Շնորհալի արուեստագէտուհիի մը ստեղծագործական ճանապարհը՝ Սիլվա Յովհաննէսեան

Վինսընթ Վան Կոխի հռչակաւոր «Սրճարանի դարատափը՝ գիշերը» գործին կրկնօրինակը: Գործ՝ Սիլվա Յովհաննէսեանի

Տարիներ ետք եւ ահա մենք կը հանդիպինք Արաբական Միացեալ Էմիութիւններու մէջ, ուր Սիլվա կը պատրաստուէր դէպի Հալէպ ճամբորդութիւն մը կատարելու՝ իր ծնողքն ու հարազատները տեսնելու երկար տարիներու կարօտով:

Այնքան շատ էին մեր խօսակցութեան նիւթերը, որ ժամանակը կը սահի անզգալաբար: Հետագայ տողերուն մէջ կը ներկայացնեմ մեր զրոյցը, ուր Սիլվա կը պատմէ իր լեցուն կեանքի խայտաբղէտ ոլորտները:

Մարաշի ասեղծնագործութեան հմտութեան դրուագը

Գիտես Շաքէ, – Սիլվա կը պատմէ ,- աւելի քան դար մը առաջ Կիլիկիոյ, Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքները, իւրաքանչիւրը ունէր ասեղնագործութեան իր ուրոյն ոճը: Իմ մեծ հայրս ծագումով Մարաշէն էր, եւ իմ դեռահաս տարիքիս մայրս քաջալերեց, որ ես ծանօթանամ Մարաշի ասեղնագործութեան ոճին եւ սորվիմ վարպետ ասեղեղնագործի մը քով: Այն ժամանակ ես մասնաւորապէս չէի սիրեր ասեղնագործութիւնը: Ես աւելի շատ կը նախընտրէի պեղել, թափանցել հօրս՝ գեղեցիկ հայ գրականութեան ընդարձակ գրադարանի գիրքերուն մէջ:

Սիլվա ցոյց կու տայ Մարաշի ասեղնագործութեան մէկ մասը, որ ինք ասեղնագործած է իր պատանեկութեան տարիներուն: Տեսնել վարի նկարը:

Դերձակութեան ծանր օրերը

Սիլվա կը շարունակէ պատմել.- Պատանեկան տարիներուս ալ շատ բծախնդիր էի իմ հագուստի ընտրութեան մէջ, ուստի մայրս ամառուայ ընթացքին զիս կ՛ուղարկէր դերձակներու խանութներ, որ սորվիմ ինչպէս կարել իմ հագուստս: Ես հետեւեցայ կանացի հագուստի դերձակութեան, ձեւագիտութեան եւ նախշերու պատրաստութեան դասընթացներու՝ չհասկնալով, որ Աստուած զիս կը պատրաստէր իմ ապագայիս: Երբ ամուսնոյս եւ երեք զաւակներուս հետ տեղափոխուեցայ Միացեալ Նահանգներ, իմ հմտութիւններս օգնեցին զիս ամէնէն դժուար պահերուն: Ես կ՛աշխատէի տարբեր դերձակներու խանութներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ կը պատրաստէի ծածկոցներ խորաններու համար, զորս կը նուիրէի եկեղեցիներուն։ Ես կ՛աշխատէի երկու դերձակի խանութի մէջ՝ յաճախ տուն բերելով անաւարտ հագուստ եւ երբեմն ալ երկար ժամեր աշխատելով տան եւ աշխատավայրին մէջ: Անկեղծօրէն, ես չէի սիրեր այս ապրելակերպը:

Հայերէնի կամաւոր դասաւանդութիւն

Սիլվա կը շարուակէ.-2005-էն մինչեւ 2010 կամաւոր աշխատած եմ Ֆիլատելֆիոյ տարբեր եկեղեցիներուն մէջ՝ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը հայերէնի դասեր տալով թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ չափահասներուն: Բացի անկէ, ես Հայ Օգնութեան Միութեան անդամ եմ 2005 թուականէն ի վեր: Հակառակ իմ ամենօրեայ աշխատանքի ժամերուս եւ տան առօրեայ պարտականութիւններուս, ես իմ ուշ գիշերները նուիրած եմ եկեղեցւոյ խորանի յատուկ բարդ նախշերով ծածկոցներ ստեղծելու՝ օգտագործելով ուլունքագործութեան իմ հմտութիւնները: Այս իմ ձեւս էր երախտագիտութիւնս յայտնելու այն եկեղեցիներուն, որոնք ինծի միշտ օրհնութիւններ բերած են: Ես շարունակած եմ այս կամաւորական աշխատանքը շուրջ ինը տարի 1994-2003՝ ստեղծելով մեծ ծածկոցներ, իւրաքանչիւրը 60″ x 60″ չափերով, որոնց կեդրոնի մէջ ուլունքներով պատկերուած էին հրեշտակները եւ Քրիստոսը: Ես նաեւ պատրաստած եմ երկու շապիկ աւելի փոքր պատկերներով՝ իւրաքանչիւրը 60″ x 10″, ինչպէս՝ աղաւնիները, հրեշտակները, մոմեր եւ խաղողներ: Բացի այդ, ես պատրաստած եմ խորանի չորս ծածկոցներ՝ իւրաքանչիւրը 60″ x 10″, որոնց վրայ պատկերուած են խաղողներ, ինչպես նաեւ երկու փոքր վարագոյրներ՝ իւրաքանչիւրը 40″ x 60″, որոնք զարդարուած են հրեշտակներով:

2006-2017 տարիներուն պատրաստած եմ ու նուիրած քահանաներու համար տարբեր եկեղեցական արարարողութիւններու զգեստներ եւ խաչի թաշկինակներ, շուրջարներ: Ես նաեւ խորանի ծածկոցներ պատրաստած եմ՝ բոլորը ուլունքներով, ամերիկեան եկեղեցւոյ համար, բայց ոչ մէկ նկար ունիմ պահած։

Երազի իրականացում՝ դերձակութեան աշխատանոց

2005-ին ես հիմնեցի Silva’s Expert Tailoring-ը արհեստանոցը՝ իրականացնելով սեփական ասպարէզ մը ստեղծելու իմ երազս՝ թէեւ նախապէս դերձակութիւնը իմ նախասիրութիւնս չէ եղած: 2007-ին հետեւած եմ կալուածներու (real-estate) մասին դասընթացքի, իսկ 2011-ին, ուսումս շարունակած եմ բժշկական օգնութեան դպրոցին մէջ՝ cardiovascular sonography: Յաջողութեամբ աւարտելէ եւ վկայական ստանալէ ետք, նոր աւիւն ու խանդավառութիւն յայտանաբերեցի իմ արհեստիս նկատմամբ եւ այդ պահէն ի վեր կենդրոնացած եմ դերձակութեան վրայ:

Ես երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ օգնեցին ինծի դառնալու այնպիսին, ինչպէս եմ այսօր, եւ ես շնորհակալ եմ կեանքի այս ճանապարհորդութեան, որ զիս տարաւ հոն, ուր ես հիմա կը գտնուիմ: Ես անկեղծօրէն կը սիրեմ այն, ինչ կ՛ընեմ եւ նուիրուած եմ իմ յաճախորդներուս լուծումներ տրամադրելու աշխատանքին:

Գեղանկարչութիւնը ստեղծագործական նոր հարթակ

2018-էն ի վեր սկսած եմ թուայնացած գեղանկարչութեամբ զբաղիլ, կը շարունակէ պատմել Սիլվա՝ իմ ստեղծագործական զբաղմումներուս մէկ այլ հարթակ ու ծաւալ աւելցնելով։

2019-ին սկսայ շաբաթը անգամ մը երեկոյեան պահերով յաճախել արուեստից դպրոց, ուր սկսայ նկարել acrylics-ով, ապա անցայ իւղաներկի օգտագործման: Իսկ, վերջերս սկսայ քանդակներու ուրուագծագրութեամբ զբաղիլ: Թէեւ ես շաբաթը մէկ անգամ յաճախող գեղարուեստի ուսանողուհի եմ, բայց արդէն Wayne Art Center -ի անդամ եմ:

Սիլվա Յովհաննէսեանի գեղանկարչական աշխատանքները կարելի է տեսնել ֆէյսպուքի հետագայ յղումով https://www.facebook.com/silva.hovhannesian, ինչպէս նաեւ իսնթիկրամով՝ silva.k.h_art.

Կենսագրական

Սիլվա Յովհաննէսեան իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի տարբեր վարժարաններուն մէջ, մանկապարտէզը՝ Վարդանանաց Ճէզուիթ դպրոց, ապա Սահակեան վարժարան, Ժան Տ՛արք մայրապետներու դպրոց եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Ծնողքը՝ Պօղոս եւ Արփինէ Քրտանեան բախտաւորուած են աշխարհ բերելով երեք դուստր՝ Սիլվա, Լենա եւ Զեփիւռ եւ մէկ մանչ՝ Ալեք:

Ծնունդով Հալէպէն՝ Շաքէ Մանկասարեան աւարտած է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-գերմանական լեզուներու բաժանմունքը (M.A. in Philology) եւ Associate Cambridge School-ը (Diploma in Emotional Intelligence), Տուպայի մէջ (ԱՄԷ). ունի International Examination Diploma at Professional Level for Teachers and Trainers (University of Cambridge): 2011-ին հիմնած է շուրջօրեայ սփռուող RadioAyk առցանց ձայնասփիւռի կայանը, որ կը գործէ մինչ օրս: 2017-էն ի վեր ամէն Կիրակի Հայաստանի Հանրային ռատիոյէն կը սփռուի Շաքէ Մանկասարեանի հեղինակային «Արեւմտահայերէն» հաղորդաշարը, սեփական նախաձեռնութեամբ եւ մտայղացումով: Կ’աշխատակցի նաեւ «Սփիւռքի Ձայն» հաղորդաշարին եւ «Նոր Յառաջ» լրասփիւռին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»ի արեւմտահայերէն բաժինին մէջ, հայերէնով կը ներկայացնէ օտար մամուլին մէջ հայ երեւելի անձնաւորութիւններու մասին հրապարակումներ: 2021-ին լոյս տեսաւ իր «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» հատորը: Պարգեւատրուած է Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

4 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Շաքէ Մանկասարեան
Շաքէ Մանկասարեան
5 months ago

💕🙏💕վարձքդ կատա՛ր սիրելի՛ Շաքէ, ես հպարտ եմ որ ունիմ այսպիսի քոյրեր եւ մէկ հատիկ եղբայր, բացառիկ ծնողքի դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը պիտի ժառանգորդեն ընտանիքի յաջորդ սերունդները , կեցցէս բազմատաղանդ քոյրս Silva Hovhannesian😘😘Zepur K. Hovhannesian

Շաքէ Մանկասարեան
Շաքէ Մանկասարեան
5 months ago

Silva Hovhannesian
Dear Shake,
Thank you so much for your hard work!
After so many years my visit to my family was very special to my heart, meeting you in Dubai was also very special, it was a very short time but it was a good quality time.
You are one special hard working lady! You put more of your time writing about everyone you know and meet, no one ever does what you are doing, spending your precious time by volunteering and writing day and night, that is something amazing about you, only love can do what you are doing, it is a selfless act of kindness.
We are all gifted with so many blessings, and using our gifts are more blessings.
Your gifts are blessings to bring the goodness out of so many people.
May God bless you with good health, long life and give you everything your heart desires.
Thank you!❤️🌹Silva Hovhannesian

Շաքէ Մանկասարեան
Շաքէ Մանկասարեան
5 months ago

Arpy Shahinian-Avenian
Յարատեւ յաջողութիւններ քեզի շնորհալի Հայուհի : Շնորհակալութիւն սիրելի Շաքէ այս վարակիչ տեղադրումիդ համար :Arpy Shahinian-Avenian

Շաքէ Մանկասարեան
Շաքէ Մանկասարեան
5 months ago

Arpi Bedrosian-rp
Իսկապէս FB սկսաւ օգտակար նիւթեր դնել
Շատ մերսի ayk page…
Proud of you Հպարտ եմ քեզմով 👍 Silva Hovhannesian մօրաք.
Շատ հպարտ եմ որ մամաս ալ Lena B Krdanian եւ Zepur K. Hovhannesian նաեւ մարաշի ասեղնագործ աշխատեր են եւ պահեր են մեր հայկական աւանդութիւնները տուներուն մէջ:
Շնորհակալ եմ բոլորին:

4
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x