«Թրամփ Ա.»՝ Միացեալ Նահանգներու թագաւո՞րը

Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք Մաքս Հասթինկզի «Թրամփի Աշխարհը՝ Թագաւորական Արքունիքի Ողբերգութիւնն ու Անխոհեմութիւնը» յօդուածը, ուր հեղինակը զուգահեռներ կը գծէ Տոնըլտ Թրամփի ղեկավարութեան ոճին եւ բացարձակ միապետներու սանձարաձակ իշխանութեան միջեւ։ Հիմնուելով պատմական օրինակներու վրայ՝ Հենրի ութերորդէն սկսեալ մինչեւ Կայսեր Վիլհելմ Երկրորդ, ան կ’ընդգծէ, որ Թրամփի նախագահութիւնը կը նմանի արքունիքի, ուր հաւատարմութիւն կը պահանջուի, ընդդիմութիւնը կը պատժուի, եւ իշխանութիւնը կը կիրարկուի աննախատեսելի ձեւով։

Հասթինկզ կը մերժէ այս երեւոյթը՝ ներկայացնելով ժողովրդավարական կառոյցներու տոկունութիւնը անցեալին, նոյնիսկ ճգնաժամերու ընթացքին, ինչպէս համաշխարհային բ. պատերազմի տարիներուն, մասնաւորաբար՝ Ֆրանքլին Ռուզվելթի եւ Ուինսթըն Չըրչիլի ղեկավարութեան օրինակը։ Ան կը զգուշացնէ, որ երբ ժողովրդավարական հակակշիռներն ու հաշուետուութեան համակարգը անկում կրեն, նոյնիսկ հանրապետութիւնները կրնան միապետութիւններու վերածուիլ։

Հեղինակին Մասին

Սըր Մաքս Հասթինկզ՝ բրիտանացի նշանաւոր լրագրող, պատմաբան եւ հեղինակ է, որ մասնագիտացած է զինուորական պատմութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Եղած է The Daily Telegraph-ի եւ The Evening Standard-ի խմբագիր, իսկ իր գործերը ընդգրկած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը, Վիեթնամի պատերազմը եւ պաղ պատերազմի աշխարհաքաղաքականութիւնը։ Անոր նշանաւոր գործերէն են Inferno: The World at War, 1939–1945, Vietnam: An Epic Tragedy, 1945–1975 եւ Abyss: The Cuban Missile Crisis 1962: Որպէս Bloomberg-ի «Տեսակէտ» բաժնի յօդուածագիր, Հասթինկզ պատմական խորաթափանցութեամբ կը վերլուծէ ժամանակակից քաղաքական իրադարձութիւնները՝ ընդգծելով անցեալի դասերը՝ ուղղուած այսօրուան աշխարհին։

Վ.Թ.

Թրամփի Աշխարհը՝ Թագաւորական Արքունիքի Ողբերգութիւնն ու Անխոհեմութիւնը

Մաքս Հասթինկզ

Տոնըլտ Թրամփ երբեք չէ ուզած նախագահ դառնալ դասական իմաստով՝ ենթարկուելով Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեամբ ճշդուած յոգնեցուցիչ սահմանափակումներուն։ Իրականութեան մէջ, ան փորձեց այդ մէկը եւ չի հաւնեցաւ։ Այսօր ան կը փորձէ թագաւոր խաղալ։ Ան ցոյց կու տայ սնափառութիւն, տրամադրութեան անկայունութիւն, սնոտիութիւն, ոխակալութիւն ենթադրեալ թշնամիներու հանդէպ եւ յատկապէս իր հեղինակութիւնը դրսեւորելու վճռականութիւն մը, յատկանիշ մը՝ որ ամբողջ հազարամեակ մը շարունակ բնորոշած է բացարձակ միապետները։ Ամերիկայի թագաւորը եւ անոր բանբերը՝ իշխան Ճէյ.Տի. Վանս, Միւնիխի մէջ անցեալ շաբաթ, զգուշացուցին Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները, որ ասկէ ետք անոնք իր գահին պէտք է մօտենան որպէս վասալներ ու խնդրարկուներ, կամ՝ երբեք։

Ան որ դիտած է BBC-ի Wolf Hall ֆիլմաշարը, որուն պատմութիւնը տեղի կ’ունենայ 16-րդ դարուն, Հենրի ութերորդի թագաւորութեան օրերուն, կրնայ զգալ արքունիքի մթնոլորտը՝ շքեղութեան, դաւադրութեան, քմահաճութեան եւ մանաւանդ վախի համատեղումով։ Որեւէ անձ, որ կ’ուզէր գործ ունենալ թագաւորներու եւ թագուհիներու հետ, կը գիտակցէր, որ իր կեանքը կը վտանգէր։ Երբ իշխանաւորին կամքը միակ վճռորոշ գործօնն էր, անոնց ճակատագիրը կախեալ էր անոր բարեհաճութենէն։ Եթէ զայն կորսնցնէին, կը կործանէին կամ կը գլխատուէին։ «Գլուխները կտրել…»՝ կը կանչէ Կարմիր Թագուհին «Ալիսը հրաշքներու երկրին մէջ» (Alice in Wonderland) պատմութեան մէջ։ Հենրի ութերորդը եւ իր ընտանիքին անդամները նոյնը կ՛ըսէին, բայց՝ իրական։ Միեւնոյն ատեն, փտածութիւնը խորապէս հաստատուած երեւոյթ դարձաւ. իշխանութիւն պահելու կամ առնուազն հարստութիւն ձեռք բերելու միակ միջոցը թագաւորական արքունիքին մէջ ազդեցութիւն ունենալը եղաւ:

Միապետերու պալատներուն մէջ սուտը կեանքի ձեւ էր։ Այն անհատներէն շատերը, որոնք ենթադրեալ դաւաճանութեան համար դատապարտուած էին, իրականութեան մէջ անմեղ էին եւ ոչ մէկ ամբաստանելի յանցանք գործած էին։ Անոնց գլխատուելու արժանի միակ մեղքը թագաւորին անհաւատարիմ նկատուիլն էր։

Մանկական երգը՝ կայսեր նոր հագուստներուն մասին, դարեր շարունակ իր արձագանգը գտած է, որովհետեւ իրականութեան վրայ հիմնուած է։ Բացարձակ իշխանաւորները չեն արտօներ, որ որեւէ մէկը ըսէ, թէ իրենք ձախողած են՝ ըլլայ ընտրութեան, բանավէճի թէ պատերազմի մէջ, կամ թէ անոնք մերկ կը շրջէին փողոցներուն մէջ իրենց պանծալի նոր հանդերձանքին փոխարէն, որովհետեւ նման խոստովանութիւն, որ պիտի բացայայտէր իրենց անկատարութիւնը, կրնար վտանգել անոնց ամբողջ ինքնընկալումը։

Չարլզ Բ. թագաւորի օրով, Բրիտանական նաւատորմին բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն՝ Սամուէլ Փիփսի՝ 1660-ական թուականներուն գրուած մեծ օրագրին մէջ կան անձնական ուրախութեան շատ պահեր, սակայն անոր գլխաւոր թեման մտահոգութիւնն է, եւ, իրօք՝ վախը։

Վրդոված, օրագրագիրը 1663-ին կը գրէր պալատին անբարոյական վարքին մասին. «Ոչ մէկ հոգածութիւն կը դրսեւորուի… ոչ՝ առեւտուրը պահպանելու, ոչ ալ՝ խմբակցութիւններուն դէմ դնելու, որոնք, Աստուած գիտէ, պատրաստ են պայթելու, քանի որ թագաւորը եւ իր շուրջը գտնուողները՝ բոլորը միայն իրենց հաճոյքներուն կամ շահերուն մասին կը մտածեն»։

Անորոշութիւնը սարսափելի է, եւ երբ ժողովուրդ մը թագաւորի մը քմահաճոյքին ենթակայ է, անորոշութիւնը կը դառնայ անոր բնական վիճակը։ Այս իրավիճակը արդէն իսկ բաւական վատ է, երբ իշխանաւորը խելամիտ կը թուի։ Սակայն աւելի կը ծանրանայ, երբ ան, Պաւարիոյ Լիւտուիկոս թագաւորին նման, 19-րդ դարուն, Ռուսիոյ զանազան ձարերուն պէս, կամ Բրիտանիոյ գահը 1760-1820 տարիներուն գրաւած Ճորճ երրորդի նման, խելամտութեան եւ խելագարութեան միջեւ կը տատանին:

Անմտութեան ծաւալի ամենէն ցած մակարդակին, Աւստրօ-Հունգարիոյ գահակալը, երիտասարդ կայսր Ֆրանց-Ժոզէֆ հեծելազօրքին կը հրամայէ իր պալատին առջեւ փորձեր կատարել, երբ հանդիսավայրը ծածկուած էր սառոյցով։ Ձիաւորներ կը մահանան։

Պատերազմները կը ներկայացնեն միապետական ինքնասիրութեան ծանրագոյն քմահաճոյքներէն մէկը։ Շէյքսփիր Հենրի Ե-ը հերոսական կերպարի վերածեց՝ անոր 1415-ին Աժինքուրի մէջ ֆրանսացիներու դէմ տարած յաղթանակին համար։ Իրականութեան մէջ, Հենրի՝ միջնադարեան շատ մը իշխանաւորներու պէս, տառապանք ու մահ տարածած էր՝ իր արշաւանքներուն միջոցով մեծութիւն ձեռք ձգելու մոլուցքով, ինչպէս՝ այսօրուան Ռուսիոյ Վլատիմիր Փութինը, որուն հանդէպ Թրամփ մեծ համարում ունի։

Բարոյական դասը, անշուշտ, այն է, որ մահացու է ազատութեան համար՝ որեւէ ղեկավարի անսահմանափակ իշխանութիւն տալը։ Բացի անկէ, թէ իրենք չեն յաւակնիր թագաւորներու նման աստուածատուր իրաւունքներ ունենալ՝ ինչպէս էր պարագան Անգլիոյ Չարլզ Ա. թագաւորին, այսպիսի մարդիկ յաճախ կը դրսեւորեն շփածած մանուկներու դիւրաբորբոքութիւնն ու տհասութիւնը։ Գերմանիոյ վերջին թագաւորական յիմարը՝ Կայսեր Վիլհելմ Բ., 1914-ի Յուլիսին, երբ իր մեծ ներդրումը ունեցած էր Ա. համաշխարհային պատերազմի հրահրումին մէջ, իր շուրջիններուն շամփայն մատուցելու հրաման տուաւ՝ պատերազմին բռնկումը տօնելու համար։

Ընդհակառակն, ես որպէս Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատմաբան, չեմ դադրիր զարմանալէ, որ երկու մեծ ժողովրդավարութիւնները՝ Մեծն Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները, պահպանեցին հաշուետուութեան  համակարգը, մինչ անոնք լիակատար պատերազմ կը մղէին իրենց ընդհանուր թշնամիներուն դէմ: Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթը Ամերիկայի մեծագոյն նախագահներէն մէկն էր, բայց ան անընդհատ հաշուի կ՚առնէր Քոնկրէսը եւ հոն գտնուող միջազգային մեկուսացման քաղաքականութեան կողմնակից իր հանրապետական ընդդիմախօսները:

Ուինսթըն Չըրչիլ Ամերիկան աւելի լաւ կը հասկնար, քան իր հայրենակիցներուն մեծ մասը, բայց նոյնիսկ ան երբե՛ք ամբողջովին չըմբռնեց, թէ որքանով Ռուզվելթ հարկադրուած էր հետեւելու Ամերիկայի օրէնսդիր մարմնի սահմանափակումներուն, յատկապէս երբ խօսքը նիւթական հարցերուն եւ դաշնակիցներուն տրամադրուող օժանդակութեան կը վերաբերէր։

Պատերազմի տարիներու Լոնտոնին մէջ, թէեւ Չըրչիլը աւելի մեծ անձնական իշխանութիւն կը վայելէր, քան որեւէ այլ ընտրուած բրիտանացի ղեկավար, ան երբե՛ք չկորսնցուց ժողովրդավարութեան մէջ վարչապետի վայել պատշաճ խոնարհութիւնը։ Կ’ըսուի, թէ Նախագահ Թրամփ Չըրչիլի կիսանդրին վերադարձուցած է Սպիտակ Տան իր գրասենեակը, բայց կը կասկածիմ, թէ ան ծանօթ է մեծագոյն անգլիացիին հետեւեալ պատմութեան.

1942-ին, օր մը, վարչապետը լարուած տրամադրութեան մէջ էր, երբ կը պատրաստուէր ելոյթ ունենալու խորհրդարանին մէջ։ Ան գիտէր, որ ճակատամարտերու պարտութիւններուն ու իսկական աղէտներու մասին խօսելէ ետք, իր քննադատները պիտի ջախջախէին զինք։ Անձնապէս իրեն մտերիմ իր աշխատակազմին ղեկավարը՝ Հէյսթինկզ «Փակ» Իզմէյը մեղմ ձայնով կ’առաջարկէ. «Ինչո՞ւ անոնց չես ըսեր, որ գրողը տանի բոլորդ»։ Չըրչիլը զայրոյթով կը դառնայ անոր եւ կը պատասխանէ. «Դուն պէտք չէ նման բաներ ըսես։ Ես այս խորհրդարանին ծառան եմ»։

Հրաշքի համազօր էր, որ Չըրչիլ կրցաւ իր ժողովուրդը առաջնորդել իր գոյութեան մեծագոյն ճգնաժամին ընդմէջէն՝ գոնէ մասամբ հաւատալով այն յանդիմանութեան, զոր Իզմէյին ըսաւ։ Խորհրդարանը երբեմն զինք կը հասցնէր զայրոյթի ու յուսահատութեան, բայց ան երբե՛ք հարցականի տակ չառաւ անոր սահմանադրական գերիշխանութիւնը։

Վախը, եւ ան հաստատապէս վախ է, որ կը համակէ աշխարհի մեծ մասը Թրամփի նախագահութեան այս առաջին շաբաթներուն, կը բխի այն համոզումէն, որ ամերիկեան ժողովրդավարութեան մեծ շարժակները դադրած են գործելէ։ Հլու-հնազանդ Քոնկրէսի մը մեծամասնութիւնը եւ կողմնակալ Գերագոյն դատարան մը կը մերժեն սանձել Թրամփի բացարձակ իշխանութիւնը, եւ ան անարգել կ’ոտնակոխէ օրէնքը։ Ան կը ձգտի դառնալու «Արեւու Թագաւոր»՝ ժամանակակիցներուն տուած անուանումը Ֆրանսայի Լուի ԺԴ-ին (1638-1715), բոլորը վերածելով իր ճառագայթներու գերիներուն, որոնք կրնան կորստեան մատնուիլ, երբ անոնց ջերմութենէն կը զրկուին։

Վանսի վիրաւորական ճառը Միւնիխի մէջ ուղղուած չէր իր դիմաց գտնուող եւրոպացիներուն, որքան իր տիրոջ երկրի հպատակներուն՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչպէս օտարները կը խոնարհին։ Ահա էական տարբերութիւն մը Ամերիկայի նոր միապետին եւ իր արքայական նախորդներու վարքագիծին միջեւ. թագաւորները կը պահպանէին բարեկամութիւնները, նոյնիսկ երբ սարսափելի արարքներ կը գործէին։ Թրամփի տունը բարեկրթութիւն չի ճանչնար։

Որոշ մեկնաբաններ կը ջանան յայտնաբերելու մեծ ծրագրի մը առկայութիւնը, զոր կը հետապնդէ նոր իշխանութիւնը։ Սակայն, աւելի հաւանական է, որ ընդհանրապէս ծրագիր գոյութիւն չունի։ Կայ միայն արքայական գոռոզութիւնը, տրամաբանութեան փոխարինումը քմահաճոյքով, քաղաքականութեան փոխարինումը սին խօսքերով եւ բարոյական որեւէ չափանիշի մերժումը կառավարութեան մէջ։

Մեզմէ շատերը, հին սերունդը, 21-րդ դարու աշխարհին մէջ բազմաթիւ աղէտներ նախատեսած էինք, բայց երբեք՝ այն, որ ամերիկացիները, որոնց առաջնորդութիւնը շնորհակալութեամբ ընդունած էինք 1945-էն ի վեր, կրնային հաշտուիլ հանրապետութեան փոխարէն միապետութիւն մը հաստատելու գաղափարին հետ՝ այն հանրապետութիւնը, որուն հանդէպ, Հիմնադիր Հայրերու ժամանակէն ի վեր, անոնք արդար հպարտութիւն զգացած են։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Գեղամ
Գեղամ
1 year ago

Նույն վիճակը, ցավոք, Հայաստանում է, որի ղեկավարը իշխում է միջնադարյան թագավորի անսահմանափակ իշխանությամբ։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x