Այդ օրը, Պուրճ Համուտի մեր տունը պէտք էր լաւ մաքրուէր: Թէեւ մեր տան մէջ մաքրութիւնը անպակաս էր, սակայն երբեմն կը պատահէր որ խիստ պահանջուէր այդ: Մենք երեք քոյր, բաւական ճարպիկ եւ արդէն ծանօթ գալիքին, մօրս չորս կողմը դառնալով հարց կու տայինք. «ի՞նչ պէտքը կայ դարձեալ մաքրելու, երէկ արդէն մաքրած ենք ամբողջ տունը»: Մօրս պատասխանը միշտ նոյնն էր. «ինչո՞ւ ամէն օր կը ճաշէք, անօթի՛ մնացէք, կ’ըլլա՞յ»: Ես պարմանուհի, շատ կը փորձէի գտնել կապը ամէն օր ճաշ ուտելուն եւ տան մաքրութեան միջեւ: Քոյրերով իրարու դէմքերը դիտելէ ետք, կը սկսէինք թեթեւ մը ծիծաղիլ եւ մեզմէ մէկը ցած ձայնով ու կէս խնդալով կ’արտասանէր, «ա՜հ, այսօր հի՜ւր պիտի գայ մեզի, հի՜ւր…»:
Մայրս կը յաջողէր իր ժպիտը զսպել ու կը շարունակէր ցուցմունքներ տալ: Անմիջապէս մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնը կը ստանձնէր. ես շատ կը փորձէի խուսափիլ, ճարպիկութիւն մը ընել, սակայն ի զուր, ամէն անգամ ալ ծանր գործերը ինծի կը վստահէին: Ես անշուշտ կ’առարկէի, բայց մայրս կը կրկնէր՝ աւելցնելով, թէ տան բարձր տեղերը ելլելն ու մաքրելը իմ պարտականութիւնս է, զայն վերագրելով ճկուն ու բարձրահասակ ըլլալուս: Նոյնը դպրոցն ալ կը պատահէր, ուր ինծի շարքին ամէնէն ետեւը կը դնէին. նաեւ դասարանին վերջին նստարանը պէտք էր նստէի, որ դասընկերներս հանգիստ տեսնէին գրատախտակը: Տան մէջ ալ, դժուար գործերը ինծի կը վստահուէր: Ի՞նչ կրնայի ընել, քոյրերէս բարձրահասակ էի եւ այն օրերուն բարձրահասակ ըլլալս դժբախտութիւն սեպած էի:
Մաքրութենէն ետք յայտարարութիւնը կ’ըլլար, թէ այդ օր Խաթուն թանթիկը մեզի պիտի այցելէ: Մեզի համար նորութիւն չէր հիւր ընդունիլը եւ արդէն յստակ էր այցելութեան առիթը, բայց կ’ուզէինք գիտնալ, թէ ո՞ր կինն էր այդ օրուան միջնորդը՝ մեր տուն փեսայ բերողը: Մենք երեքով կը փորձէինք կատակել եւ կ’որոշէինք որ ամէն մէկ բան հիւրասիրելու ժամանակ, մեզմէ մէկը դուրս գայ, փոխանակ միայն մեծ քոյրս կատարելու հիւրասիրութեան պաշտօնը, այսպիսով շփոթ կը յառաջացնէինք մեր հիւրին աչքերուն: Հարսնցու աղջիկներու խա՞ղ էր արդեօք կա՞մ պարմանուհիներու, որոնք տակաւին կ’ապրէին իրենց տարիքէն առաջ վազող հասունութիւնը: Կարծես մօրս ականջը շատ սուր էր, ան խիստ կը թելադրէր մեզի, որ մեծ քոյրս միայն հիւրասիրութիւնը կատարէ ու հիւրասենեակը նստի, իսկ ես եւ փոքր քոյրս մնանք մեր սենեակը: Փոքր քոյրս, արդէն, այսպէս ըսենք այդ օրերու հասկացողութեամբ՝ հարս ըլլալու տարիքը չէր հասած: Ես կը մնայի միայկ վտանգը, ես ալ քիչ մը չարաճճի, միշտ կը փորձէի այսպիսի հանդիպումները խանգարել:
Այդ օր, մեզի եկողը Խաթուն թանթիկն էր, ուրիշ օր Սիլվարդը կամ տիկին Մարին: Բոլոր մեր հիւրերը նոյն հարցումը կ’ուղղէին մօրս, որ մեր ականջներուն մէջ սուր կը հնչէր, «ուրիշ աղջիկներ ալ չունի՞ք», որովհետեւ շատ լաւ գիտէին մեր երեք քոյր ըլլալը, սակայն ըստ հին սովորութեան, տան առջինեկներուն առջինեկն էր որ պէտք է նախ կարգուէր, ապա մնացածը: Մենք, այս խօսքերը լսելէ ետք, չէինք կրնար զսպել մեր ծիծաղի ձայները, մայրս ալ զայն ծածկելու փորձեր ընելով՝ կ’աւելցնէր, «այո՛, բայց ինչպէս կը լսէք, միւս երկուքը շատ փոքր են». այդ պահուն ես ինծի հարց կու տայի, թէ արդեօք դուրսինը շա՜տ մեծ է:
Հոս կանգ չէր առներ խօսակցութիւնը, այլ ինքնավստահ եւ միաժամանակ խրատելով, մեր հիւրը կ’աւելցնէր, «պզտիկ զատիկը մեծ զատիկէն առաջ կու գայ, տիկի՛ն, միւս աղջիկներուն բախտը մի՛ կապէր ի շահ առջինեկին:» Զատիկը ի՞նչ կապ ունի բախտին ու ամուսնութեան հետ, ես չէի հասկնար եւ ճիշդ այս բառերը լսելուս պատճառով՝ կը փորձէի այդ հիւրերը քշելու ձեւ մը գտնել: Մայրս շատ կը փորձէր մեզի բացատրել, որ նման հիւրեր, մասնաւորաբար մեծ տարիքով կիներ, որոնք միջնորդութիւն կ’ընէին, անոնք կ’օգնէին ընտանիքի մը երիտասարդ տղուն՝ հա՛յ, լա՛ւ ընտանիքի աղջիկ մը որպէս հարս գտնելու, իսկ այս արարքը կը նկատուէր ԲԱՐԻ գործ եւ ամօթ է միջնորդը չընդունիլ:
Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ ուրիշ օր մը, տիկին Մարին յաջողեցաւ մայրս համոզել եւ այդ գիշեր մեզի այցելութեան բերել փեսացուն, երբ ան պնդելով ըսաւ. «բան մը չէք վնասեր, ես մէյ մը ձեզի այցելութեան բերեմ փեսացուն եւ իր ընտանիքը, տեսէ՛ք ապա կարծիք յայտնեցէ՛ք»: Մայրս յօժարած էր: Քիչ ետք, մայրիկս հայրս ալ համոզեց եւ, ինչպէս միշտ, ինծի վստահուեցաւ սուրհանդակի պաշտօնը կատարել, որովհետեւ ըստ մօրս՝ ճկուն էի ու արագավազ: Պէտք էր երթայի մեզմէ քանի մը թաղ անդին բնակող «մեծ մաման»` մօրս տարեց ազգականներէն մէկը հրաւիրելու՝ անոր յայտնելով մօրս փափաքը, որ կ’ըսէր. «այս գիշեր անպայման մեզի պիտի գաս, մամաս քեզի կը սպասէ»: Կը հասնի գիշերը եւ մեր հիւրերը կը ժամանեն:
Անշուշտ փոքրերը սենեակն են, իսկ միայն մեծերը դուրսը նստած կ’ընդունին հիւրերը: Մեզի խիստ թելադրուած էր ներսէն դուրս չելլել: Այդ ալ ե՞ս. քիչ մը հետաքրքիր ու անհանդարտ, ինչպէ՞ս չտեսնէի հիւր փեսացուն: Մէյ մը սենեակին դռան բանալիին ծակէն կը փորձէի նայիլ, մէյ մըն ալ դուռի ճեղքէն, բայց այս մէկը չէր յաջողեր եւ տան մէջ դռան ձայնն ու մեր շշուկը դորսը կը լսուէր: Երբ մայրս դռան ուղղութեամբ խոժոռ դէմքով մը նայէր. պէտք էր ալ լուռ մնայինք ներսը, թէ ոչ գլուխնիս փորձանք կու գար այդ գիշեր ու հետեւանքը՝ պատժուիլ:
Հետաքրքրական էր, որ երբ ներսէն դուրս դիտէի՝ կը տեսնէի տղաքը մէկ կողմ նստած, իսկ կիները միւս կողմը, կը փորձէին աւելի լաւ ծանօթանալ իրարու՝ մէկը գովելով իր աղջիկը՝ հարսնցուն, իսկ միւսը իր տղան՝ փեսացուն: Վրայ կը հասնէր նոյն հարցումներու տարափը, «պարոնը ի՞նչ գործով կը զբաղի, անձնական տուն ունի՞, ինքնաշարժ ունի՞, կը ծխէ՞, կը խմէ՞ եւ այլն»: Իսկ փեսային կողմէ ներկայաչուցիչը՝ «ձեր աղջիկը մեր տան ծաղիկը պիտի ըլլայ, մեր տան ծաղկամանը, մեր տան…»
Մինչեւ այսօր, «մեծ մամային»՝ տարեց մեր ազգականին տուած մէկ հարցումը կը մնայ մտքիս մէջ, «հա՞յ ես»: Ես ինծի կը հարցնէի, հայերէն կը խօսին բոլորը, ինչո՞ւ այդ հարցումը. եթէ հայ չէ, ինչո՞ւ հայերէն պիտի խօսի: Տարիներ ետք միայն հասկցայ այդ հարցումին նշանակութիւնը, թէ ան յարանուանութիւնն ու հայ ըլլալու գաղափար իրարու կը կապէր…: Ուրեմն, ճիշդ կամ սխալ, հին օրերուն որքա՜ն կարեւոր եղած է մեր սովորութիւններուն մէջ նոյն ըմբռնումները ունեցող ու նոյնանման սովորութիւններու տէր երկու ընտանիքներու միացումը, որ սահուն եւ համերաշխ ըլլայ անոնց ազգականական ապագայ կապը, նոյնպէս ալ նորակազմ զոյգին ընտանիքը: Իսկ մենք ներսէն դուրս նայելու փորձեր կ’ընէինք, պարզապէս տեսնելու թէ փեսան գլուխը մազ ունի՞, նիհարակա՞զմ է, թէ՞ ոչ:
Քանի մը օր ետք պատասխան պիտի տայինք, թէ միջնորդը կրկին այցելութեան գա՞ր մեզի, թէ՞ ոչ: Այդ միջոցին արդէն դուռ-դրացի իմացած կ’ըլլային, «մեր դրացիին աղջկան նայելու եկեր է այսինչ ընտանիքը», որովհետեւ սովորութիւն էր տեղեկութիւններ հաւաքել հարսնցուին մասին եւ միակ ճիշդ խողովակը մօտիկ դրացիներն էին, որոնք միասին մէկ, մեծ ընտանիքի պէս կ’ապրէին եւ լաւ կը ճանչնային զիրար: Բնականաբար, եթէ դրացիդ հարսնցու աղջիկ չունի, լաւ կը խօսէր քու մասիդ, իսկ եթէ ունի, հակառակը՝ թերութիւններուդ վրայ կը դնէր շեշտը: Դուն եւ քու բախտդ: Բարեբախտաբար մեր հայ դրացիներն ու թաղեցիները այս պարագաներուն ճշմարտութեամբ կը վկայէին իրարու մասին, գոնէ մէկ քանին ես անձամբ լսած եմ, երբ մօրս կը դիմէին հարցնելու ու պրպտելու, ան կ’ըսէր, «մեղք ունի, պէտք է ճիշդը ըսենք»:
Այսօր, այս սովորութիւններու մասին բնաւ չենք լսեր մեր հայ ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս մեր միջավայրին մէջ: Մենք հիմա «յառաջդիմած» դարու զաւակներ ենք, ուր չափահաս աղջիկն ու տղան բոլորովին ազատ են իրենց կեանքի ընկերը գտնելու եւ ընտրելու. անոնք կարիքը չունին ոչ միջնորդի, ոչ ալ բարեխօսի: Զոյգերը սիրայօժար ու ազատ կամքով կ’ընտրեն իրենց կեանքի ընկերը, իսկ ծնողքին պարտականութիւնը կ’ըլլայ միայն խրատել ու աղօթել, երբ անոնք գտնուին անխուսափելի իրականութեան դիմաց:
Արդեօք ո՞րն է ճիշդը. հիմա՛ որ մեր երիտասարդները ազատ են, սակայն դժբախտաբար հետզհետէ կը բարձրանայ ամուսնալուծումներու թիւը, իսկ ուրիշներ կարօտով կը յիշեն այդ հին ու անմեղ օրերը, երբ միջնորդներ ու ծնողներ հեռատեսութեամբ ու բծախնդրութեամբ կ’ուզէին միացնել իրենց զաւակները՝ համակերպումի, սկզբունքներու, սովորութիւններու, լեզուի եւ հայ ըլլալու շուրջ:
Կը մնայ նշել, որ միջնորդները չկրցան «որսալ» մեր ընտանիքնին երեք աղջիկները….
Լենա Պօղոսեան




Շնորհալի եւ խոստմնալի գրութիւն:
Ցանկալի է, որ հեղինակը շարունակէ
գրականութիւն մշակել, եթէ… արդէն
չ’ըներ այդ բանը:
***
Լեզուական
***անօթի մնացէ՛ք, կ’ըլլա՞յ:
—անօթի՛ մնացէք…
Շեշտը՝ անօթի-ին վրայ:
***ծանր գործերը ինծի կը վստահուէր:
—կը վստահուէին՝ յոգնակի, քանի ենթական՝
գործերը, յոգնակի է:
Աւելի կոկիկ է ըսել. «ծանր գործերը ինծի կը վստահէին»:
***կը ծխէ՞, կը խմէ՞, եւ այլն…
—եւ այլն-էն առաջ ստորակէտ չի դրուիր հայերէնի մէջ:
Շնորհակալութիւն նկատողութեանց համար: Սխալները սրբագրուեցան:
Շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ եւ ոգեւորիչ խօսքերուն: Ձեր գնահատականը մեծ պատիւ է ինծի համար եւ խթան՝ շարունակելու գրական փորձերս: