Featured - Page 14

Փրկենք հայրենիքը, բայց ինչպէ՞ս, մենք մեզմէ՞ թէ՞ օտարէն

Հայրենիքի փրկութեան հարցը մնայուն տեղ կը գրաւէ հայերու մտքին մէջ, այդպէս է գրեթէ բոլոր ժամանակներուն: Ընդ որում հայրենիքի փրկութեան հարցը հայերուն համար ոչ միայն տուեալ պահու քաղաքական կամ այլ դժուարութեան պատճառ-հետեւանքն է, այլեւ գրեթէ աստուածային ու կրօնական ջերմեռանդութիւն՝ զայն փրկելու: Ի հարկէ այդ չի նշանակեր, որ ջերմ ցանկութիւնը կամ նուիրական մօտեցումը միշտ լաւ արդիւնք կու տայ: Ծանօթ այն տողերը, թէ «բարի ցանկութիւնները դժոխք կը տանին, իսկ բարի գործերը՝ դրախտ», գրեթէ ամէն օր ապացուցուող գործնական ճշմարտութիւն է: Մեր պարագային, բարի ցանկութիւնները այնքա՛ն շատ են ու այնքա՛ն հակադիր, որ հայրենիքի փրկութեան գործը դարձած է իրարամերժ փիլիսոփայութիւն մը, որուն ոչ մէկ կողմը չի զիջիր միւսին: Հետեւանքը. մենք ունինք բազմաթիւ բարի ցանկութիւններ ու հայրենիք, որ յաւիտեանս փրկութեան կարիք ունի:

Տակաւին, բարի ցանկութիւնները բարի գործերու, կամ մտածուած գնահատականներու ցուցիչ չեն: Իր ժողովուրդին համար օր ու գիշեր տառապող փիլիսոփան կրնայ ի վերջոյ գալ այն մտքին, որ ինքնաոչնչացող աշխարհին մէջ, միակ փրկութիւնը մասսայական անձնասպանութիւնը կրնայ ըլլալ: Ցանկութիւնը բարի՛ է, գործերը՝ ո՛չ:

Ընդ որում, ամէն անգամ երբ «հայրենիքի փրկութեան» հարցը վերստին առաջ կը քշուի (գրեթէ ամէն օր), ոչ միայն իրարու կը բախին փրկութեան տարբեր պատկերացումները, այլեւ այն թիրախները, թէ որմէ պէտք է փրկել հայրենիքը:

Բայց հայրենիքի փրկութեան ի խնդիր քայլերու ձեռնարկելէ առաջ, անհրաժեշտ է աւելի յստակ հասկնալ, թէ ի՞նչ փրկելու կը պատրաստուինք։ Հայրենիք ըսուածը մեզի համար որոշակի չափելի, շօշափելի ու հասկանալի երեւո՞յթ է, թէ աւելի շատ առասպելի եւ փիլիսոփայութեան արանքին մնացած հում նիւթ մը, որ տակաւին ընկալելի չէ իր տեսակարար կշիռով ու օգտակարութեան չափով: Եւ քանի որ հայրենիք ըսուածը դեռ կը շարունակէ մնալ որպէս թափառող գաղափար մը, որ անընդմէջ կ’ենթարկուի տնտեսական ու քաղաքական ներածուող նորութիւններու, ապա հայրենիքի փրկութիւնը կը դառնայ անորոշ, թէ ինչպէ՞ս փրկել եւ որմէ՞:

Հոս պէտք է նշել այն, որ հայոց համար մտածողութեան այս խրթին տարբերակը լրիւ հասկնալի է: Հայոց պատմութեան կնճռոտ ընթացքը շատ յաճախ հնարաւորութիւն չէ տուած շրջակայ աշխարհը ընդունելու իր եղածին պէս ու մեր ցանկութիւններն ու պատկերացումները երբեմն ժամանակէն առաջ անցած են, երբեմն՝ ետ մնացած: Ուստի, ամէն անգամ աւելի բարդ եղած է հայրենիքը փրկելու իրական ու հասկնալի տարբերակ մը մշակելը, ալ աւելի բարդ եղած է հասկնալ, թէ որո՞նք եւ որմէ՞ պէտք է փրկեն այդ հայրենիքը: Բայց մենք չենք կրնար հայրենիքը ընդունիլ որպէս թափառող ու վերացական գաղափար մը: Եթէ պետութիւն չունեցած դարերու ընթացքին քիչ թէ շատ հասկնալի (թէեւ ոչ ընդունելի) էր հայրենիքի ընկալման տեղական ու վերացական մօտեցումները, ապա պետութեան գոյութեան պարագային, հայրենիքի «ամպային» ընկալումները կրնան փճացնել ոչ միայն պետութիւնը, այլեւ ամբողջովին աղճատել նոյնիքն հայրենիքի գաղափարը: Հաւանաբար այդ է որ տեղի ունենայ մեր պարագային, ու 2020-ի պարտութենէն յետոյ մեր քաղաքական օրակարգը մտած «իրական ու պատմական Հայաստաններ» վէճը անոր հետեւանքն է, որովհետեւ մենք, պետական մտածողութեան փորձ չունենալով եւ լիովին չընկալելով հայրենիքի գաղափարը, իրարու հակադրեցինք հայրենիքն ու պետութիւնը:

Առանց հասկնալու եւ գնահատելու, անկարելի է որեւէ բան փրկել: Անկարելի է նաեւ հասկնալ, թէ որմէ՞ փրկել, եթէ չես գիտեր, թէ ի՞նչ փրկել: Իր ժամանակին, յոյն փիլիսոփայ Արիսթոթէլ իր «Փօէթիքա» գործին մէջ նշած է․ «այն ինչ որ անկարելի է, բայց հաւանական, զայն պէտք է նախընտրել անկէ, որ կարելի է, բայց ոչ-հաւանական»: Փորձենք հասկնալ օրինակով՝

Ես պատահաբար կախարդական փայտիկ մը կը գտնեմ: Կախարդանքի օգնութեամբ կը լուծեմ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բոլոր խնդիրները եւ մենք բոլորս կ’ապրինք ուրախ ու ապահով: Այդ մէկը ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է, որովհետեւ կախարդական փայտիկ գոյութիւն չունի, բայց ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, որ եթէ կախարդական փայտիկ գոյութիւն ունենար ու ես զայն գտնէի, ապա կը լուծէի մեր բոլոր խնդիրները: Իմ ըրածներս տրամաբանական ու բնական կ’ըլլային: Այսինքն անկարելի է, բայց հաւանական: Այլ օրինակ մը. Պաքուն եւ Երեւանը կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիր մը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները ու Հնդկաստանը զէնք կու տան, Ռուսիան կը պարտուի Ուքրանիոյ մէջ եւ մեզի հանգիստ կը ձգէ, միջազգային ճնշումի տակ Թուրքիան ու Ատրպէճանն ալ իրենց ձեռքերը կը քաշեն, անջատ տարածքներու ու միջանցքի հարցը կը փակուի, Արցախը կը ստանայ ինքնավարութիւն, ՄԱԿ-ի խաղաղապահները կը հսկեն, յետոյ Արցախը հանրաքուէով կ’անկախանայ, կը միանայ Հայաստանի, թուրքերը կ’ընդունին Ցեղասպանութիւնը, կը վերադարձնեն Արեւմտեան Հայաստանը ու մենք կ’ապրինք ուրախ, գոհ, ապահով եւ երջանիկ: Այս բոլորը տեսական մակարդակով կարելի է, բացառուած չէ, ան կախարդանք չէ, ԿԱՐԵԼԻ Է, բայց թէ ներկայիս աշխարհաքաղաքական դժոխային պայմաններու մէջ իրարու ետեւէ տեղի կրնան ունենալ նման հրաշալի իրադարձութիւններ ու մեզի համար ամէն ինչ այդքան լաւ ձեւով կը դասաւորուի, այդ մէկը  ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, որովհետեւ իրականութիւնը ուրիշ բան կ’ըսէ: Այսինքն կարելի է, բայց անհաւանական: Ընդհանրապէս պատմութիւնը կը կրկնուի որպէս դաս, իսկ յետոյ արդէն` որպէս ֆարս: Մեր պարագային անընդմէջ ու անդադար: Առիթով մը Հիթլէրի նման շատ վատ մարդ մը ըսած է, թէ «որքան մեծ է սուտը, այնքան աւելի շատ են անոր հաւատացողները»:

Մեր պարագային, հայրենիքն ու հայրենափրկութիւնը կը տատանին «անկարելի է, բայց հաւանական» դաշտին մէջ: Մենք կը հասկնանք, որ այդ մէկը անկարելի է, բայց հաւատալով, որ ձեւով մը օրին մէկը կարելի կը դառնայ, կը շարունակենք մեր իսկ ցնորքներուն ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ընթացքը:

Պատկերացուցէք, որ հայրենափրկութենէ կը տառապին տասնեակ մը կուսակցութիւններ, NGO-ներ, անհատներ եւ այլն: Անոնք բոլորն ալ  կ’առաջարկեն փրկել հայրենքը: Ընդ որում, մենք նախ եւ առաջ հայրենիքը կը փորձենք փրկել մենք մեզմէ՝ հակառակորդ կուսակցութենէն: Միայն այդ պարագային մեր ծրագիրը մեզի հաճելի կը թուի: Թրքական զինուորական սպառնալիքը մեզի համար հետեւանք է հայկական դաւաճանութեան եւ ուրացութեան: Ընդ որում ուրացող ու դաւաճան են բոլորը, քանի որ ոչ մէկը միւսին կէս քայլ անգամ չի զիջիր: Այդ ընթացքով մեր իսկ ձեռքերով յօշոտուած հայրենիքը կը մնայ աւելի թուլացած ու ենթակայ արտաքին տարբեր սպառնալիքներու՝ Հռոմ-պարթեւաստանէն մինչեւ Թուրքիա-ռուսիա-արեւմուտք: Մենք, քանի դեռ հայրենիքը կը փրկենք իրարմէ, այդ հայրնիքը միշտ կը մնայ փորձադաշտ մը, ուր մենք կը փորձենք իրագործել մեր տարբերակները, առանց հասկնալու, որ հայրենիքն ու պետութիւնը չեն կրնար միայն մէկ խումբի ճշմարտութիւնը ըլլալ: Ազգն ու ժողովուրդը ցեղէն ու հորդայէն կը տարբերին անով, որ իրենց տեղական առանձնայատկութիւնները կ’ենթարկուին համընդհանուր արժէքներուն: Ու այդ ոչ թէ զգացական ու բարեսիրտ վերաբերում է, այլ ազգի մը ու ժողովուրդի մը բնական կարգավիճակը, երբ աւելի սուր հայեացքներ ունեցող լեռնցին կը կարողանայ լեզու գտնել աւելի մեղմ բնաւորութիւն ունեցող հարթավայրի բնակիչին հետ, քանի որ այդ մէկուն լեռը եւ միւսին հարթավայրը նոյն հայրենիքին տարբեր մասերն են: Այսինքն ընկալումը գրեթէ Աստուածաշնչեան մակարդակի է․ «․․․եւ մարմինը որ մէկ է, բայց ունի բազում անդամներ, եւ այդ անդամները, թէեւ անոնք շատ են, կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն․․․»: Այսինքն հայրենիքի գիտակցումը ոչ միայն վեհ եւ ազնուական զգացում է, ոչ միայն ինքնազոհաբերուելու պատրաստակամութիւն է, այլեւ յստակ գիտակցում, ընդհանուր մտքի զարգացում ու հասունացում: Հայրենիքը պէտք չէ եւ չի կրնար միայն պարտականութիւն ու ցաւ ըլլալ, հայրենիքը չի կրնար անընդմէջ փրկութեան կարիք ունենալ: Այդ կը նշանակէ անհաւանական անպատասխանատուութիւն, քանի որ բազմաթիւ ազնիւ մղումներով կարելի է այպիսի սարսափելի սխալներ թոյլ տալ, որ անոնցմէ տուժէ հայրենիքը: Հայրենիքի մնայունութեան գաղափարը կը նշանակէ հասկնալ, որ անցողիկ ծրագիրը կամ տուեալ պահու առաջարկը ամենէն կարեւորը ըլլալով հանդերձ՝ չի կրնար աւելի մեծ ըլլալ, քան հայրենիքը: Իսկ երբ հայրենիքի գիտակցումը ըլլայ հասունցած ու հասկնալի, ապա ան չի կրնար հակադրուիլ պետութեան կամ իր անցեալին հետ: Անոնք զիրար կը լրացնեն, ուստի եւ ամբողջական են: Այդ պարագային, հայրենիքի փրկութիւնը չի դառնար պարան մը, որով փրկիչները կը խեղդեն նոյնիքն հայրենիքը: Այդ պարագային, հայրենիքը փրկելու գիտակցումը կը դառնայ այնքան պարզ ու հասկնալի ծրագիր ու ցանկութիւն, որ հակադրութիւն չի յառաջացներ, թէ ինչպէ՞ս կամ որմէ՞ փրկել զայն, որովհետեւ արժէքներու հասկացողութիւնը կը բերէ նաեւ անոնց պահպանման գիտակցութիւնը: Ու այդ պարագային, կրնան քննարկուիլ, բայց ոչ թշնամանալ, մրցակցիլ, այլ ոչ թէ քանդել: Հայրենիքի գիտակցումը միայն վեհութիւն չէ, ան մտքի ու գործողութիւններու լրիւ հասկնալի ընթացք մըն է: Այդ պարագային, պարզ կը դառնայ թէ՛ թշնամին, թէ՛ բարեկամը: Քանի դեռ այդ բոլորը չկան, մենք ամէն օր հայրենիքը փրկելու ենք իրարմէ, փրկելու ենք օտարին ձեռքերով, յանուն օտարին ու անոր յարմար ձեւով:

Ամէն անգամ հայրենիքի փրկութեան մասին խօսելու կամ անոր համար գործելու ատեն, իւրաքանչիւր ազնիւ մարդ պէտք է ինքն իրեն հարց տայ, թէ այդ բոլորը կ’ընէ հայրենիքի՞, ի՞ր, թէ՞ օտարին համար: Որովհետեւ ճշմարտութիւնը մէկ է, իսկ կրկնօրինակները՝ բազմաթիւ: Մեզի կը մնայ եզրափակել Նիքոլայ Փալացքիի ծանօթ արտայայտութեամբ․ «Եթէ Հայաստանը գոյութիւն չունենար, ապա մենք պարտաւոր էինք զայն ստեղծելու»:

«Թաթէոսեան Լոնտոն». Արուեստի, վարպետութեան եւ միջազգային շքեղութեան միաձուլումը

Լոնտոնաբնակ ելեւմտագէտ Ռոպըրթ Թաթէոսեան ոսկերչական զարդեղէններու համաշխարհային ճանաչում ունեցող ոճաբան-ձեւագէտ է:

1990-ին, Լոնտոնի մէջ, Ռոպըրթ Թաթէոսեան կը ստեղծէ իր սեփական վաճառանիշը՝ Tateossian Ltd-ը՝ ներկայացնելով ինքնատիպ եւ արտայայտիչ ոճով տարբերակներ թէ՛ այրերու, թէ՛ կանանց համար:

Ռոպըրթ հանրածանօթ է որպէս «ճարմանդներու արքայ»՝ իր նրբագեղ ու նրբաճաշակ ստեղծագործութիւններուն համար, որոնք կը միաձուլեն անոր բազմարմատ ծագումը, շքեղութեան հանդէպ սէրը եւ բազմածաւալ ճամբորդութիւնները: 1990-էն ի վեր անգլիահայ ոսկերիչը նոր եւ ինքնորոյն իմաստ կու տայ թանկարժեք զարդեղէններու ձեւագիտութեան:

Ռոպըրթ Թաթէոսեան արմատներով Արեւմտահայաստանէն է. մեծ հայրը՝ Ատանայէն, իսկ մեծ մայրը՝ Զմիւռնայէն։ 1915-ի բռնագաղթին հաստատուած են Լիբանան։ Տարիներ ետք, ընտանիքը տեղափոխուած է Անգլիա:

Լրագրողներու հետ զրոյցի մը մէջ, ան կ’ըսէ, — «Հայաստան մեծ տպաւորութիւն ձգեց վրաս, ուր առաջին անգամ ինքզինքս հայ զգացի»։

Հայ ըլլալը մեծապէս նպաստած է իրեն: Ֆիլատելֆիոյ, Լոս Անճելըսի եւ Լաս Վեկասի հայերը օգնած են իրեն խանութներ բանալու։ իր կարգին, ան օժանդակած է հայ համայնքին՝ իր առաջին հաւաքածոյէն ստացուած շահոյթը նուիրելով Մեծն Բրիտանիոյ հայկական եկեղեցւոյ: Ան իր հաւաքածոներէն մէկը անուանած է «Երեւան»։ «Թաթէոսեան Լոնտոն» վաճառանիշը տարածուած է աշխարհի աւելի քան 70 երկիրներու մէջ:

https://youtu.be/wh32UGEJdn8?si=S4oPXc4XYYQZ_aku

Քուէյթի մէջ ծնած լիբանանահայ ծագումով Ռոպըրթ իր կրթութիւնը ստացած է Հռոմի ֆրանսական դպրոցներուն մէջ: Ան կը տիրապետէ եօթը լեզուներու: Նախքան զարդեղէններու ձեւագիտութեան անցնիլը, ան միջազգային ելեւմտագիտութիւն ուսանած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի Wharton School of Finance-ի մէջ եւ ելեւմտագիտական յաջող ասպարէզ ունեցած է դրամատնային մարզին մէջ աշխատելով Մերիլ Լինչի հետ Ուոլ Սթրիթի եւ Լոնտոնի մէջ:

Իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, ան կը բացատրէ թէ ինչու ելեւմտական աշխարհէն հեռացած ու կ’ըսէ,— «Իմ չափանիշներովս, ես կ’ուզէի ըլլալ ձեռնարկու, ճամբորդել աշխարհով մէկ եւ կը սիրէի նորաձեւութիւնը: Քաղաքին մէջ, բոլոր դրամատուն աշխատողները 80-ականներու կէսերուն  ճարմանդներ կը կրէին իրենց շապիկներու թեւերուն վրայ, բայց անոնց ոճը միօրինակ էր, անհրապոյր: Ի տարբերութիւն փողկապներու, ճարմանդներու ոճային տարբերակները սահմանափակ էին։ Հետեւաբար, զգացի որ այս շուկան յղի է հնարաւորութիւններով եւ որոշեցի յայտնաբերել զանոնք» :

Թէեւ  Թադէոսեան նախապէս հանրածանօթ էր իր ճարմանդներով, սակայն ժամանակի ընթացքին կ’ընդլայնէ իր հաւաքածոն տղամարդոց, կանացի եւ իւնիսէքս զարդեղէններու բազմազան տեսակներով:

Հաւաքածոն կը ներառէ ժամացոյցներ, մատանիներ, վզնոցներ, ապարանջաններ, օղեր եւ այլն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մարմնաւոր է հեղինակային ստեղծագործ հնարամտութիւն մը եւ նիւթերու համարձակ օգտագործում մը:

Ռոպըրթին նորարական ձեւաւորումները կը գերազանցեն ու կ’անցնին ստեղծագործութեան սահմանները՝ միախմբելով աւանդական մետաղները, ինչպէս՝ արծաթն ու ոսկին, թանկարժէք քարերու եւ անսովոր նիւթերու հետ, ինչպէս՝ ածխածնային մանրաթելերն ու երկնաքարերը: Իւրաքանչիւր կտոր կը մարմնաւորէ Tateossian վաճառանիշի՝ նորարար նիւթերու, բծախնդիր վարպետութեան եւ համարձակ ոճի ինքնորոյն համադրութիւն մը:

Անոր ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը խոր սէր մը կը բացայայտէ բարդ մեքանիզմներու, տպաւորիչ գեղագիտութեան եւ ընդհանրապէս ինքնատպութեան հանդէպ:

Ռոպըրթ իր ժամանակը կ’անցնէ Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի միջեւ ու ճամբորդելով աշխարհով մէկ՝ հազուագիւտ նիւթեր յայտնաբերելու, յաճախորդներու եւ մատակարարներու հետ կապ հաստատելու եւ ներշնչում փնտռելու ու գտնելու իր շարունակաբար զարգացող հաւաքածոներուն համար:

Իր ստեղծագործական աննախադէպ մտայղացումներով եւ պերճանքի ու շքեղութեան ըմբռնումը վերանորոգելու յանձնառութեամբ, Ռոպըրթ Թաթէոսեան կը շարունակէ ընդլայնել ժամանակակից զարդարանքներու նորարարութեան հորիզոնը:

Օգտագործուած աղբիւրներ.-

https://us.tateossian.com/pages/about-tateossian

https://us.tateossian.com/pages/stockists

https://www.jewelryarthudson.com/designers/tateossian

https://www.dfnionline.com/brand-news/jewellery-watches/crafting-experience-tateossian-eyes-opportunities-travel-retail-06-12-2024/

Հայու ճակատագիրը՝ չա՞ր բախտ, թէ՞ անխելքութիւն

Աշխարհի մէջ երջանիկ ժողովուրդ կայ՞: Կայ՞ այնպիսի ժողովուրդ մը, ազգ մը, որ գոհ է իր բախտէն, նաեւ՝ իր պատմական ոչ-բարդ, թեթեւ անցեալէն: Հազիւ թէ: Ի հարկէ կան ժողովուրդներ, որ աւելի դժբախտ են, քան միւսները: Կան ժողովուրդներ, որ ներկայիս աւելի խաղաղ ու հանգիստ կեանք ունին, այդ անվիճելի եւ անհամեմատելի է: Բայց երբ հայերը կը սկսին բողոքելու իրենց ներկայ իրավիճակին մասին եւ վճռական ձայնով կը յայտարարեն, որ «հայու բախտը» սեւ եղած է, ակամայ կը սկսիս մտածել, թէ ազգային երջանկութիւն ըսուածը որեւէ ազգ երբեւիցէ ունեցա՞ծ է: Պատմութեան քիչ թէ շատ ծանօթ որեւէ մէկը գիտէ, որ աշխարհի մէջ երբէ՛ք «երջանիկ ազգ» գոյութիւն չէ ունեցած: Ոչ թէ այն պատճառով, որ դժբախտութիւնը աւելի հաճելի կամ զօրաւոր է, այլ որովհետեւ այդ երջանկութեան մասին մեր պատկերացումները ցնդած են, պառաւած ու անիրական են: Աշխարհը իր ստեղծման օրէն ի վեր միայն պայքարի մէջ է: Նոյնիսկ փոքր թիթեռն ու բուսակեր կաթնասունները մնայուն պայքարի մէջ են՝ յօշոտուելու, սովամահ ըլլալու, որեւէ պատճառով ոչնչանալու վտանգին դիմաց: Նոյնիսկ կենդանիները կը պայքարին, ուր մնաց մարդը, որուն բանականութիւնը իր դժբախտութիւնն ու երջանկութիւնն է:

Նայելով աշխարհի պատմութեան, կը հասկնաս, որ մարդկութեան պատմութիւնը պատերազմներու ժամանակագրութիւն մըն է: Սարսափի եւ արեան պատմութիւն մը: Նուաճումի ու ձախողութեան, ձեռքբերումներու եւ կորուստներու, բայց ոչ երբէ՛ք երջանկութեան կամ դժբախտութեան: Թերեւս այն պատճառով, որ ոչ մէկ ժողովուրդ երբէք ալ չէ ձգտած երջանկութեան, այլ ուժի, հզօրութեան, մեծութեան եւ այլն: Մաս մը յաջողած է, ուրիշներ՝ ոչ: Նոյնիսկ երջանկութիւն բառը տարբեր ժամանակներու մէջ ու տարբեր ազգերու մօտ այլ ձեւով մեկնաբանուած է: Այնպէս, որ երբ ժամանակակից հայը կ’ըսէ, որ իր ժողովուրդը միշտ դժբախտ եղած է կամ կ’ենթադրէ, որ կան երջանիկ ազգեր, ան ոչ միայն չարաչար կը սխալի, այլ կրկին իր վիճակին ամբողջ մեղքը կը դնէ աւելի բարձր ուժերու վրայ:

Օրինակ ո՞վ ստիպած էր հայ իշխանները անվերջ կռուելու իրարու դէմ պատմութեան գրեթէ ամբողջ տեւողութեան: Ո՞վ կործանեց Արշակաւան քաղաքն ու սուրէ անցուց անոր բնակչութիւնը: Ո՞վ կործանեց հայոց թագաւորութիւնը 428 թուականին: Հայերը ու մի՛այն հայերը: Ու եթէ անասնական շահամոլութեան, մտքի աղքատութեան պատճառով, հայ իշխանները իրենք իրենց կամքով պարսից արքային ըսին, որ այլեւս թագաւորի պէտք չունին, այլ կը բաւարարուին պարսիկ մարզպանով ու այդ կերպով նախ քանդեցին ք. ա. 612 թուականէն ի վեր հաստատուած հայոց պետականութեան գրեթէ հազարամեայ գոյութիւնը, եւ ապա գլխատելով հայ ժողովուրդը՝ զայն զրկեցին իր ապագայէն, պայքարելու հնարաւորութենէն: Ո՞վ էր մեղաւորը: Եւ նման սարսափելի արարքներ լեցուն են մեր պատմութեան մէջ: Եւ նոյնիսկ երբ սեփական այլանդակութիւնները մէկ կողմ կը դնես ու նայիս, թէ քանի քանի թշնամիներ եկած են, աւերած ու գացած, կը հասկնաս, որ միայն դուն չէ որ նման ճակատագիր ունեցած ես: Աշխարհի մէջ չկայ գէթ ազգ մը, որ խաղաղ ու հանգիստ ընթացք ունեցած ըլլայ: Աշխարհի մէջ չկայ գէթ ազգ մը՝ հին թէ նոր, որ իր պատմութիւնը արիւնով սկսած չըլլայ ու աշխարհի մէջ չկայ գէթ ազգ մը, որ իր նուաճումները ինքն ըստ ինքեան ստացած ըլլայ: Ուրեմն ինչո՞ւ հայ ազգը դժբախտ է: Ինչո՞ւ հայուն պայքարը աստուածային է: Ու ինչո՞ւ հայերը այդպէս ալ չեն ուզեր մէկ կողմ դնել ընտրեալի այս գերեզմանափոր կարգավիճակը:

Կարելի է անհամար օրինակներ բերել, թէ աշխարհի մէջ ի՛նչ սարսափելի պատերազմներ ու կոտորածներ եղած են (հայերու հետ կապ չունեցող), կարելի է քաղաքական ու տնտեսական այնպիսի անմխիթար դէպքեր նշել, երբ ամբողջական ժողովուրդներ կործանման եզրին կանգնած են սովի ու աղքատութեան պատճառով: Քիչ չեն նաեւ պետութիւններու ոչնչացման դէպքերը․․․մէկ խօսքով աշխարհը երբէք ալ երջանկութեան ու խաղաղութեան օրրան չէ եղած: Հայ ժողովուրդն ալ (ինչպէս որեւէ հին ժողովուրդ) ապրած ու տառապած է միւս բոլոր հին ժողովուրդներուն նման: Հայերը, ի տարբերութիւն ամերիկացիներուն, աւելի շատ տառապած են ոչ թէ բախտի, այլ, այսպէս ասած տարիքի բերումով: Քանի մը հազար տարի ապրած ժողովուրդը, բնականաբար աւելի շատ բան տեսած է, քան քանի մը հարիւր տարի ապրածները:

Ընդ որում կը զայրացնէ նաեւ այն, որ մեր դժբախտութիւնները հատ-հատ նշելով հանդերձ, շատերը կը «մոռնան» նշելու մեր յաջողութիւնները: Իսկ միթէ մենք յաջողութիւններ չե՞նք ունեցած, նուաճումներ չե՞նք արձանագրած, ձեռքբերումներով չե՞նք յատկանշած մեր դարը: Ի հարկէ ունեցած ենք ու ոչ քիչ: Այդ պարագային, ինչո՞ւ չեն նշեր: Ինչո՞ւ: Քի՞չ յաջողութիւններ ունեցած ենք: Քի՞չ մեծութիւններ: Միայն Տիգրան Մեծին մասին առասպելներ պատմելով պէտք չէ բաւարարուիլ: Տիգրան Մեծը պէտք է հասկնալ:

Բայց մեր մէջ ողբալու սովորոյթը արդէն այնպէս բուն դրած է, որ մենք այլեւս չենք ուզեր հրաժարիլ անկէ: Մենք լացի միջոցով կ’արդարացնենք մեզ ու մեր բախտը: Ու մենք միշտ լացի առիթ ունինք: 2023-ի ու 2020-ի մասին խօսելու ժամանակ, կ’ըսենք․ «Այս ինչ փորձանք եկաւ մեր գլխուն»: Այսինքն, փոխանակ գնահատելու, ըմբռնելու ու հասկնալու, մենք կը ձգտինք լացին, լալ ու սփոփանք փնտռել: 1915-ի մասին այնպիսի ոգեւորութեամբ կը խօսինք, քիչ է մնացած ծափ տանք ու խնդանք բերկրանքէ, որ մեզ կոտորած են: Բան մը, որ պէտք է մեր ազգային խայտառակութիւնը նկատուէր, դարձած է ինքնութեան նման բան մը ու այսուհետեւ հայ կը նշանակէ կոտորուելիք: Այս է մեր փիլիսոփայութեան այժմու ընթացքն ու մղումը: Մենք ունինք միայն դաւաճաններ ու չար բախտ: Այն, որ հայերը չկարողացան բնական ձեւով ինքնակազմակերպուիլ 1900-ականներու սկիզբէն սկսեալ, մենք այդ մէկը նկատի չենք առներ, մենք ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս յղի հայ կինը կտոր-կտոր կ’ընէին, բայց մենք չենք ուզեր այդ կոտորածին մեզի բաժին ինկած մեղքը ընդունիլ: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, 1892-էն սկսեալ ոչ միայն ճնշումները սովորական էին, այլեւ գրեթէ ամէն տարի ջարդ ու կոտորած կար՝ ամէն անգամ առնուազն 10 հազարանոց սպանդով: Ու եթէ վերջին 10 տարիներուն քեզ անընդհատ կը ջարդէին, բայց դուն հանգիստ նստած կ’աղօթէիր ու կը սպասէիր «լաւ օրերու», այդ մէկը չար բախտի՞, թէ՞ խելքի բացակայութեան նշան է, կամ թերեւս այնպիսի ընչաքաղցութեան, որ տուեալ պահուն, քանի մը դակեկանը աւելի գերադասելի է: Ի վերջոյ, 1910-ականներուն, նոյնիքն հայ վաճառականներն էին, որ հայ ֆետայիներուն սուղ գինով հագուստի կտորեղէն կը վաճառէին: Այս բախտի հետ կապ չունէր: Ինչպէս նաեւ այն, որ Իզմիրի ծով հարստութեան գէթ մէկ մասը հայ ժողովուրդին ծառայելու փոխարէն թուրք աւարառուներու բաժին դարձաւ: Այն, որ հայ կուսակցութիւնները այդպէս ալ նոյնիսկ մէկ անգամ լեզու չգտան իրարու հետ, ա՞յդ ալ չար բախտ էր:

Մենք պարզապէս չենք ուզեր ընդունիլ, որ մեր դժբախտութիւններուն համար մեղաւոր ենք մենք, առաջին հերթին մենք: Միշտ ալ թշնամի կը հանդիպի, բայց ո՞րն է մեր արժէքը, մեր էութիւնն ու ուժը:

Վայ այն ժողովրդին, որուն գործիքը արտասուքն ու բողոքն է: Վայ այն ժողովրդին, որ իր դժբախտութիւններուն վրայ կը յենի որպէս իր գոյութեան ապացոյցը:

Ի վերջոյ, մեզի նոր դժբախտութիւնները միշտ կը սպասեն, որովհետեւ մենք մագնիս ենք, քաշողութիւն ունինք: Ճանճերը եռացող կաթսային չեն մօտենար, կը մօտենան մարած կրակին, իսկ մենք մեզ կը պահենք մարած՝ հրաբուխի նման:

Կը ժայթքի՞ արդեօք հայ ժողովուրդի կամքին հրաբուխը, թէ՞ մենք արդէն դատապարտուած ենք արձագանգողի կեանքով ապրելու:

Միայն թէ, երբ նոր աղէտը հասուննայ, ամէն հայ թող յիշէ, որ իր փոքրիկ դժգոհութիւնը, իր փոքրիկ շահն ու մեծամտութիւնը, ինքնահիացումը այդ աղէտին հասունացման ծառը ջրած են:

Իսկ Զուիցերիա՞ն: Հեռուէն գեղեցիկ կ’երեւի:

Գիրքը՝ նուիրելու հաճոյքը եւ բառերու կախարդանքը

Ամանոր է շուտով:

Ապրուստի դժուարութիւնները մէկ կողմ ձգած, բոլորս ալ սկսած ենք մտածել, թէ ինչպիսի՛ նուէրներ կրնանք ընտրել մեր սիրելիներուն։ Գերարդիական սարքերէն մինչեւ նորաձեւ իրերը՝ անվերջանալի ընտրութիւններու առջեւ կը գտնուինք, ու այս սպառողական հեւքին մէջ, մենք յաճախ կը մոռնանք ամենէն համեստ թուացող, բայց միաժամանակ ամենէն թանկարժէքն ու մնայունը՝ գիրքը։

Գիրքը, որ ժամանակին ամանորի ամենասիրուած նուէրներն մէկը կը նկատուէր, այսօր կը փոխարինուի անցողակի հաճոյքներով։ Սակայն, Նոր տարուան նախօրեակին կ’արժէ կրկին մտածել, թէ ինչո՞ւ գիրքը պէտք է անպայման իր տեղը գտնէ տօնածառին տակ։

Գիրքը պարզապէս թուղթ ու տպագրութիւն չէ. ան հոգեմտաւոր արժէք է։ Գիրքի էջերուն մէջ թաքնուած է այն ուժը, որ մեզ կը փոխադրէ հեռաւոր աշխարհներ, մեզ կը ներգրաւէ զգայացունց արկածախնդրութիւններու մէջ կամ կը ծանօթացնէ գաղափարներու, որոնք ոչ միայն կրնան փոխել մեր, այլեւ շրջապատին կեանքը։ Վէպ թէ յուշագրութիւն, գեղարուեստական ​​ստեղծագործութիւն թէ բանասիրական աշխատասիրութիւն, բանաստեղծութիւն թէ արձակ, գիրքերվ կարելի է կատարել ճամբորդութիւններ, որոնք այլապէս կարելի չէ պատկերացնել կամ իրականացնել:

Գիրքի ճիշդ ընտրութիւն կատարելը կ’ենթադրէ ըլլալ փափկանկատ նուէրը ստացողին հանդէպ՝ դրսեւորելով հասկացողութիւն անոր հետաքրքրութիւններուն եւ անհատականութեան նկատմամբ։ Ճաշերու գիրք մը կրնայ ուրախացնել սկսնակ խոհարարը կամ ընդհանրապէս խոհանոց սիրողը, արկածախնդրական վէպ մը՝ արկածասէրը, գիտաերեւակայականը՝ որոնող միտքը, կամ բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ սիրահարածն ու ընդհանրապէս ռոմանթիքը, իսկ ճատրակի մասին գիրք մը կրնայ հետաքրքրութիւն յառաջացնել ռազմավարական ու քննական մտածողութեան հանդէպ: Գիրքերը բացառիկ յատկութիւն ունին՝ դառնալու իմաստալից եւ անձնական նուէրներ, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ստացողին վրայ:

Ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ նուէրներու, որոնք կարճ ժամանակ ետք կը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը, գիրքը յարատեւ արժէք ունի. կարելի է զայն վերանայիլ, խնամել եւ նոյնիսկ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Անոր հետքը կը մնայ մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ, նոյնիսկ վերջին էջը թերթելէն ու գիրքը փակելէն շատ յետոյ (վերջերս կարդացի նման գիրք մը. «The Cedars Whispered», հեղինակ՝ Քրիստին Դանիէլեան):

Գիրքերը միայն պատմութիւններ չեն բովանդակեր: Անոնք ինքզարգացումի եւ ինքնաճանաչման միջոցներ են. կ’ընդլայնեն մեր մտահորիզոնները, կը զարգացնեն մեր ստեղծագործական ոգին եւ կը խթանեն մեր կարեկցանքը՝ աշխարհը տեսնելով ուրիշին աչքերով։ Աշխարհի մը մէջ, ուր խելախօսներն ու համակարգիչները կը գերիշխեն մեր առօրեային ու կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը, գիրք նուիրելը հնարաւորութիւն կու տայ քիչ մը դադար առնելու, հանգստանալու եւ բովանդակալից ու հարստացնող գործունէութեամբ զբաղելու: Արագ ընթացող եւ թուայնացած այս աշխարհին մէջ, մենք յաճախ կը դժուարանանք դանդաղելու եւ կեանքի պարզ հաճոյքները վայելելու։ Գիրքեր նուիրելը կը ծառայէ վերակենդանացնելու ընթերցանութեան հանդէպ սէրն ու անոր պատճառած հաճոյքը, նաեւ՝ միջոց մը վերագտնելու բառերու կախարդանքը…

Այս տարի, տօնական այս օրերուն, եկէ՛ք գիրքը եւ զայն սիրելիի մը նուիրելը վերադարձնենք իրենց արժանաւոր տեղը մեր սովորութիւններուն մէջ։

Եկէ՛ք նուիրենք գիտելիքի, երեւակայութեան եւ ներշնչումի նուէրներ։

Եկէ՛ք գիրքեր նուիրենք։

Եւ կարդա՛նք:

Անվերջ փնտռտուք. ո՞ւր է տունը

«Յանկարծ» անկախ թատերախումբի երեք շրջաններու վրայ տարածուած եւ Պոլսոյ տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուած Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» մրցանակակիր փիեսը, Թ. Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի բեմադրութեամբ, խորապէս ներթափանցեց հանդիսատեսներուն սրտերը։ Թատերախումբին Հայաստան շրջագայումէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտքը մէջտեղ եկաւ, անդրադառնալով ներկայացման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, ինչպէս՝ պատկանելիութիւն, արմատ, տան բաղձանք եւ ապահովութեան զգացում։

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Առաջին անգամ տան ո՛ւր ըլլալուն մասին Ուիլիըմ Սարոյեանի մտածումները լսեցինք Լուսին Տինքի «Սարոյեանին քաղաքը» ֆիլմի աւարտին, Սարոյեանին իսկ ձայնով։ Սարոյեան իր տունը կը փնտռէր բնութեան, կլիմային, քաղաքի փողոցներուն, հեքիաթներու եւ թէյի շուրջ կատարուած զրոյցի մը մէջ։ Այս փնտռտուքը երբեմն կը հասնէր մինչեւ հողի տակ թաղուածներուն, խօսուած լեզուի հնչեղութեան եւ նոյնիսկ վիշտին եւ ժպիտին։ Թարա Տեմիրճիօղլուի «Ո՞ւր է մեր տունը» վաւերագրական ֆիլմի 8 նոյեմբերին կայացած անդրանիկ ցուցադրութեան ընթացքին մենք դարձեալ լսեցինք այս հարցումը, այս անգամ Տեմիրճիօղլուին ձայնով։ «Յանկարծ» անկախ թատերախումբի երեք շրջաններու վրայ տարածուած եւ Պոլսոյ տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուած Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» մրցանակակիր փիեսը, Թ. Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի բեմադրութեամբ, խորապէս ներթափանցեց հանդիսատեսներուն սրտերը։ Թատերախումբին Հայաստան շրջագայումէն ետք, վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտքը մէջտեղ եկաւ, անդրադառնալով ներկայացման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն, ինչպէս՝ պատկանելիութիւն, արմատ, տան բաղձանք եւ ապահովութեան զգացում։ 

Վաւերագրական ֆիլմը կը սկսի Հայաստանի լեռներով, մարգագետիններով եւ մշակութային կոթողներով՝ դիտողը յուշիկ-յուշիկ հրաւիրելով տուն հասկացութեան մտաբերման ճանապարհորդութեան մը։ «Յանկարծ» թատերախումբի Հայաստանի մէջ հայերէնով ներկայացուցած «Սիրտս լեռներում է» փիեսը, Հայաստանաբնակ հանդիսատեսին հետ կապ մը ստեղծելէն անդին անցնելով, բարեկամութիւն մը մշակեց՝ քուլիսներուն ետեւ թէ՛ բեմին վրայ։ Ան նաեւ առիթ ստեղծեց, որ թատերախումբի անդամները անդրադարձ մը կատարեն իրենց ինքնութեան եւ պատկանելիութեան՝ տարածքի ոսպնեակին ընդմէջէն։ Ֆիլմը կը խորանայ տուն հասկացողութեան մէջ, նիւթ մը, որ կեդրոնական տեղ ունեցաւ թատերախումբին Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ Իւրաքանչիւր անդամի մէկ առ մէկ հարցուեցաւ «Ո՞ւր է տունը քեզի համար»։ Ինչպէս կարելի է կռահել, իւրաքանչիւր պատասխան իւրայատուկ, խոր եւ իմաստալից է։ Ամէնէն նշանակալիցը կը մնայ այն, որ անդամները կ՚որոշեն տարբեր արուեստի ոլորտներով արտայայտել իրենց ստեղծագործական գործունէութիւնը։ Իւրաքանչիւր գեղարուեստական ստեղծագործութիւն իր մէջ կը ներառէ մարտահրաւէրներու մէջ շարունակել ձգտիլ գեղեցկութեան՝ զայն այլոց հետ բաժնեկցելով եւ ազդեցութեան տարողութիւնը ընդարձակելով։ Այս ընթացքը տան մը քայլ առ քայլ կառուցման եւ հոգածութեան մէկ տարբերակն է. կենսունակութեան միտումով արարք մը։   

«Սիրտս լեռներում է» խաղարկութեամբ, «Յանկարծ» մեզի կը ներկայացնէ Սարոյեանէն 1914 թուականի պատմութիւն մը, ուր բանաստեղծը տունէն հեռու իր տունը կը փնտռէ։ Թատրերգութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս բանաստեղծը, կորսնցուցած ըլլալով իր տունը, լեզուն եւ կինը, կը գերադասէ իր զաւակին հոգին հարստացնելը՝ քան քսակը։ Մտածեցինք՝ «կարելի՞ է արդեօք հայութիւն ու հայկական ինքնութիւն կրող մեծ մօր մը լուռ գոյութիւնը դպչի թոռան երեւակայութեան ու յոյսերուն»։ Տեսանք, որ լեռները պատկերուած էին թէ՛ բառացի եւ թէ՛ փոխաբերական իմաստով՝ ներկայացնելով պատմողին հայրենիքը եւ ծառայելով որպէս մշակութային յիշողութեան աղբիւր։ Սարոյեանի գործին ընդմէջէն, մենք հնարաւորութիւն ունեցանք քննելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ընկալել արտաքսումի ու արմատներէդ հեռու ըլլալու ցաւը։ Այս թատերական ներկայացումէն ծնած վաւերագրական ֆիլմը կը շարունակէ անկեղծօրէն ուսումնասիրել արմատներու, տան եւ պատկանելիութեան մտքերը։ 

Վաւերագրական ֆիլմը դիտելէս քանի մը օր ետք Երեւան այցելեցի։ Հոն անգամ մը եւս դէմ յանդիման գտնուեցայ Երուանդ Քոչարի «Մելամաղձութիւն» հիանալի քանդակին հետ, որ կը ցուցադրուի «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն»-ի (ՆՓԱԿ-ի) մուտքին։ Թանգարանին ցուցասրահին մէջ զետեղուած է կոթողին տարբեր հանգրուանները բացատրող կարճ ֆիլմ մը ու արխիւային փաստաթուղթեր։ Արուեստագէտին կողմէն 1957 թուականին ստեղծագործուած եւ աւելի ուշ՝ 2003 թուականին, աւելի մեծ չափով պրոնզագործուած այս արձանը յաճախ կը մեկնաբանուի իբրեւ մարդկային տառապանքի եւ գոյացական յուսահատութեան խոր յայտնաբերում։ Քանդակը կը ներկայացնէ մասնատուած կերպար մը այր ու կնոջ, որոնք իրարու փաթթուած են ոլորտաձեւ՝ թոյն ու ճնշուածութիւն խորհրդանշելով, սրտին բաժինը դատարկ ըլլալով։ Այս դատարկութեան կեդրոնը լեցուած է բարձրայարկ բնակարային շէնքերով։ Այս հզօր պատկերը, որ կ՚արտացոլայ ինքնութիւն, կորուստ եւ ժամանակակից կեանքէ խզում, մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Քոչարի յառաջատար տեսլականին վրայ։ Այս քանդակին մէջ ներքինին եւ արտաքինին միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները աղօտ են։ Խոշոր մատներով ձեռքը դէպի դուրս կը բացուի՝ այսուհանդերձ սեղմ շարժումներով՝ մկանի ու ոսկորի չգոյութեան պատճառով, ինչ որ սահմանափակումի եւ դիւրաբեկութեան զգացում կը յառաջացնէ։

Ըստ Ուալթըր Բենիամինի, մելամաղձութիւնը յաճախ առնչուած է կիսատութեան կամ աւերակներու հետ,- սա պատմական կորուստի փորձութենէն լիովին ապաքինելու անկարելիութիւնը արտայայտող ծանր վիճակ մըն է։ Քոչարի քանդակը նաեւ ցոյց կու տայ մարդու անաւարտ կերպը՝ մասնատուած կերպարին վիզերուն շուրջի պարոյրէն ստանալով արգելումի զգացութիւն մը։ Դատարկութիւնը, ուր սիրտը պէտք է ըլլայ եւ որ լեցուած է շէնքերով, մեզ կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս անձնական եւ հասարակական հոգեխոցները, որոնք կը ծնին կորուստներու մէջէն, ա՛լ աւելի կ՚օտարացնեն մեզ մեր մարմինէն՝ մինչ մենք կը փորձենք լեցնել դատարկութիւնը։ Մինչ «Յանկարծ» թատերախումբը Սարոյեանի գործին միջոցով տան փնտռտուքը վաւերագրական ֆիլմ կը վերածուի, Քոչարի քանդակին դատարկութիւնն ու անձեւութիւնը կը համընկնին «Յանկարծ»-ի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմին մէջ տեսնուած տան մասնատուած եւ անկայուն ներկայացման հետ։ Այս ցոյց կու տայ, որ տունը չի կրնար մէկ սահմանումով կամ ամբողջական կերպով եզերիլ։ Մինչ Քոչարի ստեղծագործութիւններուն նման գործերու գեղարուեստական ուժը մեր ձգտած տան պատկերէն մեզ օտարացնող անձեւութեան հետ յարաբերութեան մը մէջ կը դնէ, ան նաեւ մեզ կը հրաւիրէ մտորելու: Լսելով «Յանկարծ»-ի տան խորին փնտռտուքը, որ Սարոյեանի բառերով եւ պատկերներով ձեւաւորուած է երկու տարուան ընթացքին, մեզի կը յիշեցնէ, որ մինակ չենք այս փնտռտուքին մէջ։ 

Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի

(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 5 Դեկտեմբեր 2024-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)։

——-

Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Բարռեսիա Գոլէքթիվ կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը:

Ո՞վ «կարի մեքենայ» պիտի նուիրէ այս կաղանդին…

Մեր տան ամենէն փոքրն էի։ Մայրս, հակառակ իր բազմազբաղ առօրեային, պատեհ առիթ մը կը ստեղծէր՝ հաճելի պատմութեամբ մը զբաղցնելու զիս։ Քոյրերս եւ եղբայրս ինձմէ մեծ էին եւ իրենց յատուկ զբաղումները ունէին։ Այդ պատմուածքներէն մէկ քանին բազմիցս լսած էի, սակայն չէի վարաներ մեծ խանդավառութեամբ եւ յափշտակութեամբ վերստին ունկնդրելու։ Պատմուածքին «ելեւէջներուն» հետ, մօրս ձայնի ելեւէջներն ալ կը փոխուէին եւ պատմութիւնը նոր կեանք ու շունչ ստանալով ՝ նոյն զօրութեամբ կը կլանէր զիս։

Ընդհանրապէս յուզմունքն ու ուրախութիւնը միահիւսուած կ՛ըլլային այդ պատմութիւններուն մէջ, որոնք պահ մը հոգիս կ՛ալեկոծէին իրենց սրտաշարժ անցուդարձերով, ապա կը բարւոքէին, երբ ուրախ աւարտը վրայ հասնէր։ Դաստիարակիչ էին, այո՛, բայց նաեւ առինքնող՝ դրոշմուած էութեանս մէջ։ Մանկութեան յուշերը անպայման անջնջելի հետք կը ձգեն մեր միտքերուն մէջ ու կը պարուրեն մեր անհատականութիւնը մինչ հասակ կ’առնենք կեանքի յորձանուտին մէջ:

«Կարի Մեքենային»  պատմութիւնը, մօրս պատմութիւններուն «գլուխ գործոցն» էր անվարան։

«Այրի ու չքաւոր կին մը եւ իր դպրոցական զաւակը կ՝ապրէին խեղճուկ տնակի մը մէջ։ Կինը դերձակութեամբ կը զբաղէր՝ ի՛ր եւ տղո՛ւն օրապահիկը հայթայթելու։ Շատ սահմանափակ էր անոնց եկամուտը. խեղճ կինը կարի մեքենայ մ’իսկ չունէր: Մատները ծակծկած էին եւ կարմրած ասեղի անդադրում գործածութենէն։ Ամէն առտու, ան փոքր գումար մը կու տար տղուն, որպէս դէպի դպրոց հանրակառքի ծախս։ Տղան, գաղտնի իր մօրմէն, այդ գումարները կը խնայէր եւ քալելով կ’երթար դպրոց։ Կաղանդի նախօրեակին, մայրը շուկայ կը մեկնի՝ կարի աշխատանքէն խնայած դրամով չիր ու չամիչ գնելու եւ տղան ուրախացնելու։ Երբ տուն կը վերադառնայ, հսկայ նուէրի տուփ մը կը նշմարէ տան մէջ։ Անակնկալի եկած՝ հարց կու տայ տղուն, թէ ի՞նչ է այդ։ Տղան մօրը կ՝առաջարկէ բանալ տուփը: Ի՞նչ տեսնէ. զարմանք, յուզմունք եւ ուրախութիւնը կը միախառնուին իրարու։ Մայրը կը փաթթուի տղուն վիզը եւ յորդառատ արցունքներ կը հոսին այտերն ի վար․․․»

Կարի մեքենայ մըն էր նուէրը։

Իմ արցունքներս ալ կը սկսէին հոսիլ․․․

Երբ պատմութիւնը իր յուզումնախառն եւ նոյն ատեն իր ուրախ գագաթնակէտին հասնէր, մեծ գոհունակութիւն կը զգայի եւ կարծես պահ մը մէջս ցանկութիւն կ՝արթննար պատմութեան օրինակելի տղուն տիպարը մարմնաւորելու։

Տղան, օրեր ու ամիսներ, անտեսելով անձրեւ, ցեխ ու փոթորիկ, քալելով գացած էր դպրոց․․․խնայած մօրը տուած ամենօրեայ փոքրիկ լուման․․․ուրախացնելու զայն կարի մեքենայով մը եւ գէթ հեշտացնելու անոր գործի դժուար պայմանները։

Իր զոհարբերութեան ոգիով ու երախտագէտ արարքով, տղան յաջողած էր իրենց «ցուրտ ու խեղճուկ» տնակը ջերմացնել կաղանդի շունչով եւ մթնոլորտով։

Չմոռնա՛նք. ոչ ոք խորհուրդ տուաւ տղուն՝ դիմելու նման ազնիւ արարքի։ Պարզապէս իր մօր անձնազոհութիւնն ու թշուառ վիճակը մղած էր զինք այդ քայլին։

Փոխուած են օրերը: Մեր փոքրիկները այսօր չեն սնանիր երախտագիտութեան եւ կարեկցանքի զգացումներով: Ինչ որ կը ցանկան՝ հեշտ է ու հասանելի։ Անոնք յղփացած են զանազան խաղալիքներով, էլեկտրոնային խաղերով եւ բջիջային հեռաձայններով։ Բնականօրէն, պայման չէ թշուառ վիճակ մը ունենալ ուրիշին մասին մտածելու համար։ Կարեկցանքը ազնիւ անհատակնութեան ցուցանիշ է: Պէտք է նոր սերունդը նաեւ գիտնայ արժեւորել ու գնահատել իր ունեցածը եւ ըստայնմ ըլլալ երախտապարտ: Երախտագիտութեան զգացումը մարդկային մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկն է եւ խթան կարեկացանքի: Մենք կրնանք մեր զաւակներուն ներաշխարհը գեղեցկացնել դաստիարակիչ պատմութիւններով ու անոնց հոգին հարստացնել «կարի մեքենայ նուիրող» հերոսներով:

Հաւանաբար շատեր մտածեն, թէ արուեստական բանականութեան այս օրերուն, դժուար է փոքրիկներուն հետաքրքրութիւնը թեքել դէպի դաստիարակչական պատմուածքներ՝ ենթադրելով, թէ անոնք համբերութիւն չունին ունկնդրելու։ Բայց իսկապէս կարեւոր է պատմուածքներու ճամբով «միջամտութիւններ» կատարել եւ փոքրիկները դուրս բերել համացանցային համակարգէն ու զանոնք վերացական աշխարհէն փոխադրել դէպի իրական ու մարդկային աշխարհ։

Հարցում մը. փոքրիկներ՞ը համբերութիւն չունին ունկնդրելու, թէ՞

ծնողները «սիրտ» չունին:

Այսօր քանի՞ մայր պատրաստակամութիւնը ունի պատմուածքի մը ճամբով իր զաւակին նորութիւն մը կամ դաստիարակիչ արարք մը սորվեցնելու․․․ շատ հազուագիւտ։ «Բազմազբաղ» պատրուակին տակ, բջիջային մը կու տան փոքրիկին՝ առանց անդրադառնալու անոր պատճառած ահաւոր վնասներուն: Փոքրիկը երկար ժամեր «կը վերանայ»՝ օրինակելի հերոսներով հարստանալու փոխարէն` game-երու մէջ թաղուելով։ Հայ մայրը իտէալներու եւ հաստատուն սկզբունքներու խորհրդանիշը չ՞է միթէ։

Արդեօք ի՞նչ պատկերով եւ ներքին բարոյական ի՞նչ հարստութիւններով օժուած սերունդ մը մէջտեղ պիտի գայ ապագային․․․

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

4 Դեկտեմբեր 2024

Որովհետեւ Թումանեանի «Ձախորդ Փանոսն» ու «Անխելք Մարդը» մենք ենք…Փաստը՞…

Ըստ էութեան Թումանեանի «Ձախորդ Փանոսը» եւ «Անխելք Մարդը» հեքիաթները նոյն մարդուն մասին են, թէեւ երկու տարբեր գործեր են` երկու տարբեր պատումներով: Զանոնք միացնող երեւոյթը գլխաւոր հերոսին յիմարութեան աստիճանի հասնող միամտութիւնն ու կոյր ինքնավստահութիւնն է: Հաւանաբար արդէն պարզ է, թէ ինչ կը պատահի յիմարութեան աստիճանի միամտութեան ու կոյր ինքնավստահութեան պարագային:

«Ձախորդ Փանոսը» հեքիաթը ոչ թէ պարզապէս ձախողած անձի մը մասին է, որ շարունակաբար անհեթեթ իրավիճակներու մէջ կը յայտնուի, այլ հերոսը իր իսկ յիմարութեան հետեւանքով դանդաղ, բայց կայուն քայլերով ինքզինք կը մօտեցնէ ողբերգութեան: Փանոսը ոչ միայն տգէտ է, այլեւ` ինքնավստահ: Փանոսին, նոյնիսկ ամենէն անմեղ արարքները կրնան իրեն համար անկանխատեսելի վտանգ պարունակել: Եթէ նոյնիսկ ուրիշին որեւէ վնաս չպատճառէ, ապա ինքնիրեն անպայման կը վնասէ:

Հեքիաթին մէջ, երբ Փանոս կ’որոշէ բան մը նորոգել, ապա նորոգելիքը կ’իյնայ եւ ջարդուփշուր կ’ըլլայ, ուստի կ’երթայ անտառ ծառ կտրելու ու իր «հանճարեղ որոշումին» հետեւանքով, ան ծառը կը կտրէ այնպէս մը, որ անմիջապէս կ’իյնայ սայլին վրայ, ու հետեւաբար կը կորսնցնէ իր սայլն ու եզները: Յետոյ կ’որոշէ կացինով բադ սպանել, որ բնականաբար չի յաջողիր: Արդէն ամէն ինչ կորսնցուցած, Փանոս ջուր կը մտնէ կացինը փնտռելու: Կացինը չի գտներ, եւ անոր փոխարէն գետի ափին դրած իր հագուստը կը տանին: Իսկ երբ Փանոս արդէն մերկ ու քաղցած գիւղ կը մտնէ, կ’ուզէ հագուստ մը գտնել, չար դիպուածով մը, շպրտուած հաւի ոսկորը անոր աչքը կը հանէ: Շուները կը գզեն զինք ու արիւնլուայ, ամէն ինչ կորսնցուցած, Փանոս փախչելով կ’անհետանայ խաւարին մէջ: Ասիկա հերոսին բացարձակ ձախողութիւնն է ամէն ինչի մէջ: Բայց մինչեւ զինք վերլուծելը՝ քննենք նաեւ անոր «երկուորեակ հերոս «Անխելք մարդը»:

Անխելք մարդը անանուն կերպար մըն է, ան անուն չունի: Հեքիաթին մէջ, ան խեղճ ու աղքատ, կ’երթայ Աստուծոյ մօտ գանգատի: Ճամբան, անոր դիմաց կ’ելլեն չորցած ծառը, հարուստ գեղեցկուհին եւ անօթի գայլը: Տեղեկանալով, որ աղքատը կ’երթայ Աստուծոյ մօտ գանգատի, այս երեքը իրենց «տարտը» կը պատմեն անոր ու կը խնդրեն, որ աղքատը զանոնք եւս պատմէ Տիրոջը: Աստուած մտիկ կ’ընէ աղքատին եւ կ’ըսէ, որ չորցած ծառին տակ ոսկի կայ, եթէ այդ ոսկին հանեն, ծառը` կը կանաչնայ, հարուստ աղջիկը կը բախտաւորուի երբ ամուսնանայ, իսկ յաւէրժ անօթի գայլը կը կշտանայ, եթէ ուտէ անխելք մարդը: Այդ բոլորը լսելէ ետք, աղքատը հարց կու տայ, թէ ի՞րեն ինչ բախտ կը նախատեսէ: Տէր Աստուած անոր կ’ըսէ, որ աղքատին բախտը կը սպասէ իրեն, թող երթայ, գտնէ ու վայելէ: Աղքատը, փոխանակ հասկնալու, որ Աստուած նախորդ երեք պատասխաններով նաեւ իր բախտը կը բանար, ճամբայ կ’ելլէ «բախտը գտնելու»: Չորցած ծառը կը խնդրէ իրմէ քանդել իր արմատները եւ տակը գտնել ոսկին, ինչ որ երկուքին ալ օգուտ կը բերէ․ աղքատը կը հարստանայ, իսկ ինքը՝ կը կանաչնայ: Աղքատը կը մերժէ ըսելով, որ կ’երթայ իր բախտը գտնելու: Հարուստ գեղեցկուհին, երբ կը լսէ, որ իր երջանկութիւնը կեանքի ընկեր գտնելու մէջ կը գտնուի, աղքատին կ’առաջարկէ ամուսնանալ իր հետ ու միասին վայելել կեանքն ու ծով հարստութիւնը: Աղքատը զինք ալ կը մերժէ՝ ըսելով, որ իր բախտը իրեն կը սպասէ ու նորէն ճամբայ կ’ելլէ: Ի վերջոյ կը հանդիպի գայլին ու կը պատմէ ամէն ինչ: Գայլը, հասկնալով, որ Աստուծոյ ըսած անխելքը նոյնիքն այդ աղքատն է, կ’ուտէ զայն: Սարսափելի աւարտ մը եւս:

Նախքան Ձախորդ Փանոսին ու Անխելք Մարդուն յիմարութիւններուն վրայ ծիծաղիլը, հարկաւոր է հասկնալ, որ անոնք օդէն հիւսուած կերպարներ չեն: Անոնք ժողովուրդին հաւաքական ինքնութիւններէն են, ուր կը նկարագրուի անոնց միամտութիւնը, իրականութենէն կտրուած ըլլալը, հաւաքական կուրութիւնը, մեծամտութիւնն ու անտեղի ինքնավստահութիւնը: Ձախորդ Փանոսն ու Անխելք Մարդը վտանգաւոր կերպարներ են: Վտանգաւոր են առաջին հերթին իրենք իրենց համար: Անոնք ոչ մէկ օգուտ կը բերեն ո՛չ իրենց, ո՛չ ալ ուրիշներուն, բայց փոխարէնը կրնան կործանել թէ՛ իրենք զիրենք, թէ՛ ուրիշները: Փանոսը իր յիմարութեան հետեւանքով պատճառ կը դառնայ իր ամբողջ ունեցուածքին կորուստին ու կիսամեռ կ’անհետանայ: Անխելք Մարդը, որ հնարաւորութիւն ունէր երջանկացնելու աղջկիկը, խնամելու չորցած ծառը ու ինքն ալ վերջապէս հարստանալու ու երջանկանալու, գայլին բաժին կը դառնայ: Անխելք Մարդուն պատճառով, աղջիկը կը մնայ դժբախտ, ծառը` չորցած, եւ միայն գայլը կը կշտանայ:

Պատմութեան մէջ քանի՞ անգամ մենք որպէս ժողովուրդ ձախողած ենք՝ յոյս դնելով երեւակայական «բախտի մը վրայ», երբ պէտք էր ըլլալ շրջահայեաց ու իրականութեամբ ապրելով՝ յստակ ու իրապաշտ քայլեր առնել: Քանի՞ անգամ ձեռքէ փախցուցած ենք մեր առջեւ պարզուած հնարաւորութիւն մը, քանի՞ անգամ մենք կորսնցուցած ենք մեր ունեցածը, որովհետեւ միշտ եղած ենք ոչ-հաշուենկատ, անիրական, ցնորքներով ապրող ու ցնորքներու հաւատացող: Ձախորդ Փանոսը կ’ուզէր ծառը այնպէս մը կտրել, որ մէկ անգամէն իյնայ սայլին վրայ, առանց հասկնալու, թէ ինկող ծառը վտանգաւոր է ու կը ճզմէ իր տակը յայտնուող որեւէ բան:

Երբ կը քննենք հայ ժողովուրդի քաղաքական անցեալը եւ կը փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ տեղի կ’ունենար տարբեր դարաշրջաններու, դժկամօրէն կ’ընդունինք, որ, բացի ճակատագրական պատուհասներէ, դժբախտութիւններուն մեծ մասը հետեւանք է սեփական սխալներու, ընդ որում սարսափելի սխալներու: Օրինակ, հայոց թագաւորութեան գերեզմանաքարը 428-ին դրին նոյնիքն հայերը, երբ հրաժարեցան պետականութենէ ու կամովին ընդունեցին պարսկական գերիշխանութիւնը: Նոյնը նաեւ Բագրատունիներու օրով, երբ իշխանական ամէն տուն թագաւորի տիտղոս կ’ուզէր ունենալ ու Հայաստանի մէջ շուրջ տասը «թագաւորութիւններ» կային: Անոնք բոլորն ալ կարգով կոտրուեցան, որովհետեւ երբեք միասնաբար չպայքարեցան: Կիլիկիոյ դժբախտութիւններուն մէկ մասը սեփական անհեռատեսութիւնն էր: Ռուս-թուրք-պարսկական պատերազմներու ժամանակ հայերը կռուեցան բոլոր երեքին դէմ ու երեքը իրենց դէմ ու անոնցմէ ոչինչ շահեցան, միայն գայլերը կշտացան: Նոյնն էր Անդրկովկասեան Դաշնակցային Հանրապետութեան ժամանակ, նոյնն էր Առաջին եւ նոյնն է մեր երրորդ հանրապետութիւններու պարագային: Մենք անվերջ սխալներ կը գործենք, հաստատ ու պինդ քայլերով: Մեր սխալները դաս չեն դառնար մեր յաջորդներուն համար: Մենք հիմա կը քննենք 100 տարի առաջ տեղի ունեցած աղէտը, երբ կործանեցաւ Առաջին Հանրապետութիւնը եւ կը զարմանանք, թէ ինչպէ՞ս չէին նկատած այս կամ այն երեւոյթը:

Իսկ հիմա կը նկատե՞նք: Ի՞նչ փոխուած է ընդհանրապէս: Ի՞նչ որակական փոփոխութիւններ ունինք մեր մէջ: Արդեօ՞ք կը հասկնանք, որ Ձախորդ Փանոսն ու Անխելք Մարդը նոյնիքն մենք ենք: Որովհետեւ այնպէս կտրուած ենք իրականութենէն, որ միշտ կը սխալինք մեր հաշիւներուն մէջ: Կտրուած ծառը կը ձգենք սայլին վրայ ու կը ջարդենք, եզները կը սպանենք, չենք հասկնար, որ հեռուէն կացին շպրտելով բադ սպանելը կարելի չէ, չենք կրնար երթալ ու մարդավարի հագուստ գտնել, այնպէս կ’ընենք, որ հագուստի փոխարէն մեր աչքը կը հանեն ու շուները կը գզեն մեզ: Իսկ երբ ճակատագիրը իրական հնարաւորութիւններ կու տայ մեզի, մենք ծառի տակին ոսկին չենք հաներ, մենք հարստութիւնն ու ապահովութիւնը չենք նկատեր, մենք կը շարունակենք երազել, անրջել ու գայլին բաժին դառնալ: Ու պէտք չէ ըսել, որ անձամբ մենք ծառին տակ թաքնուած ոսկին կը հանէինք, կամ ալ ո՞վ չուզէր հարուստ գեղեցկուհիի մը հետ ամուսնանալ: Այդ մէկը արդէն անհեթեթ է: Հեքիաթին իմաստը այս պարագային նոյնիքն այդ անհեթեթին միջոցով խրատ տալն է, պարտադիր չէ, որ ծառերուն տակը ոսկի ըլլայ, իսկ հարուստ գեղեցկուհիները փողոցը փեսացու չեն փնտռեր:

Բայց անոր փոխարէն, մեր իրականութիւնը ընդունելու տեղ, մենք կը շարունակենք երազներ փայփայել մեզի որպէս ողորմութիւն շպրտուած տարբեր փաստաթուղթերու շլացուցիչ փայլքերուն տակ: Մենք կը սպասենք, որ թուրքերը իրենք իրենց կամքով Արեւմտեան Հայաստանը մեզի մատուցեն, բայց մենք ինքնին կը կորսնցնենք Արցախը: Մենք չենք կարողանար նոյնիսկ եղածը պահպանել, ալ ուր մնաց նոր յաջողութիւններ նուաճենք: Որովհետեւ Ձախորդ Փանոսն ու Անխելք Մարդը մենք ենք: Որովհետեւ երբ մեր շուրջը իրականութիւնը աւելի է սաստկանայ ու կը բորբոքի, երբ միւս բոլորը կ’ընեն հնարաւորն ու անհնարը սեփական շահու համար, մենք կը փակենք մեր աչքերը, կը ծալենք ձեռքներնիս ու նստած կը սպասենք, կը սպասենք, կը սպասենք․․․․

Յաջորդին, երբ որեւէ մէկը ուզէ ծիծաղիլ Անխելք Մարդուն ու Ձախորդ Փանոսին վրայ, թող նաեւ հայելիին նայի: Հոն ան կը տեսնէ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը:

Իսկ եթէ «կաթիլ մը մեղրը» մեզի համար վաղուց կենսակերպ դարձած է, երբ պատրաստ ենք ազգովին զիրար յօշոտել չնչին բաներու համար ու նորէն երազելը շարունակել:

Բայց այսպէս մինչեւ ե՞րբ: Դեռ որքա՞ն կը բաւէ հաւաքական մեր անմահութիւնը՝ դիմանալու մեր սխալներուն ու անմտութեան:

Չէ՞ որ աշխարհի մէջ ամէն բան իր վերջը ունի: Այդ եւս պէտք է յիշել: Իսկ այդ վերջը ամենեւին ալ զուարճալի չէ:

Գործակցութիւն Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գրադարաններուն միջեւ (Բ. մաս)

Վերջերս, Շարժայի եւ Տուպայի մէջ տեղի ունեցան երկու բացառիկ իրադարձութիւններ. Շարժայի մէջ «Շարժայի 43-րդ գիրքի միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառ»ը (6-17 նոյեմբեր 2024)՝ ‘It Starts with a Book’ խորագրով: Ցուցահանդէսին բացման արարարողութիւնը կատարեց Շարժայի կառավարիչ Շէյխ դոկտոր Սուլթան պին Մուհամմատ Ալ Քասիմին: Իր բացման խօսքին մէջ, Շարժայի կառավարիչը լուսարձակի տակ առաւ  «արաբերէնի, գրականութեան, գիտութիւններու եւ պատմութեան զարգացման ուղղութեամբ կատարուած ջանքերը՝ ընդգծելով պատմական ժողովածուի առանցքային դերը այս գործին մէջ եւ հաստատեց գիտելիքի յառաջդիմութեան, մշակութային իրազեկութեան տարածման  եւ արաբերէնը ամբողջ աշխարհին մէջ զօրացնելու եւ ամրապնդելու յանձնարարութիւնը»:  

Գիրքի 43-րդ ցուցահանդէսը հիւրընկալեց 2522 հրատարակիչ, 108 երկիրներէ մասնակցող ցուցադրողներ, 63 երկիրներէ ժամանած 250 հիւրեր, որոնք բաժին ունեցան աւելի քան 1357 տարբեր միջոցառումներէ բաղկացած օրակարգին մէջ, ներառեալ՝ 500 մշակութային նիստեր, սեմինարներ եւ  քննարկումներ, ուր հեղինակները անդրադարձան հիմնականօրէն մշակութային եւ գրական հարցերու, նաեւ ուսումնասիրեցին արաբական եւ համաշխարհային գրականութեան վերջին ուղղութիւնները:

Իսկ Տուպայի մէջ տեղի ունեցաւ Տուպայի Մուհամատ պըն Ռաշիտի անուան գրադարանի միջազգային առաջին խորհրդաժողովը» (The first Dubai International Library Conference)՝ 15-17 նոյեմբեր 2024-ին, «Մեր գրադարանները. անցեալ, ներկայ եւ ապագայ» (Our Libraries: Past, Present, Future) խորագրով: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան գրադարանագէտներ եւ փորձագէտներ, շուրջ 70 բանախօս աւելի քան 27 երկիրներէ: Բացման ելոյթին, Մուհամատ պըն Ռաշիտ ալ Մաքթում գրադարանի հիմնարկին նախագահ Մուհամատ Ահմատ ալ Մըր ընդգծեց. – «Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ գրադարանները կը գործեն որպէս կամուրջներ մշակոյթներու միջեւ: Աւելին, գրադարանները կը ծառայեն որպէս մշակութային ժառանգութեան պահապաններ, նորարարութեան եւ ստեղծագործութեան տարրալուծարաններ եւ կրթական ու մտաւոր յառաջդիմութեան խթանիչներ»։ Անձնապէս առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու խորհրդաժողովի եռօեայ նիստերուն, ներառեալ՝ բացումին:

Երեւանի Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տոնոյեան, Էմիրութիւններ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ներկայ գտնուած էր վերոյիշեալ իրադարձութիւններուն:

Տոնոյեան կը յայտնէ.- «Այս տարի եւս մասնակցեցայ Շարժայի գիրքի միջազգային տօնավաճառին՝ ներկայացնելով Հայաստանի մանկապատանեկան գրականութեան առկայ գործընթացներն ու գրական ծրագիրները։ Այցելութեան ընթացքին բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցանք պաշտօնակից կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ: Քննարկեցինք երկկողմանի համագործակցութեան շարք մը ծրագրեր, իրականացուցինք պայմանաւորուածութիւններ եւ նախագծեցինք գործակցութեանն առնչուած հնարաւոր ուղիներ: Տօնավաճառի ծիրէն ներս հանդիպեցանք մանկապատանեկան գիրքի միջազգային կոմիտէի արաբական մասնաճիւղի նախագահ, Շարժայի հանրային «Իմաստութեան տուն» (House of Wisdom) գրադարանի տնօրէն Մարուա Ալ Աքրուպի հետ: Հանգամանօրէն ծանօթացանք կառոյցի տարածքային հնարաւորութիւններուն եւ մասնագիտական գործունէութեան: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձանք նաեւ մանկապատանեկան գրականութեան կապուած շարք մը հարցերու, քննարկեցինք գործակցութեան կարելի տարբերակներ, մշակել ծրագիրներ»։

«Պայմանաւորուածութիւններ ձեռքբերինք նաեւ «IBBY UAE»-ի հետ իրականացուող գրական, մշակութային միացեալ ծրագիրներ: Մասնաւորապէս, շեշտը դրինք մեր գրադարանի հեղինակային «Հեքիաթի դեսպաններ» ծրագրին վրայ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ մեր պաշտօնակիցին կողմէ: Համագործակցութեան շարք մը նախնական այլ պայմանաւորածութիւններ եւս կան՝ գրադարանային մարզի աշխատակիցներու փորձի փոխանակման, վարպետութեան դասերու եւ վերապատրաստութեան դասընթացքներու առնչուած։ «IBBY UAE»-ի տաղաւարին մէջ ցուցադրուեցաւ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի գործունէութիւնը պատմող ֆիլմ մը, ուր հանգամանօրէն ներկայացուած էր նաեւ գրադարանին մէջ գործող «Արաբական անկիւն»ի գործունէութիւնը»:

Այս բոլորին կողքին, Տոնոյեան կ’այցելէ նաեւ Շարժայի «Kalimat Foundation»ը, որուն հետ արդէն կը գործակցի 2018-էն ի վեր: Գրադարանի աշխատակից Մարալ Տիքպիկեանի հետ, ան այցելած էր նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը: «Էմիրութիւններ այցելութեան ծիրէն ներս միշտ կարեւոր է նաեւ այցելել տեղւոյն հայկական կրթական եւ մշակութային օճախները: Շարժայի Օհաննէսեան վարժարան այցելութիւնը մենք պարտադիր կը նկատենք: Վարժարանին մէջ կը սորվին շուրջ 270 հայ երեխայ: Հոս մեր պատուիրակությիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Տեր Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի, դպրոցի սաներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ»,-կը յայտնէ Տոնոյեան:

Ռուզան Տոնոյեան, խորհրդաժողովի աւարտին, հանդիպում ունեցած է Տուպայի Մուհամատ պըն Ռաշիտ անուան գրադարանի բաժանմունքներու բաժնի վարիչ-տեսուչ Ալի Ժումա ալ Թամիմի հետ, ուր ներկայ էր նաեւ գրադարանի սպասարկման բաժնի տնօրէն Խատիժա Մուհսէնը: Հանդիպումին վարիչ-տեսուչին հետ կը քննարկեն գործակցութեան միացեալ ծրագրեր ու նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի եւ Էմիրութիւններու գրադարաններու կրթական եւ մշակութային կապերու ամրապնդումին եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խորացումին: «Այս գծով կարեւոր նկատուած են գրադարաններու միջեւ փորձառութեան փոխանակման ծրագիրներու մշակումը եւ վարպետութեան դասերու կազմակերպումը։ Այս բոլորը իրականութիւն կը դառնան 2025-ին։ Շարժայի հանրային «Իմաստութեան տուն» (House of Wisdom) գրադարանի հետ եւս ունինք նմանօրինակ պայմանաւորուածութիւն»։ կը յայտնէ Տոնոյեան:

2019-ին, Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանատան աջակցութեամբ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը առանձին տաղաւարով մասնակցութիւնը բերած էր  Շարժայի միջազգային 38-րդ գիրքի ամենամեայ ցուցահանդէս  տօնավաճառին (հոկտեմբեր 30 – նոյեմբերի 9):

Գրադարանին առաջնորդութեամբ, Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը, «GSM» սթուտիոն եւ «IBBY Հայաստան» մշակութային NGO-ն: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, Ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն, «IBBY Հայաստան» NGO-ի նախագահ Ռուզան Տոնոյեան հանդիպում մը ունեցած էր Էմիրութիւններու մանկապատանեկան լաւագոյն հրատարակչութեան՝ «Քալիմաթ կրուփ»ի տնօրէն Ամնա Ճումայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ եւ արաբ մանկագիրներու գործերը երկու լեզուներով թարգմանելու հեռանկարային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Կողմերը պայմանաւորուած են ստեղծելու հայերէն – արաբերէն երկլեզու գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ իրականացնելու հայ եւ արաբ հրատարակիչներու փորձառութեանց փոխանակման ծրագիրներ:

«Շահեկան է նման միջազգային տօնավաճառներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը, որովհետեւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հայ մշակոյթը ներկայացնելու օտարազգի գիրք ոլորտի ներկայացուցիչներուն՝ ստեղծելով մշակութային երկխօսութեան եւ հեռանկարային համագործակցութեան նախադրեալներ», – կ՛ընդգծէ Տոնոյեան:

Տնօրէն Ռուզան Տոնոյեանի նշումով, մանկական գրադարանի գործունէութեան մէջ չափազանց կարեւոր է միջազգային համագործակցութիւնը, եւ որպէս միջմշակութային երկխօսութեան վառ օրինակ, գրադարանին մէջ ստեղծուած են եւ տարիներ շարունակ կը գործեն «Գերմանական անկիւն» , «Չինական անկիւնը», «Իրանական անկիւնը» եւ «Արաբական անկիւնը», որուն պաշտօնական բացումը կատարուած է 11 հոկտեմբեր 2019-ին, «Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարան»-ին մէջ, Ազգային մանկական գրադարանի նախաձեռնութեամբ եւ IBBY Էմիրութիւններու ու արաբական Քալիմաթ հիմնարկութեան օժանդակութեամբ եւ Հայաստանի մէջ  Էմիրութիւններու դեսպանատան մասնակցութեամբ:  Արաբական բաժնի գրադարանավարն է  բնիկ հալէպահայ Մարալ Տիքպիքեան:

Բացման օրը, Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպան Մուհամմատ Իսա Ալ Զաապը յայտնած է, որ ծրագիրը իրականացուած է հանդուրժողականութեան տարուայ ծիրէն ներս.- «…Մենք հոս կը գտնուինք աւելի եւս զարգացնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնը մշակոյթի եւ կրթութեան ոլորտին մէջ», նշած է դեսպանը:

«Արաբական Անկիւնը» կը հանդիսանայ արաբական աշխարհի հարուստ պատմութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը, արուեստը եւ աւանդոյթները ծանօթացնելու եւ երկու մշակոյթներուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցու հարթակ մը».- ընդգծած է տնօրէն Տոնոյեան: Նոյն օրը գրադարանի թատերական խմբակը արաբերէնով կը ներկայացնէ Նուրա Ապպաս Ալ Խուրի «Ոսկիէ արմաւներ» հեքիաթը:

Մինչ այդ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի 85-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս, 19 հոկտեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցած էր գրադարանին «Արաբական անկիւն»-ի ոչ պաշտօնական բացումը, զոր կարելի եղած էր իրագործել շնորհիւ «IBBY Հայաստանի» գործընկեր «IBBY Էմիրութիւններու» գրադարանին նուիրած 1500 արաբերէն գիրքերով:

Բացման այդ արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպան դոկտ. Ճասիմ Մուհամետ Ալ Քասիմին,  IBBY Էմիրութիւններու հանրային կապերու ներկայացուցիչ Ալի Ալ Շեմարին, ինչպէս նաեւ՝ արաբական Քալիմաթ հիմնարկութեան ներկայացուցիչներ: Վերջիններս նորաստեղծ արաբական անկիւնին նուիրած են 100 հատոր արաբական գրականութիւն՝ շարժական գրադարանով:

Տոնոյեան կը յայտնէ, որ 19 փետրուար 2020-ին, գրադարան այցելութեան մը ընթացքին, նախարար Ա. Հարությունեան, ծանօթանալով մասնակից հրատարակչութիւններուն եւ գրատներու գործունէութեան, անոնց հրատարակած գիրքերուն, ծանոթացած էր նաեւ գրադարանի նորաբաց Արաբական անկիւնի աշխատանքներուն: Միաժամանակ, Էմիրութիւններու դեսպանութեան ներկայացուցչութիւնը նախարարին արաբերէն գիրքեր նուիրած է:

Էմիրութիւններ կատարուած աշխատանքային այցելութիւններու ծիրէն ներս, 16 նոյեմբեր 2024-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէնն ու Արաբական անկիւնի պատասախանատու Մարալ Տիքպիքեան այցելած են Շարժայի ազգային Օհաննէսեան միօրեայ վարժարան: Ծանօթանալէ ետք գրադարանի բազմաբնոյթ կրթամշակութային ծրագրերուն, դպրոցին աշակերտները զիրենք հետաքրքրող հարցեր ուղղած են հիւրերուն եւ ցանկութիւն յայտնած մասնակցելու գրադարանին կողմէ կազմակերպուող ամառային ճամբարին:

Տեղին է նշել, որ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը 1991-էն ի վեր կը գործակցի Նիացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի, Իրանի ազգային, Ռուսիոյ մանկական, Լեհաստանի ազգային, Շթութկարտի քաղաքային, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Էսթոնիոյ, Շուէտի, Պելառուսիոյ ազգային գրադարաններու, Քրասնոտարի մարզի պատանեկան եւ այլ գրադարաններու հետ՝ գիրքի փոխանակութիւն կատարելով:

Սերտ կապեր ունի սփիւռքի մտաւորականութեան հետ:

Գրադարանը կը գործակցի տեղական կազմակերպութիւններու հետ եւ կ’անդամակցի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու

  • Հայաստանի տեղական դեսպանութիւններ, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւն, Հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութիւն, դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ,  մշակութային ու կրթական կազմակերպութիւններ:
  • Գրադարանը կ՛անդամակցի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու՝ The Council of Europe Եւրոպական Խորհուրդ, Մանկապատանեկան գիրքի միջազգային կոմիտէին (IBBY), Երաժշտական գրադարաններու միջազգային ընկերութեան (The International Association of Music Libraries, Archives and Documentation Centres)-(IAML), Գրադարաններու միջազգային ընկերութեան (The International Federation of Library Associations)-(IFLA) եւ կը գործակցի Շարժայի «Kalimat group» հիմնարկութեան հետ:

Նշենք, որ Հայկական գրադարանային ընկերութիւնը, համագործակցութեամբ «Քալիմաթ հիմնարկութեան» (Kalimat Foundation – Kalimat Group) Հայաստանի գրադարաններուն նուիրած է 1000 հատոր գիրք: Գիրքեր ստացած են նաեւ Նոր Նորքի համայնքային, Արմավիրի եւ Արագածոտնի մարզային գրադարանները: Յառաջիկային, արաբական գրականութեամբ կը կ’օժտուին նաեւ այլ գրադարաններ:

16 Մայիսի 2024 -ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ «Արեւմտահայ գրականութեան ամիս» ծրագրի ծիրէն ներս «Կախարդական սփռոց» խորագրով ներկայացուած է արաբական եւ սուրիական խոհանոցը: Ձեռնարկին մասնակցած են Երեւանի «Վարդանանց ասպետներ» թիւ 106 դպրոցի տնօրէն Մարինէ Վարդանեանը, մանկավարժներն ու աշակերտները:

Պարգեւատումներ

Գրադարանը պարգեւատրուած է շնորհակալագիրերով, պատուոյ գիրերով եւ մետալներով:

11 հոկտեմբեր 2019-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարության կողմէ շնորհակալագիր ստացած է՝ «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» ծրագրին գծով կատարած ուշագրաւ ձեռնարկներուն, ինչպես նաեւ՝ մշակութային ժառանգութեան ժողովրդականացման մարզին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար:

Ծանօթագրութիւն

Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը կը տանի նաեւ հրատարակչական աշխատանքներ 1963-էն ի վեր: Մինչ այսօր, հրատարակուած է աւելի քան 500 անուն մասնագիտական գրականութիւն՝ մեթոտական ձեռնարկներ, տեղեկատու-յանձնարարական ցանկեր, մատենագիտութիւններ, հայ դասական եւ ժամանակակից մանկագիրներու եւ երգահաններու կենսամատենագիտութիւններ, «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը, ալպոմներ, ամսագրեր, հայ մանկապատանեկան տպագիր գիրքի եւ մամուլի մատենագիտական ցանկեր եւ այլն։

2004-ին միացած է Հայաստանի գրադարանային միացեալ ինքնաշխատացման (automation) ցանցի ձեւաւորման աշխատանքներուն: «Aleph» ծրագրով կը կատարուի հայատառ եւ ռուսատառ գրականութեան մուտքագրում, իսկ 2014-ին ստեղծուած ելեկտրոնային տուեալներու շտեմարանը կ’օգտագործուի ընթերցողներու սպասարկումը արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով: https://natchildlib.org/hy/patmutyun/

Գրադարանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն է կրթութեան ոլորտին մէջ արուեստական բանականութեան մուտքը, որուն մասին տնօրէն Ռուզան Տոնոյեան կ’ընդգծէ.-«Մենք կ’ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր արուեստական բանականութիւնը կը փոխէ ապրելու, աշխատելու, նոր գիտելիք ձեռքբերելու եւ կրթութիւն ստանալու ձեւերը: Արուեստական բանականութիւնը երթալով աւելի մեծ տարածում կը գտնէ կրթութեան ոլորտին մէջ, քանի որ ուսուցումը եւ կրթությունը բարելաւելու համար բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններ կ’օգտագործեն անոր ծառայութիւնները: Արուեստական բանականութիւնը մեր գրադարանի ծառայութիւններէն օգտուողներու համար դարձած է անհրաժեշտութիւն՝ հմտութիւն մը, զոր անոնք պէտք է ունենան: Արուեստական բանականութեան շատ գործիքներ կան, սակայն պէտք է որոշել անոնց օգտակարութիւնը կրթութեան մէջ:
Գրադարանավարներուն համար կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, թէ ինչպէս պէտք է գնահատել տեղեկութիւնը վերլուծելու եւ զայ օգտագործելու նոր եղանակներ գտնելու կարողութիւնը: Կը կարծեմ, որ այդ է մեր մարտահրաւէրը:

Շաքէ Մանկասարեան

24 նոյեմբեր 2024

«Համբոներ» ու «Գիքորներ»՝ ազգային ինքնախաբէութեան մեծ հերոսներ

Յիրաւի, Յովհաննէս Թումանեանը հայ ազգի մեծագոյն պատկերագիրներէն է: Անոր իւրաքանչիւր հեքիաթն ու պատմուածքը հայ ժողովուրդին պատկերն է: Այդ պատկերներուն մէջ կ’արտացոլուին թէ՛ ժողովուրդին մեծութիւնն ու իմաստութիւնը, բարութիւնն ու մեծահոգութիւնը, տառապանքն ու չարչարանքները, թէ՛ ալ անմտութիւնը, խեղճութիւնը, չարութիւնը, տգիտութիւնն ու միամտութիւնը: Թումանեանի գործերէն ամէն մէկը կրնայ առանձին դաս մը դառնալ բոլորիս համար, դժբախտաբար մենք տակաւին չենք կարողանար հասկնալ Թումանեանի իրական մեծութիւնը:

Մեր նախկին յօդուածներէն մէկուն մէջ, մենք քննարկած ենք անոր «Քաջ Նազարը», այսօր կ’ուզենք ուշադրութիւն դարձնել ոչ պակաս ծանօթ այլ գործի մը՝ «Գիքոր»ին: Պատմուածքը կը խօսի այն մասին, թէ ինչպէ՞ս խեղճ եւ միամիտ գիւղացի Համբոն իր փոքրիկ որդին` Գիքորը կը տանի քաղաք եւ հինգ տարիով անվճար ծառայութեան կը մտցնէ վաճառականի մը՝ Բազազ Արտեմի մօտ՝ այն յոյսով, որ իր որդին քաղաքին մէջ աչքը բաց կը դառնայ, ճարպկութիւն կը սորվի, թացն ու չորը կը տարբերէ իրարմէ, կարճ խօսքով «մարդ կը դառնայ»: Համբոն իր որդիին վերջին խրատը կու տայ, որ «հացի կտորտանքն ու քարթուն կը տան, կերակուրի թերմացքը կը տան, շատ անգամ էլ իրենք կ’ուտեն, քեզ տալ չեն, բան չկայ, ծառայի կարգն է դա․․․ Օրեր են, կը մթնեն, անց կը կենան․․․»: Բազազ Արտեմը ուրախ է, որ հինգ տարիով մանկահասակ ստրուկ մը ձեռք ձգած է, որուն կրնայ անվերջ աշխատցնել, ծեծել ու նուաստացնել եւ շատ անգամ՝ չկերակրել: Գիքորը, որ մաքուր եւ պարզամիտ երեխայ մըն է, կ’իյնայ հրէշի մը ձեռքը, որ կը քամէ երեխան մինչեւ վերջ: Իր «ծառայութեան» ընթացքին Գիքորը նաեւ լուր կը ստանայ, որ իրենց միակ կովը սատկած է, իր մայրն ու քոյրերը հագնելու հագուստ եւ ուտելու հաց չունին: Անվերջ ծեծուելու, անօթի ու մսած մնալու, մշտապէս նուաստանալու հետեւանքը շատ դառն կ’ըլլայ: Փխրուն Գիքորը կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ քաղաքային հիւանդանոցին մէջ, իսկ հայրը միայն զաւակին հագուստը կը տանի գիւղ, ուր ընտանիքի անդամները կը սպասեն իրենց հարազատին:

Արտաքուստ այս պատմուածքը ընդամէնը նկարագրութիւն մըն է այն հազարաւոր դէպքերուն, որոնք կը պատահէին այդ թուականներուն: Կարգ ու օրէնք արհամարհող վաճառականները եւ հարուստները մշտապէս կը շահագործէին աղքատներն ու խեղճերը եւ յաճախ ոչ մէկ ղրուշ կը վճարէին (բայց արդեօ՞ք միայն այն ատեն): Ու Գիքորին մասին պատմուածքն ալ առանձնապէս իւրայատուկ չի թուիր: Իւրայատուկ ի՞նչ բան կայ ընդհանուր պատմութեան մէջ: Ամբողջ ազգեր սուրէ կ’անցնէին ու ամբողջ ժողովուրդներ կը հեծէին սովի եւ տգիտութեան մէջ, Գիքորը ինչո՞վ առանձնայատուկ էր:

Իսկ առանձնայատկութիւնն այն է, որ Համբոն եւ Գիքորը պարզապէս գիւղական չարքաշ կեանքի մէկ այլ արտացոլանքը չեն, այլ ամբողջ ազգի մը խեղճութեան ու միամտութեան ոսկեայ պատկերը: Համբոն լաւ երազանքներով իր զաւակը ստրկութեան կու տայ եւ կը զոհէ զայն՝ վառ ապագայի յոյսով՝ առանց գիտնալու, որ իր զաւակը սատանային քով բերած է, ոչ թէ աստծոյ, եւ իր որդին իր չարքաշ աշխատանքով ոչ թէ լաւ կեանքի կրնար հասնիլ, այլ միայն՝ մահուան: Համբոն չէր գիտեր այդ բոլորը: Գիքորն ալ չէր գիտեր: Միայն մօր սիրտը կը վկայէր այն մօտալուտ աղէտին մասին, որ ի վերջոյ տեղի ունեցաւ:

Ճակատագրի հեգնանքը այն է, որ եթէ Թումանեան այս պատմուածքով կը զգուշացնէր, խորհուրդ կու տար, ցոյց կու տար, թէ ի՞նչ կը պատահի խեղճութեան եւ տգիտութեան պարագային, ապա մենք՝ ժամանակակից «գերգրագէտեներու» հասարակութիւնը, ամբողջովին անընկալունակ է, թէ ի՞նչ կը կատարուի իր շուրջը ու ինքը ինչպէ՞ս կ’արձագանգէ այդ բոլորին: Այնպէս ինչպէս Համբոն միամիտ հրճուանքով ու պարզամտութեամբ իր զաւակը կը տանէր դէպի կործանում՝ յուսալով, որ լաւ մարդ ըլլալն ու ազնուութիւնը ինչ որ արժէք մը ունին, նոյն ձեւով ալ մենք կը շարունակենք Համբոյին գործը՝ ամէն անգամ մեր ապագան աշխարհի ամենատարբեր «Բազազ Արտեմներուն» վստահելով ու յանձնելով զայն, այն յոյսով, որ օր մը լաւ պիտի ըլլայ: Ու այդ բազազները չեն զլանար մինչեւ վերջ քամելու պայմանական Գիքորը ու մէկ կողմ շպրտելու զինք, իսկ մեզի կը մնան հերթական յուսախաբութիւնն ու լացը: Բայց քանի որ այժմ շահագործող անխիղճ վաճառականութիւնը ոչ թէ կոպիտ խաբեբայ Արտեմի տեսքով հանդէս կու գայ, այլ ՄԱԿ, ԵԱՀԿ, Միջազգային իրաւունք, հայ-ռուսական բարեկամական դաշինք, հայ-եւրոպական երկխօսութիւն անուններով, ապա մեր ժամանակակից Համբոները իրենք զիրենք այնքան ալ պատասխանատու չեն զգար իրենց Գիքորներուն համար: Ու կը շարունակեն զոհել Գիքորը՝ զայն անվարձահատոյց յանձնելով ռուսական, եւրոպական, ամերիկեան բազազներին` այն յոյսով, որ օր մը մեր Գիքորը ետ կու գայ մարդ դարձած, այս պարագային, որ մեր յոյսը կ’արդարանայ, որ ուժն ու հարստութիւնը կու գան Հայաստան, որ մեր խնդիրները կը լուծուին եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն: Գիքորը Համբոյի յոյսն էր, ապագան, ընտանիքը խեղճութեան ցեխէն դուրս հանելու միակ ուժը: Եւ այդ յոյսը մեռաւ անտէրութեան ու սովի, ցուրտի ու մերկութեան մէջ: Նոյնը մենք ենք հիմա: Մենք ոչ մէկ բանով չենք տարբերիր Համբոյէն: Չուխայի փոխարէն բաճկոն հագած, տրեխներու ու ցուպի փոխարէն ինքնաթիռներով եւ էլեկտրական ինքնաշարժներով կը տեղափոխուինք տարբեր բազազների մօտ ու իբրեւ թէ լրջօրէն ինչ որ հարցեր կը քննարկենք: Մեր ժամանակակից բազազները այլեւս չեն հայհոյեր ու չեն ծեծեր, անոնք քաղաքավար կը ժպտան, կը սեղմեն մեր ձեռքը ու օր մըն ալ մեծ քաղաքավարութեամբ կը յայտնեն, որ․․․օրինակ «Արցախը Ատրպէյճանական գերիշխանութիւն ունեցող տարածք է» եւ անթիւ ու անհամար նման դէպքեր:

Մեր համբոները ամէն պարագայի չեն զգաստանար: Աշխարհայեացքները փոքր՝ մրջիւնի նման, միայն փոքր բաները կը տեսնեն, մեծ բաները անտեսանելի են: Աշխարհի մասին անոնց պատկերացումները համբոյանման են՝ միամիտ ու գիւղական, հայրենասիրութիւնը՝ խեղճ գիւղական՝ գաւաթ մը գինիի ու խորովածի, մտահորիզոնը արտէն ու դաշտէն անդին չանցնող:  Պատկերացումները Հայաստանի մասին նոյն խեղճ գիւղական պատկերացումներն են՝ փոքր, մանր-մունր մեքենայութիւններ, վէճեր, թէ ո՞վ ու ի՞նչ հայհոյեց, եւ վերջ: Դիւանագիտութիւնը՝  նոյն մանր ու չնչին պատկերացնումներով, երգ ու բանաստեղծութիւնը՝ քարի, դաշտի ու թուփի գովասանքէն անդին չանցնող: Մեծ ու պետական լրջութիւն գոյութիւն չունի, խորաթափանց ու լուրջ միտք չկայ, կայ միայն Համբոյի չտեսութիւնն ու խեղճութիւնը, Գիքորի հիացումը ամէն տեսակ փայլփլուն մանրուքներու նկատմամբ ու արդէն ծինային յիշողութիւն-խրատը, որ «երբեմն իրենց ուտելիքի թերմացքը կը տան, շատ ժամանակ դա էլ չեն տայ, ոչինչ, ԾԱՌԱՅԻ կարգն էդպէս է, օրէր են կը մթնեն անց կը կենան»: Ու նոյնիքն այդ թերմացքներով ալ կ’ապրինք, կը սպասենք, թէ ո՞վ, ե՞րբ, ի՞նչ կ’ողորմի մեզի, եթէ ոչինչ տան ալ, ոչի՜նչ, կը դիմանանք, մենք հին ժողովուրդ ենք, քարէն հաց քամող, հացին տեղ քար ծամող, այդ քարով մեր ատամները փշրող․․․առանց հասկնալու, որ քարէն հաց քամելը ոչ միայն ուժի պատկեր է, այլեւ անհնարաւոր: Քարէն հաց կը քամեն այն ատեն, երբ հող չունիս, գոյութիւն չունի, խլած են: Ու փոխանակ այդ հողը ապահովելու, մենք նոր քարեր կը ծաղկեցնենք տառապանքով կտոր մը հաց գտնելու յոյսով: Յար եւ նման Գիքորին՝ խեղճութեամբ հպարտացող, տառապանքին յենած:

Համբոն չի կրնար պետական լրջութիւն ունենալ: Համբոն խեղճութեան ու միամտութեան, անուժ կերպար մըն է, նոյնը եւ Գիքորը, որ զոհ կը դառնայ իր հօր յիմարութեան: Հայաստանի ապագան արդէն շատ անգամ զոհ գացած է հերթական համբոներու յիմարութեան, որ ժողովուրդին ապագան ու յոյսը նուիրած է տարատեսակ բազազ Արտեմներու ու դիմացը ոչինչ չէ ստացած, բացի սուտ խոստումներէ: Այնպէս ինչպէս Գիքորին «վաստակը» եղաւ ուրիշներու կողմէ աղբամանը նետուած բուռ մը փայլփլուն անպիտան կոճակներ, այնպէս ալ մենք արդէն երկար ժամանակ է ի վեր, ագահաբար կը հաւաքենք մեզի բաժին ինկած փայլփլուն մանրուքները՝ տարբեր փաստաթուղթեր, դիւանագիտական ժպիտներ, մարդասիրական կոչեր ու հպարտ ենք այդ ամէնով: Մենք զմեզ ամոքուած կը զգանք, երբ Ալիեւի հասցէին սուր բառ կը լսենք: Այդ է կործանած Արցախի ու անոր բռնագաղթուած ժողովուրդին տառապանքին դիմաց ստացուած փոխհատուցումը: Ալիեւը կը համարեն ֆաշիսթ, ինչպիսի մեծ մխիթարանք մեր Համբոյին համար, որ «դիւանագիտական յաղթանակ» տարաւ իր զաւակը մորթած բազազին հանդէպ: Մեր ուղեղներուն մէջ նստած Համբոն նոյնիսկ արցախեան յաղթանակը նուիրեց բազազներուն՝ դիմացը Արցախի մահացած մարմինը ստանալով 2020-ին, որ եւ յուղարկաւորեց 2023-ին: Անկախութենէն ի վեր, մեր համբոները անվերջ փայլփլուն կոճակ-խոստումներ կը հաւաքեն ամբողջ աշխարհէն: Ոչ մէկ բան իրականութիւն դարձած է, ներքին գիտա-մշակութա-մտաւորականութիւնը հաւասար դարձած է «վաստակաւորի» անիմաստ առուծախին, տիրած է ազգային խեղճութիւն ու թշուառութիւն: Քանի դեռ տասնեակ տարիներով հին ընկերներն ու թշնամիները ամենատարբեր հարցեր կը լուծէին իրարու հետ, մեր համբոները նոր բաճկոն-չուխաներ կարել կու տային, կ’ուրախանյին նոր տրեխներուն համար ու քաղաքական ողորմութիւն կը խնդրէին ու կը խնդրեն աշխարհով մէկ, գիքորներն ալ ագահ-ագահ փայլուն կոճակ կը հաւաքէին ու կը հաւաքեն՝ կաշառքներ, վկայականներ, կոչումներ, խոստումներ, կոչեր, անգրագէտ ու անմակարդակ երգ-գրականութիւն-ֆիլմաշարեր թխելով ու խեղճութիւնը, ինքնախաբէութիւնը ազգային դրուածք դարձնելով:

Եթէ չես գիտեր ինչ ըսել, ապա այս է ճշմարտութիւնը:

Մենք պարտութիւն կրած ենք: Հազար անգամ պարտուած: Նոյնիսկ յաղթելու պարագային՝ պարտուած: Համբոյին պէս մաշեցուցած ենք երկիրը, մեր ապագան Գիքորին նման բուռ-բուռ վաճառած ենք՝ տնտեսութիւնն ու գիտութիւնը զերոյի վերածելով, արդիւնաբերական կարողականութիւնը փոխարինած ենք կաղ գիւղատնտեսութեամբ ու տաք եղանակները ժամանելուն պէս կը սպասենք, որ զբօսաշրջիկներ գան ու բուռ մը փայլուն կոճակ փախցնենք անոնցմէ, ուրախանանք յիմար ագահի ընչաքաղցութեամբ` բաւարարելու մեր մեկուսի երջանկութեան դաւանանքը:

Ի՜նչ էինք, ինչ եղանք:

Համբոն Գիքորին քաղաք չէ, դժոխք կը տանէր: Ամէն օր, ամէն օր․․․․արդէն երկար ու ձիգ տասնամեակներէ ի վեր:  

Ծանօթանանք Երեւանի «խնկո Ապոր» անուան ազգային մանկական օրինակելի գրադարանին (Ա. մաս)

Գրադարանները կը մնան ոչ միայն ընթերցանութեան վայր, այլեւ ձեռնարկներ կատարելու, մշակոյթ տարածելու ու զարգացնելու տարածք՝ համագործակցելով դպրոցներու հետ:  Ի շարս նորարարական ձեւաչափերով ստեղծուած համացանցային հարթակներուն, գրադարանի դերը զօրացնելը անհրաժեշտութիւն է՝ ներկայացնելով տարբեր բովանդակութեամբ գիրքեր, որոնք կը նպաստեն ընթերցանութեան խթանումին, երեխաներու ինքնաճանաչողութեան եւ ինքնարտայայտութեան դրսեւորումներուն:

Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէնը Ռուզան Տոնոյեանն է:  

Երեւանի խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը[1]:

Գրադարանային աշխոյժ միջավայրերէն մին է Երեւանի Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը, ուր սրահները լեցուն են գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի շունչով: Հոս կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ զանգուածային միջոցառումներ՝ ինչպէս «Տարուայ յոբելեար»-ը[2], «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր»[3], հանդիպումներ, երաժշտական ցերեկոյթներ, գիրքի շնորհահանդէսներ, վէպի քննարկումներ, բանաստեղծութեան  ժամեր, մրցոյթներ, հանդիսութիւններ եւ տօնակատարութիւններ, տօնավաճառներ, գարնանային եւ ամառային ճամբարներ, որոնք ունին եզակի հնարաւորութիւն, օրինակ՝ ամառը անցնել  գիրքերու աշխարհին մէջ` հետաքրքրական, ուրախ, ուսուցանող, ստեղծագործական միջավայրի մէջ:

Կը կազմակերպուին համակարգչային գրագիտութեան դասընթացներ, գրադարաններու նորարարական կառավարման մեթոտները  (Strengthening Innovative Library Leaders-(SILL) թեմայով գրադարանավարներու վերապատրաստութեան դասընթացներ:  

Գրադարանին առաքելութեան մաս կը կազմէ գրադարանագիտական, տեղեկատու-մատենագիտական, մեթոտական, մշակութային եւ կրթադաստիարակչական գործունէութիւն մը հետեւեալ մանրամասնութեամբ.-

  • Սպասարկման սրահներու (ըստ տարիքային եւ բաժիններու շերտաւորման) եւ գիտական բաժիններու միջոցով:
  • Գրադարանի ընթերցասրահը՝100 տեղով, կը սպասարկէ տարիքային տարբեր խումբերու:
  • Գրադարանը ունի գիրքի անկիւններ-բաժիններ: 2019-ի տարեվերջին գրադարանի գերմանական, իրանական եւ չինական անկիւններուն կողքին աւելացաւ եւս մէկը՝ արաբական բաժինը: Գրադարանին պատրաստած կարճ տեսանիւթով կը ներկայացուի արաբական անկիւնի բաժինի ստեղծման պատմութիւնը[4]։
  • Գրադարանը ունի օտար լեզուներու սրահներ, Երաժշտութիւն ունկնդրելու, հեքիաթի եւ  ազատ ժամանցի:
  • Գրադարանը ունի ընթերցասրահներ: 2006-էն ի վերmգրադարանին մէջ կը գործէ «Իրանական ընթերցասրահ»-ը Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան եւ Իրանի մշակոյթի զարգացման մանկական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ: Գրադարանին մէջ կը գործէ «Գերմանական ընթերցասրահ»-ը՝ գերմանալեզու հարուստ հաւաքածոյով[5]:

«Գարնանային ճամբար» ծրագիրը 2022 եւ 2023 թուականներուն իրականացուած է Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի նախաձեռնութեամբ եւ   «Իպպի Արմենիա» (IBBY Armenia) [6] մշակութային NGO-ի համագործակցութեամբ:

  • Ճամբարի նպատակն է 6-13 տարեկան երեխաներուն աւելի մօտեցնել գիրքին եւ ընթերցանութեան եւ ապահովել երեխաներու բազմակողմանի գիտելիքներու ձեռքբերումը երկշաբաթեայ գարնանային արձակուրդներու ընթացքին: Օրինակ՝ երեխաները սորված են նաեւ հայկական եւ ռուսական ժողովրդական պարեր` ղեկավարութեամբ «Գոհար» պարային համոյթի ղեկավար Գ. Մարտիրոսեանի, 29 մարտ 2022-ին:

 «Ամառային ճամբար» 2022, 2023 եւ 2024 տարիներուն

«Ամառային ճամբար»-ը կը գործէ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ՝  երկուշաբթի-ուրբաթ, ժամը` 10:00-17:00:  Ծրագիրը նախատեսուած է  6-12 տարեկան երեխաներու համար: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ ժամանցային դասընթացքներ, ճանաչողական այցելութիւններ եւ զբօսապտոյներ տարբեր մշակութային կեդրոններ:

  • 3 յունիս 2024-էն ասդին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի յարկին տակ ամառային ճամբարը իր շուրջ համախմբած է հայ մանուկներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէն: 2024-ին, մայրաքաղաքէն ու մարզերէն ժամանած 6-12 տարեկան երեխաներուն միացած են Հայաստանի մէջ ամռան արձակուրդ անցնելու եկած երեխաներ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն եւ Սպանիայէն:
  • Ամռան երեք ամիսներու ընթացքին գրադարանային ճամբարին միացած են շուրջ 90 երեխայ, իսկ յաճախումներու թիւը կազմած է շուրջ 500:
  • 17 յուլիս 2024 -ին, նշեալ գրադարանը հիւրընկալած է «Համազգային համահայկական ուսանողական հաւաքի մասնակիցներէն Տօնիկ Տոնապետեան եւ Կիպրոսի «Սիփան» պարախումբին ղեկավար Գոգօ Քէլէշեանը, որոնք հայկական պարեր սորվեցուցած են Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն ժամանած ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն:

Գիրքի ճամբար մարզերու երեխաներու համար

«IBBY Արմենիա» մշակութային NGO-ի նախաձեռնութեամբ, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի հետ համագործակցութեամբ, ինպէս նաեւ (IBBY Yamada) հիմնադրամի եւ Հայաստանի Մշակութային Հիմնադրամի աջակցութեամբ մեկնարկած է  «Գիրքի ճամբար մարզերու երեխաներու համար»:

  • Ծրագրին նպատակն է նպաստել 1) մանկապատանեկան ընթերցանութեան մշակոյթի համաչափ զարգացման Հայաստանի տարածքին, մասնաւորապէս սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, 2) Նպաստել, որ գիրքը դառնայ մանկապատանեկան կրթամշակութային դաստիարակութեան, մտաւոր զարգացման, ինչպէս նաեւ ամառային հանգիստի բովանդակալից միջոց մը, 3) նպաստել ընթերցելու մշակոյթի զարգացման եւ գիրք-ընթերցող կապի սերտացման:

Գրադարանին մէջ կը գործեն նաեւ թատերական, նկարչական եւ պարի խմբակներ

  • Մարտ 2024-ին, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ կը գործէ նաեւ պարի խմբակ  մը, 6-էն 18 տարեկաններու համար, սորվելու ՝ հայկական ժողովրդական պարեր, տարբեր ազգերու պարեր, ժամանակակից պարեր: Պարապմունքներու տեւողութիւնը` 1 ժամ, շաբաթական՝ 2 դասաժամ:

  • Ինչպէս գիտենք, ամբողջ աշխարհը ապրիլ 29-ին, կը տօնէ Պարի միջազգային օրը, որ նուիրուած է պարի բոլոր ոճերուն, նախաձեռնութեամբ՝ ԻՒՆԵՍՔՈ-ի Պարի միջազգային խորհուրդին (1982)։ 
  • 29 ապրիլի 2022-ին, նշեալ գրադարանին մէջ տեղի ունեցած էր երաժշտական ցերեկոյթ՝ նուիրուած Պարի միջազգային օրուան: Ցերեկոյթին ներկայացուած էր շարք մը ազգագրական երգեր ու պարեր, այդ թուով՝ «Մշոյ սարեր», «Ապարան», «Փափուռի», «Ծաղկաձորի», «Քոչարի», «Թամզարա» եւ «Եարխուշտա»:

Գրադարանին բոլոր սրահներուն մէջ տարբեր տարիքի ընթերցողներուն համար կը կազմակերպուին օրուայ խորհուրդին համահունչ բազմաբնոյթ, հետաքրքրական կրթամշակութային միջոցառումներ. –

  • Տիկնիկային ներկայացում, («Հեքիաթ»-ի սրահին մէջ գրադարանի տիկնիկային թատրոնը եւրոպական հեքիաթի հիման վրայ կը բեմադրէ ներկայացումը):
  • Գերմաներէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, դանիական մանկապատանեկան պատմուածքներու ընթերցում եւ քննարկում, ՄԱԿ-ի եւ ԻՒՆԵՍՔՈ-ի գործունէութեան մասին:  
  • Նկարչական ցուցահանդէս (ուր աշակերտներու աշխատանքներուն մէջ կը ներկայացուին պատկերացումները եւրոպական մշակոյթն ու արուեստը, որոնք կ՛արտացոլեն հեղինակներու ստեղծագործական երեւակայութիւնն ու հմտութիւնները):
  • հեքիաթներու բարձրաձայն ընթերցանութիւն:
  • բաց դաս (կը ցուցադրուին եւրոպական գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի մասին պատմող տեսանիւթեր, եւրոպական մշակութային ժառանգութիւնն ու անոր պահպանման կարեւորութիւնը):
  • Երաժշտական վիքթորինա՝ գրադարանի ձայնադարանէն կը հնչեն Պեթհովէնի, Շթրաուսի, Մոցարթի ու Վիվալտիի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, այնուհետեւ մասնակից Երեւանի դպրոցի աշակերտները կը գուշակեն ստեղծագործութիւններու հեղինակները, ապա կը ծանօթանան երգահանի  կենսագրութիւններուն եւ գործունէութեանը:

 «Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ճամբար» նախագիծը մտայղացողն ու կազմակերպողը եւ նախաձեռնողը  Խնկո Ապոր մանկական գրադարանն է:  

  • Ան կ՛իրականացուի Եւրոպայի խորհուրդի «Եւրոպական ժառանգութեան պատմութիւններ» ծրագրին մէջ գրադարանի մրցանակի արժանացած «Հեքիաթի դեսպաններ»[7] հեղինակային նախագիծի ծիրէն ներս:
  • Նշեալ ճամբարի երեք օրերու ընթացքին տեղի կ՛ունենան նկարչութեան վարպետութեան դասեր, հեքիաթապատումներ, քննարկումներ:
  • Գրադարանի նախաձեռնութեամբ «Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ճամբար» ծրագիրը տեղի կ՛ունենայ մարզերու երեխաներու եւ պատանիներու համար. Ինչպէս Լոռիի մարզի Սպիտակի քաղաքային գրադարանին մէջ, Հրազդանի համայնքային գրադարան, Սիւնիքի մարզային ու համայնքային գրադարաններ, Տավուշի մարզի Աչաջուր բնակավայրի մշակոյթի տան մէջ, որ իր շուրջ կը համախմբէ գիւղի ընթերցասէր եւ արուեստասէր երեխաները:

Գրադարանավարի վերապատրաստութեան դասընթացք

 Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը կ՛իրականացնէ «Վարպետաց դասեր» խորագրով «Գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացք» ծրագիրը:  Դասընթացներուն մասնակցած են Արարատի, Արմավիրի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Լոռու, Շիրակի, Տավուշի, Կոտայքի և Վայոց ձորի մարզային եւ համայնքային գրադարաններու 50 աշխատակիցներ:

  • Ամենամեայ ծրագրին նպատակն է ապահովել շարունակական կրթութիւնը գրադարանային ոլորտին մէջ, նպաստել գրադարանավարներու մասնագիտական աճին եւ կարողութիւններու զարգացման:
  • Ծրագիրը միտուած է նաեւ ամրապնդելու գործընկերային կապերը, նպաստելու համագործակցութեան զարգացման մարզային ու համայնքային գրադարաններու միջեւ: Դասընթացքի օրակարգը կ՛ընդգրկէ՝ գաղափարներու մշակում, փորձի փոխանակում, կառավարչական կարողութիւններու եւ հմտութիւններու զարգացում:
  • Եռօրեայ դասընթացքներուն ընթացքին Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական, Ամերիկեան համալսարանի Փափազեան, Աւ. Իսահակեանի անուան քաղաքային, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ գրադարաններու փորձառու գրադարանավարներն ու ոլորտի մասնագէտները մասնակիցներուն կը ներկայացնեն գրադարանային գործի գործառոյթներու նոր գիտելիքներ, մեթոտներ, հմտութիւններ, ոլորտային մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղուած արդի մօտեցումներ:
  • Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան քանի մը փուլերով (2 փուլ, 4 փուլ), իւրաքանչյուրը երկօրեայ յագեցած ծրագիրով: Տեսական եւ գործնական երկօրեայ հանդիպումներու ձեւաչափը կ՛ընթանայ առցանց եւ առկայ եղանակներով:

Մեթոտներու կիրառման գործին մէջ առաջնակարգ կը համարուին գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութեան ձեւաւորման, քննական մտածողութեան, նիւթի շուրջ երկխօսելու ու միտքեր փոխանակելու ունակութեան զարգացմանն ուղղուած քայլերը:  

Նաեւ իւրաքանչիւր տարիքային խումբի համար կիրառելի մեթոտներէն են՝ թատերականացուած բեմադրութիւններու ու պատկերազարդումներու ազդեցութիւնը երեխայի մտաւոր եւ յուզական ներաշխարհին վրայ, ուր  գրական ստեղծագործութիւններու հերոսները տարբեր իրավիճակներու մէջ  ուղիներ  գտած են  յաղթահարելու դժուարութիւններն ու խնդիրները:

«Գրադարաններու նորարարական կառավարման մեթոտները» վերապատրաստման դասընթացք

Նշենք, որ «Հայկական գրադարանային ընկերութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը (Mortenson Center The University of Illinois Library) Միացեալ Նահանգներու Իլինոյի համալսարանի Մորթենսըն միջազգային գրադարանային ծրագրերու կեդրոնին հետ համատեղ՝ 2016-ի հոկտեմբեր 17-28 կազմակերպած է «Գրադարաններու նորարարական կառավարման մեթոտները» (Strengthening Innovative Library Leaders-(SILL) թեմայով գրադարանավարներու վերապատրաստութեան դասընթացքներ:

Դասընթացքներու շարքին կարեւոր է նշել, որ 1991-ին գրադարանի համակարգչային բաժինը Հայաստանի մէջ առաջինն է, որ կազմակերպած է համակարգչային գրագիտութեան դասընթացքներ:

«Երեխան ընթերցող դառնալու իրաւունքի պաշտպանները» խորագրով վերապատրաստութեան դասընթացք:

  • Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով, 4-6 հոկտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցած է «Երեխան ընթերցող դառնալու իրաւունքի պաշտպանները» խորագրով վերապատրաստութեան դասընթացքը, զոր վարած է Իրանի Մանկապատանեկան գրականութեան հետազօտական հիմնարկի տնօրէն, հետազօտող-դասախոս, «IBBY Asahi reading promotion award»-ի մրցանակակիր, ոլորտի հեղինակաւոր եւ փորձառու մասնագէտ Զոհրէ Ղայենին:

Դասընթացքներու աւարտին բոլոր մասնակիցները վկայականներ կը ստանան:

7 հոկտեմբերի 2024-ին, Գրադարանավարի օրը, գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է «Լաւագոյն գրադարան» մրցոյթի պարգեւատրման արարողութիւնը։

Ծանօթագրութիւն

Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը հիմնադրուած է 1933-ին: 1935-էն ի վեր կը կրէ մանկագիր «Խնկո Ապոր» անունը: 1962-ին ստանալով պետական կարգավիճակ, դարձած է հանրապետութեան մանուկներն ու պատանիները սպասարկող մանկական եւ դպրոցական գրադարաններու մեթոտական կեդրոն մը:

  • Գրադարանի հաւաքածոն: Առ 1 յունուար 2024, կը կազմէ 544282 գիրք, պարբերական մամուլ, տեսալսողական նիւթեր, ելեկտրոնային տեղեկատւութեան ժամանակակից միջոցներ (հայերէն, ռուսերէն եւ 58 օտար լեզուով):
  • Տարուայ ընթացքին գրադարանը կը կազմակերպէ աւելի քան 100 կրթամշակութային միջոցառումներ:
  • 2004-ին միացած է Հայաստանի գրադարանային միացեալ (automated) ինքնաշխատացման ցանցի ձեւաւորման աշխատանքներուն. «Aleph» ծրագրով կը կատարուի հայատառ եւ ռուսատառ գրականութեան մուտքագրում, իսկ 2014-ին ստեղծուած ելեկտրոնային տուեալներու շտեմարանը ստեղծուած է ընթերցողներու սպասարկումը  արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով:

Շարունակելի…

[1] https://natchildlib.org/hy/patmutyun/

[2] «Տարուայ յոբելեար»-ը խորագրին տակ ներկայացուած է աշխարհահռչակ հայ խմբավար, երգահան Օհան Տուրեանի  (Յովհաննէս Խաչատուրեան) ծննդեան 100-ամեակը, սեպտեմբեր 2022-ին:

https://www.facebook.com/photo/?fbid=5407511239341729&set=pcb.5407516059341247

: Գ. Նարեկացիի ծննդեան 1070 ամեակը՝ 2021-ին, եւ այլք:

[3] Նշենք որ, անցնող տարիներուն ու ներկայիս  ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան համակարգումովը, Հայաստանի մէջ աւելի քան 20 տարի ի վեր տեղի կունենայ  «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս կ՛իրականացուի «Եւրոպական ժառանգութեան  պատմութիւններ» նախագիծը: Եւրոպական ժառանգութեան օրեր»-ը (European Heritage Days) https://www.europeanheritagedays.com/ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Եւրոպական մշակութային միութեան անդամ 50 եւրոպական երկիրներու մէջ, ներառեալ Հայաստան: 

[4]

[5]   1997-2011, Գերմանիոյ Կէօթէի անուան հիմնարկի հետ համագործակցութեան շնորհիւ

[6] International Board on Books for Young People. Non-profit organization

[7]  2023-ին, «Եւրոպական ժառանգութեան  պատմութիւններ» ծրագրին նաձաձեռնած մրցոյթին խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը ներկայացուցած էր «Հեքիաթի դեսպաններ» նախագիծը եւ 120 ներկայացուած դիմումներէն, յայտնուելով լաւագոյն 20-ին մէջ, հնարաւորութիւն ստացած էր մասնակցելու ծրագրի 2-րդ փուլին՝ դրամաշնորհային մրցոյթին, որուն 20 մասնակից երկիրներէն միայն 10-ը կարողացած էին իրենց ներկայացուցած ծրագիրով շահիլ մրցութային փուլը, եւ ընդգրկուիլ լաւագոյն տասնեակի երկիրներու շարքին՝ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Ուքրանիոյ, Գերմանիոյ, Լիթվիոյ, Անգլիոյ կողքին գտնուած Հայաստանը՝ Խնկո Ապոր գրադարանի ներկայացուցած «Հեքիաթի դեսպաններ» (the Fairy Tale Ambassadors Project) խորագիրը կրող գրադարանի հեղինակային նախագիծով:  (EuropeanHeritageDays Story winner 2023 As part of the initiatives of the Khnko Aper National Children’s Library to promote heritage preservation and cultural understanding, the Fairy Tale Ambassadors project invites people from different cultures to visit and tell a fairy tale in their native language to an audience of children. The project aims to bring people together and discover different cultures through storytellers from France, Italy, Spain and Germany and establish a lifelong love of heritage and a sense of community amongst participant),

https://www.facebook.com/photo/?fbid=681389060697064&set=pcb.681397140696256

Լիբանան եւ 1701, 1559 եւ 1680 որոշումները: Ծանօթանա՛նք:

«Տարբերակ21» հարթակի այսօրուայ podcast-ին հիւրն է Եղիա Թաշճեանը: Եղիան ներկայիս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Իսամ Ֆարեսի անուան հանրային քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին շրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի անձնակազմին աշխատանքները համակարգողն է: Ան public policy-ի մէջ մագիստրոսի (MA) վկայականը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Ան քաղաքական գիտութիւններու BA վկայականով շրջանաւարտ է Հայկազեան համալսարանէն:

Սփիւռք, Նորարարութիւն, Եկեղեցի

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը նախաձեռնած է երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու եզակի աշխատանքի մը, որուն նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ վերակազմաւորել, կենսունակ պահել ու ժամանակակից դարձնել Թեմը: Այս հեռատես ծրագիրը իրականացնելու առաքելութիւնը վստահուած է յայտնի ընկերաբան, սփիւռքագէտ եւ համալսարանի դասախօս Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին, որ ընթացիկ տարուայ Յուլիս 1-ին նշանակուեցաւ «Հաստատութենական նորարարութեան» (Institutional Innovation) տնօրէն: 

Այս եզակի նախաձեռնութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու նպատակով, «Տարբերակ21» դիմեց դոկտ. Չիլինկիրեանին եւ անոր հետ ունեցաւ հետագայ հարցազրոյցը:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Վ. Թ.

Հ. Նախ կը շնորհաւորենք նորարարական ծրագիրներու (Institutional Innovation) տնօրէն ձեր նշանակումը:  Ի՞նչ բան ներշնչեց ու ոգեւորեց ձեզ ստանձնելու նորարարական այս ծրագրին իրագործման պատասխանատուութիւնը:

Պ. Շնորհակալ եմ:  Նկատի առնելով որ երկար ժամանակ սփիւռքը ուսումնասիրած եմ եւ վերջին աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին գիտելիքներ կուտակած եւ փորձառութիւն ձեռք ձգած, ակադեմական ասպարէզիս մէջ հանգրուան մը հասած էի, ուր սկսայ մտածել թէ «կիրառական գիտութեան» կամ «կիրառական սփիւռքագիտութեան» ժամանակն է: Այսինքն՝ ինչպէս տարիներով կուտակուած գիտհետազօտական գիտելիքներս, լայնածաւալ ծանօթիւններս եւ փորձարութիւններս ի գործ դնել շօշափեըլի ներդրում եւ շինիչ ազդեցութիւն ունենալու սփիւռքեան կեանքին մէջ, իր բոլոր մարտահրաւէրներով, խնդիրներով, մտահոգութիւններով եւ յայտկապէս նախընտրելի ապագայի մը հեռանկարներով:

Վերջին տարիներուն յաճախ կը խօսուի սփիւռքի մէջ հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու բարեփոխումներու, վերանորոգումի եւ վերարժեւորումի մասին: Բացի ցանկութիւններէ եւ փոփոխութեան անհրաժեշտութեան յայտարարութիւններէ, շատ քիչ տեսանելի բան կատարուած է: Երբ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որուն հետ տարբեր ծրագիրներով երկար տարիներ աշխատած եմ, զիս հրաւիրեց որ Արեւմտեան թեմէն ներս երկարաժամկէտ հիմնարար նորութիւն մը մշակենք, մեր մտածումները զուգադիպեցան: Եւ այդ եղաւ առաջին քայլը: 

Տարիներ շարունակ ուսումնասիրելով սփիւռքը, յաճախ խօսած եմ հաստատութենական լուծումներու եւ երկարաժամկէտ քայլերու մասին, որոնք պէտք է ձեռնարկուին` մեր համայնքները կենսունակ պահելու համար: Յովնան Սրբազանը եւ թեմի ղեկավարութիւնը կարեւոր առաջին քայլը առին` ցանկութիւններէ եւ գաղափարներէ անցնելու իրականացուելիք նախագիծերու:

Իրօք՝ այս պաշտօնը իւրայատուկ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ աշխատելու թեմակալ առաջնորդ Յովնան Սրբազանի եւ ընդհանրապէս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մ. Նահանգներու արեւմտեան թեմի նուիրեալ ղեկավարութեան հետ: Բոլորիս նպատակն է թեմը կազմակերպել վերանորոգումի եւ եւ նորարարութեան ոգիով՝ միաժամանակ պահպանելով մեր հոգեւոր եւ մշակութային աւանդոյթները:

Հ: Որո՞նք են այս նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակները:

Պ: Մեր նպատակն է Արեւմտեան թեմը պահել կենսունակ հաստատութիւն մը, որ կրնայ յարմարիլ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն՝ շարունակելով ծառայել որպէս հոգեւոր եւ մշակութային յենարան մը արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան: Հաստատութենական նորարարութեան միջոցով մենք կը միտինք խորացնելու Քրիստոնէական հաւատքը, պահպանելու հայկական ժառանգութիւնը եւ ամրապնդելու հսկայ համայնքին ներգրաւուածութիւնը՝ զանոնք պահելով կենսունակ ու ոգեշնչող ապագայ սերունդներուն համար: Այսօր Լոս Անճելըսը յատկապէս եւ Գալիֆորնիան ընդհանրապէս Սփիւռքի կեդրոնացուած ամենահայաշատ գաղութն է:

Հ. Այս նախաձեռնութիւնը ինչպէ՞ս կը համապատասխանէ կամ համահունչ կ’ընթանայ արեւմտաեան թեմի առաքելութեան հետ:

Պ: Հիմնականօրէն այս նախաձեռնութիւնը անմիջական արձագանգն է թեմին վերջերս մշակուած վերանորոգ առաքելութեան՝ խթանելու եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր սնուցումը եւ մշակոյթի եւ ինքնութեան կենսունակութիւնը այսօրուայ շատ արագ փոխուող աշխարհին մէջ՝ պատրաստելով յաջորդ սերունդի կարիքներուն:

Հ. Որո՞նք են հաստատութենական նորարարութեան ռազմավարութեան հիմնական բաղադրիչները եւ ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ ինքնագնահատման գործընթացը:

Պ. Ռազմավարութիւնը հիմնական երկու բաղադրիչ ունի: Առաջինը՝ հաստատութենական ինքնագնահատումն է, որ կը միտի վերագնահատելու եւ բարելաւելու թեմական եւ ծխական մակարդակի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վարչական ու կազմակերպչական գործընթացները: Թեմական կառոյցէն ներս այս գործընթացը սկսաւ անցեալ սեպտեմբերին, առաջնորդարանի անձնակազմի շաբաթական քննարկումներով՝ գործառնութիւնները վերլուծելու նպատակով: Յաջորդ հանգրուանը կը ներառէ նմանօրինակ գնահատումներ ծխական մակարդակով՝ ուժերը բացայայտելու, մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ բոլոր մակարդակներու վրայ թեմէն ներս համագործակցութիւնը խթանելու: Երկրորդ բաղադրիչը նոր բաժանմունքի մը ստեղծումն է, որուն նպատակն է նորարարական ծրագիրներ մշակել, նորարարական բովանդակութիւն ստեղծել, որոնք կը կամրջեն քրիստոնէական հաւատքն ու հայ մշակոյթը՝ ապահովելով անոնց կենսունակութիւնն ու այժմէականութիւնը:

Հ. Տեսլականի նախագիծը ինչպէ՞ս կը բանաձեւէ այս նախաձեռնութիւնը, եւ ի՞նչ է անոր ապագայակերտ լծակները:

Պ. Առաքելութեան եւ Տեսլականի (Mission & Vision Statement) նախագիծը, որ ծրագրային վերջնական ձեւ ստացաւ աւելի քան 400 թեմական, հոգեւորական եւ ծխական ղեկավարներու խորհրդակցութեամբ, կը ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց՝ «ճանապարհային քարտէզ» թեմին յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներուն: Անիկա կը սահմանէ տեսիլքը, ռազմավարութիւնն ու արժէքները, որոնք կը ղեկավարեն նախաձեռնութիւնը: Ծրագիրը ունի հեռանկարային ռազմավարութիւն մը՝ վերաիմաստաւորելու, թէ ինչպէս կ’օգտագործուին մարդոյժի տաղանդը, փորձառութիւնը եւ առկայ միջոցները առաւելագոյն արդիւնք ձեռք բերելու համար: Այս ընթացքը կը պահանջէ ժամանակակից ռազմավարութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու որդեգրումը՝ միաժամանակ պահպանելով համայնքին հոգեւոր եւ մշակութային ինքնութիւնը:

Հ. Ի՞նչ է «գաղափարներու տարրալուծարանը», որո՞նք կը մասնակցին անոր, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անիկա համայնքին վրայ:

Պ. Թեմական այս նախաձեռնութիւնը ունի շարք մը նոր ծրագիրներ, անոնցմէ է «Գաղափարներու տարրալուծարանը» (Ideas Lab), որ երիտասարդ արհեստավարժներու համագործակցութեան հարթակ մըն է, ստեղծուած՝ խթանելու ստեղծագործութիւնը եւ նորարարութիւնը: Անիկա կը համախմբէ արհեստավարժներ, մասնագէտներ զանազան բնագաւառներէ՝ արուեստ, արհեստագիտութիւն, ֆինանսական ոլորտ, կառավարման համակարգեր, իրաւաբանութիւն եւ համայնքային կառոյցներ, որոնք կը նպաստեն լուծումներ գտնելու թեմի մարտահրաւէրներուն: Հայ համայնքին մէջ գոյութիւն ունեցող տաղանդները լծակից դարձնելով, մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի մէջ, այս հարթակը կը զարգացնէ կիրարկելի լուծումներ, որոնք նոր որակ ու թափ կու տան թեմական ծրագիրներուն եւ ծառայութիւններուն՝ երաշխաւորելով, որ անոնք ըլլան աւելի արդիական եւ իմաստալից:

Հ. Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 100-ամեակին, 2027-ին։ Այս նախաձեռնութիւնները կապ ունի՞ն 100-ամեակին:

Պ. Թեմին մօտալուտ 100-ամեակը լուսարձակի տակ կ’առնէ անոր յարատեւող աւանդը եւ կը խթանէ այս նախաձեռնութիւնները: Մինչ թեմը կը պատրաստուի այս տարեդարձին, ինչպէս Յովնան Սրբազան կը շեշտէ, հիմնական նպատակն է շարունակել մնալ յոյսի, սիրոյ եւ ծառայութեան փարոս գալիք սերունդներուն համար: Այս նախաձեռնութիւնները կոչուած են ամուր հիմքը դնելու յաջորդ հարիւրամեակին՝ կեդրոնանալով արդիականացման, տոկունութեան եւ համայնքի ներգրաւուածութեան վրայ:

Հ. Համայնքի զաւակները ինչպէ՞ս կրնան մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան:

Պ. Համայնքի բոլոր անդամները հրաւիրուած են մասնակցելու այս վերափոփոխութեան երթին՝ գաղափարներ տալով, անդրադարձներով կամ ուղղակի ծրագիրներու մասնակցելով: Իւրաքանչիւր ներդրում կը զօրացնէ թեմը եւ կը կերտէ կենսունակ եւ  միասնական համայնք մը:  Ինչպէս միշտ կը շեշտեմ, սփիւռքեան համայնքային կեանքը կենսունակ պահելու համար, հաւաքական աշխատանքը եւ բազմազան տաղանդներու ներդրումը անհրաժեշտութիւններ են: Նաեւ, չի բաւեր աշխատիլ միայն անոնց հետ, որոնք քեզի համաձայն են, այլ անհրաժեշտ է գործակցիլ եւ թերեւս համոզել զանոնք, որ քեզի համաձայն չեն եւ, ինչու չէ, դուն ալ համոզուիս անոնց մօտեցումին արժէքով:

Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ*

Ճշմարիտ է ըսուած. «Լեզուն ազգի մը հոգին է. կենդանի է այդ հոգին, կենդանի է եւ ազգը. կենսունակ է առաջինը, ուրեմն կենսունակ է եւ երկրորդը»:

Այո, որովհետեւ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլեւ լեզուամտածողութիւն է, պատմութիւն ու մշակոյթ է, ազգային նկարագիր ու հոգեկերտուածք է, շունչ ու ոգի է:

Յետեղեռնեան հայ սփիւռքը՝ հայրենահանուած ու արմատախիլ, եթէ կրցաւ դար մը ամբողջ ու դեռ աւելի գոյատեւել որպէս հայ հաւաքականութիւն, ատիկա վստահաբար կը պարտի ան, գերազանցօրէն, իր հայ դպրոցներու ցանցին, ուր հայոց լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը, անոնցմով ստեղծուած հայեցի ոգին ու շունչը փոխանցուեցան իրերայաջորդ սերունդներուն, օղակ առ օղակ շաղկապելով զանոնք իրարու, որպէս մէկ ժողովուրդի մը զաւակները, մէկ մշակոյթի ու մէկ պատմութեան ժառանգորդներն ու կրողները:

Ներկայիս, ցաւով պիտի արձանագրել, որ որքա՛ն կ’աղաւաղուի ու կ’աղճատուի արեւմտահայերէնը՝ օտար բառերու անխնայ ներխուժումովը մեր լեզուին՝ քիչ մը ամէն տեղ, մամուլի էջերուն մէջ, հայ մարդկանց շուրթերուն…: Կ’աղաւաղուի ու կ’աղճատուի ան լատինատառ գրութիւններով՝ համացանցի տարածքին վրայ, եթերէն եւ քիչ մը ամենուր հնչող կոպիտ սխալախօսութեամբ… Մենք կարծես դադրած ենք, ըստ էութեան, արժանի գուրգուրանք տածելէ հայոց լեզուին, զայն ուսուցանող հայ դպրոցին, մասնաւորաբար Սփիւռքի օտար ափերուն վրայ, ուր յետեղեռնեան սերունդը՝ անչափելի զոհողութիւններու ու զրկանքներու գնով, բացաւ հայ դպրոցներու ցանցը՝ բոլոր հայագաղութներու մէջ ալ, միշտ հաւատալով հայոց լեզուի վճռորոշ դերին՝ հայը հայ պահելու սրբազան առաքելութեան մէջ: Տակաւ կ’աղքատանայ, կը խեղճանայ մեր լեզուն, անոր բառապաշարը, կ’այլասերի անոր շարահիւսութիւնը, անոր հնչերանգը կամ արտասանութիւնը…Եւ դպրոց-դպրոցի ետեւէ կը փակուին թեթեւ ձեռքով… Վերջին երկու տասնամեակներուն, փակուած են 250-է աւելի հայ դպրոցներ, որոնց մէջ՝ գիշերօթիկ մեր մեծագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: «Կարեւորը հայ զգալն է», ըսողներ կան կարեւոր կազմակերպութեանց եւ միութեանց ղեկավարի դեր ստանձնած անձանց կողմէ, որոնց համար հայ դպրոց պահելը տնտեսական գործունէութիւն է կարծէք, «պիզնես»ի կամ գրպանային տրամաբանութեամբ գործող վայր է: Զուգահեռաբար, որքա՛ն պակսած է հայ գիրքի, հայ մամուլի ընթերցանութիւնը մեր մատղաշ սերունդին մօտ յատկապէս…Եւ այսպէս կը նահանջէ մեր լեզուն, կը նահանջեն հայ հոգին եւ հայեցի ինքնութիւնը…. Մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին, պիտի ըսէր մեծ գրող Շահան Շահնուր:

Արեւմտահայ տարագիր մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան՝ 1942-ին, մարգարէաշունչ ցաւատանջութեամբ կը գրէր.

«Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…
Եւ քերթուածները որոնց մէն մի բառին ու վանկին
Վրայ ես սիրտ հատցուցի՝ գուցէ անկիւն մը պառկին
Առանց որ մէկը դնէ իրենց բուն շեշտն անոնց վրայ…
Հարիւր տարի ետք միայն…լեզուն անուշ զոր խօսեր
Էին անուշ տղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ…»

Տակաւին հարիւր տարի չէ անցեր վերոնշեալ թուականէն, սակայն արեւմտահայերէնը գահավէժ ընթացքով տեղի կու տայ եւ արդէն դասուած է՝ անհետանալու վտանգին ենթակայ լեզուներու շարքին, UNESCO-ի իսկ վկայութեամբ: Հանգամանք մը՝ այս, որ մտորելու, հարցադրելու առիթ կու տայ տարբեր ուղղութիւններով…:

Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի ահռելի ոճրագործութեան հետեւանքը եղաւ ոչ միայն Արեւմտահայաստանի հայազրկումը, մարդկային եւ գոյքային անչափելի կորուստները, այլեւ ու յատկապէս՝ հարազատ մշակոյթի անհետացման սպառնալիքը, որուն հիմնական կորիզն է, անտարակոյս, լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, լեզու մը հազարագանձ, զոր յղկեր ու մշակեր էին մեր մեծ գրողները, բանաստեղծներն ու հրապարակագիրները, երգի, թատրոնի եւ արուեստի գործիչները…: Կը խորհի՞նք երբեւէ որ լեզուի կորուստը հիմնական կորուստ է, որովհետեւ լեզուն մեր ազգային վաւերական ինքնութեան ամէնէն էական, առանցքային բաղադրիչն է: Կը հարցադրե՞նք երբեւէ, թէ ի՞նչ կը մնայ սփիւռքացած տարագիր մեր ժողովուրդէն, եթէ անկէ զեղչենք հայերէն լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, հայ խօսքն ու գիրը, հայ երգն ու տաղը…: Առանց ազգային էութեան այս բաղադրիչներուն, կը մնայ վստահաբար հայկական անունով կամ ծագումով անդիմագիծ ամբոխ, լաւագոյն պարագային, կը մնան հայասէրներ, հայամէտներ ու բարեսէրներ, օդին մէջ հայ զգացողներ, ազգային անհետացման սպառնալիքին տակ:

Պատճառնե՞րը այս նահանջին: Կարելի է թուել անշուշտ մեր ժամանակներուն սպառողական հասարակութեան ստեղծած նիւթական արժէքներու գերակայութիւնը, գործնապաշտ եւ օգտապաշտ փիլիսոփայութիւնը եւ համաշխարհայնացման ամենակուլ յորձանքը, մեր օտարամոլութեան ախտը: Կարելի է թուել մեր կենսունակ, հայօրէն աշխոյժ հայագաղութներուն թուլացումն ու տկարացումը,՝ քաղաքական-քաղաքացիական տակնուվրայութիւններու հետեւանքով, ինչպիսիք էին մասնաւորաբար Լիբանանի, Սուրիոյ հայագաղութները եւ ուրիշներ, որոնք հայկականութեան արիւնատար, կենսատու երակներն էին համայն սփիւռքին:

Ամէնէն ճակատագրականը սակայն ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ նահանջն է, քանզի հայ դպրոցն է, որ սփիւռքի օտար ափերուն վրայ կոչուած է սորվեցնելու արեւմտահայերէնը, անով կերտելու Հայ ՍԵՐՈՒՆԴԸ եւ երաշխաւորելու ազգային հաւաքականութեան շարունակականութիւնը: Հայ դպրոցի նահանջով, Հայերէն լեզուի ուղղախօսութեան, ուղղագրութեան եւ ճիշդ շարադրութեան անկումը ահաւոր չափերու հասած է:

Հայ դպրոցի վերակենսաւորման ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, կը խորհիմ, կեանքի կոչել ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ, որ ճիշդ ուղիի վրայ կարենայ դնել արեւմտահայերէնի դասաւանդումը, անոր ուսուցման եղանակները, մեթոտաբանութիւնը, հայերէն դասագիրքերու ճիշդ ընտրութիւնը, լեզուական նիւթերը շատ աւելի հետաքրքրական, այժմէական եւ գրաւիչ դարձնելու միտումով, ինչպէս նաեւ որպէս ՎԵՐԱՀՍԿՈՂ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄԱՐՄԻՆ: Ներկայիս չկայ բոլորին կողմէ ընդունուած արեւմտահայերէնի ՄԷԿ ԳՐԵԼԱՁԵՒ, ՄԷԿ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՄԷԿ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԷԿ ՈՒՂՂԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ…

Զուգահեռաբար, որքան բաղձալի պիտի ըլլար կեանքի կոչել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ մը, որ ֆինանսական աջակցութիւն ցոյց տար նիւթական դժուար եւ անելանելի վիճակին մէջ յայտնուած հայ դպրոցներուն:

Արեւմտահայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտ միջոց կրնայ ըլլալ նաեւ անոր առցանց ուսուցումը, որուն փորձը կայ կը կարծեմ եւ տարածուելու յոյս ու հեռանկար կը ներշնչէ:

Իսկ Մայր հայրենիքը կրնայ վստահաբար բերել իր մեծագոյն ներդրումը ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ պահպանման ու զարգացման, հիմնելով ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ լեզուի ուսուցման կեդրոն, ուր կրնան յաճախել սփիւռքահայութեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներ եւ այլ փափաքողներ, լուծում տալով նաեւ արեւմտահայերէնի ուսուցման ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւոր խնդրին: Նմանապէս, ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ տարածման կրնայ սատարել ՀՀ Կրթական նախարարութիւնը եւ պատկան մարմինները, եթէ հայ գրականութեան դասապահերուն, կարեւոր տեղ յատկացնեն արեւմտահայ գրականութեան՝ դասական եւ արդի նորագոյն ստեղծագործութեանց: Այս կարեւոր քայլը որքան պիտի քաջալերէր նոր ստեղծագործողները, նոր թափ ու սլացք պիտի տար արեւմտահայերէնի ուժականացման: Նոր մթնոլորտ պիտի ստեղծէր:

Պիտի ուզէի խօսքիս վերջին հատուածը ներկայացնել դրական արձանագրութեամբ: Արդարեւ, Կիպրոսի մէջ, ներկայիս երեք քաղաքներու մէջ գործող ՆԱՐԵԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ վարժարանները՝ Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ Լիմասոլի մէջ, ամբողջովին կը ֆինանսաւորուին Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ, առանց որեւէ կաշկանդումի ենթարկելու հայերէն նիւթերու ընտրութիւնը կամ անոնց դասաւանդումը: Սա կարելի է համարել ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄ մը կիպրահայ համայնքին համար, ուր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ պաշտօնապէս ճանչցուած է Կիպրոսի կառավարութեան կողմէ որպէս կրօնական համայնքի մը լեզուն, որ պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի օրէնքի ոյժով: Սա է գլխաւոր պատճառը գուցէ որ կիպրահայ գաղութը կը մնայ ՀԱՅԱԽՕՍ: եւ մենք՝ կիպրահայերս, խորապէս երախտապարտ ենք Կիպրոսի կառավարութեան իր այս հայասիրական բացառիկ վերաբերմունքին համար:

Հակառակ մեզի՝ կիպրահայերուս ընծայուած այս բացառիկ դիւրութեան, լրագրական ասպարէզէս ներս, յաճախ դէմ յանդիման կու գամ տխուր իրականութեան մը: Շատ մը կիպրահայեր ինծի կ’ըսեն. «Պարզ գրէ, դժուար բառեր մի՛ գործածեր, որպէսզի կարենանք հասկնալ…»…Բայց, յարգելիներս, ամէն միտք, ապրում, իր իւրայատուկ բառը, եզրոյթը ունի զայն արտայայտելու համար…Արդեօ՞ք հայոց մեր լեզուն՝ մեր ոսկեղենիկ Մեծասքանչը, պիտի վերածենք «հաց ու պանիր»ի լեզուի, կամ զայն աղճատենք օտարաբանութեամբ…ՍԻՐԵԼ ՀԱՅԵՐԷՆԸ պիտի նշանակէր նաեւ ՃԻՇԴ ԽՕՍԻԼ եւ ՃԻՇԴ ԳՐԵԼ, ընտրելով ՃԻՇԴ բառը…Հարուստ է մեր լեզուն, զարգանալու լայն կարելիութիւններով…ՉԱՂՔԱՏԱՑՆԵՆՔ ու ՉԱՂՃԱՏԵՆՔ զայն…Անիկա՝ իր զոյգ ճիւղերու՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի պահպանունումով եւ զարգացումով, մեր մեծագոյն հարստութիւնն է, առանց որուն նոյնիսկ հայրենիքը պիտի կորսնցնէր իր բուն իմաստն ու արժէքը, իր ազգային նկարագիրը, իր ազգային էութիւնը:

Երան Գույումճեան

*Այս գրութիւնը որպէս ԶԵԿՈՅՑ (տեսագրուած) ներկայացուած է՝ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ. ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» միջազգային գիտաժողովին, կազմակերպութեամբ Հայաստանի գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ, համագործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանին եւ Մանկավարժական համալսարանըին՝ 7-8 նոյեմբեր 2024-ին, Լեզուի Ակադեմիոյ հիմնարկին մէջ, Երեւան:

Նանօր երգչախումբ…Սոփրանո Ազնիւ Պրունսուզեան.. Խմբավար Յարութիւն Կենտիմեան…յուշեր Հալէպէն

Երբեմն, անբացատրելի է թէ ինչպէս այս բոլոր տեղեկութիւնները մէկ բառի յուշումով կը բացայայտուին ու լոյսի կու գան տաղանդներ, որոնք իրենց մեծ ներդրումն ու դերը ունեցած են Հալէպի մէջ մշակոյթը վառ պահելու եւ նպաստած  հայ երաժշտութեան ծաղկումին:

Վերջերս միայն ֆէյսպուքով ծանօթացայ, եւ աւելի ճիշդ մեսընճրով, երգչուհի Ազնիւ Պրունսուզեանին, եւ հակիրճ տեղեկութիւններ լսելէս ետք, խնդրեցի որ գրէ իր  կենսագրութիւնը եւ իր արմատներուն մասին:  Մինչ այդ պրպտումներս կատարած էի ու կը սպասէի օրիորդ Ազնիւին:  Փոխանակուած գրառումներէս ի յայտ եկաւ, որ օրիորդ Ազնիւի հօրաքոյրը՝ Արփինէ Պրունսուզեան-Սամուէլեան, ծնած է Մարաշէն Հալէպ տարագրութեան տարին` 1915-ին: Ան աւարտած է Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճը եւ դարձած է անուանի կրթական մշակ, ուսուցչուհի Հալէպի մէջ:  

Արդ, պեղումներս կը բաժնեկցիմ ընթերցողներուն հետ:

Հալէպ:

«Նանօր» նորակազմ երգչախումբը իր յաջողութեան ջահը բարձրացուց 20, 21, 22 եւ 29 նոյեմբեր 1982-ին: Յաջողութիւն մը՝ որ աւելի կը շեշտուի, երբ յայտնենք, թէ 55 երկսեռ անդամներուն 32-ը, բոլորն ալ արհեստաւոր ըլլալով, երեք ամսուան յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ, յարատեւ ու տքնաջան փորձերով կրցան այս արդիւնքին հասնիլ [1]:

Համերգին յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասէ: Առաջինին մէջ, երգչախումբը, հակառակ դժուարին կտորներուն, յաջողութեամբ երգեց Կոմիտասէն «Օրհներգ հայրապետական»-ը, «Մեր Թագւորն էր Խաչ»-ը, «Կալի երգը»՝ Ժան Աւագեանի մեներգային բաժինով եւ «Քրիստոս ի մէջ»-ը, Եկմալեանէն՝ «Ով հայոց աշխարհ»-ը եւ «Կիլիկիա»-ն, Կարա-Մուրզայէն՝ «Ալագեազ – քեզի մեռնիմ»-ը արժանացան անվերջ ծափահարութիւններու:

Յայտագրին երկրորդ մասին կտորները վերցուած էին հայրենի խմբավար, երաժիշտ-երգահաններ Ալեքսանտր Գրիգոր Յարութիւնեանէն, Արմէն Տիգրանեանէն, խմբավար Վարդան Սարգիս Սարգիսեանէն, որ եղած է Կոմիտաս Վարդապետի սաներէն[2], Արամ Խաչատուրեանէն եւ Ճէյմս Արմենակ Գոզալեանէն[3], իսկ արաբ երգահան Ռահպանիէն՝ երեք երգ:

Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Հայրենիքիս հետ» խմբերգին մեներգային բաժինը կատարեցին տիկին Հերմինէ Գալայճեան եւ պրն. Վարդան Տ. Մովսէսեան. առաջինը իր թաւշային գրաւիչ ձայնով, երկրորդը՝ իր տիրական (պաս) ձայնին կշիռով հիացումի անվերջ ծափեր խլեցին: Երկուքն ալ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասէն:

Արմէն Տիգրանեանի «Թամար»-ը եւ Արամ Խաչատուրեանի «Սեղանի երգը»-ը կտորներուն մեներգային մասը կատարեց օրիորդ Ազնիւ Պրունսուզեան[4]՝ իր կիրթ, մարզուած ձայնին միացնելով արուեստագիտուհիի ապրումներ, արժանանալով անդադրում ծափահարութիւններու եւ մեներգին կրկնութեան: Համերգին բոլոր կտորներուն դաշնակի վրայ կ’ընկերակցէր տիկին Անի Միքայէլեան:

Աւելի քան երկու ժամ ներկաները ըմբոշխնեցին հայ երգը: Գովելի էր երգչախումբը՝ իր բոլոր անդամներով: Յայտնութիւններ էին տիկին Հերմինէ Գալայճեանը եւ օրիորդ Ազնիւ Պրունսուզեանը, բայց այս յաջողութիւններուն բացառիկ յայտնութիւնը եղաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասի դպրապետ եւ «Նանօր» երգչախումբի խմբավար Յարութիւն Կենտիմեանը[5]:

Դպրապետ, խմբավար Յարութիւն Կենտիմեան ծնած է Հալէպ, 1942-ին: 1957-ին, կ’անդամակցի  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, այն օրերուն, երբ եկեղեցւոյ արժանաւոր դպրապետն էր Վարդան Սերայտարեան (*): Այստեղ է որ ան իր առաջին քայլերը առած է դէպի երաժշտութիւն: Հետագային, մօտ 4 տարի, առանց ընդմիջումի, անձնական երաժշտական դասընթացներուն հետեւած է երաժշտագէտ Ասատուր Սէթեանի հսկողութեան ներքոյ: Այնուհետեւ, առիթը ունեցած է ձայնամարզութեան եւ խմբավարական դասընթացքներու հետեւիլ Պէյրութի եւ Երեւանի երաժշտանոցներուն մէջ:

Դպրապետի պաշտօն վարած է 1961-1964, Հալէպի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ: 1970-1975՝ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: 1998-2003՝ Հալէպի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: 2003-ի սեպտեմբերին՝ ընդառաջելով Շիքակոյի (ԱՄՆ) Ամենայն Սրբոց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին՝ կը ստանձնէ նոյն եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը, ուր կը ծառայէ մինչեւ այսօր:

Որպէս հմուտ խմբավար, Յարութիւն Կէնտիմեան կազմակերպած եւ ղեկավարած է հետեւեալ երգչախումբերը. 1962-1964՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու, Հալէպ: 1967-1970՝ Օշական երգչախումբը, Պէյրութ: 1981-1997՝ «Նանօր» երգչախումբը, Հալէպ: Տուած է անձնական համերգներ եւ ունեցած երգչախմբային ելոյթներ՝ մասնակցելով զանազան ձեռնարկներու Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ: 1987-ին, Երեւան, իսկ 1994-ին, Եամպոլ- Պուլկարիա, ընկերակցութեամբ պուլկարական Տիանափոլիս սենեկային նուագախումբին: Յարութիւն Կէնտիմեանի մասին տեղեկութիւնները քաղուած են «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ Արա Սայեղի ստորագրած յօդուածէն, 2002-ին:

Կիրակի, 20 հոկտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի:

Եկեղեցւոյ երգչախումբը կը խմբավարէր Յարութիւն Կենտիմեան: 

Նկարները քաղուած են ֆէյսպուքէն:

——————————————————-

[1] Պայքար թերթ, 21 յունուար 1982

[2] Խմբավար, երգահան Վարդան Սարգիս Սարգիսեանէն, որ եղած է Կոմիտաս Վարդապետի սաներէն (ծնած՝ 2 մայիս 1892, Կ.Պոլիս- մահացած՝ 30 յունուար 1978, Մարսէյլ, Ֆրանսա): 1909-ին աւարտած է Պերպերաեան վարժարանը։ 1910-1915 թուականներուն աշակերտած է Կոմիտասին, երգած է անոր երգչախմբերուն մէջ։ 1911-ին  հիմնած է Սկիւտարի «Րաֆֆի» լսարանական միութեան երգչախումբը։ 1920-ին Փարիզի մէջ  շարունակած է երաժշտական ուսումը։ 1931-1939, Մարսէյի մէջ  վարած է իր հիմնած «Հայկական երաժշտական ընկերութիւնը»: 1945-ին մշտական բնակութիւն հաստատած է Մարսէյ, երգչախմբային համերգներ տուած, կատարած է Կոմիտասի եւ սովետահայ երգահաններու գործերը։ Սարգիսեան հեղինակած է նաեւ հայ ժողովուրդի երգերու մշակումներ ( «Հոյնար» ընդարձակ պարերգը ձայնի եւ դաշնամուրի համար), դաշնաւորած է  «Արեւագալի երգերը», կազմած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժողովածուներ։ Աշխատակցած է Փարիզի «Կոմիտասեան յանձնաժողովին», մասնակցած է Կոմիտասի անտիպ երգերը եւ «Պատարագ»-ը տպագրութեան պատրաստելու գործին։

[3] Ճէյմս Արմենակ Գոզալեան (յուլիսի 25, 1925, Լենինական, – 1987, Երեւան), հայ երգահան,  խմբավար։

[4] Ազնիւ Պրունսուզեան, https://www.facebook.com/azneve.brunsuzian

[5] Յարութիւն Կենտիմեան, https://www.facebook.com/haroutune.kendimian

(*) Դպրապետ Վարդան Սէրայտարեան (21 Փետրուար 1922 – 21 Մարտ, 2022) ծնած է Այնթապ, Կիլիկիա, 21 Փետրուար 1922ին, եւ ընտանիքով հաստատուած է Հալէպ, ուր տարրական ուսումը ստացած է «Կիլիկեան» եւ «Կրթասիրաց» վարժարաններուն մէջ։  1938-ին, ազատ աշակերտի հանգամանքով ընդունուած է Անթիլիասի դպրեվանքը։ Երեք տարիէն աւարտած է ուսումը՝ միաժամանակ իբրեւ մեներգիչ ու դպրապետ ծառայելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Կազմաւորման տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց եւ կրթական գործիչ Բիւզանդ Եղիայեան՝ դպրեվանքի օրուան տեսուչը,  մեծ ազդեցութիւն ունեցած են անոր վրայ։ Այդ տարիներուն, գերմաներէնի դասերու հետեւած է՝ Պերլին երաժշտութիւն ուսանելու նպատակով, բայց այդ ծրագիրը իրականացած չէ։ Ուսումը աւարտելէ ետք, Սէյրայտարեան վերադարձած է Հալէպ, ուր դասաւանդած է «Սահակեան» վարժարանին մէջ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը ստանձնած է։ Զոյգ պաշտօնները վարած է մինչեւ 1961ի, երբ անցած է Պէյրութ, ուր եղած է դպրապետ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ եւ ուսուցիչ՝ համանուն երկրորդական վարժարանին մէջ (այնուհետեւ՝ «Սուրէն Խանամիրեան» գոլէճ)։

 Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, 1979-ին, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ։ Հաստատուելով Պոսթըն, 1980-ին ստանձնած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէց) դպրապետի պաշտօնը՝ ծառայելով երկար տարիներ։ Միաժամանակ, զանազան սեմինարներու ծիրէն ներս, շրջած է ամերիկահայ տարբեր համայնքներ, եկեղեցական երաժշտութեան, յատկապէս՝ Աւագ Շաբթուան ճիշդ երգեցողութիւնը դասաւանդելու նպատակով, ինչպէս իրեն յանձնարարած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը։

https://armenianprelacy.org/2022/03/31/%D5%A4%D5%BA%D6%80%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF-%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%A1%D5%B6-%D5%BD%D5%A7%D6%80%D5%A1%D5%B5%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-21-%D6%83%D5%A5%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A1/?srsltid=AfmBOoqyCnPTWO7IXLUED0-Xq8VXPPX0-jhjl70goYid0ZuwNt7pOOiv

   

Ինչ են պատմում մանուշակագոյն եւ սեւ շղարշի տակ թաքնուած կայքերը

Հայրենի հանրածանօթ արուեստաբան Նաիրա Եղիազարեան (որուն աշխատանքներուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ կապով https://www.youtube.com/@naira_yeghiazaryan), որպէս համալսարանական (Inalco-IMAS) խմբային աշխատանքի մը մասնակից՝ կատարած է հետագայ ուսումնասիրութիւն-վերլուծումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջերուն մասին: Եղիազարեանի գրութիւնը կու տանք ինչպէս որ հասած է խմբագրութեանս՝ խորագիր եւ բովանդակութիւն. միայն փոխած ենք ուղղագրութիւնը: Յօդուածը կու տանք իր շահեկանութեան համար:

Երբեք մտքովս չէր անցնի անդրադառնալ այս թեմային, եթէ համալսարանական խմբային աշխատանքի համար իւրօրինակ առաջադրանք ստացած չլինէի: Ի դէպ, նախապէս ասեմ, որ առաջադրանքը սկզբում անսովոր ու անտեղի թուաց, բայց իրականացնելու պահին բազմաթիւ բացայայտումներ արեցի, որոնք կարծում եմ, կը հետաքրքրեն շատերին: Յանձնարարութիւնը հետեւեալն էր. պէտք է վերլուծէինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Պատրիարքութիւն Հայոց Թուրքիոյ պաշտօնական կայքերը:

Եւ այսպէս. ինչ էի ակնկալում տեսնել ու ինչ տեսայ:

Բոլորս էլ գիտակցում ենք, որ նմանատիպ կայքերի նպատակը տուեալ կառոյցի մասին պատմելն ու ներկայացնելն է: Միաժամանակ գիտենք, որ դա պէտք է կարողանալ անել հետաքրքիր, իւրօրինակ, ոչ պլակատային, գովազդային տարրը թաքցնելով, սեփական անձը կարեւորելով, բայց նաեւ` ընթերցողին չանտեսելով, այլ ներգրաւելով ու ներքաշելով սոյն թեմայի ու պատմութեան մէջ:

Իսկ, թէ ինչպէս են դա իրականացնում այս երեք կայքերը, ինչ խնդիրներ են կարողանում լուծել եւ սովորական ընթերցողին որքանով են հետաքրքիր, կը փորձեմ ներկայացնել մի քանի դիտարկումներով:

Քննարկուող կայքերի ներկայացման ոճի եւ տեսքի մասին անմիջական կարծիք կարելի է կազմել կայքերի առաջին իսկ էջից:

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան կայքը վերազինման փուլում է եւ, գուցէ այդ պատճառով, շատ վատ է աշխատում: Այդուհանդերձ, դժուարութեամբ յաջողուեց մէկ անգամ նայել, այն էլ` ոչ ամբողջութեամբ:  Սակայն, մի հայեացքն էլ բաւարար եղաւ, պարզելու համար, որ սա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կայքի կրկնօրինակն է: Երկուսում էլ գերիշխում է մանուշակագոյնը, որի առատութիւնը տրամաբանական է, քանի որ այն հայոց եկեղեցու գոյնն է: Գոյնից բացի այս երկու կայքերը նաեւ կառուցուածքի առումով չեն տարբերւում: Երկուսն էլ դասական ու աւանդական ձեւերի մէջ են: Թերեւս, կարելի է ասել, որ երկուսն էլ հաւասարապէս հնաոճ են` հաշուի առնելով այսօրուայ տեխնիկական առաջընթացների ու նորարարութիւնների ընձեռած հնարաւորութիւնները: Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայանալու այս աւանդական ձեւերի ու ոճի համեմատութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն իր կայքով ներկայանում է շատ աւելի նորաձեւ, ժամանակակից տեխնիկայի, ձեւաւորման ու դիզայնի համեմատաբար թարմ տարրերի կիրառմամբ: Ինչի շնորհիւ էլ կայքն արտաքնապէս աւելի գրաւիչ է եւ դիտարժան:

Սա կայքերի դիտարկման վիզուալ պատկերն է: Բովանդակային առումով երեքում էլ առանձապէս հետաքրքիր բաներ շատ չկան: Թարմացումների առումով կրկին հետ է մնում Պատրիարքարանի կայքը. թերեւս` արդէն յայտնի պատճառով: Այստեղ լուրերի բաժնում վերջին անգամ տեղեկատուութիւն դրուել է 2022 թուականի օգոստոսին: Իսկ Մայր Աթոռն ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հաւասարապէս ակտիւ են ու թարմ լուրերով են ներկայանում: Այլ հարց է, որ լուրերը շատ միապաղաղ ու միաթօն են: Անընդհատ քահանաների, եպիսկոպոսների, կաթողիկոսի դէմքերն են: Բոլոր թեմաներում, լուրերում, իրադարձութիւնների մատուցումներում գերիշխում է եկեղեցականների սեւ սքեմը: Սեւի ու ոսկեգոյնի առատութիւնը յոգնեցնում եւ անհետաքրքիր է դարձնում կայքը:

Կարծում եմ, կարելի է զուգահեռ ներառել նաեւ հայոց եկեղեցու հետեւորդներին ու հաւատացեալներին: Պատմել նրանց մասին, Աստծոյ հետ հաւատացեալների կապերի, փոխյարաբերութիւնների եւ ազդեցութիւնների մասին: Ընդ որում. պատմել պարզ, մարդկային լեզուով եւ զգացմունքային, կենդանի շեշտադումներով: Համոզուած եմ, որ սովորական մարդուն, հաւատացեալին անդրադառնալով` շատ աւելի տեսանելի ու գնահատուած կը լինի եկեղեցին, եկեղեցականն ու նրանց կատարած աշխատանքը:

Հետաքրքրականութեան պակասի առումով բերեմ մի օրինակ եւս: Քանի որ համալսարանական վերոնշեալ դասընթացի դասախօսութիւններից մէկը վերաբերւում էր հայոց եկեղեցու եօթ խորհուրդներին, իսկ դասախօսը շատ հետաքրքիր ու մանրամասն էր պատմել դրանց մասին, իսկ տպաւորութիւններս էլ թարմ էին, որոշեցի տեսնել, թէ ինչպէ՞ս են դրանք ներկայացուած սոյն կայքերում: Եւ ո՛վ զարմանք… Պատրիարքարանի կայքում, ցաւօք, ինձ չյաջողուեց այդ մասին ինչ-որ բան գտնել, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կայքում պարզապէս թուարկուած էին խորհուրդներն` առանց որեւէ բացատրութեան, իսկ Մայր Աթոռի կայքում խորհուրդների մասին էջը լրամշակման փուլում էր: Հաստատուն ու անփոփոխ եօթ խորհուրդների մէջ թէ ի՞նչն էին լրամշակում` այդպէս էլ գաղտնիք մնաց ինձ: Ինչեւէ: Այս մի փոքր դիտարկումը թոյլ է տալիս ասել, որ երեքի մօտ էլ այս բաժինը, տարբեր աստիճաններով, բայց որոշակիօրէն թերի էր:

Հետեւաբար, կարելի է փաստել, որ հետաքրքրականութեան առումով երեք կայքերն էլ նոյն չափ կաղում են:

Կայքերի երրորդ եւ ամենակարեւոր յատկութիւնը կամ բնորոշիչ կողմը, որ գրաւեց իմ ուշադրութիւնը, դա մատչելիութեան բացակայութիւնն էր: Պատրիարքարանի կայքի մատչելիութեան մասին, նոյնիսկ, անիմաստ եմ համարում խօսել: Նախ, կայքը տեխնիկապէս պէտք է մատչելի դառնա, որ յետոյ բովանդակութեանն ու  ձեւին կարողանանք անդրադառնալ: Իսկ միւս երկու կայքերը, կարծում եմ, մատչելի են միայն իրենց` եկեղեցականների համար: Կարծես թէ, այս կայքերը նրայք ստեղծել են իրենք իրենց համար, ոչ թէ հասարակութեան ու հանրութեան տարբեր շերտերի համար:

Մարդկային տարրը, մարդկային գործօնը բացակայում է այստեղ: Այսինքն. ո՛չ նիւթերը, ո՛չ մատուցման ձեւը չեն կարող գրաւել սովորական մարդուն: Այն մարդուն, ով դեռ անհաւատ է, բայց փորձում է կամ ուզում է հաւատի գալ, այն մարդուն, ով հարցեր ունի հայոց եկեղեցու հետ կապուած, հարցեր ունի Աստծոյ, նրա պատգամների, պատուիրանների ու առհասարակ նրա գոյութեան վերաբերեալ: Այն մարդուն, ով յուսահատուած է ու օգնութիւն, յուսադրող խօսք, իմաստուն միտք է փնտռում, որոնցով կը փարատուի, յուսադրող մի լոյս կը տեսնի, որն իրեն կառաջնորդի այս դժուարին, բարդ, հոգսաշատ, անորոշութիւններով լեցուն կեանքում:

Մատչելիութեանը վերաբերուող մի շատ կարեւոր ու մտահոգիչ բացթողում եւս: Այս երկու կայքերում ներկայացուած են եկեղեցու ենթակայութեամբ գործող թանգարանները եւ գրատները` իրենց հրատարակութիւններով: Այս հատուածը լուրջ մտածելու տեղիք է տալիս: Նախ թանգարանների մասին պատմող նիւթերը ոչ մի կերպ չեն գրաւում ու թանգարան այցելելու ցանկութիւն չեն առաջացնում: Օրինակ, այստեղ պէտք է լինէին որոշակիօրէն հետաքրքական պատմութիւններ եւ լուսանկարներ, որոնք կը գրաւէին այցելուներին ու թանգարան գնալու ցանկութիւն կ’առաջացնէին: Մինչդեռ կայքում կարճ, ստանդարտ, չտպաւորող, միտք չշարժող ու թանգարան չկանչող տեքստեր են եւ գորշ լուսանկարներ: Փոխարէնը ամենայն մանրամասնութիւններով ներկայացուած են թանգարանի մուտքի տոմսերի գները: Ես ուղղակի զարմացած եմ այս երեւոյթից, քանի որ հիմա ապրում եմ Իսպանիայի Ալիկանտէ քաղաքում, որտեղ երկու տասնեակից աւելի թանգարաններ, պատմական յուշարձան-շինութիւններ ու ամրոցներ կան: Զբօսաշրջային այս քաղաքը, որը իւրաքանչիւր տարի ունենում է աւելի քան միլիոն զբօսաշրջիկ, կարող էր մեծ եկամուտներ ակնկալել իր թանգարաններից: Սակայն քաղաքային իշխանութիւնը անվճար է դարձրել թանգարանների մուտքը, որպէսզի մարդկանց հասանելի լինի իր երկրի ու քաղաքի պատմութիւնը, ազգային մշակոյթն ու արուեստը:  Այսինքն, սա ճանաչելի դառնալու, մարդկանց կրթելու, դաստիարակելու կոնկրէտ մտածուած ու նպատակաուղղուած քաղաքականութիւն է: Նման ծրագրուած քաղաքականութիւն պէտք է ունենար նաեւ հայոց եկեղեցին: Սակայն, եկեղեցու թանգարանի մուտքի տոմսերի գները բացարձակ դրա մասին չեն վկայում: Միգուցէ, կարելի էր օտարերկրացի այցելուների համար վճարովի դարձնել թանգարանների մուտքը, բայց հայ հաւատացեալների, յատկապէս, ուսանողների, դպրոցականների համար այն պե՛տք է անվճար լինի: Եկեղեցին ամէն կերպ պիտի փորձի ներգրաւել մարդկանց, կապել նրանց Հայ Առաքելական եկեղեցու հետ:

Նոյնը գրքերի պարագայում է: Հասկանալի է, որ գեղարուեստական ու պատմական գրականութիւնը եկեղեցին տպագրել է եւ պիտի վաճառի, բայց եկեղեցական տօների ժամանակացոյցը կամ «հարցեր քահանային» վերնագրով գիրքը վաճառելը, մեղմ ասած, մանր-մունր առեւտուր է` հարուստ ու մեծ հնարաւորութիւններ ունեցող եկեղեցու համար: Յետոյ էլ դժգոհում կամ բողոքում ենք, որ աղանդները ներխուժել են մեր կեանք ու ամէնուր են: Իսկ ինչու՞ պիտի չներխուժեն: Այն գրականութիւնը, որը հայոց եկեղեցին 5-20 դոլարով վաճառում է իր հաւատացեալներին, Եհովայի վկաները կամ միւս աղանդների ներկայացուցիչները տնենտուն ընկած` շքեղ հրատարակութեամբ, իրենց գունագեղ գրքերը, ամսագրերն ու բուկլետներն անվճար են բաժանում մարդկանց: Դրանից բացի, ժամերով կանգնում, խօսում են նրանց հետ, յոյս, հաւատ ու սէր են խոստանում եւ բոլոր հնարաւոր միջոցներով «լուանում» են մարդկանց ուղեղները: Իսկ թէ ինչպէս են «լուանում», դրա մասին պատմում են վիճակագրական տուեալները: Պարզւում է, որ Հայաստանում այսօր գրանցուած  65 կրօնական կազմակերպութիւններից` 54-ն աղանդներ են, որոնցում ընդգրկուած է 350 հազար մարդ: Սակայն, կան աւելի քան 200 կազմակերպութիւններ, որոնք գրանցուած չեն, բայց աւելի ակտիւ ու աննահանջ են գործում հոգէորսութեան դաշտում: Այս չգրանցուած «ապակառուցողական աղանդներում» ներգրաւուած են մօտ 250 հազար մարդ:

Սարսափելի թիւեր են, այնպէս չէ՞… Ի հարկէ, սարսափելի են, մանաւանդ, որ զուգահեռ իրականութիւնում, այսինքն` հայոց եկեղեցու պաշտօնական կայքերում, սոցիալական էջերում ու քարոզչական այլ հարթակներում հովուերգական անդորր է` մանուշակագոյն ու սեւ շղարշով ծածկուած:      

Մշակոյթ ապագայի համար արդ եւս|in view 2024 – 2025

Մշակոյթ՝ ընկերային առաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «արդ եւս» մշակութային նպաստի ծրագրին չորրորդ շրջանը. անոր նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ հարազատ կապը եւ ստեղծել նախադրեալներ որ արեւմտահայերէն լեզուն եւ մշակոյթը հարստանան ու զարգանան։ Այս առաջատար ծրագրին միջոցով Բաժանմունքը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայերէնով ժամանակակից մշակոյթ եւ մտածողութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններու եւ մշակոյթի ուժով պիտի ձգտի ստեղծելու հայկական նոր պատումներ որոնք հիմնուած ըլլան ստեղծագործութեան, մարդկային արժանապատւութեան, զօրակցութեան եւ համամարդկային արժէքներու վրայ:

Մշակոյթը, որպէս մարդու արտայայտութեան հիմնարար միջոց, անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ հասարակութիւններու հիւսուածքին եւ հետեւաբար նաեւ անոնց ապագային վրայ։ Մշակոյթը պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն՝ կերտելու յարակցական, հաւասար, կայուն եւ ազատ հասարակութիւններ եւ հետեւաբար աւելի առողջ ապագայ:

Մշակոյթը չի յաւակնիր ըլլալ բոլոր խնդիրներու միակ կամ արագ լուծումը, սակայն մեր առջեւ ծառացած այսօրուան հիմնախնդիրներէն ո՛չ մէկը կարելի է քննական հայեացքով վերլուծել՝ առանց մշակութային հէնքի։ Ժողովրդավարական մղումներուն հանդէպ սպառնալիքները, կենսոլորտի աղէտը, թուային թեքնաբանութեան մարտահրաւէրները, աճող անհաւասարութիւնները եւ նոյնիսկ պատերազմները, բոլորն ալ խոր մշակութային փոխկապակցումներ ունին։

Ի տարբերութիւն զուտ գործնապաշտ եւ կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններուն, որոնք կը մշակուին եւ կ՚որդեգրուին ի դէմս աշխարհին դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ սրընթաց փոփոխութիւններուն, մշակոյթի ունեցած ազդեցութիւնը աւելի խորքային է, համապարփակ եւ ոչ անմիջապէս չափելի։ Մշակութային ոլորտը եզակի խթան է քննական մտածողութեան զարգացումին, բազմակարծութեան, հասարակական վերափոխումին եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան։ Այսպէսով, ան կենսական նշանակութիւն մը ունի յառաջդիմութեան եւ զարգացումի համար։

Հայերը միշտ եղած են մշակութային փոխանակումի եւ բազմազանութեան տարբեր հատումներու եւ խաչմերուկներու վրայ։ արդ եւս|in view ծրագիրը կ՚արժեւորէ այս բազմազանութիւնը եւ կը միտի նպաստելու անոր՝ ստեղծելով բազմաձայնութիւնը լսելի դարձնելու նախադրեալներ եւ փոխադրելու այս տարատեսակ ու բազմամշակոյթ փորձառութիւնները դէպի լեզու, դէպի արեւմտահայերէ՛ն։ Վերջինս որպէս լեզուի զարգացման մղիչ ուժ, լեզուն կը դարձնէ աւելի կենսունակ, կ՚ապահովէ անոր տեղը որպէս աշխարհի լեզու. կ՚ օգնէ որ այս նորարար մշակոյթը սպառողներուն քաղաքացիական յանձնառութիւնը հարստանայ, անոնց դիմակայութիւնը զարգանայ եւ առկայ մարտահրաւէրներուն ստեղծագործ լուծումներ գտնուին։

Այս նպաստի ծրագրով եւ մշակոյթի ուժով կը ձգտինք ստեղծելու հայկական նոր պատումներ որոնք հիմնուած ըլլան ստեղծագործութեան, մարդկային արժանապատւութեան, զօրակցութեան եւ համամարդկային արժէքներու վրայ։

Դիմելու համար այցելել հետեւեալ հասցէն. https://gulbenkian.pt/en/apoios-lista/արդ-եւս-in-view/

 

 

Տարբեր են Լիբանանի համն ու հոտը…

Անցեալ տարի ամռան՝ ես ու ամուսինս Լիբանանէն ֆիլատելֆիա մեկնեցանք, այցելելու մեր առջինեկ դուստրին՝ Դալարին, որ 2019-ի Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներէն ետք, ան ձգած էր իր երկիրը եւ հաստատուած  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, շարունակելու իր ուսումը։ Շատ մը լիբանանցի ծնողներու պէս, մեզի ալ վիճակուած էր պահ մը ընդունիլ «դառն» իրականութիւնը եւ համակերպիլ պարտադրուած իրողութեան եւ պահ մըն ալ մտածել, թէ այս օրերուն, աւելի նպաստաւոր էր երիտասարդ-երիտասարդուհիի մը մեկնումը Լիբանանէն դուրս։ Շատեր ճակատագիրի վերագրելով, իսկ ուրիշներ վերագրելով երկրի անյոյս վիճակին, հաւանած էին ընտելանալ բաժանումի այս վրդովիչ գաղափարին։

Ֆիլատելֆիան գեղեցիկ է իր հանդարտ, լայն ու մաքուր պողոտաներով, կանանչազարդ թաղերով, յարմարաւէտ եւ հանգիստ մթնոլորտով։ Ունի նաեւ հայկական գաղութ մը։ Լիբանանի «քաոսը»  թողնելով, հաճոյալի էր, գէթ կարճ ժամանակի մը համար ապրիլ անդորրութեամբ, հանգիստ մտքով եւ «կարգ ու կանոն» ունեցող միջավայրի մը մէջ։

Ուր որ աղջիկս կ՛ապրէր, ընդարձակ շէնք մըն էր․ հոն կ՛ապրէին ամերիկացի կամ ոչ-ամերիկացի փոքր ընտանիքներ եւ լիբանանցի ուսանողներ, որոնցմէ մէկ քանին աղջկանս դասընկեր-դասընկերուհիներն էին։ Միասին փոքր խումբ մը կազմած էին՝ պահպանելով լիբանանցին բնորոշող իրենց յատուկ սովորութիւնները եւ ուրոյն մթնոլորտը։ Միւս բնակիչներուն գրեթէ չէինք հանդիպած։ Գացած-եկած ատեննիս պատահականօրէն կը նշմարէինք մէկ-երկու հոգի։ Շէնքին մթնոլորտը ընդհանրապէս հանդարտ էր, շշուկ չկար։

Գիշեր մըն ալ, բաւական ուշ էր, երբ յանկարծ հրդեհի ահազանգը հնչեց ամբողջ շէնքին մէջ։ Ապշահար իրարու նայեցանք եւ հապճեպ դուրս վազեցինք դէպի շէնքին մուտքին գտնուող բաց կառատունը։ Ժամանակը կարճ էր, միայն անհրաժեշտ պէտքեր կրնայինք միասին վերցնել,  ինչպէս՝ անցագիր, դրամ, բանալի։ Յստակ չէր թէ հրդեհը շէնքին որ բաժինին մէջն էր։ Հինգ վայրկեան անցած չէր, երբ բաց կառատունը ամբողջութեամբ լեցուեցաւ շէնքէն դուրս եկած հոծ բազմութեամբ մը։ Զարմացած էի, թէ այդ հսկայ թիւը ուրկէ՞ դուրս եկաւ․ կը կարծէինք, թէ շէնքին մէջ քիչ թիւով բնակիչներ կան։ Գէթ հանդարտութիւնը այդպէս կը յուշէր․․․ Բազմութեան մէջ կային տարեցներ, կառքով երեխաներ, դպրոցական տարիքի փոքրիկներ, երիտասարդներ եւ վերջապէս ամէն տարիքի մարդիկ։

Հրշէջները անմիջապէս վրայ հասան եւ մուտք գործելով շէնքին մէջ սկսան փնտռել հրդեհին վայրը։ Բոլորը հանդարտութեամբ կը սպասէին հրշէջներուն թելադրանքներուն եւ ցուցմունքներուն։ Դէմքերուն վրայ որեւէ արտայայտւթիւն չկար։ Կարծես շատ պարզ պատահար մըն էր․ անտարբերութի՞ւն էր արդեօք թէ ես կը մտածէի լիբանանցիի հոգեբանութեամբ՝ կռահելով թէ խուճապահար մարդիկ «իրարանցում» մը պէտք էր որ ստեղծէին։ Շատեր մոռցած էին իրենց հետ առնել կարեւոր պէտքեր։ Հրշէջները թոյլ չտուին, որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ, մինչեւ հակակշիռի տակ չառնեն եւ չգիտնան հրդեհին տարողութիւնը։

Պահ մը մոռցայ հրդեհին առթած արհաւիրքը եւ մտածեցի թէ եթէ Լիբանան ըլլայինք․․․այս նոյն իրավիճակը ի՞նչ երեւոյթ պիտի ստանար կամ ի՞նչ պատկեր պիտի պարզուէր մեր դիմաց։ Հաւանաբար նմանէր «Բաբելոնի աշտարակին», ուր լեզուներու խառնաշփոթութիւն կար, իսկ հոն, Լիբանան, իրարանցում, պոռչտուք, քաոս․․․սակայն լիբանանցիի մը վարուելաձեւով եւ հիմնական սկզբունքով, նման դժուար պարագայի մը, կարելի չէր ականատես չըլլալ միասնական ոգիի, իրարօգնութեան տրամադրութիւն, հարազատ մթնոլորտ կամ գէթ հետաքրքրութիւն, թէ ոեւէ մէկը բանի մը պէտք ունի՞։

Այսօր Լիբանանի այս դժնդակ օրերուն, հեռաւոր երկիրներ գտնուող հարազատներ եւ բարեկամներ ստուգելէ ետք մեր ապահովութիւնը, հարց կու տան «Ի՞նչ կ՝ընէք տակաւին Լիբանանի մէջ», «Ինչո՞ւ դուրս չէք ելլեր»։ Արդեօք այնքա՞ն հեշտ է լքել երկիր մը, ուր տարիներու ընթացքին ընտանիքդ, աշխատանքդ, միջավայրդ «կաթիլ առ կաթիլ» եւ ճակտիդ քրտինքով ձեռք բերած ես։ Յանկարծ այս բոլորէն արմատախիլ պիտի ըլլաս եւ ճամպրուկներդ  պատրաստելով պիտի հաստատուիս օտար երկրի մը մէջ եւ պիտի հաւանիս ընտելանալ օտարոտի եւ մեքենակայանացած կեանքի մը։ Հոգ չէ թէ օրէնքի երկիր է, հոգ չէ թէ «հանգիստ» երկիր է օտար երկիրը  ․․․մեզմէ շատեր, իբրեւ արեւելքցի եւ մասնաւորաբար իբրեւ լիբանանցի, նախապատուութիւնը պիտի տան Լիբանանի եռանդով զեղուն մեր կեանքին, մեր «տաքուկ» եւ ջերմ մթնոլորտին, մեր խանդավառ ընկերային միջավայրին, դրացիներու հիւրընկալութեան եւ վերջապէս սքանչելի եւ յափշտակիչ տեսարժան վայրերուն․․․որոնք անփոխարինելի են։ Հոգ չէ թէ Լիբանանի տագնապալից վիճակը մեր շուքին պէս մեզ կը հետապնդէ եւ մեզմէ կը խլէ խաղաղ ապրելու իրաւունքը, սակայն օտարութիւնը մեզմէ կը խլէ մեր ինքնութիւնը, մեր, այս պարագային, իբրեւ հայ գոյատեւելու առիթը։ Այս երկընտրանքին դիմաց, հաւանաբար, շատերու համար դժուար ըլլայ վճռական որոշում մը կայացնել։ Կը մնայ կա՛մ համակերպիլ Լիբանանի իրավիճակին կա՛մ տուայտիլ օտար ջուրերու վրայ, հոն ուր ցամաքը անձեռնմխելի է ու շա՜տ հեռաւոր․․․

Հրշէջները դուրս եկան շէնքէն․ ահազանգը սխալմամբ հնչած էր․․․հրդեհ չկար։ Անակնկալի եկած, բայց գոհունակութեամբ վերադարձանք մեր տուները եւ փառք տուինք, թէ պատահածը սուտ ահազանգ մըն էր։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Չմոռնանք մեր իրական հերոսները՝ «Սամուել»ն ու «Գէւորգ Մարզպետունի»ն

Ամէն անգամ երբ մենք ետ կը նայինք դէպի պատմութեան խորքերը եւ մեր հայեացնքները կը յառենք այն լուասուոր եւ յուսատու կերպարներուն, որոնք իրենց անձով ու գործունէութեամբ հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները կերտած են կամ ամբողջ դարաշրջանի մը համար կեդրոնական դեր կատարած, մենք աւանդաբար կը զրուցենք մեր արքաներուն, զօրավարներուն հետ, կը դիմենք մեր փիլիսոփաներուն ու մեծ մտաւորականներուն: Մենք կը փորձենք անոնց կերպարներով ոգեշնչուիլ, անոնց գործունէութիւնը մեզի համար օրինակ սահմանել:

Շատ յաճախ, անձամբ ալ չենք նկատեր մեր եւ անոնց միջեւ եղած սկզբունքային տարբերութիւնները: Մենք չենք նկատեր, որ Գարեգին Նժդեհի կամ Տիգրան Մեծի մասին խօսելու ատեն, մենք կը վերցնենք անոնց գործունէութեան լաւագոյնը եւ ուղղակի կը փորձենք տեղաւորել մեր առօրեային մէջ, ինչ որ անսպասելի է ու անիրական: Մենք չենք տեսներ ու չենք հասկնար մեր հերոսները իրենց ակունքներով: Մենք զանոնք կը տեսնենք արդէն իսկ իրենց բարձունքին վրայ ու երբ կը համեմատենք մեր, կը թուի, թէ չնչին առօրեային հետ անոնք այնքան անհասանելի ու բարձր են թուան, որ երբեմն խորթ կը դառնան: Յիրաւի դժուար է դիմել արքաներու արքայ Տիգրանին, ան բոլորովին այլ աշխարհի ու իրականութեան մարդ էր, այլ չափանիշներու ու սկզբունքներու տէր: Բայց մենք ունինք գրական երկու հերոս, որոնցմէ մէկը առնուազն իրական է, իսկ միւսը եթէ ոչ իրական, ապա վստահ ունի իր նախատիպը, որոնք, կ’ենթադրեմ, շատ մօտ են մեր սրտին ու հոգիին: Նախ իրենց գործողութիւններով եւ ապա` սկզբուքներով: Անոնք Րաֆֆիի «Սամուել»ն ու Մուրացանի «Գէւորգ Մարզպետունի»ն են:

Ո՞վ են անոնք: Սամուելն ու Մարզպետունին ամենաճիշդ հայրենասէրներն են: Անոնք արքայ ու գերհզօր իշխաններ չեն, անոնք չունին դաշնակիցներ, հարստութիւն, ազդեցութիւն: Անոնք իրենց գործունէութեամբ իսկ վատթարագոյն դրութեան մէջ են, երբ պայքարելու նուզագոյն ցանկութիւն իսկ գոյութիւն չունի:

Սամուելը դաւաճան իշխանի մը զաւակն է: Անոր հայրն ու մայրը դաւաճանած են քրիստոէնութեան եւ հայրենիքին: Սամուելը գրեթէ չունի զինակիցներ, ան մեծ ճակատամարտեր չէ յաղթած, ան արքայ չէ եւ մեծ բանակներ չունի, ան հզօր ռազմագէտ չէ: Սամուելը ազնուական է եւ կրկնակի ողբերգութիւն կ’ապրի: Անոր երկիրը ոտնակոխ եղած է թշնամիին կողմէ, իսկ հայրն ու մայրը դաւաճաններ են: Սամուելը ամբողջական հոգեկան դժոխքի մը մէջէն անցնելէ յետոյ, ծանրագոյն ողբերգութիւնները ապրելէ ետք, կը սպանէ իր հայրն ու մայրը, որովհետեւ անոնք դաւաճանած են Հայաստանի, անցած են թշնամիին կողմը: Սամուելը չի յաղթանակեր, փառք չի վաստկիր, ան իր վրայ կը վերցնէ անէծքներուն ծանրագոյնը՝ ծնողասպանութիւնը:

Գէւորգ Մարզպետունի պարզ իշխան մըն է: Ան եւս կը տեսնէ իր երկրին ծուատումը ամէն կողմէ, ամէնուր դաւաճանութիւն եւ ուրացում: Թագաւորը յուսահատ է, մէկ կողմ քաշուած, իշխանները լքած են զինք ու ամէն մէկը իր անկիւնը քաշուած, թշնամին կը նուաճէ երկիրը եւ այդ դեռ չի բաւեր, քաղաքացիական պատերազմ կը հասուննայ իշխաններուն միջեւ, ծանրագոյն հակադրութիւն խումբ մը այլ իշխաններու եւ արքային միջեւ: Մարզպետունի իշխանը հարուստ չէ, մեծ զօրք ու հնարաւորութիւններ չունի: Անվերջ պայքարելէ յետոյ ան լրիւ առանձին է, իր կողքը ոչ ոք ունի բացի իր մէկ-երկու թիկնապահէն ու որդիէն: Գէւորգ իշխանը կ’որոշէ յարձակիլ թշնամիին վրայ՝ առանց զօրքի: Մեծագոյն ջանքերով ան ընդամէնը 20 հոգի կամաւոր կը գտնէ եւ այդ փոքրաթիւ խումբով կը յարձակի բազմահազարանոց թշնամիին վրայ: Եւ այդ յարձակումը յոյս կը վառէ հայոց սրտերուն մէջ:

Ըստ էութեան, Սամուելն ու Գէւորգ Մարզպետունին մեր նուազագոյն գնահատուած եւ ամենէն շուտ մոռցուած հերոսներն են: Մենք կը սիրենք հեռուէն նայիլ փայլատակող փառքին, բայց երբ մենք ընդհանրապէս կը խուսափինք նոյնիսկ ծանր խօսքէն, ուր մնաց դիմենք սարսափելի ծանրութեամբ քայլերու: Մեր այժմեան կամքը մեղամոմի նման փափուկ է ու դիւրաբեկ, մեր միտքերը շփոթի մէջ են, մեր գործողութիւնները կուրացած ու հարուածը՝ թոյլ:

Ու այս պահուն մենք ոչ միայն մեծ գաղափարադիր Նժդեհ-ասատրեան զոյգը պէտք է յիշենք, կամ արքայից-արքայ Տիգրան, յաղթող Վարդան պահանջենք, այլ փորձենք հասկնալ այն կերպարները, որոնք գործած ու առաջ գացած են այնպսի սարսափելի վիճակներու մէջ, որ անոնց միայն ձախողութիւն եւ անյաջողութիւն սպասած է: Ի վերջոյ, Սամուել եւ Մարզպետունի կերպարները այսօր առաւել քան արդիական են: Որովհետեւ մենք ունինք թոյլ ու թշուառ հոգեկան իրավիճակ մը, այսօր միայն կիսատ-պռատ բանաւոր խօսք կը զարգանայ, մինչդեռ մենք կը սարսափինք անձնական պտասխանատուութենէ ու որեւէ կարծր գործողութենէ: Մեզմէ քանի՞ հոգի այսօր պատրաստ է քանի մը հոգիով ազգային պայքար սկսիլ Մարզպետունիի նման՝ չնայած ընդհանուր աղէտին, չնայած, որ նոյնիսկ թագաւորը մէկ կողմ քաշուած է ու անթիւ թերութիւններ ունի: Մարզպետունին երկար-բարակ չի քննարկեր, ան չի մեղադրեր արքան, այս ու այն իշխանը, անոր համար հայրենիքը աւելի ծանր կը կշռէ, քան մնացեալ բացարձակապէս ամէն ինչը: Մարզպետունին քարսիրտ ինքնասպան մը չէ: Ան շատ լաւ կը գիտակցի, որ ձախողիլն ու կոտորուիլը աւելի իրական հեռանկար է, ան որպէս ծնողք հոգեկան մեծ պայքարի մէջ է, երբ կը գիտակցի, որ քանի մը ժամ յետոյ սպասուող կռուին մէջ իր որդին ամենայն հաւանականութեամբ կը նահատակուի ու ինքը ոչ մէկ ձեւով չի կրնար խանգարել այդ բոլորը: Բայց ան զոհասեղանին  կը դնէ ամէն ինչ, ամենաթանկը՝ ինքզինք ու իր որդին:

Սամուելի կերպարը աւելի մռայլ է ու ահաւոր: Այդ լռակեաց երիտասարդը գրեթէ խելագարութեան կը հասնի տեսնելով, թէ իր շուրջը ինչ կը կատարուի: Եթէ Գէւորգ Մարզպետունին ունէր իր հաւատարիմ որդին, ապա Սամուելը չունի մէկը: Իր հայրն անգամ, որ իր առաջնորդն ու յենարանը պիտի ըլլար՝ պետական դաւաճան է ու թշնամիին զօրքը կ’առաջնորդէ դէպի Հայաստան: Սամուելի ողբերգութիւնը թէ՛ ազգային է, թէ՛ անձնական: Այդ տրաման լուսաւոր աւարտ չի կրնար ունենալ: Հեքիաթ մը չէ, ուր դաւաճանը յանկարծ ուշքի գայ եւ յանկարծական հերոսութիւն մը կատարէ: Ո՛չ: Ոչ ոք չի զղջիր, ոչ մէկ լաւ բան կայ: Հայրենիքը կը կործանի է եւ զայն խորտակողներէն մէկը իր ծնողներն են: Սամուել այլ ելք չի գտներ, քան հարն ու մայրը սպանելը: Ու այս արիւնոտ տրաման կ’աւարտի ծանր ու հոգեցունց կերպով: Մենք չենք գիտեր, թէ Սամուել յետոյ ո՞ւր կ’երթայ, ի՞նչ կ’ընէ: Թերեւս ան կը շարունակէ պայքարիլ կամ, չդիմանալով իր անձնական դժոխքին ծանրութեան՝ անձնասպան կ’ըլլյ: Չենք գիտեր: Մենք միայն կը գովենք «կեցցէ՛ Սամուելը, որ իր հայրենիքը ծնողներէն աւելի կը սիրէ ու գիրքը կը դնենք մէկ կողմ, յետոյ երբեմն կ’ըսենք «ապրին Րաֆֆին ու Մուրացանը, շատ լաւ գիրքեր գրած են»:

Սամուելն ու Մարզպետունին այսօր այն կերպարներն են, որ պէտք է դառնան հայրենասիրութեան չափանիշ: Անոնք այն կերպարներն են, որով մենք կրնանք չափել մեր անձնազոհութիւնն ու կամքը, մեր հոգեբանութիւնը, մեր ազգային ու անձնական հոգեկան վիճակն ու հաւասարակշռութիւնը: Անոնք այն կերպարներն են, որ կը գործեն «վատէն աւել վատ» իրավիճակի մէջ: Անոնք այն կերպարներն են, որ ստիպուած են կատարելու սարսափելին:

Ընդ որում, կարեւոր է հասկնալ նաեւ շատ կարեւոր երեւոյթ մը: Այդ մէկը Սամուելի ու Գէւորգ իշխանի ներքին հոգեկան պայքարն է: Մարդը որքա՞ն զօրեղ կամք պիտի ունենայ, որ կարողանայ այդ անձնական դժոխքը անցնել, չխելագարիլ, չյուսահատիլ: Որքա՞ն ամուր հոգեկան աշխարհ պէտք է ունենայ, ի՞նչ աստիճանի ներքին տառապանք պիտի յաղթահարէ, որ կարողանայ նախ չխելագարիլ, յետոյ` արդէն գործել:

Մեզմէ քանի՞ հոգին կրնայ նման աստիճանի դժոխք վերապրիլ: Մեզմէ քանի՞ հոգին կրնայ գէթ տեսական մակարդակով փորձել հասկնալ Սամուելն ու Գէւորգ իշխանը:

«Սամուելը» եւ «Գէւորգ Մարզպետունին» պարզապէս գիրքեր չեն, անոնք ռոմանթիք ու խենթ հայրենասիրութեան մասին չեն: Այդ գիրքերը նախ եւ առաջ անձնակական ծանր տրամաներ են, յետոյ` արդէն յանդուգն մարտահրաւէր՝ սեփական անձին ու մնացեալ աշխարհին: Րաֆֆին ու Մուրացանը մեզի մեծ գործեր են նուիրած, անոնք մեզ զինած են պահապան-հրեշտակներով, կամ եթէ կ’ուզէք՝ պահապան-դեւերով, որոնք պատրաստ են ամէն ինչի՝ ամենախիզախէն մինչեւ աննկարագրելի ոճիրի՝ յանուն հայրենիքի: Սամուելն ու Գէւորգ իշխանը ըստ էութեան, ընկերաբան հոգեբան Էրիք Ֆրոմէն տասնամեակներ առաջ պատասխանած անոր «ունենա՞լ, թէ ըլլալ» հարցին: Անոնք նախընտրեցին ըլլալ այդ հայրենիքը, դառնալ այդ հայրենիքը եւ դառնալ անոր ծանրագոյն ու մութ պահապանները:

Ցաւալի է, որ մենք հիանանք Թօնի Սթարքով (Avengers, the Iron Man), որ ինքզինք կը զոհէ, կամ Պոլվար Ֆորտրակոնով (Warcraft, RPG խաղ), որ կամաւոր կը նստի սառոյց գահին՝ ինքզինք զոհելով, որ չարիքը դուրս չգայ, բայց կը մոռնանք մեր իրական հերոսները, որոնք ոչ թէ տարօրինակ ու երեւակայական դեւերու հետ կը կռուին հեքիաթի մը մէջ, այլ հոս, մեր պատմութեան խորքին, ու կը պայքարին ու կը յաղթեն նախ իրենք իրենց, ապա կ’ելլեն ամբողջ աշխարհին դէմ:

Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» ձեռնարկին առիթով

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը անցեալ յուլիսին Լիզպոնի մէջ կազմակերպեց «Հաւասարում նորոգ» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ վերածուեցաւ կոչի սփիւռքահայ մտաւորականներուն՝ վերիմաստաւորելու հայկական սփիւռքի ինքնութիւնը՝ 1968-ին գրուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» Յարութիւն Քիւրքճեանի յօդուածին հետեւողութեամբ:

Այս ձեռնարկէն եւ Քիւրքճեանի անակնկալ մահէն ետք, լոյս տեսաւ Ռազմիկ Փանոսեանի՝ «Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. մտաւորական հսկայ մը» խորագրեալ յօդուածը, որ թարգմանաբար լոյս տեսաւ «տարբերակ»ին մէջ:

Փանոսեանի այս յօդուածը հանդիսացաւ շարժառիթ մը, որ վերստին օրակագի վրայ դրուի ընդհանրապէս սփիւռքահայ ինքնութեան սահմանումի հարցը: Նիւթը բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակով, մաս առ մաս հրատարակեցինք Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը:

Քիչ անց, Նորայր Էպլիղաթեան արձագանգեց Փանոսեանի յօդուածին՝ «Հայկական սփիւռքը եւ 1960-70-ականներու վերածնունդը» խորագրով իր գրութեամբ, որ նոյնպէս թարգմանաբար լոյս տեսաւ տարբերակ21 հարթակի էջերով, 10 հոկտեմբեր 2024-ին:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ» նախաձեռնութեան նոր թափ տալու մտադրութեամբ պատրաստեցինք PDF թղթածրար մը՝ ընդգրկելով Կիւլպէնկեանի ձեռնարկին թղթակցութիւնը, բաժիններ Փանոսեանի յօդուածէն, հատուածներ Էպլիղաթեանի գրութենէն եւ Քիւրքճեանին յօդուածը ամբողջութեամբ:

1968-ին գրուած Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» յօդուածը, ինչպէս Ռազմիկ Փանոսեան կը բնորոշէ, կոչ մըն էր ուղղուած հայկական սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը՝ բացուելով աշխարհին, այլ ոչ թէ նահանջելով ու մեկուսանալով «կեթոյին» մէջ:

Յարութիւն Քիւրքճեան, նաեւ իր 68-ի սերնդակիցներուն բերնով, կը պեղէր սփիւռքահայ ինքնութեան ծալքերը եւ կ’ընդգծէր «այլ»ին բացուելու, նոր պայմաններուն յարմարելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեան հերոսները կը վկայեն, որ աւանդականէն ու աւանդութիւններէն անդին, մարդկային ու համամարդկային նոր արժէքներու միաձուլումը ինքնութեան հետ՝ նոր խորք, երանգ ու թռիչք տուած է իրենց հայկականութեան:

Քիւրքճեանի այս խորհրդածութիւնները, սակայն, շուրջ 60 տարի ետք, թէեւ շեշտակիօրէն այժմէական, կը մնան անպատասխան ու հայկական սփիւռքը կը շարունակէ տուայտիլ անորոշութեան մէջ, գրեթէ անդիմագիծ ու կորսուած՝ անցելապաշտութեան ու պահպանողականութեան, եւ ոչ թէ ձուլումի, այլ ամբողջական օտարացումի միջեւ. հայը կը գաղթէ իր հայութենէն՝ պահպանողական ու անցելապաշտ իր հայութենէն: Յո՞ երթաս ինքնութիւն:

Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» ձեռնարկը վերստին օրակարգի վրայ կը դնէ ինքնութեան քիւրքճեանական հարցադրումները եւ տեսլապաշտութիւնը:

«Հաւասարում նորոգ»ը բաց հրաւէր է մեր ժամանակի մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ սկսելու երկխօսութիւն մը եւ որոնելու գործնական ուղիներ, որոնք յարգելով հանդերձ անցեալը՝ կ’անդրադառնան հայկական ժամանակակից ինքնութեան ճգնաժամին:

Իսկ այս թղթածրարը լոկ յուշարար մըն է այդ հրաւէրին:

Ի յարգանս ուսուցիչիս՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի աւանդին:

PDF թղթածրարը ներբեռնել հետագայ կապով:

Կիւլպէնկեանի «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» ձեռնարկին առիթով

Reflecting on Armenia’s Missed Paths in Karabakh

Նորայր Էպլիղաթեանի հետագայ յօդուածը կը քննարկէ Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վիճելի մօտեցումը ղարաբաղեան հակամարտութեան, մասնաւորապէս անոր «հող խաղաղութեան դիմաց» բանակցական ձեւաչափին մասին:

Էպլիղաթեան կը քննադատէ Տէր-Պետրոսեանի թեզը խաղաղութեան փախցուած առիթներու մասին՝ հարց տալով, թէ արդեօք այս տեսակէտը չափազանց պարզացում կամ պատասխանատուութենէ խուսափում չէ՞ հետագայ աղէտալի հետեւանքներէն:

Ղարաբաղեան շարժումի ղեկավարութեան (բոլորին) սխալները, անոնց ներքին երկպառակութիւնները եւ ընդհանրապէս կատարուած սխալ հաշուարկումները վերլուծելով, Նորայր Էպլիղաթեան դիտել կու տայ, թէ ինչպէ՛ս ներդաշնակ ու ազդու ռազմավարութեան մը բացակայութիւնը ի վերջոյ տկարացուց Հայաստանը՝ ազգային անվտանգութեան հարցը դարձնելով մնայուն մտահոգութեան առարկայ:

Յօդուածը կու տանք իր բնագրային լեզուով՝ անգլերէնով:

Introductory Note: President Levon Ter-Petrosyan has a position paper for the resolution of the Karabakh conflict, called “War or Peace, Time to Get Serious”. This article is a response to Ter-Petrosyan’s thesis. 

This document is being marketed as a vindication about LTP’s attempt at negotiations with Azerbaijan. The key point is “I told you so, but no-one listened”; and the consequences of the palace coup resulted in a belligerent policy that ended in disaster. 

I believe this is a false narrative and a weak attempt at shirking personal responsibility. I should hasten to add that the Karabakh Movement leadership (all members) are responsible for the disaster that followed. 

Internal Factors 

The movement was started with no exit strategy. The Bishkek Protocol on May 5, 1995 was a provisional ceasefire agreement. In other words, the Armenian side agreed on a ceasefire, even though it was on the winning side, with no final peace agreement. 

Following the ceasefire, both sides were expected to prepare for another round(s) of fighting that would end the war decisively. The Azeris immediately started preparations: 

  • They consolidated their leadership, and  
  • Started a serious rearmament process. It is public knowledge that on average, the military budget of Azerbaijan was six times that of Armenia during the years between the two Karabakh wars.  Meanwhile the Karabakh leadership: 
  • Took control of the leadership of the republic of Armenia, and • Engaged in oligarchic activities; i.e. the fire sale of the industrial base left by the Soviet Union. Without an industrial base, Armenia went back to an agrarian society and a natural resource extraction economy. 

We are to believe that in November, 1997, LTP came up with a proposal of land-for-peace negotiations. But negotiations assume two sides that would talk and come up with a mutually agreed upon conclusion. LTP and the Karabakh Movement leadership did not have anyone to negotiate with. The Azeris had already decided to resolve this issue by force (the same way as they lost the territory by force). The subsequent Minsk negotiations reinforce the idea that the Azeris were pursuing time-to-rearm policy as opposed to a serious bargaining approach. 

The Palace coup reinforces the conclusion that the Karabakh Movement leadership, as a group, did not have a coherent strategy: 

  1. For continuing the fighting to the end, i.e. the jure liberation of Karabakh, and 
  2. The unification of Karabakh with Armenia. 

It was the unification with Armenia resolution that started the conflict.  LTP and his comrades did not pursue that key political objective, even though they were in power both in Armenia and Karabakh. Why did they start the war, without a clear objective of attaining a peace treaty with Azerbaijan and did not pursue the unification with the republic of Armenia? 

The unification with Armenia had two aspects: 

  • The jure unification, i.e. a resolution by the Armenian republic parliament declaring Karabakh as an integral part of the territory of the Armenian republic. 
  • The facto unification by populating the region of Lachin. Building two roads to Karabakh does not secure the unification; however, populating Lachin and settling more families in Karabakh makes it harder to invade. 

The Karabakh Movement leaders also point the finger at the public that was in furor at the thought of concessions. The simple fact is that it is the responsibility of the leadership to shape the expectations of the masses. In other words, they unleashed expectation with their rhetoric that they could not control. Eventually by not pursuing their proclaimed objectives, both the public at large and their second echelon leadership turned against them. 

One of the key failures of LTP himself is that he refused to work with the Diaspora, and chose to pursue a solo policy of rule (both in Armenia and in Karabakh). Personal animosities led to a tunnel vision and hindered a broad coalition, which was essential for the monumental task that had started. Without the Diaspora, Armenia simply did not have the means to pursue its strategic objectives.  

My opinion is that the Karabakh leadership belonged to a regional Soviet apparatchik class, with no experience of international politics. These were KGB trained administrators that did not have either the experience or the vision to accomplish the political goals of their movement. They were transformed into petty dictators who were more concerned about keeping their fiefdom than the liberation of Karabakh. 

And now, they are diffusing the blame, by a he-said-she-said narrative.

  • One of them pushes the I-told-you-so story.  
  • The other wants us to believe that international relations are an exercise of personal friendships with other powerful leaders. He-is-a friend-of-mine syndrome. 
  • Others blame Russia for interfering in Armenian sovereignty and not letting the Armenian leadership to pursue its own objectives. The adherents of this narrative do not realize that they reveal a lack of sovereignty of ‘Independent’ Armenia. 
  • Still others blame the ‘Turkic mindset’, instead of being introspective.  The Turks are the bad guys. 

The sad phenomenon is that these narratives are repeated so many times that the public starts believing that there must be an element of truth in them. This phenomenon seems to be the real motivation of these false narratives. Spreading doubt and confusion with the hope that history might be tempted to record them as extenuating circumstances. 

External Factors 

One of the key assumptions of LTPs land-for-peace negotiation strategy is that there is a willing negotiating party.  

My thesis is that assumption is false. 

After stopping the bleeding (Bishkek Protocol of May, 1995), Azeris had to assess the situation, and one of the key conclusions was that time was on their side, and this setback can be overcome. 

The first step was the consolidation of leadership. Heydar Aliev was installed as the president of Azerbaijan in 1993 after a military coup. He was a high-ranking KGB officer and even though he was despotic, he was ruthlessly efficient. As a side note, one can mention that even as late as October 1999, the Armenian side was divided (the killing of Vazken Sargsyan, Karen Demirchyan and six others in the Armenian Parliament). 

The second step was the initiation of oil diplomacy. In international circles the Karabakh issue was described as two competing claims:

  • Self-determination of a region with minority Armenians, vs.
  • Territorial integrity of Azerbaijan. 

Aliev started advocating the thesis of territorial integrity and by the second Nagorno-Karabakh war in 2020, Azeri diplomacy had prevailed. The majority of international actors were swayed by the territorial integrity argument.  Armenian diplomacy was comparatively weak. We had already lost the case, and were desperately searching for ‘friends’ and saviors.  

The third step was to bolster the Azeri armed forces. As mentioned before, between the first and the second Nagorno-Karabakh war, Azerbaijan spent 6 to 1 on military preparedness compared to Armenia. 

In addition to purchasing the latest hardware and getting trained on it, there was a difference in strategy: 

  • The Armenians adopted a Maginot line strategy. 
  • The Azerbaijanis adopted a test-and-learn agile strategy which included ISTAR (Intelligence, Surveillance, Target Acquisition and Reconnaissance) coupled with drone and artillery targeting and special operations forces (SOF). 

Test-and-Learn operations were conducted: 

  • On the border of Karabakh (during the one-to-four-day skirmishes).
  • While Turkey tested and fine-tuned their Bayraktar drones in the Syrian war theater. 

The irony is that Armenians have a large community in Syria that could have easily gathered information on the Bayraktar drones, before they were utilized to target our youth in 2020. 

The Armenian General Staff was expecting large columns of tanks and armor, while Azeri special forces outmaneuvered the defensive lines and reached Shushi.  

International Factors 

Aside from the Armenian-Azeri dynamics. It is also important to examine the international context. 

Historically, the Caucasus has been the touch-point of three empires; The Tsarist, Ottoman and Iranian empires. Of these, the Iranian empire has withdrawn into its current borders, and abstained from hegemonic attempts; while the successors of the Tsarist/Soviet and Ottoman regimes are quite active in South Caucasus. 

When we refer to the international context of the Karabakh movement, we focus on two concentric circles: 

  • The immediate neighbors (Russia and Turkey) constitute the inner circle.
  • The international actors (e.g. USA and France) who are hegemons across the globe interested in South Caucasus. They constitute the outer circle. 

While Azeris are predominantly from the Shia Muslim denomination and historically have had strong ties with Iran (especially northern Iran where there is a substantial Azeri minority); Pan-Turanic (Turkic) ideology has been successful in attracting Azerbaijan into the orbit of Turkey. 

Azeri diplomacy has also used the Pan-Turanic (Turkic) ideology to strengthen its ties with Turkey and establish a firm diplomatic/military alliance. 

The Armenian diplomacy had a different trajectory. Prime Minister Pashinyan, leveraged the anti-Soviet sentiment in Armenia to veer the country from a pro-Russian to a Western orientation. 

While there is nothing wrong in adopting a pro-Western orientation, changing alliances is a dangerous process in a wartime situation. The existing alliance system is undermined without having the time to replace it with a new equilibrium. Diplomacy and developing alliances take time and are a transaction-oriented process. 

The Armenian elite banked on the CSTO and specifically Russian aid, when the same elite was distancing itself from the Russian sphere. It is also important to note that this transition attempt was quite timid (the Velvet Revolution is a misnomer, revolutions to be successful are seldom ‘velvety’). This diffident approach was one of the main reasons that Armenia was caught in a situation with no allies in 2020. 

Russia was heavily involved in Ukraine and needed to focus all its resources on the Ukrainian theater. Protecting an Armenian minority within Azerbaijan (self-determination issue), especially at a time when Armenia was distancing itself from Russia was of a lesser priority. 

As for the outer circle actors; it is paramount to note that Turkey is a prominent member of NATO. The US can give lip service to Armenia; however, when it comes to conflicts, it is legally bound by NATO agreements. Furthermore, the US desire to drive Armenia out of the Russian sphere of influence, does not mean that the US would commit to antagonizing Turkey. 

France is a new contender in the South Caucasus. However, it is a waning colonial power. Its declarations are diplomatic overreach that cannot be supported by military force. 

All-in-all, the Azeri-Turkish alliance had a perfect storm in 2020 and 2023.

  • They were ready militarily and had tested the weaknesses of the Armenian defenses in regular prick attacks. 
  • On the diplomatic front they had already won alliances and their case.
  • Finally, superpowers were busy in the Ukrainian theater. The first coup (2020) resulted in a military defeat. The second coup (2023) resulted in ethnically cleansing Karabakh of all its Armenian inhabitants. 

In conclusion, President Ter-Petrosyan’s attempt at vindicating himself and pointing the finger at his collaborators is not convincing. There were:

  • Systemic failures in leadership, 
  • Failure in military preparedness and doctrine. 
  • Failure in diplomatic activities. 

The fact that one of the leaders desired to sit for negotiations would not have altered the eventual outcome. 

In 1920 Azerbaijan with the help of the Soviet Union annexed Nakhichevan.  And in 2020 (one hundred years later) with the help of Turkey was able to resolve the issue of Karabakh. 

The salient question now is: What would be the fate of Syunik (Zankezur)?

Պատերազմական պայմանները եւ Գարակէօզեան հաստատութիւնը՝ Սերոբ Օհանեանի հետ

Պատերազմի օրեր են եւ ծանր ու դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուին Լիբանանն ու լիբանանցին, եւ բնականօրէն՝ լիբանանհաայութիւնը: Համատարած աւերներ, տեղահանութիւններ, վախ ու սարսափ եւ հոգեկան ցնցումներ: Այս պայմաններուն մէջ, բարեսիրական մեր հաստատութիւնները ամբողջական լարումով կը շարունակեն կարիքաւորներուն օգնութիւն տրամադրելու իրենց առաքելութիւնը: Այսօր, մենք կը խօսինք Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին հետ, նախ աւելի մօտէն ծանօթանալու պատերազմական այս մթնոլորտին մէջ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններու, ապա նաեւ թէ առողջապահական եւ ընկերային ծառայութեան այս կեդրոնը ի՞նչ լուծումներ կ’առաջադրէ այդ դժուարութիւններուն:

AI-ի դարուն՝ թուային ինքնութիւնը ընդդէմ մարդկային ու ազգային ինքնութեան

Ազգային ինքնութիւններու մասին խօսելու ատեն, մենք պէտք է նաեւ ուշադրութիւն դարձնենք կարեւոր, բայց առայժմ չշօշափուող հարցի մը՝ թուային միջավայրին։ Ներկայիս, թուային միջավայրը դարձած է մարդու առօրեային անբաժանելի մէկ մասը՝ ուժեղագոյն ազդեցութեամբ եւ ներկայութեամբ։ Այս երեւոյթը կարեւոր է ոչ միայն բարոյախօսական, միջանձնային շփման եւ այլ տեսանկիւններէ, այլեւ ազգային ինքնութեան ընկալման դիտանկիւնէն։ Խնդրայարոյց է այն, որ, ըստ էութեան չհասկնալով, թէ ինչ է ինքնութիւնը եւ անոր ուղղուած բազմաթիւ կիսատ-պռատ մեկնաբանութիւններով «ենթադրեալ ինքնութիւն» բացայայտելու փորձերու արանքին կայ սովորական մարդու թուային միջավայրը, ուր ան կը վերափոխուի անդառնալիօրէն եւ այդ թուային միջավայրը կ’ազդէ նաեւ անոր՝ ոչ միայն իր անձին ու հոգեբանութեան, այլեւ ազգային ինքնութեան ընկալման վրայ։ AI-ի մուտքը մեր կեանքէն ներս բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնէ եւ այդ հարցրերը պատասխաններ կը պահանջեն։

AI-ի մուտքը մարդկային կեանքէն ներս ոչ միայն փոխած է եւ կը շարունակէ փոխել մեր սեփական անձին ընկալման չափանիշները, այլեւ ընդհանուր հասարակական հասկացողութիւնները։ Երեւակայեցէք, երբ մարդը չի գիտեր, թէ ինք ով է, ապա ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ իր պատկանած հասարակութիւնը, ազգը կամ նուազագոյնը՝ խումբը։ Ընդ որում, եթէ մարդը ինքնարտայայտութեան հարց ունի որպէս ընկերային արարած, երբ ան ձեւով մը փորձ կը կատարէ լուծելու իր սեռային, զգացական, մտաւորական խնդիրները, որոնք հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան բազմաթիւ տեսութիւններու քննարկման առարկայ են, ապա ինչպէ՞ս ան պիտի վերաբերի իր էթնիք պատկանելիութեան հետ։

AI-ը չունի ազգութիւն, կրօնական կամ բարոյական որեւէ չափանիշ։ AI-ի բազմաթիւ գործիքներ տակաւին զերծ կը մնան բռնութեան, սեռային եւ այլ տեսարաններ նկարագրելէ կամ պատկերացնելէ (թէեւ կան նաեւ չգրաքննուած AI գործիքներ), բայց անոնք պայմանաւորուած են միայն տուեալ երկրին օրէնքով, այլ ոչ թէ ազգային առանձնայատկութիւններով։ Ազգութիւն չունեցող AI-ը համահարթ ու համահաւասար կ’ընդունի բոլոր ազգութիւններն ու կրօնները՝ իւրայատուկ Էսփերանթօ մը (Միջազգային լեզու մը ստեղծուած Լուտվիկ Զամենհոֆի կողմէ 1887-ին՝ իբրեւ դիւրին ուսուցուող, հաղորդակցութեան չէզոք լեզու մը տարբեր ազգերու միջեւ) նաեւ էթնիք միջավայրի համար։

Ինչպէ՞ս պիտի դրսեւորուի «ազգայինը» թուային միջավայրի մէջ։ Աստիճանաբար թուային միջավայրին մէջ կլանուող մարդը ինչպէ՞ս պիտի վերաբերի իր էթնիք ընկալումին։ Մինչեւ հիմա, էթնիք առանձնայատկութիւնները բնորոշուած են լեզու-կրօն-տարածք-միջավայր եւ մշակութային այլ առանձնայատկութիւններով։ Էթնիք ընկալումները դիտարկուած են որպէս տուեալ էթնոսի քաղաքակրթական ձեռքբերումներուն հիման վրա ստեղծուած աշխարհայացքներ, իսկ ա՞յժմ։ Ինչպէ՞ս պիտի տարբերակուին «նոր ձեռքբերումները»։ Ինչո՞վ հայը առանձնացնել ֆրանսացիէն։

Անգլիացի գրող Օլտէս Հաքսլի, խօսելով ժամանցի եւ հաճոյքի մասին, կը նշէ, որ նախորդ դարերուն ժամանց ու հաճոյք ըսուածը որոշ չափով մտային աշխատանք կ’ենթադրէր՝ ներկայացումներ, օբերա, առակներ, տօնական ծիսակատարութիւններ եւ այլն, ֆիզիքական եւ մտաւորական որոշակի միջավայր ունէին, մտային որոշակի ունակութիւններ կը պահանջէին եւ արուեստը արուեստ կը նկատուէր, երբ զայն հասկնալու համար մարդը հոգեկան եւ մտային ջանք պէտք էր գործադրեր՝ պարզն ու բարդը տարբերելու համար, իսկ հետագային մարդոց հրամցուեցան նորութիւններու թերթեր, շո-պիզնէս ու սինեմա, ռատիո, որ արդէն որեւէ ճիգ չէր պահանջեր։ Մարդիկ կրնային ժամերով պաստառին նայիլ ու չմտածել։

Հիմա վիճակը աւելի սրած է։ AI-ի պարագային, մենք ունինք ոչ թէ պարզ ապրանք մը, այլ ՈՉ ՈՔԻ կողմէ ստեղծուող ապրանք մը: Ապրանք մը, որ կը ստեղծուի անձնական, էթնիք, կրօնական, տարածքային ինքնութիւն չունեցող ալկորիթմի մը կողմէ: Անոր համար ամէն ինչ միեւնոյնն է: Ազգային ինքնութիւնը որպէս քաղաքակրթական ձեռքբերում՝ մարդուն եւ անոր պատկանած խումբին դարերու պայքարն ու սեփական սխալներու, ձեռքբերումներու փորձն է: Անիկա իրլանտացին կ’առանձնացնէ չինացիէն: Արուեստական բանականութեան պարագային, այդ բոլորը կը վերանան: Անիկա կրնայ ստեղծել իրավիճակ մը, միջավայր մը, որեւէ բան, ուր տարբեր ազգերու, կրօններու ներկայացուցիչներ կը դառնան միանման ու համահաւասար, համահարթ: Հոն կը վերանան բոլոր իւրայատկութիւնները: Հոն անհատ մարդը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր եզակիութիւնը, այլեւ՝ իր ազգային ինքնութիւնը:

Օրը օրին ռոպոթացող եւ մտաւորական ընդունակութիւններ չպահանջող թուային միջավայրին մէջ, մարդ արարածը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ ինքզինք եւ իր ազգութիւնը: Ի՞նչ առանձնայատկութիւններ ձեռք պիտի բերէ եւ ի՞նչ պիտի կորսնցնէ: Ի՞նչ նորութիւններ պիտի արձանագրէ, ի՞նչ փոփոխութիւններ ձեռք պիտի բերէ մարդը եւ ինչէ՞ պիտի հրաժարի: Արժէքային այն փոփոխութիւնները, որ տեղի կ’ունենան մարդուն մէջ արուեստական բանականութեան (AI) հետեւանքով, ինչպէ՞ս պիտի ազդեն անոր էթնիք դատողութեան ու գիտակցութեան վրայ: Էթնիք արժէքները, որոնք դարերով ձեռք բերուած քաղաքակրթական հետեւութիւններ են, այժմ առճակատման մէջ կը գտնուին վայրկեաններու մէջ ստեղծուող նկարներու, երաժշտութեան, երգի հետ: Հայուն համար որքանո՞վ Կոմիտասը պիտի շարունակէ արժէք ներկայացնել:

AI-ը, մրցելով մարդուն հետ, զայն կը զրկէ ստեղծարարութեան եզակիութենէն․ մարդը, որ միակն էր մոլորակին վրայ իր ճանչնալու եւ գիտակցելու, գնահատելու եւ մեկնաբանելու կարողութեամբ՝ այլեւս առանձին չէ: Իրեն հետ կը մրցի իր իսկ ստեղծած AI-ը, որ միջին մարդէն հարիւրաւոր անգամ աւելի տեղեկացուած է ու արագ: Արդեօք մարդը պիտի դիմանա՞յ այս մրցակցութեան: Արդեօք մարդը պիտի շարունակէ՞ հաւատալ արժէքներու, ինչպէս՝ ազգ, հայրենիք, բարոյականութիւն, աստուած: Արդեօք մարդը ինքզինք թուայնացնելով` չ’այլասերե՞ր իր գիտակցութիւնը ոչ միայն որպէս մարդ, այլ որպէս էթնիք ներկայացուցիչ: Որքանո՞վ հայուն համար հայ ըլլալը պիտի մնայ սեփական առանձնայատկութիւն, եթէ ամէն օր իր դիրքերը ամրապնդող AI-ին համար ազգային առանձնայատկութիւնը որեւէ նշանակութիւն չունի: Եւ այս բոլորին հետեւանքով թուայնացող ինքնութիւնը արդեօ՞ք պատրաստ պիտի ըլլալը պայքարելու իր ազգային իրաւունքներուն եւ արժէքներուն համար, ինչպէս նախապէս կ’ընէր: Ազգային գաղափարախօսութիւնները, ազգային նպատակները, հայեցակարգը, լեզուական նրբութիւնները, արուեստի ու մշակոյթի էթնիք ձեռքբերումները ոչինչի կը վերածուին թուային միջավայրին մէջ, ուր կը ձեւաւորուի ինքնութեան նոր տեսակ մը, որ չունի ազգային կամ կրօնական, ցեղային ու լեզուական եզակիութիւն: Այլեւս չկան բարձր ու ցած մշակոյթներ, կայ քանի մը վայրկեանի մէջ վերարտադրուող նորութիւն մը, որ նաեւ կրնայ եզակի թուիլ: Արդեօք այս պարագային սեփական պատմութիւնը պիտի շարունակուի՞ նկատուիլ ազգային ճակատագրի շարունակուող փուլ եւ համաշխարհայնացումը ի վերջոյ մարդը պիտի չմիաւորէ՞ մէկ ընդհանուր թուայնացած «հայրենիքի» մը մէջ որպէս մէկ միասնական թուայնացած էթնոս:

Երբ ուշադրութիւն դարձնենք գիտաերեւակայական ֆիլմերուն, ուր հակաիւթոպիթ ապագայի մը մէջ, մարդը կը հակադրուի ռոպոթին կամ ալկորիթմին, ապա կը նկատենք, որ այդ ֆիլմերուն ու գիրքերուն մէջ մարդու էթնիք, ազգային կրօնական, լեզուական առանձնայատկութիւնները մէկ կողմ դրուած են: Անոնք այլեւս չկան: Մարդը արդէն տեսակ մը կռիւ կը մղէ, մարդը կորսնցուցած է իր բազմաշերտ առանձնայատկութիւնները եւ այժմ բանականութիւնը կը պայքարի բանականութեան դէմ: Նկատի առնելով թեքնաբանական զարգացումները եւ արագութեան կարեւորութիւնը, ապա մարդը հաւանաբար կորսնցնէ հմտութիւններու պատերազմը:

Եթէ ապագային AI-ը մարդասիրական «իրաւունքներէ» ելլելով մեզի պարտադրէ հրաժարիլ ազգային առանձնայատկութիւններէ՝ զանոնք համարելով անընդունելի դասակարգում, ապա որքա՞ն ամուր կ’ըլլայ ազգային մեր ինքնագիտակցութիւնը, երբ մենք հոգիով ու մտքով կ’ապրինք թուային միջավայրի մէջ: Որքա՞ն արագ մենք կը հրաժարինք մեր կրօնական, մշակութային եւ ի վերջոյ ազգային ինքնութիւններէն: Եւ այդ պարագային, ի՞նչ կամ ո՞վ կը դառնանք մենք: Եթէ մարդը ինքն իրմով ընկերային արարած է եւ որպէս տարբերակիչ նշան այլ մարդոցմէ՝ ունի սեփական անունը, խմբային, ազգային պատկանելութիւնը, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդուն ապագայի տարբերակիչ նշանը, եթէ այդ պիտի չըլլայ իր լեզուական, կրօնական ու ազգային առանձնայատկութիւնները: Ու ի՞նչ կը պատահի հայոց պատմութեան ու ազգային նպատակներուն: Անոնք կը վերափոխուին որպէս թուային, արուեստական առանձնայատկութիւններու՞, թէ՞ կ’արխիւացուին թուային աղբանոցին մէջ որպէս մարդկութեան պատմութեան անցեալի մէկ այլ երանգը, որ կ’ըլլայ պարզապէս արձանագրուած ու արդէն ոչ կիրառելի փաստ:

Հայազգի Տարօն Աճեմօղլու` տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակակիր

14 հոկտեմբերին, Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիան յայտարարեց, որ 2024-ի տնտեսագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին միաժամանակ կը տիրանան Տարօն Աճեմօղլուն (Աճեմեան), Սայմըն Ճոնսընը եւ Ճէյմս Ռոպինսընը՝ իրենց «հաստատութիւնները ինչպէ՛ս կը ձեւաւորուին եւ կ’ազդեն բարեկեցութեան վրայ» կատարած հետազօտութեան համար: «Այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր օրէնքի գերակայութիւնը տկար է եւ հիմնարկները կը շահագործեն բնակչութիւնը, աճ կամ դրական փոփոխութիւն չ’արձանագրուիր: Դափնեկիրներուն հետազօտութիւնը կ՛օգնէ մեզի հասկանալ, թէ՝ ինչո՛ւ», կը նշէ Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիայի յայտարարութիւնը:

Երեք տնտեսագէտները կը կիսուին մրցանակին նիւթական պարգեւը՝ 11 միլիոն քրոն (1,1 միլիոն տոլար):

Այսպէսով, Աճեմօղլու կը դառնայ վերջին չորս տարիներուն Նոպէլեան մրցանակ շահած երկրորդ սփիւռքահայը։ 2021ին, բժշկագիտութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած էր կենսաբան, նեարդաբան լիբանանահայ-ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեանը։

Ո՞վ է Տարօն Աճեմօղլու:

Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967ին, Պոլիս: Զաւակն է իրաւաբան Գէորգ Աճեմեանի եւ կրթական մշակ ու գրող Իրմա Աճեմեանի (այժմ մահացած), որ շրջան մը վարած է Պոլսոյ Գատըգիւղ շրջանի Արամեան-Ունճուեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Աճեմօղլու նախնական ուսումը կը ստանայ այս վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետք, կը յաճախէ եւ 1986ին-ին կ’աւարտէ Պոլսյ Կալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք ուսումը կը շարունակէ Անգլիոյ մէջ, ուր կը հետեւի «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինին եւ կը վկայուի պսակաւոր արուեստից աստիճանով (BA): Մագիստրոսի (MA) եւ դոկտորական աստիճանները (PhD) կը ստանայ Լոնտոնի տնտեսագիտական համալսարանէն, ուր կը դասաւանդէ նաեւ 1992-1993 թուականներուն:

Ապա կ’անցնի Միացեալ Նահանգներ, ուր 1993-էն սկսեալ կը դասաւանդէ Մասաչուսեցի MIT աշխարհահռչակ համալսարանին մէջ:

2015-ին, ան կը գրաւէ տնտեսագիտական հետազօտութիւններու հրատարակութիւններով զբաղող «RePEc» (Research Papers in Economics) ակադեմական հարթակի հրապարակած տնտեսագէտներու վարկանշային ցանկի առաջին դիրքը եւ կը նկատուի աշխարհի ամենէն ազդեցիկ տնտեսագէտ մտաւորականներէն մէկը՝ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին բնորոշումով:

2017-ին, ան մեծ հռչակ կը շահի Ճէյմս Ռոպինսընի հետ իր համահեղինակած «Ինչո՞ւ պետութիւններ կը ձախողին» խորագրով գիրքի հրատարակութեան առիթով:

Տարօն Աճեմօղլու այժմ կը կրէ ամերիկեան հպատակութիւն։ Ան սահուն կը տիրապետէ անգլերէնին եւ թրքերէնին եւ մասամբ՝ հայերէնին։ Ան ամուսնացած է MIT-ի ելեկտրաճարտարագիտութեան եւ համակարգչային գիտութեան դասախօսներէն՝ Ասուման «Ասու» Օզտաղլարի հետ, դուստրը՝ Թուրքիոյ նախկին նախարարներէն՝ Իսմայիլ Օզտաղլարի։ 2015-էն ի վեր, անոնք կ’ապրին Մասաչուսեց նահանգի Նիութըն քաղաքը՝ իրենց երկու զաւակներուն՝ Արտայի եւ Արազի հետ:

Աճեմօղլու հեղինակ է ակադեմական հարիւրաւոր աշխատութիւններու: Ան դիտել կու տայ, որ իր հետազօտութիւններուն մեծ մասը կը միտի հասկնալու «աղքատութեան աղբիւրները»: Անոր հետազօտութիւնները կ’ընդգրկեն բազմազան թեմաներ, ներառեալ՝ քաղաքական տնտեսութիւնը, մարդկային դրամագլուխի տեսութիւնը, բարգաւաճման տեսութիւնը, տնտեսական զարգացումը, նորարարութիւնը, աշխատուժի տնտեսագիտութիւնը, եկամուտի եւ աշխատավարձի անհաւասարութիւնը, ցանցային տնտեսագիտութիւն եւ այլն:

2018-ին, շշուկներ շրջան կ’ընեն, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը ծրագրէ Աճեմողլուն ներառնել այդ օրերուն կազմուելիք կառավարութեան մէջ: Աճեմողլու զանոնք տարաձայնութիւն կ’որակէ:

Հայկական սփիւռքը եւ 1960-70-ականներու վերածնունդը

Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին նուիրուած, Ռազմիկ Փանոսեանի՝ «Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին. մտաւորական հսկայ մը» յօդուածը ոչ միայն մեծապէս գնահատուեցաւ մտաւորական շրջանակներու կողմէ, այլեւ սեղանի վրայ դրաւ խիստ կարեւոր հարց մը՝ սփիւռքահայ ինքնութեան որոնումի եւ սահամանումի շարունակական գործընթացը, որ սկիզբ կ’առնէր 1968-ին, ինչպէս Փանոսեան կը նշէ. «68-ի այս հայ սերունդը կոչ ուղղեց վերիմաստաւորելու մեր ինքնութիւնը՝ որպէս սփիւռքահայեր, նաեւ՝ ինչպէ՞ս առնչուելու աշխարհին, մեր անցեալին, ներկային ու ապագային, եւ հայրենիքի գաղափարին»:

Օրին, քննարկումները եղած են բուռն ու կծու, ինչպէս կը վկայէ Նորայր Էպլիղաթեան հետագայ թարգմանաբար տրուած իր գրութեան մէջ (քաղուածաբար՝ The Armenian Weekly-ի 2 հոկտեմբեր 2024-ի թիւէն), զոր գրած է Ռ. Փանոսեանի վերոնշեալ յօդուածին առիթով: Ինք նաեւ անդամ 1968-ի սերունդին, բացատրութիւններ կու տայ օրին արծարծուած տեսակէտներուն եւ տարբեր ուղղութիւններուն մասին՝ ընդգծելով, որ «սփիւռքեան ինքնութեան մասին բանավէճերը կը մնան ի զօրու եւ յաւելեալ ուշադրութեան կարիքը ունին»:

Այո՛, կը մնան ի զօրու, եւ Ռազմիկ Փանոսեանի յօդուածը կը դառնայ հրաւէր մը բոլորին վերսկսելու զանոնք՝ հոգ չէ թէ «բուռն ու կծու»:

Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի Ռազմիկ Փանոսեանի յօդուածը՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի մահուան քառասունքին առիթով։ Պէտք է ըսեմ, որ ան զիս ետ տարաւ դէպի այն ժամանակները, երբ մեր սերունդը սկսաւ գնահատել անցեալը եւ քննարկել ապագայի կարելիութիւնները՝ դասական ժամանց մը, իւրաքանչիւր նորահաս սերունդի համար:

Իբրեւ յաւելեալ տեղեկութիւն, նշեմ, որ ես կը պատկանէի քաղքենի երիտասարդներու խումբի մը, համալսարանականներ մեծամասնութեամբ, որոնք կրնային նման տեսակէտներ քննարկել, որովհետեւ մեր հայրերն ու մեծհայրերը հիմնականօրէն կեդրոնացած էին գոյատեւման վրայ՝ Մասլոյի մարդկային կարիքներու առաջնահերթութեանց բուրգի յատակին: Կային նաեւ այլ ուղղութիւններ. Առկայ էին միջազգային ազդեցութիւններ, ներշնչուած՝ 1968-ին ուսանողական շարժումներէն, որոնք տեղի ունեցան թէ՛ Եւրոպայի (մասնաւորաբար Փարիզի), թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Երիտասարդութիւնը ըմբոստացաւ իշխանութեան եւ Վիեթնամի պատերազմին դէմ։ Մենք ամէն օր թերթեր կը կարդայինք ու կը մտածէինք, թէ ի՞նչ կ’ընեն ու կը մտածեն «այս միւսները»: Պատնէշներ բարձրացնելու մեր ժամանակը հասած էր։

Տակաւին, առկայ էին շրջանային ազդակներ։ 1967-ի վեցօրեայ պատերազմը եւ արաբական բանակներու պարտութիւնը ցնցեցին շատերը: Պաղեստինցիները համոզուեցան, որ ազգային ազատագրական պայքարը իրե՛նց պարտականութիւնն է եւ ո՛չ ուրիշին: Հին կառոյցները, ներառեալ արաբական բանակները, կորսնցուցին իրենց վստահելիութիւն, եւ փորձեր սկսան կառուցելու նորերը. յառաջ եկաւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ): Լիբանանեան եւ արաբական շրջանակներ նոյնպէս վերածնունդ կ’ապրէին: Դժբախտաբար, հայերս մեծ թիւ չէինք կազմեր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօսկան կազմին կամ որոշ բաժիններու եւ որոշ մասնագիտութիւններու ուսանողներու պարագային։ Յառաջդիմութեան ի խնդիր պայքարի մրցումին մէջ՝ մենք ետ կը մնայինք:

Արեւմտահայութեան ազգային ինքնութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած է պոլսահայութեան վերածնունդի (նախա1915), 1915-1920-ի կոտորածներու ու տեղահանութիւններու եւ սփիւռքի գաղթակայաններուն (ուր աշխարհագրական հեռաւորութիւնները չքացած էին եւ Անատոլուի տարբեր քաղաքներէն եկած հայերը միասին կ’ապրէին) եւ հիւրընկալ երկիրներու հանդէպ հայրենասիրութեան վրայ: Ահա թէ ինչո՛ւ մեզի կ’անուանեն սուրիահայ, ֆրանսահայ եւ ամերիկահայ։ Այս հայկական սփիւռքեան ինքնութիւնն էր, որ քննարկումի նիւթ կը դառնար։ Գոյութենական հարցեր եւ ապագայի ուղղուածութիւններ սեղանի վրայ կը դրուէին ու կը համեմատուէին: 1960-ական թուականներուն, հայ լեզուի մաքրազտման նպատակով ի գործ կը դրուէին մտածուած նախաձեռնութիւններ, որոնք հիմնականօրէն կը միտէին արեւմտահայերէն խօսիլը դարձնել որպէս հաղորդակցութեան հասարակաց լեզու (lingua franca), թրքերէնի կամ արեւմտահայ բարբառներու փոխարէն:

Եղան նաեւ այլ զարգացումներ: 1950-ական թուականներու ընթացքին, գաղթակայաններէն սկսան դուրս գալ արհեստավարժներն ու ձեռնարկուները: Այս գաղթակայանները վերածուեցան կեթոներու, ինչպէս քաղքենի տղաքը կը կոչէին զանոնք: Հիմնական գաղափարը ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կեթոներէն ազատիլն էր, եւ անոնցմէ դուրս գալով է, որ օտարը դիմակալելու գաղափարը դարձաւ օրակարգի հիմնական կէտ մը:

Հեգնական էր երեւոյթը, որ երիտասարդութիւնը (գոնէ Լիբանանի մէջ) չէր գիտեր արաբերէն՝ Միջին Արեւելքի երկիրներու լեզուն, ուր անոնք կ’ապրէին եւ կը յուսային աշխատիլ: Այս մէկը ընկերային համակարգային թերութիւն մըն էր: Օրինակ, Ճեմարանը` Պէյրութի հայկական վարժարանը, որ հիմնուած է 1930-ին Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Գասպար Իփէկէանի կողմէ, յայտնապէս տկար էր արաբերէն լեզուի դասաւանդման մէջ: Տեղացիները կը ծաղրէին հայերը անոնց թերի արաբերենին համար: Մեզ կը կոչէին պարոն, ինքնակոչ տիտղոս մը այն մարդոց համար, որոնք իրենք զիրենք վեր կը դասէին պարզ ժողովուրդէն: Առանց Վազգէն Շուշանեանի վարանումներուն, երիտասարդները կ’ուզէին խառնուիլ օտարին: Մենք վստահ էինք, որ կրնանք յաղթահարել խոչընդոտները եւ յաղթել:

Հայկական ինքնութեան բարեշրջութիւնը (evolution), որ կը ներառէր կեթոներէն դուրս գալը, օտարներու հետ շփումը, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան միջոցով նոր ինքնութեան մը ձեւաւորումը եւ կազմակերպչական նոր շրջագիծերու ստեղծումը՝ հանդիպեցան որոշ երիտասարդներու ընդդիմութեան: Աստիճանական տախտակ մը օգտագործելով՝ տարբերելու բարեշրջութիւնն ու փոփոխութիւնը, ամփոփ կը ներկայացնեմ այլընտրանքային քանի մը մօտեցումներ:

Նախ կար «սահմանուած կարգի» (status quo) երիտասարդութիւնը: Այս երիտասարդները քննարկումը ընդհանրականէն փոխադրեցին անձնական հարթութիւն: Անոնք կը պնդէին, որ մեր հայրերուն ու մեծհայրերուն դրած հիմերը ամուր են եւ ժամանակն է դիմելու «բարելաւման անհատական ժիհատի»: Անհատական մակարդակի վրայ էր, որ հաւաքական ինքնութեան բարշրջումը բնական ընթացք կ’ունենար:

Ապա, կային «անիշխանականները» իրեց կարգախօսով` «մենք ստեղծած ենք Սփիւռքը եւ մենք կրնանք ոչնչացնել զայն»: Այս տղաքը կարդացած էին Թուրկենեւի «Հայրերն ու որդիները» գործը: Անոնք կը ներկայանային «նախ քանդել, ապա վերակառուցել» դասական մօտեցումով: Անոնց դերը կործանումն էր, մինչ յետոյ եկողները կը վերակառուցէին աւելի ամուր հիմերու վրայ: Աւելորդ է ըսել, որ ասոնք փոքրամասնութիւն կը կազմէին, իսկ դասական հակադարձութիւնը այն էր, թէ «դուք չէք ստեղծած Սփիւռքը, այլ՝ ձեր հայրերն ու մեծհայրերն, որոնց դէմ դուք այժմ կ’ըմբոստանաք»:

Կար նաեւ «վերադարձողներու» խումբը: Անոնք կեդրոնացած էին պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին վրայ: Անոնք կը հաւատային, որ կարիք չկար սփիւռքի ինքնութեան եւ անոր բարեշրջման մասին մեծ ու բարդ գաղափարներ արծարծելու: Անոնց կարծիքով, հայրենիք վերադառնալով ու հոն վերահաստատուելով բոլոր հարցերը կը լուծուէին: Այս խումբը փորձեց եւ չկարողացաւ առաջարկել, թէ ճիշդ ո՞ւր պիտի վերաբնակեցնել հայերը՝ վեց վիլայէթնե՞րը, Կիլիկիա՞, թէ՞ Խորհրդային Հայաստան, եւ ինչպէ՞ս իրագործել այս վերաբնակեցումը: Նշենք, որ վերաբնակեցման օրակարգը լայնօրէն կը քննարկուէր Միջին Արեւելքի մէջ պաղեստինցիներու վերադարձի հարցով, իսկ վերաբնակեցման միջոցը՝ ընթացիկ խօսակցութեան նիւթ: Հայկական «վերադարձ» խումբը նոյնպէս չկրցաւ պատասխանել այն հարցումին, թէ մենք ո՞ւր պիտի թափառինք 40 տարուայ նախապատրաստութեան համար, ինչպէս Մովսէս ըրաւ Սինայի մէջ: Միջինարեւելեան սփիւռքի մէջ նախապատրաստուիլը գործնական չէր, ինչպէս ցոյց կու տար պաղեստինեան փորձառութիւնը: «Վերադարձ» խումբը կը սպասէր իր մեսիական Մովսէսին:

«Ազգային ազատագրութեան» խումբը կ’ազդուէր 1950-60-ականներու հակագաղութատիրական շարժումներէն եւ պաղեստեան դիմադրութենէն: Անոնք հետամուտ էին ազգը ներգրաւելու իր իսկ ազատագրութեան մէջ եւ խուսափելու 1915-էն առաջ յառաջ եկած առաջնոդող կուսակցութեան դրոյթներէն: Անոնք կը կարդային եւ կը վերլուծէին Մաօ Ցեթունկի գրութիւնները, յատկապէս անոր կեդրոնացումը ամենօրեայ աշխատանքի մէջ մարդոց օգնելու գաղափարին վրայ: Լիբանանի մէջ ինքնաբաւ համայնքներու դրոյթները կը ներառուէին «Ազգային Ուխտ»ին մէջ: Կառավարման այս ձեւը ինքնին օսմանեան «միլլէթ» համակարգին ընդլայնումն էր: «Ազգային ազատագրութեան» խումբը էթնիք համայնքը կ’ընդունէր որպէս ազգային ինքնութեան մէկ էական բաղադրիչը:

Օրուայ ղեկավարութիւնը ոչ միայն արտօնեց այդ բանավէճերը, այլեւ մասնակից դարձաւ անոնց: Շատ հակասական գաղափարներ կային, իսկ երբեմն քննարկումները բուռն ու կծու կ’ըլլային: Բայց յաջորդ օրը կը շարունակուէին: Փաստօրէն, այս քննարկումները դեռ կը շարունակուին, թէեւ իմ սերունդէս ոմանք մահացած են, իսկ ուրիշներ ծերացած ու յանձնուած:

Անձամբ ես կը կարծեմ, որ Ռազմիկ Փանոսեանի եզրակացութիւնը՝ «դժբախտաբար, Քիւրքճեանի յեղափոխական մօտեցումը (ինք երբեք չէ օգտագործած «յեղափոխական» բառը) մնաց անարձագանգ», շեշտը կը դնէ սխալ կէտի վրայ: Քաղաքացիական պատերազմները Լիբանանի եւ հետագային Սուրիոյ մէջ բացայայտ դարձուցին, որ մենք պէ՛տք ունէինք վերանայման այդ բանավէճերուն եւ պէ՛տք էր վերակառուցէինք Սփիւռքը: Սփիւռքեան ինքնութեան մասին բանավէճերը կը մնան ի զօրու եւ յաւելեալ ուշադրութեան կարիքը ունին` 68-ի սերունդէն անդին:

Եզրակացնելով, երբ ես կը գրէի այս տողերը, անդրադարձայ, որ միաժամանակ կը մրմնջեմ Շառլ Ազնաւուրի «Camarade» երգը: Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, ընկեր Յարութիւն:

Նորայր Էպլիղաթեան

(Թարգմանեց՝ Վ. Թէնպէլեան)