Կաղանդ է, այսօր ալ ի՛մ ուզածը թող ըլլայ…

Կաղանդ Պապային տարիներ է արդէն չեմ հաւատար, բայց ըսել չէ որ մարդիկ ինծի նուէրներ բերելէ պէտք է դադրին. դեռ պզտիկ եմ, եւ նուէրը տակաւին կ'ուրախացնէ զիս՝ ով ալ ըլլայ բերողը: Ես եկամուտի մասնաւոր աղբիւր մը չունիմ եւ մէկու մը նուէր չեմ կրնար առնել այս տարիքիս...

Հետս էիր ու պիտի մնա՛ս միշտ

Կու գայիր Սուլող քամիէն, գլգլացող առուէն, մեր տան դիմացի ծառին սօսափող տերեւներէն, կու գայիր էակներէն այդ թռչող, անգամ կու գայիր փողոցի դռներէն ճռճռացող։ Դուն ամէն տեղ էիր եւ ուշադրութիւն կը հայցէիր։