/

Անկախ մամուլի դերը դարձած է անփոխարինելի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ

Պետրոս Մանուկեան

Դպրոցական առաջին տարիներէն իսկ սիրած եմ գրականութիւնը: Ինծի ամէնէն սիրելի գրողը Յակոբ Պարոնեանն էր: Սկիզբը, որպէս մանուկ, զիս կը գրաւէր անոր արտաքինը, ուր ան ծիծաղաշարժ ու թեթեւասիրտ կ’երեւէր: Երբ հասունացայ, սկսայ տեսնել կատակերգութեան միւս կողմը՝ գնահատելով անոր պատմութիւնները իրենց ծիծաղին եւ սրամտութեան համար: Անոր դրական ազդեցութիւնը տրամադրութեանս վրայ՝ ծիծաղ ու ուրախութիւն, զարգացաւ իմ մտաւորական հետաքրքրասիրութեանս զուգահեռ, որ իր կարգին ստիպեց զիս կարդալու եւ նոյնքան հիանալու Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութիւններով:

Սակայն պատմութեան եզրափակիչ մասը ցաւով լեցուց հոգիս, երբ իմացայ, որ հայ հանճարը՝ Պարոնեան մահացած է աղքատութեան մէջ: Մեր մտաւորականներէն շատեր, կեանքէն հեռացած են աղքատ պայմաններու մէջ, թէեւ հարուստ ժառանգութիւն ու աւանդ ձգած են: Անոնց անունները այսօր միաժամանակ դարձած են կոթողային ու վաճառանշային. բազմաթիւ զբօսաշրջային հաստատութիւններ կը գործածեն անոնց անունները՝ կամ իբրեւ աւանդ կամ իրենց գրաւչութեան պատճառով: Հեգնական է երեւոյթը: Միշտ կը մտածեմ, թէ մեր այդ մեծերը ինչպէ՛ս այսօր կրնային հարստանալ, եթէ ողջ ըլլային՝ հաւանութիւն տալով առեւտրական նման հաստատութիւններու օգտագործելու իրենց անունները:

Մեր մտաւորականները ընդհանրապէս ապահովուած չեն նիւթապէս, եւ անոնցմէ շատերուն համար անհրաժեշտ է երկրորդ ասպարէզ մը: Համազգային նշանակութեան ունեցող հարց է այս երեւոյթը: Հիմա եկէք խորանանք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքի լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին մէջ: Չեմ ուզեր քաղաքական տեսութիւններու ծուղակը իյնալ՝ փորձելով վերլուծել, թէ զանգուածային լրատուամիջոցներու մեծ մասը կը գտնուի ներքին թաքուն ուժերու ազդեցութեան տակ: Այնուամենայնիւ, կը փորձեմ բացատրել այն, ինչ որ տեսանելի է հանրութեան:

Սկսինք պարզ ժողովուրդէն: Հայաստանի մէջ այս օրերուն հազուադէպ է տպագրուած օրաթերթ կարդալով զբաղած քաղաքացիներ տեսնելը: Երբ կ’այցելեմ հայրենի իմ բնակավայրիս՝ Էջմիածնի կրպակներէն մէկը թերթ գնելու, յաճախ պատասխանը կ’ըլլայ, թէ ուշացած եմ, եւ թերթերը բոլոր սպառած են: Այս երեւոյթը պայմանաւորուած չէ առատ վաճառքով, որովհետեւ իւրաքանչիւր կրպակի մէջ առկայ թերթերէն առաւելագոյնը երկու օրինակ կը գտնուի, եւ յաճախ միայն մէկ հատ: Միջին արժեգինը 200 դրամ է, բայց մարդիկ ընդհանրապէս կ’ընտրեն 100 դրամնոցը:

Հիմա հարց կը ծագի. այս թերթերը ինչպէ՞ս կրնան գոյատեւել: Շատեր կ’ենթադրեն, որ անոնցմէ ոմանք քաղաքական օրակարգով հարուստ հովանաւորներ ունին, որոնք նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրեն: Նման օժանդակութիւն չունեցող թերթերը ստիպուած են կրկնապատկելու իրենց գիները՝ իրենց գոյատեւումը ապահովելու համար: Օժանդակութիւն ստացող թերթերու երեւոյթը թէեւ կը մնայ ենթադրութեան սահմաններուն մէջ, սակայն եթէ կը համապատասխանէ իրականութեան, ապա այդ մէկը իսկապէս հարց կը ստեղծէ հանրային կարծիքի շրջագիծին մէջ:

Ինչո՞ւ, կարելի է հարց տալ. քանի որ հովանաւորուած թերթերը, ամենայն հաւանականութեամբ, զգալի սահմանափակումներու կ’ենթարկուին առարկայական եւ անկողմնակալ տեսակէտներ ներկայացնելու ատեն եւ հիմնականօրէն կը փոխանցեն մասնակի ճշմարտութիւններ: Ճշմարտութիւնը կարելի չէ իրական նկատել, եթէ ան համապարփակ չէ: Հովանաւորուած թերթերը կամայ թէ ակամայ կը ցուցաբերեն կողմնակալութիւն եւ կ’ունենան անտեսանելի սահմաններ՝ գիտակցաբար թէ ենթագիտակցաբար, զորս չեն կրնար անցնիլ: Պարտաւոր են չնեղացնելու իրենց հովանաւորները, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը բացայայտօրէն չէ հրահանգուած:

Հետեւաբար, քաղաքացիները պէտք է վարժութիւն ընեն՝ լուրի մը վստահելիութիւնը գիտնալու համար, դիմելու տարբեր ու բազմաթիւ աղբիւրներու: Անոնք պէտք չէ կուրօրէն ընդունին իրենց հանդիպած առաջին տեսակէտը, ընդհակառակն, պէտք է սորվին իրականը զանազանել մասնակի կամ կեղծ «ճշմարտութիւններէն»:

Ի դէպ, ես համոզուած չեմ, որ տպագիր մամուլը կրնայ դիւրութեամբ կեղծ լուրեր արտադրել կամ անտեղի չափազանցութիւններու դիմել: Այս նիւթին դեռ կ’անդրադառնանք:

Ոմանք կ’առարկեն, թէ քանի որ աւանդական զանգուածային լրատուամիջոցները մեծ գումարներու կը կարօտին, համացանցը եւ ընկերային հարթակները, որոնք աւելի աժան կամ նոյնիսկ ձրի են, կրնան այլընտրանք նկատուիլ: Բայց այս մօտեցումը սկսած է փոխուիլ: Այս առցանց հարթակները կը գործեն նուազագոյն յանձնարարութիւններով եւ պատասխանատուութեամբ, եւ անոնցմէ շատերը ամբողջովին հակակշիռէ դուրս ելած են:

Այս հարթակներէն շատերը արագ շահ կը հետապնդեն՝ տեղ տալով առեւտրական, անմակարդակ վերլուծումներու եւ լուրերու: Այս մօտեցումը զգալի թիւով հետեւորդներ կը ներգրաւէ, եւ անոնք դիւրութեամբ կ’ապահովեն հովանաւորներ, որոնք պատրաստ են օժանդակելու չնչին գումարներով: Համաշխարհային հարց է այս:

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, ապա հարցերը բացայայտօրէն նոյնն են. աւանդական մամուլը եւ լրատուամիջոցները հակակշռուած են կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք ակնյայտ կողմնակալութիւն եւ կուսակցականութիւն կը դրսեւորեն: Այս կողմերէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ գրեթէ բեւեռացած հակառակ տեսակէտներ՝ ստեղծելով տեղեկատուական հակասական եւ շփոթեցնող իրավիճակ մը, որոնց մէջ կը կորսուի առարկայական լրատուութիւնը:

Այս իրավիճակը էականօրէն կ’ազդէ նաեւ պարզ սփիւռքահայուն վրայ, եւ փաստացի երեւոյթ է, որ աւանդական ուժերը այժմ դէմ յանդիման կը գտնուին համակիրներու թիւի զգալի նահանջի, որոնք միաժամանակ անվստահութեամբ կը մօտենան աւանդական լրատուամիջոցներուն: Նախապէս անկախ նկատուած լրատուական միջոցները անուանական էին եւ յաճախ հակամէտ էին գովաբանելու եւ հաճելի երեւնալու աւանդական de facto իշխանութիւններուն: Սակայն նման մօտեցումներ այսօր վանողական են հայերու մեծամասնութեան:

Հետաքրքրական է, որ թէեւ աւանդական լրատուամիջոցները երբեմն կը հրապարակեն ճշգրիտ գաղափարներ, անոնց ստեղծած դժկամութեան եւ դժգոհութեան մթնոլորտը կը ստիպէ որոշ մարդիկ, որոնց շարքին չէզոք նկատուածներ, հեռու մնալու անոնցմէ:

Մենք ազգովին կը կրենք խոր վէրքեր, որոնցմէ շատերը պատճառած ենք իրարու: Ցաւօք սրտի, մենք կորսնցուցած ենք ոչ միայն փափաքը, այլեւ իրարու հետ խօսելու, հասկցուելու հմտութիւնը: Իսկապէս, իրարու հետ խօսիլը, պիտի չըսեմ երկխօսութիւնը, որ հակառակորդներու միչեւ նաեւ կ’ըլլայ, արուեստ է, որ կը պահանջէ հանդուրժողութիւն, համբերութիւն եւ հայրենասիրութիւն: Հանդուրժողութեան պակասը միայն տկարութեան եւ ինքնավստահութեան պակասի նշան է:

Այսօր ես իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ հայկական սփիւռքի տպագիր թէ առցանց անկախ իրա՛ւ լրատուամիջոցներուն, որոնք վառ կը պահեն ազատ ու քննական միտքի, միասնականութեան եւ փափուկ ուժի զարգացման հեռանկարները:

Նիւթական պատճառներով անկախ մամուլի փակումը կը հարուածէ ամբողջ ազգը: Այդ հարթակները կը ծառայեն որպէս լոյսի փարոսներ եւ ազգային աւանդի ջահակիրներ: Այն պահուն, երբ քաղաքական միասնական կամքը էապէս կը բացակայի ազգային մեր կեանքին մէջ, հանրապետութեան թէ սփիւռքի մէջ, անկախ հայկական լրատուամիջոցները փրկութեան մէկական լաստեր կը հանդիսանան: Անոնց վերապահուած է առաջնորդելու, իրազեկութիւն ստեղծելու, քննական միտք ու միասնականութիւն տարածելու առաքելութիւնը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x