Արցախը՝ փորձաքար. հայ ժողովուրդը ի վիճակի՞ է որեւէ հարց լուծելու, թէ ո՛չ

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստերէն յետոյ, Հայաստանի մէջ ներքին հիասթափութեան եւ զայրոյթի ալիք մը սկսաւ, ուղղուած՝ այն երկիրներուն, որոնք թրքամէտ դիրքորոշում ունէին, եւ տխուր շնորհակալութիւններ՝ այն երկիրներուն, որոնք աւելի հայանպաստ խօսած էին:

Ոչինչ փոխուած է այն օրէն ի վեր, երբ Րաֆֆի կը նշէր, որ հայերը ցնծութիւն կ’ապրին, երբ արտասահմանի մէջ որեւէ լրագիր կը բարեհաճի իրենց մասին քանի մը բարեացակամ տող գրել: Հիմա ալ, հայ հասարակութիւնը իր ամբողջ ներուժը ներդրած է հայհոյանքներու եւ շնորհակալութիւններու`մոռանալով, որ նախ, Արցախի հարցը ընդհանրապէս չի լուծուիր, եւ երկրորդ՝ Արցախի հարցը մեր` հայերունն է, ոչ թէ Ալպանիոյ, զոր քննադատեցինք կամ Մալթայինը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեցինք:

Արցախը հայ հասարակութեան եւ հայ ժողովուրդի հարցն է, եւ ոչ միայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Արցախի հարցը ոչ թէ խնդիր մըն է, որմէ պէտք է փախչիլ, այլ առաջադրանք մը, որ պէտք է կատարել: Արցախը փորձաքար մըն է, որ ցոյց պիտի տայ, թէ՛ հայ ժողովուրդը ի վիճակի՞ է որեւէ հարց լուծելու, թէ ո՛չ:

Միաժամանակ, Արցախի մէջ այսօր ստեղծուած իրավիճակը չափորոշիչ է հայկական ներուժին համար: Չափորոշիչ, թէ արդեօ՞ք հայկական ներուժը բաւարար է ա՛յդ հարցը լուծելու համար, թէ ո՛չ:

Արցախը փորձաքար մըն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ հայ ժողովուրդին մէկտեղելու եւ ամրապնդելու իր ուժերը՝ իր հասարակական, քաղաքական, գիտական, ելեւմտական եւ ռազմական ներուժը: Այսօր արցախեան հարց ըսելով մասնաւորաբար կը կեդրոնանանք Բերձորի (Լաչին) միջանցքը բանալու անհրաժեշտութեան վրայ՝ մէկ կողմ թողելով քաղաքական մեծ պատկերը: Բերձորէն յետո ի՞նչ: Ապա կը նշուին 1994-ին սկսած եւ մինչեւ վերջերս հրապարակուած ու քննարկուած տարատեսակ «ծրագիրներն» ու ամերիկեան, ռուսական, ֆրանսական եւ այլ տարբերակները: Բայց ի՞նչ է Արցախի հարցին լուծման հայկական տարբերակը: Հայկական, եւ ոչ թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուող բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին որպէս կանոն կը քննարկուին ուրիշներու կողմէ առաջարկուող/պարտադրուող գործընթացներ:

Ի՞նչ կը մտածէ հայ հասարակութիւնը, եւ ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ ընդհանրապէ՛ս որեւէ հարցի մասին: «Չկայ Հայաստան առանց Արցախի» թեզը կ’ապացուցէ մեր տհասութիւնը նման հարցերու մասին: Իսկ արդեօք կա՞յ Հայաստան առա՛նց Տաւուշի, առա՛նց Շիրակի կամ առա՛նց Գեղարքունիքի: Մեր մանկամիտ մօտեցումը այս հարցին նկատմամբ ամբողջովին պարապ է քաղաքական, իրաւական խորքէ, պատասխանատուութենէ եւ ամբողջովին լեցուած է զգացումներով, բայց երբե՛ք սառն եւ սթափ դատողութեամբ: Հայերու համաձայն, Արցախը պէտք է ունենար նոյն կարգավիճակը, ինչպէս հայկական բոլոր հողերը ընդհանրապէս: Գոյութիւն չունի հայրենիքի մը աւելի լաւ ու աւելի վատ մաս մը: Չկայ կարեւոր եւ անկարեւոր հողամաս մը: Հայրենիքը համընդհանուր արժէք մըն է, ոչ թէ կարճաժամկէտ խնդիր մը: Բայց մենք, փոխանակ Արցախ ըսելով հասկնայինք հայոց հայրենիքին մէկ մասին վերաբերող առաջադրանք մը, որ անհրաժեշտ է լուծել, Արցախը վերածեցինք հարցի մը, որ սկսաւ ճնշել մեր վրայ: Եւ հաւանաբար նոյնիքն այդ պատճառով է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հողերու վերադարձի հարցին մէջ մեր պատկերացումները այդքա՛ն մշուշոտ ու անորոշ են, որ մինչեւ այսօր հայ հասարակութիւնը չէ փորձած հասկնալ, թէ ո՞ւր կ’աւարտի բողոքը եւ ո՞ւր կը սկսի պայքարը: Եւ այդ պայքարը պիտի դիտարկուի ո՛չ թէ զուտ ֆետայական տեղական փարթիզանական կռիւներու ձեւաչափով, ա՛յլ իբրեւ հայկական հարց մը, որուն լուծման համար պէտք է մշակուին յստակ գործնական ծրագիր-միջոցներ, ուր անհրաժեշտութեան պարագային նկատի կ’առնուին թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ դիւանագիտական ընտրանքները. երբեմն մէ՛կը, երբեմն մի՛ւսը, երբեմն երկո՛ւքը միասին:

Արցախի հարցը այսօր ցոյց կու տայ մեր պատկերացումներն ու հասկացողութեան մակարդակը: Արցախի հարցը այն լիթմոսաթուղթն (litmus paper) է, որ երեւան կը հանէ հայ իրականութիւնը իր ամբողջական մերկութեամբ:

Արդեօ՞ք Արցախը այնքան կարեւոր է, որ քաղաքական խմբակցութիւնները մէկ կողմ կը դնեն իրենց հակասութիւնները եւ նկատի կ’առնեն միասնական աշխատանքի կարելիութիւնները: Արդեօ՞ք հակընդդէմ քաղաքական ու հասարակական գործիչները մէկ կողմ կը դնեն իրենց անձնական հակակրանքները ու կը մեկտեղեն իրենց ջանքերը: Արդեօ՞ք մշակութապէս արդէն իրարու խորթացած հայ տարբեր համայնքները մէկ կողմ կը դնեն իրենց տարբերութիւնները եւ կը նային նմանութիւններուն: Արդեօ՞ք Արցախը ի վիճակի կը դառնայ միաւորելու հայ հասարակութիւնը: Այլ խօսքով՝ պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Արցախը մեզի պէտք է թէ ոչ:

Համակարգչային լեզուին մէջ ընդհանրապէս խնդիր (problem) եզրը ոչ թէ կը նշանակէ սխալ (error), այլ առաջադրանք մը, որ պէտք է լուծել, եւ համակարգը կը սկսի մշակել ու փորձարկել այդ առաջադրանքը լուծելու միտող տարբերակները: Սխալի (error) պարագային, համակարգը կը զգուշացնէ, որ առկայ է անլուծելի խնդիր մը՝ վնաս մը: Մենք Արցախին նայեցանք որպէս ՍԽԱԼ (error): Սխալները տարբեր են, հետեւանքները` նոյնպէս: Արցախի հարցին մէջ մեր սխալը եղաւ ողբերգական:

Մենք այսօր ալ չենք գիտեր, թէ Արցախի հարցով, ի՞նչ է մեր վերջնական նպատակը: Անկախացման եւ Հայաստանի հետ միացման սանդղակն ալ իջած է միջանցքի բացման մակարդակին, որուն լուծման տարբերակը նաեւ չունինք:

Բազմիցս առիթ ունեցած ենք խօսելու հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութեան, նպատակներուն մասին: Եւ գրեթէ միշտ յանգած ենք այն եզրակացութեան, որ կա՛մ չունինք նպատակ, կա՛մ այդ նպատակը այնքա՛ն անորոշ է, որ դարձած է անհասկնալի:

Արցախը պիտի ցոյց տայ, թէ մենք որքանո՞վ հաստատուած ու յառաջացած են որպէս հասարակութիւն եւ պետութիւն: Արցախը այն փորձաքարն է, որ հայելիի դերը պիտի կատարէ մեզի համար: Եւ կարեւոր չէ, թէ ներքաղաքական վազքին մէջ, ո՞վ աւելի հմուտ կը կարգադրէ իր գործերը: Կրնայ ըլլալ Արցախը, Սիւնիքը կամ այլ հարց, իրավիճակը կը մնա՛յ նոյնը, որովհետեւ մենք չունի՛նք համազգային նպատակներ, չունի՛նք պետական նպատակներ: Ունինք պատմութիւն, որուն առանձին յատկանիշները հպարտութիւն կը պատճաեն. կեցցէ՛ այսինչը եւ չկեցցէ՛ այնինչը:

Միթէ նման եղանակով կարելի՞ է որեւէ հարց լուծել:

Անկախ այն իրողութենէն, թէ վաղը Արցախի հարցի լուծման որ տարբերակը մեզի կը պարտադրեն, այդ ցոյց կու տայ, թէ մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք: Այդ մէկը ցոյց կու տայ մեր քաղաքակրթական ինքնորոշման բարձր կէտերը: Արցախը կը դառնայ այն փորձաքարը, որուն վրայ պիտի կտրուին մեր հերթական նոյնիսկ չարդարացուած երազանքներն ու սխալները: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Իսկ ի՞նչ է այդ Հայաստանը, որ մէկուն համար Ուիլսընեան է, միւսին՝ տիգրանմեծեան, ուրիշին՝ Կիլիկիան է, միւսին՝ Խորհրդայինը: Ո՞ր Հայաստանն ենք մենք եւ որ Հայաստանը պիտի ըլլանք: Ի՞նչ է հայկական Հայաստանը: Այսինքն եթէ Ուիլսընի քարտէսին մէջ երեք գաւառ պակաս ըլլար, մենք ուրախութեամբ պիտի համաձայնէի’նք անոր: Կը հասկնա՞ք, թէ որքա՛ն անհեթեթ են մեր միտքերը: Եթէ Ուիլսըն նաեւ Պարսկահայք նահանգը ընդգրկեր, մենք պիտի պահանջէինք նաեւ ա՞յդ: Ուիլսը՞նը Հայաստանի սահմանները գծեց, թէ՞ հայկական մտահորիզոնը:

Ի՜նչ դիւրին կը հրաժարինք մենք մեզմէ:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x