Պատերազմ, կորուստ, աղէտ եւ…նոյն երազկոտ ու քնաթաթախ հայը

Սեպտեմբերի 19-ի ատրպէյճանական յարձակումը, արցախցիներու զանգուածային, ամբողջական բռնի տեղահանումը մեծ յուզում յառաջացուց Հայաստանի մէջ: Բացի այն երեւոյթէն, որ զգացական տրամադրութիւնները լարուած էին, նաեւ կը շարունակուէր 2020-ի պարտութենէն սկիզբ առած անկումային տրամադրութիւններու աճը: Այնպէս, կարծէք զարմանալի ոչինչ կայ. 2020-ն զինուորական պարտութիւն էր, իսկ 2023-ի բռնագաղթը` Արցախի վերջնական կորուստը:

Բայց կայ երեւոյթ մը, որ աւելի կարեւոր է, քան տուեալ պահու պարտութեան գիտակցումը` պարտութիւնը որպէս համազգային գործունէութեան հետեւանք նկատառումը: Յօդուածի մը մէջ  (տեսնել տարբերակ21-ի «Արցախը՝ փորձաքար. հայ ժողովուրդը ի վիճակի՞ է որեւէ հարց լուծելու, թէ ո՛չ», Օգոստոս 23, 2023, կապը) արծարծած եմ այն հարցը, որ Արցախը փորձաքար է եւ Արցախը պիտի փաստէ, թէ հայ ժողովուրդը նախաձեռնո՞ղ է, թէ՞ ոչ: Արդեօք հայ ժողովուրդը կրնա՞յ ինքն իրեն առանձին որեւէ հարց լուծել, թէ՞ ոչ: Որովհետեւ ըլլայ Արցախը, 44-օրեայ պատերազմը կամ որեւէ այլ երեւոյթ, ան ոչ թէ կը քննարկուի համընդհանուր տրամաբանութեան մը մէջ, այլ կը դիտուի որպէս անկախ երեւոյթ մը, որ չ’առնչուիր անցեալին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու: Այնպէս ինչպէս 44 օրեայ պատերազմը չընկալուեցաւ իբրեւ խախտումը տասնամեակներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ  հաւասարակշռութեան (բոլոր առումներով), նոյնպէս ալ պարտութիւնը ընկալուեցաւ կամ մատուցուեցաւ կա՛մ որպէս հետեւանքը խումբ մը անձերու դաւաճանութեան, կա՛մ պատճառը դաշնակիցներու անտարբերութեան, կա՛մ ալ հետեւանքը զուտ Թուրքիոյ կողմէ ատրպէյճանցիներուն տրամադրած օժանդակութեան: Նոյնը պատահեցաւ Արցախի հայաթափումին, որ ընկալուեցաւ որպէս տեղական աղէտ մը: Ամէն խումբ առաջ քշեց իր վարկածները` ռուս խաղաղապահներու անտարբեր կեցուածքէն մինչեւ միջազգային դաւադրութիւններ, բայց գրեթէ չդիտարկուեցաւ որպէս ընդհանուր շղթայի մը մէկ օղակը: Որովհետեւ եթէ դիտարկուէր համընդհանուր տրամաբանութեան մը մէջ, ապա մեր ընելիքները ուրիշ ուղիով կ’ընթանային: Նոյնիսկ կարեւոր չէ թէ կը յաջողէինք կամ ոչ, որովհետեւ յաջողութիւնը որպէս հետեւանք` արդիւնք է նաեւ բազմաթիւ անկանխատեսելի ու թեքնիք երեւոյթներու, իսկ ընելիքը սեփական մտածողութեան գործնական արտայայտութիւնն է:

Բայց ո՛չ, երբե՛ք: Հայաստանի մէջ ունակ չեղան հասկանալու, որ 2016 Ապրիլէն մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր ոչ թէ երկու տարբեր պատերազմ ու մէկ բռնագաղթ տեղի ունեցան, այլ՝ նոյն երեւոյթին տարբեր դրսեւորումները, որոնք իրենց կարգին հետեւանք էին նախկին գործողութիւններու: Տհաճ թէ ոչ, բայց պատմութիւնը միշտ ալ պատճառ-հետեւանք տրամաբանութեամբ կ’ընթանայ: Ամէն ինչ ունի իր յստակ պատճառը եւ իւրաքանչիւր քայլ ունի իր հետեւանքը: Բայց մենք, քանի պատմութիւնը կ’ընդունինք իբրեւ արդէն աւարտած երեւոյթ մը, չենք հասկանար պատճառ-հետեւանք տրամաբանութիւնը եւ կը վերածուինք հասարակութեան մը, որ ոչ միայն ընկերային վարքի չափորոշիչներ, այլեւ՝ վտանգ չափելու միջոց, միաւոր չունի: Պատմութեան նայելով որպէս գեղեցիկ վիպերգութիւն մը, մենք իրականութիւնը կ’ընկալենք ամէն տեսակի դժուարութենէ զերծ երեւոյթ մը, անորոշ հանդարտութիւն պատճառող, թէեւ իւրաքանչիւր օր որ կ’անցնի, գոռալով կը յուշէ, որ իրականութիւնը այդպէս չէ:

Մենք որպէս պետութիւն ու հասարակութիւն կը յամառինք հասկանալու, թէ ի՞նչը լաւ է, ի՞նչը վատ, ո՞ր մէկը վտանգաւոր է, իսկ ինչ բան՝ ապահով, որո՞ւն կ’արժէ վստահի՛լ, իսկ որո՞ւն ո՛չ, եւ այսպէս շարունակ: Մեր պատմութիւնը, որուն իւրաքանչիւր տասնամեակը լեցուն է ցնցող իրադարձութիւններով, մեզի փոխանակ երկրաշարժեր արձանագրող եւ ազդարարող սարքէն աւելի զգայուն դարձնելու, բթացուց մեզ եւ դարձուց անընկալունակ, ու մենք փոխանակ դարերու փորձառութեամբ հասկնալու ամէն բան, սկսանք ոչինչ հասկանալ :

Այլապէս արցախցիները ինչո՞ւ 2020-ի պատերազմէն յետոյ վերադարձան Արցախ: Ի՞նչ էր երաշխիքը, որ պիտի չպատահէր այն, որ պատահեցաւ: Արդեօ՞ք միայն ռուսական երաշխիքը բաւարար էր մեզի: Ինչպէ՞ս կարելի է ոեւէ մէկուն վստահիլ իր սեփական կեանքն ու ապագան, յատկապէս երբ առնուազն մէկ օրինակ չունինք հայոց պատմութեան մէջ, երբ օտարը գալով մեզ պաշտպանած ըլլայ: Մենք կարծես կորսնցուցած ենք համեմատելու եւ գնահատելու ունակութիւնը: Մենք պարզապէս ի վիճակի չենք որեւէ Ա երեւոյթը համեմատելու Բ-ին հետ եւ համապատասխան եզրահանգումներ կատարելու: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ անընդհատ նոյն բանը կը պատահի հայ ժողովուրդին՝ տարբեր համեմատութիւններով:

Նոյնիսկ այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ գիտական միտքը պէտք էր հրաբուխի լաւայի պէս եռար` հասկանալու համար, թէ ի վերջոյ ո՞րն է մեր ուղին, ի՞նչ է մեր նպատակը՝ մենք գիտական առումով արձակուրդի մէջ կը գտնուինք: Արցախցիներուն միայն ուտետեղէն, հագուստ եւ կեցութեան վայր տրամադրելը բաւարար չէ: Վաղը Հայաստան կրնայ գտնուիլ նոյն վիճակին մէջ, բայց մենք այլեւս երթալիք տեղ չունինք` ո՛չ գաղթելու, ո՛չ` նահանջելու: Մենք այսօր ոչ թէ պէտք է բաւարարուինք մարդասիրական օժանդակութիւններով, այլ հասկնանք, թէ ի վերջոյ ո՞ւր կ’երթանք, ի՞նչ կ’ուզենք: Բայց մենք կը շարունակենք մոռնալ աղէտը անոր սուր հանգրուանի աւարտէն անմիջապէս ետք եւ վերստին կ’անցնինք խոր քունի:

Մենք կը վերածուինք փիլիսոփայ հասարակութեան մը եւ նոյնիսկ կը կորսնցնենք գործնական ըլլալու սկզբունքները: «Արեմւուտքի մէջ գիտնականներ, արեւելքի մէջ մարգարէներ» ասացուածքին պէտք է աւելցնել «Հայաստանի մէջ երազողներ» բաժինը: Այլապէս, անհնար է բացատրել այն անհոգութիւնն ու մեղմութիւնը, որ մենք ունինք, երբ աղէտները անընդմէջ իրարու կը յաջորդեն: Այս հանդարտութիւնը եւ անհոգութիւնը որ ունինք, գերեզմանային հանգստութիւն է, դիակի անշարժութիւն: Ու մենք կը սպասենք, որ «վաղը լաւ պիտի ըլլայ»: Հայկական այս անհասկնալի լաւատեսութիւնը մեզ կը զրկէ ապրելէն, մեզ անընդհատ կախեալ կը պահէ ուրիշէն՝ բոլորէն ու ամէն բանէ. մեր գիտակցութիւնը կը վերածուի սեւ խոռոչի, ուր սպասումէն բացի այլեւս ոչինչ կայ եւ այդ սպասումը մեզ արդէն իսկ հասցուցած է սարսափելիին: Այդ սպասման մէջ, բացի նոր կորուստէն, ուրիշ բան չկայ. այդ սպասման յաջորդ ու վերջին հանգրուանը գերեզմանն է: Միայն գերեզմանին կը դադրինք սպասելէ եւ յուսալէ:

Րաֆֆի իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը նշէ. «արդարեւ, հոլովական տարիքը ոչինչ չեն ներգործում հայերի տխուր եւ տրտում վիճակի վերա: Պատճառն, որ թէպէտ բնութեան նախասահմանեալ օրէնքներին համաձայն տարիքը փոփոխւում են֊ գնում է հինը, գալիս է նորը, բայց հայերը, անդարդ կենալով իւրեանց գերեզմանական անշարժութեան մէջ, երբեք չեն մտածում փոխել իւրեանց մեռելային դրութիւնը: Հայերը իւրեանց կեանքը չեն չեն համաձայնեցնում տարիների ընթացքի հետ, եւ ժամանակի պիտոյքների հետ: Հայերի համար թէ՛ անցեալը, թէ՛ ներկան, եւ թէ՛ ապառնին ունեն միեւնոյն կորստաբեր նշանակութիւնը»:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

2 Comments
Oldest
Newest Most Voted
Inline Feedbacks
View all comments
Արմենակ Եղիայեան

Այս բոլոր շատ լաւ. գովելի է յօդուածագիրին պայծառ մտածողութիւնն ու վերլուծումը:
Սակայն ըստ աւանդութեան, որ հաստատուած է մեր մէջ, ախտաճապնաչումը կայ, սակայն լուծում առաջարկող չկայ, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խաժամուժի օրինակով:
Ո՞ւր է լուծումը:

Արայիկ Մկրտումյան
Արայիկ Մկրտումյան
7 months ago

Շնորհակալ եմ արձագանքի համար։
Լուծումը համակարգային կրթությունն է, որը ծնունդ կտա իր արժեքները ճանաչող և պաշտպանող հասարակություն։ Դժբախտաբար մոտ ապագայում դա անհնար է, քանի որ սկզբունքային կիրթ հասարակություն կարելի է կայացնել տասնամյակների ընթացքում և այդ հնարավորությունն արդեն բաց է թողնված։ Միակ հույսն այն է, որ ՀՀ իշխանությունները(ոչ միայն ներկայիս, այլև ապագա) բավականաչափ հմուտ լինեն պետական անվտանգությունը պահպանելու և բավականաչափ համառ՝ լուսավորության գործն առաջ մղելու առումով, իսկ մնացյալ մտավորականությունը թերևս դեռ երկար պիտի փորձի խնդիրը նախ լիովին լուսաբանել, ապա և լուծում առաջարկել։ Մենք դեռևս խնդիրներն ամբողջությամբ չենք բացահայտել իրենց ամենայն խորությամբ և այդ իսկ պատճառով էլ հիմա առաջարկվող/կիրառվող լուծումները թերի են լինելու։

2
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x