Մարդկայի՞ն թէ՞ անմարդկային խաղ. զոհը կը պատուեն օսքարով

«Տեղ մը բան մը փտած է Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»
Շեքսպիր «Համլեթ»

“Something is rotten in the state of Denmark”
William Shakespeare

Այս տարի Օսքար շնորհուեցաւ ուքրանացի բեմադրիչ Մսթիսլաւ Չեռնովի «20 օր Մարիոփոլի մէջ» ֆիլմին՝ իբրեւ «լաւագոյն վաւերագրական երկար ֆիլմ»:

Մէկ կողմ ձգելով այդ հանդիսութեան ամբողջ կեղծիքը եւ յուզումնալից, տպաւորիչ, բայց անօգուտ ճառերը, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ շնորհեցին եւ ինչու՞ համար: Թերեւս ինչո՞ւ շնորհեցին հարցումին պատասխանը պարզ է․ այս քաղաքական Օսքար էր, եւ շնորհեցին, որովհետեւ ան նաեւ միջոց մըն էր ռուսերը հարուածելու: Բայց քաղաքական պարունակին անցնելէ առաջ, այլ մը հարց․ ինչու՞ համար շնորհեցին այդ մրցանակը: Մի՞թէ այս առաջին անարդար պատերազմն էր աշխարհի մէջ, առաջին ներխուժումը, առաջին ոճիրը կամ առաջին անմեղ զոհերը: Կամ ալ առաջին լաւագոյն վաւերագրականը, թէ ինչպէ՞ս կը մահանան անմեղ մարդիկ: Այսինքն այս Օսքարը կը տրուի ուքրանացիներուն՝ «լաւագոյն մահուան» թեկնածութիւնը շահած ըլլալու առիթո՞վ, եւ վերջ. մրցանակը տրուած է, իսկ ուքրանացիները թող շարունակեն հերոսաբար մեռնիլ: Այդ ոեւէ մէկուն հարցը չէ, թերեւս ալ Կրէմմի (Grammy) ալ շահին, մանաւանդ, որ 2022-ին արդէն, ուքրանացիները շահեցան Eurovision-ի առաջնութիւնը: Ուքրանացիները աւելի նողկալի ձեւով ծաղրել կարելի չէր:

Կը թուի, թէ կը վերադառնանք հին հռոմէացիներու դաժանութիւններու առաքինութեան դարաշարջանին, երբ կրկէսի մէջ հաւաքուած հանդիսատեսը հաճոյքով կը դիտէր ճակատագրի բերումով զիրար սպանելու ստիպուած սուսերամարտիկները (gladiators) եւ կը ծափէր թէ՛ մեռնողին, թէ՛ սպանողին: Հեգնանքը այն էր, որ սուսերամարտիկները զիրար կը սպանէին առանց իրարու ճանաչելու ու թշնամանքի: Անոնք զիրար կը սպանէին, որ ամբոխը հրճուի, ուրախանայ եւ տակաւին բութ մատն ալ վեր ու վար ընէ՝ մահ կամ կեանք որոշելով: Եւ հիմա` 2024 թուականին, մերօրեայ կրկէսներուն մէջ հանդիսատեսը բութ մատը վեր կը բարձրացնէ սուսերամարտիկ Ուքրանիոյ ու ծափ կու տայ՝ լաւ մեռնելու համար: Ուրեմն կեցցէ՛ կեանքը:

Եւ զարմանալին այդ համընդհանուր ուրախութիւնն է, որով կը նշեն, թէ «ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը դատապարտեց․․․»: Այդ անամօթութիւնը տեսնելով` կը մնայ միայն իրենց ամօթէն կարմրին այն ազգերը, որոնք տակաւին օսքար չեն ստացած իրենց տառապանքին դիմաց: Օրինակ, կարելի էր հայերուն Օսքար շնորհել «հինգերորդ սերունդի պատերազմին (fifth generation war) մէջ առաջինը մեռնելու» անուանակարգին մէջ: Հայերուն նոյնիսկ քանի մը Օսքար կարելի է տալ որպէս «առաջին անգամ ցեղասպանուած» ըլլալու անուանակարգին մէջ: Հրէաներուն ալ կարելի է Օսքար տալ որպէս «դարուն մեծագոյն ցեղասպանուածը» անուանակարգին մէջ, բայց յետոյ զրկել այդ Օսքարէն ու զայն շնորհել պաղեստինցիներուն, որովհետեւ հրէաները այսօր զանոնք ցեղասպանութեան կ’ենթարկեն: Ճափոնացիներուն ալ կարելի է Օսքար շնորհել «առաջին կորիզային ռմբակոծման ենթարկուածի» անուանակարգին մէջ: Ափրիկէի մէջ կարելի է փոքրիկ օսքարներու ամբողջ գործարան մը բանալ ու օրը երկու անգամ Օսքար տալ այն դժբախտ ցեղերուն, որոնք ստրուկ դարձած են իրենց ծննդավայրերուն մէջ եւրոպացիներուն ուրանիում, ադամանդ ու նաւթ հայթայթելու համար:

Սինիք կը հնչէ չէ՞: Այո՛, որովհետեւ ամբողջ ազգի մը տառապանքին համար ընդամէնը մէկ Օսքար կը տրուի: ի՞նչ կը փոխուի: Ուքրանացիներու տառապանքը կը սկսի մեղմանա՞լ: Բաւ է, կրնան ըսել ոմանք, Ուքրանիան առանձին չէ, բոլոր քաղաքակիրթ աշխարհը օգնութեան ձեռք երկարած է ու զէնք կու տայ անոնց: Այո ի հարկէ: Զէնք կու տայ: Հիմա ալ Օսքար: Բայց միեւնոյն ժամանակ չեն խորշիր նոյն այդ ռուսերէն նաւթ ու կազ գնելէ, հացահատիկ եւ այլն, թէեւ այդ բոլորը այլ երկիրներու միջոցով: Այսինքն, մէկ կողմէ Օսքար կու տան, միւս կողմէ կը շարունակեն առեւտուր ընել անոր հետ, որու դէմ կը պայքարի իրենց օսքարակիր ընտրեալը: Ուրեմն, գրողը տանի, ինչու՞ համար Օսքար կու տան: Ինչ է, ներկայացո՞ւմ է, թէ՞ հանդէս, որ մրցանակ կը շնորհեն: Իսկ թերեւս ռուսերուն ու թուրքերուն ալ «ոսկէ ազնուամորի» (Golden Raspberry) հակամրցանակը շնորհուի «վատագոյն դաշնակից»ի , իսկ Ազրպէյճանին՝ «տարուան բռնագրաւողը» անուանակարգին մէջ: Միւս կողմէ ալ աշխարհի բոլոր մեծ եւ զօրաւոր երկիրներուն կարելի է շնորհել «լաւագոյն նախայարձակ»ի անուանակարգի օսքար, որովհետեւ բոլորն ալ, մեծ հաշուով, թքած ունին մարդկային տառապանքին վրայ, քանի որ այսօր եւս, ինչպէս դարեր առաջ, կարեւոր է միայն շահը եւ այդ շահուն համար ալ կ’արհամարհուի կեանքը:

Ուքրանական Օսքարը կարելի էր ծաղրական չհամարել, եթէ հաւաքական արեւմուտքը իրօք ցոյց տար, որ կը մերժէ, կը դատապարտէ, չ’ընդունիր: Բայց մէկ կողմէ ուքրանացիներուն Օսքար կու տայ, միւս կողմէ՝ կը տաքնայ ռուսական կազով: Ու միաժամանակ ոչ մէկ գործնական քայլի կը դիմէ վերջ տարու ազրպէյճանցիներու կողմէ Հայաստանէն տարածքներու բռնագրաւումին կամ Կազայի սպանդը դադարեցնելու համար: Ով գիտէ, բայց հաւաքական արեւմուտքը կրնայ կանխել ուզած տագնապը, կրնայ զսպել ուզած նախայարձակը, բայց մինչեւ որ լուր մը տեղ հասնի , մինչեւ որ երկար-բարակ ժողովներ, քննարկում, որոշում, քուէարկութիւն տեղի ունենան․․․այդ ընթացքին ամբողջ ժողովուրդ մը հայրենազուրկ կը դառնայ ու կը տեղահանուի, ինչպէս, որ պատահեցաւ Արցախի պարագային եւ այլ ժողովուրդ մը պարզապէս ջարդի կ’ենթարկուի եւ դեռ կը յայտարարուի, թէ զանոնք, բոլորը՝ մեծ, փոքր, կին, այր, երեխայ` պէտք է սպանել, ինչպէս որ իսրայէլացիք հիմա կը սպանեն Կազայի ժողովուրդը:

Իսկ մի՞թէ աշխարհը մինչեւ այս Օսքարը երբեք չէր լսած որեւէ նման դէպքի մը մասին: Ուրեմն ինչո՞ւ ուքրանացիներուն Օսքար տրուեցաւ: Մի՞թէ մահուան դատապարուածին նահատակի դափնեպսակ հագցնելով կը բաւարարուին: Ուրեմն ինչո՞ւ Օսքար կը շնորհուի: Այս «շո» չէ: Աշխարհի մէջ ամերիկեան ոչ մէկ «շո» չի չի կրնար հասկնալ, չի կրնար պատկերացնել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ, երբ գլխուդ վրայ ռումբեր ու հրթիռներ կը սաւառնին, երբ մայուն կրակոց կայ, երբ պատերազմ է: Անոնք մոռցած են, թէ ի՞նչ կը նշանակէ պատերազմ: Իսկ մենք չենք մոռցած: Մեզի պարզապէս թոյլ չեն տուած մոռնալու պատերազմը: Ու ես մարդկայնօրէն կը ցաւակցիմ ուքրանացիներուն, ռուսերուն, արաբներուն, հրէաներուն․․․․․բոլորին, որովհետեւ զանոնք գիշատիչի պէս կատաղեցուցած են ու իրարու վրայ քշած: Ու ես կը հասկնամ անոնց բոլորին, որովհետեւ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ իմ ժողովուրդս տեղահանուեցաւ Արցախէն եւ քանի մը տարի առաջ իմ հայրենիքս՝ Արցախը դժոխքի վերածուեցաւ: Իսկ անոր համար նոյնիսկ Օսքարը` հաւատացեք․․․շատ շատ քիչ է: Այնքա՛ն քիչ:

Կը մնայ կրկին ու կրկին դառնանալ, թէ որքան աժան կ’արժէ մարդկային կեանքն ու տառապանքը: Ամէն օր, գրեթէ ամէն օր աշխարհի մէջ սարսափելի բաներ կը կատարուին եւ ամեն օր մենք սարսափով կը սպասենք նոր արհաւիրքներու: Եւ փոխանակ ուշքի գալու, հասկնալու, որ ամէն պատերազմ կրնայ ըլլալ վերջինը, բայց ոչ թէ գիտակցական բարձրութեան, այլ կործանարար չարութեան հետեւանքով, մենք ոչ միայն չենք սթափիր մարդկայնօրէն, այլեւ կը կապկենք ամբողջ իրողութիւն մը, որովհետեւ շահեր կան: Քաղաքական ու տնտեսական, ելեւմտական եւ այլն: Ու եթէ կայ մարդ մը, որ կրնայ ապացուցել, որ աշխարհի մէջ կայ բան մը, յանուն որու կարելի է խեղդել հինգ տարեկան երեխայ մը, որ կարելի է գլխատել անօգնական ծերունի մը, որ կարելի է սովամահ դարձնել ամբողջ ժողովուրդ մը եւ անոր համար պարգեւատրել զոհերը, ապա հայերը առաւելագոյն տիտղոսները կը ստանային: Եւ եթէ ոեւէ մէկը կրնայ, ապա կը մնայ միայն կամ անձնասպան ըլլալ կամ մոռնալ, որ մոլորակին վրայ երբեւէ մարդիկ ապրած են: Ու եթէ մենք իւրաքանչիւր քայլով կ’ապացուցենք, որ կորսնցնենք ճանչնալու, յիշելու, գնահատելու, համեմատելու ու մեկնաբանելու կարողութիւնը, այսինքն այն բոլորը, որ մեզ «բանական» կը դարձնէ, ուրեմն մենք կը կրկնենք Նիցչէի «աստուած մեռած է» միտքը ու շարունակել պատռել զիրար: Որովհետեւ Աստուած չի կրնար ողջ ըլլալ աշխարհի մը մէջ, ուր կը պատերազմին նոյն Աստուծոյ հաւատացնողները, ուր կը սպանեն կեանք խնդրողները եւ ուր կեանքը սարսափելի հակադրութիւններու անտանելի փունջ մըն է եւ «որքան բաներ կան, Հորացիոյ, երկինքի եւ երկրի վրայ, որ երբեւիցէ փիլիսոփայութիւնդ չէ ալ երազած»,- կ’ըսէր Շեքսպիրը (“There are more things in heaven and earth, Horatio, Than are dreamt of in your philosophy”):

Եւ ուրեմն` կեցցէ կեանքը, այն յոյսով, որ օր մը ան աւելի կարեւոր կը դառնայ. որեւէ մրցանակէ ու շահէ աւելի կարեւոր, որովհետեւ հակառակը` սուսերամարտիկներու կրէսն է ու անոր արիւնարբու հանդիսատեսը:

Հ․գ․ Լաւ այն էր, որ Ռիտլի Սքոթի «Նափոլէոնը» որեւէ մրցանակ չստացաւ:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ

Your email address will not be published.