«Իշխանամէտ» կամ «պետականամէտ» ըլլալը նոյն բաները չեն

Հեղինակ՝ Պետրոս Մանուկեան (Երեւան, Հայաստան)

Երբ 2017-ին Հայաստան հաստատուեցայ, շատ չէի զբաղեր քաղաքականութեամբ: Հայաստանի մէջ քաղաքական  ուղղութիւններն ու գաղափարները կարծես հիմնուած էին բոլորովին այլ ուղենիշներու եւ հիմքերու վրայ, ինչպէս գրեթէ ամէն բան: Արտայայտած միտքերը հիմնուած էին այնպիսի հասկացութիւններու եւ փաստարկներու վրայ, որոնք ակնթարթօրէն կը մերժուէին հայկական սփիւռքէն:

Շուտով, բնութեամբ քաղաքականութեան մոլի մը, սկսայ փոքր քայլերով զբաղիլ քաղաքական հարցերով, բայց ներգրաւուածութիւնս մնաց հեռակայ՝ համացանցով: Բնականաբար, զգոյշ էի, ծանօթ չէի քաղաքական կեանքին եւ անհատական կարծիքի նկատմամբ հանդուրժողականութեան աստիճանին, բայց «թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ աստիճանաբար սկսայ մխրճուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական հարցերուն մէջ:

Կամաւորաբար սկսայ գրել եւ սփիւռքեան կարգ մը շրջանակներ տեղեակ պահել՝ ենթադրելով, աւելի ճիշդ երեւակայելով, որ 2018-ի յեղափոխութենէն ետք հայկական սփիւռքը հաղորդ կը պահեմ հանրապետութեան անցուդարձերուն:

Այս  քայլափոխին, ես գրեթէ հաստատ համոզուած էի, որ սփիւռքի գործոն ու աշխոյժ ուժերը ստեղծած են տարբեր քաղաքական ուղղութիւններ, պիտի ըսէի դպրոցներ՝ կառուցուած քաղաքական փորձառութեանց եւ կացութիւններու վրայ: Հայկական սփիւռքի տարածքին ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ անոնց յաջողութիւնները կը նկատեմ գովելի: Բնականաբար, անցնող հարիւր տարիներուն, անոնք անկասկած օգտուեցան աւելի ժողովրդավար երկիրներու ընձեռած պայմաններէն, յատկապէս արեւմտեան երկիրներու եւ Լիբանանի մէջ: Մինչդեռ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները համեմատաբար աւելի երիտասարդ են: Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստան քաղաքական գիտութիւններու եւ մտաւորական պատրաստութեան աւելի համալսարաններ ու շրջանաւարտներ ունի, ինչ որ կը նպաստէ անոր քաղաքական տեսադաշտի զարգացումին:

Ամէն պարագայի, ես միշտ ունէի այս համոզումը, որ մենք ազգովին (սփիւռքեան եւ հայաստանեան զոյգ թեւերով) հարուստ ենք բազմազանութեամբ եւ բազմակարծութեամբ, հիմա, երբ հանրապետութիւնը անկախ է եւ խորհրդային իշխանութիւնը վերջ գտած: Հետեւաբար, մեզի` հայերուս համար (սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ) ազգային գործունէութեամբ զբաղելու սահմանափակումներ պէտք չէ ըլլան, ըլլա՛յ ներքին, ըլլա՛յ արտաքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ, ըլլա՛յ մեր մշակութային, լեզուական ու մտաւոր հարստութիւնը զարգացնելու միջոցներուն մէջ:

Բայց հայութեան երկու՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան թեւերուն միջեւ սպասուած միաձուլումը տեղի չունեցաւ, ո՛չ խորքային, ո՛չ ալ նոյնիսկ մակերեսային ձեւով, ո՛չ ընկերային, լեզուական, մտաւոր ու բնաւորութիւններու մակարդակին վրայ, ո՛չ ալ գաղափարական-քաղաքական իմաստով:

Գործնական իմաստով, սփիւռքեան քաղաքական կուսակցութիւնները, ենթադրելով որ կրնան դերակատարութիւն ունենալ հայաստանեան քաղաքականութեան մէջ, առիթներով իբրեւ փոքրամասնութիւն մաս կազմեցին քոալիսիոն կառավարութիւններու: Անոնք հաւանաբար անկեղծօրէն կը հաւատային, որ բան մը կրնան փոխել մասնաւորաբար փտածութեան դէմ պայքարի առումով, բայց աւարտին՝ գործակցելով փտածութեամբ ամբաստանուած իշխանութիւններու հետ, կորսնցուցին իրենց հմայքը յաչս ժողովուրդին:

Այս օրինակ է սփիւռքեան փորձի մը Հայաստանի մէջ, բայց ինչ որ կ’ուզեմ քննարկել այն մօտեցումն է, զոր որդեգրած է սփիւռքի քաղաքական աւանդական միտքը: Սփիւռքի քաղաքական ուժերը ընտրեցին ճամբայ մը, որ հիասթափեցուց եւ զարմանք պատճառեց բոլոր հայերուն թէ՛ հանրապետութեան եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին:

Ցաւօք սրտի, կը կարծեմ, որ սփիւռքի քաղաքական ուժերը կորսնցուցած են իրենց մտաւոր եւ գաղափարական ինքնութիւնը: Երբ Հայաստանի քաղաքական ուժերը, իշխող դիրքի վրայ, թէ ընդդիմութեան մէկ մասը, կ’արտայայտեն որոշ մտքեր, որոնց մեծ մասը բացայայտ ամբոխավարական են, ես` սփիւռքեան քաղաքական եւ գաղափարական դպրոցի հետեւող ըլլալով հանդերձ, համաձայն չեմ նման հասկացութիւններու: Ես զանոնք ոչ միայն սխալ կը նկատեմ, այլեւ՝ ապակողմնորոշող: Հոս կարեւոր է նշել, որ քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն չունի բացարձակ ճիշդ կամ սխալ ըմբռնում, ինչպէս է պարագան ուսողութեան: Քաղաքականութեան մէջ մենք կը հանդիպինք յարաբերական գաղափարներու եւ կարծիքներու: Մինչ ես կ’ակնկալէի, որ սփիւռքի քաղաքական/գաղափարական առաջնորդները կը մերժեն նման գաղափարներ՝ անոնց հակադարձելով սփիւռքեան քաղաքական մտքի փաստարկներով, զարմանքով ականատես եղայ, որ երբ անոնք հայրենիք կը ժամանեն, այդ մերժելի գաղափարներուն որդեգրումը կը նկատեն «հայաստանցի» դառնալու արարք եւ  հայրենասիրական արտայայտութիւն:

Պարոնայք, այս մէկը հայրենասիրութեան արտայայտութիւն չէ. հայրենասիրութիւնը կ’ենթադրէ պահպանել ձեր ինքնութիւնը՝ փորձելով ձեր գաղափարները միախառնելու հանրապետութեան գաղափարներուն հետ, աշխատիլ ալքիմիա մը ստեղծելու, որ կ’առաջնորդէ կախարդական խառնուրդի մը ստեղծման, բազմազանութեան եւ խճանկարային վիճակի մը՝ առանց սակայն ազգը զրկելու սփիւռքահայ փորձառութեան գանձէն:

Նման գաղափարներէն է «իշխանամէտ» եւ իշխանութիւն դառնալու գաղափարները` ապացուցելու համար, որ «պետականամէտ ենք», պետութեան պահակները՝ մոռանալով, որ «իշխանութիւն» եւ պետականութիւն երկու տարբեր հասկացութիւններ են, եւ որ պետականութիւնը բաղկացած է հաստատութիւններէ՝ օրէնսդրական, արդարադատական հանրային կարծիք, գործադիր իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն: Պետականութիւն հասկացութիւնը շատ աւելի խոր է եւ բաղկացած է բազմաթիւ տարրերէ: Այդպէս սորվեցուցին մեզի սփիւռքի մէջ:

Պետրոս Մանուկեան (Երեւան, Հայաստան)

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x