Featured - Page 12

Հռոմի պապին վախճանումը եւ…մեր ցնդաբանութիւնները

«Ամբողջ աշխարհը մեզի դէմ է»,- կը մտածէ գրեթէ իւրաքանչիւր միջին հայ եւ համոզուած է, որ քաղաքակրթութիւնն ու աշխարհի մէջ կատարուող քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութիւն մեծ դաւադրութիւն մըն է հայութեան հանդէպ: Արդեօք ինչո՞ւ ամբողջ հայութեան, եւ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այդ միջին հայուն համար պարզ է այնպէս, ինչպէս, որ 2+2=4: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդամէնը երեսուն տարիէ ի վեր, մինչդեռ հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած է այս երկրագունդին վրայ ու արդէն անոր թշնամիները նոյնքան ժամանակ փորձած են ամբողջովին ոչնչացնել զինք: Դժուար է ըսել, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պատճառով սկսած է հայ ժողովուրդին եւ անտեսանելի թշնամիին միջեւ այս հակամարտութիւնը, որու արտայայտութիւնները եղած են տարբեր ժողովուրդներու յարձակումները Հայաստանի վրայ եւ անվերջանալի ջարդերը։ Միջին հայը այս բոլորը չի գիտեր, սակայն համոզուած է, թէ զինք կ’ուզեն ոչնչացնել, եւ յանուն անոր՝ ոչ մէկ բանի առջեւ կը կանգնին։ Ու այս անհաւասար պատերազմին մէջ, հայը միայն մէկ դանշակից-հովանաւոր ունի` Աստուած: Որովհետեւ մենք առաջին քրիստոնեան ենք, այդ իսկ պատճառով ալ, աւագութեան իրաւունքով Աստուած նախ եւ առաջ մեզ պիտի փրկէ ու պահպանէ, յետոյ նոր կարելի է միւսներով զբաղիլ ու միւսները փրկել զուտ այնքանով, որքանով, որ անոնք բարեհաճ եղած են հայուն ու Հայաստանի հանդէպ:

Ու նոյնիքն այդ աստուածային օգնութեան նշաններէն մէկն ալ Հռոմի Պապին մահն էր: Հայերէն շատերը ուրախացան եւ ըսին, որ այդ պատիժ էր անոր համար, որ Վատիկանի մէջ գիտաժողով կատարուած էր «Քրիստոնէութիւնն ու Ատրպէյճանը» խորագրով, որ ուղղուած էր Արցախի ուտիացման եւ աղուանականացման: Միջին հայը նաեւ նման պահերուն կը սկսի յիշել, թէ ալ ո՞վ ու ե՞րբ, ի՞նչ վնասներ տուած է հայուն ու Աստուած որքանով է զանոնք պատժել: Օրինակ Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ որեւէ պատահարի հեղինակը Աստուած է՝ հրդեհ, երկրաշարժ եւ այլն: Այդ բոլորը Աստուած կը բերէ անոնց գլխուն, որ պատժէ հայուն թշնամիները: Աստուած վնասարար է, ոչ աւելի:

Նման ցնդաբանութիւն, որ մեզի համար իւրայատուկ թմրանիւթ է, կը շարունակէ աճիլ ու զարգանալ անընդհատ ու անվերջ: Միջին հայը նաեւ կը զարմանայ, որ Հռոմի պապը թոյլ տուած է նման այլանդակութիւն կատարել՝ շատ լաւ գիտնալով, թէ ո՞վ է հայը եւ ո՞վ է ատրպէյճանցին: Միջին հայը ի հարկէ ինքն իրեն նեղութիւն չի տար հասկնալ փորձելու, թէ այդ ի՞նչ պատահեցաւ, որ Հռոմի պապը որոշեց օրհնել ատրպէյճանական գիտաժողովը: Կայ պատրաստի երկու տարբերակ: Մէկն այն է, որ Հռոմի պապը ծախուեր է Ալիեւին, միւսը, որ Հռոմի պապը մասոն է, իսկ մասոնները հաւանաբար ստեղծուած են, որ հայերը ոչնչացնեն: Ու Աստուած ալ պատժեց Հռոմի պապը՝ զայն մեռցնելով: «Օ՜, Պապը չէր մոռցած նաեւ տէր եւ տիկ. Ալիեւը խաչ շքանշանով մը պարգեւատրել։ Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ խաչ մը շնորհել իսլամի։ (Ճիշդ է՝ Փաշինեանին ալ տուած էին այն խաչերէն մէկը, եւ ընդհանրապէս բոլորին կու տան, որովհետեւ դիւանագիտական գեղեցիկ ժեսթ մըն է, բայց բայց չխօսինք անցանկալիին մասին):

Իսկ եթէ այս զառանցանքները մէկ կողմ դնենք ու Հռոմի պապի մահուան արձագանքենք․ հայկական հակիրճ «ողորմի»-ով, կարելի է մտածել, թէ ինչո՞ւ Հռոմի պապը կ’օրհնէր այդ բոլորը: Պապին ծախուածութեան մասին տեսակէտը ոչ միայն անհեթեթ է, այլեւ ծիծաղելի: Այդ ի՞նչ պիտի տար Ալիեւը պապին, որ վերջինս անձնապէս շահագրգռուէր գիտաժողովով: Թէ՛ պապը մասոն է թէ ոչ՝ առանձին խնդիր մըն է, եւ անոր համար պէտք է վերադառնանք խաչակիրներու առաջին արշաւանքներուն եւ սկսինք պատմել ռազմավանական միաբանութիւններու պատմութիւնը՝ բաց թողած բաժինները մեր ճաշակով լրացնելու մտադրութեամբ։

Հռոմի՝ Ալիեւներուն հանդէպ այսքան բարեհաճ ու հիւրընկալ կեցուածքը միայն անձնական սրիկայութեան մակարդակով չի բացատրուիր։ Հաւանաբար պատճառը այն է, որ «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամը երկար տարիներէ կը ֆինանսաւորէ բազմաթիւ գիտաժողովներ, հնագիտական պեղումներ եւ ազգագրական արշաւներ Վատիկանի մէջ, ինչպէս նաեւ կ’օժանդակէ տարբեր յուշարձաններու եւ շէնքերու վերանորոգման ու պահպանման աշխատանքներուն՝ սկսեալ Սուրբ Սեպասթիանի պազիլիքի գետնադամբանները եւ Քոմոտիլլայի գետնադամբանները հռոմի մէջ, մինչեւ Փիօ Քլէմանթին թանգարանի Զեւսի արձանը, Վատիկանի գրադարանն ու Սիքսթինեան մատուռի դահլիճներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը՝ որ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ, եւ որ Վատիկանի ամենէն կարեւոր յուշարձաններէն մէկն է ու կաթողիկէ աշխարհին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող երեւոյթ մը:

Ակնյայտ կը դառնայ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը եւ քրիստոնէութիւնը միաժամանակ կրնան տեղ ունենալ։ Պարզ կը դառնայ, թէ Պապը կրնայ իրօք օրհնել գիտաժողով մը՝  կազմակերպուած երկրի մը կողմէ, որ մեծ ներդրում կատարած է կաթողիկէ աշխարհին մէջ։ Ի հարկէ այս բոլորը ունի իր մութ երեսը։ Իսկ մութ երեսը այն է, որ Ալիեւը, որ վերանորոգէ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքը, մեծ հաճոյքով կը քանդէ հայկական եկեղեցիներ, կը վերացնէ զանոնք, կը վերածէ մզկիթներու, կը յայտարարէ զանոնք աղուան կամ ուտի, եւ մէկ խօսքով՝ կը փորձէ Արցախը ապահայակականացնել։  Եւ կարելի է հասկնալ հայերուն զայրոյթը, որ Հռոմի պապը տեսակ մը կէս-քրիստոնէական պահուածք ունի՝ տեսնելով միայն այն, ինչ որ իրեն պէտք է եւ փորձելով չտեսնել այն, ինչ որ իրեն պէտք չէ։

Բայց հայերը պէտք էր որ արդէն շատոնց վարժուած ըլլային այդ բոլորին: Հայերը պէտք է առնուազն երկու հազար տարի առաջ հասկցած ըլլային, որ ի վերջոյ ամէն ինչի մէջ կայ բնական շահադիտական կողմ մը, եւ իւրաքանչիւրը կ՚ընէ միայն այն, ինչ իրեն օգուտ է։ Իսկ ինչո՞ւ պիտի Հռոմի պապին սիրտը Արցախի եկեղեցիներուն համար աւելի պէտք է ցաւի, քան Վատիկանի մէջ գտնուող եկեղեցիներուն: Հայաստանի մէջ քանի՞ կիսաքանդ եկեղեցի կայ, թերեւս Ալիեւը զանոնք ալ նորոգէ: Բայց Հռոմի պապը կրնայ նաեւ ըսել, որ Վատիկանի մէջ կայ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը, մենք ճանչցած ենք Ցեղասպանութիւնը, սրբացուցած զոհերը, Նարեկացին տիեզերական վարդապետ հռչակած, դեռ ի՞նչ կ’ուզէք: Չէք ուզեր Ս. Պօղոսի պազիլիքը վերականգնե՞նք, եկէք դուք վերանորոգեցէք զայն: «Վայ, եղա՞ւ,- կը նեղանայ հայը, -«վայ, առաջին քրիստոնեայէն դրամ կ’ուզե՞ն»: «Ե՞ս ինչ ընեմ»,- կը հակաճառէ Հռոմի պապը, -«այս անտէր եկեղեցին, ինքն իրեն պիտի չվերանորոգուէր»: Ու այսպէս հայու ուղեղին մէջ անիմաստ մենախօսութիւն կը սկսի, որուն միակ նպատակը Հռոմի պապը յանցաւոր հանելն է:

Իսկ յետոյ՞: Ի՞նչ պիտի պատահի յետոյ: Սպասենք, որ Ատրպէյճանի մէջ ինչ աղէտ պիտի պատահի, որպէս հայերու դէմ գործած յանցանքի պատի՞ժ: Այդ պարագային, ո՞րն է պետութիւն ունենալու իմաստը: Անմիջապէս Հայաստանը հռչակենք մեծ վանական համալիր մը ու առաւօտէն երեկոյ աղօթենք ու ցուցակ ուղարկենք երկինք` Աստուծոյ պատուիրելով, թէ որու երբ սպանէ ու թէ Թուրքիոյ այս հատուածին մէջ հրդեը աւելի լաւ է, իսկ միւս հատուածին մէջ երկրաշարժ աւելի յարմար է՝ 5-7 աստիճան…

Դեռ որքա՞ն կարելի է այսպէս շարունակել: Գոնէ անգամ մը մենք մեր վրայ պատասխանատուութիւն պիտի վերցնե՞նք: Ալիեւը միլիառներ կը ծախսէ աշխարհի խիղճը կաշառելու, ատրպէյճանանասէր դարձնելու համար, իսկ մենք միայն նստած կը գանգատինք: Արդեօք դրամ չունի՞նք, թէ՞ կաշառել չենք գիտեր: Բայց, ո՜չ, մենք միայն մեր գրպանը կը տեսնենք,  կը պաշտենք միայն մեր անձնական երջանկութեան աստուածը ու երբեք չենք փորձեր աշխարհին հետ իր լեզուով խօսիլ։ Մէկ կողմէ, մենք պարապ նստած ենք, իւրաքանչիւրս միւսին հաշւոյն կը հարստանայ, միւս կողմէ կը բարկանանք, որ Պաքուի սուլթանը կը յաջողի աշխարհը համոզել, թէ Արցախի ոչնչացումը սովորական բան մըն է։

Մենք կամ յիմար ենք, կամ յիմարութեան աստիճանի միամիտ, որ այսքան ցաւ տեսնելէ ետք, կը շարունակենք հեքիաթներու հաւատալ: Իսկ թերեւս այդ մէկը հաճելի կը թուի մեզի: Յիմարի դեր խաղալը: Կարելի է միամտութեան ախտորոշումով արդարացնել որեւէ այլանդակութիւն:  Մենք՝ հայերս, շատ լաւ գիտենք, որ խելագարածէն հաշիւ չեն պահանջեր: Եւ ահա մենք ալ գելագալութեան մեր բաժինը ունինք՝ թէ՛ ապահով է, թէ՛ բարոյապէս մաքուր: Թող Հռոմի պապը իր հոգիին մասին մտածէ, որ դժոխքի կրակին մէջ պիտի այրի, իսկ մենք վաղուց մեր հոգիները տարբեր պիզնեսներու մէջ ներդրած ենք՝ դրամ շահող «հաւատքներու» մէջ։ Դեռ չխօսինք այն մասին, որ որեւէ եկեղեցական տօնի ժամանակ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն շուրջը շատ արագ մոմի ու տարատեսակ մանրուքի մեծ պիզնես կը ծաղկի, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ երթալ եւ քրիստոնէութեան իր բաժինը գնել՝ առանց մոռնալու, որ մարզերուն մէջ գտնուող, քիչ թէ շատ այցելու ունեցող եկեղեցիներէն շատերու մէկ անկիւնը յուշանուէրներու կրպակներ կը գործեն՝ սուղ գիներով յուշանուէրներ վաճառելու համար ու բոլորը թքած ունին թէ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, որ Քրիստոս վաճառականները վտարեց տաճարէն: Իսկ մենք, ընդհակառակը, լրբաբար կռիւ կ’ընենք որեւէ մէկու հետ, որ կը փորձէ եկեղեցիէն վտարել մանրավաճառը՝ իր գոյնզգոյն լաթերուն եւ զարդարանքներուն հետ մէկտեղ: Իսկական քրիստոնէական մարմաջ:

Ի դէպ, Աստուած կաթողիկէ՞ է, թէ՞ առաքելական: Պէտք է որ առաքելական ըլլայ, կամ գոնէ՝ հայասէր: Հապա՞, մեզ ո՞վ պիտի պաշտպանէ, եթէ Աստուած ալ չպաշատպանէ: Մենք առաջին քրիստոնեան ենք ու այդ մեր թողութիւնն է՝ ոսկի տոմսակը դէպի դրախտ: Մենք մեզ արդէն ապահովագրուած ենք ամէն ինչէ: Մենք դեռ երկար պիտի հաշուետու ըլլանք մեր կեղծաւորութեան համար՝ թէ՛ հայրենասիրական, թէ՛ քրիստոնէական իմաստով։ Աստուած մեզ պիտի դատէ որպէս «հայ-քրիստոնեայ» յօդուածով։

Նոր գիրք. «Լռեցուած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին երեխաներու բռնի տեղափոխումը»

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹՀ) ընթերցողներու լայն շրջանակին կը ներկայացնէ «The Silenced Crime: Forcible Child Transfer During the Armenian Genocide» («Լռեցուած ոճիրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին երեխաներու բռնի տեղափոխումը») գիրքը, խմբագրութեամբ՝ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեանի։

Գիրքին մէջ ամփոփուած են խմբագրողին, ՀՑԹՀ-ի – այլ գիտաշխատողներ՝ Ռեգինա Գալուստեանի, Նարինէ Մարգարեանի, Շուշան Խաչատրեանի, Ռոբերտ Թաթոյեանի, Յարութիւն Մարութեանի, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ պատմաբան, ՀՑԹՀ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռեմոն Գէորգեանի ուսումնասիրութիւնները։ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին հետ համագործակցաբար հրատարակուած այս գիրքը Brill | Schöningh հրատարակչութեան նոր՝ Armenian History and Culture (Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ https://brill.com/view/serial/AHUC) շարքի անդրանիկ հատորն է։ Շարքի խմբագիրներն են Աշոտ Հայրունի եւ Ռոբերտ Սուքիասեան։

Հեղինակներու հետազօտութիւնները նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ երեխաներու բռնի տեղափոխման եւ ձուլման տարբեր երեւոյթներուն՝ որպէս հայ ինքնութեան դէմ ուղղուած երիտթուրքական վարչակազմի համակարգուած գործողութիւն։ Հայ երեխաները դարձան ցեղասպանական աւելի լայն ռազմավարութեան թիրախ՝ բռնի կերպով կտրուելով իրենց արմատներէն, տեղափոխուելով իսլամադաւան ընտանիքներու կամ պետական որբանոցներու մէջ։ Կառավարական հրամանագրերու եւ շարքային քաղաքացիներու նախաձեռնութիւններու համակարգուած գործադրութեամբ՝ երեխաներու ազգային ինքնութիւնը համակարգուած կերպով կը ջնջուէր՝ կրօնափոխութեան եւ անձնական տուեալներու փոփոխութեան, երեխաներու իրական ծագումը սքողելու միջոցով։ Պատմական, իրաւական, կրօնական, մարդաբանական, վիճակագրական եւ ընկերաբանական տեսանկիւններէ գիրքը կը ներկայացնէ երեխաներու բռնի տեղափոխումը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական բաղադրատարր, նաեւ կ’անդրադառնայ այդ երեխաներու ազատագրման, իրենց հայկական ինքնութեան վերադարձնելու ջանքերուն։
Գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը կարելի է գտնել հետեւեալ յղումով՝ https://brill.com/display/title/71069, իսկ տպագիր օրինակը լոյս կը տեսնէ Մայիս 12-ին։

Քաղուածաբար՝ «Նոր Յառաջ»էն

Echoes of a Classroom, հեղինակ՝ Լենա Պօղոսեան

Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ կրթութեան մասին՝ համադրելով ուսուցման, դասարանային փորձառութիւններու եւ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու անդրադարձները։ Այս podcast-ով, Լենային հետ կը խօսինք գիրքին ծննդոցին եւ հիմնական նիւթերուն մասին: Կ’անդրադառնանք նաեւ գիրքին ստեղծման մարտահրաւէրներուն եւ հրատարակչական հոլովոյթին: Վերջապէս, կը խօսինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ տարածել այս գիրքը:

Աւելի քան յուշեր ու ցոլքեր. Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը բոլորիս մասին է

Երբ կ’ըսենք դասարանի մը արձագանգները, կարելի է հասկնալ այն ձայնը, որ կ՚արձակուի անկէ, կը հնչէ հոն, ապա կը կրկնուի անոր պատերուն վրայ: Սակայն «Դասարանի մը արձագանգները» գիրքին մէջ, հեղինակը՝ Լենա Պօղոսեան, նկատի չունի այդ պարզ ու բառացիօրէն լսելի ձայնը, այլ այն ամբարուած հարուստ փորձը, որ արձագանգելով ժամանակի թաւալումին մէջ՝ կը դառնայ մղիչ ուժ եւ ուղի կը հարթէ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու կեանքի հիմնական որոշումներուն եւ իրագործումներուն: Դասարանին այդ արձագանգները կը սաւառնին գրասեղաններէն անդին ու նաեւ կը կերտեն քաջ ու ազնիւ մարդը, եւ այս պարագային՝ կը կոփեն հայ դպրոցէն շրջանաւարտ հայ գիտակից մարդու կերպարը:

Echoes of A Classroom (Դասարանի Մը Արձագանգները) խորագրեալ գիրքը կը բովանդակէ տասներկու գլուխներ, որոնք ընդհանդրապէս կը պատմեն ուսուցչական ասպարէզին մէջ երկարամեայ փորձառութեան առնչուած յուշեր, մտորումներ եւ պատառիկներ հայ դպրոցի երդիքին տակ տեղի ունեցող առօրեայէն, միաձուլուած մանկավարժական գիտելիքներու, ներառելով ուսուցիչին մտահոգութիւնները, նուիրումը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հոն շեշտը կը դրուի ուսուցիչ-աշակերտ առողջ յարաբերութեան, նաեւ միտք ու նկարագիր կերտող եւ հայ արժէքներ փոխանցող դպրոցի կարեւոր դերին վրայ: Այս բոլորը, շաղախուած մանկավարժական ու մասնագիտական կարեւոր հմտութիւններով ու գիտելիքներով, կը  հարստացնեն ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որ հեղինակին համար ասպարէզ ըլլալէ աւելի կոչում է։ Նպատակը գիտելիք փոխանցելէ առաջ ոգի փոխանցելն է՝ մարդակերտումի եւ հայակերտումի ոգին։

Գիտելիքէն բացի, գիրքին էջերը կը հարստանան դպրոցական առօրեայ դէպքերով, որոնք, սահուն, գեղեցիկ եւ մտերմիկ պատկերելով, ընթերցողը կը փոխադրեն իր աշակերտութեան օրերը, իր նստարանը, ու այն խորհրդածութիւններն ու խօսքերը, որոնք հայ ուսուցիչը փոխանցած է այնտեղ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ իր մէջ կը հնչեն՝ անկախ անկէ, թէ ու՛ր կ’երթայ եւ որքան ալ ժամանակը փորձէ զանոնք մոռցնել։ Հեղինակը ինք կը վկայէ, որ այս նոյն արձագանգներն են, որոնք մղած են զինք գրի առնելու իր՝ ուսուցիչի յուշերը, որ զանոնք պահպանէ կորուստէ եւ իր մտահոգութիւնները բաժնէ նոր սերունդի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Հեղինակը հարցադրումներ կ’ուղղէ կրթական պատասխանատուներուն՝ անդրադառնալու այն նոր ու վտանգաւոր հոսանքներուն, որոնք կը սպառնան մեր կրթական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ այն ուսուցիչներուն թիւին, որոնք հայ ոգին կը փոխանցեն, եւ հետեւաբար՝ հայ օճախին շարունակականութեան կը նպաստեն։ Այս պատճառով, գիրքը կը դառնայ յուշագրութեան, խորհրդածութեան եւ մանկավարժութեան համադրութիւն մը, որուն հերոսներն են աշակերտները՝ այն երեխաները, որոնք նոյնպէս այդ դպրոցը յաճախած են, եւ ուսուցիչները, որոնց հեղինակը ձօնած է այս գիրքը։

Հայրենիքն ալ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ այս գիրքին մէջ, երբ խումբ մը աշակերտներու հետ, հոն՝ ջամբարի մը մէջ, մայր հայրենիքը գրկաբաց կ’ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն եկող սփիւռքահայ պատանիները, ճիշդ այդ նոյն գգուանքով, որով հայ դպրոցը կը փայփայէ հայ երեխան ու պատանին:

Ոճը՝ ջերմ եւ հաղորդական, յատուկ ձեւով կը գրաւէ ընթերցողը, որ կ’ուզէ ամբողջ գիրքը մէկ շունչով կարդալ, կարծես այս նպատակով ալ էջերուն թիւը հազիւ անցած է հարիւրը։ Տեղ-տեղ պատկերներու մէջբերումներով կը հարստացնէ ընթերցողին տեսլականը՝ զերծ մնալով բարդ եւ վերացական գաղափարներ փոխանցելէ։ Եւ թէեւ լեզուն գրուած է պարզ անգլերէնով, հոգին հայկական է՝ ուղղուած ոչ միայն հայ ընթերցողին, այլ նաեւ բոլոր ուսուցիչներուն՝ թէ՛ հայկական դպրոցին մէջ եւ թէ՛ դուրսը, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որոնք հայերէն կը խօսին, բայց տարբեր պատճառներով առիթ չեն ունեցած հայերէն գրել եւ կարդալ սորվելու, հետեւաբար գիրքն ու հայ հոգին հասանելի դարձնելով աւելի լայն շրջանակի։ Այս բոլորը համեստ գիրքը կը վերածեն հայկական դպրոցին ուղղուած հրաւէրի մը, եւ միաժամանակ կամուրջի մը՝ հայերէնէն հեռացող սերունդները եւ լեզուին չտիրապետելու անոնց պատրուակները վերացնելու ճիգով՝ անշուշտ միշտ զանոնք մայրենիին վերադարձնելու յոյսով: Այս բոլորէն անդին՝ կարելի է նաեւ նշել, որ գիրքը քայլ մըն է տարբեր մշակոյթներու հետ հաղորդակցութեան եւ ծանօթացման ճամբուն վրայ, որ ինքզինք կը պարտադրէ այս արագ զարգացող ու փոխուող 21-րդ դարուն:

Բարի ընթերցում, բոլոր փափաքողներուն:

Կ.Հ.

ԱՅՆՔԱՆ․․․

Հրանդ Մարգարեան

ԱՅՆՔԱՆ ԱՐԵՒ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՅՈՒՇ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԺՊԻՏ ԵՒ․․․ ԱՐՑՈՒՆՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՇՈԻՆՉ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՑԱՒ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈԻՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՒԱՏՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԱՊԱԳԱՅ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԵՍ ԿԱՄ, ԴՈՒ ԿԱՍ, ՄԵՆՔ ԿԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈԻՄ
ԱՅՆՔԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
ԱՅՆՔԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ․․

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ

 

Հեռացող աստղունքը ցոլում է,
Երկինքը ընկալում է լոյսը,
Մաքրում է ծաւալը,
Մինչեւ լազուրի ակունքները,
Ծալը ու մնացեալը․․․

Գուբում պատռւում է պատանքը,
Կեանքը տրոփում է անաւարտ,
Մղում, գլորում է քարը․
Բացում է գերեզմանը,
Որպէս կենդանութեան մահիճ,
Կենսաւոր, տրոփող սիրտ:

Եռօրեայ է տեւում տաճարի վերակառուցումը,
Ինչպէս ասել էր:

Սգաւոր կանայք եկել,
Մեռելների մէջ են փնտրում
Յարեալին․․․

Ասում է` հանդիպեն վերնատանը:

Կ’ասկածներ կան․․․

Թող ստուգեն գեղարդի յօշածը,
Մեխերի խոցերը ձեռքերին,
Ոտքերի թաթերին․․․

Գուցէեւ քերթուածքները ճակատի,
Որ թողել է փշէ թագը․․․

Գարնանային հովի հոսանք է,
Աշտարակուած խաչի յիշողութիւն․․․

Երեւակում է վերնատանը․․․

Ոչմի ողջագուրում․․․
Երկրային ոչմի փոշի չպիտի լինի վրան
Երկնային մտնելու պահին․․․

Գեղարդի յօշածը,
Մեխերի խոցերը,
Ճակատի քերթուածը
Ստոյգ են:

Լուսաւոր ճակատին
Լոկ ծիածան, որպէս նարօտ․․․

Ապա պատգամում է,
Սպասեն քառասուն օր
Ընդունելու շնորհի գալուստը․․․

Սուրբ հոգով ծոցուորած
Աստուածային միութիւն է,
Որ անսկիզբ է ու անվախճան․․․

Վերացումը պատկերւում է,
Որպէս համբարձում․․․

Քրիստոս է,
Աստուածորդի,
Ծնունդով մարդորդի,
Բանի քարոզներով,
Ծաղկազարդով,
Խաչելութեամբ,
Յարութեամբ,
Համբարձմամբ
Առ հորիզոնի ծաւալ․․․

Տիեզերքում մենք միայնակ չենք:
Համօրէնը
Աստուածային ստեղծագործութիւն է:
Որդին յաջորդում է հօրը
Սուրբ Հոգու միջնորդութեամբ․
Յաւիտենական հոլովոյթ Է,
Անմահութիւն․․․

Ծանօթանանք լիբանանահայ գիտնական, քաղցկեղաբան դոկտ. Մարկրէթ Շիրինեանին

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթին այսօրուան հիւրն է գիտնական Դոկտ. Մարկրէթ Շիրինեանը, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին (AUB) professor դասախօսներէն, եւ ուսումնասիրողներէն, որ մասնագիտացած է ուղեղի քաղցկեղի (glioma) ուսումնասիրութեամբ՝ մասնաւորապէս այն փոփոխութիւններով, որոնք կը կատարուին մեր ծիներուն եւ բջիջներուն վրայ։ Դոկտ. Շիրինեան բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր է՝ ներառեալ Հիւսէյն Թագաւորի անուան Քաղցկեղի Հետազօտութեան Մրցանակին։ Ան աշխատած է Շուէտի, Քանատայի եւ Լիբանանի առաջատար հաստատութիւններուն մէջ։

ԳԱՂԱՓԱՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներէ։ Առաւել՝ հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Նախագիծեր կ՚ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք անգամ։ Յունուարին գնահատուեցան 125 նախագիծեր, որոնցմէ 32-ը ընտրուեցան նպաստատուութեան համար։

Վաւերացուած նախագիծերէն ոմանք շարունակութիւնն էին առկայ նախաձեռնութիւններու, ինչպէս՝ Զարմանազան, Երդիք, Ուս Հարթակ եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի ՔարՏես հեռախօսային յաւելուածը։ Այլ նախագիծեր նոր նախաձեռնութիւններ էին առկայ գործընկերներու հետ, օրինակ՝ Vlume-ի ընդարձակումը մանուկ պատանի ընթերցողներու համար նախատեսուած հայալեզու 84 նոր հրատարակութիւններով, որոնք աւելցան չափահաս ընթերցողներու համար պատրաստուած լսողական եւ ելեկտրոնային գիրքերուն կողքին։ Սա նոր ուղղութիւն մը կը բերէ մանկական դաստիարակչական նիւթերու պատրաստութեան մէջ Բաժանմունքին ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ գիրքերու թարգմանութեան իր սեփական Զարդիս մատենաշարին։

Խրախուսիչ որոշ նոր նախաձեռնութիւններ, որոնց Բաժանմունքը համաձայնած է զօրակցիլ, կը ներառեն կրտսեր գիտաշխատողներու հետազօտական խումբի մը ստեղծումը Լայփցիկի համալսարանի Արեւելեան Եւրոպայի Պատմութեան եւ Մշակոյթի Լայպնից Հիմնարկին (GWZO) մէջ։ Հիմնարկութիւնը դոկտորականի երկու կրթանպաստ պիտի շնորհէ GWZO-ի մէջ հայկական ժամանակակից նիւթերու հետազօտութեան։ Երկու այլ կրթանպաստներ պիտի շնորհուին նոյնինքն Հիմնարկին կամ արտաքին աղբիւրներու կողմէ։ Կը նախատեսուի որ այս հիմնարկը դառնայ հայագիտական հետազօտութեան առաջատար կեդրոնը Գերմանիոյ մէջ։ Նաեւ եռամեայ ժամկէտով կը հովանաւորենք INALCO-ի Հայագիտական Մագիստրոսի Աստիճանի Միջազգային Ծրագիրին՝ հետազօտութեան եւ դասաւանդումի իր կարողութիւնները լրացնելով միամսեայ այցելու աւագ գիտաշխատողի հետ։

Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի հետ գործակցութիւնը պիտի երաշխաւորէ Վենետիկի Ճարտարապետական 19-րդ միջազգային պիեննալէին Հայկական տաղաւարին կազմակերպումը։ «Մանրաճարտարապետութիւն արհեստական բանականութեան միջոցով. ստեղծելով նոր յիշողութիւններ հնադարեան կոթողներով» վերնագիրը կրող նախագիծը պիտի պեղէ արհեստական բանականութեան զարգացող դերը մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան մէջ եւ իբրեւ նոր արտայայտչաձեւերու ուղի։ Դարձեալ Հայաստանի մէջ Հանրային Քաղաքականութեան Ինստիտուտի տրամադրուած նպաստ մը պիտի զօրակցի «Գիրք եւ միտք» ծրագրին՝ պատրաստելու 36 փոտքասթ-տեսանիւթերու շարք մը վերջին քանի մը տարիներուն հայերէնի թարգմանուած նշանակալից գիրքերու մասին։ Շարքին նպատակն է քննական մտածողութիւնը խթանել այս գիրքերուն եւ ընկերաքաղաքական ու մշակութային միտքին վրայ անոնց ներգործութեան առնչուող քննարկումներով։ Վերջապէս՝ զօրակցութիւնը «Հայ Հալէպ» նախաձեռնութեան. Հալէպի հայ համայնքին վերաբերող բանաւոր պատմութեան այս ծրագիրը պիտի ստեղծէ համապարփակ կայքէջ մը ուր պիտի տեղադրուին տեսագրուած հարցազրոյցներ, լու- սանկարներ եւ այլ նիւթեր ներկայիս լուրջ վտանգի ենթակայ համայնքին մասին։

Թէեւ Բաժանմունքը մեծ մասամբ կը գործէ Փորթուկալէն դուրս, սակայն պատեհ առիթներով կը զօրակցի Փորթուկալի մէջ հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող նախաձեռնութիւններու։ Ան հովանաւորեց Սերգէյ Փարաճանովի ժապաւէններու շարքը Cinemateca Portuguesa-ի մէջ ուր Փարաճանովի բոլոր ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին փորթուկալցի հանրութեան։ Հիմնարկութիւնը նաեւ կը զօրակցի «Սասունցի Դաւիթ» հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին փորթուկալերէնի թարգմանութեան՝ տեղացի երիտասարդ ակադեմականի մը կողմէ որ հայ լեզուի խոր գիտութիւն ձեռքբերած է Լիզպոնի Նովա համալսարանի Լեզուներու հիմնարկին (IL-Nova) մէջ Կիւլպէնկեանի հովանա- ւորած դասընթացներուն միջոցով։

Ինչպէս Հիմնարկութեան տրամադրած բոլոր նպաստներուն պա- րագային այս նախագիծերը վաւերացուած են իր նախագահին՝ փրո- ֆեսէօր Անթոնիօ Ֆէյժոյի եւ Հոգաբարձու մարմինին կողմէ։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը զեկուցէ նախագահին որ ստանձնած է Բաժանմունքին անմիջական պատասխանատւութիւնը 2024-ի վերջերուն պրն Մարթին Եսայեանի հանգստեան կոչուելէն ետք։ Վերոնշեալ նախագիծերը վաւերացնելու առիթով նախագահը ըսաւ.

«Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, որուն խոր արմատները կ’երթան մինչեւ Հիմնարկութեան հաստատումին թուականը 1956-ին, հիմքը կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան: Բաժանմունքը մեզ կ’աղերսէ մեր հիմնադիրին եւ իր մշակոյթին, իր մարդասիրութեան եւ միջազգային աշխարհահայեացքին հետ: Մենք կը փափաքինք ընդլայնել մեր յանձնառութիւնը աշխարհատարած Հայկական Սփիւռքին եւ Հայաստանի նկատմամբ: Այս նախագիծերը դրսեւորումն են այդ երկարաժամկէտ յանձնառութեան»:

Յառաջիկայ շաբաթներուն Հիմնարկութիւնը վաւերացման դիտանկիւնով պիտի քննարկէ ժամանակակից հայ մշակոյթի նպաստատուութեան առնուազն 10 դիմումներ որոնք ներկայացուած են իր արդ եւս նորարարական ծրագրին։ Հիմնարկութիւնը այլ նոր նախագիծերու շարքին կը մշակէ Հայկական Սփիւռքի Հետազօտական Կեդրոն անունով հետազօտական նոր նախաձեռնութիւն մը որ պիտի ստանձնէ Սփիւռքի ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուող քաղաքականութեան հետաքննութիւններ։ Ինչպէս նախագահը նշեց՝ «Կարեւոր է ոչ միայն պահպանել մշակոյթը այլեւ վեր- աշխուժացնել զայն եւ խրախուսել նոր մշակոյթի ստեղծումը: Նմանապէս՝ ուրոյն հետազօտութեան զօրակցելու զուգահեռ Հիմնարկութիւնը կը ձգտի զարգացնել քննական մտածողութիւնը եւ անոր տարածումը»:

Նախապէս հովանաւորուած նախագիծերու ցանկերը կրնաք գտնել հոս՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/հովանաւորուած-նախագիծեր-եւ-տրամադրո/հովանաւորուած-նախագիծեր/

Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը… երբ երազները կը դառնան իրականութիւն

Հալէպի հայ դրացիներով բնակելի հինումաշ բակերուն մէջ ծնունդ առած սիրոյ կայծն ու սէրն է, որ այս անգամ նիւթ կը դառնայ Գէորգ Պետիկեանի նոր ստեղծագործութեան: Ի տարբերութիւն իր նախորդ տասնեակ հատորներուն, Պետիկեան կը գրէ սիրավէպ մը, ուր վաթսունական տարիներուն ապրող Հայկին ու Շուշանիկին պատանեկան սիրոյ բոցկլտող տարփանքն ու անմեղունակ զգացումները կը թակեն յաւերժութեան դուռը՝ գեղեցիկ բառերու եւ պատկերներու ընդմէջէն: «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» կը վերակենդանացնէ այն օրերը, երբ ամօթխածութիւնն ու դաստիարակութիւնը գերիշխող էին աւանդական հայ ընտանիքի զուսպ կենցաղին մէջ:

            «Հաստատապէս իր տաք պատանութեան մրրիկներէն ծնունդ առած գաղափար մըն էր։ Շուշանիկին կամ, աւելի ճիշդ, Շուշանին ձայնը վայրկեանապէս զինք տարբեր մտածումներու առաջնորդած էր»։

 Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» սիրավէպը իր մէջ կը կրէ երազներու այն մեծ աշխարհը, ուր սիրոյ բնատուր  խաղերը կ’ապրին փոքրիկներու հետաքրքիր աչքերուն մէջ:

            «Յանկարծ եւ ինքնածին, լոյսի արագութեամբ միտք մը ծագած էր իր մէջ՝ բաղնիքի դռան ծակէն ներս նայիլ։ Հակառակ իր հոգիի ճերմակութեան, իր կիրքերուն նժոյգները ըմբոստացած էին, անկասկած եւ հաստատ»։

«Գէորգ Պետիկեան նաեւ հոգեբան է»,- կը հաւաստագրէ  գիրքին խմբագիրը՝ պատմաբան գրող Գէորգ Եազըճեան: 

            Հոգեկան աշխարհի ծալքերը պրպտող միտքն է Գէորգ Պետիկեան, եւ ան մեծ վարպետութեամբ իր գրիչով հիւսած է  Հայկին ու Շուշանիկին տուայտանքներով լեցուն սիրավէպը:  

Սէ՞րն է, թէ՞ կիրքը:

            «Հայկ այդ վայրկեանին ինքզինք հերոս մը նկատած էր, որովհետեւ վերջապէս պիտի վայելէր աներեւակայելին։ Որովհետեւ վերջապէս իր կիրքը, այդ նորաստեղծ ու նորակազմ կիրքը յանկարծակի բռնկած էր։ Ան զինք դէպի նոր ու երանելի աշխարհներ տանող «բան» մըն էր։ Այսպէս տրամաբանած էր իր միտքը, իր եռացող արեան հոսքին հետ»։

            «Երկչոտ եւ կակազոտ լեզուն։ Սրտի տրոփումը։ Անոր նոր արթնցող կիրքին մէջ կը փոխակերպուէր սէրը»։

Իր մտքին ու հոգիին գրիչով Պետիկեան վարպետութեամբ պատկերած է իր հերոսներուն նորափթիթ սիրային կեանքի առաջին համբոյրը, զգացումները, երկչոտութիւնը, Հայկին վարանումը, ալեկոծումները, պատանութեան մրրիկները, Շուշանիկին համարձակ, անվարան ու ծրագրուած քայլերուն մանրամասնութիւնները: Այս բոլորը կարծէք կը վերածուին ֆիլմաշարի մը, զոր ընթերցողը Պետիկեանի յանդուգն գրիչին խաղերով կը դիտէ ու կը դառնայ անհամբեր՝ իմանալու, թէ ի՛նչ հորիզոններ կը սպասեն Հայկի եւ Շուշանիկի զարգացող սիրոյն: Թէեւ Հայկին եւ Շուշանիկին կեանքերը կը շարունակուին՝ իւրաքանչիւրն իր տարբեր հորիզոնով, սակայն առաջին սիրոյ այդ կեանքը իր անքակտելի իմաստը ունեցած է։

Հայկն ու Շուշանիկը բաժնող փոթորկալից կեանքը Պետիկեան ներկայացուցած է իր յայտնի ճկուն գրիչով՝ այնպէս, թէ պատահածները մանրազնին կերպով խոշորացոյցի տակ զետեղուած ըլլային, իսկ անոնց հոգեկան ապրումներու հզօր պահերը, ֆիլմ դիտող-ընթերցողին համար կը վերածուին ներգործող զգացումներու, ուր բոլորը կ’ապրին սիրահարներուն խռովքը: Արդէն բժշկութիւն աւարտած Հայկ իր Հալէպ վերադարձին կը փնտռէ այն բակը, ուր իր տղայական օրերուն առաջին սիրոյ համբոյրն ու անքուն գիշերներները զինք ալեկոծած էին, եւ տակաւին կը փնտռէ անվերադարձ անցեալի  երազը, թէեւ գիտէ որ Շուշանիկ ամուսնացած է:

            «Ո՛չ գիրկընդխառնում եւ ո՛չ ձեռքսեղմում։ Միայն աչքերու երկար  հանդիպում եւ սիրտերու տրոփումներու արագացում։ Ա՛յդչափ։ Քանի մը վայրկեան ետք զոյգը մտաւ ճաշարան։ Մոռցուած կամ անտեսուած կարծուած նախկին սիրոյ մը աղբիւրի նոր ծորակն էր, որ պիտի բացուէր թերեւս։ Ո՞վ գիտէ։

Այդ աղբիւրէն վազող կաթիլները, հոսանքի վերածուելով, անկասկած պիտի դառնային երկուքին սիրտերէն վազող հին ու նոր յուշերու մոռցուած կարծուած անձայն եւ անաղմուկ պատմական ջրվէժ»:

            «Շուշան անիրական էակ մը դարձած էր։ Ամուսնոյն մահէն ետք, կեանքի հրապոյրներէն բոլորովին հեռու եւ քաշուած կ՚ապրէր։ Ո չ ժողովներու կ’երթար եւ ոչ ալ իր բարեկամուհիներուն այցելութիւններ կու տար։ Կղզիացած կեանք մը, որ սկսած էր մաշիլ տան մը չորս պատերէն ներս»։

            «Շուշանին յիշողութիւնը երկար ատենէ ի վեր անկէ հեռացած էր ու միայն հետք մը ձգած։ Սակայն Հայկին ներկայացուցած հրաւէրին դիմաց, սիրտը նոր քաղցրութեամբ եւ թարմութեամբ սկսած էր տրոփել։  Այրող հարց մըն էր այս։ Նոր յոյսին բացուող առաջարկ»:

Քիչերն են, որ կը հաւատան երազներու եւ կը յանդգնին հետապնդելու անոնց իրագործումը։ Այս իմաստով, Գէորգ Պետիկեանի սիրավէպին մէջ՝ ճակատագրի եւ երազներու բախումին լարուածութեամբ գրուած, Շուշանիկին եւ Հայկին երազները կ’իրականանային։ Մեծ բակին դեռատի փոքրիկ աղջիկը ունեցած էր Հայկին հետ ընտանիք կազմելու յաւակնոտ երազը… եւ այդ երազը, ճակատագրին մէկ խաղով, կը դառնար իրական….

            «Շուշան չէր մոռցած իրենց սենեակէն ներս, իր ծնողքի աչքերէն հեռու ու գաղտնի իրեն «դաս սորվեցնելու պատրուակով» կանչուած դրացի տղան, իր կարմիր այտերէն համբոյրներ գողցող սիրահարը, փոքր հրապարակի ծառերու ստուերներուն տակ հնչուն ծիծաղով զինք  երջանակացնող Հայկը»։

             «Ամուսնանալ Հայկի հետ։ Միանալ անոր կեանքին։ Ահա իր պատանութեան, հիմա, հասուն տարիքին վերակենդանացած երազը»:

«Հայկի երազը յաղթած էր»:

Երազներու յաղթական երթ սիրավէպի ընթերցողներուն:

Շաքէ Մանկասարեան

[email protected]

Ծանօթագրութիւն: Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» անունով 141 էջէ բաղկացած գիրքը, հրատարակուած է 2024-ին, KASL printing & graphics, Pasadena, California:  Կողքի Մտայղացում-Ձեւաւորում` Վիգէն Շառոյեան:

 

«Թմրեցուցիչները վտանգաւոր չափերով նաեւ կը տարածուին հայ երիտասարդներու մէջ», կ’ըսէ Կարօ Մարկոսեան

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի այսօրուայ հիւրն է Կարօ Մարկոսեանը՝ (No For Drugs) «Ո՛չ Թմրեցուցիչներու» կազմակերպութեան հիմնադիրն ու նախագահը։ NFD- ոչ-կառավարական եւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ կը գործէ Լիբանանի մէջ՝ պայքարելով թմրեցուցիչներու տարաբնոյթ սպառնալիքներուն դէմ, ներառեալ՝ հայ երիտասարդներ։

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

ԳՐԻՇ ԴԱՎԹԵԱՆ

Գարնան մի թաց բայց արեւոտ առաւօտ
Աւետիս է տարածւում․
Սուրբ քաղաքը պիտ ընդունի մի ճամբորդ,
Մարդեղացած մարդորդուն։

Հանգրուանը եւ մօտիկ է, եւ հեռու․
Ճամբան օծուած է լոյսով․
Ժողովուրդը, աղաղակով սրտառու,
Ընդառաջում է յոյսով։

Որ գալիս է խոնարհութեամբ մարդկային,
Յոյսով, սիրով, հաւատքով,
Ու հողեղէն․․․ բայց նաեւ մի երկնային
Նուիրութեամբ հոգեթով։

Դէմքը մեղմ է, խորհրդաւոր, հեզագոյն․․․
Չարչարա՞նք, թէ անրջանք․
Ծով հայեացքում վերին պատգամ գերագոյն,
Աստուածային վեհ խոյանք։

Վարդապե՜տը, վարդապե՜տը․․․ աղաղակ․․․
Սրտեր, կուրծքեր հեւահար․
Տարածւում է ողջ քաղաքում ընդարձակ
Ոգեւորում հոծ, վարար։

Ու կոյրերը սկսում են լոյս տեսնել․․․
Ո՞վ է վառել ակունքը․
Բարկ, ծարաւի ոգիները սիրարբել
Իջնում են յոյս-ափունքը։

Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։

 

 

 

Կեանքի նժարին մէջ

Կիրակի առաւօտ մըն է․ աչքերս կը բանամ, արտասովոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ չորս կողմը։ Կազդուրուած զգալով՝ կ՛ելլեմ անկողինէս։ Տնեցիները տակաւին քնացած են։ Ակնարկով մը կը նկատեմ, թէ արեւուն ոսկեզօծ շողերը ամպերու շղարշին ետեւէն՝ խպնոտութեամբ մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին։ Կիրակիի մը հաճոյալի պատկերացումով համակուած՝ սուրճս կը խմեմ։ Գրասեղանիս վրայ զետեղած եմ հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու ընտրանի մը, որ մէկ մասն է 2025-ին ընթերցելիք գիրքերուս։ Պատահմամբ հետաքրքրական գաղափար մը կը ճեմէ մտքիս մէջ։ Կը մտածեմ, թէ ինչպէս կեանքի տարբեր հանգրուանները կրնանք զուգակշռել գրական տարբեր սեռեու պատկանող գիրքերու հետ։ Եթէ մանկութիւնը հեքիաթ մըն է, ապա պատանեկութիւնը կրնայ արկածախնդրական վէպ մը ըլլալ եւ շարունակաբար․․․

Այս խոկումներով կը սաւառնիմ դէպի մանկութիւն, որ գունաւոր պատկերներով՝ անմոռաց հեքիաթային աշխարհ մըն է։ Անհո՜գ մանկութիւն, որ եկար ու անցար, ետիդ ձգելով բիւր յիշատաներ անշէջ։ Մեր մանկութեան օրերը անկասկած երանգաւորուած են Թումանեանի հեքիաթներով․ «Սուտասանը», «Քաջն Նազարը», «Ոսկի Կարասը», «Բարեկենդանը», ուր երեւակայութիւնն ու իրականը միաձուլուած են։ Երեւութապէս մանուկի մը պէս պարզունակ, սակայն խորքին մէջ Թումանեան «սխալները» մատնանշելով ցոյց կու տայ, թէ մարդ պէտք է իր «խելք գործածէ» եւ ունենայ իր սեփական որոշումը։ Փոքրիկի մը անձնաւորութիւնը կը կերտուի, երբ ան կը տեսնէ ճիշդի եւ սխալի տարբերութիւնը եւ կ՝անդրադառնայ, թէ աշխարհը միշտ «վարդագոյն» չէ։ 

Ժամանակը կը սահի եւ մենք պատանեկութեան սեմին ենք արդէն։ Կը մտաբերեմ Վախտանգ Անանեանի «Յովազաձորի Գերիները», ուր քանի մը դպրոցական պատանիներ կ՝արգելափակուին ձորի մը մէջ։ Անոնք բնութեան «գերիները» դառնալով՝ արկածախնդրութիւններու շարք մը կ՛ապրին։ Ձիւնը, փուքը, վայրի գազաններու ներկայութիւնը, ուտելիքի չգոյութիւնը սպառնալիքներ են։ Պատանիի մը անձնաւորութեան յատկանիշները կարելի է յստակօրէն տեսնել այս վէպին մէջ։ «Խենթ ջահելութիւն, որ միշտ անհոգ ես ու լաւատես․․․» ։ Աշոտը, որ խումբին «ղեկավարն» է, յաճախ կը խրախուսէ իր ընկերները։ Բան պէտք չէր պատանի մը ոգեւորեու համար։ Վէպին մէջ եւ առհասարակ կեանքի մէջ կը նկատենք պատանիներու ներազդեցութիւնը իրենց հասակակիցներու որոշումներուն վրայ։ Անոնք գերզգայուն են, բայց եւ ինքնավստահ։ Կանխավարկածի դիմելը բնական երեւոյթ է։ Աշոտը եւ իր ընկերները վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, սակայն կեանքի մեծ դասեր կը քաղեն այդ փորձառութիւններէն եւ շատ բան կը սորվին իրենց գործած սխալներէն։

Երիտասարդութիւնը վրայ կը հասնի․ կը յիշեմ Շիրվանզադէի «Քաոս»-ը, ուր Մարկոս աղա Ալիմեանի երեք երիտասադ տղոցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն կերպարով կը ներկայանայ վէպին մէջ։ Երէց տղան՝ Սմբատը, ազատամիտ գաղափարներով հրապուրուած է, բայց աւելի լուրջ է, քան կրտսեր եղբայրները։ Միջնեկը՝ Միքայելը, «ոսկի երիտասարդութեան» ներկայացուցիչն է։ Փճացած եւ ցանկասէր անձնաւորութիւն մը, որ վէպի տարբեր անցուդարձերէն ետք, ինքզինք կը վերագտնէ եւ կը դառնայ «նոր» անձ մը։ Փոքրը՝ Արշակը, կը հետեւի Միքայելի օրինակին։ Մարկոս աղա Ալիմեանի մահէն ետք, երեք տղաքը իրարու դէմ կը պայքարին ժառանգի համար։ Երիտասարդի մը կեանքին տարբեր երեսները, իր դրական եւ ժխտական կողմերով, կարելի է տեսնել վէպին մէջ։ Ակնյայտ է նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու քաոսը, ուր երիտասարդ մը ամբողջովին պատասխանատու է իր որոշումներուն եւ արարքներուն։

Վերջերս կը կարդայի Արամ Հայկազի «Ապրէ՛ք Երեխէք»-ը։ Հեղինակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ եւ տարիներու թաւալումին հետ, ան միջին տարիք մուտք կը գործէ․ Կեանքը կը դառնայ աւելի կայուն շրջապատուած իր ընտանիքով, թոռներով․․․։ Ան կարօտով կը մտաբերէ անցեալի յիշատակները․ անվերադարձ մանկութեան անսահման կարօտը կը յուզէ զինք։ «Ու ժամանակի մշուշին մէջէն, պայծառ աչքերով ես կը տեսնեմ ծնողքս ու մեր գիւղը․․․»։  Հիմա սակայն հասուն տարիքի առանձնաշնորհումները կը վայելէ․ դատողութիւն, իմաստութիւն եւ փորձառութիւն։

Եւ կեանքը կը շարունակուի․․․

Պատուհանէս դուրս կը նայիմ․ ամպերը անհետացած են եւ արեւը կը ժպտի ջինջ երկինքին վրայ։

Կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուան առանձնայատուկ է իր յատկանիշներով, հմայքով, մտածելակերպով եւ ձեռքբերումներով։ Իւրաքանչիւր շրջանի շնորհենք արժանաւոր տեղ։ Կեանքը նժար մըն է, ուր տարբեր ժամանակներ, տարբեր «կշռոյթով» նուաճումներ եւ ներդրումներ կը տեղադրենք հոն եւ ապա կ՝ըմբոշխնենք անոնց ծանրակշռութիւնը մեր կեանքի ճանապարհի ընթացքին։ Ողջագուրենք կեանքի տարբեր հանգրուանները եւ ապրինք դրական մօտեցումով, իմաստալից տեսլականով եւ բազմաբովանդակ գոյութեամբ։

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Արուեստագէտ լուսանկարիչ Տիգրան Թերզեանի (Dikran Taj Colour) 50 տարիներու վաստակը

Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։ Ան եղած է Հալէպի հայկական վարժարաններու հանդէսներու, հայ եւ տեղացի համայնքներու նշանախօսութեանց, պսակի, հարսանեկան խրախճանքներու եւ մարզական խաղերու փնտռուած լուսանկարիչը:

Արմատներով արաբկիրցի, Տիգրան Թերզեան ծնած է Հալէպ, 7 դեկտեմբեր 1952-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է  Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանէն (տղոց բաժին), ապա միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը շարունակած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է 1970-1971 տարեշրջանին: Փոքր տարիքէն գծագրութիւնը եղած է իր նախասիրութիւններէն մէկը: Ճեմարանի միջնակարգ դասարանի աշակերտ Տիգրան 1966-1967 տարեշրջանին կը մասնակցի ճեմարանի կազմակերպած ուսանողական ցուցահանդէսներուն՝ սեւ-ճերմակ գծագրութիւններով, իսկ յաջորդ տարի՝ 1968-ին, իր երկրորդական ուսման 10-րդ դասարանին՝ կը մասնակցի իւղաներկերու ցուցահանդէսին:

Գծել սիրող երիտասարդ Տիգրանի համար, այդ ժամանակներու առօրեան ու միջավայրը նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեցին՝ դրոշմելով անսպասելի ճամբու մը սկիզբը, որ տարիներու ընթացքին զինք պիտի առաջնորդէր դէպի լուսանկարչութեան ասպարէզը։ Տիգրանին համար լուսանկարելը կը դառնայ սիրելի ասպարէզ, եւ այդ տարիներուն, սեւ-ճերմակ լուսանկարներու հմտութիւնը ձեռք կը բերէ իր մօրեղբօր Չմշկածագցի-Խարբերդցի Գաբրիէլ Պօղիկեանին քով, որ Հալէպի յայտնի Photo Venus լուսանկարչատան սեփականատէրն էր: Տիգրան կը շարունակէ զարգացնել արհեստը եւ չորս տարի կ’աշխատի  Syria Colour սթիւտիոյին մէջ իտալացի մասնագէտ Ֆրանչսեքոյի հետ, որ իրեն կը սորվեցնէ գունաւոր լուսանկարներու տպագրութեան թէքնիքը: Տիգրան կը պատմէ,- «1979-ին, Մկրտիչ Մինասեանի հետ ընկերովի հիմնեցինք Taj Colour սթիւտիոն եւ մնացինք միասին մինչեւ 1984, երբ ես նոյն տարին յանձն առնելով սթիւտիոն դարձայ սեփականատէրը եւ լուսանկարչատան անունը դարձաւ DIKRAN Taj Colour»:

Իր ասպարէզին բերումով, Տիգրան աշխատակցած է Սուրիոյ մէջ յայտնի 50 լուսանկարիչներու հետ: Նշենք անոնցմէ ֆոթօ Արշօ եւ Ֆոթօ Հայկ լուսանկարչատուները: 1990-ին, Տիգրան կը ճամբորդէ Ճափոն եւ հոն կը մասնակցի թուայնացած տպագրութեան Digital Colour Printing դասընթացքի ու կը ստանայ նշեալ մասնագիտութեան ճափոնական հաստատագիր-վկայականը:

Սիւլէյմանի շրջանի իր հիմնական լուսանկարչատունէն բացի Տիգրան, կը հիմնէ իր երկրորդ մասնաճիւղը, Հալէպի «Մուհաֆազա» կոչուող շրջանին մէջ, եւ զայն կը նուիրէ իր անդրանիկ որդիին՝ Մինասին, իսկ հիմնական Սիւլէյմանի շրջանի DIKRAN Taj Colour  լուսանկարչատան գործունէութիւնը կը ստանձնէ իր երկրորդ որդին՝ Արան: Տիգրան կը պատմէ,- «Այսօր  DIKRAN Taj Colour թուայնացած արդիական վեց քամերաներով եւ drone-ով կը նկարահանէ հարսանեկան եւ այլ խրախճանքներ»: 

Սուրիոյ հայ համայնքին իր ներդումի մասին, Տիգրան կը պատմէ.- «Ֆոթօ Հայկէն ետք, գրեթէ ամէն օր մօտ մէկ տարի Բերիոյ թեմի օրուան նախկին առաջնորդ հոգելոյս Սուրէն արք. Գաթարոյեանի հետ կը մեկնէի Տէր Զօր Նահատակաց Յուշահամալիրի կառուցման աշխատանքները տեսագրելու եւ լուսանկարելու»:

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Սուրբ Յարութիւն մատռան մանրամասնութիւններուն անդրադարձը տե՛ս սոյն յօդուածի ծանօթագրութեան բաժնին մէջ :

Տիգրան ամուսնացած է Արաքսի Հեճինեանի հետ եւ բախատաւորուած են երկու որդիներով: Տիգրան ուրախ է, որ այսօր իր որդիները՝ Մինասն ու Արան կը շարունակեն DIKRAN Taj Colour լուսանակրչատան համբաւը Սուրիոյ քրիստոնեայ, իսլամ, հայ եւ արաբ շրջանակին մէջ՝ պահելով լուսանկարչական ասպարէզի խոստմնալից նոյն բարձր որակն ու արդիականութիւնը, աւանդ մը, որ սկիզբ առած է 50 տարի առաջ: 

Ծանօթագրութիւն

Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յուշահամալիր, Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր (արաբ․՝ كنيسة شهداء الأرمن‎‎), Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ալ Ռաշտի թաղամասին մէջ։

Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի հիմնօրհնէքը արարողութիւնը: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հալէպի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է 12 մայիս 1985-ին, իսկ կառուցման աշխատանքները սկսած են 1 դեկտեմբեր 1989-ին եւ աւարտած՝ նոյեմբեր 1990-ին: Օծուած է 3-4 Մայիս 1991-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ։ Յուշահամալիրը բաղկացած է եկեղեցիէ, թանգարանէ, յուշարձանէ, արխիւային կեդրոնէ եւ ցուցադրութիւններու սրահէ: Սարգիս Պալմանուկեան ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին: Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու: https://www.aztagdaily.com/archives/378357

Համալիրը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան ուխտատեղին, անշիրիմ նահատակներուն հաւաքական գերեզմանը։ 21 սեպտեմբեր 2014-ին յուշահամալիրը «Իրաքի եւ Լեւանտի Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ պայթեցուած է։ 2018-ին, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրի վերանորոգման մասին կարդալ  այս յղումներու վրայ՝ https://www.aztagdaily.com/archives/396622 https://www.aztagdaily.com/archives/384763, https://www.aztagdaily.com/archives/547293

Մարկատէի Սուրբ Յարութիւն մատուռ: 1992-ի վերջաւորութեան, շինարարական պետական ծրագիրի մը իրագործման ընթացքին, Մարկատէ կոչուած  անապատային շրջանի մէջ, որ կը գտնուի Սուրիոյ Հասիչէ-Հասաքէ նահանգին մէջ, Տէր Զօր նահանգին հիւսիս-արեւելքը, շուրջ 90 քլմ. հեռաւորութեամբ,  պատահաբար յայտնագործուած  հայ աճիւններու հսկայ կոյտերն ու հաւաքական գերեզմանափոսերը կը մղեն Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը մատուռ-յուշարձանով մը յաւերժացնելու ապրիլեան անշիրիմ նահատակներու յիշատակը: 

Տէր Զօր-Հասիչէ շրջանի  Մարկատէի մէջ Սուրբ Յարութիւն մատռան հիմնարկէքը կը կատարուի 8 մայիս 1994-ին, նախագահութեամբ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի: 7 Մայիս 1995-ին, մատուռ-յուշակոթողը կ’անուանուի Ս. Յարութիւն:  24 ապրիլ 1996-ին, մատռան օծումը կը կատարուի ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Նախագիծը եւ իրագործումը հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի:

Պատերազմի տարիներուն մատուռը քանդուած է, եւ  բեկորները փոխադրուած են Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիր:

Աղբիւր՝ wikipedia

Մեր արժէքներէն՝ դոկտ. Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան

Տարբերակ21 հարթակի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի հիւրն է Մեծն Բրիտանիոյ Lancaster համալսարանէն շրջանաւարտ եւ AUB-ի Հարիրիի անուան School of Nursing-ի assistant professor դոկտ. Սիլվա Տագէսեան-Սայլեանը, հիւանդապահներու կրթութեան եւ հոգատար խնամքի (palliative care) նուիրեալ մասնագէտ մը, որ վճռորոշ դեր խաղցած է Լիբանանի այս մարզի զարգացման գործին մէջ։ Այս առիթով պէտք է նշենք նաեւ, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ չեն պակսիր արժէքներ, բայց անծանօթ պատճառներով անոնք յաճախ լուսարձակներէ հեռու կը պահուին:

Պատմութեան հրեշտակները՝ մեր մեծ մամաները

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Որոշ ժամանակէ մը ի վեր, որպէս Բարռեսիա Գոլէքթիվ, կը կազմակերպենք «Քով-քովի» խորագիրով առցանց հանդիպումներ։ Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին, այս հանդիպումներու կիզակէտը դարձան մեր մեծ մամաներուն ազդեցութիւնները մեր կեանքին մէջ։ Նկատի ունենալով, որ «Քով-քովի» շրջանակին մէջ կը գտնուին նաեւ քսանական տարիքի երիտասարդուհիներ, մեր մեծ մամաներն ալ կը պատկանին տարբեր սերունդներու։ Այս առիթ կ՚ընծայէ մեզի վերանայելու, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունին մեր մեծ մամաները մեզի համար, 1915-էն մինչեւ օրս, եւ վերստին քննելու անոնց տեղը մեր կեանքին մէջ։

Ուալթըր Բենիամին Փոլ Քլիի նշանաւոր «Անկելոս նովըս»-ը կը նկարագրէ իբրեւ «Պատմութեան հրեշտակ»-ը։ Ըստ Բենիամինի, երբ Պատմութեան հրեշտակը ետեւ կը նայի, կը տեսնէ աղէտներու շղթայ մը՝ մէկը միւսին վրայ դիզուած. այնուամենայնիւ, արդիականացման եւ յառաջդիմութեան փուքը այնքան ուժեղ կը փչէ, որ հրեշտակը չի կրնար կանգ առնել՝ ջարդուփշուր եղած կտորները իրարու միացնելու համար։ Փոթորիկը զինք առջեւ կը քշէ։ «Անկելոս նովըս»-ը սառած կը կանգնի աղէտի դիմաց։

Մեր մեծ մամաները պատմութեան հրեշտակներ նկատելու շատ պատճառներ կան։ Անոնց դիմագրաւած աղէտներուն դիմաց անոնց սառած դիրքերը, լռութեան վրայ կառուցուած կեանքերը եւ իրենց պատահածին մասին չկարենալ խօսիլը Բենիամինին «Պատմութեան հրեշտակ»-ի սահմանումին շատ լաւ կը պատշաճի։ Յատկապէս 1915-էն ետք Պոլիսէն դուրս ծնած ու ապրած մեծ մամաներուն՝ իրենց թոռներուն հետ յարաբերութեան մէջ հայկական ինքնութեան ներկայացման վերադառնալը մեզի կ՚օգնէ աւելի լաւ ըմբռնելու իրենց ետին ձգածները։ Յառաջիկայ շաբաթներուն, յոյսով ենք, որ այս տարածքին մէջ պիտի բաժնեկցինք մեր երիտասարդ ընկերուհիներուն պատմութիւնները իրենց մեծ մամաներուն մասին։

Պոլսէն դուրս ծնած մեծ մամաներուն յարաբերութիւնը հայերէն լեզուին հետ նոյնպէս չափազանց հետաքրքրաշարժ էր։ Ոմանք բնաւ չսորվեցան լեզուն, ուրիշներ ալ ամչցան իրենց խօսած գաւառաբարբառով։ Բարբառներու արագ կորուստին մէջ մեծ դեր խաղացած է Պոլսոյ հայերէնը մայրենիի իտէալ եւ ամէնէն գեղեցիկ տարբերակը համարող սխալ համոզմունքը։

Սփիւռքի մեր ընկերուհիներու մեծ մամաներուն պատմութիւնները մերիններէն տարբեր են։ Հալէպ-Պէյրութ բռնագաղթի ճամբան բռնած կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթած մեծ մամաները ունին Թուրքիա մնացածներէն տարբեր պատումներ։ Կը յուսանք, որ հիւր գրողներ աւելի յայտնաբերեն այս ոլորտը իրենց գրութիւններով։  

Նկարազարդ. Թամար Կիւրճեան

Եւ կան մեծ մամաները անոնց, որոնք հիմա իրենց քառասունական, յիսունական եւ վաթսունական տարիքին մէջ են, մեծ մամաներ՝ որոնք ծնած են 1915-ի շուրջ եւ որոնք այլ իրականութիւն մը պարզեցին։

Իմ մօրենական մեծ մամաս՝ Իսկուհին, Էրզրումէն էր եւ մէկն էր վերոնշեալ կիներէն։ Որքան որ գիտենք, ան ծնած էր 1915-ին։ Բնաւ չգիտցանք, թէ ան ինչ պարագաներէ անցնելով հասած էր Պոլիս։ Մահացած երկուորեակ քոյր մը ունէր։ Իսկուհիին ամբողջ ընտանիքը Էրզրումէն տեղահանուած էր դէպի Իրաք, ուր ստիպողաբար որպէս իսլամ ապրած էր։ Իր ընտանիքին մեծամասնութիւնը, ներառեալ իր հայրը, բոլորովին ոչնչացած էր։ Երբ Իսկուհին եւ իր մայրը՝ Սաթենիկը, Պոլիս հասած են, հաւանաբար ապրած են գաղթակայաններու մէջ՝ ապաստարան մը, ուր վերապրած կիներ եւ երեխաներ կը բնակէին։ Մինչեւ օրս, բնաւ բառերով չէի արտայայտած, թէ Իսկուհին հայր չունէր, թէ Իսկուհին որբ մըն էր։

Երբ ան կարգուեցաւ այլ վերապրողի մը հետ, Ստեփանին հետ, ամուսնոյն առաջին գործը իր անունը Իսկուհիէն Սիլվայի փոխել եղած էր։ Տարօրինակ էր, որ բնաւ հարցականի տակ չէինք դրած այս քմահաճ վերանուանումը։ Իսկուհին կին մը չէր, որ իր կեանքին տէրն էր։ Վերապրած էր, բայց իր ինքնագիտակցութիւնը չընկալուելու չափ թնճուկուած էր։ Անոր կը պակսէին ինքզինքին, իր դուստրերուն, իր թոռներուն կողքին ըլլալը՝ որպէս կին, որպէս մայր կամ մեծ մայր։ Կարողութիւնը չունէր ինքզինք կամ իր զաւակները պաշտպանելու իր ամուսինէն, ոչ ալ կրնար անոնց նեցուկի կամ ապահովութեան աղբիւր ըլլալ։ Թերեւս ան մէկ այլ աղէտի մը մարմնաւորուած ծանրութիւնն էր՝ աղէտ մը, որ չկարողացաւ անուանել, բայց շալկեց ամբողջ կեանքին ընթացքին։  

Միաժամանակ, այր մարդու բացակայութեան, կիներու ուսերուն ինկաւ ընտանիքը միասին պահելու պարտականութիւնը։ Երբ կը մտածեմ մեր կեանքին մէջ այս առանձին կիներու թոռներուն տեղին մասին, չեմ կրնար չտեսնել զանոնք որպէս աղէտի ներկայացումներ։ Նոյնիսկ երբ անոնք չեն խօսիր, երկար ժամանակներ պատուհանէն դուրս դիտողի անոնց տեսքը ինքզինք դրոշմած է մեր յիշողութիւններուն մէջ՝ ծառայելով որպէս աղէտի առ յաւէտ յիշեցում։ Մինչ անոնց ամբողջ գոյութիւնը դարձաւ իրենց կորսնցուցած կեանքին, ընտանիքին, տան եւ հողին սուգը, անոնք դարձան ժառանգութեան մը կապուած մեր կեանքին մէջ կերպարներ եւ յուշեր,- ժառանգութիւն մը, որ ուժեղ է, բայց՝ ծանր։ Ժառանգութիւն մը, որ կը պահանջէ անոնց պատշաճող ըմբռնում, յիշատակութիւն եւ յիշատակի յարգանքի մատուցում:

Այս ու նման նիւթեր քննարկելու համար մենք ուեպինար մը պիտի իրագործենք Լարա Ահարոնեանին հետ 2 ապիլին։ Լարա Ահարոնեան ծնած ու մեծցած է Պէյրութ, գաղթած է Քանատա եւ վերջապէս իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ բնակութիւն հաստատած է Երեւան։ Հանրածանօթ է կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր գործունէութեամբ՝ յատկապէս կենտերային բռնութեան դէմ իր աշխատանքներով։ Բարռեսիա Գոլէքթիվի հարթակէն անոր հետ պիտի զրուցենք իր մեծ մամայէն ժառանգածներուն եւ սփիւռքի մէջ ծնած եւ մեծցած կին մը ըլլալուն մասին, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու համար կը պայքարի։ Ուրախ կ՚ըլլանք Բարռեսիաբարի ընթերցողներուն այս ուեպինարին մեզի միանալով։
 
(Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի)

Ակօս

(Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է 27 մարտ 2025-ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ https://bit.ly/3QTrabQ)

Parrhesia Collective-ը կանանց միջազգային խումբ մըն է, որ բաղկացած է արուեստագէտներէ, ակադեմիկոսներէ եւ աքթիվիստներէ, որոնք կ՚աշխատին լուսանկարչութեան, պարի, շարժանկարի, ընկերաբանութեան, գրականութեան և պատմութեան ոլորտներու մէջ, եւ իր գործունէութիւնը կ՚իրականցնէ ընկերային ցանցերու միջոցով։

Ակամայ հարց կը ծագի. ինչո՞ւ այդքան շատ են դաւաճանները հայերուն մէջ…

Հայոց պատմութեան գրեթէ ամէն ինչի՝ քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութեան մէջ մենք ունինք դաւաճանի կերպար մը: Ընդ որում ոչ թէ պարզապէս քանի մը ոսկիի համար կատարուած դաւաճանութեան, այլ նմանը չունեցող դաւաճանութեան: Ու ակամայ հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ այդքան շատ են դաւաճանները: Մենք պատմութեան անցքերը դիտելով, կը հանդիպինք դէպքերու եւ դէմքերու, որոնց ըրածը առնուազն խելագարութիւն կը թուի եւ նոյնիսկ «դաւաճանութիւն» բառը չի բացատրեր այդ արարքին դրդապատճառը: Իսկ գուցէ շատ պարագաներու ոչ թէ դաւաճանութիւն տեղի ունեցած է, այլ քաղաքական սարսափելիօրէն անհեռատես քայլ մը, որ այնքա՛ն ողբերգական անդարդարձ ունեցած է, որ մեզի այլ բան չէ մնացած, քան այդ դաւաճանութիւն կոչելը: Հարցը կարելի է անվերջ քննել, բայց կը կարծեմ այդ մէկը այսօր աւելի քան արդիական է, որովհետեւ հանրապետութեան մէջ եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին մէջ այժմ դաւաճան բառին կը հանդիպինք աւելի յաճախ, քան կարելի է պատկերացնել: Բայց քանի որ քաղաքական նշանակութեան այժմեան դէպքին քննադատութիւնը անշնորհակալ գործ մըն է ու ինչ որ ալ ըսես, միեւնոյնն է, որեւէ խումբի կողմէ դուն ինքդ պիտի յայտնուիս մեղադրեալի աթոռին վրայ, ապա փորձենք երթալ ետ ու քանի մը դէպք քննարկել՝ հասկնալու, թէ ինչ բան կրնար հայերը դրդել նման քայլերու: Աւելի համբերատար ընթերցողները կրնան նաեւ զուգահեռներ տեսնել այսօրուայ հետ:

428-ին, հայկական իշխանական աւագանին, մեծ ժողովի մը ժամանակ, կ’որոշէ հրաժարիլ պետականութենէ եւ պարսիկներու շահէն կը խնդրէ, որ որեւէ պարսիկ գայ եւ իշխէ մեր վրայ:

1022-ին, արքայական խնամակալ Սարգիս Սիւնեցի (վեստ) իշխանին եւ ամենայն հայոց կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձի ջանքերով, Անիի Բագրատունեաց թագաւոր Հովաննէս- Սմբատ կը ստորագրէ կտակ մը, ըստ որուն, իր մահէն յետոյ Անիի թագաւորութիւնը պէտք է յանձնուի Բիւզանդիոնի որպէս նահանգ:

Նախ քննարկենք այս երկու իրարանման ապշեցուցիչ դէպքերը: Նմանութիւնը ուղղակիօրէն կը զարմացնէ: Երկու պարագաներուն ալ, հայկական պետութեան կործանումը կ’իրականացնեն հայերը, ընդ որում բարձրաստիճան, հարուստ եւ մեծ հեղինակութիւն վայելող հայերը: Իսկ ինչո՞ւ: Պարզապէս դաւաճանութի՞ւն: Այդ բառը թերեւս լաւ կը բնութագրէ, բայց բնաւ չի բացատրեր, որովհետեւ դաւաճանութիւն կը կատարուի շահագրգռական հիմքով մը, դաւաճանը իր վնաս պատճառող արարքներուն համար վարձատրութիւն կը ստանայ, կամ առնուազն վարձատրութեան ակնկալութիւն ունի: Իսկ ի՞նչ ակնկալութիւններ կրնային ունենալ 428-ի եւ 1022-ի հայ իշխաններն ու կաթողիկոսը: Ի՞նչ ակնկալութիւն կրնար ունենալ Վասակ Սիւնին 450-51-ին ապստամբութեան շարքերը լքելով:

Յիշատակուած բոլոր դէպքերուն գլխաւոր դերակատարները Հայաստանի տէրերն էին: Պարսից շահն ու Բիւզանդիոնի կայսեր չէին կրնար այնպիսի բան մը խոստանալ, զոր անոնք չունէին: Անոնք ամբողջ երկրով մեծ հեղինակութիւն կը վայելէին, ունէին հսկայական հարստութիւն, սեփական բանակ, մեծ հողեր, հարստութիւն, ազդեցութիւն, իշխանութիւն: Ուրեմն ի՞նչ բան կրնար ստիպել 428-ին ու 1022-ին հրաժարելու սեփական պետութենէն: Երկու պարագաներուն ալ սեփական պետութիւնը քանդող իշխանները չէին կրնար արքայական թագ ակնկալել՝ քանի մը կարեւոր պատճառով: Առաջինն ու ամենէն կարեւորը այն է, որ հէնց իրենք կը հրաժարէին Հայաստանի անկախութենէն, այսինքն պարզ էր, որ պետական իրավիճակի փոփոխութեամբ կը վերանար նաեւ թագի գոյութիւնը ընդհանրապէս: Դեռ առանց նշելու, որ 1022-ին, ամենայն հայոց Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը ունէր այն բոլորը ինչ որ կարելի էր ունենալ ու Բիւզանդիոնի կայսրը, նոյնիսկ եթէ շատ փափաքէր, ապա չէր կրնար նման բան խոստանալ, զոր անձնապէս կը շահագրգռէր կաթողիկոսը, որովհետեւ կաթողիկոսէն աւելի բարձր կոչում եւ իշխանութիւն պարզապէս չկար ու չկայ: Վեստ Սարգիսը եւս չէր կրնար արքայական յաւակնութիւններ ունենալ արդէն նշուած պատճառներով: Ամենաշատը, որ կրնար յոյս փայփայել` Հայաստանի կառավարիչ նշանակուիլն էր, բայց ան արդէն իսկ այդ պաշտօնը ունէր եւ Յովհաննէս-Սմբատ արքայի մահէն յետոյ, ան Հայոց թագաւորութեան խնամատար իշխանն էր ու Գագիկ Բ.-ի խնամակալը: Աւելի անհասկնալի է նոյնիքն Յովհաննէս-Սմբատի արքային պահուածքը: Իր երկիրը Բիւզանդիոնի յանձնելով, ան ի՞նչ ակնկալիք կրնար ունենալ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ, օրինակ, Վասակ Սիւնիի: Ան Հայաստանի մարզպանն էր՝ կառավարիչը եւ պարսից շահը աւելի բարձր պաշտօն անոր չէր ալ կրնար առաջարկել, որովհետեւ աւելի բարձրը արքայական գահն էր, զոր պարսիկները պիտի չուզէին նոյնիսկ քննարկել:

Անհրաժեշտ է հասկնալ, որ 428-ին ու 1022-ին, հայերը միամիտ չէին. անոնք ոչ թէ դեռահաս ու դիւրահաւատ պատանիներ էին, այլ իշխանական տան առաջնորդներ, քաղաքական մեքենայութիւններով կայացած մարդիկ, թշնամին ճանչցող: Ուրեմն ի՞նչ բան կրնար նման քայլի պատճառ դառնալ: Ըստ իս` այդ եւ այդ բոլորէն առաջ ու յետոյ տարբեր չափերով կրկնուած իրադարձութիւններու մէջ շատ աւելի ծանր բան տեղի ունեցած է, քան պարզապէս դաւաճանութիւնը եւ այդ այն քաղաքական այլընտրանքն էր, որ աւելի լաւ ապագայ կը թուէր զայն ընտրողներուն, բայց աւելի սարսափելի դուրս եկաւ: Յայտնի խօսք է, որ «բարի ցանկութիւնները դժոխք կը տանին, իսկ բարի գործերը` դրախտ»: Ու շատ հաւանաբար, այդ նշուած եւ չնշուած բազմաթիւ պարագաներուն, հէնց այդ «բարի ցանկութիւնները» կործանած են Հայաստանը: Այդ բոլոր պարագաներուն, հաւանական է, որ տեսնելով սեփական պետութեան թուլութիւնը, հայերը ուզած են ժամանակաւոր ապաստան գտնել, ժամանակ տալ իրենք իրենց, մինչեւ կարենան ուժ հաւաքել, փափաքած են համարկուիլ պարսկական ու բիւզանդական իշխանութեան մէջ՝ յուսալով, որ անոնց տնտեսական միջոցներով կարելի է հարստացնել սեփականը, զինական ուժով պաշտպանել Հայաստանն ու հայ զինուորը ինչո՞ւ կռուին թշնամիին դէմ, եթէ բիւզանդացին կը կռուի, քանի որ Հայաստանը արդէն կը դառնայ Բիւզանդիոն (այդ կործանարար միտքը հետագայ դարերուն կաթիլ մը չնահանջեց, այլ աւելի արմատաւորուեցաւ): Այդ միամիտ աղուէսութեան հետեւանքը ոչ միայն Հայաստանի հետագայ աւերումին հիմքերը դրաւ, այլեւ ախի պէս աճեցաւ, մեծցաւ ու տարածուեցաւ, աւելի մեծ տարածում գտաւ հայկական շրջանակներու մէջ՝ հակառակ անոր, որ 10 փորձէն 9-ը կը ձախողէր: 428-էն յետոյ 15-20 տարի չէր անցած, երբ պարսկական արքունիքը ամենէն դաժան տնտեսական քաղաքականութիւնը կ’իրագործէր՝ նպատակ ունենալով այնպէս քամել երկիրը, որ կարելի չդառնայ ուժ ունենալ, զէնք ու բանակ ունենալ, որպէսզի հայերը յաւիտենապէս ծունկի գան, նոյնը կ’ընէր Բիւզանդիոնը, իսկ 1045-էն ընդամէնը 2 տարի անց, երբ հայական բանակը արդէն ցրուուած էր ու ենթակառոյցները քանդուած էին, Հայաստան անպաշտպան մնաց սելճուք-թուրքերուն դիմաց:

Նոյնիքն այդ քաղաքական այլընտրանքի կողմնակիցներն են յաճախ Հայաստանը աւերի բոյն դարձուցած, թէեւ ուզած են «փրկել», բայց չեն հասկցած ամենէն պարզը. դուն կա՛մ անկախ ես ու կ’ապրիս անկախ, կա՛մ կախեալ ես ուրիշէն եւ ուրիշը կ’որոշէ, թէ կ’ապրիս-կը մեռնիս, ինչպէ՛ս կը մեռնիս:

Յատկանշանակ է, որ օտարին մուտքը Հայաստան ողջունած բազմաթիւ նման մարդիկ նոյնիքն այդ օտարներուն կողմէ ալ ոչնչացուած են: Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսը եւ Խաչատուր Աբովեանը, որոնք ժամանակին կ’ողջունէին ռուսերու մուտքը Հայաստան՝ զանոնք նկատելով թուքերէն ու պարսիկներէն փրկողներ, անձամբ ենթարկուեցին ռուսական ծանր ճնշումներու, երբ հասկցան, որ գաղափարական առումով սխալած են: Նոյն ձեւով, հայ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց, որ թունդ բոլշեւիկ էր, կռուող էր կարմիր բանակին մէջ եւ բանուորկան դիկտատորութեան ջատագով՝ գնդակահարուեցաւ նոյնիքն նոյն խորհրդային ռեժիմին կողմէ՝ ազգայնականութեան մեղադրանքով: Չարենցը եւս պահ մը հասկցած էր բոլշեւիկեան «փրկութեան գինը»:

Այսպէս, դարերով հայերը իրենք իրենց ձեռքով ընդունած են այլ ուժի մը գերակայութիւնը եւ այդպէս ալ պատճառ դարձած են թէ՛ իրենց կործանումին, թէ՛ Հայաստանի հիմնական թուլացումին: Ի հարկէ, պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու, դէպքերն ու դէմքերը տարբեր ձեւով ընթացած, բայց նմանութիւնը որ կարմիր թելով կ’երկարի դարերու միջով՝ այդ մէկը ուրիշին վստահելու, սեփական ուժին չվստահելու ու նաեւ պատասխանատուութիւնէ փախչելու նեղմտութիւնն է: Մենք այսօր ալ, նոյն այս պահուն գրեթէ պատրաստ ենք ոչնչացնելու Հայաստանը՝ յանուն Հայաստանի՝ հաւատալով, որ օտարը մեզի փրկութիւն պիտի բերէ եւ նոյնինկ տնտեսական ու ռազմական լուրջ հաշուարկներ կ’ընենք, քաղաքական ծրագրեր կը գրենք, այդ կը քարոզենք եւ անգամ մը եւս Հայաստանը կը գլորենք ուրիշին սուրին տակ: Բազմիցս այդ կատարած ենք ու կ’ընենք «բարի մտքով», բայց անգամ մը եւս դժոխք կը կառուցուի հայերու համար ու ամէն անգամ մենք կը դառնանք աւելի թոյլ, աւելի նուազ, աւելի թերհաւատ մենք մեր նկատմամբ: Յաճախ կրնանք պատմական որեւէ ողբերգութեան մասին խօսելու ատեն ըսել «դաւաճանութիւն պատահած է», ու անցնիլ յառաջ` առանց հասկնալու, թէ ի՞նչ կը նշանակէ դաւաճանութիւն եւ ինչպէ՞ս կրնայ նոյնիսկ հայրենասիրական մեծ քայլը աւելի ծանր հետեւանք ունենալ:

Իսկ Թէոդորոս Ռշտունին բացառիկ երեւոյթ հայոց պատմութեան մէջ: Նոյնիսկ զարմանալի, որ հայկական դաւադրութեան զոհ չէ դարձած Պապ թագաւորին, Մլեհին, Մխիթար Սպարապետին նման:

Պուրճ Համուտ, MTV եւ ԹՈՒՄՕ՝ Նժդեհին հետ

Կ’ուզէ՞ք ծանօթանալ սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդի մեր պատկերացումին: Նժդեհ Մկրտիչեան՝ բոլորիս ծանօթ երիտասարդ նուիրեալ դէմք մը. շարժանկարիչ, դերասան եւ ուսուցիչ-coach: Ան այսօր հիւրն է Տարբերակ21-ի «խօսինք ու լսենք» փոտքասթին։ Զրոյցը՝ նախ Նժդեհին, ապա արուեստի, թատրոնի, ԹՈՒՄՕ-ի ու ստեղծարար նոր սերունդներու մասին։

Երբ բառերը նաեւ կը շնչեն ու կը կախարդեն…

Անմահ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիուած երեկոն երկրորդն էր «Սօս Սարգսեանի» անուան Համազգայինի պետական թատրոնի թատերախումբի Պէյրութի մէջ ներկայացումներուն (14 մարտ 2025) «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան:

Թատրոն եւ բանաստեղծութիւն. անոնք յաճախ կը հանդիպին, սակայն հազուադէպօրէն անոնց միաձուլումը կ’ըլլայ այնքա՛ն մոգական, որքա՛ն եղաւ «Մարդը ափի մէջ» ներկայացման ընթացքին։

Բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեան եւ օգնական բեմադրիչ Տաթեւիկ Ղազարեան նոր շունչ տուած էին Սեւակի բանաստեղծութիւններուն՝ ժամանակակից անհատի հոգիի խորքերուն մէջ անոր որոնումներուն, որոնք բեմին վրայ կը վերածուէին երկխօսութեան, սիրոյ, կարօտի, հակամարտութեան եւ մարդկային հոգիէն բխող բազում արտայատութիւններու։ Այն, ինչ որ տեղի կ’ունենար բեմին վրայ, սովորական ասմունք չէր, այլ բառի, շարժումի եւ զգացումներու բեմական ստեղծագործութիւն, ուր խօսքը ոչ միայն կը վերածուէր ասմունքի, այլեւ ձեւ ու մարմին կը ստանար, կը կենսաւորուէր, կը կը գրաւէր ու ի վերջոյ՝ կը թռչէր հանգչելու համար հանդիսատեսին հոգիին ու մտքին մէջ:

Իր երեք մասերով՝ «Ես», «Դու» եւ «Մենք», ներկայացումը կը մէկտեղէր հատուածներ Պ. Սեւակի յայտնի ժողովածուէն` «Մարդը ափի մէջ», հրատարակուած 1963-ին: Իւրաքանչիւր բաժին բանաստեղծին հոգեկան բացայայտումներուն մէկ նոր շերտը կը բանար։ «Խոստանում եմ»ի խոստովանանքը, «Դու մի հարցրու»ի ներքին ցնցումը եւ «Ապրել»ու գոյաբանական հարցադրումը բեմին վրայ կը վերածուէին ապրող իրականութեան։ Բանաստեղծութիւնը այլեւս ոչ թէ գիր էր ու էջ, այլ ապրող, շնչող ու շնչաւորող ուժ։ Սեւակի բանաստեղծութիւնները այլեւս անշարժ տառեր չէին. անոնք կը բաբախէին թատերական կենսունակութեամբ՝ հարստացած դերակատարներու արտայայտութեան, շարժումներու եւ խօսքի, երաժշտութեան ու լռութեան կշռութաւոր ներգործութեամբ:

Բեմադրական լուծումները բացառիկ ու կախարդական էին՝ առանց չափազանցութեան։ Տեսիլք ունեցող բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի զգայնութիւնը կշռոյթի եւ շարժումի հանդէպ, նշմարելի էր իւրաքանչիւր քայլափոխի, դադարի ու հնչեղութեան ալիքներուն մէջ։ Բեմը կ’ապրէր չորս դերասաններու ներդաշնակ խաղով. Նարեկ Բաղդասարեան, Յարութիւն Սարգսեան, Անդրանիկ Միքայէլեան եւ Միլենա Ղազարեան՝ իբրեւ Սեւակի տարբեր ձայները, կը մարմնաւորէին բանաստեղծին բազմաշերտ էութիւնը, մինչ կարմիր հագուած մուսան խորհրդանշական կերպարով կը մարմնաւորէր անոր ստեղծագործական ոգին։ Անոնց փոխազդեցութիւնները՝ կիրքի յայտնաբերումներ, շշուկով արտասանուած խոստովանութիւններ, կրքոտ վիճաբանութիւններ եւ միասին երգուած պահեր, հանդիսատեսին հետ շօշափելի կապ մը կը ստեղծէին։ Ինչպէս ինքը Գրիգորեան կը նշէ. «այս ներկայացումը պատմուելու համար չէր՝ պէտք էր զայն տեսնել եւ զգալ», իսկ մեր կողմէ…նաեւ հասկնալ:

Երաժշտութիւնը (Արմէն Շահինեան)՝ ներկայացման անբաժանելի մասը, թատերական այս փորձառութիւնը կը հասցնէր նոր բարձունքներու։ Ան պարզ յաւելում մը չէր, այլ՝  երկխօսութիւն մը բանաստեղծութեան հետ՝ միահիւսուած դերասաններու շարժումներուն՝ խորացնելով անոնց յուզականութիւնը։

Ներկայացման գրքոյկին վկայութեամբ, Պ. Սեւակի թոռնիկը՝ գրականագէտ Սեւակ Ղազարեան, որ նաեւ բանաստեղծին տուն-թանգարանի տնօրէնն է, բարձր գնահատած է ներկայացումն ու բեմադրութիւնը. «Ժամանակակից մօտեցումը անսովոր էր, բայց նաեւ խորապէս սեւակեան. բանաստեղծի ոգին, շունչը, կիրքը եւ կեանքային եռքը ամբողջութեամբ բեմին վրայ կային»։

Այս ներկայացումը ոչ միայն յարգանքի տուրք մը հանդիսացաւ մեծ բանաստեղծին, այլեւ առիթ մը անոր ստեղծագործութիւններուն նորարարական կենսաւորման` երաժշտութեան, շարժումի եւ բեմարուեստի հրաշալի միաձուլումով։ Տէր Մելքոնեանի բեմին վրայ Սեւակը ոչ միայն յիշուեցաւ ու անոր 100-ամեակը նշուեցաւ, այլ վերածնաւ՝ խօսքերու հոսքին, շարժումներու բաբախումին ու բեմին վրայ բռնկած բանաստեղծական երկունքին մէջ։

Բանաստեղծութիւնները ունէին ժամանակի սահմաններէն անդին անցնող հնչեղութիւն։ Սեւակի անդրադարձը մարդ արարածի վիճակին՝ մեր խոցելիութեան, ձգտումներուն եւ իմաստի որոնումին, նոյնքան հրատապ ու յուզիչ կը հնչէր բեմին վրայ։ «Բայց իմ ափը ի՞նչ է տալիս: Ինքըդ գիտես, որ մի ափը մինչեւ անգամ ծա՛փ չի տալիս» տողերը, քաղուած «Մարդը Ափի մէջ» երկէն, մտածելու հրաւէր կ’ուղղեն բոլորիս՝ մարդ արարածի դիւրաբեկութեան ու տոկունութեան մասին։

Երբ Նարեկին, Յարութիւնին, Անդրանիկին եւ Միլենային սեւակեան վերջին հնչիւնները մարեցան եւ լոյսերը խամրեցան, հանդիսատեսը մնաց յափշտակուած՝ կրկին յիշելով այն կախարդանքը, որ կը ծնի, երբ խօսքը, երաժշտութիւնը եւ շարժումը կը միաձուլուին գեղարուեստականօրէն։

 «Սօս Սարգսեանի» անուան Համազգայինի պետական թատրոնի թատերախումբը եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը մեզի հրամցուցին երեկոյ մը, ուր բանաստեղծութիւնը ոչ միայն կը հնչէր ու թռչէր, այլեւ՝ կ՛ապրուէր։

Հայրենի արուեստագէտները եկան, կախարդեցին ու մեկնեցան: Մնացինք որբացած: Նորէն կը սպասենք:

Թատերական յաղթանակ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ

Թատրոնը կը դրսեւորէ իր լաւագոյնը, երբ հանդիսատեսը կը փոխադրէ բեմէն անդին՝ զայն խորասուզելով թատերական կենսունակ շարժումի, զգացումներու եւ գրաւիչ պատումի հոսքին մէջ: Ահա ճիշդ այդ փորձառութիւնը պարգեւեց Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի թատերախումբը, որ վերջերս (12 մարտ 2025) «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց փունջ մը` ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի հինգ պատմուածքներէն «…Եւ նորից գարուն» ընդհանուր խորագրին տակ՝ բեմադրութեամբ հայրենի վաստակաշատ դերասան Նարինէ Գրիգորեանի։ Տարուան եղանակներուն՝ գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ եւ նորէն գարուն շարքով՝ եղանակները վերածելով հինգի, ինչպէս կը նկարագրէ ներկայացման գրքոյկը, թատերախաղը իրարու կապեց Օ. Հենրիի պատումները հայացուած խորագիրներով՝ «Կախարդական հացեր» (Witches’ Loaves), «Մինչ կառքը կը սպասէ» (While the Auto Waits), «Դեղձերը» (A Little Speck in Garnered Fruit), «Մոգերի ընծաները» (The Gift of the Magi) եւ «Աւետաբերը» (The Harbinger):

Այս պատմուածքները միասին կը մարմնաւորեն կեանքի եւ մարդկային յարաբերութիւններու փոփոխական բնոյթը, նոյնքան փոփոխական որքան տարուան եղանակները: Իւրաքանչիւր պատմութիւն կը փոխանցէ զգացական տարբեր երանգ եւ թեմատիկ ուղղութիւն: Հեգնանքի, հիւմըրի ու անկեղծ զգացումներու օգտագործումով, Օ. Հենրի վարպետօրէն կը շաղկապէ այս պատմուածքները՝ ստեղծելով կերպարներ, որոնք կը դրսեւորեն մարդկային փորձառութեան բարդութիւնները՝ կեանքի եղանակներուն ընդմէջէն։

Առաջին իսկ տեսարանէն ակնյայտ էր, որ բեմադրութիւնը մշակուած է բծախնդրօրէն ու մեծ ոգեւորութեամբ։ Դերակատարներուն վարպետութիւնը կը դրսեւորուէր իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մէջ՝ շարժուն ու առինքնող կշռոյթէն մինչեւ ուղղահայեաց ձեւով ծրագրուած բեմահարդարումը, որ կը վերաձեւակերպէր տարածական պատումի ընկալումը։ Դերասանները մեծ վարպետութեամբ կը շարժէին բազմաշերտ բեմին վրայ, որ իրենց համար վերածուած էր թէ՛ շարժուն միջավայրի եւ թէ՛ սքանչելի պատումի միջոցի։

Պատմուածքներուն միջեւ անցումները անխափան էին, երկխօսութիւնները՝ չափաւորուած եւ դիպուկ, իսկ խաղարկութիւնը՝ յոյժ արտայայտիչ։ Թատերախումբին խանդավառութիւնը վարակիչ էր, եւ անոնք յաջողեցան բեմին վրայ կենդանացնել Օ. Հենրիի գործերուն յատուկ հիւմըրը եւ մարդկային խորքը։ Իր խաղարկութեամբ, իւրաքանչիւր դերասան կ’իմաստաւորէր ու կ՚ամբողջացնէր պատումը՝ ի յայտ բերելով թէ՛ բնագիրին նրբութիւնները եւ թէ՛ անոնց այժմէական ու թարմ մեկնաբանութիւնը։

Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի թատերախումբին այցելութիւնը Լիբանան աւելին էր, քան պարզ թատերական ներկայացում մը։ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, մենք ապրեցանք նաեւ պատմուածքի, պատումի եւ գրականութեան, նաեւ երգի ու երաժշտութեան վայելքն ու հմայքը՝ թէ ինչպէ՛ս վարպետ բեմադրիչի եւ դերասաններու ձեռքերուն մէջ, անոնք նոր շունչ կը ստանային ու կը կենսաւորուէին։ Անոնց արուեստը, մանրամասնութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած բծախնդրութիւնը եւ բեմադրական նորարար մօտեցումը անգամ մը եւս կ’ապացուցէին, որ իսկական պատմուածքը, երբ յանձնուի հմուտ թատերական ստեղծագործողներու, կրնա՛յ դառնալ յաւերժօրէն արդիական, խօսուն…ու հանդիսատեսին հետ կ’երթայ տուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն բեմադրիչին՝ Նարինէ Գրիգորեանին:

Յատուկ շնորհկալութիւն բոլոր դերակատարներուն՝ Տաթեւիկ Ղազարեանին, Սերգէյ Թովմասեանին, Վարշամ Գէորգեանին, Արմինէ Անդրեասեանին, Նարեկ Բաղդասարեանին, Մարիա Սեյրանեանին, Յարութիւն Սարգսեանին եւ Անդրանիկ Միքայէլեանին: Շնորհակալութիւն թարգմանիչին՝ Վիկտորիա Բագոյեանին, բեմի ձեւաւորումը եւ զգեստները յղացող Վիկտորիա Ռիեդո-Յովհաննիսեանին, Երաժշտական ձեւաւորուման հեղինակ Նարեկ Բաղդասարեանին:

Մասնաւոր շնորհակալութիւն Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբի վարչութեան, որ իր այս «խենթ» նախաձեռնութեամբ թատերական վայելքի եւ գրական հմայքի այս առիթը պարգեւեց լիբանահահայ թատերասէրներուն:

Բոլորին վարձքը կատար: 

Մեր թաղին անկիւնը, ուր կեանքեր կը ձեւաւորուէին

Լենա Պօղոսեան

Ցերեկը չէր նմաներ գիշերուան, առտուան եռուզեռը տարբեր էր գիշերուան պատմութիւններէն, երբ կը խօսինք մեր թաղին մասին, յատկապէս թաղ մը, ուր կար նաեւ սրճարան մը: Այդ սրճարանը, որուն տէրը պրն. Սմբատն էր, ճիշդ մեր տան դիմացի շէնքին անկիւնը կը գտնուէր եւ այդպիսի անկիւնի մը վրայ, որ կրնամ ըսել թաղին կեդրոնը գրաւած էր: 

Առաւօտեան անուշ քունի վերջին վայրկեանները վայելելու յոյսով, երբ հազիւ քիչ մը եւս քնանալու ճիգով՝ ետ քունի անցած կ’ըլլայի, յանկարծ տեղէս վեր կը ցատկէի սրճարանին ծանր դռան ձայնէն, որ պարտադիր փոխարինած էր առաւօտ կանուխ կանչող աքաղաղը:

Ցերեկով կարելի չէր գիտնալ այդ սրճարանին իսկական գործը, բացի եթէ թաղեցի ես, որովհետեւ խանութպանը ամռան տաք օրերուն պաղպաղակի գունաւոր ու հրապուրիչ պատկերներ զետեղած կ’ըլլար խանութին ճակատին, իսկ դռան առջեւ խոշոր սառնարան մը, որուն պաղ ու գրաւիչ տեսքը ոչ միայն թաղին փոքրիկները կը գրաւէր, այլ նաեւ պարզ անցորդները: Մենք փոքրերս խանութին դիմացէն չէինք հեռանար, կարիքը չկար հեռանալու, որովհետեւ պատշգամէն ալ կը տեսնէինք պաղպաղակներու կախարդական պատկերները իրենց գոյներով ու համերով, եւ ես արդէն ծրագրած կ’ըլլայի, թէ յաջորդ օրականս կամ հօրմէս պզտիկ գումար մը ստանալուս պէս, պիտի սուրամ խանութպանին քով եւ նախընտրած պաղպաղակս համտեսեմ: Ամէն կողմ պաղպաղակ կար, շէնքին դուռէն դէպի փողոց ելլելուդ պէս, տունէն մեկնելու եւ վերադարձի ճամբուդ վրայ, նաեւ՝ երբ պատշգամ կ’ելլես տան տաք օդէն փախուստ տալու: Իսկ ձմռան պաղ եղանակին, այս մեր խանութպանը սուրճ եւ տաք թէյ կը հրամցնէր թաղի միւս խանութպաններուն ու վաճառականներուն, նաեւ՝ հազուագիւտ զբօսաշրջիկներուն:

Կէսօրէ ետք, քանի մը ժամ փակ կը մնար այդ խանութը, իսկ գիշերը բեմը վարագոյր կը փոխէր. տխուր պատմութիւններու տեսարանը կը բացուէր: Մենք ալ չէինք մօտենար սրճարանին, որ քիչ-քիչ կը խճողուէր չափահաս տղամարդոցմով, որոնք սուրճ ու թէյ առնելով՝ խումբերու բաժնուած, կա՛մ նարտ (իրենք թավլի պիտի նախընտրէին ըսել) կը խաղային կա՛մ թուղթ: Ցերեկը մեզի՝ անմեղ փոքրերս հրապուրող խանութը գիշերը կը վերածուէր խաղատան՝ ներգրաւելով մեծ ու անխելք անմեղները:

Մեր ծնողները մեզի խիստ յանձնարարած էին որ ոչ սրճարանին ուղղութեամբ նայինք, ոչ ալ ականջ տանք հոն դարձած խօսակցութիւններուն: Բայց այդ մէկը անկարելի էր, որովհետեւ շատ անգամ անոնց ձայնը, պոռչտուքը մինչեւ մեր տուները կը հասնէր եւ երբեմն ալ փողոցէն անցած պահուդ ականջդ կը ծակէր. մէկը կ’ըսէր «ճուհար ու եէք», միւսը «փէնճ ու տու», ուրիշ մը կը պոռար «տուշէշ». այս վերջինին ձայնը շատ բարձր կ’ելլէր: Որքան մեր մեծերը կը պնդէին ու կ’արգիլէին ականջ տալ հոն եղածներուն,  հետաքրքիր պարմանուհիի մը հոգեբանութեամբ, ես աւելի ուշի-ուշով մտիկ կ’ընէի: Մինչեւ այսօր կը յիշեմ «պլոթ» կամ «արպաթաաշ» բառերը, թէեւ չէի գիտեր անոնց նշանակութիւնը, սակայն ճարպիկ փորձեր կ’ընէի հօրս հարցնելով, որ կը պատասխանէր. «մի գիտնար աղջիկս, ասիկա խումար է»: Ի՞նչ է «խումարը»՝ այդ ալ չէինք գիտեր:

Բայց օր մը ակամայ գիտցանք: Ուշ գիշեր էր: Կնոջ մը ճչոցէն բոլորս արթնցանք ու դուրս ուզեցինք վազել դէպի պատշգամ: Ձայնը վարէն՝ փողոցէն կու գար, սակայն մայրս շատ զգուշ էր եւ յաջողեցաւ մեզ բոլորս անմիջապէս ներս առնել, սակայն պատուհանին ծայրէն գաղտնի յաջողեցայ դիտել հոն պատահածը. կին մը իր փոքր զաւկին ձեռքէն բռնած, սրճարանին առջեւ կանգ առած, մէկու մը կը բարկանար ու լալով կ’ըսէր. «մենք տունը անօթի քեզի կը սպասենք, իսկ դուն…»: Մարդը ամօթէն կը փորձէր իր կինը լռեցնել ու քաշելով տանիլ այդ տեղէն, իսկ խեղճ փոքրիկը մէկ այս, մէկ այն կողմ կը վազէր: Մայրս, մեղք այս պզտիկին ըսելով, դուռը ամուր մը փակեց. կարծես կ’ուզէր մեզ պաշտպանել այդ անիրաւ եւ անարդար եղելութենէն: Եւ այսպիս պատահարներու շարքը կ’երկարէր, երբ ուրիշ գիշերներ, տղամարդիկ իրենց բախտը լալով կը հեռանային այդ սրճարան-խաղատունէն. «ալ քովս բան չմնաց որ շարունակեմ», կամ «վաղը ա՛լ պիտի չվերադառնամ»….

Դժբախտաբար այն օրէն անդին, այդ ողբերգութիւնները դարձան սովորական, երբ յանկարծ գիշերուան լռութեան մէջ աթոռներ հրմշտկելու աղմուկը եւ բարկութեամբ լեցուն ամբոխին ձայնը կը բարձրանար, որուն կը յաջորդէր «յաճախորդի» մը ուղղուած սպառնալիքը զայն դուրս քշելու ատեն. «եթէ դրամ չունիս, ալ մեր սեղանին վրայ գործ չունիս:» Եւ ի՜նչ պատմութիւններ, անվերջ ու ցաւալի, բայց իրական, որոնք կը յայտնաբերէին, շատերու կեանքին նման, ցերեկուայ համով պաղպաղակին միւս երեսը՝ մութին շարունակուող ողբերգութիւնները:

Ո՞վ է յանցաւորը, սկսայ հարց տալ, երբ խելքս սկսաւ աւելի հասնիլ:

Մեր թաղեցի խելացի ու ճարպիկ խանութպա՞նը, որ ոչ միայն յաջողեցաւ պահել իր ընտանիքը, այլ նաեւ կրցաւ իր զաւակները լաւագոյն համալսարանները ղրկել, թէ՞ անոնք որ լքելով իրենց ընտանիքները՝ սրճարանը «թավլի» եւ թուղթ խաղալով մսխեցին իրենց շահածը եւ զաւակները զրկեցին օրապահիկէ ու ապագայի երազներէ՝ խաղարանի սեղաներուն վրայ «բէնճ ու տու», «տուշէշ» ու «սոլտ» պոռալով: Իսկ մեր խանութպանը, իր կեանքի յառաջացած տարիքին, դարձի եկած մարդու մը նման խանութը ամբողջութեամբ վերածեց միայն փոքրերու յատկացուած ուտելիքներ, խաղալիքներ, տուրմեր ու պաղպաղակներու տեսականի վաճառող խանութի:

Տարիները անցան եւ թաղը փոխուեցաւ։ Նոր շէնքեր բարձրացան, մարդիկ եկան ու գացին: Պրն. Սմբատը այլեւս չէր երեւար խանութի դռան առջեւ նստած: Զաւակները մեկնած էին երկրէն, իսկ խանութը նոր տէր ունէր։

Սակայն թաղին մեծերը, որոնք դեռ յիշատակները կը պահէին, ամէն անգամ այդ խանութին կողքով անցած ատեն, պահ մը կը կանգնէին, կը ժպտային ու ցած ձայնով կ’ըսէին. «Այստեղ, տարիներ առաջ, կեանքեր ձեւաւորուեցան. ոմանք շահեցան, ուրիշներ՝ կորսնցուցին»։

Իսկ մանուկները, որոնց համար այդ տեղը պարզապէս պաղպաղակի խանութ մըն էր, ուրախ կը վազվզէին անոր առջեւ, առանց երբեւէ իմանալու, որ այդ անկիւնին վրայ երբեմն ճակատագրեր կ’որոշուէին… կը կերտուէին կամ կը կորսուէին, ճարպիկներն ու միամիտները կը հանդիպէին, ուր յոյսերը կը վերածուէին մոխրի, ուր մարդիկ իրենց կեանքը խաղաքարտի պէս կը փռէին սեղանին վրայ։

Այսպէս, մեր թաղին պատմութիւնը ապրեցաւ, գրուեցաւ ու մնաց ոչ միայն մեր յիշողութեան մէջ, այլ նաեւ այդ անկիւնը, ուր խանութը դեռ կայ՝ թերեւս այլ անունով, բայց…աւա՜ղ…մեր հին ու հարազատ թաղը չկայ այլեւս…

Հայերը իրարու միացնող նախաձեռնութիւն մը՝ MIASIN.com («Միասին»)

Տարբերակ21 հանդէսի «խօսինք ու լսենք» զրոյցին հիւրն է Վարդան Գաբրիելեանը: Վարդանին հետ շուրջ տարի մը առաջ հանդիպեցանք եւ խօսեցանք իր աննախընթաց ծրագրին մասին՝ «MIASIN» անունով հայկական ընկերային հարթակի մը հիմնումին, աւելի հասկնալի դարձնելու համար՝ հայկական Facebook-ի մը ստեղծումին: Այսօր վերստին կը հանդիպինք Վարդանին՝ իմանալու թէ ո՞ւր հասած են աշխատանքները, ի՞նչ ճամբայ կտրած են:

Ո՞վ չի յիշեր մանկութեան իր թաղը

Նարնջենիներու պարտէզներով շրջապատուած հինգ-վեց շէնք եւ փոքրիկ նպարավաճառի խանութ մը, լայն համայնապատկերը կը ներկայացնէին մեր թաղին, որ կ՛ապահովէր կապը Անթիլիասի մայրուղիին եւ ներսի ճամբուն միջեւ։ Հոն է, ուր մանկութեան քաղցր յուշեր, խաղընկերներու հետ անցուցած հաճելի պահեր, բարեկամական եւ դրացութեան սերտ կապեր շաղախուած են իրարու։ ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ նարնջենիններու նորաբաց ծաղիկներուն բոյրը գարնան, որ ամբողջ թաղը «կ’ոռոգէր» իր զգլխիչ բուրմունքով։ Գրեթէ քառորդ դար մը ապրած եմ  այդ թաղին մէջ, որուն յիշատակները կը սնուցեն ու կը փայփայեն իմ հոգիս եւ ուրախութեամբ կը ջերմացնեն սիրտս։

Մանկութեանս շրջանին, Լիբանանի խաղաղ ու ապահով օրերն էին։ Պարտէզները, շէնքերու տանիքները, ճամբաները մեր հիմնական խաղավայրերն էին։ Մեր թաղի պարտէզներուն մեծ մասը փշաթելերով շրջափակուած էին, սակայն ես ու խաղընկերներս ձեւ մը կը գտնէինք ներս «թափանցելու»։ Ծառերու վրայ կը բարձրանայինք եւ կը փորձէինք քանի մը հասանելի նարինջներէն քաղել։ Այդ ծառերուն կողքին, բացառաբար, կային մանկայի եւ աւկատանձի առանձին ծառեր, ինչ որ հազուագիւտ էր այդ օրերուն եւ որոնց պտուղները բարձր ըլլալով՝ անհասանելի էին մեզի։ Պարտէզներուն մէջ կը վազվզէինք․ անհոգ էինք ու երջանիկ։ Թռչունններն ալ կարծես մեր հրճուանքը տեսնելով՝ զուարճութեամբ կը ճռուողէին։ Երբ պարտէզին տէրը, պատահմամբ, ժամանէր եւ մեզի հոն նշմարէր, արագ մը խոյս կուտայինք, որովհետեւ գիտէինք , թէ մեծ բարկութիւն մը կը սպառնար մեզի։

Մեր թաղին մէջ միայն մէկ նպարավաճառ կար, ուստի, մայրս, որուն ես ալ կ՛ընկերակցէի, երեք-չորս վայրկեան կը քալէր՝ հասնելու Ժալ Էլ Տիպի հրապարակը։ Հոն, կարելի էր գտնել զանազան պէտքեր գոհացնող վաճառատուներ։ Համեստ խանութներ էին, չկային ներկայ օրերու «աչք շլացնող» ցուցափեղկերը։ Աջին, «քիչ մը ամէն բան» վաճառող Ժըրժոսին խանութն էր։ Երբ ներս մտնէիր, կարելի էր նշմարել կարի յատուկ պէտքեր․ կոճակներու այլազան տեսակներ, չափեր ու գոյներ։ Բարակ եւ հաստ դերձաններու հարուստ հաւաքածոյ մը։ Խանութին խորքը՝ գծագրութեան պիտանի իրեր, ներկեր, տետրակներ, կարկին, գծաքաշ։ Խանութին մէջ այլ իրեր ալ կային, որոնց նպատակը ես այն ատեն չէի կրցած հասկնալ։ Իմ ուշադրութիւնս կը գրաւէր բարձր դարակներու վրայ շարուած եւ յատուկ տուփերու մէջ զետեղուած պուպրիկներու հաւաքածոն՝ գոյնզգոյն զգեստներով եւ մազի տարբեր յարդարանքներով։

Ձախին՝ փոքրիկ տուն մը՝ իր հին ու մաշած քարերով, կը թողուր պատմական վէպի մը մէջ գտնուող հին տան տպաւորութիւնը։ Քիչ մը առջեւ քալելով՝ կարելի էր նոր եփած հացի ախորժաբեր բոյրը զգալ։ Հոն պրն․ Սահակին փուռն էր։ Ան միջին տարիքի, կլոր դէմքով, թաւ յօնքերով, կարճահասակ մարդ մըն էր։ Պրն. Սահակը հեզաբարոյ, բայց միաժամանակ ջղային մարդ մըն էր․ կարելի չէր մէկէ աւելի հարցում ուղղել իրեն։

Փուռին մէջ ճարճատող փայտերուն առընթեր՝ Սահակ ինքն ալ կը բորբոքէր եւ դէմքը կարմրաւուն գոյն մը կը ստանար։ Ան խմորը փոքր գունդերու վերածելով, մեքենային մէջ կը դնէր, միւս կողմէն կլոր եւ տափակ խմորներ ստանալու համար։ Կը սիրէի դիտել այդ գործընթացը։

Քիչ մը աւելի առաջ երթալով, արդուկիչի խանութ մը կը պարզուէր դիմացդ։ Կը փափաքէի, որ մայրս հոն ալ այցելէր, որովհետեւ անոր կողքին՝ դասընկերուհիիս Անիենց գետնայարկ տունը կար։ Մայրս, երբ արդուկիչին խանութը մտնէր, որչա՜փ կ՛ուզէի, որ քիչ մը ուշանար, որ քանի մը վայրկեան աւելի խաղամ Անիին հետ։

Վերադառնանք մեր թաղին։

Երբեմն կը մտաբերեմ, թէ ինչպէս դրացի շէնքերու մէկ տանիքէն միւսը կ՛անցնէինք։ Թէեւ զգոյշ էինք եւ անվախ, բայց վտանգաւոր բաժիններ ալ կային․․։ Մեր ծնողները եթէ տեղեակ ըլլային․․․մեր «քաջագործութիւններուն»։ Մեր խաղավայրերուն մէկ մասն ալ մեր թաղին փողոցներն էին, ուր ինքնաշարժներուն երեթեւեկը, բաղդատաբար ներկայ օրերուն, սակաւ էր։ Օրուան վերջաւորութեան, յոգնասպառ՝ կը մտնէինք նպարավաճառ Ժոզէֆին խանութը եւ պաղպաղակ մը կամ զովացուցիչ մը գնելով կը կազդուրուէինք։ Որքա՜ն կը սիրէինք գնել ուղղանկիւն տուփերու մէջ շարուած եւ ծխախոտաձեւ մատուտակները «սուսը»։

Այսօր, երբ կ՛անցնիմ մեր թաղէն, կը նկատեմ աւելի լայն պողոտայ մը, իսկ պարտէզներուն տեղ՝ շքեղ եւ բարձր շէնքեր։ Այն ապրումը կ՛ունենամ, թէ տաք շունչի եւ «լայն սիրտերու» փոխարէն «անհիւրընկալ» մթնոլորտ մը կը տիրէ։ Նախկին զուլալ ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը այլեւս չկան։ Կոկորդս կը սեղմուի կարծես․․․ սիրտս կը ճմլուի․․․։ Թէեւ երազի մը պէս անհետացած են այդ քաղցր օրերը, բայց ժամանակը չէ կրցած աղօտել այդ յիշատակներուն պատկերը մտքիս մէջ։ Յիշատակներ, որ երբ մտաբերեմ, հոգիս կը լեցուի եւ կը խայտայ անոնց յարուցած հրճուանքով ու միտքս թռիչք կ՛առնէ դէպի գեղեցիկ բայց անհաս երազային հորիզոններ…

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

Հայրենասիրութիւնը կենդանական բնազդ չէ միայն պարոնա՛յք, միայն զգացական ու վերացական չէ…

Առհասարակ մարդու եւ հասարակութեան կեանքին ուղեկցող բազմաթիւ երեւոյթներ դուրս կը մնան քննական տեսանկիւնէ եւ կը հետաքրքրեն միայն գիտնականները: Բազմաթիւ պարագաներու, մենք կարծես, թէ չենք գիտակցիր, թէ այնպիսի երեւոյթներ, ինչպէս երգը, ծիծաղը, արդարացումը, յոյսը որքան կարեւոր են եւ ինչպիսի ճշգրտութեամբ կ’արտացոլեն մարդու եւ հասարակութեան իրական տրամադրուածութիւնը եւ հաւատքը, սկզբունքային մօտեցումը այս կամ այն երեւոյթին նկատմամբ: Մինչդեռ վերը թուարկուածները յաճախ կը հանդիսանան պատճառ ու հետեւանք որեւէ առողջ կամ անառողջ երեւոյթի շարունակական զարգացման: Շատ կը պատահի, որ մենք կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ բան մը այսպէս պատահած է եւ ոչ այնպէս ու չենք գիտակցիր, որ իրականութեան մէջ, մենք «հոգուով սրտով» դէպի այդ գացած ենք եւ ստացած այն, ինչ որ խորքին մէջ ցանկացած ենք: Մարդը միշտ կը հասնի անոր, որ կը ցանկայ, բայց ոչ միշտ կը հասկնայ, թէ իրապէս ի՞նչ ցանկացած է: Եւ նաեւ կ’արդարանայ անով, որ իր քովի մարդը եւս նոյն յիմարութիւնը կ’ընէ, ինչո՞ւ միայն զինք կը մեղադրեն:

Վերցնենք օրինակ վերջին տասնամեակներու ընթացքին տարածուած «երգ-երաժշտութիւնը», որպէս այդպիսին ի՞նչ արժեհամակարգ գերակշռող եղած է հայկական show biz-ին մէջ: Ի՞նչ արժեհամակարգ գերակշռող է մեր ֆիլմերուն ու ֆիլմաշարերուն մէջ: Ի՞նչ ստացած  է միջին հայը պատկերասփիւռի եւ համացանցի «ոչ պաշտօնական» կրթութեան հետեւանքով:

Բացի չնչին բացառութիւններէ, երբ երգերը եղած են իրօք նուրբ ու ըսելիք ունեցող, իրօք գաղափար տարածող, հայկական show biz-ի մէջ «արտադրուող» երգերու հսկայ մասը եղած է կենցաղային ամենէն ցած մակարդակի սիրոյ մասին` համեմուած ռուսական էսդրատային եւ արաբական-թրքական մուղամի շունչով: Նոյն կերպ եւ ֆիլմաշարերը եւ աւելի ուշ ժամանակներուն յայտնուած կենցաղային զաւեշտները (սիթքոմները): Ի տարբերութիւն երգերուն, այստեղ ոչ միայն նոյն ամենաաժան սիրային տրաման է տիրական, այլեւ քրէական պատկերացումներն ու անոր ոչ այն է գովերգումը, ոչ այն է քարոզը: Սիթքոմներուն մէջ ալ տարածուած է ամենաաժան ու նուաստացուցիչ հիւմըրը: Կրկին, քիչ բացառութիւնները մէկ կողմ, երբ կարելի եղած է քիչ թէ շատ որակեալ արդիւնք ստանալ, սիթքոմներու ճնշող մեծամասնութիւնը նողկալի հիւմըրի եւ հովանաւոր ապրանքանիշի ամէն հինգ վայրկեանը մէյ մը կրկուող տեսարանն է:

Մեր հասարակութեան մէջ տարածուած հիւմըրի մակարդակը եւս եղած է ու կը մնայ շատ ցած: Հիւմըրը, որ իր ձեւով կ’ենթադրէ մեղմ (կայ նաեւ անոր սեւ տարբերակը) ու զաւեշտալի նկարագրութիւնը բացասական երեւոյթներու նկատմամբ, կամ անոնց ծիծաղելի մեկնաբանութիւնը, այսինքն նպատակ ունի այդ երեւոյթը ծաղրել ու հասկցնել անոր մերժելի, ոչ ընդունելի ըլլալը, հայկական ընկալումին մէջ հասած է անհեթեթութեան ու ապսուրտի: Հիւմըր կը նկատուի նուաստացումը, գռեհկութիւնը, հայհոյանքը, խաբէութիւնը, կեղծիքը: Ընդ որում ոչ թէ կը ծաղրեն այդ երեւոյթները, այլ նոյնիքն հիւմըրը կը մատուցուի այդ ձեւով: Սիթքոմներու եւ մենաներկայացումներու մէջ (որ հանրապետութեան մէջ վերջին տարիներուն անտանելի կերպով շատցած են) հիւմըրի մատուցման ձեւն է մեծ մասամբ գռեհիկ ու նուաստացուցիչ: Սիթքոմներու կերպարները մշտապէս կը ստեն, կը կեղծեն, երբեմն կը գողնան, կը դաւաճանեն եւ այլն: Անեքթոտներու մէջ գլխաւոր հերոսը սովորոաբար կա՛մ կը գռեհկացնեն կա՛մ կը նուաստացնեն: Ծիծաղ կը շարժէ ոչ թէ երեւոյթին ծաղրական մեկնաբանութիւնը, այլ երեւոյթին նկատմամբ որքան հնարաւոր է աւելի հայհոյախառն կամ տափակ մօտեցումը: Ես տեղեակ չեմ, թէ արդեօ՞ք աւելի մեծ եւ շատ հնարաւորութիւններ ունեցող հասարակութիւններու պրագային նաեւ նման կերպով տարածուած են այդ բոլորը, բայց հայկական հասարակութեան մակարդակին մասին այդ բոլորը շատ բան կ’ըսեն: Եթէ արեւմտեան բազմամիլիոննոց հասարակութիւնները կրնան իրենք իրենց թոյլ տալ ամէն բանէ ունենալ՝ թէ՛ գռեհկութիւն ու հայհոյանք, նուաստացում ու աժան մօտեցում, թէ՛ միաժամանակ աւելի կիրթ, զուսպ ու բարձր մակարդակ, ապա հայկական 2․5-3 մլն-ոց հասարակութեան մէջ ահռելի չափերով այդ բոլորին տարածումը ի վերջոյ կը բերէ ու կը յանգեցնէ նոյնիքն այն վիճակին, երբ հասարակութեան ողջ մակարդակը կ’իջնէ անհաւատալի ցած աստիճանի:

Երբ քէֆերն ու խրախճանքը կը դառնան գլխաւոր զբաղում, երբ զուարճանալու այլ տարբերակ, քան սնունդ եւ խմիչք, սեռային տեսարանները, կենդանական բերկրանքով պարերը կը դառնան զուարճանք բառին հոմանիշ: Հանրապետութեան մէջ նոյնիսկ տարածուած արտայայտութիւն մը կայ, ըստ որուն, երբ կ’արդարացուի համատարած մուղամ ու ռապիզ երաժշտութիւնը, կը նշուի․ «դուն հարսանիքի ժամանակ ռոք երաժշտութեամբ կը պարե՞ս»: Այս արտայայտութիւնը փոքր, բայց ցայտուն ապացոյցն է այն բանին, որ հայ հանրութիւնը նոյնիսկ տեղեակ չէ որ զուարճանքը կամ ժամանցը կրնայ (եւ եղած է) նաեւ հոգեղէն եւ զուսպ ըլլալ: Նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ պատկերացնել, որ կար ժամանակ, երբ ժամանցը մտաւոր ջանքեր կը պահանջէր, երբ ժամանց ապահովելու համար պէտք էր որոշակի մտաւոր պաշար ունենալ, փորձել մտածել, ինչ որ արժէքաւոր բան մը ընել: Բայց հիմա աժանութեան դարն է, որքա՛ն աւելի ցած, այնքա՛ն աւելի տարածուած: Եւ այդ բոլորը արտադրողները անվերջ նոյն բանը կ’արտադրեն եւ կը ստիպեն մարդոց, որ աւելի շատ վաճառեն ու գումար աշխատին՝ մարդոց իմացական կարողութիւնները փոքրացնելու եւ ճնշելու հաշուին: Ու երբ այդ նոյն հասարակութիւնը դէմ յանդիման գտնուի մեծ խնդրի մը, զարմացած ու դառնացած հարց կու տայ, թէ այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլար, պարոնա՛յք: Չէք գիտե՞ր, որ հայրենասիրութիւնը կենդանական բնազդ չէ, միայն զգացական ու վերացական չէ, այլեւ մտաւոր ջանքեր պահանջող: Որ հայրենասիրութիւնը պէտք է նաեւ գաղափարական ըլլայ, հասկնալի, տեսանելի, այլ ոչ թէ պարզապէս բնազդ: Եւ երբ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ երիտասարդները դուրս կը մնան ազգային գործերէն ու գաղափարական դաշտերէն, հարկաւոր է հասկնալ, թէ ի՞նչ առօրեայի մէջ կ’ապրին ու ի՞նչ են կը ստանան հասարակութենէն այդ նոյն երիտասարդները: Ան, որ առաւօտէն իրիկուն կը լսէ մեր թուարկած կենցաղային սիրոյ երգերը, կը դիտէ քրէա-գողական ֆիլմերը, կը ծիծաղի նուաստացման ու գռեհկութեան վրայ, ան, մեծ մասամբ կը ձեւաւորէ իմացական մակարդակ մը, ճաշակի դրութիւն մը, ուր աւելի բարդ ու խրթին երեւոյթները տեղ չունին, այլ ընդունելի են միայն հեշտութիւն ու ջերմութիւն ապահովող զգացականները:

Հայաստանի բանակին մէջ, որով մշտապէս հիացել ենք, պաշտել ու սրբութեան-սրբոց համարել, մշտապէս զարգացած են տարատեսակ ախտեր. այն բոլորը ինչ որ մարդիկ ստացած են հասարակութենէն, իրենց հետ բերած են բանակ ու զայն աւելի խտացուցած: Այն վերը թուարկուածները, որոնք աճած ու զարգացած են հասարակութեան մէծ, կը բերուին նաեւ բանակ ու աւելի կը խտանան հոն: Օրինակ հայրենասիրութեան հոմանիշ համարուող քամիքազի տրամադրութիւնները: Բանակին մէջ կար (ցաւոք սրտի հիմա եւս) անձնասպանի տրամադրութիւններուն համապատասխան երգեր, զորս կ’երգեն ու կը լսեն շատ շատերը եւ դեռ ուրիշ բան ալ կը գովեն ու յաճախակի արցունք քամելով կ’ըսեն «ձայնդ անսպառ բալայ ջան»: Օրինակ կայ երգ մը, որ կը սկսի այն նկարագրութենէն, որ թրքական դիրքէն գնդացիրը վիրաւորեց մեր ընկերը, այնուհետեւ կը նշուի, որ զիրենք խաբելով բերած են բանակ ու հիմա թէժ մարտ կը մղուի: Երգը կ’աւարտի սարսափելի քառեակով մը, որուն գլխաւոր հերոսը ինքն իր մասին կը նշէ, որ հայր չունի, որ իրեն համար դագաղ պատրաստէ, եղբայր չունի, որ իրեն համար գերեզմանի փոս փորէ, քոյր չունի, որ վրան արցունք թափէ, թող իր մօրը ըսեն մնաս բարով: Այս ե՞րգ է, թէ դանակ, որ մարդոց սրտերէն աւելի շատ արիւն-արցունք քամէ: Եւ սա դեռ հպարտօրէն կ’երգեն մեր զինուորները՝ փոխանակ մարտական ու կատաղի ու վրիժառու երգեր ունենալու, կ’երգեն ճակատագրով դատապարտուածի երգ մը: Երեւի այս ալ հպարտութիւն կը յառաջացնէ, այո՞:

Բայց ի հարկէ միայն այդ երգը չէ: Ի տարբերութիւն այս դժխեմ ու լալահառաչ ողբին, կան աւելի ուրախ ռիթմով տարբերակներ, ինչպէս օրինակ`

«Ղարաբաղի ջուրը սառն է

Մայրը գիտի, որդին սաղ է (ողջ է)

Բայց չգիտի, որ զոհուել է

Խաբէք, ասէք վիրաւոր է»:

Ու ի՞նչ մենք կ’ուզենք ըսել այս եւ նմանատիպ երգերով: Երիտասարդը կ’ուղարկենք բանակ ու «շահիտի» գօտիին նման վրան կը փաթթենք մեռնող զինուորի մասին ճակատագրով նախասահմանուած երգեր եւ դեռ կը մեկնաբանենք, որ «կեցցէ հայ ժողովուրդը, ջան, ջան, ջան»:

Արդեօ՞ք մենք հոգեպէս առողջ ենք: Արդեօ՞ք մենք խելագար չենք, որ մեր ողջ կեանքը լեցուցած ենք կենցաղային-բնազդային երեւոյթներով, ողբով ու լացով ու դեռ կը զարմանանք, թէ ինչո՞ւ հայ երիտասարդը չ’ուզեր բարդ ու խրթին գաղափարաբանական պայքարի մէջ մտնել: Ինչո՞ւ մտնէ, եթէ մէկ կողմէ դժոխային ծանր ու լալահառաչ (կամ հակառակ ծայրայեղութեամբ անտանելի մեծխօսիկ) հայրենասիրական պարտքն է, միւս կողմէ ժամանակակից թրենտային-պլոկային (trendy-blog) աշխարհը, ուր շատ արագ կարելի է դառնալ երգիչ-դերասան ու փող վաստկիլ ծամածռվելով, մերկանալով եւ այլն:

Այս բողոքները սովորաբար կը հակադրուին իմ «լաւատես հայրենակիցներու տրամադրութիւններուն» ու անոնք կը դատապարտեն միշտ այս մռայլութիւնն ու բողոքը: Այո՛, մեր այս քարոզած մշտական բողոքն ու ճշմարտութեան նայելու ցաւոտ միտումը կրնայ խցել ու դառնացնել մեր սրտերն ու հոգին, բայց մինչեւ ե՞րբ ծածկենք մեր կեղտերը: Մի՞թէ այն սարսափը, որ տեղի ունեցաւ Արցախի հետ, այն ցաւը, որ ստացաւ հայը վերջին տարիներուն, տակաւին սթափելու եւ այս համազգային յիմարութիւնները մէկ կողմ դնելու ցուցիչ չե՞ն: Եւ եթէ այս ալ մեզ չի սթափեցներ, ապա ուրեմն ոչինչ այլեւս կրնայ մեզ արթնցնել:

Բայց քանի դեռ ողջմտութիւնը չէ լքած Հայաստանն ու հայերը, մենք պարտաւոր ենք թէկուզ եւ դառնացնող ու ծակող, բայց իրապէս ախտահարած վէրքը սեղմել, որ հասկնանք, թէ այսպէս կարելի չէ շարունակել: Ժողովուրդը, երիտասարդ սերունդը կարելի չէ ողբով ու անմակարդական կենցաղով կերակրել: Հակառակ պարագային, մենք առիթ պիտի չունենաք խուսափելու նոյնին կրկնութենէն:

Ես ու ինքս

Լենա Պօղոսեան

Ամէն առաւօտ կը հանդիպինք իրարու,
Դո՛ւն՝ հեւքի մէջ, կ’աճապարես դէպի դպրոց,
Իսկ ես՝ հանդարտ, զգուշ, կ’ուղղուիմ վարժանոց։

Երէկ նորէն հանդիպեցանք,
Բարեւեցինք շատ արագ ու բաժնուեցանք։
Ամէն հանդիպումիս կ’ուզեմ ընդհատել ճամբադ,
Ի զուր է ճիգս—վազքի մէջ ես, աշխուժ, եռանդուն,
Ծրագիր ու գործ կերտելու։

Որքա՜ն կ’ուզեմ հեւքդ հատել, բացատրել՝
Վաղը արագ կը հասնի, ընկեր,
Աճապարել պէտք չունիս այդքան։
Բայց քայլերդ երբ ամուր, ձայնդ վճիտ,
Կ’աւետեն լոյսը բարի,
Եւ ես կը մնամ ետ՝ անվճիռ։

Եւ կը բացուի հորիզոնը երազներուդ,
Տենչը ապագայի, իղձը յաղթանակի։
Կամաց, ընկեր, ըսեմ քեզի՝
Քանի՜ երազ նուիրական պիտի կորչին առյաւէտ։

Չմտածես այդ մասին, սիրելի՛ս,
Իրականն է միայն մնայուն։
Երանի տամ գաղտնիքը ապագայի,
Պահես անդորրը հոգիիդ։

Տարբեր էր այսօր հանդիպումը մեր,
Ես ու դուն՝ խաղաղ,
Սուրճին հետ մտերիմ,
Կ’երկնէինք անցեալը կրկին։
Բայց ահով ժամանակէն՝
Հեռացար սուրճէն հեւագին։

Փոխուած ես դուն՝ կը վճռեմ։
Փորձ մը վերջին՝ կասեցնեմ վազքդ տենդագին։
Ուժ ու կորով են պէտք հողմերուն դիմաց։
Փայլատակող լոյսը աչքերուդ
Կու տայ թեւեր՝ վճռագին։

Պատմութիւն մը կայ հոն՝ քաջ,
Յաղթահարութեամբ կերտուած։
Դուն կ’ուզես հեռանալ արագ,
Ես բռնած եմ ձեռքդ ամուր։
Ես, դուն՝ միեւնոյնը,
Անցեալն ենք հատած՝ ներկայով վստահ։