Կո՛չ արեւմտահայերէնի պատասխանատու գործածութեան

Կարելի չէ անտեսել այս զաւեշտը, որ երբ նոյն բեմերէն լեզուի պահպանման բուռն կոչեր կը հնչեն, միաժամանակ «անզգոյշ» կամ երբեմն յամառ ու գիտակցուած սխալները կը գործուին: Այս անտեսումները դուրս կու գան զուտ տպագրական սխալներէ:

Մեր հաւաքական կեանքի ժողովրդարավարացման եւ ժողովրդականացման հրամայականը

Ուսումնասիրելով մեր հաւաքական մտածելակերպը` ակնյայտ կը դառնայ, որ մենք պէտք չէ խուսափինք սեղանի վրայ դնելէ հետեւեալ հարցումը. արդեօ՞ք տրամադիր ենք ընդօրինակելու ժողովրդավարական հաւաքականութիւնները, թէ՞ խօսքով ու երեւակայութեամբ միայն ժողովրդավար ենք:

Հայը եւ Միամտութեան, Ինքնախաբէութեան ու Ինքնավստահութեան աստուածները

Եթէ հայերը կրկին հեթանոս դառնան, ապա դիցարանին մէջ միայն քանի մը աստուած պիտի ըլլան` Ինքնախաբէութեան, Մեծամտութեան, Միամտութեան եւ Համբերութեան աստուածները: Այս պարագային, ամբողջովին բնական ու հասկնալի կը դառնայ այն բոլորը, որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ:

Արցախահայութեան օժանդակութիւնը կրկին օրակարգի վրայ կը դնէ «Սփիւռքի կառոյցներու» խնդիրը

Յաճախ կ'ըսուի որ սփիւռքը «հարստութիւն» կամ «ուժ» մըն է Հայաստանի համար, սակայն այս հաստատումը ընդհանուր գաղափար մըն է, որ պէտք է գործնական տարազի մը մէջ դնել ու յստակացնել:

Ոճիրը կը շարունակուի. Ատրպէյճան կը զաւթէ նաեւ մեր պատմական յիշողութիւնը

Երեք ամիս ալ չէ անցած այն օրէն, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի հայերուն բռնագաղթը, բայց ատրպէյճանցիները ամէն կերպով կը փորձեն հայերէն խլել նաեւ պատմական յիշողութիւնը, ջնջել հայերու հետքերն իսկ:

Հայ լեզուն մտահոգիչ չափերով կը նահանջէ նաեւ Հայաստանի մէջ…

 Շրջեցէ՛ք Երեւանի կամ հանրապետութեան այլ քաղաքի մը փողոցներով: Վաճառատուներու, կրպակներու եւ վաճառքի այլ վայրերու անուններուն տասէն եօթն օտարատառ է ու օտարալեզու, հինգէն երեքը՝ հայատառ, բայց ոչ հայաշունչ, այսինքն անգլերէն բառերը գրուած են հայատառ` աւելի նողկալի տպաւորութիւն յառաջացնելով:

«Մարդս» չէ, «Վազվզող» է

Արդեօք կա՞յ մէկը որ չէ լսած այս խօսքը հայկական սփիւռքի մէջ: Յաճախ զարմանքով կը նշմարենք, որ բարձր ու պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնեն միջակ հմտութիւններ եւ սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող անհատներ:

Ապագան նորահաս սերունդներուն է՝ մանաւանդ եթէ տարբեր կը մտածեն

Հայկական սփիւռքի մէջ, կուսակցական կարգապահութիւնը ստացած է ամբողջական հնազանդութեան կամ հաւատարմութեան ապացոյց պահանջող իմաստ մը:  Հաւատարմութիւնը ինքնին հոմանիշ դարձած է ի վերուստ պարտադրուած գաղափարներու հետ անառարկելի համաձայնութեան:

Պատերազմ, կորուստ, աղէտ եւ…նոյն երազկոտ ու քնաթաթախ հայը

Նոյնիսկ այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ գիտական միտքը պէտք էր հրաբուխի լաւայի պէս եռար` հասկանալու համար, թէ ի վերջոյ ո՞րն է մեր ուղին, ի՞նչ է մեր նպատակը՝ մենք գիտական առումով արձակուրդի մէջ կը գտնուինք:

Ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրումի հրամայականը

Այս գրութեան նպատակը հայերուս մէջ որպէս ազգ ո՛չ նուաստացման կամ բարոյալքման, ո՛չ ալ ազգային հպարտութեան կորուստի զգացումներ յառաջացնելն է, բայց ազգային մակարդակի վրայ կրնայ ցաւի, ափսոսանքի եւ ինքնաքննադատութեան զգացմուներու տեղիք տալ:

Ալիեւը՝ ցեղասպան

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամպօ, 7 Օգոստոս 2023-ի թուականով հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անունումը) շրջափակումը «ցեղասպանութիւն» է:

Ազնիւ արարք մը

Դարաշրջանի մը մէջ, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը յաճախ կ'անտեսուին, վերջերս տեղի ունեցաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը, որ հայկական առումով նոր չափանիշներ կը սահմանէ հանրային եւ համայնքային ծառայութիւններու մէջ: