Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Հայերէնի՝ հնդեւրոպական ուրոյն ճիւղ մը ըլլալը առաջին պաշտպանողը եղաւ գերմանացի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւբշմանը, որ ստուար հատոր մը նուիրած է իր այս տեսակէտի պաշտպանութեան:
Ֆիլմարուեստի եւ Գիտութիւններու Ամերիկեան Ակադեմիան (Academy of Motion Picture Arts and Sciences) Թենի Մելիտոնեանը նշանակած է ֆիլմաշխարհի բարձրագոյն մրցանակի՝ «Օսքարի» գլխաւոր տնօրէն (Chief Oscars Officer), որ նորաստեղծ պաշտօն մըն է, կը յայտնէ Ակադեմիայի գործադիր տնօրէնը՝ Պիլ Քրէյմըր «Hollywood Reporter»ին։
«Օսքարներու»-ի 96-րդ մրցանակաբաշխութեան զտեալ ցանկերուն (shortlist) մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հայկական ֆիլմ մը լաւագոյն միջազգային ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ, առաջին անգամն է, որ հայկական ժապաւէն մը կը հասնի «Օսքար»-ի զտեալ ցանկին:
Կաղանդ Պապային տարիներ է արդէն չեմ հաւատար, բայց ըսել չէ որ մարդիկ ինծի նուէրներ բերելէ պէտք է դադրին. դեռ պզտիկ եմ, եւ նուէրը տակաւին կ'ուրախացնէ զիս՝ ով ալ ըլլայ բերողը: Ես եկամուտի մասնաւոր աղբիւր մը չունիմ եւ մէկու մը նուէր չեմ կրնար առնել այս տարիքիս...
Աշկարայ - Այս բառը տասնամեակներ առաջ, երբ թրքախօսութիւնը շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր շատ ընթացիկ ու սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու միջեւ:
Մայրամուտին գացիք, տղե՛րք՝
Որ վարդագոյն արշալոյսներ մեզ պարգեւէք․․․
Ձեր կեանքերը հրկիզուցան՝
Որ ճամբան մեր լուսաւորեն․․․
1. Ձեր յօդուածը երկու համակարգչային էջէ աւելի թող չըլլայ. այլապէս միշտ պիտի վտանգուի անոր ընթերցումը:
2. Խուսափինք կրաւորական բայերէ՝ ի հաշիւ չէզոք եւ ներգործական բայերու:
3. Ենթական չկրկնենք էական բային հետ:
4. Խուսափինք անորոշ դերբայէն՝ ի նպաստ բայանուններու:
Անցնող 2023-ի ամռան, հետաքրքրական հանդիպումներու եւ հաւաքներու շարքին էր նաեւ Երեւանաբնակ՝ բնիկ Հալէպահայ Թագուհի Կիւլաղայեանի ջերմ յիշատակներով զրոյցս Հալէպի արծաթագործներուն մասին: Մեր յաջորդ հանդիպումին, Թագուհին իր հետ բերած էր ամուսնոյն՝ Յովհաննէսի նրբաճաշակ նախշերով արծաթեայ քանի մը գործերը:
Տաղանդաշատ տիկին Միմի (Յասմիկ) Մելգոնեանի մասին շատեր կարդացած են հաւանաբար օտար լեզուներով: Ցանկութիւնս էր շնորհալի ու տաղանդաշատ հայուհիին մասին գրել հայերէնով, որ այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի Տարբերակ21 կայքէջին միջոցով:
Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զիրենք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին։ Բանաստեղծութիւններ կան, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն։ Ասոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ տրամաբանութեամբ։ Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը կը սկսի աղօթքով, որ՝ … ծառերը չմահանան։ «Ծառերը» բառը երեք բաղաձայն կը բովանդակէ։ Առաջինը պայթուցիկ «ծա»ն է, երկրորդը, զօրաւոր թրթիռով «ռա» տառն է, որ կը խարսխէ «ծառերը» բառին պատկերը: Երկրորդ տողը կրկնութիւնն է առաջինին, սակայն բանաստեղծը այս անգամ կ’աղօթէ, որ՝ սէրերը չմահանան։ «Ծառեր» բառին համանման այս բառը, «սէ»
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…
Կաթիլներու ջուրին նման
վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունտն այս ապականած
ու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։
Կու գայիր Սուլող քամիէն, գլգլացող առուէն, մեր տան դիմացի ծառին սօսափող տերեւներէն, կու գայիր էակներէն այդ թռչող, անգամ կու գայիր փողոցի դռներէն ճռճռացող։ Դուն ամէն տեղ էիր եւ ուշադրութիւն կը հայցէիր։
Աւարտած է Նիւ Եորքի համալսարանի Լրագրողներու դպրոցը՝ մասնագիտանալով քաղաքագիտութեան եւ արուեստի ճիւղին մէջ, իսկ յետընթացաւարտ ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի տեսողական (visual) արուեստի դպրոցին մէջ:
Երեւան վերջին այցելութեանս, անակնկալ եւ գեղեցիկ նուէր մը ստացայ: Այդ մէկը Շաքէ Մանկասարեանի իր նոր լոյս ընծայած «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» խորագրով Բ. հատորն էր:
Սիլվա Յովհաննէսեան իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի տարբեր վարժարաններուն մէջ, մանկապարտէզը՝ Վարդանանաց Ճէզուիթ դպրոց, ապա Սահակեան վարժարան, Ժան Տ՛արք մայրապետներու դպրոց եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան:
Սուսաննա Դաւթեան Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական Բժշկական համալսարանի հասարակագիտական առարկաներու ամպիոնի փրոֆեսոր, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր, UNESCO ՒՒՆԵՍՔՕ-ի Bioethics ամպիոնի Հայֆա հայաստանան մասնաճիւղի վարիչ է:
Եգիպտահայ երաժիշտ, երգիչ, երգահան եւ ուտ նուագող մայեսթրօ Ճորճ Գազազեան ծնած է Գահիրէ 25 Յունուար 1953-ին, եգիպտահայ ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանի մանկապարտէզը:
Հազար տարիէ ի վեր ան գրեթէ ամէն օր կ’երգուի մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ անոնց հազարաւոր սպասարկուներուն կողմէ, եւ յուսալի է, որ այնպէս ալ շարունակուի «ցկատարածն աշխարհի»:
Սովորական դարձած հարցում մը, զոր յաճախ կ'ուղղենք մեր զաւակներուն կամ ոեւէ դպրոցականի, որուն կը հանդիպինք, եւ երբեմն ալ դժբախտաբար մենք` ուսուցիչներս կը հարցնենք մեր աշակերտներուն.
-Ո՞ր դպրոցը կը յաճախես:
- Քաներո՞րդ դասարան ես:
Արմատներով Պարսկաստանէն, տաղանդաշատ երաժիշտ, ջութակահար, քամանչահար, գիրքերու հեղինակ Արտուշ Յովակիմի Փարսատանեան ծնած է 23 Հոկտեմբեր 1951-ին Հայաստանի Կապան քաղաքը:
Ամբողջ հայ ժողովուրդի տառապանքը անձնականացուցած, երգի ու երաժշտութեան ճամբով անոր ազգային լինելութեան ձգտումը իր հոգիին հետ միաձուլած մարդուն՝ անանձնական գլխագիր մարդուն մասին՝ մարդկային բառերը բաւարար պիտի չըլլան տալու ամբողջական իմաստ մը։
Հետագայ կարճ պատմուածքը գրուած է 2017-ին, երբ հայ ժողովուրդը նուիրուած էր Արցախի բարօրութեան եւ պաշտպանութեան:
Քիչեր լսած են հայութեան նուիրուած անձնաւորութիւններէն՝ Միս Մարթա Ֆրիրսընի մասին: Ազնուական ընտանիքի մը զաւակը, ան ծնած է Լոնտոնի արուարձաններէն Չէլսիի մէջ, 31 Յուլիս 1868-ին: 1895ի հայկական ջարդերուն լուրը հազիւ իր ականջներուն հասած, ան կ’որոշէ անձամբ ուղուիլ հայկական շրջաններ եւ հայ որբերը խնամել:
