Ապագան նորահաս սերունդներուն է՝ մանաւանդ եթէ տարբեր կը մտածեն

Պետրոս Մանուկեան

Հայկական սփիւռքի գործիչները պէտք է սորվին գնդակ փոխանցելու արուեստը: Այս յօդուածը նպատակ չունի հեգնելու, վիրաւորելու եւ անհատական տարակարծութիւններ հրահրելու, ոչ ալ կը միտի արհամարհելու հայ հասարակական գործիչներու աւանդն ու դերը, կամ ժխտելու անոնց երկար տարիներու ներդրումը մեր ազգային կեանքին մէջ: Փոխարէնը, այս յօդուածով կը փորձենք ընդգծել, որ այս խումբին մէջ ոմանք կարծես սկսած են կորսնցնել գիտակցութիւնը այն իրողութեան, որ թէեւ ազգային հարցերու նկատմամբ իրենց նուիրուածութիւնը գովելի է, բայց անոնք սկսած են զարգացնել իրենց դերին կառչելու եւ այլոց կարողութիւնները անտեսելու, անվստահութեամբ մօտենալու վարքագիծ մը՝ այդ խնդիրները միասնաբար աւելի արդիւնաւէտօրէն լուծելու փոխարէն: Եւ այդ անվստահութիւնը զանոնք մատնած է մտային/զգացական/հոգեբանական վիճակի մը, երբ անոնք կառչած կը մնան իրենց պատասխանատուութիւններուն եւ թոյլ չեն տար/չեն վստահիր ուրիշներուն՝ կատարելու այդ պարտականութիւնները:

Մինչ աւելի քան մէկ տասնամեակէ մը ի վեր կը հետեւիմ հայկական սփիւռքին, երթալով կը համոզուիմ, որ մենք կը գտնուինք ճգնաժամի մը սեմին, թէ հայկական սփիւռքի ղեկավարները տրամադիր չեն ջահը փոխանցելու, ֆութպոլի լեզուով՝ «գնդակը փոխանցելու», նոյնիսկ «pass տալու»: Եւ այդպիսով, անոնք կը շարունակեն կորսնցնել կապը այն սերունդներուն հետ, որոնք երբեմն խանդավառութիւնը ունէին մասնակցելու, նայելու եւ հետեւելու մեր ղեկավար սիւներուն հայկական սփիւռքի մէջ: Նոր սերունդը կը հեռանայ, իսկ անոնք տակաւին հետաքրքրուած են առաջին շարքի վրայ նկարուելով միայն…

Բայց եկէք հարց տանք, ինչո՞ւ տարբեր գաղափարներ ունեցողները կ’ընկալուին որպէս անկարգապահ, իսկ ղեկավարին համար՝ հեղինակութեան նուազումի նշան: Ի վերջոյ, գաղափարները երբեք պէտք չէ պահուած մնան ու կաշկանդուին, այլ պէտք է զանոնք քննարկել ու փայփայել: Տպաւորութիւնս այն է, որ միայն քանի մը արտօնեալ անհատներ, որոնք կուրօրէն եւ կամակատարութեամբ կը հետեւին ղեկավար դասին, կ’ընդունուին որպէս կարգապահ եւ հաւատարիմ տարրեր, ու անարժանաբար կը տիրանան պաշտօններու….Յստակ է, որ այս երեւոյթը կը հակասէ հաւաքական ու գաղափարական ղեկավարութեան սկզբունքներուն: Հիւանդագին երեւոյթ մը՝ որ պատճառ կը դառնայ հաւաքական մեր կեանքի խախտումին՝ համազգային առումով:

Բայց ինչո՞ւ այս երեւոյթը կը շեշտուի հայկական սփիւռքի մէջ: Պարզապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բեմը լայն է եւ հնարաւորութիւնները՝ աւելի: Ի հակադրութիւն, հայկական սփիւռքի առկայ կառոյցները կը ցուցաբերեն հակակշռելու զարմանալի միտում մը, որուն պատճառով այսպէս ասած «տարբեր մտածողները» կը կաշկանդուին ու դուրս կը մնան:

Հայկական սփիւռքի մէջ, կուսակցական կարգապահութիւնը ստացած է ամբողջական հնազանդութեան կամ հաւատարմութեան ապացոյց պահանջող իմաստ մը:  Հաւատարմութիւնը ինքնին հոմանիշ դարձած է ի վերուստ պարտադրուած գաղափարներու հետ անառարկելի համաձայնութեան: Մենք` հայկական սփիւռքը, որ ժամանակին կռուած ենք Խորհրդային ամբողջատիրական դրութեան դէմ եւ ժողովրդավարութեան իրագործման վառ օրինակ տուած ենք, այժմ կարծես որդեգրած ենք նոյն ամբողջատիրական վիճակը յիշեցնող դրութիւններ, եւ անոր հետեւանքով թէ՛ կտրուած ենք իրականութենէն եւ թէ՛ մեր նորահաս սերունդներէն:

Գրեթէ իւրաքանչիւր իրավիճակի եւ միջադէպի պարագային, դասականացած ղեկավարութիւնը անհանդուրժողութիւն կը դրսեւորէ այլակարծներու նկատմամբ՝ յաճախ ամբարտաւան վերաբերումով ու առատ bullying-ով: Այս արարքները պարզապէս կը բացայայտեն այժմու առաջնորդներուն յատկանիշները՝ ողջունելու կամակատարները եւ հեռացնելու տարբեր տեսակէտներ ունեցողները: Երբ ուրիշներ նոր գաղափարներ կը ներկայացնեն, անոնք կը դատապարտուին խորհուրդներ տալու իրենց յանդգնութեան համար: Կը թուի, թէ ոմանք ղեկավար պաշտօնները կ’ընդունին որպէս արանձնաշնորհեալի կարգավիճակ մը, եւ ոչ թէ՝ գիտակցուած հաւատք, որ ղեկավարութիւնը իրենց վստահուած պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն է:

Ընդգծենք հետեւեալը: Երբ ղեկավարները անդրադառնան, որ իրենք լուսարձակի տակ չեն այլեւս, անոնք պէտք չէ զարտուղի միջոցներու դիմեն ամէն գնով ղեկավարութիւն խաղալու եւ առաջին շարք նտելու ու նկարուելու մարմաջով՝ աւերներ գործելու: Փոխարէնը, անոնք, ֆութպոլի լեզուով, պէտք է սորվին «փոխանցել գնդակը»: Անոնք պէտք չէ մտածեն, որ «առանց իրենց փուլ կու գայ շէնքը»: Պարզապէս իրենց «շօ»ն աւարտած է, եւ հասած է ժամանակը հնարաւորութիւն ստեղծելու եւ առիթ տալու ուրիշներուն՝ նորահաս սերունդներուն:

Ապագան նորահաս սերունդներուն է, նոյնիսկ եթէ տարբեր կը մտածեն, մանաւանդ եթէ տարբեր կը մտածեն:

7 Նոյեմբեր 2023

Subscribe
Տեղեկացում
guest

1 Comment
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
միհրան քիւրտօղլեան
միհրան քիւրտօղլեան
6 months ago

Առաջին երեք-չորս տողերու չքմեղանքը ոչ միայն աւելորդ է, այլ նաեւ ան կը պակսեցնէ գրութեան կշիռը: Երիտասարդներու համար արտասանուած աղուոր խօսքերը գործնականին մէջ իրենց գինը ունին, զոր կը թուի, թէ պատրաստ չենք վճարելու…: Ուշացած ենք հասկնալու, որ երիտասարդները մեր ապագան չեն, այլ էականօրէն մեր ներկան են անոնք: Իսկ միւս կողմէ երիտասարներն ալ պէտք չէ յաւակնին, թէ իրենք են վերջին խօսքը եւայլն, եւայլն…:

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x