Դիմակները երբեմն անհրաժեշտ են, որ մարդ յարմարի հասարակութեան պահանջներուն, պաշտպանէ իր զգացումները կամ պահպանէ իր դիրքը։ Սակայն միշտ այդպէս չէ․ դիմակները մեզի կը փրկեն որոշ պահերու, բայց կամաց-կամաց կը ծանրանան՝ դառնալով շղթաներ, որոնք կը կաշկանդեն մեր իսկական էութիւնը։
Հարազատի մը հետ հանդիպումը անցեալի յուշեր վերակենդանացուց անոր մէջ, եւ հին ու քաղցր օրերու անուրջներուն յանձնուելով՝ կարծես վերանորոգուեցաւ։