Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
-Բայց ես Լայզան չեմ, ըսի վրդոված, Լայզան կինս է եւ այդ հարցարանը անոր անունովն է... սխալ է..., հաճիս իմս ստուգէ...:
«Ով որ մերօրեայ ուսումնական ծրագիրի քաոսէն ընտրէ հարիւր ամենավատ գիրքերը եւ հրապարակէ անոնց ցուցակը, աճող սերունդին իսկական ու յարատեւ օգուտ մը կը շնորհէ:»
Եթէ որոշես ընտրել ամենակարեւոր պատուիրանը, զորս կը կարդաս լուսաբացին եւ մայրամուտին, ուրախութեան ու վիշտի ժամանակ, ահա այդ պատուիրանը․ «այն ամէնը, ինչ կը կատարուի ուրիշին հետ, կը կատարուի անձամբ քու հետդ»:
Վրձինիդ տակ՝ խունկ ու աղօթք,
Ջաջուռ գիւղի այրող կարօտ.
Որքա՜ն յոյզեր, պարող լեռներ,
Հայոց հողի լոյս-ստուերներ։
…Պէտք է սիրել ան-պատճառ,
Սէրը չունի մի պատճառ,
Որ մտածես խելագար՝
Ինչո՞ւ սիրել անդադար։
Սիրե՜լ, սիրե՜լ պարզապէս՝
Մէկ պատճառով յայտնապէս,
Որ սիրելը այս կեանքում
Չունի պատճառ սիրելու,
Այլ լոկ սիրել անպատճառ
Եւ չորոնել այլ պատճառ…
"Աւելի լաւ է քնանալ ցօղաթաթախ պաղ խոտերու մէջ` բաց երկինքի տակ, իսկ ձմռան ապաստան փնտռել դէզի տաքուկ խորքերուն մէջ կամ գէշ եղանակին պատսպարուիլ ամբարի ծածքին տակ, քան ապրիլ` սրտին մէջ սէր չունենալով:"
"Գարնան հմայքի
դողով արբեցող
կակաչներս իմ,
Ճեմող խոհերուս
նազանք պարգեւող
անուրջներս իմ։"
