Թենի Մելիտոնեան` «Օսքար»ի գլխաւոր տնօրէն

Ֆիլմարուեստի եւ Գիտութիւններու Ամերիկեան Ակադեմիան (Academy of Motion Picture Arts and Sciences) Թենի Մելիտոնեանը նշանակած է ֆիլմաշխարհի բարձրագոյն մրցանակի՝ «Օսքարի» գլխաւոր տնօրէն (Chief Oscars Officer), որ նորաստեղծ պաշտօն մըն է, կը յայտնէ Ակադեմիայի գործադիր տնօրէնը՝ Պիլ Քրէյմըր «Hollywood Reporter»ին։ Այս նոր պաշտօնով, Թենի Մելիտոնեան պիտի ղեկավարէ «Օսքարներու» ռազմավարութիւնը, տաղանդներու հետ կապը, յատուկ միջոցառումները եւ մրցանակաբաշխութեան առնչուած բոլոր ձեռնարկներուն արտադրական խումբերը:

Մելիտոնեան սերտօրէն պիտի աշխատի «Օսքար»-ի արտադրողներուն եւ հաղորդավարներուն, Disney/ ABC-ի եւ Ակադեմիայի ղեկավարութեան, ներառեալ՝ Կառավարիչներու Խորհուրդի եւ անոր յանձնաժողովներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի համակարգէ աշխատանքը այն խումբերուն, որոնք ներգրաւուած են «Օսքարներու» մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ծրագրումի եւ կայացման, ինչպէս նաեւ՝ զայն Համաշխարհային լայն լսարանին ներկայացնելու գործին մէջ։

Ակադեմիայի տնօրէնը՝ բարձր գնահատելով Մելիտոնեանի փորձառութիւնը, ստեղծագործական անհատականութիւնն ու հեռանկարային նկարագիրը, ընդգծած է կարեւորութիւնը այս պաշտօնին, յատկապէս՝ «Օսքարներու»-ի 100-րդ մրցանակաբաշխութեան (2029-ին) ընդառաջ։ 2022-ին, Քրէյմըրի ղեկավարութեամբ Մելիտոնեան գլխաւորած է «Օսքարներու» նորաստեղծ ռազմավարական ստորաբաժանումը, որ ամբողջ տարուան ընթացքին կ’աշխատէր մրցանակներու հետ կապուած բոլոր ծրագիրերուն վրայ:

Մելիտոնեանը վերջերս «Օսքար»ի ռազմավարութեան փոխնախագահն էր։ Ան իր ակադեմական ասպարէզը սկսած է 2005-ին որպէս հաղորդակցութեան եւ ծանուցումներու բաժնի ղեկավար՝ վերահսկելով ապրանքանիշի ռազմավարութիւնը եւ շուկայագիտութիւնը:

Նախապէս ան աշխատած է Ուաշինկթընի մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x