Խաղաղութիւն կեանքի՞, թէ՞մահուան համար

Հայկ Խաչատրեանի «Տիգրան Մեծ» պատմավէպի տեսարաններէն մէկուն մէջ, արդէն ծերացած արքայից-արքա Տիգրան կը զրուցէ իր հօր Արտաշէս Բարեպաշտի արձանին հետ եւ կարծես կը զեկուցէ իր ըրած-չըրածներուն մասին: Տիգրան Մեծ իր խօսքին մէջ նաեւ կ’ըսէ, որ քանի-քանիեր արշաւած են Հայքի վրայ եւ թէ որքան պայքարած է ինք: Պայքարած է, եւ երբեմն` զիջած, բայց զիջած է ուրիշներու հաշւոյն, ոչ թէ Հայքի: «Ես մէկ օր ալ չէի ապրեր աշխարհի մէջ, եթէ բախտը ստիպէր զիս թերեւս մէկ շիւղ զիջելու Հայքէն»,- կ’աւելացնէ արքայից-արքան:

Շատերը կը մտածեն, որ այս պարզապէս գեղեցիկ վէպ մըն է եւ մենք չենք գիտեր, թէ Տիգրան Մեծ այդպէս կը մտածէր, ու թերեւս ուրիշ շատ բաներ ալ կը մտածեն, բայց մենք գիտենք, որ «պտուղէն կը ճանչցուի ծառը» (Ղուկ. 6:43-45): Եւ նոյնպէս մարդն ալ՝ իր գործով: Ու արքայից-արքա Տիգրանը մենք կրնանք դատել իր գործով, այսինքն՝ իր թողած ժառանգութեամբ: Եւ ան ժառանգ թողեց հարուստ ու հզօր երկիր մը, առանց որուն կարծիքը հարցնելու մէկը միւսին դէմ պատերազմ չէր սկսեր:

Անցան հազարամեակներ ու մենք հիմա Տիգրան Մեծի կերպարին բազմաթիւ երեսները արդէն հեքիաթ կը համարենք: Հիմնականօրէն այն պատճառով, որ մենք արդէն շատ շատոնց Տիգրան Մեծ մը չունինք: Ու հիմա, երբ մեր ամբողջ հանրապետութիւնը ալեկոծուած է Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ ժամու սպասուող յարձակումի մը հաւանականութեամբ, կարելի է զարմանալ, թէ մենք ինչպէ՞ս ոչ մէկ ձեւով կը յաջողինք մեր մէջէն հանել եւ մէկ կողմ շպրտել այդ զիջումնային-յարմարուողական կեցուածքը: Կարեւորը այն չէ, թէ Ազրպէյճան քանի՞ գիւղ կամ մեթր հող կը պահանջէ, այլ այն, որ մենք պատրաստ ենք քննարկելու այդ պահանջը ի վնաս մեզի: Զիջիլ յանուն խաղաղութեան: Մեզի խաղաղութիւն պէտք է ապրելո՞ւ, թէ՞ մեռնելու համար: Ամէն խաղաղութիւն չէ, որ լաւ է: Ամենէն խաղաղը գերեզմանատունն է, այնքան խաղաղ, որ որեւէ ձայն վախ կը պատճառէ: Ու հիմա, երբ խաղաղութիւնը մէկ կշիռքի, իսկ զիջելու տրամաբանութիւնը միւս կշիռքին վրայ, հարց ծագի, զիջիլ որ ի՞նչ ըլլայ: Խօսքը օրուան քաղաքականութեան մասին չէ, ոչ ալ օրուան անձերուն, այլ՝ զիջումը որպէս սկզբունք ծամելուն:

Ենթադրենք, թէ զիջում կատարեցինք ու խաղաղութիւն շահեցանք, թէեւ աշխարհի մէջ չկայ ոչ մէկ պարագայ, որ երբ ոեւէ մէկը զիջում կատարէ ու անկէ բան մը շահի: Թերեւս միայն հարազատի մը կարելի է զիջիլ ու յուսալ, որ ան բարոյապէս կը գնահատէ այդ մէկը, բայց ոչ արիւնարբու թշնամին, որ նանոարհեստագիտութեան այս դարուն ալ տակաւին գլխատումներով զբաղած է: Չմոռնանք, որ վերջին երեսուն տարիներուն նոյն թշնամիին հետ չափած ենք մեր ուժերը: Չմոռնանք, որ հարիւր տարի առաջ ճիշդ նոյն թշնամին կը ծուատէր մեզ, եւ այդ նոյն թշնամի ցեղին միւս ներկայացուցիչները կը դառնային 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանները, երբ կը կոտորէին աւելի քան 1,5 միլիոն հայ: Տակաւին, ազրպէյճանցիներու դէմ պատերազմը նորէն բռնկեցաւ 2020-ին, եւ չնչին ընդհատումներով, բայց ամենօրեայ սպառնալիքով ու դանդաղ կայուն բռնազաւթումներով՝ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Ահա անոնց կը պատրաստուինք զիջելու յանուն աներեւոյթ խաղաղութեան: Եւ եթէ նոյնիսկ, անոնք այդ բոլորէն յետոյ մեզի խաղաղութեան ձեռք երկարեն (որուն հաւատալն անկարելի է), ապա հարց կը ծագի, թէ ինչո՞վ պիտի զբաղինք մենք անկէ ետք: Ենթադրենք, թէ իրականացաւ խաղաղութիւնը: Աւելի քան վստահ եմ, որ պիտի շարունակենք նոյն ձեւով ծոյլ, անհեռատես ու յիմար լաւատես կեանքը, մինչեւ որ նոր փորձանք մը պատահի: Կա՞յ մէկը որ կը կասկածի, թէ անոր համար պատճառներ կը գտնուին: Մենք, որ 1994-ին չկրցանք հասկնալ, թէ ի՞նչ էր յաղթանակը, մենք, որ 2020-ին չհասկցանք, թէ ի՞նչ է պարտութիւնը, հիմա խաղաղութիւնը ինչներու՞ս է պէտք. այդ ալ մահաշունչ ու անդամահատուած խաղաղութիւն: Եւ եթէ միայն անոր համար, որ մեր հարազատները գոնէ այս պահուն մեզի հետ ըլլան, ապա արդեօ՞ք ներկայիս վտանգէն փրկելով, հաստատ մահուան չենք դատապարտեր զանոնք ապագային: Արդեօք մենք հայ ժողովուրդին ողնաշարը չենք փշրե՞ր ու անոր չենք սորվեցնե՞ր, որ խաղաղութիւնը զիջումով եւ խնդրելով ձեռք կը բերուի: Արդեօք կամքը չենք տկրացնե՞ր: Եւ այդ տկար ու յարմարող խաղաղութեան մէջ մենք ինչպէ՞ս պիտի ապրինք. ի՞նչ նպատակով ու ոգիով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ապագան: Մենք իրօ՞ք պատրաստ ենք զոհելու մեր ապագան` յանուն կիսատ-պռատ խաղաղութեան: Ներկայ պայմաններուն մէջ, այդ կը նմանի այն վիճակին, երբ ձմեռը, մարդ իր տունը կրակի կու տայ՝ քանի մը ժամ տաքնալու համար: Պարզ է, որ յետոյ պիտի սառի եւ մահանայ: Արդէն կարեւոր ալ չէ թէ կը մահանայ կամ ոչ: Տունը հրդեհելով տաքնալու անձնասպան միտքը սկզբունք մըն է, որ կը սպանէ դանդաղ ու աննկատելի:

Իբրեւ թէ գործնապաշտները կը նշեն, որ փիլիսոփայութիւնը պէտք է մէկ կողմ դնել հիմա եւ զբաղիլ իրականութեամբ, իսկ իրականութիւնը հիմա այն է, որ մենք բաւարար ուժ չունինք կռուելու կամ զիջում չկատարելու: Իսկ ե՞րբ ուժ ունեցած ենք: Հայոց քանի մը հազարամեայ պատմութեան մէջ, պատահած է՞, որ մենք գէթ մէկ անգամ նստած, հաշիւ ըրած ու յետոյ կռուի ելած ենք: Երբ գողն ու մարդասպանը կը յարձակին մէկու մը վրայ, ան նախ թուաբանօրէն կը հաշուէ, իսկ յետո՞յ կ’անցնի պաշտպանութեան: Այսինքն մենք հիմա կը հաշուենք, որ Հայաստանի անդամահատութեան դիմաց կ’արժէ խաղաղութիւն ստանալ: Ու նորէն հարց տանք, թէ այդ խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընենք: Խաղաղութիւնը պէտք է ապրելու համար, իսկ մենք դանդաղ կը մեռնինք: Խաղաղութիւն պէտք է բան մը ընելու համար, ոչ թէ լալու: Մեր խաղաղութիւնները ընդամէնը սուգի ընդմիջումներ են նոր ողբերգութիւններու միջեւ:

Որքան փոքր կը հնչեն «չորս գիւղ» բառերը, երբ անոնց դիմաց խաղաղութիւն կը խոստացուի: Չէ, կը ներէք, ոչ ալ կը խոստացուի, այլ մենք կը յուսանք, որ այդպէս կ’ըլլայ, ու նաեւ երբ կը նահանջենք ինչ-որ տեղ մը, ապա անկէ միւս կողմ իբրեւ թէ Ազրպէյճանը իրաւունք չ’ունենար մեր վրայ յարձակելու: Միթէ մեզ կը հանգստացնէ՞ այն միտքը, որ Ազրպէյճանը անիրաւ յարձակած է: Միթէ մեր թշնամիները ե՞րբ, առնուազն մէկ անգամ, արդարօրէն յարձակած, սպանած, աւերած ու ջնջած են: Այս ի՞նչ կործանարար գաղափար է: Մենք այդ զիջումային քաղաքականութեամբ գործնապէս զբաղեցանք 1994-էն սկսեալ, երբ միշտ կը բանակցէինք, թէ ազատագրուած տարածքները ինչպէ՞ս պիտի վերադարձնենք: Ո՞վ նման բան տեսած է: Հիմա ալ նոյն ձեւով:

Եւ ամէն անգամ, երբ վտանգը կը հասնի մեր դուռը, մեր հոգիին մէկ անկիւնը պահուած «հայ ազատագրական առասպելը» կրկին կը փայլի իր բոլոր ուժովը: Արդարութեան յաղթանակին սպասող այդ մոլագար կիրքը կը յամենայ, թէ մեզ կը պաշտպանեն, մեզի կ’օգեն, մեզ կը փրկեն: Եւ ամէն անգամ աւելի նոր հաւատքով, որովհետեւ «հիմա այլեւս այդ վայրենի ժամանակները չեն» մտայնութեամբ: Քանի մը տասնեակ հազար սպանուած ուքրանացիները, արաբները ու հայերը համամիտ պիտի չըլլային այս խելագարութեան , իսկ մենք ոչ միայն կը համաձանինք, այլեւ նոյնիսկ կ’արդարցնե՜նք զայն:

Հայոց պատմութիւնը մեծ դաս մըն է գոյատեւման մասին: Մեծ դաս մը խաղաղութեան արժէքին մասին: Ու եթէ զայն հիմա չհասկնանք, ապա այլեւս երբեք չենք հասկնար: Անոնք, որոնք այս օրերուն հարց կու տան, թէ ի՞նչ կրնանք ընել, մէկ պատասխան ունինք՝ ԴԻՄԱԴՐԵԼ: Առաջին հերթին դիմադրել մեր վախին, մեր մէջ թաքնուած զիջումի պատրաստ խնդրարկուին, իսկ յետոյ նաեւ դիմադրել բոլոր անոնց, որոնք ծուռ կը նային մեզի: Հանրապետութեան մէջ գոնէ յիսուն հազար հոգի կը գտնուի, որոնք ի վիճակի են կռուելու: Թող առաջին յարձակումին ատեն ազրպէյճանցիները տեսնեն չնահանջող, գրեթէ անձնասպանի մոլագարութեամբ կռուողները: Անոնք պիտի չառաջանան: Անոնք առաջ պիտի չգան, որովհետեւ ոչ ոք կը կռուի վախը կորսնցուցած մարդուն դէմ, որ ի զօրու է ընելու ամէն բան: Մենք հիմա անկիւն քշուած գազանի կը նմանինք: Մենք կա՛մ կը դառնանք ամենէն վտանգաւորը, կամ կը մտնենք վանդակ, իսկ արդարացումները կը մնան որպէս անհեթեթ զառանցանք:

Աշխարհի մէջ չէ եղած, չկայ ու պիտի չըլլայ վիճակ մը, երբ թոյլը կը զիջի ու խաղաղութիւն կը ստանայ: Թող չխաբեն ձեզ ժամանակակից համատարած բառերը, շլացնող յաւելուածները, փայլփլուն ճառերը եւ կենցաղային հրաշքները: Խաղաղութիւնը երազ մըն է, զոր կ’երազեն բոլորը՝ անհատէն մինչեւ ժողովուրդներ: Եւ այո՛, խաղաղութեան համար կարելի է եւ պէտք է զոհել բան մը: Զոհել, ոչ թէ զիջիլ. իմաստաւորուած զոհ` նահատակ, ոչ թէ անյոյս խաղամոլի նման կրկին ու կրկին նոյն կոճակը սեղմել՝ յուսալով, որ այս անգամ bingo կը ստացուի: Բայց մենք կը սպասենք, կը սպասենք ու յոյս ունինք. խելագարի յոյս՝ թոյլի ու ծոյլի յոյս, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:

Եթէ չկարողացանք առնուազն մէկ անգամ միաւորուիլ ու սպասել, որ վաղը բան մը կ’ըլլայ, որ վաղը աւելի լաւ կ’ըլլայ, ապա կը սպասենք ու կը յուսանք այնքա՛ն, մինչեւ ուրիշ «վաղը» մեզ կը գլորէ գերեզման:

Իսկ գերեզմանին մէջ ալ կը դադրինք սպասելէ եւ յուսալէ:

Արայիկ մկրտումեան
Երեւան, 21 մարտ

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.