Ի՞նչ է պատահած Հայաստանին, ինչո՞ւ այս միջակութիւնը

Ամէն հասարակութեան համար ցուցիչ է ոչ միայն իր պետութեան հզօրութիւնը, հարստութիւնը եւ այլն, այլեւ նոյնիքն իր՝ հասարակութեան տուած «արտադրանքը»: Այս առումով, տուեալ հասարակութեան ունեցած յաջողութիւնները եւ ձեռքբերումները, որով ան կրնայ հպարտանալ այլ հասարակութիւններու մօտ, ինչպէս անհատին, այնպէս ալ խումբի յաջողութեան պարագային:

Հայաստանի մէջ, չհաշուած չնչին բացառութիւն կազմող մարզիկները, որոնք մեծ եռանդի ու կամքի շնորհիւ դարձած են Եւրոպայի, աշխարհի, օղիմպիական ախոյեաններ, կայանալն ու յաջողութեան հասնիլը խիստ բարդ է: Որպէս անգիր կանոն, համաշխարհային հայ հռչակաւորները իրենց անունն ու փառքը ձեռք կը բերեն կա՛մ օտար երկրի մէջ ծնած ըլլալ-հոն ապրելով ու գործելով, կա՛մ Հայաստանէն տեղափոխուելով ու օտար միջավայրի մէջ կայանալով:

Բանական լուրջ հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ մարդիկ չեն յաջողիր կայանալ, յաջողութեան հասնիլ այն աստիճանի, որ նոյն մեր հասարակութիւնը ծնունդ տայ Ազնաւուրի, System of a Down-ի, Էնտի Սարգիսի, Քըրք Քըրքրոյեանի, Ուիլեըմ Սարոյեանի եւ ուրիշներու: Մի՞թէ տաղանդաւոր հայերը կը ծնին միա՛յն օտար երկրի մէջ: Ի հարկէ ո՛չ, այդ շատ անհեթեթ ու յիմար պնդում պիտի ըլլար: Այդ պարագային, ո՞րն է խնդիրը: Հայաստանի մէջ մարդիկ այնքան նախա՞նձ են, որ կայանալ ուղղակի չի ստացուիր, թէ՞ պարզապէս հնարաւորութիւն չկայ, միջավայրը առիթ չի տար:

Մենք սովորաբար շատ աշխուժօրէն կը քննադատենք ուրիշները, մարդ չենք հաւնիր, բայց շատ անխիղճ ու անտարբեր ենք սեփական խորքային խնդիրներուն ուշադրութիւն դարձնելու առումով: Մեր ներքին ինքնաքննադատութիւնը անդէմ է ու անհասցէ, կը կատարուի անորոշ խումբի մը նկատմամբ, երբ կ’ըսենք, որ «Հայաստանի մէջ կայանալը անհնար է, չեն ձգեր, կը խանգարեն» եւ այլն: Ովքե՞ր եւ ինչպէ՞ս կը խանգարեն ու չեն ձգեր: Ու արդեօ՞ք այդ մէկը կը նշանակէ, որ արտասահմանի մէջ՝ բոլորը բարի են ու կամեցող: Ի հարկէ ո՛չ, այդ եւս անհեթեթութեան տարբերակ մըն է:

Եթէ System of a Down խումբը հիմնադրուէր Հայաստանի մէջ, արդեօ՞ք կը դառնար այն, ինչ որ դարձաւ, Ազնաւուրը երգեր Հայաստանի մէջ, Հենրիկ Մխիթարեանը չխաղար արտասահման: Կարելի է տասնեակ նման օրինակներ բերել, որովհետեւ երբ համաշխարհային հայերը համեմատենք, անոնց գերակշիռ մասը, այսպէս ասած «հայաստանեան հասարակութեան արտադրանք չէ»: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ Իլոն Մասք կամ Ճեֆ Պեզոս չի յայտնուիր: Ինչո՞ւ մենք չունինք Թարանթինո, Սթենլի Քուպրիք, Մարթին Սքորսեզէ, Մայքլ Ճեքսըն, Չարլի Չափլին: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չկայ BWM, Toyota, Microsoft: Չեն նկարահանուիր Taxi driver-ի կամ A Space Odyssey:2001-ի նման ֆիլմեր: Եւ ինչո՞ւ մենք չունինք ո՛չ զինուրական արտադրութիւն, ո՛չ համաշխարհային որեւէ սպասարկման որակի ցուցիչ, այստեղ Rolex չ’արտադրուիր, հոս չեն գործեր գիտնականներ Եուրկըն Հապերմասը, Ռէյ Քուրցուեյլը եւ ուրիշներ: Ինչո՞ւ մենք չունինք Չըրչիլ, տը Կոլ եւ ուրիշներ: Ուրեմն ինչո՞վ կը զբաղի ողջ հասարակութիւնը, եթէ ոչ մէկ առումով ունի գերազանց բան մը: Ուրեմն ան միջա՞կ հասարակութիւն է: Ի հարկէ ոչ: Այդ ոչ միայն ցեղապաշտական կը հնչէ, այլեւ նոյնիսկ անհեթեթ, որովհետեւ նոյն ազգին մէկ այլ ներկայացուցիչը կրնայ երթալ ուրիշ տեղ եւ դառնալ համաշխարհային աստղ, իսկ տեղը մնալով ոչ մէկ բան:

Հերի՛ք եղաւ, կրնան ըսել ոմանք: Մենք հոս՝ Հայաստանի մէջ ունեցած ենք Յովհաննէս Չեքիճեան, Արամ Խաչատրեան, Տիգրան Պետրոսեան, Վիքթոր Համբարձումեան եւ ուրիշներ: Ունեցած ենք բազմաթիւ անհատներ, որոնք եթէ ոչ ողջ աշխարհի, ապա այդ աշխահի մէկ մեծ հատուածին՝ Խորհրդային միութեան մէջ եղած են ճանչցուած ու սիրելի: Այո՛, ունեցած ենք, ընդ որում ոչ թէ հազար տարի առաջ, այլ ընդամէնը քանի մը տասնամեակ առաջ: Իսկ ինչո՞ւ հիմա չունինք: 1991-էն ի վեր, մեր ժողովուրդը քամուա՞ծ է տաղանդէ, բթացա՞ծ է, ծուլացա՞ծ:

Այդ պարագային ո՞րն է խնդիրը: Ծանր ճակատագիր եւ դժուար պայմաննե՞ր: Ի՞նչ է պատահած ուրեմն Հայաստանին, որ յայտնուած միջակութիւններու հասարակութեան դերով: Մեզ ուրիշնե՞րը կը խանգարում, թէ՞ մենք զմեզ:

Այս հարցը մէկ համապիտան պատասխան չունի: Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը ծնին բազմաթիւ տաղանդաւոր (անոնց մէջ թերեւս եւ կան հանճարեղ մարդիկ) ու կը մնան անտես ու աննկատ: Ոչ միայն աշխարհի, այլեւ նոյնիսկ իրենք իրենց համար: Հարցը միայն հռչակի սանդղակը չէ, այլ նոյնիսկ այն, որ առանձնապէս աչքի չինկող մարդիկ յայտնուելով արեւմտեան որեւէ երկրի մէջ, որոշ ժամանակ ետք կը հասնին որոշակի ապահովութեան եւ յաջողութեան ու այդ, համեմատած Հայաստանի իրենց դրութեան հետ, երեւակայական կը թուի: Մարդիկ սովորաբար այդ բոլորին կը պատասխանեն (հիմնականօրէն աւագ սերունդը, նորերը այդ մէկը արդէն չեն գիտեր) ժողովրդական սրամիտ արտայայտութիւններով, ինչպէս օրինակ «տան տէրտէրին օրհնեա՛, Տէ՛ր, չեն ըսեր», կամ «խաչը իմս է, զօրութիւնը ես գիտեմ» եւ այլն: Իսկ յետո՞յ: Մենք պիտի շարունակենք այսպէս մնալ ու սպասել, թէ դուրսը ի՞նչ կը յայտնագործեն կամ կ’արտադրեն, որ մենք ալ վերցնենք, օգտագործենք կամ կրկնօրինակենք (եթէ ի վիճակի ըլլանք) ու գո՞հ մնանք:

Ներկայիս ազատականութեան սիրահարները կը սիրեն ծաղրել մարքսականները՝ զանոնք համարելով դասակարգողներ, բայց մարքսականներու, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել նէոմարքսականներու կամ նէո-ֆրոյտա-մարքսիզմի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս օրինակ Հըրպըրթ Մարքուզ, Թէոտոր Ատրոնո, Էրիխ Ֆրոմ, Մաքս Հորքհայմըր եւ այլք՝ Մարքսի քննադատական տարրերը զուգորդելով Ֆրոյտի հոգեւերլուծութեան եւ Հեկելի տրամախօսութեան (dialectic-ին) հետ՝ կարողացան շարք մը բաւական պարզ ճշմարտութիւններու յանգիլ՝ ընկերային միջավայրի, անոր ձեւաւորման եւ ազդեցութեան մասին, ինչպէս անհատի, այնպէս ալ ամբողջ հասարակութեան վրայ: Ի հարկէ թուային այժմու դարաշրջանին, երբ ուրիշ են պայմաններն ու բազմաթիւ խնդիրներ արտաքուստ այլ կերպ կ’ընկալուին, դիւրին է ծաղրել «հինցած» Ֆրանքֆորթեան ընկերագիտական դպրոցը, զայն կոչել սոփեստութիւն, բայց միաժամանակ ոչ մէկ քայլ մօտեցնել վերը թուարկուած խնդիրներու լուծումը: Կարելի է նաեւ մէկ կողմ դնել այս բոլորը ու պարզապէս ըսել, որ ապիկար կառավարման հետեւանքով երկրին մէջ զարգացած են այնպիսի ծանր ընկերատնտեսական հետեւանքներ, որոնք ստեղծած են դժգոհութեան, յուսահատութեան փուլ մը, յետոյ այնտեղ զարգացած է ամենակուլ ճահիճ մը, որ թոյլ չի տար կենցաղային հարցերէն գլուխը վեր բարձրացնելու, ուր մնաց, թէ գիտութիւն եւ արուեստ ծաղկացնել: Այդ բոլորը կրնայ բաւական մօտ ըլլալ ճշմարտութեան, ընդ որում շատ մօտ: Բայց հոս արդէն մէկ այլ հարց կը ծագի․ ո՞րն է հասարակութեան արժանիքը, անոր կշիռը, եթէ օր մը անոր իշխանութեան ղեկին կրնան յայտնուիլ ապիկարներ ու միանգամայն կործանել զայն: Այդ պարագային, ո՞ւր է անոր դիմադրողականութիւնը, պայքարի գիտակցութիւնը: Իսկ գուցէ ամէն ինչ աւելի առա՞ջ նեխած էր, պարզապէս դեռ հոտը չէր գար:

Օրինակ կրթութեան հարցը: Խորհրդային միութեան մէջ, Հայաստան յայտնի էր որպէս կայսրութեան ամենէն կրթուած երկիրներէն մէկը՝ բարձրորակ մասնագէտներով ու վկայեալ քաղաքացիներով, հայկական հաստատութիւնները միշտ մեծ յարգանք կը վայելէին, ըսենք 1988-ի դրութեամբ: Ընդամէնը քանի մը տարի ետք, 1998-ին Հայաստանի մէջ լաւ ուսում ստանալը արդէն կը ծաղրուէր, հրէշաւոր արագութեամբ կը տարածուէին քրէական պատկերացումները, հասարակական կեանքը կը կարգաւորուէր կիսաաւազակային-կիսափիլիսոփայական պատկերացումներով եւ այնպիսի անդունդ մը ստեղծուած էր, ուր յարգանք կը յառաջացնէր միայն կոպիտ ուժը, որ կը փորձէր նախատպային գայլի կերպարով ապրիլ, կարծես նախադիցարանային սարսափելի դեւ-աստուծոյ մը վերապրուկը: Ուրեմն ո՞ւր կորաւ այդ սորվելու տենչը, որ կար անկէ 15-20 տարի առաջ: Ինչպէ՞ս կրնար ամբողջ հասարակութիւն մը այդքան արագ այլասերիլ ու մոռնալ ինքզինք: Իսկ թերեւս այդ բոլորը չպատահեցան ու ընդամէնը նմանողականութիւն էր: Թերեւս մենք շատ աւելի երկար տասնամեակներ զբաղած էինք կրկնօրինակելով այն ինչը որ չկար, ինչպէս որ կը ներկայացնէ Ժան Պոտրիար իր «Simulacra and Simulation» գիրքին մէջ:

Իսկ թերեւս կ’արժէ, որ մենք պահ մը դուրս գանք նորաձեւ սարսափէն ու մեր շուրջը նայինք «լայն բացուած աչքերով», անկախ անկէ, թէ անիկա ներկայիս կը կոչուի սոփեստութիւն, թէ մէկ այլ բան: Գուցէ մենք փորձենք հասկնալ այն, ինչ հասկցած ու կատարած են բազմաթիւ հասարակութիւններ՝ միջակ չմնալու համար: Թերեւս կ’արժէ վերջապէս սթափիլ, մէկ կողմ դնել յարմարաւէտութեան թոյնը, որ մեզի այսօր կու տայ համաշխարհայնացող նորյետարդիականութիւնը (neo postmodernism) ու նայիլ ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետեւ ու հոն զարմանքով կը տեսնենք, որ այն հասարակութիւնները, որ ունեցան ֆաշիզմ ու նացիզմ, որոնք իրենց իսկ մարմինը փորձադաշտ դարձուցին, իրենք իրենց հետ առին վատագոյնը, ծանրագոյն գին վճարեցին այդ բոլորին ու այսօր, որքան ալ որ ձախողին ու յաջողին, այդ պիտի ըլլայ իրենց անձնական ձեռքբերումն ու ձախողութիւնը, այդ պիտի ըլլայ իրենցը: Այնպէս, ինչպէս որ նորաձեւութիւնը հոնկէ կու գայ, այնպէս ինչպէս, որ հոն կ’որոշուի, թէ այստեղ այս տարի ինչ գոյնի տափատը նորոյթ կը դառնայ, կամ դեռահաս աղջիկները ի՞նչ դիրքով խելագարութեան կը հասնին հեռախօսի տեսախցիկին առջեւ ուշադրութիւն մուրալու ատեն: Սակայն աւելի դիւրին է ծաղրել նախորդ տարիներու ամբողջ փորձը, մերժել իրականութեան ցաւը եւ անցնիլ յաջորդ նորաձեւութեան, կրկնօրինակել այն, ինչ որ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի ու մնալ միջակութիւն, յաւէրժ միջակութիւն, որ միայն կը սպառէ, որովհետեւ արտադրանք տալ չ’ուզեր, չի կրնար: Արդեօ՞ք կ’արժէ զարմանալ, որ Մարթին Հայտեկերը ծնաւ ու ապրեցաւ Գերմանիոյ, եւ ոչ թէ Հայաստանի մէջ, թէ՞ ընդունիլ, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ, ըլլա՛ս Հայտեկեր, ըլլա՛ս Թումանեան, դուն նորաձեւութենէն դուրս ես, քանի որ ոչ միայն քու ճաշակդ, այլեւ քու մտածողութեանդ հիմքերը ուրիշները կ’որոշեն, իսկ անոնց համար Հայտեկերն ու Թումանեանը «վատ վաճառուող ապրանք են, ոչ զուարճալի»

Այս է միջակութեան ճակատագիրը:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest
2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Սեդօ Պոյաճեան
Սեդօ Պոյաճեան
1 year ago

Արայիկ Մկրտումեանի «հայկական միջակութեան» արմատները հեռու տեղեր պէտք չէ փնտռել։ Անոնք կը գտնուին հոն, ուրկէ ծնունդ առին։ Այդ տեղը 1990-ական թուականներու սկիզբը սունկի պէս բուսած (եւ դուրսէն քաջալերուող ու պաշտպանուող) ղեկավարութիւնն է։ Այս ղեկավարութիւնը մաքրագործեց (մեկուսացնելով, չէզոքացնելով, մինչեւ իսկ սպաննելով) իր մէջ գտնուող ու գործող ատակ գործիչները եւ իւրացուց երկրին նիւթական, ուժական, մտային ու մշակութային ոլորտները, որպէսզի իրենք դառնան միակ գերակշռող հեղինակութիւնը։ Պահելու համար այս հեղինակութիւնը, անոնք փոխեցին ժողովուրդը, զինաթափ ըրին զայն՝ մտքով, հոգեպէս, նիւթապէս, բարոյապէս…։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Րոբերտ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը եւ Նիկոլ Փաշինեանը այդ նոյն ղեկավարութեան քառեակ երեսներն են։ Այս ղեկավարութիւնը բոլոր տեսակի ու ձեւի արտադրական միջոցներն ու կարողութիւնները միջակութեան մէջ պահելով կը ջանայ խեղճացնել ու խեղճացած պահել ժողովուրդը։ Մեքսիկայի նախագահ եւ ազատագրական պայքարի ղեկավար Պէնիթօ Խուարէզ, իրարմէ տարբերելու համար ժողովրդավարութիւնն ու մենիշխանութիւնը՝ ըսած է, «Ժողովրդավարութեան մէջ ժողովուրդն է որ կը փոխէ իշխանաւորին, իսկ մենիշխանութեան մէջ իշխանաւորն է կը փոխէ ժողովուրդին։» Այսօր մեր ժողովուրդը իշխանաւորներուն կողմէ է, որ միջակութեան մղուած է։ Ծրագրուած ու նպատակադրեալ է այս մղումը, որպէսզի փոխէ ու փոխուած (այսինքն՝ միջակ) պահէ ժողովուրդին։ Շան գլուխը հայկական միջակութեան պահուած է երեսուն տարիէ ի վեր ինքզինք պարտադրող ղեկավար շրջանակին մօտ։ Ժողովուրդը կրնայ ազատուիլ այս անմխիթար վիճակէն՝ միա՛յն կտրելով ու թաղելով այդ շան գլուխը (իմա՛ «գլուխները»)։
Սեդօ Պոյաճեան

Արայիկ
Արայիկ
1 year ago

Բարև Ձեզ։ Շնորհակալություն արձագանքի համար։ Միանգամայն ճիշտ եք։ Միջավայրի ազդեցությունն անխուսափելի է, իսկ այդ միջավայրը, դժբախտաբար, անկախ Հայաստանում ձևավորվել է անառողջ ու թունավոր մթնոլորոտում։ Ու քանի որ երկար ժամանակում է այդ ամենը կայացել, վստահ չեմ, թե անձի փոփոխությունը կարող է կտրուկ որակական աճ գրանցել։ Ենթադրում եմ, որ դեռ երկար ժամանակ կպահանջվի մինչև հայաստանյան իրականությունը մաքրի ինքն իրեն, եթե իհարկե դս ընդհանրապես տեղի ունենա։

Արայիկ Մկրտումյան

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x