Սեդա Մանկասարեանի ազգանուէր գործունէութիւնը Հալէպ, Էմիրութիւններ եւ Գանատա (Ա. Մաս)

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ գաղութին հիմնադրութեան ընդունուած թուականը կը նկատուի 1980-ը: Սյդ տարիէն սկսեալ, Ազգային վարչութիւններու կազմակերպչական ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ, համայնքը կամաց-կամաց կը ձեւաւորուի եւ այսօր արդէն ունինք հաստատուած գաղութ մը:

90-ականներէն, Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէջ իր ներդրումը կ’ունենայ նաեւ Սեդա Մանկասարեան:

Հալէպի մէջ ազգային, միութենական, մշակութային ու ընկերային բեղուն գործունէութիւն մը ունենալէ ետք, Սեդա Մանկասարեան իր միութենական աշխոյժ կեանքը ետին ձգած` կը հաստատուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Դիւրին չէր Սեդային համար հեռանալ Հալէպէն ու անոր կենսալի կեանքէն: Ան Ս.Օ.Խ.-ի արծուիկներու միաւորին մաս կը կազմէ 1981-1992, եւ Բ. Կարգի վկայական ստանալէ ետք, մասնաճիւղի խորհուրդին հրաւէրով կը ստանձնէ Ս.Օ.Խ.ի «Անի» մասնաճիւղի արծուիկներու պատասխանատուութիւնը (աքելա): 1982 – 1991 կը մասնակցի սկաուտական տարեկան ամառնային բանակումներու Քեսապի մէջ:

Սեդա Ազգ. Հայկազեան վարժարանը կ’աւարտէ 1981-ին, իսկ Քարէն Եփփէ Ճեմարան կը յաճախէ 1981-1985, ապա՝ Տնտեսական երկրորդական ուսումնարանը, զոր գնահատագիրով կ’աւարտէ 1989-ին: 

1990-էն սկսեալ կ’անցնի կեանքի ասպարէզ եւ կ’աշխատի Սանոսեան ընտանիքի առեւտրական հաստատութեան մէջ, որպէս քարտուղար/հաշուապահ եւ միեւնոյն տարին, կը ստանձնէ հաշուապահութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզին (Ազիզէի), ուր նաեւ որպէս օգնական կը ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզի ընդհանուր պատասխանատու (գնումներու ե պաշտօնեաներու ամսականներ) Անդրանիկ Մելիքեանին:

1991-1992 կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին:

Նստած ձախէն աջ: Քոյր Քնար Ֆրունճեան այժմ մահացած, քոյր Մարալ Տիկպիկեան, եղբ. Մանօ Քէօշքերեան , եղբ Միհրան Կարապետեան այժմ մահացած, քոյր Սեզա Նշանեան: Ոտքի ձախէն աջ եղբ. Վիգէն Սէմէրճեան, քոյր Ֆլօրա Կիրակոսեան, եղբ Սագօ Փոլիսաճեան, եղբ. Վիգէն Գապագեան, եղբ Րաֆֆի Փալանճեան: Ոտքի 3 կարգ ձախէն աջ քոյր Սեդա Մանկասարեան, քոյր Զեփիւռ Ֆրունճեան, եղբ Յակոբ Գահվէճեան այժմ մահացած:

Նստած ձախէն աջ Թամար Աւետեան, Անի Կպինեան եւ Սեդա Մանկասարեան –
Ոտքի ձախէն աջ  Սալբի Աւետեան, Լենա խարաճեան եւ Նելլի Գէորգեան
Ձախէն ոտքի 2-րդ շարք, Սեդա Մանկասարեան (5-րդ)

10 փետրուար 1993-ին, առաջին անգամ ըլլալով Սեդա կը հեռանայ ծննդավայրէն ոչ թէ պտոյտի, այլ աշխատանքի՝ քրոջը՝ Շաքէին քաջալերանքով: «Պիտի մոռնայի Հալէպի միութենական կեանքս, երկար տարիներու ծառայութիւնս, սակայն յոյս ունէի նոյն ճամբան շարունակելու Էմիրութիններու մէջ», կը յայտնէ Սեդա: Շատ չանցած, Ապրիլ 1993-ին, կը ստաձնէ իր առաջին պաշտօնը Նորվեկիական Ճարտարագիտական Խորհրդատու ընկերութեան մը մէջ:

Նոյն թուականի մայիսին, կը ստանայ ժողովի հրաւէր մը մասնակցելու Շարժայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց «Երիտասարդաց Յանձնախումբ»-ի տարեկան ժողովին, ուր կ’ընտրուի ընդհանուր ժողովի քարտուղարուհի: Ու այսպէս կը սկսի անոր միութենական ճանապարհը Արաբական Էմիրութեանց մէջ:

ԱՄԷ-ի գաղութի քարտուղարութիւն, 1993-1995

Գաղութին մէջ գործունեայ անդամ,  Սեդային կը վստահուի  ծառայասիրական  պաշտօններ: Կը ստանձնէ գաղութին ու եկեղեցւոյ կամաւոր քարտուղարուհիի պաշտօնը, երբ հայ գաղութը  տակաւին եկեղեցի եւ հայկական կեդրոն չունէր: Գաղութին առնչուող գործունէութեան վայրն էր հոգեւոր հովիւին բնակավայրը: Ապրիլին 1993-ին, Էմիրութիւններու հայ գաղութը կ’ունենայ  իր առաջին մնայուն հոգեւոր հովիւը յանձին Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեանի, (այժմ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ), որուն հետ կ’աշխատի որպէս հայ համայնքի քարտուղարուհի: Հայր Բաբգէն կը ծառայէ երկուքկէս տարի մինչեւ Նոյեմբեր 1995:

Այդ օրերուն, հաղորդակցութեան արդի միջոցներ գոյութիւն չունէին, հետեւաբար բաւական դժուար էր համայնքի անդամներուն հետ կապ հաստատել: Այդ գործը կը վստահուի Սեդային, ու ան առանց տատամսելու կը կատարէ այդ պարտականութիւնը: Կար ֆաքսի միջոցը, որու ճամբով կը փոխանցուէին եկեղեցւոյ եւ ազգային վարչութեան կամ ազգային վարչութեան տակ գործող յանձնախումբերու յայտարարութիւնները:

 Հայր Բաբգէնի մեկնումէն ետք, ան կը շարունակէ կամաւոր քարտուղարութեան աշխատանքը շաբաթական երկու օր, երեկոյեան ժամը 7- 9:30: Աշխատանքը կ’ընդգրկէր նամակագրութիւններ, յայտարարութիւններ պատրաստել եկեղեցւոյ, Ազգային վարչութեան, երիտասարդաց յանձնախումբին, թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի եւ հոգաբարձութեան: Նաեւ՝ համայնքին անուանացանկը սրբագրել ու թարմացնել, ել-նամակներ յղել գաղութի անդամներուն, ամուսնութեան, մկրտութեան եւ այլ հաստատագիրեր պատրաստել, Ազգային վարչութեան ատենագրութիւնները տպել եւ պահել, (filing) թղթածրարային դասաւորում եւ քարտուղարական այլ աշխատանքներ:

Աշխատանք կը տանի նաեւ հիւսիսային Էմիրութեանց հայ համայնքի հասցէագրքոյկի եւ հեռախօսային անուանացանկ պատրաստութեան մէջ, ապա կը հեռաձայնէ գաղութի անդամներուն՝ ստուգելու եւ սրբագրելու տեղեկութիւնները. պրպտումներ կը կատարէ նոր ժամանած հայերուն մասին եւ այլն:

Ազգային Վարչութիւնը հրատարակած է 1991, 1993, 1996, 2006, 2010 տարիներու հասցէագրքոյկները:

Նոյեմբեր 1995ին, Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեանի մեկնումէն ետք, վարձուած բնակարանին մէջ կը շարունակուին քարտուղարութեան աշխատանքները, հանդիպումները, թատերական ու պարի փորձերը. հետագային թատրոնի եւ պարի փորձերը կը կատարուին պանդոկի մը մէջ:

Նոյեմբեր 1998-ին, համայնքը կ’ունենայ իր սեփական համալիրը՝  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ Ազգ. Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանը:

Եկեղեցւոյ քարտուղարութեան ստանձնած Սեդային կամաւոր պաշտօնը կը շարունակուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրին մէջ, 1998 նոյեմբերէն – ապրիլ 1999, որմէ ետք, իր ասպարէզային աշխատանքին բերումով, ան կը դադրի պաշտօնէն: Ազգային Վարչութիւնը կ’ունենայ իր քարտուղարուհի-պաշտօնեան ամսական վարձատրութեամբ, որ շրջան մը ետք Հայաստան գաղթելով, Սեդա դարձեալ հրաւէր կը ստանայ ստանձնելու քարտուղարութիւնը փոխան ջնջին վարձատրութեան: Շաբաթը երկու օր, երեկոյեան 7 – 9, եւ ըստ աշխատանքի պահանջին:

 Պարարուեստ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքի ծաղկումի եւ մշակոյթի պահպանման աշխատանքներ կը տարուէին, եւ 1995-ին, կը ստեղծուի պարախումբ մը, որուն անմիջապէս կ’անդամկցի Սեդան եւ կը նկատուի հիմնադիր անդամներէն մէկը: առաջին պարուսոյցը կ’ըլլայ Խաչիկ Սապա: Ինչպէս նշուեցաւ, համայնքը չունէր իր կեդրոնը եւ պարախումբի փորձերը տեղի կ’ունենային  Շարժայի «Գարլթօն» պանդոկի թատերասրահին մէջ, շաբաթը երկու օր: Պարախումբը կ’ունենայ քանի մը պաշտօնական ելոյթներ: Հետագային, պարուսոյց գտնելու դժուարութեան պատճառով՝ կը դադրի: Նախապէս, Էմիրութիւններու մէջ, 1980-1982 տարիներուն ալ գործած է պարախումբ մը (26 հոգի) Ռաֆֆի Սիւլահեանի ղեկավարութեամբ, բայց զայն կարելի չէ եղած պահել հետեւողական փորձերու յարմար վայր չունենալու պատճսռով:

 «Թատրոն 81» ելոյթները

Սեդան 1996-էն մաս կը կազմէ «Թատրոն 81» խմբակին եւ թատերական ներկայացումներով հանդէս կու գայ գլխաւոր դերերով, ինչպէս՝ 

Հրայր Սողոմոնեանի  բեմադրութեամբ.

– Գրիգոր Զօհրապի «Փոստալ»ը (թատերգութեան վերածուած Մուշեղ Իշխանի կողմէ) եւ «Հաճի Տուրիկ»ը (17 մայիս 1996, Շարժայի «Քոնթինենթալ» պանդոկի թատերասրահ):

– Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կինը»՝  տիկին Նուարդի դերով, (15 մայիս 1998, Շարժայի «Holiday Inn» պանդոկի թատերասրահ):

Մուշեղ Պետիրեանի բեմադրութեամբ. 

– Արտեմի Այվազեանի, Գարեգին Երիցեանի «Ուշ լինի, Նուշ լինի» (ուրախ օփերէթ, 3 արար)՝ Մարթայի դերով (23 մայիս 2002, Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիր, Փիեռ Քէօսէեան սրահ:

Նորայր Գազանճեանի բեմադրութեամբ, Էմիրութիւններու Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի համալիրի Փիեռ Քէօսէեան սրահին մէջ ներկայացուած են հետեւեալ  հինգ թատերգութիւնները.

– Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է», «Թատրոն 81», 7 մայիս 2004: Մայրը Ճօն Հէլըրի https://www.youtube.com/watch?v=HtV7VcxJlZc&t=68s

Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղի «Ժորժ Սարգիսեան » թատերական միաւորի ելոյթները.

– Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ»,  2012՝  Սրբուկի դերով:

– Ճորճ Աբելեանի «Միլիոնատէր եղանք Միլիոնատէր», 10 մարտ 2013՝ Սեդա-Սեւակին կինը:

– Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», 20 մարտ 2015:

Հետագային այս խմբակը կը դադրեցնէ իր աշխատանքները ու գաղութը կը մնայ առանց թատրոնի:

Հոս տեղին է մէջբերել Շարժայի Ազգ. Օհաննէսեան միօրեայ վարժարանի տնօրէն Նշան Պասմաճեանի  (ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդարանի դիւանապետ) 22 մայիս 2010-ին կատարած մէկ վկայութիւնը. «Սեդան կրնայ շատ լաւ օգնական ըլլալ ու Լենա Գազանճեանի հետ այս երկու տիկինները միասնաբար կրնան թատերական կեանքը, մեր թատերական մշակոյթի ջամբումը, որ սկսած էինք մի քանի հոգիով՝ դեռ 1981-ին «Թատրոն 81» ով, վերստին կազմակերպել եւ այս անգամ այնպէս որ  շարունակականութիւնը ապահովուի:  Ես Սեդային ու Լենային մէջ շարունակականութեան ջահը վառ պահելու մարմաջը միշտ տեսած եմ: Այս առիթ է այդպիսի իտէալ իրականացնելու»:

1997 նոյեմբերին, գործի նոր առիթով մը, Սեդա կը տեղափոխուի Տուպայ, ուր կը ստանձնէ աւելի բարձր պաշտօն մը. Administration Manager:

(Շարունակելի 1)

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

5 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Լուսին
Լուսին
28 days ago

Շատ հաճելի էր կարդալ քրոջս կեանքի հարուստ կենսագրականը եւ փորձարութիւնները: Ապրիս Սեդա: Կը մնանք միշտ հպարտ քեզմով:

Սեդա
Սեդա
28 days ago

Վարձքդ կատար սիրելի քոյրս՝ Շաքէ, զիս ուրախացուցիր եւ իմ յուշերս թամացուցիր: Ի նպատակ ազգիս եւ գաղութիս միշտ պատրաստ եմ թիկունք կանգնիլ:

Սեդա
Սեդա
28 days ago

Վարձքդ կատար սիրելի քոյրս՝ Շաքէ, զիս ուրախացուցիր եւ իմ յուշերս թարմացուցիր: Ի նպատակ ազգիս եւ գաղութիս միշտ պատրաստ եմ թիկունք կանգնիլ:

Shoghig
Shoghig
28 days ago

Սեդային հետ աշխատիլը հաճոյք է, որովհետեւ իր լաւատեսութեամբ եւ յարատեւ աշխատանքով գիտէ հասնիլ իր նպատակին ու իրականացնել գրեթէ անկարելին։
Հպարտ ենք քեզմով սիրելի քոյրիկ Սեդա։

Սեդա
Սեդա
27 days ago

Շնորհակալ եմ իմ սիրելի քոյրս ՝ Լուսին, զիս ուրախացուցիր:

Շնորհակալ եմ սիրելի քոյրիկ Շողիկ այս գեղեցիկ բացիկին համար:

5
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x