— Մա՛մ, ո՞վ է այդ կինը, որ մեզի հետ խօսեցաւ։
— Մա՛մ, այդ մարդը ո՞վ է․․․
Յանկարծ վրդովմունքի ալիք մը կը դեգերի ներսիդիդ։ Հարցուփորձի հետաքրքրաշարժ առիթ մը կը ստեղծուի զաւակիդ համար։ Ան կ՛ուզէ գիտնալ, որոշ անձի մը ո՞վ ըլլալը, առանց տեղեակ ըլլալու, թէ այն նոյն անձը իր «քիչ մը հեռու» արիւնակիցներէն մէկն է։ Մտածումներու շարան մը կը տողանցէ մտքիդ մէջ․ հարց կուտաս, թէ ի՞նչ պատճառով հարազատներ սկսած են հեռանալ իրարմէ եւ քաշուիլ իրենց պատեաններուն մէջ։ «Օրերը այդպէս պարտադրեցին»- ը համոզի՞չ պատճառաբանութիւն մըն է արդեօք։
Երեք տարի առաջ, տղուս դպրոցին առջեւ, ինքնաշարժիս մէջ նստած, հայերէն երաժշտութիւն մը կ՛ունկնդրէի եւ կը սպասէի աշակերտներուն արձակման ժամուն։ Քանի մը անվերջանալի վայերկեաններ մնացած էր զանգը հնչելու, երբ յանկարծ լայն ժպիտով տարեց կին մը ինծի մօտեցաւ։
— Լի՛զա, եավրում, լա՞ւ ես․ միշտ կու գաս այստեղ տղուդ առնելու, օր մըն ալ մեզի ելլի՛ր սուրճ մը խմէ։
«Անահիտ քոյրիկ»-ն էր, մօրս երկրորդ զարմուհին։ Ան տղուս յաճախած դպրոցին դիմացը գտնուող շէնքին մէջ կը բնակէր։ Անահիտին ընտանիքէն մաս մը գաղթած էր, մաս մըն ալ անդիի աշխարհը մեկնած, իսկ ինքը որպէս «բեկոր» մը մնացած էր իր մեծ ընտանիքէն։
— Անշո՛ւշտ, Անահիտ քոյրիկ, շատ կը փափաքիմ, մօտ օրէն անպայման կը հանդիպիմ։
Հարազատի մը հետ հանդիպումը անցեալի յուշեր վերակենդանացուց անոր մէջ, եւ հին ու քաղցր օրերու անուրջներուն յանձնուելով՝ կարծես վերանորոգուեցաւ։ Գոհունակութեան ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ դէմքին վրայ, ուր խորունկ ակօսերը, տարիներու հոսքին հետ, իրենք զիրենք պարտադրած էին արդէն։
— Որքա՜ն ատենէ զիրար չենք տեսած․․․
Ու փաթթուեցաւ ինծի․ թրջուած աչքերը սկսած էին ուրախութենէն պայծառանալ ու փայլփլիլ։
Նոյն վայրկեանին աշակերտերը սկսան արձակուիլ դպրոցի մայր մուտքէն։ Քիչ ետք նշմարեցի տղաս, որ դէպի մեզի կը մօտենար։
— Տղա՛ս, Անահիտ քոյրիկն է, Ազնիւ մեծմօրդ երկրորդ զարմուհին։
Հարցում եւ ժպիտ միաւորող խառն արտայայտութիւն մը գծագրուեցաւ տղուս դէմքին վրայ։
Ապա ըսի։
— Տղաս է, Գեղամը։
Անահիտը անմիջապէս փաթթուեցաւ տղուս․ կարծես կ՝ուզէր կարօտը առնել իր հարազատներէն, որոնք երկար ատենէ «աչքէ հեռու» մնացած էին։ Ապա դառնալով տղուս ըսաւ։
— Ես եւ մեծմամադ միշտ իրարու կ՝այցելէինք, քրոջ մը պէս էինք․ հիմա օրերը փոխուած են տղա՛ս․․․
Հրաժեշտ տալէ ետք Անահիտին, ինքնաշարժին մէջ, դէպի տուն վերադարձին՝ տղաս հարց տուաւ, թէ ի՞նչպէս ինքն ու Անահիտը բնաւ իրարու չէին հանդիպած։
Ի՞նչ պատասխանէի․․․
Պահ մը մտածելէ ետք ըսի։
— Ինքը տարեց է այլեւս․ երիտասարդները պէտք է որ իրեն այցելեն։ Ազգականական կապերը պէտք է միշտ աշխոյժ պահել, որպէսզի տարիներու ընթացքին «օտարներ» չդառնանք իրարու։
Բոլորս ալ կեանքի արագընթաց հոսանքին մէջ կը սուրանք։ Կեանքի տարբեր ծալքերուն մէջ ծուարած՝ կը փորձենք «բնական» կեանք մը ապրիլ, առանց նկատի առնելու շատ մը «նուրբ» իրողութիւններ։ Մեր զաւակները առիթը չեն ունեած իրենց ընդարձակուած ընտանիքներուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու։ Անմիջական արիւնակիցներու հետն է, որ կը շփուին միայն։ Նոյնիսկ եթէ օր մը մէկ-երկու ազգականի պատահմամբ հանդիպին, շատ հաւանաբար իրարու չճանչնան։ Հակառակ անոր որ ներկայիս հաղորդակցութեան այլեւայլ միջոցներ գոյութիւն ունին հարազատներու հետ կապ պահելու համար, սակայն այլեւայլ պատճառաբանութիւններ ալ գոյութիւն ունին․․․
Երբ ընտանիքի մը տարեցները կը մեկնին այս աշխարհէն, երիտասարդները իրենց արագահոս եւ բազմազբաղ առօրեային «անձնատուր» եղած՝ ժամանակ չեն գտներ յարաբերութիւններու։ Տարիներու ընթացքին, սեղմ հանգոյցները կը թոյլնան։ Պատկանելիութեան զգացումը եւ ազգականներու հետ միասին ըլլալու հաճոյքը ինքնաբերաբար կը նսեմանան։ Հարազատներու հետ հաւաքուիլը, մտերմական կապերը, տօնական կամ այլ առիթներով այցելութիւնները կը չքանան։ Ի՞նչ է պատճառը․․․ մեր հեւ ի հեւ ապրելակե՞րպը, անտարբերութիւ՞նը, եսասիրութիւ՞նը, ընկերային ցանցե՞րը, թէ օրերը փոխուած են, տղա՛ս․․․
Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան


