Ոճիրը կը շարունակուի. Ատրպէյճան կը զաւթէ նաեւ մեր պատմական յիշողութիւնը

Աւելի քան հինգ հարիւր տարի անցած է այն օրէն, երբ օսմանցիները գրաւեցին Բիւզանդիոնի մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը: Հետագային, Կ.Պոլիսը, զոր օսմանցիները վերանուանեցին Իսթամպուլ, երկար ժամանակ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքն էր: Հիմա ալ Կ.Պոլիս-իսթամպուլը Թուրքիոյ կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկն է, բայց ան երբեք չէ ընկալուած որպէս թրքական ծագումով քաղաք մը, ան երբեք չէ ներկայացուած որպէս թրքական մշակոյթի ծնունդ, որպէս օսմանեան ձեռքբերում մը: Կ.Պոլիսը (ես քաղաքը կը կոչեմ իր իսկական անունով) միշտ ալ ընդունուած է որպէս բիւզանդական քաղաք, բիւզանդացիներու քաղաք, բիւզանդական պատմութեան եւ մշակոյթի քաղաք մը: Հիմա ալ քաղաքին մասին խօսելու ատեն, երբե՛ք եւ ոչ ոք չի փորձեր քաղաքին հիմնադրութիւնը ներկայացնել որպէս թրքական, մոնկոլական կամ սարակինոսեան եւ այլն:

Երեք ամիս ալ չէ անցած այն օրէն, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի հայերուն բռնագաղթը, բայց ատրպէյճանցիները ամէն կերպով կը փորձեն հայերէն խլել նաեւ պատմական յիշողութիւնը, ջնջել հայերու հետքերն իսկ: Արդէն իսկ կ’աւերեն գերեզմանոցները, արձանները, եկեղեցիները կը ներկայացեն որպէս ուտի կամ աղուանական: Ատրպէյճանցիները թրաքթորներով կը խմբագրեն պատմութիւնը: Այնպէս կը փորձեն ընել, որ քանի մը տասնամեակ յետոյ Արցախի մէջ հայերու գոյութեան հետք չնկատուի եւ տպաւորութիւնը ըլլայ այն, որ հայերը երբեք Արցախ չեն գտնուած: Ատրպէյճանցիներու իրականութեան մէջ հայերը տեղ չունին ո՛չ ապագային, ո՛չ ալ անցեալին մէջ: Ատրպէյճանցիները կը պայքարին պատմութեան դէմ` փորձելով հայերը ջնջել պատմութենէն: Ինքնութեան ատրպէյճանական (ամենակեր) տեսակին մասին առիթ ունեցած եմ խօսելու, ուր նկարագրուած է, թէ ինչպէս կը ներկայացուի ինքնութեան այդ ձեւը եւ այլ յօդուածի մը մէջ անդրադարձած ատրպէյճանական ինքնութեան սինթեթիզմին եւ այն երեւոյթին, որ ատրպէյճացիները հայերու դէմ քաղաքակրթական թշնամանք ունին եւ հայկական իրականութեան կլանման պահանջը կ’ապրին:

Ինքնութեան մասին երբ կը խօսինք եւ կը փորձենք դասակարգել զայն, կ’ընդգծենք պատմական յիշողութիւնը: Եթէ ինքնութեան միւս ցուցիչները՝ լեզու, կրօն, տարածք, աշխարհագրութիւն եւ այլն, կը ներկայացուին որպէս փոփոխութիւններու ենթարկուող երեւոյթներ, այսինքն ժամանակի ընթացքին ժողովուրդի մը աշխարհագրութիւնը, կրօնը, տարածքը, լեզուն կրնան փոփոխութիւններու ենթարկուիլ, ապա պատմական յիշողութիւնը ենթակայ չէ փոփոխութեան: Ան պարզապէս կա՛մ կայ, կա՛մ՝ ոչ: Հիմա ատրպէյճանցիները կը փորձեն ընել այն, որ հայերը չունենան պատմական յիշողութիւն` առնուազն Արցախի մակարդակով: Իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ յաջողելու պարագային, ատրպէյճանցիները հայերը կը զրկեն իրենց յիշողութենէն ու ապագային հայերը չեն ալ յիշեր, որ Արցախը իրենց հայրենիքին մէկ մասն էր առաջ: Վերստին յիշենք հանճարեղ Էրիք Արթըր Պլերը (Ճորճ Օրուել), որ իր «1984» վէպին մէջ չմաշող միտք մը կ’արտայայտէ. «ով որ կը վերահսկէ անցեալը, կը վերահսկէ ապագան, ով որ կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Ատրպէյճանցիները հիմա նոյն մօտեցումով կը փորձեն վերահսկել մեր անցեալը, ջնջել ու խմբագրել մեր անցեալը, որպէսզի ապագային մենք նոյնիսկ յիշողութիւն չունենանք: Իսկ պատմութիւնը նախ եւ առաջ յիշողութիւն է՝ վաւերացուած յիշողութիւն: Եթէ մենք կորսնցնենք մեր յիշողութիւնը, ապա կը կորսնցնենք մեր անցեալը եւ անկէ բխող ամէն ինչ: Մենք կը կորսնցնենք մենք զմեզ:

Աշխարհի բոլոր անկիւնները տարածուած հայերը միացնող ամենէն կարեւոր ազդակներն մէկը նոյնինքն պատմական յիշողութիւնն է` համընդհանուր հայրենիքի, ցաւի ու ձեռքբերումներու, համընդհանուր անցեալի մասին: Պատկերացուցէք, թէ ինչ կը պատահի, եթէ հայերը չյիշեն 1915 թուականը: Կը մոռցուի մեծագոյն ոճիր մը եւ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայերը պարզապէս կապ չեն ունենար իրարու հետ: Պատահական չէ, որ մարդուն համար սարսափելի հիւանդութիւններէն մէկը յիշողութեան կորուստն է: Մարդը, որ չի յիշեր իր անցեալը, իր ապրած կեանքը, չի գիտեր, թէ ինք ով է: Ան չի գիտեր, թէ ինչ պիտի ընէ յաջորդին: Անցեալ չունեցող մարդը չունի նաեւ ապագայ: Ու եթէ անհատի մը համար իրավիճակը իսկապէս ծանր է, ապա որքան աւելի ծանր է ամբողջ ժողովուրդի մը պարագային: Իսկ այդ մէկը ներկայիս կատարուող իրականութիւն է: Այնպէս ինչպէս Նախիջեւանը իւրացուեցաւ, զրկուեցաւ հայերէն ու հայերուն մեծ մասը նոյնիսկ չի ալ յիշեր, թէ Նախիջեւանը ե՞րբ հայաթափուած է, 50 տարի առաջ թէ 100. այլեւս մեր միտքներուն մէջ Նախիջեւանի մասին որեւէ բան գոյութիւն չունի: Կարսի ու Վանի մասին կայ, բայց Նախիջանի մասին՝ ոչինչ: Ատրպէյճանցիները մեր յիշողութենէն պարզապէս ջնջած են Նախիջեւանը: Աւելին, հարցուելու պարագային, հայերուն մեծ մասը պիտի պատասխանէ՝ հաւանաբար 1915-ին:

Ահա, այդպէս կ’աշխատին ատրպէյճանցիները: Այդ է Պաքուի թունաւոր եւ անհանդուրժող ոճը` խլել ուրիշին ոչ միայն հողն ու կեանքը, այլեւ՝ անցեալն ու պատմութիւնը: Պատմութիւնը եղծելու ու կեղծելու գործին մէջ ատրպէյճանցիները նոյնիսկ կը գերազանցեն իրենց աւագ եղբայրը՝ թուրքը: Աշխարհի մէջ շատ քիչ նման օրինակներ կը գտնուին, երբ ակնյայտ աւարառուն կը փորձէ բարոյապէս հիմնաւորել իր ըրածները: Սպանացի տիրակալները (conquistadors), որ ամբողջ աշխարհամաս մը ցեղասպանութեան ենթարկեցին, անգլիացիները, որ գրեթէ բնաջնջեցին այլ աշխարհամասի մը բնակչութիւնը, չփորձեցին սեփականացնել անոնց պատմութիւնը: Աւստրալիան չնկատուեցաւ բրիտանացիներու նախահայրենիքը, ինքաները եւ մայաները չհռչակուեցան հին սպանական քաղաքակրթութիւններ: Իսկ Ատրպէյճանը ոչ միայն Արցախը, այլեւ ամբողջ Հայաստանը կը նկատէ իր հնագոյն հայրենիքը: Հաւանաբար շատեր կարծեն, որ անոնք կատակ կ’ընեն:

Փոքրացող պատմական յիշողութեան հետ, միաժամանկ կը փոքրանայ նաեւ ինքնութիւնը, կը փոքրանայ անձի մը ինքն իր մասին մասին ունեցած կարծիքը, իր սեփական աշխարհին մասին պատկերացումները: Արցախի կորուստը միայն հողի կորուստ չէ, ան բառին բուն իմաստով հայութեան, «հայիզմ»ի մէկ մասին կորուստն է: Յատկապէս, եթէ յիշենք, որ Արցախի թեման եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հիմնաքարերէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան իմաստներէն մէկը: Ի՞նչ պիտի պատահի հիմա այդ բոլորին հետ: Արցախի փրկութեան գաղափարով անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այժմ ի՞նչ հայեցակարգով պիտի շարունակէ ապրիլ:

Կը կարծեմ, որ մենք մինչեւ հիմա չենք հասկցած, թէ որու հետ գործ ունինք՝ յանձին ատրպէյճանցիներուն: Մենք չենք պատկերացներ, որ այդ թշնամին դասական նուաճող չէ, այլ նենգ երեւոյթ մը, որ նոյնիսկ պատմութիւնը կը փորձէ գողնալ: Ինչպէ՞ս Արցախի մասին յիշողութիւն չունեցող հայը պիտի պայքարի Արցախի համար: Նախիջեւանը վկայ: Հարցուցէք ոեւէ հայ երիտասարդի, թէ ի՞նչ կը մտածէ Նախիջեւանի մասին, արդեօ՞ք առնուազն քաղաքի մը ու գաւառի մը անուն կու տայ, պատմական որեւէ դէպք կը յիշէ: Գրեթէ ոչ: Որովհետեւ Նախիջեւանը արդէն ջնջուած է մեր յիշողութենէն: Նոյնը կը սպառնայ Արցախին: Աշխարհը բազմաթիւ անարդարութիւններ տարած ու կուլ տուած է: Այս ալ կը տանի, եթէ մենք նոյնքան անհոգ ըլլանք:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x