Քաղաքական կեանքի մէջ կուսակցականութիւնը սկսած է վերածուիլ կործանարար ուժի` խարխլելով հաստատութենական քաղաքականութեան հիմքերը եւ քայքայելով այն արժէքները, որոնք ժամանակին կ’առաջնորդէին ժողովրդավարական կարգերը: Քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը սկսած է գերակշռել առարկայական մտածողութիւնն ու գաղափարախօսութիւնները` ստեղծելով միջավայր մը, ուր սկզբունքները կը նահանջեն կոյր հաւատարմութեան առջեւ:
Ուրիշ բան կարելի չէ ըսել, երբ քանի մը ամիս ետք ամերիկացիք քուէտուփեր պիտի ուղղուին ընտրելու չընտրելիները:
Կուսակցականութիւնը, քաղաքական որոշ կուսակցութեան մը հանդէպ հաւատարմութիւնը, յաճախ այլ նկատառումներու հաշւոյն, միշտ եղած է ժողովրդավարական աշխարհավարութեան մէկ մասը, սակայն, վերջին տասնամեակներուն ան այնքան աշխուժացած է, որ դարձած է սպառնալիք քաղաքական հաստատութիւններու հեզասահ գործունէութեան, պարկեշտութեան եւ արդիւնաւէտութեան: Պատմականօրէն քաղաքական կուսակցութիւնները ձեւաւորուած են գաղափարախօսութիւններու եւ արժէքներու շուրջ, որոնք քաղաքականութիւն մշակելու եւ կառավարելու օրինականութիւն կու տային տուեալ կուսակցութեան: Այսօր այս գաղափարախօսութիւնները նահանջած են թունաւոր հաւատարմութեան մը առջեւ, ուր առաջնակարգը կուսակցական իշխանութեան պահպանումը դարձած է, եւ ոչ թէ ընդհանրական շահերու հետապնդումը:
Ժամանակակից կուսակցականութեան մտահոգիչ կողմերէն մէկը անոր ազդեցութիւնն է առարկայական մտածողութեան վրայ: Երբ կուսակցութեան մը հանդէպ հաւատարմութիւնը կը դառնայ առաջնակարգ, քննականօրէն մտածելու եւ փաստերու վրայ հիմնաւորուած որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը կը նուազի անհամեմատօրէն: Հանրային գործիչներու եւ կուսակցականներու վրայ յաճախ ճնշում կը բանեցուի կուսակցական որոշումներուն ենթարկուելու, նոյնիսկ երբ այդ որոշումները կը հակասեն իրենց սեփական սկզբունքներուն կամ ընդհանրական շահերուն: Այս իրողութիւնը կը ստեղծէ վիճակ մը, ուր կուսակցական դիրքորոշումներ կը գնահատուին ոչ թէ ըստ իրենց ընդհանրականութեան եւ արժէքին, այլ կուսակցական օրակարգի հետ համապատասխանութեան:
Ճիշդ այս մթնոլորտն է, որ այսօր կը տիրէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Օրինակ, օրէնսդրական քննարկումները, որոնք սկզբունքով պէտք է կեդրոնանան առաջադրուած քաղաքականութեան մը դրական եւ ժխտական կողմերու քննարկումին վրայ, ընդհանրապէս կը վերածուին կուսակցական բանավէճերու եւ յաճախ կռիւներու` կողմերէն իւրաքանչիւրը մերժելով միւսին նոյնիսկ օգտաշատ առաջարկները: Բնականօրէն, ոչ միայն կը խեղդուին բովանդակալից ու առարկայական քննարկումները, այլեւ կը խոչընդոտուին հրատապ հարցերու արդիւնաւէտ լուծումները:
Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներու հիմնադիրներէն եւ առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթըն իր իր երկրորդ նստաշրջանի աւարտին հրապարակած հրաժեշտի խօսքին մէջ զգուշացուցած է կուսակցութիւններէ, ըսելով. «կուսակցական ոգիի ընթացիկ եւ շարունակական շեղումները բաւարար են, որ իմաստուն ժողովուրդ մը իր պարտականութիւնը դարձնէ զայն չքաջալերելը եւ զսպելը» (The common and continual mischiefs of the spirit of party are sufficient to make it the interest and duty of a wise people to discourage and restrain it, George Washington): Խօսքը կը վերաբերի կուսակցական հակամարտութիւններու եւ կուսակցական շահախնդրութեան հետեւանքով յառաջացած յաճախակի տարակարծութիւններու: Ուաշինկթընի համաձայն, քաղաքական կուսակցութիւնները պատճառ կը հանդիսանան հակամարտութիւններու, փտածութեան, եւ կուսակցական շահերը յաճախ կը գերադասեն ընդհանրական շահերու: Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը դիտել կու տայ նաեւ, որ կուսակցականցած խնդիրները այնքան վնասակար են, որ իմաստուն ու խելամիտ հասարակութիւն մը պէտք է դիմէ անհրաժեշտ քայլերու՝ զանոնք կարելի եղածին չափ վանելու համար:
Հաստատութիւնները` ըլլան կառավարական, կրթական, թէ դատական, արդիւնաւէտութեան մեկնակէտով կ’ապաւինին հասարակաց արժէքներու եւ նորմերու, ինչպէս՝ պարկեշտութեան, թափանցիկութեան, հաշուետւութեան եւ ընդհանրական բարօրութեան: Սակայն, նշմարելի է, որ մինչ կուսակցականութիւնը կը զօրանայ, այդ արժէքները երթալով կը խեղաթիւրուին:
Կառավարութեան պարագային, կուսակցական հաւատարմութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ անհատներու նշանակումին՝ մեկնելով անոնց քաղաքական պատկանելիութենէն, եւ ոչ թէ անոնց պատրաստուածութենէն կամ կարողութիւններէն, ինչ որ կը խաթարէ հաստատութիւններու թափանցիկութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը եւ կը քայքայէ ժողովրդային վստահութիւնը: Կուսակցականութիւնը կրնայ լրջօրէն խաթարել քաղաքական հաստատութիւններու անշահախնդրութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը: Երբ կուսակցական հաւատարմութիւնը կը գերադասուի ժողովրդավարական եւ գաղափարական արժէքներու՝ կը խախտին ժողովրդային ծառայութեան հիմքերը:
Իրերու ներկայ վիճակը կը պահանջէ վերադառնալ արժէքներու վրայ հիմնուած աշխարհավարութեան, ուր ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդին բարօրութեան սկզբունքները կը գերադասուին կուսակցական հաւատարմութեան: Իսկ այս առաջադրանքը իրագործել կարենալու համար անհրաժեշտ է որդեգրումը քայլերու, որոնք կ’ընդգրկեն հանդուրժողականութեան խթանումը` խրախուսելով տարբեր կուսակցութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ թափանցիկութիւնը ընդհանրապէս: Յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի կրթութեան, որ պէտք է ծառայէ խթանելու քննական մտածողութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններու գիտակցութիւնը: Ըլլալ զգոյշ որ կուսակցութիւնները ներկայանան ժողովրդային շահերու յանձնառութեամբ եւ ոչ թէ կուսականացած օրակարգով:
Այս արժէքները վերականգնելէ ետք միայն ամերիկացիք նախագահական յառաջկայ ընտրութիւններուն կրնան ուղղուիլ լաւ անձնաւորութիւն մը ընտրելու հեռանկարով: Լաւ անձնաւորութիւն մը՝ որ ազնիւ է, կը հետապնդէ ժողովուրդին շահերը (ոչ կուսակցութեան կամ անձնական շահերը), կը յարգէ ժողովրդավարական սկզբունքները, ու այս պարագային կարեւոր չէ թէ դեմոկրատ է կամ հանրապետական:


