Հայը եւ Միամտութեան, Ինքնախաբէութեան ու Ինքնավստահութեան աստուածները

Եթէ հայերը կրկին հեթանոս դառնան, ապա դիցարանին մէջ միայն քանի մը աստուած պիտի ըլլան` Ինքնախաբէութեան, Մեծամտութեան, Միամտութեան եւ Համբերութեան աստուածները: Այս պարագային, ամբողջովին բնական ու հասկնալի կը դառնայ այն բոլորը, որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կը վերլուծուի ամէն օր, բայց եւ այդպէս որեւէ գործնական փոփոխութիւն տեղի չ’ունենար:

Քանի մը օրէ ի վեր, լուրեր կը շրջին, թէ Արցախի լուծարք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ անոր առնչութեամբ իրաւական որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի: Մարդոց մեծ մասը հրճուանքի մէջ է եւ անոնք նոյնիսկ փառք կու տան Աստուծոյ, որ ամէն ինչ այդպէս դասաւորուեց: Շատեր ալ այս լուրը՝ Արցախը չլուծարելու նորութիւնը կը նկատեն զայն վերադարձնելու առաջին քայլը ու կը մեղադրեն անոնք՝ որ չեն ոգեւորուած այս լուրով:

Իսկապէս զարմանալի է որ մարդիկ ընդհանրապէս կը լսեն ու այդ մասին քննարկումներ կը տարածեն, եւ նոյնիսկ կը հաւատան, թէ Արցախը չլուծարելու «պատմական» որոշումը որեւէ արժէք ունի գործնական գետնի վրայ:

Բայց իրականութիւնը այն է, որ անկախ այն իրողութենէն, թէ հոս՝ Երեւանի մէջ ով ի՞նչ կ’ըսէ, ի՞նչ փաստաթուղթ կ’ընդունի կամ չ’ընդունիր, իրականութենէն մէկ կրամ իսկ չի փոխուիր եւ Աստուած ալ բնականաբար կապ չունի: Ի վերջոյ, Արցախը փաստաթուղթերով չանկախացաւ ու չկայացաւ եւ փաստաթուղթով ալ չլուծարուեցաւ:

Արցախի կայացումը կարելի դարձաւ ազատագրական մեծ պայքարով, հազարաւոր զոհերով, զինուորական սերտուած գործողութիւններով եւ տնտեսական ծանրագոյն զոհողութիւններով: Միանգամայն հասկնալի է, որ Արցախի անկումը եւս հետեւանք էր հայկական կողմի թուլութեան` բոլոր առումներով` տնտեսութենէն մինչեւ բանակ, քաղաքականութենէն մինչեւ դիւանագիտութիւն: Նոյնիքն այդ ուժերու մեծ անհաւասարակշռութեան հետեւանքով ալ կործանեցաւ Արցախը: Եւ հիմա, երբ Հայաստանի մէջ ոգեւորութեան ալիք կը բարձրանայ, որ Արցախը պիտի չլուծարուի, լուրջ հարց կը ծագի, թէ այս վերջինները ի՞նչ նկատի ունին:

Արցախի մէջ այսօր հայ գոյութիւն չունի, տէր ու տիրական են ատրպէյճանցիները, հետեւաբար, ինչպէ՞ս պիտի պատահի լուծարումը: Թուղթո՞վ: Ճիշդ հոս է որ կը սկսիս մտածել, որ թերեւս Միամտութեան, Ինքնախաբէութեան, Ինքնավստահութեան աստուածները իրենք են մեզ կառավարողը, այլապէս անկարելի է արթուն ըլլալ եւ միաժամանակ հաւատալ, թէ Արցախի վտարանդի կառավարութեան ստորագրած թուղթը կրնայ որեւէ նշանակութիւն ունենալ: Ի վերջոյ Արցախի վրայ 2020-ին կատարուած յարձակումը զուտ ատրպէյճանական ցանկութիւն չէր: Թուրքիա, Ռուսիա եւ Իսրայէլ գործնապէս մասնակցեցան այդ բոլորին՝ մէկը զօրքով, միւսը՝ զէնքի մատակարարումով, մէկն ալ հայերը խանգարելով: Արեւմուտքը եւս կոչերէն աւելի առաջ չգնաց: Նոյնիսկ Իրանը, որուն տարածքին մէջ նաեւ քանի մը հրթիռներ ինկան, այլապէս նաեւ սպանուեցաւ անոր կորիզային ծրագրին ղեկավարը՝ Մոհսէն Ֆահրիզադէն, յայտարարութիւններէն անդին չգնաց:

Պատերազմը աւարտեցաւ, հաշմուած Արցախը պարբերաբար ենթարկուեցաւ վառելանիւթի սահմանափակումներու, շուրջ մէկ տարի ապրեցաւ ամբողջական շրջափակման մէջ ու կրկին ենթարկուեցաւ ծանր ռմբակոծումի, որմէ ետք անոր աւելի քան 100 հազար բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան` ռուս խաղաղապահներու լուռ անգործութեան պայմաններուն մէջ: Այս բոլորէն յետոյ դժուար է մեր բարկութիւնը զսպել, երբ այս ամբողջ ողբերգութեան անարժէք թուղթ մը կը հակադրեն ու կը հաւատան, թէ այդ թուղթը կրնայ որեւէ նշանակութիւն ունենալ:

Անհեթեթ են նաեւ պնդումները, թէ այդ չլուծարման հանգամանքը ունի դիւանագիտական նշանակութիւն մը, որովհետեւ աշխարհի մէջ առնուազն մէկ երկիր այլապէս ալ չճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ երկրորդ` դիւանագէտը կը ծառայէ այն նպատակին, որ արձանագրէ տեղի ունեցածը եւ փորձէ առաւելագոյնս յարմար իրադրութիւն ապահովել արդէն եղածը, կամ նոր տեղի ունենալիքը ներկայացնելու եւ արդարացնելու համար: Դիւանագէտը, որուն կը հետեւի ամուր տնտեսութեամբ եւ ուժեղ բանակով կայուն պետութիւն մը կանգնած չէ, չի կրնար իրավիճակ փոխել: Գոնէ այսքանը պիտի հասկնայինք:

Բայց հայերը առանձնայատուկ սէր ունին փաստաթուղթերու, արխիւներու եւ ուշացած որոշումներու հանդէպ: Թէեւ Խրիմեան Հայրիկը տակաւին 1878-ին «երկաթէ ու թուղթէ» շերեփներու մասին խօսելով կը բացատրէր երազանքի ու իրականութեան տարբերութիւնները, բայց հայերը կը շարունակեն ամէն ինչ մէկ կողմ ձգել ու ապրիլ երազանքներով: Սեւրի դաշնագիրը, որ իւրատեսակ թմրադեղ դարձած է վէրքերով լեցուն իրականութիւնը մերժող հայերուն համար, մինչեւ հիմա մեծ ազդեցութիւն ունի ու շատերը կը հաւատան, որ ան իրականութիւն պիտի դառնայ, որովհետեւ արդարութիւնը այդպէս կը պահանջէ: Հայ ժողովուրդը իր գոյութեան ընթացքին այնքան շատ անարդարութիւն ու սրիկայութիւն տեսած է, կը սպասուէր, որ այլեւս երբեք պիտի չհաւատար քաղցր բառերուն եւ կանուխէն զգար փուճ խոստումներուն հոտը: Բայց ոչ, ամենեւին ալ այդպէս չէ: Մենք կը շարունակենք ամենէն ապարզամիտ հրճուանքով իրարու զանազան թուղթեր ցոյց տալ ու հաւատալ, համբերել, անվերջ հաւատալ սեփական ցնորքներուն:

2011-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակագիրը միայն բաւարար էր հասկնալու, որ հայերը վերջնականապէս ամէն կապ կորսնցուցած են իրականութեան հետ: Այդ գոյութիւն չունեցող հանրապետութիւնը «ունի» խորհրդարան, զոր կ’ընտրէ «օնլայն», ունի օրէնսդրութիւն եւ այլն: Եւ հիմա, այլեւս գոյութիւն չունեցող Արցախի Հանրապետութեան վտարանդի կառավարութիւնը եւս կը միանայ հայկական գոյութիւն չունեցող հանրապետութիւններու ցանկին: Ա՞յս է մեր պատկերացուցած պայքարն ու դիւանագիտութիւնը:

Ի՞նչ է այս, եթէ ոչ` ախտանշան: Ի՞նչ պիտի պատահի ապագային: Արդեօ՞ք այլ հարուածի մը մենք պիտի պատասխանենք անհեթեթ հռչակագիրներով: Արդեօ՞ք յաջորդ ճգնաժամը մենք պիտի դիմաւորենք նոր ցնորքներով ու յաջորդ կորուստը պիտի թաղենք նոր ու ալ աւելի մեծ ու անիրական երազանքի մը տակ: Որովհետեւ իրական պետութիւնը ձգած, ամբողջ ժողովուրդ մը կը ձգտի ապրիլ ուժը կորսնցուցած անիրականանալի երազանքով մը:

Իրականութեան զգացումը կորսնցուցած ժողովուրդ մը կրնայ չհասկնալ, չզգալ, չպայքարիլ իրականութեան համար: Ան այլեւս չի հասկնար, թէ որ մէկն է իրականը, որ մէկը՝ ոչ: Ան պարզապէս կրնայ յայտնուիլ մահաքունի մէջ ու շարունակել կորսցնել, աչքերը կապած ընթացիկ, պայմանական «Սեւրի դաշնագրով»: Միաժամանակ բոլորն ալ անբնական հրճուանքի մէջ են, որ բոլոր արցախցիներուն Փարիզի քաղաքապետարանը շնորհած է «փարիզի պատուաւոր քաղաքացիութիւն»: Եւ արդէն իսկ յոխորտանքներ կը լսուին, որ ահա եւ վերջ, շուտով ֆրանսական լեգէոններու ետեւէն քալելով ետ պիտի առնեն Արցախը: Շատեր կարծես մոռցած են ցաւին տարողութիւնը եւ սովամահի նման կուլ կու տան այդ քաղցր բառերը` որպէս անամոքելի ցաւի բալասան:

Կարելի է անվերջ խօսիլ ու օրինակներ բերել, բայց եղածն ալ բաւարար է, եթէ հասկնալու ու գիտակցելու փափաք կայ: Այս պահուն թերեւս արժէքաւոր պիտի ըլլար բոլոր հայերուն ցրուել ֆրանսացի փիլիսոփայ Տենի Տիտըրոյի «Նամակ կոյրերու մասին, ի խրատ տեսողութեամբ օժտուածներուն» աշխատութեան մէկական օրինակ, բայց հազիւ թէ ան հետաքրքրէ ծիածանի ետեւէն վազող ժողովուրդին:

Արայիկ Մկրտումեան (ծն. 1992, Երեւան) աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքը Պսակաւոր արուեստից աստիճանով, ապա նոյն բաժանմունքի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնը` մագիստրոսի աստիճանով: Մասնակցած է եմ Արագած-Կարմիր սարի վիշապաքարերու, Մարգահովիտ բնակավայրի դամբարաններու եւ Էրեբունի ամրոցի պեղումներուն: Ներկայիս խմբագիրն է «Մեր Ուղի» կայքին եւ կրտսեր գիտաշխատող՝ ԵՊՀ «Հասարակագիտական եւ հումանիդար հետազօտութիւններու ինսթիթութ»ի «Ազգաբանական եւ մարդաբանական հետազօտութիւններ»ու աշխատանոցին մէջ: Հրատարակած է «Շաբաթ օրերը հոգեբուժարանում» գեղարուեստական հոգեբանական վէպը:

Subscribe
Տեղեկացում
guest

0 Comments
Inline Feedbacks
View all comments
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x