Ի խնդիր հայկական սփիւռքներու կենսունակութեան եւ հայ պետականութեան հզօրացման

Իր 6 Օգոստոս 2023-ի թողարկումով, Տարբերակ21 հրապարակեց «Հայկական «փափուկ ուժը» սփիւռքի մէջ» խորագրեալ յօդուած մը, ստորագրութեամբ՝ Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս, ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի: Սոյն յօդուածը կ’արծարծէր խիստ կարեւոր հարց մը, որ կը ճշդէր շրջագիծ մը սփիւռքի ներգործոն կազմակերպման անհրաժեշտութեան եւ միջոցներուն մասին: Մեր մաղթանքն է, որ հայկական «փափուկ ուժի» նիւթին արծարծաումը անցնի հրապարակագրութեան սահմաններէն անդին եւ զայն գործնական ուժի վերածելու հրամայականը դրուի համասփիւռքեան եւ հայկական պետական օրակարգի վրայ:

Սպասելով նման մակարդակի մը նուաճումին, առնուազն հայ լրատուամիջոցներէն կ’ակնկալուի «հայկական «փափուկ ուժը» քննարկել ամէնօրեայ հերթականութեամբ, զայն ժողովրդականացնել առաւելագոյն տարածումով եւ մղել հայկական ցանցային խմբաւորումները (armenian networking groups), որ իրենց անհատական նախաձեռութիւններուն համար փնտռեն ու գտնեն հաստատութենական կամ հիմնարկային շրջագիծեր (institutions):

Հաւանական է, որ armenian networking groups (հայկական ցանցային խմբաւորումներ), institutions (հաստատութիւններ, հիմնարկներ) եւ institutionalize (հիմնարկացում) բառերուն շատ աւելի հանդիպինք հայկական հաւաքական կեանքի զարգացման եւ կազմակերպման առնչուող բառամթերքին մէջ, քան աւանդական կառոյցներ ու կուսակցութիւններ հասկացութիւններուն՝ անշուշտ եթէ կը հաւատանք, որ նոր մտածողութեան, մանաւանդ քննական մտածողութեան եղանակը դարձած է հրամայական հայ ժողովուրդի յարատեւութեան դիմաց ծառացած խնդիրները լուծելու համար:

Մեր այս յօդուածով պիտի փորձենք ցոյց տալ օրինակներ փափուկ ուժի գործածութեան մէջ մասնագիտացած եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած երկիրներու, Եւ թէ ինչպէ՞ս սփիւռք ունեցող պետութիւններ իսկապէս կրնան սփիւռքի իրենց համայնքները վերածել փափուկ ուժի:

Նախ կը մէջբերենք Հրաչ Չիլինկիրեանի յօդուածին այն բաժինը որ կը վերաբերի «փափուկ ուժ» հասկացութեան հեղինակին եւ հասկացութեան բացատրութեան:

««Փափուկ ուժ» եւ «կարծր ուժ» հասկացութիւններուն հեղինակը կը հանդիսանայ Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն քաղաքագէտ Ժոզֆ Նայ (Joseph Nye): Իր 1980-ական թուականներէն սկսեալ առաջադրած գաղափարները բիւրեղացած են, արդէն դասական դարձած «Փափուկ ուժ. համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ յաջողութիւն» (2004) գիրքին մէջ: Նայի այս աշխատութիւնը լայնօրէն և յաճախակի օգտագործուող աղբիւր եւ յղում է, քաղաքական առաջնորդներու եւ դերակատարներու, մամուլի գործիչներու, գիտաշխատողներու եւ բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու համար: Երբեմն նոյնիսկ իր հիմնական պարունակէն դուրս կամ սխալ ձեւով օգտագործուած են Նայի գաղափարները»:

«Ըստ Նայի սահմանումին, «փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն (լայն իմաստով), քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն:  Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտագործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Նայ կը պնդէ, որ ուժի կիրարութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով»:

Փափուկ ուժի կիրարկման մէջ յաջողած պետութիւններ

Փափուկ ուժը փաստած է, որ գործնական եւ արդիւնաւէտ միջոց մըն է երկիրի մը ու ժողովուրդի մը մասին դրական ընկալումներ ձեւաւորելու, դրական յարաբերութիւններ յառաջացնելու, ի վերջոյ քաղակական ու տնտեսական նպատակներու հասնելու համար: Ահա քանի մը ուշագրաւ օրինակներ.

Միացեալ Նահանգներ. Միացեալ Նահանգները կը հանդիսանայ փափուկ ուժի յաջող կիրարկման վառ օրինակ մը: Ամերիկեան մշակոյթը, երաժշտութիւնը, ֆիլմերը եւ արհեստագիտութիւնը ունին համաշխարհային ազդեցութիւն ու կշիռ` ներգրաւելով տարբեր երկիրներէ մարդիկ: Ամերիկեան համալսարաններն ու հաստատութիւնները նոյնպէս զգալի դեր կը խաղան կրթութեան եւ գիտելիքի փոխանակման գործին մէջ՝ առաւել եւս զօրացնելով երկրին փափուկ ուժը:

Հարաւային Քորէա. Հարաւային Քորէա, որ նաեւ ծանօթ է որպէս «քորէական ալիք» կամ «Հալյու», յաջողութեամբ կ’օգտագործէ իր փոփ մշակոյթը, ներառեալ` K-pop երաժշտութիւնը, քորէական սերիալները եւ ֆիլմերը` աշխարհի տարածքին ժողովրդականութիւն եւ ազդեցութիւն ձեռք բերելու համար: Մշակութային այս միջոցը զօրացուցած է Հարաւային Քորէայի փափուկ ուժը՝ յանգելով քորիաերէնի, ընդհանրապէս առեւտուրի, ուտելիքներու, զբօսաշրջութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան աճին:

Գերմանիա. Գերմանիա յաջողած է ամրապնդել իր փափուկ ուժի ազդեցութիւնը կենսոլորտային կայունութեան, ընկերային բարեկեցութեան եւ արուեստի ու մշակոյթի նկատմամբ իր յանձնառութեան շնորհիւ: Արդիւնաւէտութեան եւ նորարարութեան գծով անոր վայելած համբաւը՝ մասնաւորաբար ճարտարագիտութեան եւ ինքնաշարժներու շինութեան մարզերուն մէջ, աւելի եւս շեշտած է անոր միջազգային ազդեցութիւնը:

Ճափոն. Ճափոն արդիւնաւէտօրէն կ’օգտագործէ իր փափուկ ուժը` իր աւանդական մշակոյթը տարածելու համար, ինչպէս՝ մարտարուեստները, աւանդական կերպարուեստը եւ ճափոնական «անիմէն» (cartoons)` ձեռք բերելով համաշխարհային հետեւորդներ: Ճափոնական արհեստագիտական նորարարութիւնները եւ խոհանոցը նաեւ նպաստած են ճափոնական փափուկ ուժի գրաւչութեան:

Գանատա. Գանատայի փափուկ ուժը կառուցուած է բազմամշակութայնութեան, խաղաղապահ ճիգերու եւ մարդասիրական օգնութեան արժէքներու վրայ: Անոր բարեկամական եւ անխտրական ըլլալու համբաւը զայն դարձուցած է յարգուած եւ գնահատուած երկիր մը համաշխարհային առումով:

Զուիցերիա. Զուիցերիոյ փափուկ ուժը կը բխի չէզոքութեան, ելեւմտական կայունութեան եւ միջազգային մակարդակի վրայ մարդասիրական ջանքերով, ներառեալ՝ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու հիւրընկալման անոր համբաւէն:

Սքանտինաւեան կամ հիւսիսային երկիրները (Nordic). Սքանտինաւեան երկիրները, ներառեալ՝ Շուէտը, Նորվեկիան, Դանիան, Ֆինլանտան եւ Իսլանտան համբաւ շահած են իրենց ժողովուրդին բարօր կենսամակարակով, սեռային հաւասարութեան սկզբունքներով եւ բնապահպանական քաղաքականութեամբ՝ իբրեւ իրենց փափուկ ուժի ռազմավարութեան մէկ մասը:

Այս օրինակները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս երկիրներ կրնան արդիւնաւէտօրէն օգտագործել փափուկ ուժը` դրական տպաւորութիւններ ստեղծելու, միջազգային համագործակցութիւն երաշխաւորելու եւ իրենց արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն հասնելու համար` առանց ուժի կամ պարտադրանքի դիմելու: Մշակոյթ, մարդկային արժէքներ եւ գրաւիչ քաղաքականութիւն խթանելով՝ ժողովուրդներ կրնան զգալի ազդեցութիւն ունենալ համաշխարհային բեմին վրայ:

Սփիւռքները իբրեւ փափուկ ուժի կիրարկման միջոց

Ինչպէս տեսանք, Ժոզէֆ Նայի «փափուկ ուժ» հասկացութիւնը կը վերաբերի պետութեան մը ունակութեան ազդելու ուրիշներու վրայ՝ տպաւորելու եւ համոզելու, այլ ոչ թէ պարտադրանք կամ ուժ գործածելու ճամբով: Սփիւռք ունեցող պետութիւնները նաեւ տարբեր ձեւերով կրնան օգտագործել իրենց սփիւռքի համայնքները որպէս փափուկ ուժի միջոց: Այժմ՝ նայինք ի՞նչ միջոցներով:

  • Սփիւռքները յաճախ մշակութային ամուր կապեր կը պահեն իրենց հայրենիքին հետ: Անոնք կրնան օգտագործել մշակութային ձեռնարկներ, փառատօներ, արուեստի ցուցահանդէսներ եւ ներկայացումներ` ցուցադրելու իրենց ինքնութիւնն ու ազգային ժառանգութիւնը: Այս միջոցառումները կրնան նպաստել թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ հայրենիքին դրական դիմագիծի խթանումին եւ փափուկ ուժի զարգացման:
  • Սփիւռքները կրնան նպաստել ընդհանրապէս ակադեմական, կրթաթոշակներու եւ կրթական նախաձեռնութիւններու փոխանակման զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն եւ իրենց հայրենիքին միջեւ: Ներդրումներ կատարելով կրթութեան մէջ՝ անոնք կրնան խթանել ուսումնական համագործակցութիւնը եւ գիտելիքներու փոխանակումը՝ նպաստելով իրենց հայրենիքի մտաւորական ազդեցութեան:
  • Սփիւռքները կրնան ստեղծել ցանցեր, որոնք կը քաջալերեն տնտեսական կապերը եւ ներդրումները՝ զիրենք ընդունող երկրին եւ հայրենիքին միջեւ: Նպաստելով տնտեսական զարգացումին՝ անոնք կրնան ցոյց տալ իրենց համայնքին փորձառութեան եւ կարողականութեան արժէքը` այդպիսով շեշտելով իրենց համայնքային ազդեցութիւնը:
  • Սփիւռքները կրնան կազմակերպել եւ պաշտպանել իրենց հայրենիքին օգուտ բերող քաղաքական կեցուածքներ: Այս մէկը կ’ենթադրէ ծրագրուած լոպպիինկ ՝ ի նպաստ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական շահերու:
  • Իրենց հայրենիքին մէջ բարեգործական եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններու դիմելով, սփիւռքները կրան ցոյց տալ սփիւռքի համայնքներուն հոգատարութիւնը հայրենի ժողովուրդին հանդէպ՝ դրական ազդեցութիւն ստեղծելով: Այս նախաձեռնութիւնները կրնան բարձրացնել համայնքին հեղինակութիւնը եւ նպաստել փափուկ ուժի ազդեցութեան:
  • Սփիւռքները կրնան օգտագործել հաղորդակցական ժամանակակից արհեստագիտութիւնները՝ տարածելու իրենց պատմութիւնները, հեռանկարներն ու ձեռքբերումները: Օգտագործելով ընկերային լրատուամիջոցները, պլոկները եւ այլ հարթակներ, անոնք կրնան շրջապատը հաղորդակից դարձնել իրողութիւններու, պատահարներու եւ դէպքերու ու ազդել հանրային կարծիքին վրայ:
  • Սփիւռքները կրնան համագործակցիլ զիրենք ընդունող երկրներու հաստատութիւններուն հետ, ինչպէս՝ համալսարաններ, վերլուծական եւ ուսումնասիրական կեդրոններ եւ մշակութային կազմակերպութիւններ: Այս ձեւով անոնք ոչ միայն կը հարստացնեն ընդունող երկրին մշակութային տեսադաշտը, այլեւ սփիւռքը կը դարձնեն արժէքաւոր կամուրջ մը ազգերու միջեւ:
  • Սփիւռքեան ծագումով ընտրուած կան նշանակուած քաղաքական պաշտօնատարները կրնան աշխատիլ իրենց համայնքին ազդեցութիւնը քաղաքական կառոյցներուն մէջ հիմնարակացնելու ուղղութեամբ, եւ առ այդ նաեւ կը դառնան քաղաքական փափուկ ուժ:
  • Սփիւռքի այլ համայնքներուն, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ ցանցերու եւ համագործակցութեան (networking) ստեղծումը կրնայ զօրացնել համայնքային ազդեցութիւնը եւ ուշադրութիւն հրաւիրել հասարակաց դատերու վրայ:
  • Սփիւռքները պէտք է սերտ եւ դրական յարաբերութիւններ ունենան զիրենք հիւրընկալած ժողովուրդներուն հետ՝ խթանելով զիրար հասկնալու եւ համագործակցելու ոգին: Այդ ձեւով, անոնք կրնան աւելի մեծ ազդեցութիւն եւ օրինականութիւն ձեռք բերել զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ:

Այս բոլորը իրականացնելու համար սակայն, անհրաժեշտ է սփիւռքներու մէջ փափուկ ուժի յառաջացման նպաստող ուժերու եւ ջանքերու մէկտեղումը ու այս բոլորին հիմնարկացումը, որ կարելի չէ իրագործել առանց ռազմավարական ծրագրումի, ներգործոն մասնակցութեան եւ յանձնառութեան:

Հոս արծարծուած միտքերն ու գաղափարները բնակնօրէն վերջնական եզրակացութիւններ չեն եւ հետեւաբար՝ հրաւէր յաւելեալ քննարկումի:

 

Վարուժան Թէնպելեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին: 1982-1989 վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ, 1989-1999՝ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։ Իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին: 2017-ին, հիմնած է hayemnews.com լրատուական կայքէջը: Ստորագրած է բազմաթիւ քաղաքագիտական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ գրախօսականներ եւ թատերական ու գեղարուեստական քննադատական ակնարկներ, տարբեր թերթերու մէջ:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Արթուր Հայթայան
Արթուր Հայթայան
8 months ago

Լավ գաղափար է, անհրաժեշտ է զարգացնել։

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x