Արցախը պիտի ցոյց տայ, թէ մենք որքանո՞վ հաստատուած ու յառաջացած են որպէս հասարակութիւն եւ պետութիւն:
Երբ կը հաշուես թշնամիները, թէ ինչքա՛ն եկած ու գացած են, գլուխդ կը կորսնցնես: Երբ բարեկամներդ կը հաշուես, որ խոստացած են, թէ բան մը կ'ընեն, կը հասկնաս, որ Հայաստանը շատոնց պէտք է դրախտ դարձած ըլլար։
Իւրաքանչիւրիս կը մաղթեմ աւելի ազնիւ տարի մը, ուր մենք զմեզ զսպելու պատճառները աւելի քիչ ըլլան եւ աւելի շատ՝ ժպտալու առիթները։
Ծայրայեղ աջակողմեան գաղափարներ աւելի ու աւելի կը յայտնուին առօրեայ մշակոյթի տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ ինչպէս երաժշտութիւն, խոհանոց, ընկերային ցանցեր:
Ծնունդի առաւօտուն, սիրուն, երբեմն ալ նոր զգեստներ հագած կ'ուղղուէին եկեղեցի ծննդեան պատարագին ներկայ ըլլալու եւ հաղորդուելու Աստուծոյ օրհնութեամբ:
Նոր Տարուան հետ կը ծնի նաեւ ետ նայելու անհրաժեշտութիւնը։ Անցնող տարուան վերանայումը ոչ թէ միայն հաշուետուութիւն մըն է, այլ՝ ինքնաճանաչման միջոց։
Հայաստանի մէջ կը վաճառուի ամբողջ հայրենիք մը՝ այնքանով, որ նոյնիսկ գունակուրութիւն ունեցողները կրնան ունենալ Մասիսի իրենց ուրոյն տարբերակը:
Այն ինչ որ այս օրերուն կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կարելի է մէկ բառով ըսել «խայտառակութիւն», եւ դեռ բան մը ըսած չենք ըլլար։
Նահատակ հայ հոգեւորականի մը սրբադասումը ամէն բանէ առաջ կարողացած էր համատեղել հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակները անկախ անոնց գաղափարախօսական, ընկերային, դաւանական եւ այլ ընկալումներու զանազանութիւններէն։
Արդ, մենք պէտք է նստինք հաշուեյարդարի ու արձանագրենք անցնող տարուան իրադարձութիւններն ու պատահարները մեր անձին ու կեանքին մէջ՝ տեսնելու, թէ արդեօք մենք իսկապէս կրցա՞ծ ենք արժեւորել զանոնք:
Ապագայ աշխատուժը ոչ միայն կարիքը պիտի ունենայ ալկորիթմական մտածողութեան եւ ԱԲ համակարգերու հետ գործակցելու հմտութիւններու, այեւ մարդկային կարողութիւններու, զորս ԱԲ-ն ի վիճակի չէ փոխարինելու:
Հոգեւորականներուն մեծամասնութիւնը աւելի հանգիստ կը խօսի «ազգայինին» կամ լոզունգ դարձած «մեր հայրերու սուրբ հաւատքին» մասին, քան հասարակութիւնը մտահոգող բարոյական եւ հոգեւոր նիւթերու մասին:
Գիրքերը լուռ բժիշկներ են․ անոնք կը քննեն առանց հարցնելու, կը մխիթարեն առանց միջամտելու եւ մեր մէջ կը բանան փակ դռներ ու կը պեղեն մութ ծալքեր։ Միայն մէկ պարբերութեան մէջ կրնանք գտնել կարեկցանք...
Թաղեցիները բոլորը զիրար կը ճանչնային, պատշգամներէն իրարու կը բարեւէին, օրուան լուրերը կը փոխանակէին: Երբեմն ալ պատշաճ ժամերու զիրար կ'այցելէին, իրարու որպիսութիւնը հարցնելու գաւաթ մը սուրճի շուրջ:
Երթեւեկութիւնը արտացոլումն է մեր հասարակութեան մէջ տիրող մշտական անելին՝ եւ աւելին՝ անոր ներքին փտումին։ Ան կը բացայայտէ, որ մենք կորսնցուցած ենք այն թելը, որ մեզ կը կապէր իրարու, եւ այժմ միակ ձեւը յառաջ երթալու՝ ուրիշին ճամբան կտրելն է։
Դպրոցական մեր տարիներուն, ոջլոտիլը մեզ կ՚ահաբեկէր (Թալին)։ Կարծես չէր բաւեր մակաբոյծին՝ գլուխնուս վրայ սողալն ու քերուըտուք յառաջացնելը, պէտք էր նաեւ մեղադրուէինք եւ մեկուսացուէինք...
Սխալ չէ ուրիշէն առնել ինչ որ բարի է ու օգտակար՝ առանց մերինը զոհելու։ Սակայն երբ օտար բարքերն ու տօները կը դառնան մերը փոխարինողը, կը սկսի ներքին խաթարումը։
Իսկ երբ քաշեցին-հանեցին՝ բոլորը կուշտ ու կուռ կերան։ Միակ ելքը այս է, միաւորել ուժերը, գործել մէկ ու միասնական, այդ պարագային ալ կը սկսի մեր՝ սեփական խաղը․․․
Շատեր հաւանաբար պայթին ծիծաղէն, բայց ընդհանարապէս պիտի ժպտան այնպիսի պահերուն, երբ իրենց կեանքին ծանօթ տխմարութիւններն ու անտարբերութիւնը կը դառնան բեմական պատկերներ։ Ներկայացումը կը խնդացնէ, բայց նաեւ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կը ծիծաղինք։
Տիկին Արեւ Մուտեանը զարմիկ մը ունի, որ նաեւ Արեւ անունը կը կրէ, բայց մականունը Ելյան է: Ամուսնացած է ռուսահայ աւելի կայուն եւ հարուստ ընտանիքի մը մէջ: Առաջին օրէն ի վեր, երկու զարմիկներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելի խնդրայարոյց եղած են քան սիրալիր:
Վերջերս, «Արաս» հրատարակչատունը Սրբուհի Տիւսաբի «Մայտա»-ն (1988) հրատարակեց թրքերէն լեզուով, Մարալ Աքթոքմաքեանի թարգմանութեամբ, որպէս մեկնարկ իր նոր «Կին գրողներ» շարքին։
Արեւմտահայերէնի պայքարը միայն քերականութեան կամ բառապաշարի հարց չէ․ ան ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ գոյատեւման խնդիր է։
Ան կը շեշտէր ամերիկեան համալսարանական կրթութեան բացասական կողմերը՝ պնդելով, թէ անոնք վերածուած են գաղափարախօսական կեդրոններու, ուր ուսանողները հիմնականօրէն կ՚առաջնորդուին «ազատական» կամ «յառաջադիմական» ուղղութիւններով։
Կարելի է ենթադրել, թէ հայ ազգը իւրայատուկ ազգ մըն է, որուն գլխաւոր արժէքները խորովածը, դուդուկը, կաթն ու մածունն են՝ լաւաշով եւ այդ ազգին գլխաւոր հերոսները մատի վրայ կը հաշուըուին:
Հայ երիտասարդներն ու պատանիները իրենց առջեւ հարուստ ու գրագէտ խօսք չեն տեսներ, ընդօրինակման արժանի կերպարների չեն տեսներ։ Ամէն ինչ կը կտարուի արագ ու անհետեւանք։



