«Մարդս» չէ, «Վազվզող» է

Պետրոս Մանուկեան

Արդեօք կա՞յ մէկը որ չէ լսած այս խօսքը հայկական սփիւռքի մէջ:

Յաճախ զարմանքով կը նշմարենք, որ բարձր ու պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնեն միջակ հմտութիւններ եւ սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող անհատներ: Երբ հարց կը տրուի, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ազգային, քաղաքական եւ մշակութային մեծ պարտաւորութիւններ ստանձած կազմակերկպութիւններու մէջ պաշտօն կը տրուի նման անձերու, ընդհանրապրէս կը ստանանք նոյն քլիշէ պատասխանը. «ան արժանի է, որովհետեւ վազվզող մարդ է»: Իսկ թէ որովհետեւ դրամ ունի՝ ուրիշ առիթով:

Բարոյական մակարդակի վրայ նուիրումը գովելի յատկանիշ է: Մինչ հիմնովին անտեղի է արհամարհել նուիրումով տոգորուած անհատը, որ պաշտօն կը ստանայ իր կատարած սեւ ու տքնաջան աշխատանքին բերումով, այս մօտեցումը կը դառնայ խնդրահարոյց, երբ վերածուի չափանիշի:

Խոստովանինք, որ այս հարցը երկու կողմ ունի, եւ արդար ու առարկայական ըլլալու համար զայն պէտք է դիտարկել բոլոր տեսանկիւններէ:

Հանրային գործի նուիրուած, շեշտելով ու ընդգծելով նուիրուածը անշուշտ, անձերը ընդհանրապէս կ’ըլլան անկեղծ՝ պատրաստ զոհաբերութեան եւ հեռու փտածութենէ: Նման անհատներ սովորաբար անձնասէր չեն եւ կը գիտակցին, որ անձնասիրութիւնը՝ հաւաքական կեանքի մէջ, պառակտումներու դուռ կը բանայ: Նուիրուածութիւնը, առնուազն, կը կանխէ նման կործանարար հետեւանքները, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ սահմանափակ վնաս:

Այսուհանդերձ, կայ նաեւ մետալին միւս երեսը: Նախ` գոյութիւն չունի անհատի մը նուիրուածութեան աստիճանը ճշդելու յստակ միջոց մը, ձեւաչափ մը: Հիմնուելով պարզապէս անհատին գործունեայ ըլլալու (վազվզող) հանքամանքին վրայ եւ անոր պատասխանատու կարեւոր պաշտօններ վստահիլը վտանգաւոր երես ունի: Այդ մէկը կրնայ շահագործուիլ ղեկավարներութիւն ստանձնած անձերու կողմէ եւ պատրուակ ծառեյլ յառաջ քշելու անոնք, որոնք հաւատարիմ ու հլու հնազանդ են իրենց՝ պատեհապաշտները խրախուսելով, որ հետեւին հիփոքրիթներու օրինակին:

Երկրորդ` անհեթեթ է այն տեսակէտը, որ գործունեայ եւ «վազվզող» ըլլալը կարեւոր եւ առանձին չափանիշ է ղեկավար դառնալու: Նուիրումը հիացումի արժանի տուեալ է, բայց անբաւարար: Ղեկավարի մը տուեալները շատ աւելի են քան նուիրուածութիւնը: Ղեկավարը պէտք է ունենայ քաղաքական խորաթափանցութիւն, վերլուծական կարողութիւններ ու առաջնորդող կերպար, որ յարգանք կը պարտադրէ շրջապատին: Տակաւին, ղեկավարը պէտք է ունենայ բաւարար իմաստութիւն` իմանալու, թէ երբ պէտք է զիջիլ եւ երբ կարծր կեցուածք որդեգրել: Անոր եսը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած, խուսափի սնափառութիւնէ, ունենայ բանավէճի եւ խօսքի հմտութիւն, մանաւանդ՝ ըլլայ հեռատես:

Արդեօ՞ք «վազվզող» ըլլալը բաւարար տուեալ է ղեկավարութեան աստիճաններով բարձրանալու համար։ Երբեմն ակամայ ու առերես կը ծափահարենք այն հովանաւորեալ անձերը, որոնք զուրկ են ղեկավարութեան այս կարեւոր յատկանիշներէն, բայց «տեղ հասած են», որովհետեւ…. անոնք «վազվզող են»:

Ոմանք կրնան առարկել, թէ ստիպուած «վազվզողներուն» կը վստահուին ղեկավարութիւնն ու կարեւոր պաշտօններ, որովհետեւ այլապէս պարապութիւն կը ստեծուի եւ հիմնական պաշտօններ կրնան թափուր մնալ: Սակայն, շատ հաւանաբար աւելի գործնական պիտի ըլլայ պարապութեան յառաջացումը, որովհետեւ այդ պարագային բոլոր կեղծաւորներուն դիմակները վար կ’առնուին եւ կը յայտնուին պարապութեան իսկական պաճառները. պարզապէս այդ պարապութիւնը լեցնող արժանաւորները՝ նորահաս զարգացած ու շրջահայեաց սերունդը սկսած է հեռանալ հանրային կեանքէն, եւ այդ պարապութիւնը կրնայ առիթ ստեծել իսկական տագնապի պարզաբանումին:

Բայց այս մասին՝ այլ առիթով:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x