Հասկնալով Հայաստանը. սփիւռքի ներգրաւուածութեան եւ միասնականութեան հեռանկարները

Պետրոս Մանուկեան

Երբ Համահայկական խաղերուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանեցին հայկական սփիւռքի մարզական միութիւնները, վէճ փրթաւ: Բանավէճերը բնական են եւ սովորական ազգերու նաեւ մեր մէջ՝ զանոնք նկատելով հաւաքական կեանքի աշխուժութեան  նշան, անշուշտ եթէ պատշաճութիւնները կը յարգուին ու վէճերը չեն վերածուիր հայհոյանքի ու բամբասանքի: Ինծի համար անոնք հաւաքական կեանքով հետաքրքրուածութիւն կը նշանակեն: Երբ այս վէճերուն ընթացքին կ’արտայայտուին քաղաքական թեր եւ դէմ գաղափարներ, ես եռանդ կը զգամ, կը դառնամ լաւատես, որ մենք քաղաքականացած սերունդ ունինք: Թէեւ, ինչպէս նշեցի վերը, յաճախ պատշաճութիւնները կը մոռցուին եւ այդ իր բացասական դրսեւորումները կ’ունենայ: Ես կը նախընտրեմ քաղաքական ներգրաւուածութիւնը, քան անոր բացակայութիւնը, որ ազգը կը տանի դէպի թմրածութիւն ու թուլամորթութիւն:

Համայակական խաղերուն առիթով՝ ականատես դարձայ շատ հետաքրքրական երեւոյթի մը: Հայաստանի իշխող կուսակցութեան կտրականապէս հակադրուող քաղաքական պատմական կուսակցութեան համակիրներէն մէկը բացայայտօրէն քննադատեց իր իսկ մարզական միութեան մասնակցութիւնը համահայկական խաղերուն: Ան կը պնդէր, որ նման մասնակցութիւն պատշաճ չէ, այնքան ատեն որ Արցախը շրջափակման մէջ կը գտնուի:

Միւս կողմէ, հայրենադարձի իմ համգամանքովս, ես որոշեցի պահպանել ոչ քաղաքական եւ դրական մօտեցում մը, եւ ուրախ էի, որ իմ սիրած ու համակրած խումբս ալ ժամանեց Պէյրութէն: Մէկ կողմ դնելով իմ թեր կամ դէմ կեցուածքս իշխանութիւններուն հանդէպ, ես որոշեցի ընդգծել ու կեդրոնանալ սպորթին վրայ եւ խուսափիլ քաղաքական գրգռութենէ: Հիմա կ’ըսեմ թէ ինչո՛ւ:

Զարմանքս մեծ եղաւ ու աւելի խորացաւ երբ արտասահմանէն ժամանած հայերը, մասնաւորաբար պատասխանատու պաշտօններու վրայ գտնուող անձերը դեռ չեն ըմբռնած հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական իսկական պատկերը, մտածելակերպը կամ մթնոլորտը:

Այս յօդուածը արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու մասին չէ, չեմ սիրեր տարբերող բնորոշումները, բայց ես ինծի թոյլ պիտի տամ այդպէս պիտակաւորելու եւ անդրադառնալու երկու հիմնական վիճակներու.

  1. Հանրապետութենէն դուրս ապրող հայերը (հիմնականօրէն արեւմտահայեր), որոնք եղած են Հայաստան միայն որպէս այցելու, կամ նոյնիսկ հայեր, որոնք հաստատուած են հանրապետութեան մէջ, բայց բաւարար չափով չեն միախառնուած` հասկանալու անոր մթնոլորտն ու իսկական էութիւնը:
  2. Անոնք, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած են հանրապետութեան մէջ՝ շփուելով ու գործակցելով տեղւոյն բնակիչներուն (հիմնականօրէն արեւելահայերու) հետ:

 

Համահայկական խաղերուն իսկական առաքելութիւնը, կը հաւատամ, հոգեւոր կապի ստեղծումն է ու շաղկապումը դուրսէն եկած հայերուն եւ հանրապետութեան մէջ ապրող հայերուն միջեւ: Ցաւ ի սիրտ նշենք, որ այդ մէկը չէ յաջողած իրագործուիլ տասնամեակներ շարունակ: Դուրսէն ժամանած հայերը յաճախ իրենք զիրենք կը նկատեն այցելու, իսկ տեղացի հայերը մեծ ուշադրութիւն չեն չդարձներ անոնց վրայ կամ նոյնիսկ բացասական տպաւորութիւն կ’ունենան:

Հայաստանի պատկանելու համար նախ պէտք է հասկնալ ու ըմբռնել զայն, եւ ոչ թէ մակերեսայնօրէն փորձել նմանիլ անոր: Պէտք է ընդունիլ, որ այս օրերուն ժողովուրդը պառակտուած վիճակ ունի եւ կքած է ծանր վէրքերու տակ, հետեւաբար միշտ պէտք է խուսափիլ ասոր կամ անոր կողմնակից ըլլալու տպաւորութիւնը ձգելէ: Շատերը կրնան առարկել, որ զգուշ են եւ կը շփուին միայն իշխանութիւններուն հետ` մնալով «երջանիկ ու խաղաղ»: Այս մօտեցումը սխալ է եւ ցոյց կու տայ Հայաստանի մասին անտեղեակութիւն մը:

Հայ պատասխանատուները պէտք է գիտակցին, որ տօնակատարութիւնները, մարզական թէ այլ փառատօները՝ պառակտուած հանրապետութեան մէջ դարձած են քաղաքական յամեցող վէճերուն մէկ մասը:

Բնականաբար, կարելի է հարց տալ, թէ ի՞նչ կարելի էր ընել ներքին տարակարծութիւններէն խուափելու համար: Չմասնակցի՞լ համահայկական խաղերուն: Չմասնակցիլը ծայրայեղ կեցուածք կրնար նկատուիլ, բայց մասնակցութիւնն ալ որոշ իմաստութիւն կը պահանջէր, եւ ես դժբախտաբար տեսայ անոր պակասը: Անվճար խորհուրդներս ալ անտեսուեցան:

Հիմա ոմանք զիս կը ճանչնան որպէս ընդդիմութեան մօտ անձ մը: Ընդդիմութեան խմբակցութիւններիումեծ մասը կը յարգէ զիս: Համահայկական խաղերուն հանդէպ խանդավառութիւնս արտայայտելով, դէմ յանդիման գտնուեցայ տեղացիներու մեղմ քննադատութեան: Եթէ տեղացիները չյարգէին քաղաքական իմ դիրքորոշումս, անոնք շատ հաւանաբար զիս պախարակէին ընկերային ցանցերուն վրայ:

Հակառակ այս բոլորին, ես կը հաւատամ, որ կարելի էր խօսիլ համահայկական խաղերուն մասին առանց քաղաքացնելու առիթը, մանաւանդ շեշտել անոր միացնող ու շաղկապող ազդակը, եթէ խաղերուն համար արտասահմանէն ժամանած որոշ պատասխանատու անձեր իրենց եսը գոհացնելու համար քաղաքական մարդոց հետ ընթրիքներու նկարներ չզետեղէին ընկերային ցանցերու վրայ, կամ պատճառ չըլլային անոնց զետեղման: Այս ընթրիքներն ու նկարները առիթ տուին սրելու քննադատութիւները եւ աւելի եւս քաղաքականացնելու առիթը, դժբախտաբար:

Պարոնայք ժամանակն է գիտակցելու, որ հանրապետութեան մասին ձեր իմացութիւնը հազիւ տարրական է ու մակերեսային: Պէտք է աւելի շփուիլ անոնց հետ, որոնք լաւ ծանօթ են ժողովրդային միջավայրին: Փորձեցէք հարցախոյզ մը կազմակերպել Երեւանի փողոցներուն վրայ եւ հետաքրքրուիլ Համահայկական խաղերու ընդունելութեան մասին:

Մարտահրաւէրը սփիւռքի եւ հանրապետութեան միջեւ իսկական կապի հաստատումն է` իրապէս հասկնալով ու խորանալով Հայաստանի ու Հայաստանի ժողովուրդին էութեան մէջ: Այս մէկը կ’ենթադրէ հրաժարիլ մակերեսային կապերէն, ճանչնալ ժողովուրդին դժուարութիւնները, խուսափիլ թնդացնող տօնակատարութիւններ կազմակերպելէ՝ յարգելով ժողովուրդին տրամադրութիւնները, գիտակցիլ պառակտումներու առկայութեան, ոգի ի բռին աշխատիլ պառակտումի վերացման եւ ձեռնպահ մնալ կողմեր ընտրելէն:

Մօտեցման, մտածելակերպի եւ վարքագիծի խոր փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը շատ պարզ կ’երեւի սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ ամուր կապերու հաստատման համար:

Պետրոս Մանուկեան

 

 

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x