Սեդա Մանկասարեանի ազգանուէր գործունէութիւնը Հալէպ, Էմիրութիւններ եւ Գանատա (Բ. Մաս)

10 տարի APTEC  IT Services and IT Consulting  ընկերութեան մէջ որպէս Administration Manager աշխատելէ ետք, մեծ կ’ըլլայ Սեդային ուրախութիւնը, երբ տարիներու իր աշխատանքը գնահատելով՝ կը պարգեւատրեն զինք:

 

ՇԵՓՈՐ ԼՐԱՏՈՒ – 1999

1999-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքէն անհատներ, որոնք յատուկ սէր ու հետաքրքրութիւն կը տածէին գիր ու գրականութեան հանդէպ, յառաջ կը բերեն յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքով գաղութին մէջ կը հիմնուի առաջին տեղեկատու թերթը՝ «Շեփոր»: Ան իր 20-էջնոց պատկերազարդ տարբեր թեմաներով ու մշակութային, պատմական, մանկական եւ ժամանց բաժանումներով, իբրեւ շաբաթերթ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 26 հոկտեմբեր 1999-ին: Սեդային աշխատանքը «Շեփոր»ի խմբագրական կազմին մէջ կ’ըլլայ գրաշարել, թերթին էջադրումը պատրաստել, սիւնակներու բաժանումները, թեմաներու հետ առնչուող տեղադրումներ կատարել, նաեւ՝ հրատարակել եւ ցրուել: Այս խմբագրական կազմին աշխատանքը եւ «Շեփոր»ի հրապարակումը երկար կեանք չ’ունենար մարդուժի բացակայութեան պատճառով: Թերթի օրինակներէն ներկայիս կարելի է ձեռք բերել հայկական կեդրոնէն: Իր խմբագրական աշխատանքին համար Սեդա կը ստանայ գնահատագիր մը այդ օրուան Ազգային վարչութենէն: Մինչեւ փետրուար 2001, «Շեփոր» լրատուն լոյս տեսած է 11 թիւ: 2001-ին՝ 6 ( թիւ 12,13, եւ մինչեւ 17)  թիւ, իսկ 1 յունուար 2002-10 յուլիս 2002՝ 3 թիւ (թիւ 18,19, 20): Այդ թուականէն ասդին, գաղութը չունի իր տպագիր լրատու պարբերականը:

Ազգային Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանի հոգաբարձութիւն – 2010-2011

2009-2011, Սեդան Ազգ. Միօրեայ Օհաննէսեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ կը նշանակուի: Հոգաբարձութեան անդամակցութեան կողքին, ան իր նպաստը կը բերէ դպրոցին կապուած բոլոր աշխատանքներուն, ինչպէս ուսուցչական վերապատրաստութեան դասընթացքին առնչուող բաժիններուն, հիւրասիրութիւն, միօրեայ վարժարանի հանդէսի պատրաստութիւն, գնահատական երեկոյի կազմակերպում նուիրուած շաբաթօրեայ ուսուցիչներուն, գեղարուեստական յայտագրեր, դպրոցի վերամուտի պատրաստութիւններ եւ այլն:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը

2010-ին, վերջապէս գաղութին մէջ կը հիմնուի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) մասնաճիւղ մը, որուն հիմնադիր եւ հետագային գործունեայ անդամներէն մէկը կը դառնայ Սեդան Մարտ 2010 -Յունուար 2016: Այս յղումով կարել է գտնել հիմնադրութեան մասին թղթակցութիւն մը.

https://www.azad-hye.com/news/armenian-relief-society-establishes-a-chapter-in-sharjah-dubai/

Սեդա ԱՄԷ Շարժա-Տուպայ հաստատուելէն ետք կը ստանայ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան փոխանցագիրը, այսպէս.-

Ընկհ. Սեդա Մանկասարեան Պալիոզեան 1986-92 տարեշրջաններուն մաս կազմած է Համազգայինի Սուրիոյ ընտանիքին։ Ունեցած է գործօն մասնակցութիւն յարկապէս Շրջ. Վարչութեան «Զաւարեան» Թատերական միաւորին մէջ 1987էն սկսեալ եւ տարբեր թատերախաղերու մաս կազմած էր որպէս յուշարար քուլիսներու աշխատանքներ եւ սրահի պատասխանատու, որմէ ետք եղած է Միաւորի ընկերային յանձնախումբի անդամ: Թատրոնի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնը մղած է զինք բծախնդրութեամբ եւ պարտականութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերելու միութեան մշակութային գործունէութեան վերելքին։ ԱՄԷի մէջ, Սեդան կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը դարձեա՛լ Համազգայինի շարքերէն ներս, այս անգամ որպէս վարչական Համազգայինի նորակազմ «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղին։ Այս մասին կը հաստատէ իր փոխանցագրին մէջ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Ատենադպրուհի Էմմա Ազարիկեան եւ Ատենապետուհի Հռիփ Կանանեան, 13 Յունիս 2011:

Համազգային Մուշեղ Իշխան մեկուսի մասնաճիւղը

Ապրիլ 2011-ին, Էմիրութիւններու գաղութին ուրախութիւնը մեծ կ’ըլլայ, երբ կը հիմնուի Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի մասնաճիւղը, որուն բացումը տեղի կ’ունենայ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայութեամբ: Սեդա կը նշանակուի անդրանիկ վարչութեան անդամ:

https://www.azad-hye.com/news/moushegh-ishkhan-chapter-of-hamazkayin-founded-in-the-united-arab-emirates/

Անմիջապէս վարչութիւնը իր շուրջ կը հաւաքէ համազգայինի համակիրներ, որոնք հետագային կը դառնան անդամներ: Առաջին ձեռնարկներէն կ’ըլլայ Թամարա Ստեփանեանի (1) նկարահանած կարճ ֆիլմին՝ «Փետրուար 19»ի ցուցադրութիւնը համայնքին՝ Սեդային առաջարկով, ներկայութեամբ՝ ֆիլմի բեմադիր Թամարա Ստեփանեան, որ այս ֆիլմով կը մասնակցէր «Dubai International Film Festival»ին: Թամարային համար մեծ անակնկալ մը կ’ըլլայ, որ  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ այդքան թիւով հայեր կ’ապրին: Խանդավառութիւնը մեծ կ’ըլլայ բոլորին: Թամարա 16 տարի Լիբանանի մէջ Համազգայինի շունչով մեծցած էր շնորհիւ իր հօր՝ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանին (այժմ հանգուցեալ) եւ մօր: Հրաչ Քալսահակեանի հետ ունեցած իր զրոյցին մէջ, Թամարա հետեւեալ ձեւով իր գնահատականը կը կատարէ. սեղմել հետեւեալ կապը https://www.azad-hye.com/news/tamara-stepanyan-it-is-very-important-for-a-filmmaker-to-feel-that-she-is-in-a-dialogue/

24 մայիսէն 2012 – 25 մայիս 2015, Սեդա կը վարէ Համազգայինի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Կը մասնակցի պատգամաւորական ժողովի, Երեւանի մէջ, 2014-ին: Ամէն ճիգ կը թափէ վերականգնելու թատերական ներկայացումները գաղութին մէջ: Որպէս տարիներու փորձառութիւն ունեցող դերակատար, բեմ կը բարձրանայ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղով:

Սեդա Մանկասարեան

Համազգայինի գործունէութիւնը կը դադրի 2017-ին:

Էմիրութիւններու հայ համայնքին կայքէջը

2012-ին, Էմիրութիւններու Ազգային Վարչութեան որոշումով, կը հիմնուի յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղէր գաղութին յատուկ կայքէջի մը կազմակերպչական աշխատանքով: Սոյն յանձնախումբին անդամ կը նշանակուի Սեդան որպէս բովանդակութեան պատրաստութեան պատասխանատու:

Հետագային այդ կայքէջը կը կոչուի «Emahay»: Կայքէջին պաշտօնական բացման շնորհանդէսը կը կատարուի 8 Ապրիլ 2012-ին, միաժամանակ բանալով ֆէսպուքի էջ մը: Emahay կը նկատուի բովանդակալից կայքէջ մը, իր բոլոր սիւնակներով եւ ամբողջական ու թարմացուած տեղեկութիւններով:

 Մարդահամարի յանձնախումբ

13 Նոյեմբեր 2013-ին, Տուպայի եւ Հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան կողմէ Սեդա կը նշանակուի «Մարդահամարի Յանձնախումբ»-ի անդամ  Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց համար: Վեցամսեայ աշխատանք մը՝ որ  պիտի արձանագրէր էմիրութիւններ ժամանող նոր հայ ընտանիքները եւ անհատներ, որոնք պիտի հաստատուին հոն, ու պիտի վերաթարմացնէր տեղեկութիւնները անոնց, որոնք արդէն հաստատուած են:

Յանձնախումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Մարտիրոս Գասպարեան, Սեպուհ Արմենակեան, Մարալ Սողմոնեան-Մանճիկեան, Սեդա Մանկասարեան-Պալիոզեան, Թինօ Չիֆթճեան, Գէորգ Օհանեան, Շանթ Քօրուքեան, Յակոբ Մանուէլ:

29 փետրուար 2016-ին, Սեդա կը հաստատուի Մոնթրէալ, Գանատա, ուր ալ մինչեւ այսօր կը բնակի իր ամուսնոյն՝ Մովսէս Պալիոզեանի եւ զաւկին՝ Դրոյին հետ:

Մարտ 2016-ին կը միանայ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղին, որուն գործավարութիւնը կը կատարէ ներկայիս. անդամ է նաեւ տարբեր յանձնախումբերու: 2016 ապրիլին փոխանցագրով կը միանայ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին: Նաեւ անդամ է նոյն մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին:

Սեդա կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, եւ իր ծնողքէն ժառանգած ծառայութեան ու նուիրումի ոգին այսօր իր կարգին կը փոխանցէ իր զաւկին՝ Դրոյին:               

Քանի մը տասնեակ տարի առաջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքին մէջ մշակութային կեանքի կարեւոր գործօններ հանդիսացած են թատրոնն ու պարը, որոնց ճամբով կը ստեղծուէր հայաշունչ միջավայր մը Էմիրութիւններ ժամանած հայորդիներուն, որոնք հեռու իրենց հարազատներէն, առիթ կ’ունենային նոր կապեր եւ ծանօթութիւններ ստեղծելու: Եւ այդ մթնոլորտին մէջ, հայ համայնքը կը դրուէր ամուր հիմերու վրայ, որ կը շարունակէ գոյատեւել նոյն ոգիով:

Շաքէ Մանկասարեան

(Շարունակութիւն Բ. եւ վերջ)

[1] Դերասան եւ բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանի դուստրը Թամարա ծնած է Հայաստան, ապա իր ընտանիքին տեղափոխուած  Լիբանան 1994-ին: 2005-ին,  Lebanese American University (LAU) having studied in Communication Arts with an emphasis in Radio/TV/Film: 1994-2003 թուականներուն գործած է Լիբանանի մէջ` Համազգայինին հետ: Եղած է Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի հիմնադիր եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ: Դասաւանդած է Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Մեծ է անոր վաստակը լիբանանահայ դերասանական-բեմադրական մարզին մէջ, որովհետեւ Վիգէն Ստեփանեան իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ սերունդ պատրաստելու առումով: Ազդակ օրաթերթ, 20 յունուար 2021 https://www.aztagdaily.com/archives/496346

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x