Մեր podcast-ի հիւրն է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի (AUB) Առողջապահական գիտութիւններու հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փրոֆեսոր, հետազօտող, դոկտ. Թամար Գապագեան-Հաշէօլեանը: Թամարը մայրական, նորածիներու եւ երեխաներու առողջութեան մասնագէտ է, ունի հարուստ փորձառութիւն եւ մեծ ներդրում այս մարզին մէջ: Բազում այլ համագումարներու կողքին, ան իր մասնակցութիւնը բերած է ու կը շարունակէ բերել Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (WHO) կարեւոր համագումարներու՝ ներկայացնելով Միջին Արեւելքը: Կ’անդրադառնանք նաեւ AUB-ի մէջ Թամարին գործունէութեան՝ կեդրոնանալով հանրային առողջապահութեան մասին իր հետազօտութիւններուն վրայ:
Քաղաքական մշակոյթը եւ ժողովրդավարական կենսափորձը փաստօրէն առանցքային դեր ունին ազգի մը ներքին միասնականութեան ձեւաւորման մէջ: Հայաստանի պարագային, այս վճռորոշ տարրերուն բացակայութիւնը կամ կենսափորձին պակասը խոր հետեւանքներ կ’ունենայ` խափանելով ընդհանուր հասարակաց արժէքներու զարգացումը, խախտելով վստահութիւնը հաստատութիւններու նկատմամբ եւ յաւերժացնելով պառակտումի երեւոյթը հասարակութեան մէջ: Այս գրութեամբ պիտի փորձենք ցոյց տալ թէ ինչպէ՞ս քաղաքական մշակոյթի եւ ժողովրդավարական փորձառութեան բացակայութիւնը բացասաբար կ’ազդէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան վրայ` յանգելով բեւեռացումներու, հասարակութեան մասնատումին եւ ազգային ինքնութեան թուլացման:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Հայաստան ունեցաւ անցումային դժուարին շրջան մը, որուն ընթացքին քաղաքական մշակոյթի մը զարգացումը չապրեցաւ բնական հոլովոյթ մը: Ինքզինք պարտադրած քաղաքական մշակոյթի մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ որ համախոհութիւն չգոյանայ հիմնական սկզբունքներու եւ նպատակներու շուրջ: Տարբեր խմբաւորումներ՝ կուսակցութիւններու կամ այլ համախմբումներու անուան տակ ունին տարբեր տեսակէտներ արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական քաղաքականութեան ու զարգացումին, Արցախի հարցին, ցեղասպանութեան եւ ընդհանարապէս ազգային ինքնութեան շուրջ: Ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները միութեան առաջնորդելու փոխարէն՝ պառակտումներ կը ստեղծեն զանգուածներուն մէջ եւ մինչեւ այսօր կը խափանեն ընդհանուր նպատակներու շուրջ համագործակցելու կարելիութիւնները:
Վստահութեան խախտում
Վերանկախացումէն ետք, Հայաստան դէմ յանդիման գտնուեցաւ զգալի մարտահրաւէրներու ժողովրդավարական կենսունակ եւ առողջ դրութեան մը հաստատման առնչութեամբ, որ կը բնութագրուի թափանցիկ կառավարմամբ, հասարակութեան բոլոր շերտերուն համապարփակ մասնակցութեամբ եւ իշխանութեան խաղաղ անցումներով: Ընտրական խախտումներու եւ փտածութեան դէպքերը ընդհանրապէս խախտեցին ժողովուրդին վստահութիւնը քաղաքական հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու նկատմամբ: Ժողովրդավարական իսկական փորձառութեան բացակայութիւնը յուսալքեց քաղաքացիները, որոնք սկսան թերահաւատութեամբ վերաբերիլ քաղաքական հաստատութիւններու եւ ղեկավարներու նկատմամբ` տկարացնելով անոնց վստահութիւնը ընդհանրապէս ժողովրդավարական համակարգին նկատմամբ:
Հաւաքական ինքնութեան զգացումի տկարացում
Քաղաքական մշակոյթը եւ ժողովրդավարական կենսափորձը վճռորոշ նշանակութիւն ունին ընդհանուր ազգային ինքնութեան զարգացման ու ամրապնդման համար: Հայաստանի մէջ այս տարրերուն բացակայութիւնը տկարացուցած է հաւաքական ինքնութեան զգացումը: Քաղաքացիներու որոշ տոկոս մը կարծես կտրուած կը զգայ աւելի լայն հասարակութենէն, անջատուած քաղաքացիական կեանքէն եւ անտարբեր ազգի ապագային կերտման գործին մէջ իր սեփական դերակատարութեան նկատմամբ: Հաւաքական ինքնութեան այս զգացումի թուլացումը յաւելեալ խոչընդոտներ կը ստեղծէ միասնականութեան դիմաց, որովհետեւ ինքնութեան զօրաւոր հաւաքական գիտակցութիւնը կը ծառայէ որպէս միացնող ազդակ` վերացնելով տարբերութիւնները եւ ժողովուրդը մղելով դէպի հասարակաց նպատակներու հետապնդում:
Արդարեւ, Հայաստանի մէջ քաղաքական մշակոյթի եւ ժողովրդավարական կենսափորձի բացակայութիւնը զգալի հետեւանքներ կ’ունենայ ազգային միասնականութեան վրայ: Ընդհանուր արժէքներու բացակայութիւնը, վստահութեան կորուստը, ընկերային մասնատուածութիւնը եւ հաւաքական ինքնութեան զգացումի թուլացումը կը խափանեն համագործակցութեան ոգին: Միասնականութիւն խթանելու համար շատ կարեւոր է զարգացնել քաղաքական առողջ մշակոյթ մը, որ կը խրախուսէ քաղաքացիներու մասնակցութիւնը, կը պաշտպանէ ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կը նպաստէ համապարփակ ու ընդհանրական երկխօսութեան: Այս ձեւով Հայաստան կրնայ յաղթահարել պառակտումները, ամրապնդել ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ ուժերը լարել դէպի ընդհանուր ապագայ, ուր բոլոր քաղաքացիներն կը զգան իրարմով զօրացած եւ իրարու կապուած:
Ինչպէ՞ս կարելի է շրջել իրավիճակը եւ ժողովրդավարական ամուր կենսափորձի ճամբով հասնիլ ազգային միասնականութեան բաղձալի մակարդակի: Մեր կարծիքով դժուար թէ կարենանք նման նպատակ իրագործել առանց քննական մտածողութեան մշակոյթի մը զարգացման մեր իրականութեան մէջ: Թէ ինչպէ՞ս:
Նախ՝ ի՞նչ է քննական մտածողութիւնը: Տարբեր սահմանումներու ամփոփումով կարելի է եզրակացնել, թէ քննական մտածողութիւնը կացութիւններու, տեղեկութեան եւ գաղափարներու համակարգուած եւ առարկայական վերլուծումի, գնահատման եւ համադրումի մտային գործընթաց մըն է: Ան կ’ենթադրէ կասկածի տակ առնել ենթադրութիւնները, բացայայտել տրամաբանական սխալները, հարցադրել ապացոյցները եւ յանգիլ լաւ կշռադատուած եզրակացութիւններու: Քննականօրէն մտածողը գործնապէս կը ձգտի հասկնալու դժուարութիւններն ու անոնց բարդութիւնները, կ’ընդունի տարբեր տեսակէտներու առկայութիւնը եւ կը ցուցաբերէ առողջ դատողութիւն՝ վերահասու որոշումներ կայացնելու եւ հարցերը արդիւնաւէտ կերպով լուծելու համար:
Այժմ փորձենք ցոյց տալ, թէ ինչպէ՞ս քննական մտածողութիւնն ու ժողովրդավարական առողջ կենսափորձը առնչուած են իրարու, եւ հետեւաբար այս երկուքը՝ ազգային միասնականութեան մշակոյթ կերտելու մարտահրաւէրին:
Կ’օգնէ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու
Ինչպէս տեսանք, քննական մտածողութիւնը կ’ընդգրկէ կացութիւններու առարկայական եւ տրամաբանական վերլուծութիւնն ու արժեւորումը: Ժողովրդավարական դրութեան մէջ, քաղաքացիները կոչուած են վերահասու որոշումներ կայացնելու քուէարկութեան եւ հանրային քննարկման մասնակցելու միջոցով: Քննական մտածողութիւնը առիթ կ’ընծայէ անհատներուն գնահատելու աղբիւրներու հաւաստիութիւնը, կշռադատելու տարբեր հեռանկարները եւ լաւ պատճառաբանուած ընտրութիւն կատարելու թեկնածուներու եւ քաղաքական ուղղութիւններու միջեւ:
Կը պաշտպանէ ապատեղեկատուութեան դէմ
Ժողովրդավարական առողջ կենսափորձը հիմնուած կ’ըլլայ վերահասու եւ յանձնառու քաղաքացիներու գիտակցութեան վրայ: Քննական մտածողութիւնը կ’օգնէ զատորոշելու վստահելի տեղեկատուութիւնը ապատեղեկատուութենէն կամ փրոփականտէն: Աշխարհի մը մէջ, ուր ապատեղեկատուութիւնը կրնայ արագ տարածուիլ ընկերային ցանցերու եւ այլ միջոցներով, քննականօրէն մտածելու կարողութիւնը վճռորոշ դեր կրնայ խաղալ ժողովրդավարական գործընթացի առողջ դիմագիծը պահպանելու համար:
Միջոց՝ հանրային առողջ քննարկումներու եւ բանավէճի
Ժողովրդավար հասարակութիւնները կը զարգանան բաց եւ կառուցողական հանրային քննարկումներով եւ բանավէճով: Քննական մտածողութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ անհատներու արդիւնաւէտ կերպով արտայայտելու իրենց գաղափարները, կասկածի տակ առնելու ենթադրութիւնները եւ յարգալիր երկխօսութեան մէջ մտնելու ուրիշներու հետ: Ան կը նպաստէ այնպիսի միջավայրի մը ստեղծումին, ուր կարելի է լսել եւ նկատի առնել տարբեր տեսակէտներ` նպաստելով որոշումներ որդեգրելու աւելի ընդգրկուն եւ համապարփակ գործընթացներու զարգացման:
Հաշուետուողականութիւնը կը դառնայ պայման
Ժողովրդավարական առողջ պայմաններու մէջ քաղաքացիները պէտք է իրենց ընտրած ներկայացուցիչները ենթարկեն հաշուետուութեան: Քննական մտածողութիւնը առիթ կը ստեղծէ առարկայականօրէն ուսումնասիրելու պետութեան եւ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնները, արարքներն ու կեցուածքները՝ բացայայտելով անհամապատասխանութիւնները, արժեւորելով կատարուածը եւ պահանջելով թափանցիկութիւն ու հաշուետուողականութիւն:
Կը խթանէ յարմարելու ճկունութիւնը
Ժողովրդավարական առողջ համակարգերը անհրաժեշտ կը դարձնեն յարմարելու եւ յառաջդիմութեան հետ քայլ պահելու կարողութիւն մինչ ժամանակի ընթացքին կը զարգանան մարտահրաւէրները: Քննական մտածողութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքացիներուն եւ որոշում կայացնող մարմիններուն վերլուծելու փոխուող հանգամանքները, կասկածի տակ առնելու աւանդական մօտեցումները եւ մշակելու բարդ խնդիրներու յարմարող նորարարական լուծումներ:
Եզրափակելով` ազգային միասնականութեան, քաղաքական մշակոյթի եւ քննական մտածողութեան այս եռեակը վճռորոշ դեր կը խաղայ երկրի մը ապահովութեան եւ բարգաւաճման մէջ՝ բանակը ունենալով իբրեւ յենարան ու պաշտպան: Ազգային միասնականութիւնը իրարու կը շաղկապէ քաղաքացիները` զարգացնելով բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու դիմադրական ոգին եւ ուժը: Ազգային միասնականութիւնը կը խթանէ ընդհանուր ինքնութեան եւ նպատակի զգացումը, թափ կու տայ միասին աշխատելու գաղափարին՝ հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն: Քաղաքական առողջ մշակոյթը կը խթանէ ժողովրդավարական արժէքները եւ կ’երաշխաւորէ զանգուածներու գործօն մասնակցութիւնը` զանոնք խմբելով ապագայակերտ ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ: Քննական մտածողութիւնը եւ՛ զանգուածներուն, եւ՛ բանակայիններուն առիթ կ’ընծայէ վերահասու որոշումներ կայացնելու՝ երաշխաւորելով ազատութեան եւ ազգային ապահովութեան պահպանումը: Իբրեւ երկրին պահապանները, նաեւ բանակին հաւատարմութիւնը այս սկզբունքներուն՝ կ’ամրապնդէ զօրաւոր եւ ապահով պետութեան մը հիմքը:
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
«Հայրս ո՞վ է» Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ
ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ Ռէյ Գունիի «Հայրս ո՞վ է» կատակերգութիւնը (զաւեշտախաղ, ֆարս), բեմադրութեամբ՝ Վաչէ Տօնէրեանի:
Ներկայացումները տեղի կ’ունենան ուրբաթ 10, շաբաթ 11 (կալա), կիրակի 12, եւ ուրբաթ 17, շաբաթ 18, կիրակի 19 մայիս 2024 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ:
Ռէյ Գունիի «Հայրս ո՞վ է» (բնագիրը՝ «It Runs in the Family», Ray Cooney) զաւեշտախաղին պատմութիւնը կը պատահի հիւանդանոցի մը մէջ եւ գլխաւորաբար կը դառնայ տոքթ. Տէյվիտ Մորթիմորի շուրջ՝ յարգուած բժիշկ մը, որ կը գտնուի նոր իրագործումներու սեմին եւ այս իմաստով կարեւոր դասախօսութիւն մը պատրաստելու վրայ է, երբ անսպասելիօրէն կը յայտնուի իր հին բարեկամուհիներէն՝ Ճեյն Թէյթը: Ան կը բացայայտէ, թէ տարիներ առաջ իրենց սիրային արկածախնդրութենէն ծնած է աղջնակ մը, որ այժմ կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ եւ կ’ուզէ իր հօրը հանդիպիլ: Մորթիմօր կը փորձէ ամէն գնով արգիլել, որ այս գաղտնիքը հրապարակուի: Խառնաշփոթ վիճակ մը, քաոս կը յառաջանայ, երբ ան կը դիմէ իր պաշտօնակիցին` տոքթ. Հիւպըրթ Պոննիի օգնութեան:
Կը սկսի տողանցել թիւրիմացութիւններու շարան մը այն անձերուն մասին, որոնք ելումուտք կ’ունենան բեմին վրայ: Տոքթ. Մորթիմըրի սուտերը իրարու կը յաջորդեն, մեղսակցութեամբ՝ Տոքթ. Պոննին եւ օրիորդ Թէյթի: Մուտքերով եւ ելքերով հարուստ այս թատերախաղին խելագարներու խումբը, միշտ թիւրիմացութեամբ զուարճալի վայրկեաններ կը ստեղծէ՝ իր տարօրինակ եւ փոփոխամիտ կերպարներով:
Այս թատերախաղը անընդհատ խնդուք պատճառող ներկայացում մըն է, առիթ մը՝ հանդիսատեսը դուրս բերելու իր ճնշող առօրեայէն:
Թէեւ հիմնականօրէն կատակերգութիւն մը, սակայն այս փիեսը կը շօշափէ պատասխանատւութեան եւ անցեալի արարքներու հետեւանքները կրելու պարտաւորութեան թեմաները, ու կ’արծարծէ այն ծայրայեղ միջոցները, որոնց կը դիմեն մարդիկ պահելու եւ պաշտպանելու իրենց հանրային դիմագիծը, երբ մանաւանդ անոր խոցելիութիւնը երեւան գայ:
«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի այս ներկայացումներուն առիթով դիմեցինք բեմադրիչ Վաչէ Տօնէրեանին՝ հարց տալով, թէ ինչո՞ւ այս ընտրութիւնը: «Այս օրերուն չեմ ուզեր աւելի ծանր թեմաներով գործեր հրամցնել հանդիսատեսին: Այս ստեղծագործութիւնը երկար տարիներ ներկայացուած է համաշխարհային բեմերու վրայ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ: Ի վերջոյ, կատակերգութիւնն ալ թատերգութեան ժանր է: Նոյնիսկ ամենէն լուրջ թատերախաղերու պարագային, թատրոնին գլխաւոր նպատակներէն մէկը ժամանցն է հանդիսատեսին մարդկային բարդ վիճակներ հրամցնելու ճամբով՝ յուզում, պոռթկում կամ խնդուք ու ծիծաղ պատճառելով: Ես անգամ մը եւս խնդուքը ընտրեցի», ըսաւ Տօնէրեան՝ աւելցնելով. «Այսօր շատ դժուար աշխատանք է ներկայացում պատրաստելը, բոլորէն մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ, թէ՛ դերակատարներ եւ թէ՛ վարչական ու օժանդակ մարմիններ: Շնորհակալ եմ բոլորին»:
Մենք ալ մեր կարգին յաջողութիւն կը մաղթենք բեմադրիչ Վաչէ Տօնէրեանին ու «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բոլոր անդամներուն:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
ՌՈՒՍՏԱՄ ՌԱԶԱ. Նափոլէոնի հայ թիկնապահը
Բուն անունով՝ Ռոստոմ Յովնանի Խաչատուրեան:
Ծնած է Թիֆլիս, 1782-ին, շուշեցի հայ վաճառականի ընտանիքի մէջ:
Ռոստոմ 11 տարեկան էր, երբ հայրը, գործը ընդարձակելու նպատակով, երկու մեծ որդիներուն հետ կը մեկնի Թիֆլիս՝ Ղարաբաղի մէջ ձգելով կինը, երկու աղջիկներն ու Ռոստոմը: Գործերը յաջող ընթացք ունենալնուն՝ տարի մը ետք ան քովը կը կանչէ ընտանիքին մնացեալ անդամները: Ճամբան թաթարներ կ’առեւանգեն Ռոստոմը, որ այնուհետեւ ձեռքէ-ձեռք կը վաճառուի եօթը անգամ՝ ի վերջոյ յայտնուելու համար Պոլսոյ ապարանքներէն մէկուն մէջ:
1797-ին նոր տէրը կը նուիրէ զայն եգիպտոսի կառավարիչին՝ իբրեւ անոր մամլուքը[1] (مملوك): Այս վերջինի մահով՝ զայն ձեռք կ’անցընէ ինչ-որ շեյխ էլ-Պաքրի մը, որ իր կարգին 1799-ին զայն, գեղեցիկ ձիու մը հետ, կը նուիրէ Եգիպտոսը տարի մը առաջ նուաճած Նափոլէոն Պոնափարթին:
Այն օրէն ետք եւ ամբողջ 16 տարի Ռոստոմ շուքի մը պէս պիտի հետեւի իր նոր տիրոջը ու անձնուիրաբար պիտի ծառայէ անոր՝ մինչեւ այս վերջինին Էլպա կղզի աքսորը՝ 1814-ին:
* * *
Նափոլէոն արտասովոր համակրանք եւ վստահութիւն կը տածէ Ռոստոմի հանդէպ, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր հաւատարիմ արբանեակը կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն մէջ:
Փարիզ վերադարձին՝ իր հետ կը բերէ զայն եւ կը նշանակէ իր առաջին թիկնապահը ի շարս այլոց: Կը թոյլատրէ, որ հանդիսաւոր առիթներու ան կրէ իր եգիպտական տարազը (տեսնել նկարը), ինչպէս նաեւ անոր կը յատկացնէ իր յարկաբաժնին նրբանցքին մէջ մահճակալ մը, ուրկէ Ռոստոմ անխափան կրնար հսկել տիրոջ ապահովութեան վրայ: Նուազագոյն վտանգի մը շշուկներուն ի լուր՝ ան չէր վարաներ մահճակալը փոխադրելու Նափոլէոնի ննջասենեակի սեմին, որպէսզի դաւադիրները նախ եւ առաջ զի՛նք դիմակայէին՝ տիրոջը հասնելէ առաջ:
Նափոլէոն այս բոլորին տեղեակ էր, կը նկատէր այս բոլորը եւ ըստ այնմ ալ կը գնահատէր զայն թէ՛ իր յատուկ վերաբերումով, թէ՛այլազան նուէրներով:
Ան գիտէր, որ պատերազմի ամենաթէժ պահերուն իր կողքին ունէր Ռոստոմը, որ արթուն կը հսկէր իր ապահովութեան վրայ, ինչպէս եւ կերուխումի պահերուն, ուր մէկ առ մէկ կը քննէր Նափոլէոնի իւրաքանչիւր պնակը, գաւաթը, ուտելիքն ու խմիչքը՝ առաջինը ի՛նք համտեսելով ու ապա դնելով զանոնք տիրոջ տրամադրութեան տակ:
Ռոստոմ մասնակցեցաւ Նափոլէոնի բոլոր պատերազմներուն անխտիր՝ միշտ յիշելով իր ծագումն ու ազգութիւնը եւ յաջողեցաւ օգտագործել իր վարկը մէյ մը Իտալիոյ մէջ, երբ Նափոլէոն փակել կու տար բոլոր իտալական վանքերը, սակայն կը խնայէր Մխիթարեաններու Սուրբ Ղազարին՝ յատուկ հրամանագիրով մը «գիտական ակադմիա» հռչակելով զայն, որուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնար: Ան իր ազգային պարտականութիւնը կատարեց նաեւ Մոսկուայի արշաւանքի առթիւ. երբ Նափոլէոն այստեղ հրամայեց այրել ամբողջ քաղաքը, ապա Ռոստոմի միջնորդութեամբ խնայուեցաւ Հայոց թաղամասին, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. Նափոլէոն պահակներ կարգեց անոր, որպէսզի կանխուի ամէն վտանգ:
* * *
Մոսկուայի անյաջող արշաւանքէն ետք, երբ Եւրոպական միացեալ բանակները արշաւեցին Ֆրանսա՝ պատժելու համար Նափոլէոնը, ան թակարդուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Fontainebleau ապարանքին մէջ, ուր եւ որոշեց անձնասպան ըլլալ. առ այս՝ հարկ եղած զէնքը խնդրեց Ռոստոմէն, որ, ոչ միայն չհայթայթեց զայն, այլեւ փախուստ տուաւ դէպի Փարիզ, ու ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Փարիզի մերձակայքը՝ Տուրտան գաւառակը:
Տասնվեց տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ռոստոմ կը լքէր իր տէրը այն մտավախութեամբ, որ յաղթական տէրութիւնները կրնային զինք տիրասպանութեամբ ամբաստանել:
Նափոլէոն ձերբակալուեցաւ ու 1814-ին աքսորուեցաւ իտալական Էլպա կղզին, ուրկէ 300 օր ետք փախուստին ու վերադարձին Փարիզ՝ ան այլեւս չուզեց տեսնել Ռոստոմը:
Չուշացաւ նափոլէոնի վերջնական աքսորը, Վաթերլոյի պարտութենէն ետք 1815-ին՝ դէպի Սուրբ Հեղինէ կղզին, ուր Ռոստոմ նմանապէս չընկերացաւ անոր, այլ հարց թէ նման արտօնութիւն մը կրնա՞ր ունենալ:
* * *
Շուրջ տասը տարուան նստակեաց կեանքէ մը ետք Ռոստոմ, հաւանաբար 1826-ին, այցելեց Թեհրան, ասկէ Թիֆլիս, ուր ան ընդունուեցաւ Կովկասի ռուս կառավարիչ Երմոլովի կողմէ: Իբրեւ ջոկատի հրամանատար մասնակցեցաւ ռուս-պարսկական պատերազմին եւ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք՝ 1828-ին, հաստտաուեցաւ հայրենի Շուշի քաղաքին մէջ, ուր մնաց երկու տարի: Որմէ ետք վերադեարձաւ Փարիզ՝ ընտանիքին քով:
Ռոստոմ վերջին անգամ հանդիպեցաւ Նափոլէոնին 1840-ին, երբ անոր աճիւնները Ֆրանսա բերուեցան ու տեղի ունեցաւ պատշաճ յուղարկաւորութիւնը: Ան գլխահակ մասնակցեցաւ թափօրին՝ քալելով առաջին շարքէն:
Այնուհետեւ վերջնականապէս հաստտաուեցաւ Տուրտան, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն 1845-ին:
Մահէն կարճ ժամանակ առաջ ան գրեց իր յուշերը՝ «Նափոլէոն Ա.-ի մամլուք Ռուստամի յուշերը», որոնք հրատարակուեցան 1866-ին եւ այնուհետեւ թարգմանուեցան բազմաթիւ լեզուներու, ինչպէս անգլերէնի, իտալերէնի, ռուսերէնի, վրացերէնի ու հայերէնի:
Ռոստոմի պատկերը գծած են բազմազթիւ նկարիչներ, եւ բազմաթիւ գրագէտներ ակնարկած են անոր գործունէութեան, ինչպէս Պալզաք, Ստենդալ, Տոլստոյ, Դոստոեւսկի եւ ուրիշներ:
Անոր շիրիմը կանգուն կը մնայ Տուրտանի մէջ՝ արժանանալով պատշաճ գուրգուրանքի ու յիշատակութ-եան: Իսկ տան մուտքին զետեղած են ցուցանակ մը:
Անձնական կեանքը
Նափոլէոն, անձնապէս շահագրգռուած ըլլլաով Ռոստոմի բարօրութեամբ, խրախուսած էր զայն, որ ամուսնանայ իր կնոջը՝ Joséphine Beauharnais-ի մէկ մերձաւորին հետ, որ կը կոչուէր Douville. այդպէս ալ ըրաւ: Ամուսնութիւնը տեղի ունեցաւ 1806-ին. բոլոր ծախսերը ստանձնեց Նափոլէոն ինքը:
Ռոստոմ ունեցաւ մանչ մը եւ աղջիկ մը: Մանչը հետագային դարձաւ ֆրանսայի լիազօր ներկայացուցիչը Թունուզի մէջ: Ունեցած է Edmond Rosdam անունը կրող թոռ մըն ալ, որուն ճակատագիրը անյայտ է. ոմանք, ինչպէս Wikipedia-ն, այս Ռոստամը կը շփոթեն ֆրանսացի համբաւաւոր թատերագիր Edmond Rostand-ով՝ Cyrano de Bergerac-ի հեղինակով, ինչ-որ մեծ թիւրիմացութիւն է եւ ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ:
Ան պետական որեւէ հատուցումի չարժանացաւ նոր իշխանութեան կողմէ, փոխարէնը օրուան թագաւորը՝ Louis Philippe, անոր կնոջը վստահեցաւ քաղաքի թղթատարական ծառայութեան տնօրէնութիւնը, որ իրենց պարգեւեց տնտեսական համեստ ինքնաբաւութիւն մը:
Յաւելուած
Հետեւեալը կը կցեմ՝ առնելով Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ի 12/10/2013-ի թիւէն.
«Նափոլէոնի մամլուք թիկնապահի՝ Ռուստամ Ռազայի յիշատակը այս տարի եւս նշուեցաւ Փարիզեան շրջանի մօտակայ քաղաքներէն Տուրտանի գերեզմանատան մէջ, ուր կը գտնուի անոր շիրիմը:
2007-էն ի վեր Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան կողմէ կազմա-կերպուող արարողութեան այս տարի ներկայ էին շուրջ 100 հոգի: Հոն էին ֆրան-սահայ նախկին ռազմիկներ՝ իրենց դրօշներով, որոնց մէջ «Մանուշեան»-ի խումբէն՝ 96-ամեայ Արսէն Չաքարեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նորա-նշանակ զինուորական կցորդ Գարեգին Մարգարեան, ինչպէս նաեւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով «Նափոլէոնեան յիշատակ»-ի ֆրանսական միութեան անունով՝ Ժաք Մասէ:
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 3, ժամը 11-ին, Ռուստամի շիրիմին առջեւ սկսաւ արարողութիւնը: Ճառեր արտասանեցին Տուրտանի քաղաքա-պետ Օլիվիէ Լըկուա, որ յայտարարեց, թէ գալ տարի գերեզմանատան մուտքին պիտի զետեղուի Ռուստամի յուշարձանը, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան, որ շեշտեց Ռուստամ Ռազայի անգնահատելի կարեւորութիւնը Ֆրանսահայութեան եւ ի մասնաւորի՝ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու միութեան համար, որ զինք կ’ընդունի իբրեւ այն առաջին հայ ռազմիկը, որ պատերազմած է Ֆրանսայի դրօշի ներքոյ 1799-էն ի վեր։ Ան յիշեցուց Ռուստամ հերոսի այժմէականութիւնը, որ, ծառայելէ ետք Նափոլէնի, վերադարձած է Թիֆլիս, միանալով զօրավար ռուսական բանակին՝ պատերազմած է Ղարաբաղի անկախութեան համար:
Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շաւիլի եկեղեցւոյ հովիւ Գուրգէն վ. Աղապապեանի կողմէ :
Այս տարի քաղաքապետը առաջին անգամ ըլլալով ներկաները հրաւիրեց քաղաքապետարան՝ բաժակ բարձրացնելու Ռուստամի յիշատակին, որմէ ետք ցերեկոյթը շարունակուեցաւ տեղւոյն գողտրիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ՝ առիթ ընծայելով Ռուստամ Ռազայի անձին եւ հայ–ֆրանսական կապերուն անոր ներդրումին անդրադառնալու: Հոն խօսք առաւ նաեւ Լուսինեաններու գերդաստա-նի ներկայացուցիչ մը: Ընթերցուեցան Ռուստամի նուիրուած հրատարակութիւննե-րէ խորհրդանշական էջեր՝ հետաքրքրական մանրամասնութիւններով»:
Այդ նո՛յն օրուան անդրադարձած է նաեւ «Արմէնպրես»-ը.
«Ֆրանսիայի Դուրդան քաղաքում հոկտեմբերի 3-ին կայացել է Նապոլէոն Բոնապարտի թիկնապահ, հայազգի մամլուք Ռուստամ Ռազայի յիշատակին նուիրուած միջոցառում: Ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը` ֆրանսահայ նախկին ռազմիկների եւ դիմադրողականների միութեան նախաձեռնությամբ յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութեանը մասնակցել են Դուրդանի քաղաքապետ Օլիվիէ Լըգուան, տեղական կառավարման մարմինների ներկայացուցիչներ, ֆրանսիացի եւ ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներ, հայ հոգեւոր սպասաւորներ եւ այլ հրաւիրեալներ: Միջոցառմանը ներկայ են եղել նաեւ Ֆրանսիայում ՀՀ դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ Գարեգին Մարգարեանը եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ: Ներկաները ծաղկեպսակներ են զետեղել Դուրդանի գերեզմանատանը գտնուող Ռուստամ Ռազայի շիրմաքարին, այնուհետեւ հնչել են Ֆրանսիայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգերը»:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Բառացի կը նշանակէ սեփականութիւն: Զինուորական դաս Հին Եգիպտոսի մէջ, որ կը բաղկանար քրիստոնեաներէ խլուած ու իբրեւ իսլամ կրթուած ու մարզուած զինուոներէ եւ անոնց սերունդ-ներէն: Համազօրն է թրքական «ենիչերի»-ներուն:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Ժան Տէր Գէորգեան. «ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ»-ն ու անմոռ յուշեր
Հետաքրքրական է այս գրութեանս պատմութիւնը, որովհետեւ 2023 փետրուարին, Տաուտիէի մասին պատրաստած հաղորդումս ու տեսագրութիւնը, անցեալ ամսուան մէջ, երբ Վազգէն Քէլխաչերեան կ’այցելէ Ժան Տէր Գէորգեանին՝ իր բջիջայինով անոր ցոյց կու տայ յիշեալ տեսագրութիւնը, եւ Ժան Տէր Գէորգեան, որ Տաուտիէ ծնած է, դիտելով Տաուտիէի մասին տեսագրութիւնը՝ գոհունակութեամբ շնորհակալ կ’ըլլայ, որ այս հաղորդումն ու տեսագրութիւնը պատրաստած եմ: Վազգէն Քէլխաչերեան whatsApp-ով զիս տեղեակ պահեց իր հանդիպիպումին եւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին: Իրա՛ւ որ ուրախացայ. անմիջապէս հեռաձայնեցի Վազգէնին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու: Զրոյցին ընթացքին, Վազգէնէն խնդրեցի, որ իր յաջորդ այցելութեան տեղեկութիւններ քաղէ Ժան Տէր Գէորգեանի մասին՝ անոր կենսագրութեան առնչուող հարցումներ ուղարկելով: Սիրայօժար, Վազգէն ճիգ չխնայեց եւ Ժան Տէր Գէորգեանին այցելութիւններ տալով քաղեց այն ինչ որ կարելի էր նօթագրել՝ նկատի ունենալով Ժան Տէր Գէորգեանի յիշելու դժուարութիւնը՝ մոռացկոտութիւնը: Բայց տեսէք ինչ պատահեցաւ: Նախ աննկատ, բայց երբ Վագգէն կը բացատրէ Ժանին, որ Շաքէ Մանկասարեանը նպատակ ունի յօդուած մը գրելու իր մասին, այդ միջոցին, Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ ու կ’ըսէ. «ինծի ծանօթ է այս անուն-մականունը, ո՞ւր կարդացած եմ» կը մտմտայ ու ահա կը պատահի անակնկալը. գրադարանէն կը բերէ Գէորգ Պետիկեանի գիրքը՝ ԲԱՐԵՒ ՀԱԼԷՊ, հրատարակուած 2007-ին, Համազգայինի Սուրիոյ Վարչութեան հրատարակութեամբ, ուր գրուած է մեկենասներ Շաքէ Մանկասարեան եւ Մարք Կրոկըն…: Ժան հարց կու տայ Վազգէնին, թէ նո՞յն Շաքէն է, որ իմ մասիս պիտի գրէ: Այո՜..
Ժան Տէր Գէորգեան զաւակն է ծագումով Այնթապցի Նազարէթ Տէր Գէորգեանի եւ Ալիս Նալպանտեանի: Հայրը՝ Նազարէթ իր մօր հետ գաղթած է Այնթապէն Հալէպ, 1920-ին:
1931-ին, Նազարէթ Տէր Գէորգեան կ’ամուսնանայ Ալիս Նալպանտեանի հետ: 1936-ին, բնակութիւն կը հաստատեն Տաուիտիէ արուարձանը, ուր Վարդանեան վարժարանին եւ հոգաբարձութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Նազարէթ Տէր Գէորգեան, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն Ս.Վարդան եկեղեցւոյ խնամակալութեան: Նազարէթ եւ Ալիս կը բախտաւորուին 7 զաւակներով՝ 5 մանչ եւ 2 աղջիկ: Ժան չորրորդ զաւակն է: Նազարէթ հմուտ ձուլագործ էր:

Ժան Տէր Գէորգեան ծնած է 1938-ին, Հալէպ, Տաուտիէ արուարձան: Ուսումը ստացած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1950-1951 տարեշրջանին՝ գնահատելի յաջողութեամբ: Հակառակ իր ջերմ ցանկութեան, ան հնարաւորութիւն չէ ունեցած ուսումը շարունակելու եւ նետուած է կեանքի ասպարէզ ու դարձած՝ առեւտրական: Ինքնաշարժերու ռատիո-ժապաւէնի նորոգութեան եւ վաճառքի ասպարէզին մէջ հմտանալով, իր սեփական գործատեղին հիմնած է 1960-ին եւ նոյն ասպարէզին մէջ աշխատած մինչեւ 1999:
Ան կանուխէն իր ներդրումը ունեցած է ազգային–հասարակական կեանքին մէջ։ Եղած է Ն.Ս.Մ.Մ.–ի վարչութեան անդամ 1962–1966, Հ.Մ.Մ.–ի վարչութեան ատենապետ՝ 1967–1971 եւ Ֆութպոլի Պետական համադաշնակցութեան անդամ: Ան մաս կազմած է Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Վարիչ Մարմնին, 1967-1971։
Մարզական կեանք
1960-1970 տարիներուն, Ժան Տէր Գէորգեան ատենապետն էր Հալէպի Հ.Մ.Մ. ակումբին: Տեղին է նշել, որ Ժան եղած է միակ հայ անդամը Հալէպի ֆութպոլի Ֆետերասիոնին 1961-1969 տարիներուն եւ Հալէպի ֆութպոլի հաւաքական խումբերուն: 60-70-ական թուականներուն, ան Լիբանան հրատարակուող «Արարատ» թերթի մարզական բաժնի թղթակիցն էր Հալէպի մէջ:
Ժան ուրախութեամբ կը վերյիշէ այդ տարիները ու կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի ֆետերասիոնին հետ համատեղ ջանքերով կը հրաւիրեն Արարատ խումբը: Հ.Մ.Ը.Մ-ի օրուան վարչութիւնը ընթրիքի երեկոյ մը կը սարքէ ի պատիւ «Արարատ» խումբին: Ժան կը պատմէ, թէ հրաւիրած են նաեւ Հայաստանի պասքէթպոլի խումբը, որ հանդիպումներ կ’ունենայ Հալէպի պասքէթպոլի հաւաքականին հետ, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ-ի եւ Հ.Մ.Մ խումբերուն հետ: :
Առ ի հետաքրքրութիւն «ԱՐԱՐԱՏ» խումբին մասին, հոս նշեմ, որ պեղումներուս շնորհիւ, «Ազդակ» օրաթերթի 24 դեկտեմբեր 1964-ի թիւէն (էջ 2) քաղած տեղեկութեանս համաձայն, 1964-ին, Հայաստանի Ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ» խումբը իր շրջապտոյտը աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ՝ կ’անցնի Դամասկոս, ապա Հալէպի մէջ կ’ունենայ երեք հանդիպում:
Ա. հանդիպում՝ Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Բ. հանդիպում՝ Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ, Գ. հանդիպում՝ Արարատ ընդդէմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի:
Ա. հանդիպում. կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի կ’ունենայ հանդիպումը «Արարատ»-ի եւ Հալէպի Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբերուն միջեւ, իրաւարարութեամբ պրն. Տէշշէնի: Մրցումը վերջ կը գտնէ 2-1, ի նպաստ Հայաստանի ախոյանին:
Բ. հանդիպում . չորեքշաբթի 16 դեկտեմբերին տեղի կ’ունենայ Արարատ – Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Մ.Մ.-Ահլի խառն խումբին դէմ մրցումը, կ’աւարտի 2-1, դարձեալ ի նպաստ Արարատին:
Գ. հանդիպում . կիրակի, 20 դեկտեմբերին նոյնպէս Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, շուրջ 20.000 հոգիի ներկայութեան տեղի կ’ունենայ «Արարատ» – Հ.Մ.Ը.Մ. հանդիպումը, բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ն.Վ. զօրավար Մամտուհ Էլ Ճապիի: Խաղը վերջ կը գտնէ 2-1, դարձեալ ի նպաստ «Արարատ»ի (Ազդակի Թղթակից, Հալէպ, Ճանօ):

60-ական թուականներու ֆութպոլի մարզիկներէն կը յիշէ Անդրանիկ Մալեան (Հ.Մ.Ը.Մ. –ի եւ Հալէպի հաւաքականէն), Աւետիս Գաւլաքեան (Վասպուրական եւ Հալէպի հաւաքականէն), Միհրան Կոստանեան ( Հ.Մ.Մ.), Հալէպի հաւաքականէն Ապտել Քատեր Մճուեզ եւ եղբայրը՝ իրաւարար Մուսթաֆա Մճուեզ:
60-ականներուն Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան ակումբը նախ գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ. ակումբի դէմի թաղը, Թիլել փողոց: 70-ականներուն սկիզբը, ակումբը տեղափոխուած է կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանի դէմի շէնքը, Թիլել փողոց: Ներկայիս, Հ.Մ.Մ.-ի եւ Ն.Ս.Մ.Մ. ակումբը կը գտնուի Ազիզէի շրջանը:
Ժան Տէր Գէորգեան կը յիշէ նաեւ տաներէց քահանաները՝ Տէր Շահէ քնհյ. Մասոյեանը, Տէր Հայկազ քնհյ. Մասոյեանը, Տէր Գառնիկ քնհյ. Չափանեանը: Նաեւ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդները՝ Գերշ. Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեանը (1968-1977), Սուրէն Սրբազան Քաթարոյեանը (1977-2004):
Ժան Տէր Գէորգեան ուրախութեամբ կը յիշէ նաեւ իր բնակարանին մէջ հանդիպումը լիբանանահայ հանրայայտ մտաւորական, գրագէտ ու գրականագէտ Պէպօ Սիմոնեանի ու անոր կնոջ գրող Ազատուհի Սիմոնեանի հետ, ներկայութեամբ՝ իր դրացիներէն Պատուելի Պարգեւ Աբարթեանի ու անոր կնոջ՝ դաշնակահարուհի Սիւզանին: Այս հանդիպումին մասին խօսեցաւ նաեւ տիկ. Ազատուհի Սիմոնեան ինծի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Թատերական կեանք
Ժան Տէր Գէորգեան 70-ական թուականներուն մաս կազմած է 1923-ին հիմնուած Հալէպի «Անդրանիկ» թատերախումբին՝ ստանձնելով պատասխանատու դերեր, մասնաւորաբար Համլէթ, Օթելլո, Վերաքննիչ եւ Վարդանանք թատերախաղերուն մէջ: Տարիներ շարունակ ստանձնած է Վարդան Մամիկոնեանի դերը «Վարդանանք» թատերախաղի մէջ, զոր բեմադրիչ Աւետիս Էքմէքճեան կոչած էր «Ազգային Պատարագ»: Նոյն ներկայացումին մէջ դերեր վերցուցած են նաեւ Ճորճ Թիւֆէնքճեան, Աւետիս Էքմէքճեան, Ղեւոնդ Գաւլաքեան, Արա Տէմիրճեան, Զաւէն Հաճեան, Յարութիւն Գարամանուկեան՝ Յազկերտի դերով, Դանիէլ Գարամանուկեան՝ Յովսէփ կաթողիկոսի դերով, կը նշէ Ժան Տէր Գէորգեան:
Ժան Տէր Գէորգեան եղած է ընթերցասէր ու կը շարունակէ կարդալ: 1960-ականներուն, Հալէպի, Թիլելի վրայ գտնուող «Հոգետուն»-ի մուտքէն դէպի բակի աջ կողմի աստիճաններով տասնեակ անգամներ բարձրացած է Հ.Մ.Ը.Մ-ի «Քրիստափոր Գրադարան» ու փոխ առնելով կարդացած է գրադարանին գիրքերուն մեծ մասը: Ժան ո՛չ միայն անյագօրէն կարդացած է գիրքեր, այլեւ գիրքեր գնելով ու երբեմն ալ նուէր ստանալով պահած է իր շատ սիրելի գրադարանին մէջ: Եւ ահա՛ վաստակաշատ գրող Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» գիրքը նուէր ստանալու Ժանին պատմութիւնը:
Գէորգ Պետիկեանի սրտակից ընկեր-բարեկամ հանգուցեալ Տիգրան Թիւֆէնքճեանի կինը Սոնան, որ Ժան Տէր Գէորգեանի ազգականն է, հեղինակ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ», «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն է» գիրքերը բերած է Ժանին եւ խոստացած միւս գիրքերն ալ բերել:
Ժան Տէր Գէորգեան բազմաթիւ առիթներով հրաւիրուած է հայրենիք եւ մեծապէս նպաստած սփիւռք-հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման: Այդ տարիներուն, հանդիպումներ ունեցած է հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապերու նախագահութեան անդամ ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանի հետ (ծնած Վան, 1909 –մահացած Երեւան, 2008՝ 98 տարեկանին):
1970-ին, Հայաստան տարած է RUBY էսթրատային ճազ նուագախումբը, որ 9 ելոյթներով հանդէս եկած է Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ եւ ամէն անգամ ալ լեփ-լեցուն՝ ոգեւորելով Հալէպէն եւ յատկապէս Տաուտիէն ներգաղթած հայերը: Նուագախումբը հանդէս եկած է նաեւ Գիւմրիի մէջ (Լենինական այդ օրերուն): Այդ ելոյթներուն խօսնակը եղած է Ժան Տէր Գէորգեան: RUBY ճազ նուագախումբին ղեկավարն էր յայտնի ջութակահար Սուրէն Գահուէճեան (ծնեալ՝ Հալէպ, 1923 -մահացած՝ Լոս Անճելըս, 2016), անդամներ՝ Ճազմէն եւ երգիչ Մարտօ ու դաշնակահար Սագօ Սրապոնեան: Սուրէն Գահուէճեանի ջութակի դասընթացքին հետեւած է Վազգէն Քէլխաչերեան, 1968-ին:
Ժան Տէր Գէորգեան ամուսնացած է Սոնա Պէրպէրեանին հետ, 1971-ին: Բախտաւորուած են երկու դուստրով՝ Ալինա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքը: 1995-1996 տարեշրջանին, Ալինա դասաւանդած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ: Ալինա ամուսնացած է Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս.Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ խմբավար, երաժիշտ ու երգեհոնահար՝ Բրշ. Կարօ Կիսրկ. Պարտաքճեանի հետ եւ կը պաշտօնավարէ Աթէնքի Սոֆի Յակոբեան վարժարանին մէջ, որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութիւն ուսուցչուհի: Ունին 2 զաւակ, Սուլա՝ քիմիագէտ եւ Ժանօ՝ տնտեսագէտ: Կասիա Տէր Գէորգեան, որ աւարտած է Հալէպի պետական համալսարանի Ճարտարապետական բաժինը եւ համալսարանական 4 տարիներուն արժանացած է Սուրիոյ հանրապետութեան նախկին նախագահի ողբացեալ զաւկին՝ Պէսէլ Ասատի անուան բարձր մրցանակին: Կասիա ամուսնացած է մանկաբարձ, կանանց վիրաբոյժ Մելքոն Գալայճեանի հետ եւ ունին 2 զաւակ՝ ճարտարապետ Կարին եւ ատամնաբոյժ Ճորճ:
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
«Արարատ» օրաթերթը եւ ասմունքի արուեստը Անիին հետ
Մեր այսօրուան podcast-ին հիւրն է «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն եւ հանրածանօթ ասմունքող Անի Եփրեմեանը: Անիին հետ կը քննարկենք հիմնական երկու կարեւոր ու հետաքրքրական նիւթեր. նախ՝ «Արարատ» օրաթերթը տպագիր տարբերակէն թուայնացած օրինակի վերածելու որոշումը, ապա կը ներկայացնենք Անի Եփրեմեան արուեստագէտը: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Հայ ժողովուրդը պատրաստ չէ խաղաղութեան
Ենթադրենք որ հրաշքով մը Հայաստան առնուազն ժամանակաւորապէս փրկուեցաւ զինուորական վտանգի տակ ապրելու իր դարաւոր անէծքէն ու առկախուեցաւ անոր սթրեսային առօրեան: Վերջապէս ժամանեց խաղաղութիւնը: Այլեւս գոյութիւն չունի սահմաններու ու հողերու որեւէ տագնապ, ու վերջապէս Հայաստանի համար կարելիութիւն կը ստեղծուի խաղաղ ապրելու:
Ուրկէ՞ պիտի սկսինք:
Վստահ չեմ, որ մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան: Մենք այնքա՛ն երկար պատերազմի հոտ շնչած ենք, որ նոյնիսկ վարդերը մեզի համար վառօդ կը բուրեն, իսկ կակաչները կը նոյնանան արեան հետ: Մենք պատրաստ չենք խաղաղութեան` այն առումով, որ եթէ վաղը յանկարծ խաղաղութիւն հաստատուի, կրնայ պատահիլ, որ մենք արագօրէն փուլ գանք՝ աւելի արագ, քան պատերազմներու ժամանակ: Որքան ալ անտրամաբանական հնչեն այս բոլորը, բայց խաղաղութիւնն ալ իր վտանգները ունի, այնպէս ինչպէս ազատութիւնը, անիշխանութիւնը եւ որեւէ բացարձակ երեւոյթ: Հանրապետութեան գոյութեան երեք տասնամեակները զուգահեռ ընթացան Արցախի համար մղուած պայքարով ու Արցախի անունով կատարուած գռեհիկ ոճիրներով: Հիմա ալ խեղդող ու ճնշող ազդեցութիւն ունեցող սահմանազատման գործընթացն է, որ կրկին կ’ընկալուի հակադիր ծայրայեղականութեամբ` դրախտային խաղաղութիւն կամ դժոխային տանջանք համեմատութիւններով:
Բայց եթէ կէս-խաղաղութիւն, կէս-պատերազմ իրավիճակին մէջ, մենք ընդհանուր թշնամիին եւ ընդհանուր վտանգին դէմ առնուազն բնազդային մակարդակով ու ենթագիտակցական մօտեցումներով համախմբուեցանք (շատ խաբուսիկ բառ մը, որուն պէտք է վերապահութեամբ մօտենալ), ապա խաղաղութեան պարագային, մենք իրարու հետ ըլլալու եւ հայկականը պահելու առիթ ընդհանրապէս չունինք:
Մեր քաղաքական ու հասարակական միտքը շատոնց պետականութիւն չի շնչեր: Մենք միայն դադարներ կու տանք ճակատամարտերու միջեւ, իսկ պատերազմը անվերջ կը թուի: Մեր քաղաքական միտքը մնայուն փրկութեան դուռ փնտռելու ու չկործանուելու մղումներ որդեգրած է: Հայերը պարզապէս չեն գիտեր, թէ արդեօ՞ք գոյութիւն ունի աշխարհի ու կեանքի մէջ այնպիսի տարածք ու ժամանակ, երբ պատերազմ չկայ, երբ կոտորած չկայ ու փրկութիւն փնտռելու պատճառ նաեւ չկայ: Արդեօք մենք «ազգ-բանակ» ըսուածը պիտի շարունակե՞նք պահել: Եթէ այո՛, ապա որո՞ւ դէմ, եթէ ո՛չ, ապա ինչո՞վ պիտի փոխարինենք զայն:
Մենք նոյնիսկ կէս-պատերազմ, կէս-խաղաղութիւն վիճակին մէջ, չենք զլացած այլասերելու ու փտածութիւն դրսեւորելու որքան որ կարելի է, ապա ի՞նչ պիտի ընենք խաղաղութեան պարագային: Կը թուի, թէ խաղաղութիւնը այնքա՛ն անիրապաշտ ու անհասանելի երազանք մըն է, որ մենք կը պայքարինք պայքարելու համար: Խաղաղութեան փնտռտուքը դարձած է ուրուականի որս մը, վազք մը ծիածանի ետեւէն, որուն ոչ մէկ ձեւով կարելի է հասնիլ: Անգլիացի գրող Քրիսթոֆըր Փրիսթ իր «Շրջուած աշխարհ» (Inverted World, 1974) գիրքին մէջ կը նկարագրէ հասարակութիւն մը, որուն միակ նպատակը կարելի լաւագոյն, իտէալական կէտին հասնիլն է: Եւ անոնք վիթխարի երկաթուղիներու վրայ դրուած իրենց քաղաքը անվերջ առաջ կը շարժեն, որ հասնին այդ իտէալական կէտին, եւ որքան արագ կը շարժեն քաղաքը, այնքան աւելի անհասանելի կը դառնայ այդ իտէալական կէտը: Ի վերջոյ հասկնալի կը դառնայ, թէ ան պայքար է պայքարի համար, որ վերջակէտ չունի: Բայց խելագարած այդ վազքը դադրեցնելը կարելի չէ, ուրեմն պիտի վազես, մինչեւ շունչդ փչելը, որովհետեւ վազելէն բացի, ուրիշ բան չես գիտեր: 1994-ին, Robert Zemeckis իր «Ֆորեսթ Կամփ» (Forrest Gump) ֆիլմին մէջ լաւապէս ցոյց կու տայ այդ իրավիճակը, երբ կը վազես վազելու սիրոյն:
Ցաւալի է, բայց մինչեւ հիմա մեզ քիչ թէ շատ սթափ պահած է վտանգի զգացումը: Իսկ խաղաղութիւնը շատ իւղոտ ուտելիք է մեզի համար:
Օրինակ, ի՞նչ պիտի առաջադրեն, ինչպէ՞ս պիտի ապրին քաղաքական կուսակցութիւնները: Ի տարբերութիւն Եւրոպայի, ուր կուսակցութիւններ յառաջացան որպէս ընկերային սկզբունքներ առաջադրող երեւոյթներ, հայ իրականութեան մէջ երեք կուսակցութիւններն ալ ստեղծուեցան հայ ժողովուրդի փրկութեան համար՝ թէեւ միահիւսուած ընկերային գաղափարներով: Ու 1991-ին ալ հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն խօսոյթը Հայ Դատն էր, Թուրքիա-Ազրպէյճան, պատերազմ եւ այլն: Կուսակցութիւնները ի՞նչ պիտի առաջադրեն երբ խաղաղութիւն ըլլայ: Հայոց պետութիւնը ի՞նչ նպատակներով ու առաջնահերթութիւններով պիտի ապրի, եթէ ստիպուած չըլլայ ամենօրեայ մաքառումներով զբաղիլ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային, պետական հայեցակարգը: Ի՞նչ պիտի առաջարկենք աշխարհին, ի՞նչ պիտի պահանջենք աշխարհէն, ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւններ պիտի մշակենք ուրիշներու հետ: Ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ մեր գրականութիւնն ու արուեստը, եթէ անկէ դուրս գայ պատերազմական ու հայրենակործան երանգը: Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր տեղը աշխարհի մէջ: Արդեօ՞ք այդ խաղաղութիւնը պիտի չարագացնէ մեր կազմակերպական ճգնաժամը: Ի դէպ, ոչ այնքան անծանօթ տեսակէտ մը գոյութիւն ունի, որ Խորհրդային միութիւնը կարողացաւ դիմանալ ու շուտ չփլուզուիլ այն պատճառով, որ երկրորդ աշխարհամարտին ստիպուած էր համախմբել իր ուժերը՝ չմեռնելու համար, իսկ յաղթանակը անոր կեանքին նոր փայլք տուաւ: Բայց Խորհրդային միութիւնը կործանեցաւ խաղաղութեան ժամանակ, ոչ թէ պատերազմի: Կործանեցաւ՝ թէեւ ունէր աշխարհի մեծագոյն զինանոցը, մեծագոյն բանակներէն մէկը, ամենամեծ տարածութիւնը, ահագին հարստութիւններ: Բայց կործանեցաւ, որովհետեւ ներքուստ դատարկ էր: Գուցէ նաեւ մենք:
Համաձայն եմ, որ որոշ առումով, այս բոլորը կրնան անհեթեթ թուիլ, արծարծուած հարցերը` եւս: Բայց նայէցէք մեր իրականութեան: Արդեօ՞ք ան ամբողջովին հասկնալի ու տրամաբանական է: Արդեօ՞ք այն բոլորը, զորս կատարած ենք մինչեւ հիմա լրիւ արդարացուած եղած են ու գիտակցուած անհրաժեշտութեամբ: Մենք, որ չենք հասկցած ո՛չ յաղթանակին ու ո՛չ ալ պարտութեան արժէքը, ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք խաղաղութեան իմաստը:
Մենք պիտի զարգանանա՞նք խաղաղութեան ժամանակ, թէ՞ արմատացած կաշառակերութիւնն ու ու անմակարդակ կենցաղավարութիւնը այլեւս թոյլ պիտի չտան, որ մենք դուրս գանք մեր ներքին այլանդակուած ներաշխարհէն: Թերեւս այդ ժամանակ մենք այլեւս այսքան հայ ըլլալու պահանջ պիտի չունենանք: Երբ վտանգի զգացումը անցնի, թերեւս մենք այլեւս չհասկնանք ալ, թէ ինչը պահենք, իսկ ինչը` ոչ: Չէ որ այդ մէկը գոնէ վերջին երեսուն տարին մենք չհասկցանք: Մենք չենք հասկցած, թէ խաղաղութիւնը մեր ինչին է պէտք, մեզի հաճելի սկսած է թուիլ այս կիսաբանտային ու կիսապատերազմական վիճակը: Եթէ մենք հասկնայինք խաղաղութեան իմաստն ու արժէքը, մենք շատոնց այնպէս կ’ընէինք, որ պատրաստուինք խաղաղութեան: Խաղաղութեան, ոչ թէ զիջումներու ու հող յանձնելու: Մենք նման անամօթութիւն չէինք դրսեւորեր եւ Հանրապետութիւնը չէր փուլ գալ այսօր` պարտուած ու թուլցած: Որովհետեւ կը գիտակցէինք, թէ ինչո՞ւ խաղաղութիւն կը ցանկանք ու ինչ պիտի ընենք խաղաղութեան ժամանակ: Բայց ո՛չ: Մենք մեզի շատ լաւ կը զգանք այս իրավիճակին մէջ: Մենք յարմարած ենք այս վիճակին: Մենք խաղաղութիւն չենք ուզեր, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ան ինչ է: Մեր տեսած միակ խաղաղութիւնը ուրիշին պարտադրած շղթան է. խաղաղութեան հայկական ձեւը գոյութիւն չունի:
Ուրեմն ի՞նչ: Ուրախանա՞նք, որ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ ու մենք դեռ պիտի շարունակենք անվերջ թշնամիներ ընդունիլ ու ճամբել: Որ մենք մի՛շտ պիտի ապրինք զինուորի գիտակցմամբ: Որ մեր հայրենիքը մի՛շտ պիտի գտնուի յարձակման վտանգի տակ, իսկ հայ տղամարդը` զէնքի հետ պիտի քնանայ:
Քաւ լիցի, այս բոլորը որեւէ մէկը իբրեւ ծաղրանք չառնէ կամ զիջումային քողարկուած տրամադրութիւն: Այլ պահանջ մը, որ մենք վաղուընէ առաջ հասկնանք, թէ ո՞վ ենք եւ ի՞նչ կ’ուզենք: Որպէսզի նաեւ մե՛նք պարտադրենք մեր ուզածը թշնամիին, որպեզի ան մեզի համար օրակարգ չթելադրէ, որպէսզի մեր առաքելութիւնը մեր թշնամին չորոշէ, այլ՝ մե՛նք: Մենք մեզի հասկնանք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք եւ ինչպէ՞ս: Որովհետեւ քանի դեռ մենք չենք հասկնար այդ ամենէն կարեւորը, թշնամիները պիտի շարունակեն մեզի համար վաղուան փլանը գծել, թէ որու դէմ պայքարինք ու որքա՛ն: Որ իրենք որոշեն, թէ մենք ե՞րբ կռուինք, ե՞րբ չկռուինք: Ի վերջոյ, հայ ազգը միայն զինուոր չէ: Նաեւ փիլիսոփայ է, գիտնական է ու մշակոյթ: Քաղաքակրթութիւն է հայ ազգը, երեւոյթ է: Եւ այդ բոլորը մենք պիտի չկորսցնենք, որովհետեւ մեր գլխուն, այդ ալ քանի հազար տարիէ ի վեր, տարատեսակ «դամոկլեան սուրեր» կախուած են:
Խաղաղութիւնը զօրաւորին մենաշնորհն է: Դիտեցէք աշխարհը: Զօրաւոր եւ ինքնավստահ երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն կայ: Անոնք կրնան պատերազմիլ, յաղթել, պարտուիլ, բայց ուրիշին հողին վրայ, ուրիշին հաշւոյն, մինչդեռ մենք կը շարունակենք մնալ տարածաշրջանի սուսերամարտիկը (gladiator), որ արդէն քանի մը հազար տարիէ ի վեր անվերջ կը կռուի, թշնամիները կը փոխուին, կռիւը կը մնայ:
Կը մնայ միայն յուսալ, որ ի վերջոյ Հայոց աշխարհին մէջ խաղաղութիւնը կը հաստատուի որպէս հայութեան ձեռքբերում մը ու ոչ թէ օտարի պարտադրանք, որ խաղաղութիւնը կ’ըլլայ կարելիութիւն մը եւ ոչ թէ ակամայ հետեւանք, որ խաղաղութիւնը մենք պիտի նուաճենք, որովհետեւ կը հասկնանք, թէ ինչո՞ւ համար խաղաղութիւն կ’ուզենք եւ ի՞նչ պիտի ընենք խաղաղութեան պարագային: Մենք այդ բոլորը պիտի ընենք վաղուընէ առաջ, ու այսօր պիտի որոշենք, թէ ի՞նչ կ’ուզենք վաղուան համար: Վաղուընէ անդին՝ այլեւս ընելիք չունինք:
Յարակից բովանդակութիւն
Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։
Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։
Հայոց պատմութեան գրեթէ ամէն ինչի՝ քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութեան մէջ մենք ունինք դաւաճանի կերպար մը, ոչ թէ պարզապէս
«Եկո՛ւր սուրճ խմենք»
«Առտուան սուրճը ուրիշ է, մինչեւ չխմեմ՝ աչքերս չեմ կրնար բանալ»: Այս արտայատութիւնը յաճախ կը լսենք: Այդ փոքր գաւաթ մը սուրճին ազդեցութիւնը որքա՛ն մեծ է եղեր, որ առանց անոր մեր աչքերը չենք կրնար բանալ: Միթէ այդ գաւաթ մը սո՞ւրճն է, որ մեր դիմաց նոր հորիզոններ կը բանայ ու կը դառնայ խթանող օրուան մեր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Մոգական այս գաւաթ մը սուրճը մեր օրուան առաջին բարեկամը կը դառնայ, սակայն լուռ բարեկամ մը, որ նախ իր հրապուրիչ բուրմունքով կը սթափեցնէ մեզ գիշերուան երկար հանգիստէ մը ետք, ու կարծես պտըտելով մեր զգայարանքներուն մէջ՝ կը յաջողի սթափեցնել մեզ ու եռանդ փոխադրել մեր երակներուն:
Զարմանալի մեր այս բարեկամը իր առաւօտեան գաղտնիքը կը պարտի իր լռութեան՝ լուռ սակայն լաւ մտիկ ընող, եւ այդ է պատճառը որ դուն ինքդ պէտք է պատրաստես զայն ու հիւրասիրես դուն քեզ, որովհետեւ եթէ ուրիշը բերէ՝ իր հետ պիտի բերէ իր խօսակցութիւնները, ու սուրճը պիտի կորսնցնէ կախարդական անձայն երկխօսութիւն ստեղծող իր յատկութիւնը՝ առօրեայ խթանող խորհուրդը:
Վրայ կը հասնի կէսօրը: Ճաշեն ետք պայման է գաւաթ մը սուրճ խմել, եւ հոս կը բացայայտուի անոր մէկ այլ յատկութիւնը՝ մարսողութիւնը (թերեւս միայն համոզում): Հապա եթէ պատահի, թէ փառաւոր ճաշով մը հիւրասիրուեցար բայց սուրճով չաւարտեցաւ այդ հանդիպումը, անաւարտ կամ թերի կը համարուի այդ սիրալիր հանդիպումը ու այն ատեն կը լսենք. «գաւաթ մը սուրճ ալ չխմեցինք»:
Բարեկամներ մէկտեղելու յատկութիւն ալ ունի սուրճը, երբ հին ու նոր ընկերներ, հարազատներ ու նաեւ դրացիներ քով-քովի կու գան գաւաթ մը սուրճ խմելու, ու սուրճը ըմպելէ, ետք հոն ծայր կ’առնեն կարօտալի տրամադրութիւններ, հաճելի խօսակցութիւններ ու յիշատակներ (քաղաքական մեկնաբանութիւններն ու բամբասանքները զանց կ’առնենք առայժմ):
Մանկութեան ու պատանեկութեան օրերէս միշտ ալ կը լսէի մօրս մէկ հռչակաւոր արտայատութիւնը. «դրացուհին գաւաթ մը սուրճի հրաւիրեց զիս, շատ չեմ ուշանար, շուտով կու գամ»: Մենք՝ տնեցիները բոլորս վարժ էինք այս նախադասութեան, իսկ «շուտով կու գամ»ին անմիջական պատասխանը հայրիկս ունէր, երբ ան քմծիծաղով մը կ’ըսէր. «այո՛, շուտով կու գաս»: Մենք լաւ գիտէինք, որ երբ դրացիները մայրիկս գաւաթ մը սուրճի հրաւիրած են, ըսել է հարցը լուրջ է եւ թաղին կամ շէնքին մէջ նորութիւն մը կար: Երբ բաւական չափահաս եղանք, մայրիկս իր խօսքը չաւարտած, մենք կը պատասխանէինք հօրս տեղը ու կը խնդայինք:
Հետաքրքրական էր դրացիներու կամ կիներու այս հաւաքը գաւաթ մը սուրճի շուրջ, որ երեք փուլերէ կը բաղկանար. նախ՝ քանի մը հոգի սպասել, իրարու բարեւել ու որպիսութիւն հարցնել, ապա սուրճի պատրաստութիւնն ու խմելու արարողութիւնը, իսկ հիմնականը՝ «գաւաթի նայիլ»ն է. բախտագուշակութիւններ կամ ապագան կարդալ: Գաւաթին մէջ սուրճի հետքերով գծուած պատկերաւոր տարօրինակ ձեւերը յաճախ կը նմանցուէին անասուններու, առարկաներու, կէտերու, որոնք կը մեկնաբանուէին թիւերով, գիծերով ու ճամբաներով՝ երկար ու կարճ:
Մեր դրացիները անհամբեր կը սպասէին այդ կնոջ, որ գաւաթ կարդալու «հիւնէր» ունէր, որպէս նախագահ դրացիներու այս հաւաքոյթին: Զինք կը նստեցնէին հւրասենեակին մէջտեղ եւ իւրաքանչիւր կին աշակերտի մը պէս կարմրելով կը մօտենար ու իր գաւաթը կ’երկարէր անոր: Անոր բերնէն կախուած՝ կը սպասէին լուրերու տարափին (ընդհանրապէս բարի), ապա մերթ ընդ մերթ չորս կողմ կը նայէին ստուգելու, թէ բոլոր ներկաները ականջալո՞ւր էին պատմութեան: Եթէ մէկը ճամբորդ ունէր, անպայման անոր գաւաթին մէջ երկար ճամբայ մը պիտի ելլէր, իսկ եթէ անգործ էր, դռներ պիտի ելլէին, եթէ ամուրի զաւակներ ունէր՝ մատանի ու սեղան. իւրաքանչիւրը իր փափաքին համեմատ: Բայց երբեմն գաւաթին մէջ սուրճի հաւաքուած գունդերը չարագուշակ կ’ըլլային, այդ պարագային, «մասնագէտ կարդացողը» կը դիմէր դիւանագիտութեան ու կ’ըսէր. «սուրճը լաւ չէ խառնուած»: Յանցաաւորը կ’ըլլար սուրճը: Անոնք լաւ կը ճանչնային զիրար, ի վերջոյ դրացիներ էին, ոչ այսօրուան դրացիները, այլ հարազատ հայ դրացիներ:
Ամենէն հետաքրքրականը այն էր, թէ մէկ ժամ յետոյ, բոլորն ալ մոռցած կ’ըլլային իրենց սուրճի գաւաթին պատմութիւնը:
Վա՜յ այս սուրճը, այս ամենակարող ու ամենագէտ սուրճը: Ես ալ իմ կարգիս, իբրեւ հետաքրքիր պատանի, սուրճի գաւաթները լուալու պահուս մէկիկ-մէկիկ կը զննէի սուրճի գաւաթները ու փորձ կը կատարէի հասկնալու հոն պահուած պատմութիւնը, բայց ապարդիւն…
Գաւաթ կարդալը մասնագիտութիւն է… Նաեւ՝ արուե՞ստ…
Այսօր, երբ կը յիշեմ այս բոլորը, այդ մասնագէտ կիները կը նմանցնեմ արուեստագէտներու, որոնք իրենց լայն երեւակայութեամբ սուրճի հետքերուն մէջ կեանք կը դնէին եւ իմաստ կու տային անոնց: Կը մնար մտիկ ընել կամ ոչ, հաւատալ թէ ոչ:
Իբրեւ արեւելքցի ժողովուրդ, մենք սուրճը մէկ մասը դարձուցած ենք մեր սովորութիւններուն եւ ամենուրէք կը փնտռենք զայն, մանաւանդ՝ հւրասիրուիլը. «եկէ՛ք սրճենք»:
Արեւելքցիի ջերմութեան ու մտերմութեան խորհրդանիշ դարձած է ան:
Պահե՛նք ու չմոչնա՛նք յաճախ յիշեցնել. «հրամմեցէ՛ք սուրճի», «եկո՛ւր սուրճ խմենք»:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Հանդիպում երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանի հետ
Այսօրուան Podcast-ի մեր հիւրն է բազմատաղանդ երիտասարդ մը՝ Սէրուժ Պաղտասարեանը: Սէրուժը ծանօթ է իր երաժշտական մշակումներով, ինչպէս նաեւ՝ կայքէջերու ստեղծման մասնագիտութեանբ: Սէրուժը, որ արուետի աշխարհին մէջ ծանօթ է նաեւ C-rouge անունով, ուրոյն ճամբայ մը բացած է երաժշտական արտադրութեան աշխարհին մէջ: Սէրուժին հետ կը խօսինք կայքէջերու մշակման իր մասնագիտութեան մասին, բայց աւելի կը լսենք զինք իբրեւ երաժիշտ ու երաժշտութիւն մշակող:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Հայ որբերու եւ որբախնամի պատմութիւնը Լիբանանի մէջ
Այսօրուան մեր podcast-ին հիւրն է ցեղասպանութենէն վերապրած հայ որբերու պատմութեան մասին փաստաթուղթեր ու նկարներ հաւաքող եւ ուսումնասիրող Կարօ Տէրունեանը: Կարոյին հետ կը խօսինք իր աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս հայկական ժառանգութեան ու հայկական յիշողութեան պահպանման կարեւորութեան մասին: Նշենք, որ Կարոն եղած է նաեւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու Ժիպէյլի «Արամ Պեզիքեան» թանգարանի հիմնադիր յանձնախումբի անդամներէն մէկը: Զրոյցը կը վարէ Վարուժ Թէնպէլեան:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Արցախի պաշարումը ցեղասպանութիւն էր, կ’ըսէ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով, այս օրերուն Լիբանան կը գտնուի Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ (2003 – 2012) Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, որ ուրբաթ, 19 ապրիլի երեկոյան, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ ընդհանրապէս Միջազգային քրէական դատարանի աշխատանքներուն, Արցախ հարցին, Հայաստանի նկատմամբ Ալիեւի ներկայացուցած ցեղասպանական մնայուն վտանգին մասին, մասնաւորաբար կեդրոնանալով, թէ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագրի որդեգրումէն (9 դեկտեմբեր 1948) աւելի քան 75 տարի ետք, ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը ձախողած է արձագանգելու անոր հրամայականներուն:
Այս առիթով, կը վերահրատարակենք Արցախի պաշարման մասին Օքամպոյի՝ օգոստոս 2023-ին հրապարակած զեկոյց-տեղեկագրին մեր անդրադարձը՝ 4 հոկտեմբեր 2023-ին:
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, 7 օգոստոս 2023-ին հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անունումը) շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» է: Այսինքն՝ գրեթէ մէկ ամիս առաջ կատարուած դաւադրական յարձակումէն եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութենէն, Ալիեւ եւ Ազրպէյճան արդէն կը գտնուէին ցեղասպանական արարքի մէջ, ենթակայ՝ դատի եւ վճիռի:
Այս զեկոյց-տեղեկագիրը կը խորանայ պատմական կնճռոտ հարցերու, իրաւական քայլերու, միջազգային կառոյցներու արտայայտած մտահոգութիւններուն եւ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի փակման ու Արցախի շրջափակման պայմաններուն՝ ի վերջոյ յանգելու այն հարցադրում-հաստատումին, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանական արա՞րք մը չէ արդեօք:
Տեղեկագիր-փաստաթուղթը հիմնուելով պատմական տուեալներու, իրաւական հիմքերու եւ միջազգային նախընթացներու վրայ` կը յանգի համոզիչ ու փաստարուած եզրակացութեան մը, թէ առարկայական ու ենթակայական բոլոր տուեալները առկայ են Արցախի շրջափակումը որակելու ցեղասպանութիւն: Տեղեկագիրը յղումներ կը կատարէ նաեւ միջազգային օրէնսգիտութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եզրակացութիւններուն՝ Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բացած դատին, որուն վճիչռը կը պահանջէր Լաչինի (Բերձոր) անցքին անյապաղ վերաբացումը:
Ի լրումն ցեղասպանութեան առարկայական եւ ենթակայական տարրերու վերլուծութեան, տեղեկագիրը կ’ուսումնասիրէ Ալիեւի մտադրութիւնները` ուշադրութիւն հրաւիրելով անոր արարքներուն, յայտարարութիւններու եւ միջազգային իրաւական կանոններու խախտումներուն՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանական մտադրութիւն դրսեւորող վարքագիծ մը:
Այս տեղեկագիրը կ’անդրադառնայ նաեւ շրջափակման մասնակից հաւանական մեղսակիցներուն եւ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ նախագահ Ալիեւը դատական հետապնդումի ենթարկելու կարելիութեան, անշուշտ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդը նման որոշում ընդունի:
Ինչպէս նշեցինք, այս տեղեկագիրը հրապարակուած է շուրջ ամիս մը առաջ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութենէն:
Արդարեւ, տեղեկագիրը կ’ընդգծէ կանխարգիլման հրատապութիւնը` կոչ ընելով ազդեցիկ երկրիներուն եւ հայկական սփիւռքին արագ գործելու եւ դադարեցնելու աւերումը Արցախի եւ տառապանքները անոր բնակիչներուն: Ան կ’ընդգծէ նաեւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին վերաբացման եւ մինչեւ 2025-ի մայիսը, այսինքն՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան աւարտը, տարածքային պահանջներու լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հետագայ բռնութիւնները եւ մարդկային կորուստները կանխելու նպատակով: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ բնականաբար չէր կրնար պատկերացնել, թէ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը պիտի աւարտէր շուտով (անծանօթ-ծանօթ պատճառներով) եւ բռնութիւններ ու մարդկային կորուստներ պիտի արձանագրուէին…
Արցախը պիտի բռնագրաւուէր եւ արցախցիները պիտի տարագրուէին…
Այժմ լուսարձակի տակ կ’առնենք տեղեկագրին այն կէտերը, որոնք Ալիեւը կ’ամբաստանեն ու կը դատապարտեն իբրեւ ցեղապան:
Ալիեւի մտադրութիւններուն վերլուծումը իբրեւ ցեղասպանական արարքի նախաքայլ՝ ըստ տեղեկագրին
- Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ, որ նախագահ Ալիեւի գիտակցուած, կամաւոր եւ թշնամական որոշումները, որոնք կ’անտեսէին Միջազգային քրական դատարանի որոշումները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերէր Լաչինի անցքի անմիջական վեարբացումին, կ’ենթադրէ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայերը ոչնչացնելու անոր մտադրութիւնը:
- Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւ ի սկզբանէ ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի ինքնավարութիւնը, սակայն հետագային փոխած է այդ դիրքորոշումը` ցոյց տալով տարածաշրջանին մէջ հայերը ոչնչացնելու իր միտումները:
- Ան առիթ տուած քաղաքայիններու խափանելու Լաչինի (Բերձոր) միջանցքը, ապա Հայաստանի հետ սահմանային անցարգել ստեղծած եւ, ի վերջոյ, փակած միջանցքը` ծանօթ ըլլալով հանդերձ հետեւանքներուն, զորս Միջազգային քրէական դատարանը նախազգուշացուցած էր:
Նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւնը 1 օգոստոս 2023-ին
- Տեղեկագիրը կ’ընդգծէ հարցազրոյցի մը մէջ նախագահ Ալիեւի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան կը խոստովանէր, որ շրջափակումը մաս կը կազմէ իր պաշտօնական քաղաքականութեան՝ իբրեւ հիմնաւորում նշելով ապրանքներու ենթադրեալ մաքսանենգութեան պարագաներ:
- Նախագահ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, ըստ տեղեկագրին, կը բացայայտէ անոր ցեղասպանական հաստատ մտադրութիւնը, եւ ան բացայայտօրէն կը մերժէ Միջազգային քրական դատարանի միջանցքը վերաբանալու պարտաւորեցնող որոշումը:
- Տեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւի շարժառիթները պէտք է տարբերել անոր մտադրութենէն, մինչ իր արարքները կը դրսւորեն ցեղասպանական յստակ մտադրութիւն մը:
Մեկնելով այս տուեալներէն, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դասախազը իր տեղեկագրին մէջ կ’առաջադրէ նախագահ Ալիեւը դատի կանչել ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ, որովհետեւ ան կը գտնուի պետական համակարգի մը գլուխը, որ կը հակաշռէ քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական բոլոր որոշումները: Շրջափակումին մանակցած այլ անձեր նոյնպէս կրնան դատի կանչուիլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ:
Տեղեկագիրը կարելի ներբեռնել այս կապով:
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
ՈՒՍՈՒՑԻ՞Չ ես, թէ՞ ուսուցիչ…
Երբ հարց տրուի ուսուցիչի մը, թէ ան գլխագի՞ր ուսուցիչ է, առանց խորը թափանցելու, անոր պատասխանը կ’ըլլայ այո՛: Բայց երբ գրաւոր հարցուի, ան վայրկեան մը կանգ կ’առնէ հարցումին առջեւ ու տարակուսանքով կը մտածէ…
Այսօր ո՞վ է արդեօք ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ եւ ո՞վ է ուսուցիչը:
Նոր ուսուցչութեան ասպարէզ նետուած էի, երբ ինքզինքս գտայ այս հարցումին դիմաց: Առաջին կարդալովս աշակերտի մը նման ըսի՝ անպայման տպագրական սխալ մը կայ, յետոյ շուրջս նայելով տեսայ բոլորը լուրջ-լուրջ կը մտածէին ու այն ատեն մտածեցի. «աս անպայման լուրջ բան մը ըլլալու է: Ապա ճիշդ նոր ուսուցիչի մը խանդավառութեամբ ոտքի ելլելով հարցուցի՝ «ի՞նչ է տարբերութիւնը»: Քովս գտնուող պաշտօնակիցներս, աւելի փորձառու, ըսին «նստէ՛, կը գիտնաս շուտով»: Այդ պահուն, քիչ մը ամօթխած տեղս նստայ, երբ շուրջիններս լուռ ակնարկներով զիս կը դիտէին: Արդեօք յանցանք մը գործա՞ծ էի, չհասկցայ:
Այսօր տարիներ անցած են եւ տակաւին կը մտածեմ այդ հարցումին մասին, թէ ո՞վ է ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ, ո՞վ ուսուցիչը:
Մեզմէ շատերուն երբ հարց տան իրենց մանկութեան յիշատակներուն մասին կամ պատահար մը, զոր մինչեւ այսօր կը յիշենք ու տակաւին թարմ է մեր մտքին ու հոգիին մէջ, պատասխանը կ’ըլլայ «կարծես երէկ էր»: Անմիջապէս կը մտաբերենք դրուագ մը, որ կապուած է դպրոցական օրերու, դասընկերոջ մը կամ շատ անգամ ուսուցիչի մը. մանրամասն կը յիշենք դէպքը, հոն արտասանուած խօսքերը ու անոր ձգած տպաւորութիւնն ու արձագանգը, կրկնելով՝ «կարծես երէկ էր»:
Ուսուցիչները, ուր ալ գտնուին, առաքելութիւն մը ունին կատարելիք: Հայ ուսուցչին դերը, սակայն, կը տարբերի մեր աւանդոյթներն ու մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու պարտաւորութեամբ: Այս դերը մանաւանդ կը շեշտուի, երբ մեր առջեւ նոր մարտահրաւէրները կը ցցուին 21-րդ դարուն, որոնք կը սնուցուին համացանցով, արուեստական բանականութեամբ եւ համաշխարհայնացումով: Ժամանակակից այս սպառնալիքները ճարտարօրէն կը թափանցեն ու կը փորձեն ձեւաւորել մեր նոր սերունդին մտքերն ու աշխարհահայացքը: Երբ մէկ կողմէ հայկական դպրոցներ կը փակուին, իսկ միւս կողմէ մեր զաւակները ոչ հայկական դպրոցներ ուղարկելու միտումը երթալով կը շեշտուի, կարեւոր է իմաստալից ներդրումներ կատարել հայկական դպրոցներու հզօրացման գործին մէջ՝ կարեւորելով մեր գլխագիր ուսուցիչներու արդիւնաւէտ դերակատարութիւնը:
Հայ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ աշակերտներուն կը փոխանցեն մաս մը իրենց անձէն՝ դասաւանդութեան շաղախելով իրենց ինքնութիւնը, համոզումներն ու սկզբունքները, ինքնութիւն մը՝ որ իր կարգին կերտուած է հայկական վարժարաններու մէջ, ձեռամբ նուիրեալ մանկավարժներու եւ դաստիրակող ծնողներու: Գլխաւոր հարցը որ կը ծագի այսօր. որո՞ւ կ’ուզէք յանձնել ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը:
Ուսուցիչներուն համար կարեւոր է իւրաքանչիւր աշակերտ ընկալել իբրեւ եզակի անձ մը, զոր իրեն վստահած են ծնողները, եւ աշակերտները պէտք է իրենց ուսուցիչները ընդունին իբրեւ հարազատ անձնաւորութիւններ: Չմոռնանք գնահատել եւ յարգել կրթութեան սրբութիւնը եւ ուսուցիչին դերը գիտելիքներու եւ մարդկային ու ազգային արժէքներու փոխանցման մէջ: Ուսուցիչ եւ ծնողք պէտք միշտ ի մտի ունենան Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքը. «Սուրբ բանը մի՛ տաք շուներուն, ու ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ, եւ դառնալով չբզքտեն ձեզ» (Մատթէոս 7:6):
Ոչ-հայկական սերտարանի մը մէջ դասաւանդելու ատեն, ես հայ աշակերտները կը ճանչնայի իրենց մականուններով: Իմ մականունս գիտնալէ ետք, անոնք մեծ ոգեւորութեամբ ինծի կը յայտնէին իրենց հայկական ինքնութիւնը: Դասերէն յետոյ, ես յաճախ անոնց կը սորվեցնէի հայերէնով գրել իրենց անունները, նախնական գիտելիք մը, որ ցաւօք զլացուած էր անոնց՝ յաճախելով ոչ-հայկական վարժարաններ:
Հայկական դպրոցներուն մէջ, մենք նաեւ կը սորվեցնենք քննական մտածողութիւն՝ գրական վերլուծումներով, պատմութիւն քննարկելով եւ ուշադիր մտիկ ընելու կարողութիւնները խթանելով: Մանկավարժական ուսումնասիրութիւնները կ’ընդգծեն փաստերու վրայ հիմնուած մօտեցումներու կարեւորութիւնը քննական մտածողութեան հմտութիւններու ուսուցման մէջ: Հայ իրականութեան մէջ, կարեւոր է նաեւ ընդգծել այն մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիան կը գտնուին հայ ուսուցիչները կրթական արդի մեթոտներուն մէջ, երբ կը փորձեն ազգային ինքնութեան եւ մշակութային արժէքներու ուսուցումը համատեղել քննական մտածողութեան հետ:
Նոր չէ քննական մտածողութեան կարեւորութեան նշումը հայ իրականութեան մէջ: Լեւոն Շանթի, Հինդիլեանի եւ Արծրունիի նման հայ մանկավարժներ, գրեթէ մէկ դար առաջ, առաջադրած են քննական մտածողութեան մասին յառաջադէմ գաղափարներ: Իսկ Յակոբ Ա. Եագուպեանի «Քննադատական մտածողութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ» թեմայով հետազօտութիւնը կ’ընդգծէ մերօրեայ ուսուցիչներու կարեւոր դերը քննական մտածողութեան զարգացման մէջ:
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրի մը ընթացքին, ես որոշ ընդդիմութեան հանդիպեցայ, երբ առաջարկեցի պատմական դէպքերու դասաւանդման ժամանակ քննական մտածողութեան կիրարկել: Հակառակ որոշ պաշտօնակիցներու սկզբնական դժգոհութեան, որոնք կը վախնային, որ այս մեթոդները կը խաթարեն հայրենասիրական զգացումները, ես պնդեցի, որ քննական մտածողութեան միջոցով հայրենասիրութեան հիմնաւորուած խթանումը կը հարստացնէ աշակերտներուն ըմբռնումն ու գնահատումը իրենց ժառանգութեան նկատմամբ:
Կրթական մեթոտաբանութիւններու զարգացման զուգահեռ, կարեւոր է ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումները համատեղել աւանդական գիտելիքներուն հետ:
Մեր դպրոցները կը շարունակեն ծաղկիլ շնորհիւ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ տոկունութեան եւ յանձնառութեան՝ ի խնդիր մեր հաւաքական ապագայի կերտումին:
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
«Տեսակ մը թատրոն», տեսակ մը յաջողութիւն եւ տեսակ մը կարծիքներ…
5, 6 եւ 7 ապրիլին, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի բեմին վրայ ներկայացուց փունջ մը կարճ թատերախաղեր՝ թիւով 5, «Տեսակ մը թատրոն» խորագրին տակ, բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Առաջին փիեսը Օ. Հենրիի «Մինչ ինքնաշարժը (կամ կառքը) կը սպասէ» (While the Auto Waits) գործն է, զոր բեմական պատշաճեցումի ենթարկած է Ուոլթըր Ուայքս (Walter Wykes):
Թատերախաղին գործողութիւնը տեղի կ’ունենայ 1920-ականներուն հանրային պարտէզի մը մէկ հանգիստ անկիւնը: Փիեսը աղջկայ մը եւ տղամարդու մը պատահական հանդիպումին մասին է: Աղջիկը, որ երեւութապէս հարուստ միջավայրէ է, կը սկսի զրուցել երիտասարդին հետ, որ իր ըսելով, մօտակայ ճաշարանին հաշուապահն է: Մինչ անոնք կը զրուցեն, աղջիկը դժգոհութիւն կ’արտայայտէ հարստութեան եւ առանձնաշրհումներու մասին եւ աւելի պարզ կեանք ու իրական կապեր կը տենչայ: Սակայն, անոնց երեւութապէս զարգացող կապը անսպասելի ընթացք կ’առնէ, երբ կը ժամանէ մատուցողուհին եւ աղջկան հետ իբրեւ «Mary-Jane Parker» խօսելով, կ’ըսէ, թէ ուշացած է իր մատուցելու աշխատանքին մօտակայ ճաշարանին մէջ: Աղջիկը, շփոթած, կը հերքէ, որ չի ճանչնար մատուցողուհին եւ արագ մը կը հեռանայ: Երիտասարը շուարած ու առանձին՝ կը սկսի մտածել այս surreal հանդիպումին մասին, մինչեւ որ իր կառքին վարիչը զինք կը սթափեցնէ՝ յայտնելով թէ պատրաստ է մեկնելու:
«While the Auto Waits»-ը կը քննարկէ դասակարգային եւ ինքնութեան եւ իրաւ ու իրական յարաբերութեան փնտռտուքի հարցերը: Երկու հակադիր կերպարներու՝ (երեւութապէս) հարուստ երիտասարդ կնոջ եւ (երեւութապէս) աշխատաւոր դասակարգին պատկանող երիտասարդին անակնկալ զարգացող կապին միջոցով փիեսը կը խորանայ անոնց փորձառութիւններուն եւ ձգտումներուն բացայայտ տարբերութիւններու ընդգծումին մէջ: Սկիզբը որպէս առանձնաշնորհեալ եւ քաղքենի ընկալուելով` աղջկան եւ տղամարդուն երկխօսութիւնը կը բացայայտէ իսկական ըլլալու եւ իրական կապի անոնց ընդհանուր կարօտը: Երբ կը բացայայտուի աղջկան ինքնութիւնը` իբրեւ մատուցողուհի, փիեսը հարցականի տակ կ’առնէ ընկերային դասակարգումներու մասին համոզումները եւ ցոյց կու տայ, թէ ինքնութիւնը ինչպէս դիւրութեամբ կը փոխուի: Ի վերջոյ, «While the Auto Waits»-ը լուսարձակի տակ կ’առնէ մարդկային էութեան բարդութիւնները եւ շերտաւորուած հասարակութեան մէջ իսկական, հարազատ, ինքնութեան փնտռտուքը:
Դերակատարներն էին Անի Պարիկեան՝ աղջկան դերով, տղամարդը՝ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, մատուցողուհին՝ Հերմինէ Նիւրբեթլեան եւ վարորդը Հենրի՝ Յովսէփ “Եուսուֆ” Գափլանեան:
Երկրորդ ներկայացուած փիեսը Julianne Homokay-ի «Հարսանեկան պատմութիւնը» (The Wedding Story) կը դրսեւորէ երգիծական ընկալում մը աւանդական հեքիաթներու մասին՝ ներկայացնելով ծիծաղաշարժ եւ քիչ մը ալ անարգական մօտեցում մը ամուսնութեան ըմբռնումին եւ անկէ սպասուող ակնկալութիւններուն նկատմամբ:
Փիեսը կը բացուի հեքիաթասացով մը, որ կը կարդայ հեքիաթային քաղուածքներ՝ ներկայացնելով Հարսնցուն եւ Փեսան որպէս կատարեալ զոյգի մը մարմնացումը: Սակայն, երբ պատմութիւնը կը զարգանայ, Հարսն ու Փեսան կը սկսին միջամտել իրենց սեփական տեսակէտներով ` բացայայտելով հեքիաթային պատումին ետին գտնուող թերութիւններն ու բարդութիւնները: Հարսն ու փեսան հարցականի տակ կ’առնեն հեքիաթասացին փոխանցած իրենց յարաբերութիւններուն իտէալական տարբերակը՝ մատնանշելով պատմուածքին անհամապատասխանութիւնները: Անոնք կը բացայայտեն անհաճոյ ճշմարտութիւններ իրենց անցեալին, յարաբերութեան եւ ամուսնութեան մասին:
Մինչ հեքիաթասացը կը պայքարի պատմութիւնը իր հակակշռին տակ պահելու, Հարսնացուն եւ Փեսան կը խանգարեն հեքիաթային պատումը` պնդելով իրենց կեանքը ներկայացնել աւելի իրապաշտ եւ անկեղծ ձեւով: ի վերջոյ, փիեսը կը շրջէ աւանդական հեքիաթներու վերջաբանները՝ առաջադրելով հեգնական եւ ոչ աւանդական եզրակացութիւն մը, որ կը հակասէ հեքիաթէ մը սպասուած ակնկալութիւններուն:
Իր սրամիտ երկխօսութեան միջոցով, «Հարսանեկան պատմութիւնը» կը ծաղրէ հեքիաթի ժանրը` միաժամանակ քննարկելով թեմաներ՝ սիրոյ, ամուսնութեան եւ ընկերային նորմերուն ենթարկուելու ստիպողութեան առթած ճնշումին մասին: Ան կասկածի տակ կ’առնէ «երջանիկ ապրեցան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը» հասկացութիւնը եւ հանդիսատեսը կը հրաւիրէ կասկածի տակ առնելու սիրային վէպերու մէջ իտէալականացուած պատկերները, որոնք կը գտնուին միայն աւանդական հեքիաթներուն մէջ:
Դերակատարներն էին Սարին Պագգալեան՝ Հարս, Հրանդ Գալեմքերեան՝ Փեսան, եւ Վարդան Ազնաւուրեան՝ հեքիաթասացը:
Երրորդ փիեսը Nick Zagone-ի –The DMV One»ն էր, որ արդարացիօրէն նմանցուած էր լիբանանեան «Նեֆաա»ին: Այս թատերախաղը կատակերգութիւն մըն է, որ տեղի կ’ունենայ ինքնաշարժներու արձանագրութեան բաժանմունքին՝ «Նեֆաա»ի գրասենեակին մէջ: Փիեսը կը հետեւի մարդու մը, որ «Նեֆաա» կ’այցելէ իր վարորդական (քշելու) տետրակը նորոգելու: Ան կը հանդիպիի «Նեֆաա» աշխատող պաշտօնեան կնոջ մը, որ իրեն կու տայ շարք մը անսովոր եւ անձնական հարցումներ, որոնք առնչութիւն չունին քշելու տետրակին հետ: Այս հարցուփորձը կ’առաջնորդէ անոնց միջեւ անսպասելի եւ զաւեշտական կապի մը եւ սիւրռէալ աւարտի մը:
Փիեսը կ’ընդգծէ պիւրոքրաթական գործողութիւններու եւ ընկերային ըմբռնումներու անհեթեթութիւնը` միաժամանակ ուսումնասիրելով սիրոյ, յարաբերութիւններու եւ մարդկային կապակցութեան, մտերմութեան թեմաները: Ան կ’օգտագործէ humor եւ չափազանցութիւն՝ առօրեայ կեանքի երեւոյթներուն վրայ ծիծաղելու՝ զուարճալի մեկնաբանութիւն տալով մարդկային վիճակներու: Չափազանցուած եւ զաւեշտական վիճակներու ստեղծումով, Zagone կը շեղէ հանդիսատեսին ակնկալութիւնները եւ կը քննադատէ ժամանակակից առօրեայ կեանքի անհեթեթութիւնները:
Դերակատարներն էին Դալար Արսլանեան՝ պաշտօնեայ կինը, Ժան Պէքէրէճեան՝ «յաճախորդը» եւ Փաթիլ Գուլաճեան՝ «երկրորդ յաճախորդը»:
Չորրորդ փիեսն էր Greg Vovos-ի “Today’s Special” «Այսօրուան յատուկը». կատակերգութիւն մը՝ ուր Սթեն եւ Վելմա ապիկար զրոյց մը կ’ունենան եւ խոստովանութիւններ կը կատարեն ճաշարանի մը մէջ՝ իրենց առաջին հանդիպումին ընթացքին:
Սթան կ’առաջարկէ գինի ապսպրել, բայց Վելմա կը մերժէ: Սթեն երթալով աւելի իրար կ’անցնի՝ խոստովանելով, որ ամուսնացած է, բայց Վելմայ հետ կը տեսակցի կնոջը առաջարկով: Մինչ անոնք կը քննարկեն իրենց յարաբերութեան իրավիճակը, մատուցողը կ’ընդհատէ «օրուան յատուկ»ը ներկայացնելու: Սթեն աւելի ջղային կը դառնայ:
Հակառակ Սթենի ապիկարութեան, Վելմա կ’որոշէ մնալ ընթրիքի: Անոնք կը քննարկեն իրենց հաւանական յարաբերութիւնը: Մինչ խօսակցութիւնը կը շարունակուի, Սթեն իր համակրութիւնը կ’արտայայտէ Վելմային նկատմամբ, որ կը շարունակէ թերահաւատ մնալ:
Զրոյցը երթալով աւելի տարօրինակ կը դառնայ, երբ անոնք կը սկսին քննարկել Վելմային հաւանական յղութիւնը եւ Սթանի անորոշ զգացումները: Ի վերջոյ, անոնք կ’որոշեն միասին մեկնիլ, մինչ այդ մատուցողը նորէն կը յայտնուի՝ ընդգծելով անոնց կացութեան անհեթեթութիւնը:
Երբ անոնք կը հեռանան ճաշարանէն, Սթենի եւ Վելմայի իսկական կապը կը մնայ անորոշ` ձգելով հանդիսատեսը ինք խորհելու անոնց ոչ սովորական առաջին ժամադրութեան մասին: Անոնք կրնան իսկապէս այր ու կին ըլլալ՝ իրենց յարաբերութիւնը վերանորոգելու միտումով առաջին ժամադրութեան վիճակ ստեղծած, կամ խոստումներ կու տան ապագայի հեռանկարով:
Յամենայն դէպս, Greg Vovos-ի այս կատակերգութեան նպատակը զոյգին յարաբերութեան բնոյթը չէ, որքան առաջին ժամադրութեան մը ընթացքին ստեղծուած ապիկար վիճակները, խաբէութիւնները եւ չնախատեսուած բացայայտումները:
Դերակատարներն էին Հերմինէ Նիւրբեթլեան՝ Վելմայի դերով, Հրանդ Գալեմքերեան՝ Սթանի դերով եւ Յովսէփ “Եուսուֆ” Գափլանեան՝ մատուցողի դերով:
Հինգերորդ եւ վերջին՝ Eric Kaiser-ի «Weed Dreams» կամ «Մոլախոտի երազներ» փիեսը կը պատահի ամբողջատիրական հասարակութեան մը մէջ, ուր առաջնորդին, ղեկավարին, հնազանդիլը առաջնահերթ է եւ չհնազանդիլը՝ մահացու: Հերոսները՝ առաջին կին, երկրորդ կին եւ երրորդ կին, տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ տարբեր կեցուածքներ կ’արտայայտեն իշխանութիւններուն նկատմամբ:
Առաջինը աւելի հին եւ հնազանդ է, որ կը ներկայացնէ համակարգին նկատմամբ կոյր հաւատարմութիւնը: Երկրորդը աւելի երիտասարդ է եւ թերահաւատ` ցոյց տալով այլակարծութեան նշաններ եւ կասկածի տակ կ’առնէ առաջնորդին, ղեկավարին հեղինակութիւնը: Երրորդը ամենէն երիտասարդն ու եռանդունն է՝ խորհրդանշելով անմեղութիւնն ու միամտութիւնը:
Փիեսը կը զարգանայ երեւութապէս լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ (աթոռներ շարուած են), ուր հերոսները կը ձեւացնեն, թէ կը խօսին երեւակայական հանդիսատեսներու հետ` ստեղծելով լարուած մթնոլորտ մը, ուր ընդունուած նորմերէն որեւէ շեղում ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Լարուածութիւնը երթալով կը մեծնայ, եւ կը բացայայտուին հերոսներուն իրական զգացումները առաջնորդին եւ ընդհանրապէս համակարգին նկատմամբ: Առաջին կինը ի վերջոյ ինքզինք կը զոհաբերէ՝ պաշտպանելու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչը, որ կը խորհրդանշէ փոփոխութիւններու յոյսը եւ ճնշումներէ զերծ նոր սերունդը:
Փիեսը կ’աւարտի թէ՛ մութ եւ կատաղի ելքով` մահուան ճիչերով, որոնք կը խլացնեն, անլսելի կը դարձնեն առաջնորդին ձայնը, թէ՛ ենթարկուածութեան մռայլ cycleով մը, երբ երկրորդ եւ երրորդ կիները կը վերսկսին իրենց ծափերուն՝ խորհրդանշելով ճնշող ռեժիմին յարատեւումը:
Ընդհանուր առմամբ, «The Weed Dreams»ը կը քննարկէ հնազանդութեան, ապստամբութեան եւ իշխանութեան հանդէպ կոյր հաւատարմութեան հետեւանքները գերճնշող (dystopian) միջավայրի մը մէջ:
Դերակատարներն էին մուտքի կարգով՝ Դալար Արսլանեան, Անի Պարիկեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան:
* * *
Այս հինգ փիեսներու համադրումով կ’ունենանք թեմաներու, ոճերու եւ ընկերային վիճակներու հարուստ հաւաքածոյ մը:
- Ընկերային դասակարգումի հարց եւ ինքնութեան փնտռտուք. Թէ՛ «While the Auto Waits» եւ թէ՛ «The Wedding Story»-ն կը քննարկեն ընկերային դասակարգումներու, կարծրատիպերու եւ ինքնութեան թեմաները: «While the Auto Waits»-ը լուսարձակի տակ կ’առնէ հարուստ վերնախաւին մասին կարծրատիպերը եւ կ’ընդգծէ ինքնութեան յարափոփոխ էութիւնը. ան ենթակայ է փոփոխութեան կամ յարմարեցումի: Մինչդեռ «Հարսանեկան պատմութիւնը» կը քանդէ հեքիաթներու աւանդական տարրերը ու կը բացայայտէ անոնց սահմանափակումները եւ հակասութիւնները:
- Յարաբերութիւններ եւ մարդկային մտերմութիւն. «The DMV One»-ը «Նեֆաան» զաւեշտը կ’օգտագործէ յարաբերութիւններու առնչուած ընկերային նորմերն ու ակնկալութիւնները քննադատելու համար, մինչդեռ «Today’s Special»-ն կը քննարկէ խաբէութեան եւ հաւատարմութեան թեմաները կատակերգական պարունակի մէջ: «Հարսանեկան պատմութիւնը» ամուսնութեան հարցերն ու ընկերային ճնշումները կ’ենթարկէ զաւեշտական քննադատութեան՝ հանդիսատեսը մղելով վերատեսութեան ենթարկելու իր համոզումները romanceի մասին:
- Դիւանակալական (bureaucratic) անհեթեթութիւններ եւ քաղաքական ճնշուածութիւն. «The DMV One»-ը եւ «The Weed Dreams»-ը երկուքն ալ կ’անդրադառնան դիւանակալական համակարգերու մէջ՝ ճնշուածութեան եւ անհեթեթութեան (absurd) թեմաներուն: «The DMV One»-ը կը հեգնէ «Նեֆաային» դիւանակալական էութիւնը` ընդգծելով նման հաստատութիւններու մէջ գործ լրացնելու ընթացքին պատահած սթրեսային վիճակներն ու անհեթեթութիւնները: Մինչ «The Weed Dreams»-ը կը ծառայէ իբրեւ միջոց քննադատելու ամբողջատիրութիւնն ու կոյր հնազանդութիւնը՝ նախազգուշացնելով սանձարձակ իշխանութեան եւ այլախոհութիւնը ճնշող վտանգներուն դէմ:
- Զոհաբերութիւն եւ ապստամբութիւն. «The Weed Dreams»ը ուշագրաւ է ճնշող համակարգերու դէմ զոհաբերելու եւ ապստամբելու թելադրանքով: Փիեսին հերոսները կը դրսեւորեն թեմաներ հնազանդութեան, անհատական ազատութեան եւ ճնշող համակարգի շրջող (cyclical) բնոյթին մասին՝ հանդիսատեսը մղելով մտածելու դիմադրութեան եւ ազատութեան ձգտելու մասին:
* * *
Ինչո՞ւ այս վերլուծումները:
Նախ՝ կը հաւատանք, որ առանց փիեսներու թեմաներուն մէջ խորանալու կարելի չէ քննարկել բեմադրութիւնն ու դերասաններու խաղարկութիւնը: Եւ այս առումով, մեր կարծիքով, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան յաջողած էր մեր վերը նշած մարդկային ապրումներն ու հոգեկան վիճակները փոխանցելու հանդիսատեսին: Ինչ կը վերաբերի խաղարկութեան, կրնանք հաստատել, որ դերակատարները սիրողական թատրոնէ աւելին կրցած էին տալ:
Աւելի՛ն չսպասենք:
Դրական էին նաեւ «Տեսակ մը թատրոն»ի գաղափարը եւ քանի մը կարճ թատերախաղեր մէկտեղելու ընտրութիւնը:
Մեծապէս գնահատելի էր հայերէնի թարգմանութեան որակը՝ իբրեւ լեզու ու բեմական պատշաճեցում:
Կը մնայ նշել երեւոյթ մը, որ իբրեւ թատերասէր կրնար չհետաքրքրել մեզ, սակայն մեր շրջապատին մէջ բաւական տարածուած ըլլալով, զայն կ’արծարծենք իբրեւ հարցադրում.
Արդօ՞ք փիեսներուն ընտրութիւնը ճիշդ կատարուած էր:
Թատրոնի առաքելութիւնն է զուարճացնել, կրթել, հարցադրումներ ու յոյզեր յառաջացնել եւ քննադատել՝ պատումի եւ խաղարկութեան միջոցով: Թատրոնը նաեւ համամարդկային խորք ունի եւ իբրեւ այդիպիսին, ան կ’անցնի մշակութայինի եւ ազգայինի սահմանները` անդրադառնալով համընդհանուր թեմաներու եւ յոյզերու, որոնք կ’արձագանգեն հանդիսատեսին ներաշխարհին մէջ:
Այս իմաստով, «Տեսակ մը թատրոն»ը, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ բեմադրիչի օգնական ու բեմավար Փաթիլ Գուլաճեան յաջողած էին իրենց առաքելութեան մէջ:
Սակայն, համամարդկայինին կողքին, թատրոնը կրնայ ունենալ նաեւ յստակ ազգային ինքնութիւն՝ ներկայացնելով մշակութային, պատմական եւ ընկերային նիւթեր:
Եւ հոս է, որ շատեր տարակուսանքով կը մօտենան «Տեսակ մը թատրոն»ի յաջողութեան, մասնաւորաբար երբ ան բեմ կը բարձրանար միութենական թատերախումբի մը ձեռամբ:
Բանավաէճի եւ քննարկումի հետաքրքրական նիւթ: Կը սպասե՛նք:
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Հայ երիտասարդն ու եկեղեցին
Այսօրուան մեր podcast-ին հիւրն է Ռըմէյլ թաղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեան: Տէր հօր հետ կը զրուցենք հայ երիտասարին հոգեւոր եւ եկեղեցական ըմբնումներուն մասին: Մեր երիտասարները որքանո՞վ մօտ կը զգան եկեղեցիին:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
10 տարի APTEC IT Services and IT Consulting ընկերութեան մէջ որպէս Administration Manager աշխատելէ ետք, մեծ կ’ըլլայ Սեդային ուրախութիւնը, երբ տարիներու իր աշխատանքը գնահատելով՝ կը պարգեւատրեն զինք:
ՇԵՓՈՐ ԼՐԱՏՈՒ – 1999
1999-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքէն անհատներ, որոնք յատուկ սէր ու հետաքրքրութիւն կը տածէին գիր ու գրականութեան հանդէպ, յառաջ կը բերեն յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքով գաղութին մէջ կը հիմնուի առաջին տեղեկատու թերթը՝ «Շեփոր»: Ան իր 20-էջնոց պատկերազարդ տարբեր թեմաներով ու մշակութային, պատմական, մանկական եւ ժամանց բաժանումներով, իբրեւ շաբաթերթ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 26 հոկտեմբեր 1999-ին: Սեդային աշխատանքը «Շեփոր»ի խմբագրական կազմին մէջ կ’ըլլայ գրաշարել, թերթին էջադրումը պատրաստել, սիւնակներու բաժանումները, թեմաներու հետ առնչուող տեղադրումներ կատարել, նաեւ՝ հրատարակել եւ ցրուել: Այս խմբագրական կազմին աշխատանքը եւ «Շեփոր»ի հրապարակումը երկար կեանք չ’ունենար մարդուժի բացակայութեան պատճառով: Թերթի օրինակներէն ներկայիս կարելի է ձեռք բերել հայկական կեդրոնէն: Իր խմբագրական աշխատանքին համար Սեդա կը ստանայ գնահատագիր մը այդ օրուան Ազգային վարչութենէն: Մինչեւ փետրուար 2001, «Շեփոր» լրատուն լոյս տեսած է 11 թիւ: 2001-ին՝ 6 ( թիւ 12,13, եւ մինչեւ 17) թիւ, իսկ 1 յունուար 2002-10 յուլիս 2002՝ 3 թիւ (թիւ 18,19, 20): Այդ թուականէն ասդին, գաղութը չունի իր տպագիր լրատու պարբերականը:
Ազգային Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանի հոգաբարձութիւն – 2010-2011
2009-2011, Սեդան Ազգ. Միօրեայ Օհաննէսեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ կը նշանակուի: Հոգաբարձութեան անդամակցութեան կողքին, ան իր նպաստը կը բերէ դպրոցին կապուած բոլոր աշխատանքներուն, ինչպէս ուսուցչական վերապատրաստութեան դասընթացքին առնչուող բաժիններուն, հիւրասիրութիւն, միօրեայ վարժարանի հանդէսի պատրաստութիւն, գնահատական երեկոյի կազմակերպում նուիրուած շաբաթօրեայ ուսուցիչներուն, գեղարուեստական յայտագրեր, դպրոցի վերամուտի պատրաստութիւններ եւ այլն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը
2010-ին, վերջապէս գաղութին մէջ կը հիմնուի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) մասնաճիւղ մը, որուն հիմնադիր եւ հետագային գործունեայ անդամներէն մէկը կը դառնայ Սեդան Մարտ 2010 -Յունուար 2016: Այս յղումով կարել է գտնել հիմնադրութեան մասին թղթակցութիւն մը.
https://www.azad-hye.com/news/armenian-relief-society-establishes-a-chapter-in-sharjah-dubai/
Սեդա ԱՄԷ Շարժա-Տուպայ հաստատուելէն ետք կը ստանայ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան փոխանցագիրը, այսպէս.-
Ընկհ. Սեդա Մանկասարեան Պալիոզեան 1986-92 տարեշրջաններուն մաս կազմած է Համազգայինի Սուրիոյ ընտանիքին։ Ունեցած է գործօն մասնակցութիւն յարկապէս Շրջ. Վարչութեան «Զաւարեան» Թատերական միաւորին մէջ 1987էն սկսեալ եւ տարբեր թատերախաղերու մաս կազմած էր որպէս յուշարար քուլիսներու աշխատանքներ եւ սրահի պատասխանատու, որմէ ետք եղած է Միաւորի ընկերային յանձնախումբի անդամ: Թատրոնի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնը մղած է զինք բծախնդրութեամբ եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերելու միութեան մշակութային գործունէութեան վերելքին։ ԱՄԷ–ի մէջ, Սեդան կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը դարձեա՛լ Համազգայինի շարքերէն ներս, այս անգամ որպէս վարչական Համազգայինի նորակազմ «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղին։ Այս մասին կը հաստատէ իր փոխանցագրին մէջ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Ատենադպրուհի Էմմա Ազարիկեան եւ Ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան, 13 Յունիս 2011:
Համազգային Մուշեղ Իշխան մեկուսի մասնաճիւղը
Ապրիլ 2011-ին, Էմիրութիւններու գաղութին ուրախութիւնը մեծ կ’ըլլայ, երբ կը հիմնուի Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի մասնաճիւղը, որուն բացումը տեղի կ’ունենայ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայութեամբ: Սեդա կը նշանակուի անդրանիկ վարչութեան անդամ:
Անմիջապէս վարչութիւնը իր շուրջ կը հաւաքէ համազգայինի համակիրներ, որոնք հետագային կը դառնան անդամներ: Առաջին ձեռնարկներէն կ’ըլլայ Թամարա Ստեփանեանի (1) նկարահանած կարճ ֆիլմին՝ «Փետրուար 19»ի ցուցադրութիւնը համայնքին՝ Սեդային առաջարկով, ներկայութեամբ՝ ֆիլմի բեմադիր Թամարա Ստեփանեան, որ այս ֆիլմով կը մասնակցէր «Dubai International Film Festival»ին: Թամարային համար մեծ անակնկալ մը կ’ըլլայ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ այդքան թիւով հայեր կ’ապրին: Խանդավառութիւնը մեծ կ’ըլլայ բոլորին: Թամարա 16 տարի Լիբանանի մէջ Համազգայինի շունչով մեծցած էր շնորհիւ իր հօր՝ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին (այժմ հանգուցեալ) եւ մօր: Հրաչ Քալսահակեանի հետ ունեցած իր զրոյցին մէջ, Թամարա հետեւեալ ձեւով իր գնահատականը կը կատարէ. սեղմել հետեւեալ կապը https://www.azad-hye.com/news/tamara-stepanyan-it-is-very-important-for-a-filmmaker-to-feel-that-she-is-in-a-dialogue/
24 մայիսէն 2012 – 25 մայիս 2015, Սեդա կը վարէ Համազգայինի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Կը մասնակցի պատգամաւորական ժողովի, Երեւանի մէջ, 2014-ին: Ամէն ճիգ կը թափէ վերականգնելու թատերական ներկայացումները գաղութին մէջ: Որպէս տարիներու փորձառութիւն ունեցող դերակատար, բեմ կը բարձրանայ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղով:

Համազգայինի գործունէութիւնը կը դադրի 2017-ին:
Էմիրութիւններու հայ համայնքին կայքէջը
2012-ին, Էմիրութիւններու Ազգային Վարչութեան որոշումով, կը հիմնուի յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղէր գաղութին յատուկ կայքէջի մը կազմակերպչական աշխատանքով: Սոյն յանձնախումբին անդամ կը նշանակուի Սեդան որպէս բովանդակութեան պատրաստութեան պատասխանատու:
Հետագային այդ կայքէջը կը կոչուի «Emahay»: Կայքէջին պաշտօնական բացման շնորհանդէսը կը կատարուի 8 Ապրիլ 2012-ին, միաժամանակ բանալով ֆէսպուքի էջ մը: Emahay կը նկատուի բովանդակալից կայքէջ մը, իր բոլոր սիւնակներով եւ ամբողջական ու թարմացուած տեղեկութիւններով:
Մարդահամարի յանձնախումբ
13 Նոյեմբեր 2013-ին, Տուպայի եւ Հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան կողմէ Սեդա կը նշանակուի «Մարդահամարի Յանձնախումբ»-ի անդամ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց համար: Վեցամսեայ աշխատանք մը՝ որ պիտի արձանագրէր էմիրութիւններ ժամանող նոր հայ ընտանիքները եւ անհատներ, որոնք պիտի հաստատուին հոն, ու պիտի վերաթարմացնէր տեղեկութիւնները անոնց, որոնք արդէն հաստատուած են:
Յանձնախումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Մարտիրոս Գասպարեան, Սեպուհ Արմենակեան, Մարալ Սողմոնեան-Մանճիկեան, Սեդա Մանկասարեան-Պալիոզեան, Թինօ Չիֆթճեան, Գէորգ Օհանեան, Շանթ Քօրուքեան, Յակոբ Մանուէլ:
29 փետրուար 2016-ին, Սեդա կը հաստատուի Մոնթրէալ, Գանատա, ուր ալ մինչեւ այսօր կը բնակի իր ամուսնոյն՝ Մովսէս Պալիոզեանի եւ զաւկին՝ Դրոյին հետ:
Մարտ 2016-ին կը միանայ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղին, որուն գործավարութիւնը կը կատարէ ներկայիս. անդամ է նաեւ տարբեր յանձնախումբերու: 2016 ապրիլին փոխանցագրով կը միանայ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին: Նաեւ անդամ է նոյն մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին:
Սեդա կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, եւ իր ծնողքէն ժառանգած ծառայութեան ու նուիրումի ոգին այսօր իր կարգին կը փոխանցէ իր զաւկին՝ Դրոյին:
♦
Քանի մը տասնեակ տարի առաջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէջ մշակութային կեանքի կարեւոր գործօններ հանդիսացած են թատրոնն ու պարը, որոնց ճամբով կը ստեղծուէր հայաշունչ միջավայր մը Էմիրութիւններ ժամանած հայորդիներուն, որոնք հեռու իրենց հարազատներէն, առիթ կ’ունենային նոր կապեր եւ ծանօթութիւններ ստեղծելու: Եւ այդ մթնոլորտին մէջ, հայ համայնքը կը դրուէր ամուր հիմերու վրայ, որ կը շարունակէ գոյատեւել նոյն ոգիով:
Շաքէ Մանկասարեան
(Շարունակութիւն Բ. եւ վերջ)
[1] Դերասան եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանի դուստրը Թամարա ծնած է Հայաստան, ապա իր ընտանիքին տեղափոխուած Լիբանան 1994-ին: 2005-ին, Lebanese American University (LAU) having studied in Communication Arts with an emphasis in Radio/TV/Film: 1994-2003 թուականներուն գործած է Լիբանանի մէջ` Համազգայինին հետ: Եղած է Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի հիմնադիր եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ: Դասաւանդած է Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Մեծ է անոր վաստակը լիբանանահայ դերասանական-բեմադրական մարզին մէջ, որովհետեւ Վիգէն Ստեփանեան իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ սերունդ պատրաստելու առումով: Ազդակ օրաթերթ, 20 յունուար 2021 https://www.aztagdaily.com/archives/496346
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
Հայկական Facebook մը ստեղծելու ծրագիր. «Միասին»
Այսօր, տարբերակ21 հանդէսի «խօսինք ու լսենք» զրոյցին հիւրն է լիբանանահայ բայց որոշ ատենէ Ֆրանսա բնակող Վարդան Գաբրիելեանը: Վարդանը ձեռնարկած է աննախընթաց ծրագրի մը իրագործման՝ «MIASIN» անունով հայկական ընկերային հարթակի մը հիմնումին, աւելի հասկնալի դարձնելու համար՝ հայկական Facebook-ի ստեղծումին: Լսենք զինք:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ գաղութին հիմնադրութեան ընդունուած թուականը կը նկատուի 1980-ը: Սյդ տարիէն սկսեալ, Ազգային վարչութիւններու կազմակերպչական ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ, համայնքը կամաց-կամաց կը ձեւաւորուի եւ այսօր արդէն ունինք հաստատուած գաղութ մը:
90-ականներէն, Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէջ իր ներդրումը կ’ունենայ նաեւ Սեդա Մանկասարեան:
Հալէպի մէջ ազգային, միութենական, մշակութային ու ընկերային բեղուն գործունէութիւն մը ունենալէ ետք, Սեդա Մանկասարեան իր միութենական աշխոյժ կեանքը ետին ձգած` կը հաստատուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Դիւրին չէր Սեդային համար հեռանալ Հալէպէն ու անոր կենսալի կեանքէն: Ան Ս.Օ.Խ.-ի արծուիկներու միաւորին մաս կը կազմէ 1981-1992, եւ Բ. Կարգի վկայական ստանալէ ետք, մասնաճիւղի խորհուրդին հրաւէրով կը ստանձնէ Ս.Օ.Խ.ի «Անի» մասնաճիւղի արծուիկներու պատասխանատուութիւնը (աքելա): 1982 – 1991 կը մասնակցի սկաուտական տարեկան ամառնային բանակումներու Քեսապի մէջ:
Սեդա Ազգ. Հայկազեան վարժարանը կ’աւարտէ 1981-ին, իսկ Քարէն Եփփէ Ճեմարան կը յաճախէ 1981-1985, ապա՝ Տնտեսական երկրորդական ուսումնարանը, զոր գնահատագիրով կ’աւարտէ 1989-ին:
1990-էն սկսեալ կ’անցնի կեանքի ասպարէզ եւ կ’աշխատի Սանոսեան ընտանիքի առեւտրական հաստատութեան մէջ, որպէս քարտուղար/հաշուապահ եւ միեւնոյն տարին, կը ստանձնէ հաշուապահութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզին (Ազիզէի), ուր նաեւ որպէս օգնական կը ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզի ընդհանուր պատասխանատու (գնումներու ե պաշտօնեաներու ամսականներ) Անդրանիկ Մելիքեանին:
1991-1992 կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին:
Նստած ձախէն աջ Թամար Աւետեան, Անի Կպինեան եւ Սեդա Մանկասարեան –
Ոտքի ձախէն աջ Սալբի Աւետեան, Լենա խարաճեան եւ Նելլի Գէորգեան
10 փետրուար 1993-ին, առաջին անգամ ըլլալով Սեդա կը հեռանայ ծննդավայրէն ոչ թէ պտոյտի, այլ աշխատանքի՝ քրոջը՝ Շաքէին քաջալերանքով: «Պիտի մոռնայի Հալէպի միութենական կեանքս, երկար տարիներու ծառայութիւնս, սակայն յոյս ունէի նոյն ճամբան շարունակելու Էմիրութիններու մէջ», կը յայտնէ Սեդա: Շատ չանցած, Ապրիլ 1993-ին, կը ստաձնէ իր առաջին պաշտօնը Նորվեկիական Ճարտարագիտական Խորհրդատու ընկերութեան մը մէջ:
Նոյն թուականի մայիսին, կը ստանայ ժողովի հրաւէր մը մասնակցելու Շարժայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց «Երիտասարդաց Յանձնախումբ»-ի տարեկան ժողովին, ուր կ’ընտրուի ընդհանուր ժողովի քարտուղարուհի: Ու այսպէս կը սկսի անոր միութենական ճանապարհը Արաբական Էմիրութեանց մէջ:
ԱՄԷ-ի գաղութի քարտուղարութիւն, 1993-1995
Գաղութին մէջ գործունեայ անդամ, Սեդային կը վստահուի ծառայասիրական պաշտօններ: Կը ստանձնէ գաղութին ու եկեղեցւոյ կամաւոր քարտուղարուհիի պաշտօնը, երբ հայ գաղութը տակաւին եկեղեցի եւ հայկական կեդրոն չունէր: Գաղութին առնչուող գործունէութեան վայրն էր հոգեւոր հովիւին բնակավայրը: Ապրիլին 1993-ին, Էմիրութիւններու հայ գաղութը կ’ունենայ իր առաջին մնայուն հոգեւոր հովիւը յանձին Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեանի, (այժմ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ), որուն հետ կ’աշխատի որպէս հայ համայնքի քարտուղարուհի: Հայր Բաբգէն կը ծառայէ երկուքկէս տարի մինչեւ Նոյեմբեր 1995:
Այդ օրերուն, հաղորդակցութեան արդի միջոցներ գոյութիւն չունէին, հետեւաբար բաւական դժուար էր համայնքի անդամներուն հետ կապ հաստատել: Այդ գործը կը վստահուի Սեդային, ու ան առանց տատամսելու կը կատարէ այդ պարտականութիւնը: Կար ֆաքսի միջոցը, որու ճամբով կը փոխանցուէին եկեղեցւոյ եւ ազգային վարչութեան կամ ազգային վարչութեան տակ գործող յանձնախումբերու յայտարարութիւնները:
Հայր Բաբգէնի մեկնումէն ետք, ան կը շարունակէ կամաւոր քարտուղարութեան աշխատանքը շաբաթական երկու օր, երեկոյեան ժամը 7- 9:30: Աշխատանքը կ’ընդգրկէր նամակագրութիւններ, յայտարարութիւններ պատրաստել եկեղեցւոյ, Ազգային վարչութեան, երիտասարդաց յանձնախումբին, թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի եւ հոգաբարձութեան: Նաեւ՝ համայնքին անուանացանկը սրբագրել ու թարմացնել, ել-նամակներ յղել գաղութի անդամներուն, ամուսնութեան, մկրտութեան եւ այլ հաստատագիրեր պատրաստել, Ազգային վարչութեան ատենագրութիւնները տպել եւ պահել, (filing) թղթածրարային դասաւորում եւ քարտուղարական այլ աշխատանքներ:
Աշխատանք կը տանի նաեւ հիւսիսային Էմիրութեանց հայ համայնքի հասցէագրքոյկի եւ հեռախօսային անուանացանկ պատրաստութեան մէջ, ապա կը հեռաձայնէ գաղութի անդամներուն՝ ստուգելու եւ սրբագրելու տեղեկութիւնները. պրպտումներ կը կատարէ նոր ժամանած հայերուն մասին եւ այլն:
Ազգային Վարչութիւնը հրատարակած է 1991, 1993, 1996, 2006, 2010 տարիներու հասցէագրքոյկները:
Նոյեմբեր 1995ին, Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեանի մեկնումէն ետք, վարձուած բնակարանին մէջ կը շարունակուին քարտուղարութեան աշխատանքները, հանդիպումները, թատերական ու պարի փորձերը. հետագային թատրոնի եւ պարի փորձերը կը կատարուին պանդոկի մը մէջ:
Նոյեմբեր 1998-ին, համայնքը կ’ունենայ իր սեփական համալիրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ Ազգ. Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը:
Եկեղեցւոյ քարտուղարութեան ստանձնած Սեդային կամաւոր պաշտօնը կը շարունակուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրին մէջ, 1998 նոյեմբերէն – ապրիլ 1999, որմէ ետք, իր ասպարէզային աշխատանքին բերումով, ան կը դադրի պաշտօնէն: Ազգային Վարչութիւնը կ’ունենայ իր քարտուղարուհի-պաշտօնեան ամսական վարձատրութեամբ, որ շրջան մը ետք Հայաստան գաղթելով, Սեդա դարձեալ հրաւէր կը ստանայ ստանձնելու քարտուղարութիւնը փոխան ջնջին վարձատրութեան: Շաբաթը երկու օր, երեկոյեան 7 – 9, եւ ըստ աշխատանքի պահանջին:
Պարարուեստ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքի ծաղկումի եւ մշակոյթի պահպանման աշխատանքներ կը տարուէին, եւ 1995-ին, կը ստեղծուի պարախումբ մը, որուն անմիջապէս կ’անդամկցի Սեդան եւ կը նկատուի հիմնադիր անդամներէն մէկը: առաջին պարուսոյցը կ’ըլլայ Խաչիկ Սապա: Ինչպէս նշուեցաւ, համայնքը չունէր իր կեդրոնը եւ պարախումբի փորձերը տեղի կ’ունենային Շարժայի «Գարլթօն» պանդոկի թատերասրահին մէջ, շաբաթը երկու օր: Պարախումբը կ’ունենայ քանի մը պաշտօնական ելոյթներ: Հետագային, պարուսոյց գտնելու դժուարութեան պատճառով՝ կը դադրի: Նախապէս, Էմիրութիւններու մէջ, 1980-1982 տարիներուն ալ գործած է պարախումբ մը (26 հոգի) Ռաֆֆի Սիւլահեանի ղեկավարութեամբ, բայց զայն կարելի չէ եղած պահել հետեւողական փորձերու յարմար վայր չունենալու պատճսռով:
«Թատրոն 81» ելոյթները
Սեդան 1996-էն մաս կը կազմէ «Թատրոն 81» խմբակին եւ թատերական ներկայացումներով հանդէս կու գայ գլխաւոր դերերով, ինչպէս՝
Հրայր Սողոմոնեանի բեմադրութեամբ.
– Գրիգոր Զօհրապի «Փոստալ»ը (թատերգութեան վերածուած Մուշեղ Իշխանի կողմէ) եւ «Հաճի Տուրիկ»ը (17 մայիս 1996, Շարժայի «Քոնթինենթալ» պանդոկի թատերասրահ):
– Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կինը»՝ տիկին Նուարդի դերով, (15 մայիս 1998, Շարժայի «Holiday Inn» պանդոկի թատերասրահ):
Մուշեղ Պետիրեանի բեմադրութեամբ.
– Արտեմի Այվազեանի, Գարեգին Երիցեանի «Ուշ լինի, Նուշ լինի» (ուրախ օփերէթ, 3 արար)՝ Մարթայի դերով (23 մայիս 2002, Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիր, Փիեռ Քէօսէեան սրահ:
Նորայր Գազանճեանի բեմադրութեամբ, Էմիրութիւններու Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի համալիրի Փիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ ներկայացուած են հետեւեալ հինգ թատերգութիւնները.
– Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է», «Թատրոն 81», 7 մայիս 2004: Մայրը Ճօն Հէլըրի https://www.youtube.com/watch?v=HtV7VcxJlZc&t=68s
Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղի «Ժորժ Սարգիսեան » թատերական միաւորի ելոյթները.
– Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ», 2012՝ Սրբուկի դերով:
– Ճորճ Աբելեանի «Միլիոնատէր եղանք Միլիոնատէր», 10 մարտ 2013՝ Սեդա-Սեւակին կինը:
– Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», 20 մարտ 2015:
Հետագային այս խմբակը կը դադրեցնէ իր աշխատանքները ու գաղութը կը մնայ առանց թատրոնի:
Հոս տեղին է մէջբերել Շարժայի Ազգ. Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանի տնօրէն Նշան Պասմաճեանի (ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդարանի դիւանապետ) 22 մայիս 2010-ին կատարած մէկ վկայութիւնը. «Սեդան կրնայ շատ լաւ օգնական ըլլալ ու Լենա Գազանճեանի հետ այս երկու տիկինները միասնաբար կրնան թատերական կեանքը, մեր թատերական մշակոյթի ջամբումը, որ սկսած էինք մի քանի հոգիով՝ դեռ 1981-ին «Թատրոն 81» ով, վերստին կազմակերպել եւ այս անգամ այնպէս որ շարունակականութիւնը ապահովուի: Ես Սեդային ու Լենային մէջ շարունակականութեան ջահը վառ պահելու մարմաջը միշտ տեսած եմ: Այս առիթ է այդպիսի իտէալ իրականացնելու»:
1997 նոյեմբերին, գործի նոր առիթով մը, Սեդա կը տեղափոխուի Տուպայ, ուր կը ստանձնէ աւելի բարձր պաշտօն մը. Administration Manager:
(Շարունակելի 1)
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
Պատմագրութիւը, քննական մտածողութիւնը եւ հասարակական մեր կեանքը
Այսօր, «խօսինք ու լսենք» զրոյցի մեր հիւրն է AUB-ի դասախօսներէն՝ դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեան: Վարագին հետ կը խօսինք իր հետազօտական հետաքրքրութիւններուն եւ քննական մտածողութեան կարեւորութեան մասին՝ պատմագրութեան, պատմութեան ուսուցման եւ ընդհանրապէս մեր առօրեարին մէջ, ընկերային ցանցերու ապատեղեկատուական տիրակալութեան այս օրերուն: Նաեւ հարց կու տանք, թէ հասարակական կեանքի առողջ կազմակերպման մէջ, որքա՞ն կարեւոր է քննական մտածողութեան դերը:
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
25 մարտ 2024-ին, Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է «Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակ» եւ «Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակ» ոսկիէ յուշադրամները:
Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յուշադրամը
ՍԵՐԳԵՅ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎ (Սարգիս Փարաճանեանց, 1924–1990) ` հայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ, բեմագիր, ծնած է Թիֆլիս, ուր եւ ստացած է իր միջնակարգ կրթութիւնը: 1945-ին ընդունուած է Մոսկուայի ֆիլմարուեստի հիմնարկի բեմադրութեան բաժանմունքը: 1952-էն սկեալ աշխատած է Քիեւի Տովժենքոյի անուան սթիւտիոյին մէջ, ուր նկարահանած է իրեն համաշխարհային ճանաչում բերած «Մոռացուած նախնիների ստուերները» ֆիլմը (1964):
1969-ին, Հայֆիլմ սթուտիոյին մէջ, Փարաճանով նկարահանած է «Նռան գոյնը» («Սայաթ-նովա») ֆիլմը, որը կը նկատուի ֆիլմարուեստի գլուխգործոցներէն մէկը: Այս Ֆիլմին մէջ, ան կ’իրագործէ նորարարական սեփական գաղափարները՝ բացայայտելով անտեսանելին ու ոգեղէնը իր իսկ ստեղծած առարկաներուն, խորհրդանիշներուն եւ ծէսերուն միջոցով: Ժամանակի իշխանութիւնները կը մերժեն Փարաճանովի այս եւ այլ ֆիլմերուն մէջ դրսեւորուող մօտեցումները, կ’արգիլեն նկարահանումները եւ կը բանտարկեն զինք: Սակայն Փարաճանով չի դադրիր գործելէ եւ իր ստեղծագործական ամբողջ աւիւնը կը ներդրէ գծանկարներու, քոլաժներու, տիկնիկներու, գլխարկներու եւ արուեստի այլ գործերու ստեղծումին:
Ֆիլմ նկարահանելու իրաւունք վերստանալէ ետք, ան կը ստեղծէ «The Legend of Suram Fortress» (1985) համաշխարհային ճանաչում ստացած ֆիլմը եւ 1987-ին առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուի արտասահման` մասնակցելու Ռոդերտամի (Հոլանտա) սինեմայի փառատօնին, ուր ֆիլմը կ’արժանանայ առաջին մրցանակին «ամենէն նորարար ֆիլմը» անուանակարգին մէջ:
Փարաճանովի արուեստը այսօր ալ կը շարունակէ ոգեւորել աշխարհի բազմաթիւ արուեստագէտներն ու սինեմայի գործիչները:
Երեւանի մէջ կը գտնուի Սերգեյ Փարաճանովի թանգարանը (1991-էն սկսեալ), ուր կը պահուին անոր հազարէ աւելի աշխատանքները:
Սերգեյ Փարաջանովի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յուշադրամին մէկ երեսը (դիմերես) պատկերուած են անոր «Նռան գոյնը» ֆիլմէն դրուագ մը եւ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ գտնուող Փարաճանովի արձանը (քանդակագործ` Ա. Շիրազ, 1999):
Ոսկիէ յուշադրամին միւս երեսին վրայ (դարձերես) պատկերուած են Փարաճանովի դիմապատկերը, դրուագներ անոր «Variation on themes by Pinturicchio and Raphael» (2-րդ տարբերակ՝ նուիրուած Վասիլի Գաթանեանի, 1989), «Լացող Ճիոգոնտա» («Weeping Gioconda», 1977), «Դանիէլ Օլպրիխսքիի դիմանկարը» («Portrait of Daniel Olbrichsky», 1980) քոլաժներէն:
Էսքիզներու հեղինակներն են Յարութիւն Սամուէլեան (դիմերես) եւ Աննա Կուրղինեան (դարձերես): Յուշադրամը հատուած է Լեհաստանի մէջ:
Հատուած է միայն 300 օրինակ:
Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած յուշադրամ
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ (Ղազարեան, 1924–1971)` հայ մեծ բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ: 1945-ին ան աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական հիմնարկը, ապա՝ Հայաստանի Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի մագիստրոսական բաժանմունքը (1948), 1963–1971 եղած է գիտաշխատող հիմնարկին մէջ: 1951–1956 ուսանած է Մոսկուայի Մ. Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ, ուր 1957–1959 դասաւանդած է գեղարուեստական թարգմանութեան:
1966–1971 եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարը: «Սայաթ-նովա» մենագրութեան համար Սեւակի շնորհուած է բանասիրական գիտութիւնների դոկտորի գիտական աստիճան (1969):
Սեւակի բանաստեղծութիւնները կը տպագրուին 1942-էն սկեալ: «Անմահները հրամայում են» (1948)՝ անոր հեղինակած անդրանիկ գրքոյկն է: Հետագային գրուած գործերէն ուշադրութեան արժանի եղած է «Նորից քեզ հետ» (1957) ժողովածուն, ուր ի յայտ կու գան բանաստեղծին ստեղծագործական նոր որակները: «Անլռելի զանգակատուն» քնարական-փիլիսոփայական պոէմը (1967-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակի) կը պատկերէ Կոմիտասի ճակատագիրը` մէկտեղուած հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ: Ժամանակակից մարդու բնոյթն ու անոր ապրումները վերհանող խոհափիլիսոփայական ստեղծագործութիւնները ամփոփուած են «Մարդը ափի մէջ» (1963) եւ «Եղիցի լոյս» (1971) ժողովածուներուն մէջ:
Սեւակ կատարած է թարգմանութիւններ Ա. Միցքեւիչի, Ա. Փուշքինի, Խ. Պոթեւի, Մ. Լերմոնթովի, Ե. Քուփալայի, Ե. Ռայնիսի, Վ. Պրիւսովի, Ի. Ապաշիձէի, Է. Մեժելայթիսի եւ ուրիշներու գործերէն: Սեւակի բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու: Անոր անունով անուանակոչուած են փողոցներ եւ դպրոցներ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, թաղամաս եւ փողոց՝ Երեւանի մէջ, գիւղ` Արարատի մարզին մէջ: Բանաստեղծին ծննդավայր Զանգակատուն գիւղին մէջ, 1981-էն սկսեալ կը գործէ անոր տուն-թանգարանը:
Դիմերես` եկեղեցիի զանգակատան պատկեր, «Մարդը ափի մէջ» գիրքին շապիկը (նկարազարդող՝ Խ. Կիւլամիրեան, 1963): Դարձերես` Պարոյր Սեւակի դիմապատկերը, ստորագրութիւնը, փետրագրիչ` Սեւակի «Հայաստան» (1950) բանաստեղծութիւնը:
Էսքիզներու հեղինակ` Էդուարդ Կուրղինեան: Յուշադրամը հատուած է Լեհաստանի մէջ՝ 300 օրինակով:
Յարակից բովանդակութիւն
Սաքսոֆոնահար Արթիւր Գրիգորեան աշխատանքի բերումով Տուպայ կը տեղափոխուի եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը յաջողի գործի պայմանագիր կնքել The Fridge entertainment հաստատութեան
Երաժիշտ Երուանդ Մարգարեան՝ 28 տարիներու ճազ նուագախումբի մենակատար եւ թռոմփեթահար, արդէն չորս տարի է կը բնակի Տուպայ, իր կնոջը՝ տաղանդաշատ
Սիրանին հետ զրոյցս արեւմտահայերէն էր: Անոր գրաւիչ ու զարմանք պատճառող արեւմտահայերէն առոգանութիւնը կրնայ զարմացնել նաեւ ընթերցողը, որ բնականօրէն հարց պիտի
Զատիկ է…ո՞ւր է մեր բուրալի «քէղքէն»
– Քէղքէին քիլոն քանի՞ է.
– իսկ ընկոյզո՞վը.
– հապա արմաւո՞վը.
– աղով ալ ունի՞ք…
Այս հարցումները լսելով եւ քէղքէի անուշ բոյրին հրապոյրով կը վերադառնայինք դպրոցէն տուն: Շատ չանցած արդէն կը հասնէինք շուկային կեդրոնը, ուր տեղ-տեղ տանտիկիններ հաւաքուած խանութերու դիմաց՝ կը սակարկէին խանութպանին հետ: Մէկը կ’ըսէր «ալիւրը քովդ ինչո՞ւ աւելի սուղ է», ուրիշ մը՝ «երէկ աւելի յարմար էին ընկոյզին ու պիստակին գիները», իսկ շփոթի մատնուած խանութպանը չէր հասներ պատասխանելու տիկիններու կարկուտի պէս տեղացող հարցումներուն:
Այս կը պատահէր Ծաղկազարդի յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ երկարող օրերուն, այլ խօսքով՝ Աւագ շաբթուան ընթացքին, Ս. Զատիկի նախօրեակին: Մինչեւ տուն հասնինք, կը հանդիպէինք բազմաթիւ ծանօթ դէմքերու: Մեր բարի, հիւրասէր եւ առատաձեռն մամիկներուն ու տատիկներուն սովորութիւնն էր երբեմն մեզի հրամցնել հատ մը այդ համեղ քէղքէէն, իսկ մենք շատ ուրախ կը համտեսէինք այդ տօնական առաջին բոկեղներէն եւ այսպէս ճամբան արդէն քանի մը հատ ուտելէ ետք, կուշտուկուռ կը հասնէինք տուն:
Այդ շաբաթը բաւական աշխատանք կը սպասէր մեզի…
Հայերուս մէջ, շատ հինէն տարածուած է Զատկուան առիթով զանազան պատրաստութիւններ տեսնելու սովորութիւնը: Հայերը անշուշտ առանձին չեն, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ: Սովորոյթներու առումով, Զատիկը հիմնական տօն է շրջանի քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Մեր մեծերը կը պատմէին, թէ իւրաքանչիւր հայկական շրջան, գիւղ, քաղաք, իրեն յատուկ ոճով եւ բաղադրութեամբ կը պատրաստէր Զատկուան քէղքէն, ինչպէս՝ հայկական չէօրէկը, քաթան, շուշմայով, աղով կամ շաքարով սովորական քէղքէն, բոլորը՝ բուրալի ու համեղ…
Մեզի համար, իբրեւ պատանի աղջիկներ, թէեւ շատ սիրելի էր համեղ քէղքէներ ուտելը, բայց եւ այնպէս անոր պատրաստելը կը մտահոգէր մեզ եւ յաճախ կը մտածէինք ձեւ մը գտնել ու փախուստ տալ այս միօրեայ, մինչեւ ուշ ժամերը աշխատելու ծանր լուծէն: Եթէ հարցնելու ըլլաք ինչո՞ւ, պատճառներուն հիմնականը՝ մօրս ընտանիքին մէջ պապենական սովորութիւն դարձած էր քէղքէն մէկ կամ երկու քիլո չեփել, նուազագոյնը տասը քիլո, այո՛ տասը քիլո, իսկ երբեմն ալ աւելի: Երբ հարց կու տայինք, թէ ինչո՞ւ այսքան մեծ քանակով պէտք էր պատրաստուէր, ամէն կողմէ ձայն մը կը բարձրանար. «դպրոց կը տանիք եւ կ’ուտէք», «հայրիկն ալ գործի կը տանի», «թաղը ծերունի մը կայ, պէտք է անոր ալ բաժին հանենք», կամ գլուխ գործոց պատասխանը՝ «շուտով կը վերջանայ, ինչ է որ տասը-տասնհինգ քիլոն»:
Խոյս տալու երկրորդ պատճառը մօրս համաձայնութիւնն էր իրեն մտերիմ տանտիկիներուն հետ, որ այդ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը յատկացուի տան մը՝ հաւաքաբար քէղքէի պատրաստութեան նպատակով. հոն պէտք էր երթային իրարու օգնելու, իրենց համար սրբազան նկատուած գործին յաջողութեան համար: Իսկ մենք՝ դպրոցական պատանիներ, պէտք էր մեր մօրը ընկերակցէինք եւ միանայինք աջակցող բազմաթիւ ձեռքերուն:
Մեր տան քէղքէին պատրաստութիւնը արարողութիւն էր: Մէկ օր առաջ, բոլոր բաղադրութիւնները պէտք էր կշռուէին ու դրուէին խոշոր տաշտի մը մէջ, խոհանոցին կեդրոնը՝ շաղուելու պատրաստ: Պէտք էր խաչակնքուէր այդ խիւսը, ապա վրան ծածկուէր ու սպասէր յաջորդ առտուան բարի լուրին. արդեօք ո՞վ պիտի ըլլար խիւսը ուռած վիճակի մէջ առաջին տեսնողը ու մայրս գիտնար, որ «մայան եկած է»: Լաւ կը յիշեմ օր մը, տակաւին փոքր, կանուխ արթթնալով փորձեցի բանալ ու տեսնել թէ ո՞վ է այդ «մայան», որ կու գայ, ու զարմանքով տեսայ, թէ տաշտէն շատ վեր բարձրացած էր խիւսը՝ գրեթէ դուրս թափելու չափ, ու անմեղութեամբ անմիջապէս մայրս արթնցնելով պոռացի. «խմորը տաշտէն դուրս կը փախի, մայան եկաւ ու կը տանի…»: Բոլորը արթննալով խոհանոց վազեցին ու գոհունակ նայուածքով մայրս ըսաւ. «շուտով գործի լծուելու ենք»:
Այդ կէսօրէ ետքը, ճաշելու ժամանակ չէինք ունենար, ոչ հանգստանալու, ոչ ալ յաջորդ օրուան դասերը պատրաստելու: Տունը պատրաստելէ ետք, քէղքէները կը տանէինք թաղին փուռը, ուր ժամեր ափսէնրու մէջ շարելէ ետք, պահակներու պէս պիտի սպասէինք, թէ չըլլայ մեր քէղքէները ուրիշիներու հետ խառնուին: Երեկոյան, արդէն յոգնած ու սպառած, տուն կը վերադառնայինք մեր հռչակաւոր բուրաւէտ քէղքէներով:
Յաջորդ օրը, անճրկած, մենք բացատրութիւն կը փնտռէինք ուսուցիչներուն հասկցնելու, թէ քէղքէ պատրաստած ենք ու մեր դասերը պարաստելու ժամանակ չենք ունեցած: Բարեբախտաբար, մօրս քէղքէները այդքան համեղ կ’ըլլային եւ քանակով շատ, որ յաջորդ օրը խոշոր տոպրակով կը տանէի դպրոց ու ճարպիկութեամբ մը, իւրաքանչիւր դասապահէ առաջ կը հիւրասիրէի ուսուցիչներս ու կամացուկ մը կը հասկցնէի, թէ ամբողջ օր մը տրամադրած էինք այս համեղ բոկեղներու պատրաստութեան: Կարծես մեր հայ ուսուցիչներն ալ նոյն ճամբայէն անցած էին ու անոնցմէ շատերուն դէմքին վրայ թեթեւ ժպիտ մը կ’ուրուագծուէիր:
Այդ շաբաթը ամէն կողմէ համեղ քէղքէի բոյրերը կը կախարդէին մեզ, մեր թաղերը, շուկան: Մեր մեծ մամիկները կ’ըսէին, թէ Զատկուան քէղքէին հոտը սովորական քէղքէի հոտէն տարբեր կ’ըլլայ. կարծես պատմութիւն ու յատուկ նշանակութիւն մը ունէր: Դպրոցը, բոլորս մեր պայուսակներէն կը հանէինք մեր քէղքէի բաժինները ու կը հիւրասիրէինք զիրար: Ամէն կողմ քէղքէ կ’ըլլար: Նոյնիսկ թուաբանութեան պահուն, կը սկսէի զէրոները ոլորուած քէղքէներու նմանցնել, «օ» տառն ալ…
Ամէն կողմ քէղքէի պատմութիւններ կը լսուէին: Տիկիններ կը հպարտանային իրենց աշխատանքով, իրենց գործածած ալիւրով կամ իւղով, բայց մանաւանդ՝ իրենց եփելու վարպետութեամբ:
Հոս չ’աւարտիր պատմութիւնը: Այդ շրջանին, պարզ այցելութեան կամ Զատկուան տօնը շնորհաւորելու առիթներով, պայման էր հիւրասիրուիլ քէղքէով: Կարելի՞ էր մերժել, անկարելի բան ու մեծ անարգանք. հիւընկալը պիտի կարծէր թէ չես սիրած իր պատրաստած քէղքէները, ուստի ամօթ է կ’ըսուէր մեզի: Ստիպուած, օրը տասնեակ մը քէղքէ կ’ուտէինք…
Մեծ կարօտով կը յիշեմ այդ օրերը ու կը տատամսիմ բաղդատելու մեր օրերուն հետ, երբ կը նահանջեն աւանդութիւններ, հաւատք ու բարքեր…
Կը փնտռեմ քէղքէով բուրող մեր համեստ բայց հպարտ թաղերը:
Քրիստոն Յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը
Արցախահայութեան կորուստի եւ տառապանքի մարդաբանութիւնը՝ լեհերէնով
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
(Յատուկ «տարբերակ21»ին)
Լեհաստանի մէջ 2023 թուականի վերջաւորութեան լեհերէնով հրատարակուեցաւ „Ludność cywilna wobec wojny w Górskim Karabachu. Antropologia straty i cierpienia”, «Քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կացութեան դիմաց. Կորուստի եւ տառապանքի մարդաբանութիւն» խորագրով հատորը, 160 էջ ծաւալով։ Հրատարակութիւնը իրականացած է Լեհաստանի ակադեմական փոխանակման ազգային գործակալութեան դրամաշնորհի շնորհիւ։ Գիրքը հրատարակուած է Լեհաստանի՝ Կտանսք քաղաքի Եւրոպական քաղաքականութեան գիտահետազօտական հիմնարկի Riep հրատարակչատունէն։ Այս գիրքին հրատարակութենէն առաջ լոյս տեսած էր հատորին ելեկտրոնային տարբերակը 2022 թուին:

Գիրքին հիմնատաղձը նուիրուած է 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հայ խաղաղ բնակչութեան ճակատագրին, զինուած հակամարտութեան մղձաւանջին, հայ բնակչութեան գոյապայքարին, պատերազմի բազմատեսակ կորուստներուն եւ մանաւանդ դաժան վայրագութիւնները դիմակայելու Արցախահայութեան փորձառութիւններուն, պատերազմի ահ ու սարսափով լեցուն տառապանքներու մարդաբանութեան։ Լրջախոհ այս գիտաշխատութիւնը, լեհերէն լեզուով առաջին գիտաշխատութիւններէն կը համարուի։
Հատորին համահեղինակներ են՝ Լեհաստանի Բոզնան քաղաքի Ատամ Միցկիեվիչի անուան պետական համալսարանի գիտաշխատողներ՝ ընկերային մարդաբանութեան դասախօս փրոֆ. Ատամ Փոմիեչինսքի եւ քաղաքագիտութեան դասախօս փրոֆ․ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ եւ Հայաստանէն մշակութային մարդաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Աղասի Թադեւոսեան եւ մշակութաբանութեան մագիստրոս՝ Գոռ Օրտեան։ Հատորին գիտական քննարկումը կատարած են՝ Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանէն փրոֆ․ Ռենաթա Քրուլ – Մազուր եւ Վարշաւայի համալսարանէն փրոֆ․ Աննա Մալեվսքա – Շաուիկին։
Այս հատորի բովանդակութիւնը արգասիքն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեղւոյն պայմաններու մէջ իրականացած դաշտային ուսումնասիրութիւններու ծրագրի մը, որ կատարուած է Լեհական պետութեան նիւթական դրամաշնորհի ամբողջական ֆինանսաւորումով, արտակարգ իրավիճակներու, ներխուժումներու յատուկ ուսումնասիրութեան դրամաշնորհի (intervention grant) շնորհիւ։ Այդ դրամաշնորհի նախաձեռնողներն ու նախագիծը իրականցնողներն են վերը յիշուած լեհ գիտաշխատողներ՝ Ատամ Փոմիեչինսքի եւ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ։
Սոյն ծրագրին համագործակցած է, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժամունքը, համագործակցութեան իր ներդրումը ունեցած է շրջագայութիւններու, կազմակերպչական եւ հայերէն լեզուի օգնութեան ծիրին մէջ, որոնք իրագործուած են գիտաշխատողներ՝ Աղասի Թադեւոսեան եւ Գոռ Օրտեանի աջակցութեամբ ։
Հատորի ներածականին կը յաջորդեն գլխաւոր հինգ գլուխներ, որոնք գլխաւորաբար կ՛ընդգրկեն Ա) Մարդաբանը պատերազմի դէմ յանդիման, Բ) Հակամարտութեան ակունքներէն մինչեւ 44 օրուայ պատերազմը, Գ) Լեռնային Ղարաբաղի նոր պատերազմ․ անձնական պատմութիւններ, Դ) Պատերազմը որպէս աղէտ. Կորուստի եւ տառապանքի անվերականգնելիութիւնը, Ե) Պատերազմի փախստականները Հայաստանի մէջ։ Գիրքը համալրուած է վերջաբանով, մատենագիտական աղբիւրներու ցանկով, յաւելուած կայքէջերու բաժինով եւ տեղեկագիրներու ցանկով, գիրքին մէջ տեղ գտած են 18 լուսանկարներ եւ երկու քարտէզներ։
Յատկանշական է, որ հետազօտական կուռ բնոյթով բնորոշուող այս գիրքի բովանդակութեան մէջ, հեղինակները նպատակադրած են հեռու մնալ պատմական ու քաղաքական հարցերու արժեւորումներէն, խուսափած են ռազմական եւ ռազմաքաղաքական դիտարկումներ կամ վերլուծումներ մէջբերելէ, զգուշացած են տեղական եւ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները, տրամադրութիւնները, տեսակէտները բնութագրելէ։
Հիմնականօրէն, առաջին հերթին ներկայացուած են Արցախի բնակչութեան, մարդ անհատի իրավիճակներն ու հասարակութեան ճակատագիրը, մարդաբանութիւնը։ Բնիկ ժողովուրդի լայն խաւի բնակչութիւնը, որուն համար աշխարհը փլուզուած է, պատերազմի մղձաւանջը անընդհատ կ՛ուղեկցի անոնց կեանքի ընթացքին, իսկ ապագայի մասին մտածելն անգամ հոռետեսութեամբ եւ հեռանկարներու բացակայութեամբ կը շեշտաւորուի։ Մարդիկ, որոնք տառացիօրէն տառապած են պատերազմի տանջանքներով, պատերազմի թոհուբոհի մէջ կորսնցուցած են իրենց ընտանեկան հարազատները, նահատակուած սիրելիները, ունեցուածքը, ենթարկուած են պատերազմական բռնութիւններու, զանգուածային հարձակումներու, ջարդի, թալանումի, տեղահանումի, սպանութիւններու, հողազրկումի եւ մանաւանդ հայրենազրկումի։ Գիրքի բովանդակութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած է վտանգներով լեցուն պատերազմի ճգնաժամային կացութեան ընթացքին մարդկային տառապանքի հիմնախնդիրը, հաւաքական կենսագոյութեան, դժբախտութեան շրջապատկերը, մշակութային ժառանգութեան առանցքային եւ անվերականգնելի կորուստներու, փճացումի հիմնահարցը:
Ուշագրաւ է, որ հեղինակները փորձած են կեդրոնանալ բնակչութեան գոյատեւման ռազմավարութիւններու, տեղահանումներու եւ պատերազմի փախստականներու ընկերային եւ տնտեսական իսկական իրավիճակին, անոնց գոյատեւութեան մարտահրաւէրներուն վրայ։ Այն մասին, թէ արցախահայերը ինչեր կորսնցուցած են պատերազմի եւ բռնի տեղահանութեան եւ իրաւազրկումի հետեւանքով, պատերազմի ողբերգութեան, տագնապի խուճապի ընթացքին բնակիչներու խզուած ընկերային կապերու եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ իրականացած բռնագաղթի պատճառներով։
Պրպտումներու նախագիծի հիմնական մասը հիմնուած է տեղւոյն իրավիճակի պայմաններու դաշտային հետազօտութիւններու վրայ, որոնք իրականացած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, 15 հոկտեմբեր 2021 թուականէն մինչեւ 15 փետրուար 2022 թուական։ Ուսումնասիրութեան այս ժամանակին մէջ, տեղի ունեցած են 83 խորացուած հարցազրոյցներ (57-ը՝ կանանց եւ 26-ը՝ տղամարդկանց հետ): Կատարուած հարցազրոյցները բաժնուած էին երեք խումբերու՝
1) Պատերազմի փախստականներ՝ Արցախցիներ, որոնք մինչեւ 27 սեպտեմբեր 2020 թուական ապրած են իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներ, սակայն 27 սեպտեմբերի պատերազմի գոյաբանական սպառնալիքներու պատճառով այդ տարածքէն բռնի տեղահանուած եւ կամ փախած են դէպի Հայաստան։
2) Տուեալ ժամանակշրջանի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներ, այդ խումբին մէջ են հայրենադարձներ, այսինքն այն բնակիչները, որոնք որոշած են ծանր մարտերէն ետք դարձեալ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ։
3) Այսպէս կոչուած փորձագէտներ, այսինքն՝ փախստականներուն աջակցող եւ օգնութիւն տրամադրող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ռազմական օգնութիւններով զբաղուող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատակիցներ, պետական ծառայութիւններու պաշտօնեաներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի խնդիրներու լուծման հետ ներգրաւուած անհատներ (օրինակ՝ խորհրդարանականներ, գիտնականներ, լրագրողներ եւլն․):
Հարցազրոյցները գլխաւորապէս կեդրոնացած են առաջին խմբակին՝ պատերազմի փախստականներու հետ (57 հարցազրոյց), փորձագէտներու հետ եղած են (16 հարցազրոյց), իսկ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հետ (10 հարցազրոյց):
Ուսումնասիրութեան վայրերը խնամքով ընտրուած են: Բնականաբար այդ ընտրութիւնը առնչուած էր տարածաշրջանի մէջ առկայ եղող քաղաքական անկայուն իրավիճակով, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծի մագլցումներով, վիճելի տարածքներու շուրջ հակամարտութեան մշտափոփոխ զարգացումներով։
Հետազօտութիւնները տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի՝ հիմնականօրէն Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի շրջանի Բերձորի գիւղերուն մէջ, Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու մէջ՝ Վարդենիս քաղաքի (Գեղարքունիքի մարզ), Գորիս քաղաքի (Սիւնիքի մարզ), Հարթաշենի գիւղի (Գորիսի համայնք) (Սիւնիքի մարզ), Վերիշեն գիւղ, (Գորիսի համայնք) (Սիւնիքի մարզ), Դեբետ եւ Դսեղ (Լոռի մարզ), Ծաղկաձոր, Չարենցաւան, Նոր Հաճըն (Կոտայքի մարզ) եւ Երեւան։
Պատերազմի փորձանքի գեհենային պայմանները ապրած արցախահայերու հետ հարցազրոյցներ իրականացնելը հեշտ գործ չէ, անոնց ապրած հոգեխոցի զրուցակից դառնալը մասնագիտական հմտութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջէ։ Մանաւանդ, որ այդ զրուցակիցներէն շատեր պատերազմական պայմաններու կրկնակի ականատեսներ են, նախ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը 1992–1994, ապա 2016 թուականին, եւ անգամ մը եւս 2020 թուականին պատերազմներու փորձառութիւն ունեցողներ են։ Նկատի պէտք է առնել նաեւ հարցազրոյցներու խօսակցական լեզուն որ ընդհանրապէս հայերէն լեզուով եւ ռուսերէնով էր։
Գիրքի բովանդակութեան առընթեր, դաշտային գիտահետազօտական առաքելութեամբ Արցախ եւ Հայաստան այցելած գիտահետազօտողներէն եւ գիրքի համահեղինակ Փրոֆ․ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչի հետ հեռաձայնային քանիցս հաղորդակցութիւններու, զրոյցներու միջոցաւ կը միտէի յաւելեալ մանրամասնութիւններ քաղել, լսել անոր տպաւորութիւնները, ականատեսի վկայութիւնները, հաստատումները։ Տեղեկանալու համար իրագործուած գիտահետազօտական հանգամանքներու նշանակալից առնչութիւններուն, Ք․ Ֆետորովիչ հաստատեց՝ «Շատ յաճախ, արցախահայ զրուցակիցները լսելով, որ ռուսերէն ալ կը խօսինք, ինքնակամ կը խնդրէին իրենց հետ աւելի երկար մնալ ու զրուցել։ Ռուսերէնի շնորհիւ, յաճախ մենք շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կը ստանայինք մեր զրուցակիցներէն։ Ռուսերէնի ճանաչողութեան շնորհիւ անոնք աւելի սրտբաց եւ վստահութեամբ մօտեցան մեզի եւ մեր հարցումներուն։ Շատ էական դեր ունեցաւ մեր եւ արցախահայերու ռուսերէնի ճանաչողութիւնը, մենք աւելի հաղորդակից կրցանք դառնալ փախստականներուն հետ, կասկածանքի եւ վերապահութեան մթնլոլորտը անէացաւ մանաւանդ մեր պարագային, երկու լեհ օտարականներու ներկայութիւնը անորոշութիւն եւ շփոթ մը ստեղծած էր իրենց համար։ Զարմացած էին, որ այս հետազօտութեան նախագիծը լեհական է, եւ պատերազմի տագնապէն վերջ առաջին օտարներն էինք, որ մեծ հետաքրքրութեամբ եկած ենք, յատկապէս իրենց հետ զրուցելու, իրենց հետ կիսելու պատերազմի ողբերգութիւնները, լսելու իրենց վիշտն ու տառապանքը եւ յատկապէս գիտահետազօտական ուսումնսաիրութիւն կատարելու համար։ Մեր կատարած զրոյցները հոգեկան հանդարտութիւն փոխանցող, պատերազմի հետեւանքներու բեռումով անոնց ապրած ցաւերը ամոքող, վէրքերը սպիացնող, հոգեկան անդորրութիւն մը ներշնչեցին, սփոփանքի եւ մխիթարութեան սպեղանի մը հանդիսացան։ Մենք դարձանք բարեկամներ, ջերմ ու հիւրընկալ էին, յատկանշական էր անոնց հիւրասիրութիւնը, շուարած էին ինչպէ՞ս մեզ հիւրասիրել։ Յաճախ կ՛ուզէին մեզ իրենց տունը պահել եւ վայելել մեր ներկայութիւնը։ Մենք ալ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուէրներ պատրաստած էինք, մանաւանդ բազմանդամ եւ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն։ Մեզմէ կը խնդրէին իրենց տառապանքները փոխանցել բոլորին, տարածել ողջ աշխարհին, յուսալով, որ մարդիկ կ’իմանան իրենց ողբերգական ճակատագրի մասին, այնքան կը վախնային, որ աշխարհ զիրենք յանկարծ չյիշէ եւ կամ պահ մը մոռնայ արցախահայութեան ողբերգութիւնը»։
Հետազօտողները հարցազրոյցի իւրաքանչիւր յօժարակամ մասնակից կողմին կանխաւ տեղեկացուցած էին եւ առած էին անոր համաձայնութիւնը։ Հարցազրոյցներու մասնակիցներուն անվտանգութիւնն ու գաղտնապահութիւնը ապահովելու համար՝ «Մենք որոշած էինք բոլոր հարցազրոյցներու մասնակիցիներուն անուններն ու ազգանունները չհրապարակել» աւելցուց զրուցակիցս` Ք․ Ֆետորովիչ։
Գրեթէ բոլոր զրուցակից արցախահայերը՝ 27 սեպտեմբեր 2020 թուականի պատերազմը կը համեմատէին 2016-թուի ապրիլեան պատերազմի հետ ընդգծելով՝ 2016 թուի պատերազմ ուրիշ էր, նուազ լարուած էր։ Իսկ այս անգամ խաղաղ բնակչութիւնը այս տարողութեամբ պատերազմի պատրաստ չէր, նման պարտադրուած պատերազմ, յարձակում չէր նախատեսած, անոնք կը հաւատային որ ապահով են, զիրենք պաշտպանողներ ունին։ Նոյնիսկ երբ ազերիական յարձակումները ուժեղացան, մեծ մասը ինքնավստահ էր, որ հիմնական գործողութիւնները բազմաշերտ չեն, տեղի կ՛ունենան առաջնագիծի վրայ գտնուող զօրքերու միչեւ, եւ օրերու ընթացքին գրոհները կ՛աւարտին, եւ շուտով կը կարողանան իրենց բնականոն կեանքին վերադառնալ, ինչպէս պատահեցաւ 2016 թուականի ապրիլեան կարճատեւ չորս օրուայ պատերազմին։ Այդ պատճառով իրենց հետ չտարին սեփական թէ հաւաքական գոյքեր, իրեղեններ, փաստաթուղթեր, դեղօրայք եւ այլն։
Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ հաստատեց նաեւ՝ «Մեր զրուցակիցները շատ յաճախ կ՛օգտագործէին «Մեր տունը», «մեր բնակարանը», բազմիցս կրկնուող «տուն», «ընտանիք», «ընտանիքի անդամ»…բառերը, Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն համար, եւ մանաւանդ մշակութային ժառանգութեան հետ աղերսուած, յատկապէս՝ հաւատքի, քրիստոնէական կրօնքի աւանդութիւններու հետ կապը շատ զօրեղ է, արցախահայերու համար այդ չափորոշիչները ազգային ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներն են, անոնց համար գոյապայքարի եւ հայրենասիրական ամէնակենսական եւ անհրաժեշտ տարրեր են»։
Իրաւացի է լեհ ակադեմականին, գիտահետազօտողին խորիմաստ հաստատումը, բնականաբար կարելի է հաստատել, թէ հայու ազգային ընկալման մէջ «տուն»-ը հայ մարդու անվտանգութեան հիմքն է, որ կը միաձուլուի հողին հետ, կը նոյնանայ ընտանիքի ամբողջականութեան հետ։ Հայու տունի կորուստը, այս պարագային եւ հողի կորուստը, հայ ընտանիքի անվտանգութիւնը եւ յատկապէս տնազուրկ, հողազուրկ եւ մանաւանդ հայրենազուրկ դառնալը ոչ միայն ցնցած է արցախահայութեան հաւաքական կայունութիւնը, ապահովութեան զգացումը, այլեւ պատուհասած է անոր լինելիութիւնը, խաթարած է անոր գոյատեւութիւնը։
Գիրքին մէջ ակնյայտ են տարաբախտ ու խղճալի մարդկային բազմատեսակ իրավիճակներու բնութագրութիւններ։ Օրինակ մը յիշելու համար՝ հայր ու ամուսին կորսնցուցած ընտանիքի մը մէջ, այնքան զգացական ու ներգործող ուժեղ տպաւորութիւն թողած է հետազօտող խմբակի անդամներուն վրայ իրավիճակ մը, ուր
հայրը նահատակուած երեք տարեկան երեխան գրկած է զրուցավար եւ գիրքին համահեղինակ՝ Գոռ Օրտեանը ու երկար ժամանակ անոր կողքին մնալով չէ ուզած հեռանալ անկէ։ Անհերքելի ապացոյց է, թէ որքան ծանրաբեկ է երեխայի մը համար մարտական գործողութիւններէն ետք տուն չվերադառձող հօր կորուստը։ Հետազօտող խմբակի անդամները իբրեւ՝ ականատեսներ, զրոյցի ունկնդիրներ յատկանշական ձեւով վկայած, արձագանագած եւ ամրագրած են նման զգայացունց մարդկային իրավիճակներու ճշմարտութիւնները։

Լեհ ակադեմականներու նախաձեռնութեամբ նախագծուած ծրագրով եւ հայ գիտաշխատողներու համագործակցութեամբ իրականացած այս աշխատանքը եւ մանաւանդ լեհական պետութեան դրամշնորհի նիւթական ամբողջական ֆինանսաւորումով իրագործուած փաստավաւերագրական այս ուսումնասիրութիւնը, արգասաւորուեցաւ գիրքի մը հրատարակութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը ունի յատկանշական վաւերականութիւնը, որ կատարուած է 2020 թուի պատերազմէն անմիջապէս ետք, ուր տակաւին արցախահայութեան ցաւն ու վիշտը չէին սպիացած, չէր ցամքած տակաւին անողորմ պատերազմի խոցն ու վէրքը, պատերազմի արհաւիրքը, անձկութիւնը պապանձեցուցած էր արցախահայութիւնը։
Փխրուն խաղաղութեան պայմաններու մէջ գիտական յանձնառութիւնը իբրեւ առաքելութիւն համարող լեհ ակադեմականներու այս ծրագիրը, տագնապի անապահով վայր ժամանումը նման գիտական աշխատանք մը իրագործելու համար, տուեալ իրավիճակը բնութագրելու, ականատեսի յոյժ կարեւոր վկայակոչում մըն է, պայմանները ապացուցող հաւաստի ատաղձ մըն է, երախտապարտ եւ բարձր գնահատականի արժանի է։ Օտար մասնագէտներու նիւթաբարոյական մատակարարումով իրագործուած եզակի եւ օրինակելի վաւերական հիմք ունեցող այս ուսումնասիրութիւնն ու ներբողելի հրատարակութիւնը, յատուկ հնչեղութիւն ունեցող շահեկան աշխատասիրութիւն մը ըլլալով մէկտեղ, գլխաւորաբար՝ գիտավաւերական ամրագրում, ժողովրդագրական հաստատագրում մըն է արցախահայութեան եւ արցախեան 2020 թուի պատերազմի մարդաբանութեան։ Շատ ցանկալի է, որ այս գիրքին՝ հայերէն եւ այլ լեզուներու թարգմանութիւնը՝ անարգելք, հեզասահ եւ մատչելի դառնայ։
Պարտք է յիշել նաեւ, որ Արցախի ցաւալի կորուստէն եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք, լեհ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու կողմէ Արցախի եւ արցախահայութեան նուիրուած շարժապատկերները, զրոյցները, գիտաժողովները, հրատարակութիւնները վաւերագրական իրենց հիմքով գնահատելի պատմափաստագրական ներդրում են Արցախի եւ Արցախեան հիմնախնդրին, տուեալ պատմական ժամանակահատուածի իրազեկութիւնը կը ներկայացնեն [1][2]։ Լեհ գիտաշխատողներու գիտաուսումնասիրական այս աւանդը, ներկայիս ալ կը շարունակուի, յատկապէս երբ խումբ մը լեհ գիտաշխատողներ՝ յանդգնութեամբ, անդրդուելի համոզումով, հաստատակամ կը շարունակեն տակաւին ուսումնասիրել Արցախի իրավիճակը, արցախահայութեան հիմնահարցը՝ թարմացուած ուսումնասիրութիւններով, զրոյցներով եւ գիտաժողովներու միջոցառումներով։
Գերազանցօրէն գնահատելի է 8 Մարտ 2024 թուականին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի Միջազգային հետազօտութիւններու բաժամունքին մէջ եւ նոյն համալսարանի գիտաշխատող՝ փրոֆ․ Ռենաթա Քրուլ – Մազուրի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ կայացած՝ «Չճանաչցուած հանրապետութիւններ միջազգային իրողութիւններու համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի վիճակ» վերնագրով գիտաժողովը։ Հրաւիրուած փորձագէտ լեհ ակադեմականներ քննարակած են Լեռնային Ղարաբաղի փլուզման կանխատեսելի հետեւանքները։
Երկու կլոր սեղանի շուրջ, ուր մին կը մէկտեղէր՝ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, իսկ միւսը կը համախմբէր՝ քաղաքագէտներ, ընկերաբաններ եւ մշակութային մարդաբաններ, որոնք ուսումնասիրած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Ի հարկ է, նման գիտաժողովներ տեղի կ’ունենան հակառակ ազէրիական բոլոր տեսակի ճնշումներուն, հակադարձութիւններուն եւ բուռն խոչընդոտներուն հետ զուգահեռ, եւ մանաւանդ խաւիարային ախտի գարշելի քաղաքականութեան դրսեւորումներով։ Եթէ անցեալին այդ քաղաքականութիւնը կը կատարուէր անաղմուկ եւ թաքուն երդիքներու տակ, այսօր բացայայտօրէն կը կատարուի նիւթական ընծաներու խոստումներով, շեշտակի նիւթական առաջարկներու ուրոյն ոճով, անհիմն գիտական որակումով կեղծ ու զրպարտիչ ծրագիրներ իրականացնելու դրամաշնորհներու խրախուսանքով։
Յարակից բովանդակութիւն
Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։
Տիգրան Թերզեան արժանացած է հալէպահայութեան եւ այլ համայնքներու յարգանքին՝ իր յիսունամեայ բեղուն գործունէութեան համար։
Հայոց պատմութեան գրեթէ ամէն ինչի՝ քիչ թէ շատ նշանակալի որեւէ իրադարձութեան մէջ մենք ունինք դաւաճանի կերպար մը, ոչ թէ պարզապէս
Լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապները եւ «Ճինիշեան» հիմնարկը
Այսօր, «խօսինք ու լսենք» փոտքասթի մեր հիւրն է Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեանը: Ընդհանրապէս Լիբանանի եւ նաեւ հայ համայնքի դիմագրաւած տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ, «Ճինիշեան» հիմնարկը ի՞նչ աշխատանք կը տանի ընկերային կենսական կարեւոր ծառայութիւններ եւ օժանդակութիւն տրամադրելու կարիքաւոր հայերուն:
(Podcast-ի ձայնագրութիւնները կը կատարուին Սեդո Պաղտասարեանի սթիւտիոյին մէջ)
Յարակից բովանդակութիւն
Այսօր կը շարունակենք մեր զրոյցը դոկտ. Վարագ Գեթսեմանեանի հետ՝ «Քաղաքացիական պատերազմի աւանդներէն՝ համայնք եզրոյթի շահագործումը» խորագրեալ փոտքասթով: Յօդուածը կը բովանդակէ
Այսօրուայ հաղորդումին շարժառիթը կը հանդիսանայ Ազդակ օրաթերթի 14 Ապրիլ 2025 -ի թիւին մէջ հրապարակուած Վարագ Գեթսեմանեանի «Տեսակէտ. Յիսնամեակի խոհեր» վերնագրով
Հրապարակի վրայ է Լենա Պօղոսեանի Echoes of a Classroom գիրքը։ Այս գիրքը խորապէս անձնական ու խոհական մօտեցում մը կը դրսեւորէ
Խաղաղութիւն կեանքի՞, թէ՞մահուան համար
Հայկ Խաչատրեանի «Տիգրան Մեծ» պատմավէպի տեսարաններէն մէկուն մէջ, արդէն ծերացած արքայից-արքա Տիգրան կը զրուցէ իր հօր Արտաշէս Բարեպաշտի արձանին հետ եւ կարծես կը զեկուցէ իր ըրած-չըրածներուն մասին: Տիգրան Մեծ իր խօսքին մէջ նաեւ կ’ըսէ, որ քանի-քանիեր արշաւած են Հայքի վրայ եւ թէ որքան պայքարած է ինք: Պայքարած է, եւ երբեմն` զիջած, բայց զիջած է ուրիշներու հաշւոյն, ոչ թէ Հայքի: «Ես մէկ օր ալ չէի ապրեր աշխարհի մէջ, եթէ բախտը ստիպէր զիս թերեւս մէկ շիւղ զիջելու Հայքէն»,- կ’աւելացնէ արքայից-արքան:
Շատերը կը մտածեն, որ այս պարզապէս գեղեցիկ վէպ մըն է եւ մենք չենք գիտեր, թէ Տիգրան Մեծ այդպէս կը մտածէր, ու թերեւս ուրիշ շատ բաներ ալ կը մտածեն, բայց մենք գիտենք, որ «պտուղէն կը ճանչցուի ծառը» (Ղուկ. 6:43-45): Եւ նոյնպէս մարդն ալ՝ իր գործով: Ու արքայից-արքա Տիգրանը մենք կրնանք դատել իր գործով, այսինքն՝ իր թողած ժառանգութեամբ: Եւ ան ժառանգ թողեց հարուստ ու հզօր երկիր մը, առանց որուն կարծիքը հարցնելու մէկը միւսին դէմ պատերազմ չէր սկսեր:
Անցան հազարամեակներ ու մենք հիմա Տիգրան Մեծի կերպարին բազմաթիւ երեսները արդէն հեքիաթ կը համարենք: Հիմնականօրէն այն պատճառով, որ մենք արդէն շատ շատոնց Տիգրան Մեծ մը չունինք: Ու հիմա, երբ մեր ամբողջ հանրապետութիւնը ալեկոծուած է Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ ժամու սպասուող յարձակումի մը հաւանականութեամբ, կարելի է զարմանալ, թէ մենք ինչպէ՞ս ոչ մէկ ձեւով կը յաջողինք մեր մէջէն հանել եւ մէկ կողմ շպրտել այդ զիջումնային-յարմարուողական կեցուածքը: Կարեւորը այն չէ, թէ Ազրպէյճան քանի՞ գիւղ կամ մեթր հող կը պահանջէ, այլ այն, որ մենք պատրաստ ենք քննարկելու այդ պահանջը ի վնաս մեզի: Զիջիլ յանուն խաղաղութեան: Մեզի խաղաղութիւն պէտք է ապրելո՞ւ, թէ՞ մեռնելու համար: Ամէն խաղաղութիւն չէ, որ լաւ է: Ամենէն խաղաղը գերեզմանատունն է, այնքան խաղաղ, որ որեւէ ձայն վախ կը պատճառէ: Ու հիմա, երբ խաղաղութիւնը մէկ կշիռքի, իսկ զիջելու տրամաբանութիւնը միւս կշիռքին վրայ, հարց ծագի, զիջիլ որ ի՞նչ ըլլայ: Խօսքը օրուան քաղաքականութեան մասին չէ, ոչ ալ օրուան անձերուն, այլ՝ զիջումը որպէս սկզբունք ծամելուն:
Ենթադրենք, թէ զիջում կատարեցինք ու խաղաղութիւն շահեցանք, թէեւ աշխարհի մէջ չկայ ոչ մէկ պարագայ, որ երբ ոեւէ մէկը զիջում կատարէ ու անկէ բան մը շահի: Թերեւս միայն հարազատի մը կարելի է զիջիլ ու յուսալ, որ ան բարոյապէս կը գնահատէ այդ մէկը, բայց ոչ արիւնարբու թշնամին, որ նանոարհեստագիտութեան այս դարուն ալ տակաւին գլխատումներով զբաղած է: Չմոռնանք, որ վերջին երեսուն տարիներուն նոյն թշնամիին հետ չափած ենք մեր ուժերը: Չմոռնանք, որ հարիւր տարի առաջ ճիշդ նոյն թշնամին կը ծուատէր մեզ, եւ այդ նոյն թշնամի ցեղին միւս ներկայացուցիչները կը դառնային 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանները, երբ կը կոտորէին աւելի քան 1,5 միլիոն հայ: Տակաւին, ազրպէյճանցիներու դէմ պատերազմը նորէն բռնկեցաւ 2020-ին, եւ չնչին ընդհատումներով, բայց ամենօրեայ սպառնալիքով ու դանդաղ կայուն բռնազաւթումներով՝ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ահա անոնց կը պատրաստուինք զիջելու յանուն աներեւոյթ խաղաղութեան: Եւ եթէ նոյնիսկ, անոնք այդ բոլորէն յետոյ մեզի խաղաղութեան ձեռք երկարեն (որուն հաւատալն անկարելի է), ապա հարց կը ծագի, թէ ինչո՞վ պիտի զբաղինք մենք անկէ ետք: Ենթադրենք, թէ իրականացաւ խաղաղութիւնը: Աւելի քան վստահ եմ, որ պիտի շարունակենք նոյն ձեւով ծոյլ, անհեռատես ու յիմար լաւատես կեանքը, մինչեւ որ նոր փորձանք մը պատահի: Կա՞յ մէկը որ կը կասկածի, թէ անոր համար պատճառներ կը գտնուին: Մենք, որ 1994-ին չկրցանք հասկնալ, թէ ի՞նչ էր յաղթանակը, մենք, որ 2020-ին չհասկցանք, թէ ի՞նչ է պարտութիւնը, հիմա խաղաղութիւնը ինչներու՞ս է պէտք. այդ ալ մահաշունչ ու անդամահատուած խաղաղութիւն: Եւ եթէ միայն անոր համար, որ մեր հարազատները գոնէ այս պահուն մեզի հետ ըլլան, ապա արդեօ՞ք ներկայիս վտանգէն փրկելով, հաստատ մահուան չենք դատապարտեր զանոնք ապագային: Արդեօք մենք հայ ժողովուրդին ողնաշարը չենք փշրե՞ր ու անոր չենք սորվեցնե՞ր, որ խաղաղութիւնը զիջումով եւ խնդրելով ձեռք կը բերուի: Արդեօք կամքը չենք տկրացնե՞ր: Եւ այդ տկար ու յարմարող խաղաղութեան մէջ մենք ինչպէ՞ս պիտի ապրինք. ի՞նչ նպատակով ու ոգիով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ապագան: Մենք իրօ՞ք պատրաստ ենք զոհելու մեր ապագան` յանուն կիսատ-պռատ խաղաղութեան: Ներկայ պայմաններուն մէջ, այդ կը նմանի այն վիճակին, երբ ձմեռը, մարդ իր տունը կրակի կու տայ՝ քանի մը ժամ տաքնալու համար: Պարզ է, որ յետոյ պիտի սառի եւ մահանայ: Արդէն կարեւոր ալ չէ թէ կը մահանայ կամ ոչ: Տունը հրդեհելով տաքնալու անձնասպան միտքը սկզբունք մըն է, որ կը սպանէ դանդաղ ու աննկատելի:
Իբրեւ թէ գործնապաշտները կը նշեն, որ փիլիսոփայութիւնը պէտք է մէկ կողմ դնել հիմա եւ զբաղիլ իրականութեամբ, իսկ իրականութիւնը հիմա այն է, որ մենք բաւարար ուժ չունինք կռուելու կամ զիջում չկատարելու: Իսկ ե՞րբ ուժ ունեցած ենք: Հայոց քանի մը հազարամեայ պատմութեան մէջ, պատահած է՞, որ մենք գէթ մէկ անգամ նստած, հաշիւ ըրած ու յետոյ կռուի ելած ենք: Երբ գողն ու մարդասպանը կը յարձակին մէկու մը վրայ, ան նախ թուաբանօրէն կը հաշուէ, իսկ յետո՞յ կ’անցնի պաշտպանութեան: Այսինքն մենք հիմա կը հաշուենք, որ Հայաստանի անդամահատութեան դիմաց կ’արժէ խաղաղութիւն ստանալ: Ու նորէն հարց տանք, թէ այդ խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընենք: Խաղաղութիւնը պէտք է ապրելու համար, իսկ մենք դանդաղ կը մեռնինք: Խաղաղութիւն պէտք է բան մը ընելու համար, ոչ թէ լալու: Մեր խաղաղութիւնները ընդամէնը սուգի ընդմիջումներ են նոր ողբերգութիւններու միջեւ:
Որքան փոքր կը հնչեն «չորս գիւղ» բառերը, երբ անոնց դիմաց խաղաղութիւն կը խոստացուի: Չէ, կը ներէք, ոչ ալ կը խոստացուի, այլ մենք կը յուսանք, որ այդպէս կ’ըլլայ, ու նաեւ երբ կը նահանջենք ինչ-որ տեղ մը, ապա անկէ միւս կողմ իբրեւ թէ Ազրպէյճանը իրաւունք չ’ունենար մեր վրայ յարձակելու: Միթէ մեզ կը հանգստացնէ՞ այն միտքը, որ Ազրպէյճանը անիրաւ յարձակած է: Միթէ մեր թշնամիները ե՞րբ, առնուազն մէկ անգամ, արդարօրէն յարձակած, սպանած, աւերած ու ջնջած են: Այս ի՞նչ կործանարար գաղափար է: Մենք այդ զիջումային քաղաքականութեամբ գործնապէս զբաղեցանք 1994-էն սկսեալ, երբ միշտ կը բանակցէինք, թէ ազատագրուած տարածքները ինչպէ՞ս պիտի վերադարձնենք: Ո՞վ նման բան տեսած է: Հիմա ալ նոյն ձեւով:
Եւ ամէն անգամ, երբ վտանգը կը հասնի մեր դուռը, մեր հոգիին մէկ անկիւնը պահուած «հայ ազատագրական առասպելը» կրկին կը փայլի իր բոլոր ուժովը: Արդարութեան յաղթանակին սպասող այդ մոլագար կիրքը կը յամենայ, թէ մեզ կը պաշտպանեն, մեզի կ’օգեն, մեզ կը փրկեն: Եւ ամէն անգամ աւելի նոր հաւատքով, որովհետեւ «հիմա այլեւս այդ վայրենի ժամանակները չեն» մտայնութեամբ: Քանի մը տասնեակ հազար սպանուած ուքրանացիները, արաբները ու հայերը համամիտ պիտի չըլլային այս խելագարութեան , իսկ մենք ոչ միայն կը համաձանինք, այլեւ նոյնիսկ կ’արդարցնե՜նք զայն:
Հայոց պատմութիւնը մեծ դաս մըն է գոյատեւման մասին: Մեծ դաս մը խաղաղութեան արժէքին մասին: Ու եթէ զայն հիմա չհասկնանք, ապա այլեւս երբեք չենք հասկնար: Անոնք, որոնք այս օրերուն հարց կու տան, թէ ի՞նչ կրնանք ընել, մէկ պատասխան ունինք՝ ԴԻՄԱԴՐԵԼ: Առաջին հերթին դիմադրել մեր վախին, մեր մէջ թաքնուած զիջումի պատրաստ խնդրարկուին, իսկ յետոյ նաեւ դիմադրել բոլոր անոնց, որոնք ծուռ կը նային մեզի: Հանրապետութեան մէջ գոնէ յիսուն հազար հոգի կը գտնուի, որոնք ի վիճակի են կռուելու: Թող առաջին յարձակումին ատեն ազրպէյճանցիները տեսնեն չնահանջող, գրեթէ անձնասպանի մոլագարութեամբ կռուողները: Անոնք պիտի չառաջանան: Անոնք առաջ պիտի չգան, որովհետեւ ոչ ոք կը կռուի վախը կորսնցուցած մարդուն դէմ, որ ի զօրու է ընելու ամէն բան: Մենք հիմա անկիւն քշուած գազանի կը նմանինք: Մենք կա՛մ կը դառնանք ամենէն վտանգաւորը, կամ կը մտնենք վանդակ, իսկ արդարացումները կը մնան որպէս անհեթեթ զառանցանք:
Աշխարհի մէջ չէ եղած, չկայ ու պիտի չըլլայ վիճակ մը, երբ թոյլը կը զիջի ու խաղաղութիւն կը ստանայ: Թող չխաբեն ձեզ ժամանակակից համատարած բառերը, շլացնող յաւելուածները, փայլփլուն ճառերը եւ կենցաղային հրաշքները: Խաղաղութիւնը երազ մըն է, զոր կ’երազեն բոլորը՝ անհատէն մինչեւ ժողովուրդներ: Եւ այո՛, խաղաղութեան համար կարելի է եւ պէտք է զոհել բան մը: Զոհել, ոչ թէ զիջիլ. իմաստաւորուած զոհ` նահատակ, ոչ թէ անյոյս խաղամոլի նման կրկին ու կրկին նոյն կոճակը սեղմել՝ յուսալով, որ այս անգամ bingo կը ստացուի: Բայց մենք կը սպասենք, կը սպասենք ու յոյս ունինք. խելագարի յոյս՝ թոյլի ու ծոյլի յոյս, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:
Եթէ չկարողացանք առնուազն մէկ անգամ միաւորուիլ ու սպասել, որ վաղը բան մը կ’ըլլայ, որ վաղը աւելի լաւ կ’ըլլայ, ապա կը սպասենք ու կը յուսանք այնքա՛ն, մինչեւ ուրիշ «վաղը» մեզ կը գլորէ գերեզման:
Իսկ գերեզմանին մէջ ալ կը դադրինք սպասելէ եւ յուսալէ:
Արայիկ մկրտումեան
Երեւան, 21 մարտ
Յարակից բովանդակութիւն
Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ
Իսկ կրնա՞նք: Կրնա՞նք ինչ որ բան պարտադրել Թուրքիոյ: Գործնականօրէն, գետնի վրայ, կրնա՞նք պարտադրել, ստիպել, համոզել: Ոչ թէ իրարմէ պահանջել ու
Կը մնայ միայն յիշել մեր խոկումի եւ ինքնադատութեան կողմնացոյցը, եւ մանաւանդ յիշեցնել՝ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ հարկաւոր է համազգային կամքով՝ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ, ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Պոլսահայ մտաւորականներ հալէպահայ կրթական կեանքին մէջ
Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 1947-ին, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պաշտօնական բացումը կը կատարուի: Կանոնաւոր դասաւանդութիւնները կը սկսին 16 հոկտեմբեր 1947-ին:

Մինաս Թէօլէօլեան
Մինաս Թէօլէօլեան ծնած է 24 նոյեմբեր 1913-ին, Պարտիզակ (Պահչէճիք), Պոլսէն 55 քմ. հարաւ-արեւելք: Մահացած է Պոսթըն, 1997-ին: Յաճախած է Պարտիզակի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը։ 1922-ին, Իզմիրի ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը: Հայ ուսուցիչ, արձակագիր, հրապարակագիր ու խմբագիր, նուիրուած կրթական մշակ Մինաս Թէօլէօլեան ապրած է աստանդական կեանք մը Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս եւ Միացեալ Նահանգներ։
Հայրն է գրականագէտ, սփիւռքագէտ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի:
1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի ենթակայ կը դառնայ, այս անգամ վերջնականապէս կը հեռանայ Թուրքիայէն եւ կը հաստատուի Սուրիա: Հալէպի մէջ, եղած է «Արեւելք» օրաթերթի խմբագիր: Քանի մը խմբագրականներ ունի նորաբաց ճեմարանին մասին: Եղած է նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ: 1948-1955 նախ այցելու, իսկ 1952-էն սկսեալ մնայուն ուսուցիչ հայերէնի եւ հայ գրականութեան, Մինաս Թէօլէօլեան ուսուցչութեան կը կոչուի Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ: Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ եւ հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա. Փայասլեանի եւ պետական երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի առաջարկով, Թէօլէօլեան 1948-ին կը նշանակուի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջին տնօրէն բայց ի պատիւ Զարեհ սրբազանի ՝ կը կոչուի դեր-տնօրէն եւ այդ պաշտօնը վարելով մինչեւ 1956:

Անոր օրով ճեմարանը կ’որդեգրէ պաքալորիայի պետական ծրագիրը: Կը հրատարակուի «Բամբիռ» աշակերտական պարբերաթերթը: Մ. Թէօլէօլեանի կինը՝ Գոհար Թէօլէօլեան եղած է Ճեմարանի դաստիարակ-ուսուցչուհի, մնայուն վարիչ դպրոցի կարգապահութեան եւ ուսումնադաստիարակչական գործունէութեան, գիտութեան եւ ուսողութեան ուսուցչուհի:

Թէօլէօլեան Հալէպի մէջ կը պատրաստէ «Քերականութիւն Արդի Հայերէնի» երկհատոր դասագիրքը (1950, Հալէպ , Հրատարակութիւն Ուսումնական Խորհուրդի) եւ հայ նոր գրականութեան շուրջ ներկայացուցած իր դասախօսութիւնները կը հրատարակէ երկու հատորով՝ «Դար մը Գրականութիւն– 1850-1950» խորագրով (Ա. Հատոր, 1956. Բ. հատոր, 1956, Գահիրէ): Երկու հատորներն ալ շրջան մը կը գործածուին իբրեւ դասագիրք (Աղբիւր՝ Յակոբ Չոլաքեան, «Յիսնամեակ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի», 1947-1997):

Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն – 1850-1950» երկհատորեակը նաեւ այս օրերուն կը հանդիսանայ հայ գրականութիւն ջամբող որեւէ դասագրքի անբաժան ընկերակիցը եւ լրացուցիչը: Թէօլէօլեան իր ընդգրկած ժամանակաշրջանի հայ գրականութեան կապուած բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ գրողի մասին, կը փոխանցէ խօսք եւ խորհուրդ, որոնք հիմնական նշանակութիւն կը ներկայացնեն նորահաս սերունդին հայեցի լիարժէք կազմաւորման համար:

Վերջին տարուան շրջանաւարտներէն խումբ մը Պր. Թէօլէօլեանի ողջերթի եկած են Հալէպի օդակայան:
1956-ին քաղաքական պատճառներով կ’արտաքսուի Սուրիայէն եւ կը հաստատուի Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի կը ստանձնէ ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագիրի պաշտօնը: 1957-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր երեք տարի կը վարէ Ազգ. Ս. Նշան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն կը բերէ ինչպէս Լիբանանի «Ազդակ», նոյնպէս եւ Փարիզի «Յառաջ» դաշնակցական թերթերուն:
1960-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան կը գործուղուի ու կը հաստատուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1962-էն սկսեալ մինչեւ 1979 կը վարէ «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը` միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» գրական ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար կ’աշխատակցի «Հայրենիք»-ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին:
Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը կ’ըլլայ յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին` 1969-ին Պէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ, 1986-էն սկսեալ, Աթէնքի մէջ ուղղակի «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին:
Մինաս Թէօլէօլեան Դաշնակցութեան գաղափարական պատնէշին վրայ արթուն պահակի իր առաքելութեան տէր կը կանգնի մինչեւ վերջ, մինչեւ 18 մարտ 1997, երբ առյաւէտ կը փակէ հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն վրայ միշտ սեւեռուն պահած իր հայեացքը: (Աղբիւր՝ Ն. Պէրպէրեան)
Արեգ Տիրազան (բուն անունով Օննիկ Պասմաճեան)
Արեգ Տիրազան կը հանդիսանայ յետեղեռնեան պոլսահայ գրականութեան ամէնէն ուշագրաւ դէմքերէն մէկը, մինչեւ անկէ հեռանալը:
Ծնած է 1902-ին, Պուրսա: Պոլիս փոխադրուելով, կը յաճախէ Փանկալթա շրջանին մէջ Յովհաննէս Հինդլեանի հիմնադրած «Նոր դպրոց» վարժարանը, որ իր դռները բացած էր 18 հոկտեմբեր 1909-ին, որմէ ետք Արեգ Տիրազան ուսումը շարունակած է ինքնաշխատութեամբ:
Արեգ Տիրազան 1920-ականներէն սկսեալ դասաւանդած է Պոլսոյ Հինդլեանի «Նոր դպրոց», Պէրպէրեան, Մխիթարեաններու լիսէ եւ Լուսաւորիչեան վարժարաններուն մէջ: Տեղին է նշել, որ 1912-ին, Պէյօղլուի Լուսաւորիչեան վարժարանին տնօրէն եղած է Մեծ Եղեռնի նահատակ գրագէտ Դանիէլ Վարուժանը մինչեւ իր ձերբակալութիւնը, 1915: Վարուժան միաժամանակ որպէս այցելու ուսուցիչ կը դասաւանդէր նաեւ Հինդլեան, Նիկողոսեան եւ Դպրոցասէր վարժարաններուն մէջ։
Պոլսոյ «Թարգմանչաց» վարժարանի մէջ, Արեգ Տիրազան եղած է Մինաս Թէօլէօլեանի հայերէնի ուսուցիչը:
Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջին տնօրէն Մինաս Թէօլէօլեան 1957-ին մեկնած է արդէն: Տնօրէնի պաշտօնով Պոլիսէն Քարէն Եփփէ ճեմարան կը հրաւիրուի Արեգ Տիրազան, որ սակայն փաստօրէն կը մնայ հայագիտական բաժնի վարիչ-ուսուցիչը: Կը կազմուի տնօրէն խորհուրդ մը՝ Կարապետ Սապունճեանի եւ Գէորգ Տօնապետեանի գործակցութեամբ, թէեւ խնամակալութեան յղուած տեղեկագիրները իբրեւ տնօրէն կը ստորագրէ Արեգ Տիրազանը:
Արեգ Տիրազան իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը դարձնէ հայագիտական բաժնին: Իր պաշտօնավարութեան երկու տարիներուն ընթացքին, 1956-1957 եւ 1957-1958, փաստօրէն ան հոսանքն ի վեր կը թիավարէր հայեցի դաստիարակութեան նախկին կարելիութիւնները պահելու ու պահպանելու իր ճիգին մէջ:

Իբրեւ հայագիտական ճիւղի վարիչ եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ, ան ամենէն առաջ կը ձեռնարկէ նիւթերու ծրագրային եւ դասագրքային պակասները լրացնելու աշխատանքին: Պոլսոյ Ուսումնական Խորհուրդին լիսէական ծրագիրը աչքի առաջ ունենալով, ան անձամբ կը մշակէ ծրագիր մը, իսկ երկրորդին պարագային, ընդօրինակութեան կամ խմորատիպ տպագրութեան միջոցով, բոլոր դասարանի կարգերուն համար համապատասխանաբար կը պատրաստէ «գրականութեան գիտելիքներ», «գրականագիտական անհրաժեշտ ծանօթութիւններ գրական դպրոցներու եւ եւ գրելու արուեստի մասին» , «գրական շրջաններու եւ դէմքերու մասին» տեսութիւններ, աշակերտներուն պատրաստել կու տայ «հատընտիր էջեր ու տետրակներ»:
Արեգ Տիրազան 1956-ին ի գործ կը դնէ հայագիտական նիւթերու իր ծրագիրը ճեմարանին մէջ, կը կազմէ գրականութեան պատմութեան ձեռնարկ մը՝ «Համադրոյթ հայ գրականութեան պատմութեան (հրատարակուաած Հալէպ, 1958, տպարան Արեւելք), որ իբրեւ դասագիրք կը գործածուի Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութեան» հետ, 8-11-րդ կարգերու աշակերտներուն համար:
Հոս նշենք, որ 1956-1957 տաեշրջանին, ճեմարանի նախապատրաստական 6-րդ, 7-րդ 8-րդ եւ 9-րդ դասարանները կանոնաւորապէս կը սկսին հետեւելու պետական արաբական ծրագրին: Այդ տարեշրջանին, առաջին անգամ ըլլաով 8-րդ կարգի աշակերտները կը ներկայանան պետական պրէվէի քննութեան (Աղբիւր՝ Յակոբ Չոլաքեան, «Յիսնամեակ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի», 1947-1997):
Իբրեւ նուիրուած կրթական մշակ, Տիրազան ապրած է թափառական կեանք մը՝ Սուրիա, Կիպրոս, Լիբանան եւ Ֆրանսա: Պոլսոյ մէջ անոր հրատարակուած գործերն են «Արիւն եւ Ծաղիկներ» (վիպակ) – Իսթանպուլ, 1929, «Երրորդի Ստուերով» (վիպագրութիւն) – Իսթանպուլ 1933, «Գազանը Աստուած մը կ’ուզէ» (վէպ) – Իսթանպուլ 1955, «Փորձի կաւ» (վէպ) – Իսթանպուլ 1979 (Աղբիւր՝ «Ժամանակակից Իսթանպուլահայ գրողներ», Ա. Հատոր, էջ 425, աշխատասիրութիւն՝ մատենագէտ, բանասէր Կարօ Աբրահամեան):
Արեգ Տիրազան մահացած է Փարիզ, 1987-ին:
Առ ի տեղեկութիւն.-
Քարէն Եփէէ Ճեմարանի հայագիտական բաժնէն շրջանաւարտներ եղած են պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան (1952-1953 Ա. Հունձք), գրող Յակոբ Պալեան, ուսուցիչ-տնօրէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անխոնջ նուիրեալ Երուանդ Տեմիրճեան , Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի տնօրէն Երուանդ Մոնոֆարեան (1955-1956, Դ. Հունձք):
Ոտքի, ձախէն աջ, Երանուհի Ջաղացպանեան, Հրայր Աւետեան, Գէորգ Չալըգեան, Երուանդ Փամպուքեան, Յասմիկ Նաճարեան
Ոտքի, ձախէն աջ, Երուանդ Մոնոֆարեան, Յակոբ Պալեան,, Անայիս Գլըճեան, Լուսին Կարապետեան, Թագուհի Մալոյեան, Ասատուր Ասատուրեան, Երուանդ Տէմիրճեան բացակայ է, Յակոբ Փափազեան
Ճեմարանի եւ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներ, խնամակալութեան ատենապետ – ծագումով՝ Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա
- Հրաչ Փափազեան Եոզկաթ ծնած 1892-ին, Ճեմարանի հիմնադրութեան ընթացքին իր կատարած դերէն աւելի կարեւոր գործունէութիւն ունեցաւ հետագային, երբ 1949-սկսեալ մինչեւ Լիբանան իր մեկնումը՝ 1957, շուրջ ութը տարի եղաւ ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ:
- Յովհաննէս Տէր Պարսամեան, ծնեալ Խարբերդ, 1908-ին: Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը: 1950-1956 կը պաշտօնավարէ Ճեմարանին մէջ իբրեւ «ներքին կեանքի պատասխանատու վարիչ եւ վարչական պաշտօնեայ: 1952-էն ետք՝ ընդհանուր հսկիչ եւ ուսուցիչ անգլերէն լեզուի:
- Արփիար Գարամանլեան, ծնեալ Մարաշ, 1908-ին: Նախկին միաբան վիեննայի Մխիթարեան Ուխտի: 1954-էն մինչեւ իր մահը եղած է Ճեմարանի հայերէնի, գրաբարի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մնայուն ուսուցիչ եւ գրադարանավար:
- Պարգեւ Միսիրեան, ծնեալ Այնթապ, 1911-ին: 1934-1942 եղած է հայերէնի ուսուցիչ Թէլ Ապիատի, Ճարապլուսի եւ Լաթաքիոյ ազգային վարժարաններուն մէջ: 1970-1988 եղած է Ճեմարանի հաշուապահ եւ առաջին հինգ տարին նաեւ գրադարանավար:
- Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Այնթապ, 1914-ին : Անդրանիկ որդին է սասունցի ծնողներու։ Պաշտօններ վարած է Հալէպի Ազգ. Հայկազեան եւ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ: Մահացած Պէյրութ, 1986-ին:
- Եզեկիէլ Թորոս, ծնեալ Խարբերդ, 1915-ին: 1963-1976 նկարչութեան այցելու ուսուցիչ Ճեմարանի միջնակարգին մէջ: Պաշտօնավարած է նաեւ Լազար Նաճարեան վարժարանին մէջ: Ծանօթ գեղանկարիչ:
- Նշան Զարզաւաթճեան, ծնեալ Տիգրանակերտ, 1916-ին: 1956-1975, մինչեւ իր մահը պաշտօնավարած է ճեմարանին մէջ: 1956-1962 եղած է գիշերօթիկի պատասխանատու, ապա գոյքապահ եւ գրադարանի պատասխանատու:
- Միսաք Սիսեռեան՝ (Միսաք Ուլնեցի) գրչանունով, ծնեալ Զէյթուն, (անցեալին կոչուած է Ուլնիա բիւզանդական Ուլնիա բնակավայրի անունով) 1888-ին: 1926-էն 1928, Միս Եփփէի որբանոցի տնօրէնութիւնը ստանձնած է, ապա 1928-էն 1932 եղած է Տէր Զօրի Ազգային վարժարանի տնօրէնը եւ դպրապետը: 1932-էն 1953, դասաւանդած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ: Կը մահանայ 1954-ին: Միսաք Սիսեռեան (Մ․ Ուլնեցի) հեղինակ է «Պատմութիւն Զէյթունի, 1409-1921» եւ «Անաւարտ պահեր» քերթուածներու ժողովածու:
Յարակից բովանդակութիւն
Լեցուն սրահի մը առջեւ բեմադրուած Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերախաղը հմայեց ներկաները իր անկեղծ զգացումներով, հարազատ թեմաներով, հիւմըրով եւ խորիմաստ պատկերներով,
Առաւօտեան շշուկով երազի պէս ես դու,
Հեռուից արշալոյսի քնքուշ, փայլող աչքերով,
Քո շուրթերը զարդարուած վարդագոյն երանգով,
Այտերդ կարմրում են առաւօտեան հպումից:
Ամէն տարի, 21 ապրիլին՝ իր ծննդեան օրը, Հայաստանի հանրապետութեան ժողովրդական նկարիչ Վալմար (Վլադիմիր Մարգարեան) արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ հաշուետուութիւն մը