Զատիկ է…ո՞ւր է մեր բուրալի «քէղքէն»

Լենա Պօղոսեան

– Քէղքէին քիլոն քանի՞ է.

– իսկ ընկոյզո՞վը.

– հապա արմաւո՞վը.

– աղով ալ ունի՞ք…

Այս հարցումները լսելով եւ քէղքէի անուշ բոյրին հրապոյրով կը վերադառնայինք դպրոցէն տուն: Շատ չանցած արդէն կը հասնէինք շուկային կեդրոնը, ուր տեղ-տեղ տանտիկիններ հաւաքուած խանութերու դիմաց՝ կը սակարկէին խանութպանին հետ: Մէկը կ’ըսէր «ալիւրը քովդ ինչո՞ւ աւելի սուղ է», ուրիշ մը՝ «երէկ աւելի յարմար էին ընկոյզին ու պիստակին գիները», իսկ շփոթի մատնուած խանութպանը չէր հասներ պատասխանելու տիկիններու կարկուտի պէս տեղացող հարցումներուն:

Այս կը պատահէր Ծաղկազարդի յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ երկարող օրերուն, այլ խօսքով՝ Աւագ շաբթուան ընթացքին, Ս. Զատիկի նախօրեակին: Մինչեւ տուն հասնինք, կը հանդիպէինք բազմաթիւ ծանօթ դէմքերու: Մեր բարի, հիւրասէր եւ առատաձեռն մամիկներուն ու տատիկներուն սովորութիւնն էր երբեմն մեզի հրամցնել հատ մը այդ համեղ քէղքէէն, իսկ մենք շատ ուրախ կը համտեսէինք այդ տօնական առաջին բոկեղներէն եւ այսպէս ճամբան արդէն քանի մը հատ ուտելէ ետք, կուշտուկուռ կը հասնէինք տուն:

Այդ շաբաթը բաւական աշխատանք կը սպասէր մեզի…

Հայերուս մէջ, շատ հինէն տարածուած է Զատկուան առիթով զանազան պատրաստութիւններ տեսնելու սովորութիւնը: Հայերը անշուշտ առանձին չեն, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ: Սովորոյթներու առումով, Զատիկը հիմնական տօն է շրջանի քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Մեր մեծերը կը պատմէին, թէ իւրաքանչիւր հայկական շրջան, գիւղ, քաղաք, իրեն յատուկ ոճով եւ բաղադրութեամբ կը պատրաստէր Զատկուան քէղքէն, ինչպէս՝ հայկական չէօրէկը, քաթան, շուշմայով, աղով կամ շաքարով սովորական քէղքէն, բոլորը՝ բուրալի ու համեղ…

Մեզի համար, իբրեւ պատանի աղջիկներ, թէեւ շատ սիրելի էր համեղ քէղքէներ ուտելը, բայց եւ այնպէս անոր պատրաստելը կը մտահոգէր մեզ եւ յաճախ կը մտածէինք ձեւ մը գտնել ու փախուստ տալ այս միօրեայ, մինչեւ ուշ ժամերը աշխատելու ծանր լուծէն: Եթէ հարցնելու ըլլաք ինչո՞ւ, պատճառներուն հիմնականը՝ մօրս ընտանիքին մէջ պապենական սովորութիւն դարձած էր քէղքէն մէկ կամ երկու քիլո չեփել, նուազագոյնը տասը քիլո, այո՛ տասը քիլո, իսկ երբեմն ալ աւելի: Երբ հարց կու տայինք, թէ ինչո՞ւ այսքան մեծ քանակով պէտք էր պատրաստուէր, ամէն կողմէ ձայն մը կը բարձրանար. «դպրոց կը տանիք եւ կ’ուտէք», «հայրիկն ալ գործի կը տանի», «թաղը ծերունի մը կայ, պէտք է անոր ալ բաժին հանենք», կամ գլուխ գործոց պատասխանը՝ «շուտով կը վերջանայ, ինչ է որ տասը-տասնհինգ քիլոն»:

Խոյս տալու երկրորդ պատճառը մօրս համաձայնութիւնն էր իրեն մտերիմ տանտիկիներուն հետ, որ այդ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը յատկացուի տան մը՝ հաւաքաբար քէղքէի պատրաստութեան նպատակով. հոն պէտք էր երթային իրարու օգնելու, իրենց համար սրբազան նկատուած գործին յաջողութեան համար: Իսկ մենք՝ դպրոցական պատանիներ, պէտք էր մեր մօրը ընկերակցէինք եւ միանայինք աջակցող բազմաթիւ ձեռքերուն:

Մեր տան քէղքէին պատրաստութիւնը արարողութիւն էր: Մէկ օր առաջ, բոլոր բաղադրութիւնները պէտք էր կշռուէին ու դրուէին խոշոր տաշտի մը մէջ, խոհանոցին կեդրոնը՝ շաղուելու պատրաստ: Պէտք էր խաչակնքուէր այդ խիւսը, ապա վրան ծածկուէր ու սպասէր յաջորդ առտուան բարի լուրին. արդեօք ո՞վ պիտի ըլլար խիւսը ուռած վիճակի մէջ առաջին տեսնողը ու մայրս գիտնար, որ «մայան եկած է»: Լաւ կը յիշեմ օր մը, տակաւին փոքր, կանուխ արթթնալով փորձեցի բանալ ու տեսնել թէ ո՞վ է այդ «մայան», որ կու գայ, ու զարմանքով տեսայ, թէ տաշտէն շատ վեր բարձրացած էր խիւսը՝ գրեթէ դուրս թափելու չափ, ու անմեղութեամբ անմիջապէս մայրս արթնցնելով պոռացի. «խմորը տաշտէն դուրս կը փախի, մայան եկաւ ու կը տանի…»: Բոլորը արթննալով խոհանոց վազեցին ու գոհունակ նայուածքով մայրս ըսաւ. «շուտով գործի լծուելու ենք»:

Այդ կէսօրէ ետքը, ճաշելու ժամանակ չէինք ունենար, ոչ հանգստանալու, ոչ ալ յաջորդ օրուան դասերը պատրաստելու: Տունը պատրաստելէ ետք, քէղքէները կը տանէինք թաղին փուռը, ուր ժամեր ափսէնրու մէջ շարելէ ետք, պահակներու պէս պիտի սպասէինք, թէ չըլլայ մեր քէղքէները ուրիշիներու հետ խառնուին: Երեկոյան, արդէն յոգնած ու սպառած, տուն կը վերադառնայինք մեր հռչակաւոր բուրաւէտ քէղքէներով:

Յաջորդ օրը, անճրկած, մենք բացատրութիւն կը փնտռէինք ուսուցիչներուն հասկցնելու, թէ քէղքէ պատրաստած ենք ու մեր դասերը պարաստելու ժամանակ չենք ունեցած: Բարեբախտաբար, մօրս քէղքէները այդքան համեղ կ’ըլլային եւ քանակով շատ, որ յաջորդ օրը խոշոր տոպրակով կը տանէի դպրոց ու ճարպիկութեամբ մը, իւրաքանչիւր դասապահէ առաջ կը հիւրասիրէի ուսուցիչներս ու կամացուկ մը կը հասկցնէի, թէ ամբողջ օր մը տրամադրած էինք այս համեղ բոկեղներու պատրաստութեան: Կարծես մեր հայ ուսուցիչներն ալ նոյն ճամբայէն անցած էին ու անոնցմէ շատերուն դէմքին վրայ թեթեւ ժպիտ մը կ’ուրուագծուէիր:

Այդ շաբաթը ամէն կողմէ համեղ քէղքէի բոյրերը կը կախարդէին մեզ, մեր թաղերը, շուկան: Մեր մեծ մամիկները կ’ըսէին, թէ Զատկուան քէղքէին հոտը սովորական քէղքէի հոտէն տարբեր կ’ըլլայ. կարծես պատմութիւն ու յատուկ նշանակութիւն մը ունէր: Դպրոցը, բոլորս մեր պայուսակներէն կը հանէինք մեր քէղքէի բաժինները ու կը հիւրասիրէինք զիրար: Ամէն կողմ քէղքէ կ’ըլլար: Նոյնիսկ թուաբանութեան պահուն, կը սկսէի զէրոները ոլորուած քէղքէներու նմանցնել, «օ» տառն ալ…

Ամէն կողմ քէղքէի պատմութիւններ կը լսուէին: Տիկիններ կը հպարտանային իրենց աշխատանքով, իրենց գործածած ալիւրով կամ իւղով, բայց մանաւանդ՝ իրենց եփելու վարպետութեամբ:

Հոս չ’աւարտիր պատմութիւնը: Այդ շրջանին, պարզ այցելութեան կամ Զատկուան տօնը շնորհաւորելու առիթներով, պայման էր հիւրասիրուիլ քէղքէով: Կարելի՞ էր մերժել, անկարելի բան ու մեծ անարգանք. հիւընկալը պիտի կարծէր թէ չես սիրած իր պատրաստած քէղքէները, ուստի ամօթ է կ’ըսուէր մեզի: Ստիպուած, օրը տասնեակ մը քէղքէ կ’ուտէինք…

Մեծ կարօտով կը յիշեմ այդ օրերը ու կը տատամսիմ բաղդատելու մեր օրերուն հետ, երբ կը նահանջեն աւանդութիւններ, հաւատք ու բարքեր…

Կը փնտռեմ քէղքէով բուրող մեր համեստ բայց հպարտ թաղերը:

Քրիստոն Յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի: 

1 Comment

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.