Հայ լեզուն մտահոգիչ չափերով կը նահանջէ նաեւ Հայաստանի մէջ…

«Սկզբէն էր Բանը, եւ Բանն Աստուծոյ մօտ էր, եւ Բանն Աստուած էր». Աւետարան ըստ Յովհաննու 1:1 

Բան, ասինքն բանականութիւն, միտք: Եւ այդ մէկը կ’արտայայտուի խօսքով, այսինքն՝ լեզուով:

Հայ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան իր «ոգու սով» մռայլ բանաստեղծութեան մէջ կարծես կանխագուշակած էր, թէ ի՞նչ պիտի պատահի ապագային, երբ հոգեւոր արժէքները ամբողջովին պիտի փոշիանան եւ մարդը, ճոխ սեղանի մօտ նստած, կարօտ պիտի ըլլայ վեհ խօսք լսելու:

Կարելի է ըսել, որ այսօր, գոնէ լեզուական առումով մեր մօտ նոյնինքն այդ ոգիի սովը գոյութիւն ունի: Հայ լեզուի պարզած անմխիթար վիճակը ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, որ ապագային աւելի լաւ կրնայ ըլլալ: ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ արեւմտահայերէնը յայտարարուած է վտանգուած լեզու, իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի հայ լեզուն ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ: Մէկ բառով` սարսափելի: Այդ անգրագէտ վիճակը, որ կայ Հայաստանի մէջ, թոյլատրելի մակարդակէն շատ աւելի ցած է:

Եւ դեռ խօսքը չի վերաբերիր ուղղագրական բարդ բառերու եւ միայն մասնագէտներուն հասանելի կէտադրութեան, այլ՝ պարզապէս հայերէն խօսելու եւ հայերէն գրելու: Խօսքը այն մասին է, որ հանրապետութեան բնակչութեան մէկ հսկայ հատուածը ի վիճակի չէ մէկ էջ գրելու՝ առանց բազմաթիւ կոպիտ ու ակնառու սխալներու: Ոչ միայն ուղղագրական, այլեւ՝ շարադասական ու շարահիւսական: Ընկերային ցանցերու մեկնաբանութիւնները աղէտալի պատկեր կը ներկայացնեն: Չի պահպանուիր ոչ մէկ կանոն: Նախադասութիւնները սխալ կը կազմուին, բառերը անհարկի մեծատառ ու փոքրատառ են, կը գործածաուին այլ լեզուներու գրային համակարգի կէտադրական նշաններ, երբեմն ամբողջական բառերը կը գրուին մեծատառ, երբեմն, կարծես հեռագիր ըլլայ՝ բառ-կէտ-բառ-կէտ սկզբունքով: Միաժամանակ մարդիկ չեն խորշիր հայերէն բառերը օտարներով փոխարինելէ: Խօսքը ոչ թէ ու միայն փոխառութիւններու մասին է, ինչ որ սովորական է յատկապէս մեր ժամանակներուն, այլեւ՝ տարրական բառերը անգլերէն ու ռուսերէն թարգմանելու: Շատ յաճախ գրառումները հայատառ են, բայց ոչ հայաշունչ, աւելի յաճախ` լատինական կամ կիրիլեան այբուբենով գրուած: Մարդիկ չեն ամչնար անգրագէտ ըլլալէ, զիրենք այդ մէկը չի հետաքրքրեր այլեւս: Նախադասութիւններու մէջ բառերը իրենց տեղը չեն, կէտադրութիւնները` իրենց: Կարծես թոթովախօս մանուկներ ըլլան, որոնք ձեւով մը բառերը իրարու կը փակցնեն՝ ընդհանուր միտքը տեղ հասցնելու համար: Հայ լեզուն վերածուած է անմակարդակ լեզուի մը, որու արտաքին շերտին ռուսերէն եւ անգլերէն քսուած է: Ասոր հակառակ` կան հիւանդագին «հայասէրներ», որոնք, փորձելով բացառապէս հայերէն խօսիլ, աւելի տհաճ իրավիճակ կը ստեղծեն:

Հրապարակի վրայ գտնուող «հայերէն բառարաններու» մէկ մասը միայն բաւարար է լեզուական աղէտի մասին պատկերացումներ կազմելու: Կարգ մը տարածուած բառերու յիմար թարգմանութիւնները, իչպէս օրինակ «շամփայնը»՝ «փրփրագմփիկ», կամ «թրոլէպիւսը»՝ «եղջրասայլակ ու պոզաւոր սայլակ» եւ այլն թարգմանելով, անոնք կարծես կ’ուզեն ծաղրել հայոց լեզուն, ցոյց տալ, որ հայերէնը կոպիտ ու անտաշ եւ ոչ կիրարկելի լեզու է: Մարդիկ յաճախ այդ բառերը կը տարածեն համացանցով եւ անմակարդակ զուարճախօսութիւններ կը յօրինեն:

Եւ ընդհանրապէս, շատ քիչ կարելի է հանդիպիլ յստակ գրագէտ բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի: Շատ կը պատահի, որ մարդիկ, երբ նոյնիսկ յստակ արտայայտուած միտք մը կը գրեն, թքած ունին, որ կը գրեն կոպիտ սխալներով: Արդարացումները բազմաթիւ են:

Անշուշտ այս նոր խնդիր մը չէ: Այս թեմայով խօսած են հայ մեծերէն շատերը` Րաֆֆի, Թումանեան, Շիրվանզադէ, Աճառեան, Աղայեան եւ այլն: Կը Խօսինք նաեւ մենք: Բայց էական տարբերութիւն մը կայ անոնց եւ մեր ժամանակներուն միջեւ: Անոնք չունէին հայկական պետութիւն եւ ստիպուած կ’ենթարկուէին վարչական այլ ճնշումով բերուած օտար երեւոյթներու: Իսկ մե՞նք: Մենք պետութիւն ունինք: Այդ պարագային, ինչո՞ւ ամենէն թանկագինը այսքան է աժանցած: Ինչպէ՞ս մենք կը յաջողինք ոչնչացնելու հայոց լեզուն` մեր ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը: Եւ որո՞ւ պէտք այն հայը, որ հայերէն չի գիտեր:

Հայերէնի մէջ հետաքրքրական բառ մը կայ` «լեզուամտածողութիւն»: Եւ մեր լեզուն այլեւս հայերէն չի մտածեր: Ան աղաւաղուած է ու անմաքուր: Հայերէն չմտածող լեզուն չի կրնար հայերէն խօսիլ ու գրել: Իսկ անոր հետեւանքը օտարամիտ Հայաստանն է` օտարամիտ միտքերով եւ գործողութիւններով: Կարելի չէ մտածել հայերէն եւ գործել օտարին շահով:  Կարելի չէ հասկնալ Հայաստանը առանց հայերէնի: Ինչպէս մարմինը յիշողութիւն ունի, այնպէս ալ` լեզուն: Հայերէնէն խզուող մարդը կը խզուի նաեւ հայութենէն: Այսինքն որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ հայ մշակոյթը կը սկսի օտար ու խորթ թուիլ, որովհետեւ մշակոյթը կարելի չէ թարգմանել այլ ոգիով: Մշակոյթը մշակոյթ է իր եզակիութեամբ: Ուիլիամ Սարոյեան կ’ըսէր, որ իր գործերը գրուած են անգլերէն, բայց մտածուած են հայերէն: Այսօր մենք սկսած ենք դադրիլ մտածելէ որպէս հայ:

Շրջեցէ՛ք Երեւանի կամ հանրապետութեան այլ քաղաքի մը փողոցներով: Վաճառատուներու, կրպակներու եւ վաճառքի այլ վայրերու անուններուն տասէն եօթն օտարատառ է ու օտարալեզու, հինգէն երեքը՝ հայատառ, բայց ոչ հայաշունչ, այսինքն անգլերէն բառերը գրուած են հայատառ` աւելի նողկալի տպաւորութիւն յառաջացնելով: Սինեմաներու մէջ, արտասահմանեան որեւէ ֆիլմի հայերէն տարբերակը պարզապէս գոյութիւն չունի. մեծ մասամբ՝ ռուսերէն, չնչին քանակութեամբ՝ անգլերէն: Ֆիլմաշարերն (սերիալ) ու երգերը կ’աղաղակեն հրէշաւոր անգրագիտութեամբ: Հայու ամէնօրեայ խօսակցութեան մէջ հայ լեզուն կը նահանջէ առանց դադարի: Հայերէնը այլեւս «մոտա» չէ: Հայերէնը կը ստորադասուի այլ`աւելի «մոտայիք» լեզուներուն: Տակաւին աւելի վատ վիճակ կը տիրէ գիտական մակարդակի վրայ: Աշխարհի տարածքին չէք գտներ միջազգային որեւէ հայերէն պարբերաթերթ: Հայերէնը որպէս գիտական լեզու՝ չ’օգտագործուիր: Մենք ստիպուած ենք գրելու անգլերէն, որ մարդիկ բարեհաճին կարդալ. ոչ ոք հայերէնը չ’ընդունիր: Հայ լեզուն պարզապէս կը սպանուի ամենուրէք` գիտութենէն մինչեւ ժամանց: Հայերէնը սկսած է խանգարել մարդը, խոչընդոտել: Այս կը նշանակէ, որ մարդը դանդաղ, բայց կայուն քայլերով սկսած է հրաժարիր հայ լեզուէն: Առիթ ունեցած եմ խօսելու լեզուական ինքնութեան մասին եւ մենք այսօր կը քանդենք մեր ինքնութեան ամենէն կարեւոր սիւներէն մէկը:

Հայերէն չմտածող հայուն բառարանին մէջ երթալով կը պակսին հայերէն բարդ, շքեղ բառերը: Հիմնականօրէն կը գործածուին ամենէն հասարակ եւ կենցաղային բառերը: Որեւէ գրական բառ՝ կա՛մ զարմանք կը յառաջացնէ, կա՛մ՝ ծաղր: Ահա այս է այսօրուայ Հայաստանի մէջ հայ լեզուի իսկական վիճակը: Քանի մը տասնեակ հազար գործնական բառեր ունեցող լեզուն այսօր կը կիրարկուի  միայն հասարակ թեմաներով՝ զուգորդուած անգլերէն եւ ռուսերէն բառերու: Նոյնիսկ դժուար է գտնել մարդիկ, որոնց բառամթերքին առնուազն քանի մը նախադասութիւնը ամբողջովին հայերէն ըլլայ՝ զերծ տարատեսակ յաւելումներէ եւ ճշդումներէ: Խաչատուր Աբովեանի թողած պատգամը, «հայ երիտասա՛րդ, քո լեզուն ամուր պահի՛ր», այսօր մոռցուած է ու մէկ կողմ դրուած:

Եւ այսօր մենք, իսահակեանական մարգարէութեամբ, կը տառապինք հոգիի սովէ, կը շրջինք մուրացիկի պէս այս կամ այն լեզուէն փշրանքներ փրցնելու յոյսով, որ յագեցնենք մեր հոգիի սովը եւ այլեւս ոչ մէկ ճոխ սեղան չի կրնար յագեցնել այդ դատարկութիւնը: Մենք այսօր կ’ապրինք յափրացած միտքով, հրեղէն ու վեհ խօսքի կարօտով:

«Սկզբէն էր Բանը, եւ Բանն Աստուծոյ մօտ էր, եւ Բանն Աստուած էր…

Երեւան, 18 Նոյեմբեր 2023

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x