւն ունեցած մեր մոլորակին վրայ):

Օրերը փոխուած են, տղա՛ս

— Մա՛մ, ո՞վ է այդ կինը, որ մեզի հետ խօսեցաւ։
— Մա՛մ, այդ մարդը ո՞վ է․․․
Յանկարծ վրդովմունքի ալիք մը կը դեգերի ներսիդիդ։ Հարցուփորձի հետաքրքրաշարժ առիթ մը կը ստեղծուի զաւակիդ համար։ Ան կ՛ուզէ գիտնալ, որոշ անձի մը ո՞վ ըլլալը, առանց տեղեակ ըլլալու, թէ այն նոյն անձը իր «քիչ մը հեռու» արիւնակիցներէն մէկն է։ Մտածումներու շարան մը կը տողանցէ մտքիդ մէջ․ հարց կուտաս, թէ ի՞նչ պատճառով հարազատներ սկսած են հեռանալ իրարմէ եւ քաշուիլ իրենց պատեաններուն մէջ։ «Օրերը այդպէս պարտադրեցին»- ը համոզի՞չ պատճառաբանութիւն մըն է արդեօք։
Երեք տարի առաջ, տղուս դպրոցին առջեւ, ինքնաշարժիս մէջ նստած, հայերէն երաժշտութիւն մը կ՛ունկնդրէի եւ կը սպասէի աշակերտներուն արձակման ժամուն։ Քանի մը անվերջանալի վայերկեաններ մնացած էր զանգը հնչելու, երբ յանկարծ լայն ժպիտով տարեց կին մը ինծի մօտեցաւ։
— Լի՛զա, եավրում, լա՞ւ ես․ միշտ կու գաս այստեղ տղուդ առնելու, օր մըն ալ մեզի ելլի՛ր սուրճ մը խմէ։
«Անահիտ քոյրիկ»-ն էր, մօրս երկրորդ զարմուհին։ Ան տղուս յաճախած դպրոցին դիմացը գտնուող շէնքին մէջ կը բնակէր։ Անահիտին ընտանիքէն մաս մը գաղթած էր, մաս մըն ալ անդիի աշխարհը մեկնած, իսկ ինքը որպէս «բեկոր» մը մնացած էր իր մեծ ընտանիքէն։
— Անշո՛ւշտ, Անահիտ քոյրիկ, շատ կը փափաքիմ, մօտ օրէն անպայման կը հանդիպիմ։
Հարազատի մը հետ հանդիպումը անցեալի յուշեր վերակենդանացուց անոր մէջ, եւ հին ու քաղցր օրերու անուրջներուն յանձնուելով՝ կարծես վերանորոգուեցաւ։ Գոհունակութեան ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ դէմքին վրայ, ուր խորունկ ակօսերը, տարիներու հոսքին հետ, իրենք զիրենք պարտադրած էին արդէն։
— Որքա՜ն ատենէ զիրար չենք տեսած․․․
Ու փաթթուեցաւ ինծի․ թրջուած աչքերը սկսած էին ուրախութենէն պայծառանալ ու փայլփլիլ։
Նոյն վայրկեանին աշակերտերը սկսան արձակուիլ դպրոցի մայր մուտքէն։ Քիչ ետք նշմարեցի տղաս, որ դէպի մեզի կը մօտենար։
— Տղա՛ս, Անահիտ քոյրիկն է, Ազնիւ մեծմօրդ երկրորդ զարմուհին։
Հարցում եւ ժպիտ միաւորող խառն արտայայտութիւն մը գծագրուեցաւ տղուս դէմքին վրայ։
Ապա ըսի։
— Տղաս է, Գեղամը։
Անահիտը անմիջապէս փաթթուեցաւ տղուս․ կարծես կ՝ուզէր կարօտը առնել իր հարազատներէն, որոնք երկար ատենէ «աչքէ հեռու» մնացած էին։ Ապա դառնալով տղուս ըսաւ։
— Ես եւ մեծմամադ միշտ իրարու կ՝այցելէինք, քրոջ մը պէս էինք․ հիմա օրերը փոխուած են տղա՛ս․․․
Հրաժեշտ տալէ ետք Անահիտին, ինքնաշարժին մէջ, դէպի տուն վերադարձին՝ տղաս հարց տուաւ, թէ ի՞նչպէս ինքն ու Անահիտը բնաւ իրարու չէին հանդիպած։
Ի՞նչ պատասխանէի․․․
Պահ մը մտածելէ ետք ըսի։
— Ինքը տարեց է այլեւս․ երիտասարդները պէտք է որ իրեն այցելեն։ Ազգականական կապերը պէտք է միշտ աշխոյժ պահել, որպէսզի տարիներու ընթացքին «օտարներ» չդառնանք իրարու։
Բոլորս ալ կեանքի արագընթաց հոսանքին մէջ կը սուրանք։ Կեանքի տարբեր ծալքերուն մէջ ծուարած՝ կը փորձենք «բնական» կեանք մը ապրիլ, առանց նկատի առնելու շատ մը «նուրբ» իրողութիւններ։ Մեր զաւակները առիթը չեն ունեած իրենց ընդարձակուած ընտանիքներուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու։ Անմիջական արիւնակիցներու հետն է, որ կը շփուին միայն։ Նոյնիսկ եթէ օր մը մէկ-երկու ազգականի պատահմամբ հանդիպին, շատ հաւանաբար իրարու չճանչնան։ Հակառակ անոր որ ներկայիս հաղորդակցութեան այլեւայլ միջոցներ գոյութիւն ունին հարազատներու հետ կապ պահելու համար, սակայն այլեւայլ պատճառաբանութիւններ ալ գոյութիւն ունին․․․
Երբ ընտանիքի մը տարեցները կը մեկնին այս աշխարհէն, երիտասարդները իրենց արագահոս եւ բազմազբաղ առօրեային «անձնատուր» եղած՝ ժամանակ չեն գտներ յարաբերութիւններու։ Տարիներու ընթացքին, սեղմ հանգոյցները կը թոյլնան։ Պատկանելիութեան զգացումը եւ ազգականներու հետ միասին ըլլալու հաճոյքը ինքնաբերաբար կը նսեմանան։ Հարազատներու հետ հաւաքուիլը, մտերմական կապերը, տօնական կամ այլ առիթներով այցելութիւնները կը չքանան։ Ի՞նչ է պատճառը․․․ մեր հեւ ի հեւ ապրելակե՞րպը, անտարբերութիւ՞նը, եսասիրութիւ՞նը, ընկերային ցանցե՞րը, թէ օրերը փոխուած են, տղա՛ս․․․

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան սեղանին շուրջ

Հայկական մշակոյթին մէջ, Ս. Ծնունդը, պատմական եւ կրօնական արժէքներու կողքին, աւանդական եւ ընկերային արժէքները կենդանի պահող տօն է։ Միջագետքի երկիրներուն մէջ այս աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ տարբեր ձեւերով փոխանցուած են։ Մինչ Պոլսոյ հայկական տուներու մէջ կրնանք տարածաշրջանային աւանդութիւններ տեսնել, որոշ աւանդութիւններ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած են։

ՏԵՆՉԱ  ՏԵԿԻՐՄԵՆՃԻ

Ոմանց համար Նոր տարուան գալուստը կրնայ նշանակել պարզապէս թուականի մը փոփոխութիւնը։ Բազմաթիւ հայ ընտանիքներու համար սակայն, այս ժամանակահատուածը սկիզբն է հինգ տաղաւարներէն մէկուն՝ սուրբծննդեան տօնախմբութեան, որ առիթ կ՚ընծայէ ընտանիքի անդամներուն, մեծէն մինչեւ փոքր, համախմբուելու զուարթագին ճաշասեղանի մը շուրջ։ 

Ամէն տարի այս շրջանին, շատեր մեզի հարց կու տան, թէ ինչո՛ւ հայերս Ս. Ծնունդը կը նշենք յունուար 6-ին։ Այս հարցումին պատասխանը իր արմատները խրած է պատմական հողի մը տակ՝ ի տարբերութիւն շատ մը այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու։ Դ. դարուն, Արեւմտեան հռոմէական եկեղեցին, Յիսուսի ծնունդի նշումը փոխադրեց դեկտեմբեր 25-ին, քօղարկելու հեթանոսական մշակոյթէն մնացած արեւու աստուծոյ ծնունդին տօնի նշումը։ Այնուամենայնիւ, Հայ եկեղեցին, հաւատարիմ մնալով Աստուածորդիի ծնունդն ու մկրտութիւնը նոյն օրը նշելու քրիստոնէական հին ծէսերուն, չէ համակերպած այս փոփոխութեան եւ պահպանած է իր սեփական օրացոյցը։ Ուստի, յունուար 6-ը հայերուն համար կը շարունակէ խորհրդանշել Յիսուսի ծնունդն ու մկրտութիւնը։

Հայկական մշակոյթին մէջ, Ս. Ծնունդը, պատմական եւ կրօնական արժէքներու կողքին, աւանդական եւ ընկերային արժէքները կենդանի պահող տօն է։ Միջագետքի երկիրներուն մէջ այս աւանդութիւնները սերունդէ-սերունդ տարբեր ձեւերով փոխանցուած են։ Մինչ Պոլսոյ հայկական տուներու մէջ կրնանք տարածաշրջանային աւանդութիւններ տեսնել, որոշ աւանդութիւններ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած են։ Օրինակ, Ռոտոսթոյի հայերու սովորութիւններէն էր ամանորեան ճաշացանկին վրայ ներառել պահքի 7 ճաշատեսակներ. նախքան ճաշի սկսիլը սովորութիւն էր, որ մեծերը 7 գաւաթ օղի խմեն՝ «օխտի րախի» աւանդութեամբ. նաեւ, սովորութիւն էր, որ պղինձէ կամ արծաթէ դրամ մը պահուէր սեղան դրուած հացին մէջ եւ այդ դրամը գտնողը կը համարուէր այդ տարուան բախտաւորը։ Սասունի հայերուն մօտ սուրբծննդեան սեղանէն չէր բացակայեր «Մարիամաճաշ»-ը՝ հատիկեղէնով եւ բանճարով հարիսան։ Սիսի մէջ, փեսայի ընտանիքը հարսին ընտանիքին կ՚ուղարկէր կերակուրներու ափսէ մը, որ «սինի տօնաթմըշ» (ափսէն զարդարել) կը կոչուէր։ 

Ինչպէս այս աւանդութիւնները կը պարզեն, ճաշասեղանները միշտ կեդրոնական եղած են Ամանորի եւ սուրբծննդեան տօներուն։ Հայկական մշակոյթին մէջ ճաշասեղանը լոկ ուտելու վայր չէ, այլ՝ իրարու հանդիպելու, խօսելու, սէր ցուցաբերելու եւ միջսերնդային կապերը ամրապնդելու։ Ճաշասեղանի շուրջ հաւաքուիլը արժէքաւոր է մանաւանդ երէցներուն համար, նոյնիսկ պարզ օրերու ընթացքին։ Մշակութային յատկանշական տօներուն, սեղանի շուրջ հաւաքուելու աւանդութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Սեղանի շուրջ հաւաքուած ընտանիքի անդամները, դրացիները եւ բարեկամները նոյն արժէքները կը կարեւորեն եւ յիշատակներ կը հիւսեն։ Այս պահերուն ընթացքին է, որ անցեալի պատմութիւնները, ընտանեկան յիշողութիւնները եւ մշակութային արժէքները կը փոխանցուին սերունդէ-սերունդ։

Սուրբծննդեան տօնակատարութեան մեզի փոխանցուած մեր մեծերուն յիշատակները մեզի կը բերեն անցեալի կենդանի վկայութիւնները։ Այս ճաշասեղաններու շուրջ ձեւաւորուած կապերը կը ստեղծեն ժառանգութիւն մը, որ կ՚ազդէ ոչ միայն տուեալ պահին, այլեւ ընտանիքի ապագայ սերունդներուն վրայ։ 

Կարծիքովս, յատկապէս սփիւռքահայերուն համար, սուրբծննդեան տօնը, այլ տօներու շարքին, մշակութային ինքնութիւնը վառ պահելու ուժեղ միջոցներէն մէկն է։ Տօներու առիթով ընկերութիւններու քով-քովի գալը, Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը նման ծէսերով եւ տօնակատարութիւններով դիմաւորելը, աշխարհի վրայ ո՛ւր ալ գտնուինք, միասին յիշատակներ ստեղծելը մեզի կու տան միասնութեան եւ ուժի գիտակցութիւն։

Այլ խօսքով, ամանորեան եւ սուրբծննդեան տօնակատարութիւնները ո՛չ միայն աւանդական տօներ են, այլեւ առիթներ՝ յիշելու կեանքի եռուզեռին մէջ մոռացութեան ենթարկուած արժէքները։ Մեր սեղաններուն վրայ մեր զետեղած ճաշերը կ՚արտացոլան աշխատանք, պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Տարուան վերջին օրերուն, յիշելով անցեալը՝ նորոգենք ապագայի նկատմամբ մեր յոյսերը։ Կը մաղթեմ, որ տօներու ընթացքին ստեղծուած յիշողութիւնները շարունակեն արժէքաւոր ժառանգութիւն կտակել մեր ապագայի սերունդներուն։ Յոյսով եմ, որ Նոր տարուան ժամանումով բոլորս կ՚ունենանք սիրելիներու հետ սեղանի շուրջ հաւաքուած ըլլալու եւ իմաստալից արժէքներով պարուրուած ըլլալու առիթը։ Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ եւ յոյսով լի Նոր տարի։ 

(Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի)

(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 31 Դեկտեմբեր 2024-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ https://bit.ly/4fHBNs5)

——-

Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Բարռեսիա Գոլէքթիվ կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը: