Պոլսահայ մտաւորականներ հալէպահայ կրթական կեանքին մէջ

Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 1947-ին, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պաշտօնական բացումը կը կատարուի: Կանոնաւոր դասաւանդութիւնները կը սկսին 16 հոկտեմբեր 1947-ին:

Ճեմարանի առաջին տարուան աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, նկարուած 26 հոկտեմբեր 1947ին, Ճեմարանի պաշտօնական բացումէն ետք, Օր. Քարէն Եփփէի շիրիմին տրուած այցելութեան, Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։ Ձախին խնամակալ Տոքթ. Յակոբ Գասապեանն է, կեդրոնը Զարեհ Սրբազան, անոր աջին Լիոփոլտ Կաշշիկ, իսկ ձախին Եդուարդ Տասնապետեան, նկարին աջ անկիւնը՝ խնամակալ Թորոս Ս. Պապիկեան:

Մինաս Թէօլէօլեան

Մինաս Թէօլէօլեան ծնած է 24 նոյեմբեր 1913-ին, Պարտիզակ (Պահչէճիք), Պոլսէն 55 քմ. հարաւ-արեւելք: Մահացած է Պոսթըն, 1997-ին: Յաճախած է Պարտիզակի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը։ 1922-ին, Իզմիրի ջարդերէն ետք, պատանի Մինասը ղրկուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վարժարանը: Հայ ուսուցիչ, արձակագիր, հրապարակագիր ու խմբագիր, նուիրուած կրթական մշակ Մինաս Թէօլէօլեան ապրած է աստանդական կեանք մը Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս եւ Միացեալ Նահանգներ։

Հայրն է գրականագէտ, սփիւռքագէտ Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի:

1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապնդումի ենթակայ կը դառնայ, այս անգամ վերջնականապէս կը հեռանայ Թուրքիայէն եւ կը հաստատուի Սուրիա: Հալէպի մէջ, եղած է «Արեւելք» օրաթերթի խմբագիր: Քանի մը խմբագրականներ ունի նորաբաց ճեմարանին մասին: Եղած է նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ: 1948-1955 նախ այցելու, իսկ 1952-էն սկսեալ մնայուն ուսուցիչ հայերէնի եւ հայ գրականութեան, Մինաս Թէօլէօլեան ուսուցչութեան կը կոչուի Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ: Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ եւ հետագային  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա. Փայասլեանի եւ պետական երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի առաջարկով, Թէօլէօլեան 1948-ին կը նշանակուի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջին տնօրէն բայց ի պատիւ Զարեհ սրբազանի ՝ կը կոչուի դեր-տնօրէն  եւ այդ պաշտօնը վարելով մինչեւ 1956:

Նստած, ձախէն աջ՝ Եդուարդ Պօյաճեան, Շաւարշ Միսաքեան Յակոբ Օշական: Բ. շարք, ձախէն աջ՝ Մինաս Թէօլէօլեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Արմէն Անոյշ (Մարաշլեան), նկարուած 14 փետրուար 1948ին, Օշականի մահէն երեք օր առաջ:

Անոր օրով ճեմարանը կ’որդեգրէ պաքալորիայի պետական ծրագիրը: Կը հրատարակուի «Բամբիռ» աշակերտական պարբերաթերթը:  Մ. Թէօլէօլեանի կինը՝ Գոհար Թէօլէօլեան եղած է Ճեմարանի դաստիարակ-ուսուցչուհի, մնայուն վարիչ դպրոցի կարգապահութեան եւ ուսումնադաստիարակչական գործունէութեան, գիտութեան եւ ուսողութեան ուսուցչուհի:

Կարապետ Փօլատեան, Շաւարշ Նարդունի Յովհ. Տէր Պարսամեան եւ Մ. Թէօլէօլեան (կեդրոնը, ձախէն աջ) խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներու հետ

Թէօլէօլեան Հալէպի մէջ կը պատրաստէ «Քերականութիւն Արդի Հայերէնի» երկհատոր դասագիրքը (1950, Հալէպ , Հրատարակութիւն Ուսումնական Խորհուրդի) եւ հայ նոր գրականութեան շուրջ ներկայացուցած իր դասախօսութիւնները կը հրատարակէ երկու հատորով՝ «Դար մը Գրականութիւն– 1850-1950» խորագրով (Ա. Հատոր, 1956. Բ. հատոր, 1956, Գահիրէ): Երկու հատորներն ալ շրջան մը կը գործածուին իբրեւ դասագիրք (Աղբիւր՝ Յակոբ Չոլաքեան, «Յիսնամեակ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի», 1947-1997):

Ը. կարգի աշակերտ – աշակերտուհիները Մ. Թէօլէօլեանի հետ:

Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն – 1850-1950» երկհատորեակը նաեւ այս օրերուն կը հանդիսանայ հայ գրականութիւն ջամբող որեւէ դասագրքի անբաժան ընկերակիցը եւ լրացուցիչը: Թէօլէօլեան իր ընդգրկած ժամանակաշրջանի հայ գրականութեան կապուած բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ գրողի մասին, կը փոխանցէ խօսք եւ խորհուրդ, որոնք հիմնական նշանակութիւն կը ներկայացնեն նորահաս սերունդին հայեցի լիարժէք կազմաւորման համար:

1955 – 1956 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Վերջին տարուան շրջանաւարտներէն խումբ մը Պր. Թէօլէօլեանի ողջերթի եկած են Հալէպի օդակայան:

1956-ին քաղաքական պատճառներով կ’արտաքսուի Սուրիայէն եւ կը հաստատուի Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի կը ստանձնէ ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»-ի խմբագիրի պաշտօնը: 1957-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր երեք տարի կը վարէ Ազգ. Ս. Նշան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն կը բերէ ինչպէս Լիբանանի «Ազդակ», նոյնպէս եւ Փարիզի «Յառաջ» դաշնակցական թերթերուն:

1960-ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան կը գործուղուի ու կը հաստատուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1962-էն սկսեալ մինչեւ 1979 կը վարէ «Հայրենիք»-ի խմբագրի պաշտօնը` միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» գրական ամսագրի խմբագրութեան: Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար կ’աշխատակցի «Հայրենիք»-ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին:

Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը կ’ըլլայ յատկապէս ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին` 1969-ին Պէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ, 1986-էն սկսեալ, Աթէնքի մէջ ուղղակի «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանին:

Մինաս Թէօլէօլեան Դաշնակցութեան գաղափարական պատնէշին վրայ արթուն պահակի իր առաքելութեան տէր կը կանգնի մինչեւ վերջ, մինչեւ 18 մարտ 1997, երբ առյաւէտ կը փակէ հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն վրայ միշտ սեւեռուն պահած իր հայեացքը: (Աղբիւր՝ Ն. Պէրպէրեան)

Արեգ Տիրազան (բուն անունով Օննիկ Պասմաճեան)

Արեգ Տիրազան կը հանդիսանայ յետեղեռնեան պոլսահայ գրականութեան ամէնէն ուշագրաւ դէմքերէն մէկը, մինչեւ անկէ հեռանալը:

Ծնած է 1902-ին, Պուրսա: Պոլիս փոխադրուելով, կը յաճախէ Փանկալթա շրջանին մէջ Յովհաննէս Հինդլեանի հիմնադրած «Նոր դպրոց» վարժարանը, որ իր դռները բացած էր  18 հոկտեմբեր 1909-ին, որմէ ետք Արեգ Տիրազան ուսումը շարունակած է ինքնաշխատութեամբ: 

Արեգ Տիրազան 1920-ականներէն սկսեալ դասաւանդած է  Պոլսոյ Հինդլեանի «Նոր դպրոց», Պէրպէրեան, Մխիթարեաններու լիսէ եւ  Լուսաւորիչեան վարժարաններուն մէջ: Տեղին է նշել, որ 1912-ին, Պէյօղլուի Լուսաւորիչեան վարժարանին տնօրէն եղած է Մեծ Եղեռնի նահատակ գրագէտ Դանիէլ Վարուժանը մինչեւ իր ձերբակալութիւնը, 1915: Վարուժան միաժամանակ որպէս այցելու ուսուցիչ կը դասաւանդէր նաեւ Հինդլեան, Նիկողոսեան եւ Դպրոցասէր վարժարաններուն մէջ։

Պոլսոյ «Թարգմանչաց»  վարժարանի մէջ, Արեգ Տիրազան եղած է  Մինաս Թէօլէօլեանի հայերէնի ուսուցիչը:

Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջին տնօրէն Մինաս Թէօլէօլեան 1957-ին մեկնած է արդէն: Տնօրէնի պաշտօնով Պոլիսէն Քարէն Եփփէ ճեմարան կը հրաւիրուի Արեգ Տիրազան, որ սակայն փաստօրէն կը մնայ հայագիտական բաժնի վարիչ-ուսուցիչը: Կը կազմուի տնօրէն խորհուրդ մը՝ Կարապետ Սապունճեանի եւ Գէորգ Տօնապետեանի գործակցութեամբ, թէեւ խնամակալութեան յղուած տեղեկագիրները իբրեւ տնօրէն կը ստորագրէ Արեգ Տիրազանը:

Արեգ Տիրազան իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը դարձնէ հայագիտական բաժնին: Իր պաշտօնավարութեան երկու տարիներուն ընթացքին, 1956-1957 եւ 1957-1958, փաստօրէն ան հոսանքն ի վեր կը թիավարէր հայեցի դաստիարակութեան նախկին կարելիութիւնները պահելու ու պահպանելու իր ճիգին մէջ:

Արեգ Տիրազան աւարտական դասարանին հետ:

Իբրեւ հայագիտական ճիւղի վարիչ եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ, ան ամենէն առաջ կը ձեռնարկէ նիւթերու ծրագրային եւ դասագրքային պակասները լրացնելու աշխատանքին: Պոլսոյ Ուսումնական Խորհուրդին լիսէական ծրագիրը աչքի առաջ ունենալով, ան անձամբ կը մշակէ ծրագիր մը, իսկ երկրորդին պարագային, ընդօրինակութեան կամ խմորատիպ տպագրութեան միջոցով, բոլոր դասարանի կարգերուն համար համապատասխանաբար կը պատրաստէ «գրականութեան գիտելիքներ», «գրականագիտական անհրաժեշտ ծանօթութիւններ գրական դպրոցներու եւ եւ գրելու արուեստի մասին» , «գրական շրջաններու եւ դէմքերու մասին» տեսութիւններ, աշակերտներուն պատրաստել կու տայ «հատընտիր էջեր ու տետրակներ»:

Արեգ Տիրազան 1956-ին ի գործ կը դնէ հայագիտական նիւթերու իր ծրագիրը ճեմարանին մէջ, կը կազմէ գրականութեան պատմութեան ձեռնարկ մը՝ «Համադրոյթ հայ գրականութեան պատմութեան (հրատարակուաած Հալէպ, 1958, տպարան Արեւելք), որ իբրեւ դասագիրք կը գործածուի Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութեան» հետ, 8-11-րդ կարգերու աշակերտներուն համար:

Հոս նշենք, որ 1956-1957 տաեշրջանին, ճեմարանի նախապատրաստական 6-րդ, 7-րդ 8-րդ եւ 9-րդ դասարանները կանոնաւորապէս կը սկսին հետեւելու պետական արաբական ծրագրին: Այդ տարեշրջանին, առաջին անգամ ըլլաով 8-րդ կարգի աշակերտները կը ներկայանան պետական պրէվէի քննութեան (Աղբիւր՝ Յակոբ Չոլաքեան, «Յիսնամեակ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի», 1947-1997):

Իբրեւ նուիրուած կրթական մշակ, Տիրազան ապրած է թափառական կեանք մը՝ Սուրիա, Կիպրոս, Լիբանան եւ Ֆրանսա: Պոլսոյ մէջ անոր հրատարակուած գործերն են «Արիւն եւ Ծաղիկներ» (վիպակ) – Իսթանպուլ, 1929, «Երրորդի Ստուերով» (վիպագրութիւն) – Իսթանպուլ 1933, «Գազանը Աստուած մը կ’ուզէ» (վէպ) – Իսթանպուլ 1955, «Փորձի կաւ» (վէպ) – Իսթանպուլ 1979 (Աղբիւր՝ «Ժամանակակից Իսթանպուլահայ գրողներ», Ա. Հատոր, էջ 425, աշխատասիրութիւն՝ մատենագէտ, բանասէր Կարօ Աբրահամեան):

Արեգ Տիրազան մահացած է Փարիզ, 1987-ին:

Առ ի տեղեկութիւն.-

Քարէն Եփէէ Ճեմարանի հայագիտական բաժնէն շրջանաւարտներ եղած են պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան (1952-1953 Ա. Հունձք), գրող Յակոբ Պալեան, ուսուցիչ-տնօրէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անխոնջ նուիրեալ Երուանդ Տեմիրճեան , Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի տնօրէն Երուանդ Մոնոֆարեան (1955-1956, Դ. Հունձք):

Նստած, ձախէն աջ, Ընդհ. Հսկիչ  Յովհաննէս Տէր Պարսամեան, խնամակալ՝ Յարութիւն Չագըրեան, Առաջնորդ Տ. Զարեհ Եպիսկոպոս, Դեր-տնօրէն Մինաս Թէօլէօլեան, դատիարակ-ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեան
Ոտքի, ձախէն աջ, Երանուհի Ջաղացպանեան, Հրայր Աւետեան, Գէորգ Չալըգեան, Երուանդ Փամպուքեան, Յասմիկ Նաճարեան
Նստած, ձախէն աջ, Գէորգ Գաբարիկեան, Մարի Բալուլեան, Տնօրէն Մինաս Թէօլէօլեան, Վարդուհի Կոստանեան, Վարդգէս Փափազեան
Ոտքի, ձախէն աջ, Երուանդ Մոնոֆարեան, Յակոբ Պալեան,, Անայիս Գլըճեան, Լուսին Կարապետեան, Թագուհի Մալոյեան, Ասատուր Ասատուրեան, Երուանդ Տէմիրճեան բացակայ է, Յակոբ Փափազեան

Ճեմարանի եւ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներ, խնամակալութեան ատենապետ – ծագումով՝ Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա

  • Հրաչ Փափազեան Եոզկաթ ծնած 1892-ին, Ճեմարանի հիմնադրութեան ընթացքին իր կատարած դերէն աւելի կարեւոր գործունէութիւն ունեցաւ հետագային, երբ 1949-սկսեալ մինչեւ Լիբանան իր մեկնումը՝ 1957, շուրջ ութը տարի եղաւ ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ:
  • Յովհաննէս Տէր Պարսամեան, ծնեալ Խարբերդ, 1908-ին: Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը: 1950-1956 կը պաշտօնավարէ Ճեմարանին մէջ իբրեւ «ներքին կեանքի պատասխանատու վարիչ եւ վարչական պաշտօնեայ: 1952-էն ետք՝ ընդհանուր հսկիչ եւ ուսուցիչ անգլերէն լեզուի:
  • Արփիար Գարամանլեան, ծնեալ Մարաշ, 1908-ին: Նախկին միաբան վիեննայի Մխիթարեան Ուխտի: 1954-էն մինչեւ իր մահը եղած է Ճեմարանի հայերէնի, գրաբարի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մնայուն ուսուցիչ եւ գրադարանավար:
  • Պարգեւ Միսիրեան, ծնեալ Այնթապ, 1911-ին: 1934-1942 եղած է հայերէնի ուսուցիչ Թէլ Ապիատի, Ճարապլուսի եւ Լաթաքիոյ ազգային վարժարաններուն մէջ: 1970-1988 եղած է Ճեմարանի հաշուապահ եւ առաջին հինգ տարին նաեւ գրադարանավար:
  • Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեան ծնած է Այնթապ, 1914-ին : Անդրանիկ որդին է սասունցի ծնողներու։ Պաշտօններ վարած է Հալէպի  Ազգ. Հայկազեան եւ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ: Մահացած Պէյրութ, 1986-ին:
  • Եզեկիէլ Թորոս, ծնեալ Խարբերդ, 1915-ին: 1963-1976 նկարչութեան այցելու ուսուցիչ Ճեմարանի միջնակարգին մէջ: Պաշտօնավարած է նաեւ Լազար Նաճարեան վարժարանին մէջ: Ծանօթ գեղանկարիչ:
  • Նշան Զարզաւաթճեան, ծնեալ Տիգրանակերտ, 1916-ին: 1956-1975, մինչեւ իր մահը պաշտօնավարած է ճեմարանին մէջ: 1956-1962 եղած է գիշերօթիկի պատասխանատու, ապա գոյքապահ եւ գրադարանի պատասխանատու:
  • Միսաք Սիսեռեան՝ (Միսաք Ուլնեցի) գրչանունով, ծնեալ Զէյթուն, (անցեալին կոչուած է Ուլնիա բիւզանդական Ուլնիա բնակավայրի անունով) 1888-ին: 1926-էն 1928, Միս Եփփէի որբանոցի տնօրէնութիւնը ստանձնած է, ապա 1928-էն 1932 եղած է Տէր Զօրի Ազգային վարժարանի տնօրէնը եւ դպրապետը: 1932-էն 1953, դասաւանդած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ: Կը մահանայ 1954-ին: Միսաք Սիսեռեան (Մ․ Ուլնեցի) հեղինակ է «Պատմութիւն Զէյթունի, 1409-1921» եւ «Անաւարտ պահեր» քերթուածներու ժողովածու:

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

1 Comment

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.